Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Այգիին բանուորները
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
    • Տանտէրը, կամ այգիին տէրը, Եհովա Աստուած է, իսկ այգին՝ Իսրայէլ ազգն է։ Այգիին բանուորները Օրէնքի ուխտին մէջ բերուող անձեր են. մասնաւորաբար այն Հրեաներն են, որոնք առաքեալներուն օրերուն կ’ապրէին։ Միայն լման օր մը աշխատողներուն հետ է որ ռոճիկի համաձայնութիւն մը կ’ըլլայ. այսինքն՝ մէկ դահեկան, որպէս օրավարձք։ Քանի որ «ժամը երեք»ը առաւօտեան ժամը ինն է, անոնք որոնք յաջորդաբար ժամը երեքին, վեցին, իննին եւ տասնըմէկին կը կանչուին, համեմատաբար միայն ինը, վեց, երեք եւ մէկ ժամ կ’աշխատին։

  • Այգիին բանուորները
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
    • Տասնըերկու ժամ, կամ լման օր աշխատող բանուորները կը ներկայացնեն Հրեայ առաջնորդները, որոնք անդադար կրօնական ծառայութիւններով զբաղած են։ Անոնք Յիսուսի աշակերտներուն նման չեն, որոնք իրենց կեանքի մեծամասնութիւնը ձկնորսութեամբ, կամ աշխարհային այլ գործի ասպարէզներով անցուցած են։ Միայն Հ.Դ. 29–ի աշնան էր որ «տանտէր»ը ղրկեց Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի հաւաքէր անոնք որոնք իր աշակերտները պիտի ըլլային։ Այսպէս, անոնք «վերջին» կամ տասնըմէկերորդ ժամուն կանչուող այգիի բանուորները եղան։

  • Այգիին բանուորները
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
    • Բանուորներուն դահեկան ստանալը տեղի կ’ունենայ ոչ թէ Յիսուսի մահուան, այլ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Քրիստոս՝ «տնտես»ը, սուրբ հոգին կը թափէ իր աշակերտներուն վրայ։ Յիսուսի այս աշակերտները «վերջին» կամ ժամը տասնըմէկին գացող բանուորներուն նման են։ Դահեկանը սուրբ հոգիին պարգեւը չի ներկայացներ։ Անիկա հոս երկրի վրայ գործածուելիք բան մըն է։ Անիկա իրենց ապրուստի միջոցն է՝ իրենց յաւիտենական կեանքը։ Անիկա հոգեւոր Իսրայելացի մը ըլլալու առանձնաշնորհումն է, օծուած՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելու։

  • Այգիին բանուորները
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
    • Արդեօք այս առաջին դարու կատարումը Յիսուսի առակին միակ կատարո՞ւմն է։ Ո՛չ, այս քսաներորդ դարու Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները, իրենց դիրքերուն եւ պատասխանատուութիւններուն պատճառաւ, «առաջին» վարձուողները եղած են Աստուծոյ այլաբանական այգիին մէջ աշխատելու համար։ Անոնք Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան հետ ընկերակցող նուիրուած քարոզիչները «վերջին»ները նկատած են, որոնք ոչ մէկ վաւերական նշանակում ունին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Սակայն կղերականներուն կողմէ այս մերժուածներն են որ դահեկանը՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան որպէս օծեալ դեսպանները ծառայելու պատիւը, ստացան։ Մատթէոս 19։30–20։16

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել