Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա20 Յունուար էջ 1-14
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6-12
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 13-19
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 20-26
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 27–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
ժտա20 Յունուար էջ 1-14

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6-12

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 1-2

«Եհովան երկրագունդին վրայ կեանք կը ստեղծէ»

(Ծննդոց 1։3, 4) Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ 4 Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։

(Ծննդոց 1։6) Եւ Աստուած ըսաւ. «Ջուրերուն մէջտեղը հաստատութիւն ըլլայ եւ ջուրերը ջուրերէն զատէ»։

(Ծննդոց 1։9) Աստուած ըսաւ. «Երկնքի տակ եղած ջուրերը մէկտեղ թող հաւաքուին ու ցամաքը երեւնայ» եւ այնպէս եղաւ։

(Ծննդոց 1։11) Աստուած ըսաւ. «Երկիրը կանաչ խոտ թող բուսցնէ, սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս պտուղ տուող պտղաբեր ծառ, որ իր մէջ իր սերմը ունենայ երկրի վրայ» ու այնպէս եղաւ։

դ11 2/1 16 ¶10

Ստեղծագործութեան մէջ սուրբ հոգիին գործունէութիւնը

10 Աստուածաշունչը կը շարունակէ նկարագրել ինչ որ Աստուած ըրաւ՝ շարք մը ստեղծագործական օրերու ընթացքին։ Ասոնք 24 ժամուան օրեր չեն, հապա՝ դարաշրջաններ։ Առաջին ստեղծագործական օրը, Եհովա պատճառեց որ լոյս սկսի երեւիլ երկրագունդի մակերեսին վրայ։ Այս գործընթացը պիտի ամբողջանար, երբ յետագային արեւն ու լուսինը երկրագունդին վրայէն յստակօրէն տեսանելի ըլլային (Ծն. 1։3, 14)։ Երկրորդ օրը, մթնոլորտը սկսաւ կազմուիլ (Ծն. 1։6)։ Այդ հանգրուանին, երկրագունդը ունէր ջուր, լոյս եւ օդ, բայց տակաւին ցամաք չունէր։ Երրորդ ստեղծագործական օրուան սկիզբը, Եհովա ցամաք մէջտեղ բերելու համար իր սուրբ հոգին գործածեց, հաւանաբար երկրաբանական զօրաւոր ուժեր օգտագործելով, որ աշխարհածաւալ ծովէն ցամաքամասեր դուրս հանեն (Ծն. 1։9)։ Ուրիշ ապշեցուցիչ զարգացումներ պիտի ըլլային երրորդ օրը եւ յաջորդ ստեղծագործական շրջաններու ընթացքին։

դ04 1/1 6 ¶5

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

1։16—Աստուած ի՞նչպէս կրնար առաջին օրը լոյս մէջտեղ բերել, երբ լուսաւորները չորրորդ օրը ըրաւ։ 16-րդ համարին մէջ «ըրաւ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը, Ծննդոց 1։1, 21, 27–ի մէջ «ստեղծեց» թարգմանուած բառէն տարբեր է։ Լուսաւորներ պարունակող «երկինք»ը ստեղծուեցաւ նոյնիսկ «առաջին օրը» սկսելէն շա՜տ առաջ։ Բայց անոնց լոյսը երկրագունդին մակերեսը չէր հասներ։ Առաջին օրը «լոյս եղաւ», քանի որ սփռուած լոյսը ամպերը ներթափանցեց ու երկրի վրայ տեսանելի դարձաւ։ Ուստի թաւալող երկիրը սկսաւ ցերեկ ու գիշեր ունենալ։ (Ծննդոց 1։1-3, 5) Այդ լոյսին աղբիւրները տակաւին անտեսանելի մնացին երկրէն։ Սակայն ստեղծագործական չորրորդ ժամանակաշրջանին, աչքառու փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արեւը, լուսինը եւ աստղերը սկսան ‘երկրի վրայ լոյս տալ’։ (Ծննդոց 1։17) ‘Աստուած զանոնք ըրաւ’ այն իմաստով որ այլեւս կարելի էր զանոնք տեսնել երկրէն։

(Ծննդոց 1։14) Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան»։

(Ծննդոց 1։20) Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին»։

(Ծննդոց 1։24) Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս». եւ այնպէս եղաւ։

(Ծննդոց 1։27) Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։

դ04 1/1 6 ¶5

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

1։16—Աստուած ի՞նչպէս կրնար առաջին օրը լոյս մէջտեղ բերել, երբ լուսաւորները չորրորդ օրը ըրաւ։ 16-րդ համարին մէջ «ըրաւ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը, Ծննդոց 1։1, 21, 27–ի մէջ «ստեղծեց» թարգմանուած բառէն տարբեր է։ Լուսաւորներ պարունակող «երկինք»ը ստեղծուեցաւ նոյնիսկ «առաջին օրը» սկսելէն շա՜տ առաջ։ Բայց անոնց լոյսը երկրագունդին մակերեսը չէր հասներ։ Առաջին օրը «լոյս եղաւ», քանի որ սփռուած լոյսը ամպերը ներթափանցեց ու երկրի վրայ տեսանելի դարձաւ։ Ուստի թաւալող երկիրը սկսաւ ցերեկ ու գիշեր ունենալ։ (Ծննդոց 1։1-3, 5) Այդ լոյսին աղբիւրները տակաւին անտեսանելի մնացին երկրէն։ Սակայն ստեղծագործական չորրորդ ժամանակաշրջանին, աչքառու փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արեւը, լուսինը եւ աստղերը սկսան ‘երկրի վրայ լոյս տալ’։ (Ծննդոց 1։17) ‘Աստուած զանոնք ըրաւ’ այն իմաստով որ այլեւս կարելի էր զանոնք տեսնել երկրէն։

դ94 2/1 15 ¶14

Աստուածային վախ մշակենք

14 Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, պատշաճ է որ մենք՝ մարդկայիններս՝ ջանանք իմաստութիւն եւ հանճար մշակել, յատկութիւններ՝ զորս Եհովա ինք յայտնաբերեց իր սքանչելի ստեղծագորութիւնը կատարելու ատեն։ «Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը»։ (Առակաց 3։19, 20) Ան ապրող արարածները շինեց, ոչ թէ բարեշրջութեան խորհրդաւոր, անբացատրելի գործողութեամբ, այլ ուղղակի ստեղծագործութեամբ, իւրաքանչիւրը «իր տեսակին պէս» եւ իմաստուն նպատակի մը համար։ (Ծննդոց 1։25) Երբ վերջապէս անասուններէն շատ գերիվեր իմացականութեամբ եւ կարողութեամբ մարդը մէջտեղ եկաւ, Աստուծոյ հրեշտակային որդիներուն գովաբանութիւնը ամբողջ երկնքին մէջ կրկին անգամ արձագանգուած ըլլալու էր։ (Բաղդատել Յոբ 38։1, 4, 7։) Երկրի վրայ իր կատարած բոլոր բաներուն մէջ, յստակօրէն կը տեսնուին Եհովայի հանճարեղ հեռատեսութիւնը, իմաստութիւնը եւ սէրը։—Սաղմոս 104։24

աս 209 ¶2

«Հոգի» եւ «ոգի». այս բառերը իրապէս ի՞նչ կը նշանակեն

Անասուններ։ Աստուածաշունչի ստեղծագործութեան արձանագրութեան մէջ, կը կարդանք. «Աստուած ըսաւ. ‘Ջուրերը կենդանութեան շունչ [«հոգիներ», ՆԱ, ստորանիշ] ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին’։ Աստուած ըսաւ. ‘Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի [«հոգիներ», ՆԱ, ստորանիշ]՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս’. եւ այնպէս եղաւ» (Ծննդոց 1։20, 24)։ Այս հատուածին մէջ, ձուկերուն, ընտանի անասուններուն եւ գազաններուն, բոլորին ակնարկութիւն կ’ըլլայ «հոգիներ» բառով։ Թռչուններ եւ այլ անասուններ հոգիներ կոչուած են նաեւ՝ Ծննդոց 9։10. Ղեւտացւոց 11։46 եւ Թուոց 31։28–ի մէջ (ՆԱ, ստորանիշներ)։

դ16.06 6 ¶1

Եհովան գնահատէ որպէս մեր Բրուտը

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2010–ին, Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ, գրեթէ 70 միլիոն տոլարի ծախուեցաւ չինական կաւէ ծաղկաման մը, որ 18–րդ դարուն կը պատկանի։ Հիանալի է որ բրուտ մը ինչպէ՛ս կրնայ կաւի պէս ամէն տեղ գտնուող եւ աժան եղող բանէ մը ձեւաւորել գեղեցիկ եւ սուղ ծաղկաման մը։ Բայց ո՛չ մէկը կրնայ բաղդատուիլ Եհովային հետ։ Ստեղծագործութեան վեցերորդ օրուան վերջաւորութեան, Աստուած «գետնին հողէն [կաւէն]» շինեց կատարեալ մարդ մը, եւ անոր տուաւ Իր յատկութիւնները ընդօրինակելու կարողութիւնը (Ծն. 2։7)։ Այդ կատարեալ մարդը՝ Ադամ, «Աստուծոյ որդի» էր (Ղուկ. 3։38, ԱԾ)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 1։1) Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։

դ15 6/1 5

Գիտութիւնը ինչպէ՛ս կեանքիդ կ’ազդէ

Երկրագունդին ու տիեզերքին տարիքը

Գիտնականները կ’ենթադրեն թէ երկրագունդը շուրջ 4 միլիառ տարի առաջ գոյացած է եւ թէ տիեզերքը մէջտեղ եկած է շուրջ 13-14 միլիառ տարի առաջ։ Աստուածաշունչը չի նշեր թէ երկրագունդը ճիշդ ո՛ր թուականին ստեղծուեցաւ։ Ո՛չ մէկ տեղ կը նշուի թէ երկրագունդը միայն քանի մը հազար տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի։ Աստուածաշունչին առաջին համարը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1։1)։ Այդ համարը թոյլ կու տայ որ գիտնականներ ֆիզիքական աշխարհի տարիքը բնորոշեն՝ հիմնուելով գիտական տրամաբանական սկզբունքներու վրայ։

(Ծննդոց 1։26) Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։

it-2 52

Յիսուս Քրիստոս

Յիսուս Եհովային կողքին ստեղծիչ չէ։ Ճիշդ է որ Յիսուս ստեղծագործութեան մէջ բաժին բերաւ, բայց ան ստեղծիչ չէ իր Հօրը պէս։ Ստեղծագործելու ուժը Աստուծմէ ելաւ իր սուրբ հոգիին, կամ գործօն ուժին, միջոցաւ (Ծն. 1։2. Սաղ. 33։6)։ Եւ քանի որ Եհովա՛ն է կեանքի աղբիւրը, բոլոր ապրող էակները, ըլլա՛ն տեսանելի կամ անտեսանելի, իրենց կեանքը Եհովային կը պարտին (Սաղ. 36։9)։ Ուրեմն Եհովան է Ստեղծիչը, իսկ Յիսուս միջոցն է։ Յիսուս իր բերնով ըսաւ որ Աստուած է Ստեղծիչը։ Ամբողջ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ասիկա յստակ է (Մատ. 19։4-6)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 98

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՆՈՐԷՆ ԲԱՐՁՐ ԴԻՐՔԻ ԿԸ ՁԳՏԻՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 20։17-28 ՄԱՐԿՈՍ 10։32-45 ՂՈՒԿԱՍ 18։31-34

• ՅԻՍՈՒՍ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

• ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԲԱՐՁՐ ԴԻՐՔԵՐ ՉՓՆՏՌԵՆ

Յիսուս եւ իր աշակերտները կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Երուսաղէմ։ Անոնք Պերեայէն դուրս կու գան, Յորդանան գետը կտրելով՝ Երիքովի մօտ։ Անոնց հետ կը ճամբորդեն նաեւ ուրիշ մարդիկ, որոնք Երուսաղէմ կ’երթան՝ Ք.Ե. 33–ի Պասեքը տօնելու։

Յիսուս իր աշակերտներուն առջեւէն կը քալէ, վճռած՝ որ ճիշդ ժամանակին հասնի Պասեքին համար։ Բայց աշակերտները վախ ունին։ Յիշենք որ երբ Ղազարոս մահացաւ եւ Յիսուս Պերեայէն Հրէաստան պիտի ուղղուէր, Թովմաս իրենց ըսած էր. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք» (Յովհաննէս 11։16, 47-53)։ Ուրեմն, Երուսաղէմ երթալը վտանգաւոր է, եւ աշակերտներուն վախը հասկնալի է։

Յիսուս իր առաքեալները մէկ կողմ կը տանի, որ զանոնք պատրաստէ գալիք դէպքերուն համար, եւ անոնց կ’ըսէ. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մատթէոս 20։18, 19)։

Ասիկա երրորդ անգամն է որ Յիսուս իր աշակերտներուն կը խօսի իր մահուան եւ յարութեան մասին (Մատթէոս 16։21. 17։22, 23)։ Բայց այս անգամ անոնց կ’ըսէ որ պիտի գամուի ցիցի մը վրայ։ Անոնք իրեն մտիկ կ’ընեն, բայց առանց հասկնալու։ Թերեւս անոնք կ’ակնկալեն որ իսրայէլի թագաւորութիւնը երկրի վրայ վերահաստատուի եւ կը ցանկան Քրիստոսի հետ այդ թագաւորութեան մէջ փառք ու պատիւ վայելել։

Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն մայրը, որ այնպէս կ’երեւի որ Սողովմէն է, ճամբորդողներուն մէջն է։ Յիսուս այս երկու առաքեալներուն տուած է անուն մը, որ կը նշանակէ՝ «Որոտումի որդիներ», անկասկած քանի որ տաքարիւն են (Մարկոս 3։17, ԱԾ. Ղուկաս 9։54)։ Արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր, այս երկուքը կ’ուզեն բարձր դիրք ունենալ Քրիստոսի Թագաւորութեան մէջ։ Անոնց մայրը ասկէ տեղեակ ըլլալով՝ կը մօտենայ Յիսուսին, անոր առջեւ կը խոնարհի եւ կը հարցնէ եթէ խնդրանք մը կրնայ ընել։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Սողովմէն կ’ըսէ. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ» (Մատթէոս 20։20, 21)։

Շատ յստակ է որ Սողովմէն կ’արտայայտէ իր որդիներուն՝ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի փափաքը։ Յիսուս դեռ նոր ըսած ըլլալով որ պիտի նախատուի, երկուքին կ’ըսէ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Կրնանք» (Մատթէոս 20։22)։ Բայց անոնք հաւանաբար չեն հասկնար որ ատիկա ճիշդ ի՛նչ պիտի նշանակէ իրենց համար։

Բայց եւ այնպէս, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք. . . բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս» (Մատթէոս 20։23)։

Երբ միւս տասը առաքեալները կը գիտնան Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին ըրած խնդրանքին մասին, շատ կը բարկանան։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը իրենց այս փափաքը արտայայտած էին անոնց, երբ բոլորը կը վիճաբանէին թէ իրենց մէջ ո՛վ է մեծը (Ղուկաս 9։46-48)։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, անոնց խնդրանքը ցոյց կու տայ, որ տասներկու առաքեալները չեն գործադրած խոնարհ ըլլալու նկատմամբ Յիսուսին տուած խրատը։ Բարձր դիրքի ձգտելու անոնց փափաքը դեռ զօրաւոր է։

Յիսուս կ’որոշէ վերջ դնել այս վնասակար վիճաբանութեան։ Ան տասներկուքը իր քովը կը կանչէ եւ սիրալիր կերպով խրատ կու տայ՝ ըսելով. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխան սեպուածները կը տիրեն անոնց եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ» (Մարկոս 10։42-44)։

Յիսուս անոնց կը բացատրէ, թէ որո՛ւն օրինակին պէտք է հետեւին՝ ըսելով. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատթէոս 20։28)։ Արդէն մօտ երեք տարիէ ի վեր Յիսուս ուրիշներուն կը ծառայէ, եւ հիմա կը պատրաստուի իր կեանքը մարդկութեան համար տալու։ Աշակերտները պէտք է նոյն մտածելակերպը ունենան եւ փափաքին ծառայել ուրիշներուն, եւ ոչ թէ ակնկալեն որ ուրիշներ իրենց ծառայեն։ Անոնք պէտք է խոնարհ ըլլան եւ բարձր դիրքի չձգտին։

◇ Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ, որ իր աշակերտները պատրաստէ գալիք օրերուն համար։

◇ Երկու առաքեալներ Յիսուսին ի՞նչ խնդրանք կը ներկայացնեն, եւ միւս առաքեալները ինչպէ՞ս կը հակազդեն։

◇ Յիսուս ինչպէ՞ս իր առաքեալներուն կ’օգնէ, որ բարձր դիրքեր չփնտռեն։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 13-19

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 3-5

«Առաջին սուտին քանդիչ հետեւանքները»

(Ծննդոց 3։1-5) Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ 2 Կինը օձին ըսաւ. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, 3 բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք’»։ 4 Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. 5 քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։

դ17.02 5 ¶9

Եհովայի նպատակը անպայման պիտի կատարուի

9 Բանսարկու Սատանան օձ մը գործածելով Եւան խաբեց որ իր Հօր՝ Եհովային չհնազանդի (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-5. Յայտ. 12։9)։ Սատանան մեծցուց այն հարցը, որ չէին կրնար ուտել պարտէզին ամէն մէկ ծառէն։ Ան կարծես թէ կ’ըսէր. «Այսինքն՝ ձեր ուզածը չէ՞ք կրնար ընել»։ Ետքը, ան սուտ խօսեցաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ապա, ան փորձեց Եւան համոզել որ պէտք չունի Աստուծոյ մտիկ ընելու, ըսելով. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին»։ Ան հասկցուց որ Աստուած չէր ուզեր որ անոնք պտուղէն ուտեն, որպէսզի յատուկ գիտութիւն մը չստանան։ Ասկէ աւելին, Սատանան սուտ խոստում մը տուաւ. «Աստուածներու [«Աստուծոյ», ՆԱ] պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։

(Ծննդոց 3։6) Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ։

դ00 11/15 25-26

Մարդկային առաջին զոյգէն կրնանք սորվիլ

Եւայի մեղքը անխուսափելի՞ էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Դուք ձեզ իր տեղը դրէք։ Օձին դաւանութիւնը ամբողջովին խեղաթիւրած էր Աստուծոյ ու Ադամի խօսքերը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր հակազդեցութիւնը, երբ անհատ մը ձեզի սիրելի ու վստահելի եղող մէկը ամբաստանէր որպէս անպարկեշտ։ Եւան տարբեր կերպով պէտք էր վարուէր, զզուանք եւ ցասում յայտնելով, նոյնիսկ մերժելով անոր մտիկ ընել։ Ի վերջոյ, օձը ո՞վ էր որ հարցի տակ դնէր Աստուծոյ արդարութիւնը եւ իր ամուսնոյն խօսքը։ Գլխաւորութեան սկզբունքին հանդէպ յարգանքէ մղուած, Եւան որոշում մը տալէն առաջ, խրատ պէտք էր հարցնէր։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք, եթէ Աստուծոյ տուած հրահանգներուն հակառակ տեղեկութիւն մը ներկայացուի մեզի։ Բայց Եւան Փորձիչին խօսքին վստահեցաւ, փափաքելով որ ան ըլլար իր դատաւորը թէ ինչը բարին եւ ինչը չար էր իրեն համար։ Որքան այդ գաղափարին մասին մտածեց, անիկա այդքան աւելի հրապուրիչ թուեցաւ իրեն։ Ի՜նչ մեծ սխալ մը գործեց սխալ ցանկութեան մը վրայ կեդրոնացնելով իր միտքը, փոխանակ զայն իր մտքէն վանելու, կամ իր ընտանիքի գլուխին հետ այս նիւթը նկատի առնելու։—Ա. Կորնթացիս 11։3. Յակոբու 1։14, 15

Ադամ Իր Կնոջ Մտիկ կ’ընէ

Եւա շուտով համոզեց Ադամը որ իր մեղքին միանայ։ Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել անոր թուլամորթ համակերպումը։ (Ծննդոց 3։6, 17) Ադամ հաւատարմութիւններու պայքարի մը դիմաց գտնուեցաւ։ Ան պիտի հնազանդէ՞ր իր Ստեղծիչին, որ իրեն տուած էր ամէ՛ն բան, մէջը ըլլալով իր սիրուն կողակիցը՝ Եւան։ Ադամ իր ընելիքին մասին Աստուծոյ առաջնորդութիւնը պիտի փնտռէ՞ր, թէ ոչ իր կնոջ վիճակը պիտի բաժնէր։ Ադամ շատ լաւ գիտէր թէ ինչ որ իր կինը յուսաց ձեռք ձգել արգիլուած պտուղէն ուտելով՝ պատրանք մըն էր։ Պօղոս առաքեալ ներշնչումի ներքեւ գրեց. «Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։14) Ուստի Ադամ կամովին ընտրեց Եհովայի ընդդիմանալ։ Իր կնոջմէն բաժնուելու իր վախը ակներեւաբար աւելի մեծ էր, քան կացութիւնը փրկելու Աստուծոյ կարողութեան վրայ իր ունեցած հաւատքը։

(Ծննդոց 3։15-19) «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ 16 Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։ 17 Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ 18 եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։ 19 Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։

դ12 10/1 4 ¶2

Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է կին դասակարգով

Աստուած կիները անիծե՞ց։

Ո՛չ։ Փոխարէն, Աստուած ‘անիծեց’ «առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի» (Յայտնութիւն 12։9. Ծննդոց 3։14)։ Երբ Աստուած ըսաւ որ Ադամ իր կնոջ վրայ պիտի ‘իշխէր’, ան ցոյց չտուաւ որ կը հաւանէր որ կինը տղամարդուն հպատակէր (Ծննդոց 3։16)։ Ան պարզապէս առաջին զոյգին վրայ մեղքին գէշ հետեւանքներուն մասին կը նախագուշակէր։

դ04 1/1 6 ¶7

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

3։17—Երկիրը ի՞նչ կերպով անիծուեցաւ, եւ ո՞րքան ատեն։ Երկրին անէծքը նշանակեց թէ այժմ զայն մշակելը շատ դժուար պիտի ըլլար։ Ադամի սերունդը անիծեալ երկրին ազդեցութիւնները, անոր փուշով ու տատասկով, ա՛յնքան խոր կերպով զգաց, որ Նոյի հայրը՝ Ղամէք, խօսեցաւ ‘իրենց ձեռքերուն ցաւին մասին, որ Տէրոջ անիծած գետինին պատճառով կը կրեն’։ (Ծննդոց 5։29, ԱՎ) Ջրհեղեղէն ետք, Եհովա Նոյն ու իր որդիները օրհնեց, յայտնելով Իր նպատակը որ անոնք երկիրը լեցնեն։ (Ծննդոց 9։1) Ըստ երեւոյթին, Աստուած իր դրած անէծքը վերցուց։—Ծննդոց 13։10

it-2 186

Երկունք

Երկունքը ծննդաբերութեան ատեն կնոջ զգացած ցաւն է։ Երբ առաջին կինը՝ Եւան մեղք գործեց, Աստուած իրեն ըսաւ որ այդ մեղքը ինչպէ՛ս պիտի ազդէր իր ծննդաբերութեան։ Եթէ ան հնազանդ մնար, Աստուած պիտի շարունակէր զինք օրհնել եւ ծննդաբերութիւնը զուտ ուրախութիւն պիտի ըլլար, քանի որ «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ» (Առ. 10։22)։ Բայց մեղք գործելէն ետք, ան իր մարմնին անկատարութեան պատճառով ցաւ պիտի քաշէր։ Ասոր համար, Աստուած ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս» (Ծն. 3։16)։ Շատ անգամ Աստուծոյ թոյլատրած բաներուն համար կ’ըսուի որ ինք ըրած է ատոնք։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 4։23, 24) Ղամէք իր կիներուն՝ Ադդային ու Սելլային ըսաւ. «Ձայնս լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղամէքի կիներ, ակա՛նջ դրէք իմ խօսքիս. վասն զի ես մարդ մը սպաննեցի ինծի վէրք ու երիտասարդ մը՝ ինծի պատուհաս ըլլալով։ 24 Եթէ Կայէնին համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքին համար ալ եօթանասունըեօթն անգամ»։

it-2 192 ¶5

Ղամէք

Այն բանաստեղծութիւնը որ Ղամէք իր կիներուն համար յօրինեց (Ծն. 4։23, 24), կը յայտնէ այդ ժամանակ տիրող վայրագ հոգին։ Բանաստեղծութիւնը կ’ըսէ. «Ձայնս լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղամէքի կիներ, ակա՛նջ դրէք իմ խօսքիս. վասն զի ես մարդ մը սպաննեցի ինծի վէրք ու երիտասարդ մը՝ ինծի պատուհաս ըլլալով։ Եթէ Կայէնին համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքին համար ալ եօթանասունըեօթն անգամ»։ Բացայայտօրէն, Ղամէք կը յայտնէր որ ինքզինք պաշտպանելու համար սպաննած էր այն անձը, որ իրեն զարկած եւ վիրաւորած էր, եւ ոչ թէ դիտմամբ, ինչպէս որ Կայէնին պարագան էր։ Այսպիսով, ան իր բանաստեղծութեան միջոցաւ կարծես կ’աղաչէր որ պաշտպանուէր անոնցմէ, որոնք թերեւս փորձէին իրմէ վրէժ առնել իր ըրածին համար։

(Ծննդոց 4։26) Սէթ ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Ենովս դրաւ։ Այն ատեն սկսան Տէրոջը անունը կանչել։

դ01 9/15 29 ¶3

Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց՝ անաստուած աշխարհի մը մէջ

Ենովքի ժամանակէն շուրջ չորս դարեր առաջ, Ենովսի օրերուն «սկսուեցաւ Եհովայի անունը կանչելը»։ (Ծննդոց 4։26, Արարատ) Աստուծոյ անունը գործածուած էր մարդկային պատմութեան սկիզբնական շրջանէն ի վեր։ Ուստի, ըստ իրողութիւններու, Ենովսի օրերուն Եհովայի անունը կանչելը հաւատքով եւ մաքուր պաշտամունքին համար չէր։ Եբրայերէնի ուսումնականներէն ոմանք կ’ըսեն թէ Ծննդոց 4։26–ը հետեւեալ կերպով պէտք է կարդացուի, «սկսան անարգական կերպով» կանչել կամ «այն ատեն անարգանքը սկսաւ»։ Թերեւս մարդիկ Եհովայի անունը իրենք իրենց վրայ առին, կամ ուրիշները կոչեցին այդ անունով, որոնց միջոցաւ կը ձեւացնէին Աստուծոյ պաշտամունք մատուցանել։ Կամ՝ թերեւս կուռքերը Աստուծոյ անունով կոչեցին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 99

ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ ԵՒ ԶԱՔԷՈՍԻՆ Կ’ՕԳՆԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 20։29-34 ՄԱՐԿՈՍ 10։46-52 ՂՈՒԿԱՍ 18։35–19։10

• ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԻՔՈՎԻ ՄՕՏ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

• ՄԱՔՍԱՒՈՐ ԶԱՔԷՈՍ ԿԸ ԶՂՋԱՅ

Յիսուս եւ իր ճամբորդակիցները Երիքով կը հասնին։ Երիքովէն Երուսաղէմ գրեթէ մէկ օրուան ճամբայ է։ Երիքովը զոյգ քաղաք մըն է. հին քաղաքը հռոմէական նոր քաղաքէն մօտ 1,6 քիլոմեթր հեռու է։ Մինչ Յիսուս եւ մեծ բազմութիւն մը այս երկու քաղաքներէն մէկէն ելլելով միւսին կը մօտենան, երկու կոյր մուրացկաններ աղմուկը կը լսեն։ Անոնցմէ մէկուն անունը Բարտիմէոս է։

Երբ Բարտիմէոսն ու միւս կոյրը կը լսեն որ Յիսուս կ’անցնի, կը սկսին բարձրաձայն ըսել. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի» (Մատթէոս 20։30)։ Ոմանք անոնց կ’ըսեն որ լուռ մնան, բայց երկուքը ձայներնին ա՛լ աւելի կը բարձրացնեն։ Յիսուս անոնց ձայնը լսելով՝ կանգ կ’առնէ եւ քովը եղող անհատներուն կ’ըսէ, որ զանոնք կանչեն։ Անոնք ալ կ’երթան մուրացկաններուն քով եւ անոնցմէ մէկուն կ’ըսեն. «Քա՛ջ եղիր, ելի՛ր, քեզ կը կանչէ» (Մարկոս 10։49)։ Մուրացկանը ա՛յնքան կ’ուրախանայ որ իր հանդերձը մէկ կողմ կը նետէ, կ’ելլէ եւ Յիսուսին կ’երթայ։

«Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ», կը հարցնէ Յիսուս։ Երկուքը կ’աղաչեն. «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց» (Մատթէոս 20։32, 33)։ Անոնց վրայ խղճալով, Յիսուս անոնց աչքերուն կը դպնայ եւ անոնցմէ մէկուն կ’ըսէ. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Մարկոս 10։52)։ Երկու կոյր մուրացկաններուն աչքերը կը բացուին եւ անկասկած երկուքը կը սկսին Աստուած փառաւորել։ Այս բոլորը տեսնելով, ժողովուրդն ալ Աստուած կը փառաբանէ։ Իսկ երկու բժշկուած կոյրերը կը սկսին Յիսուսին ետեւէն երթալ։

Մինչ Յիսուս Երիքովէն կ’անցնի, մեծ բազմութիւն մը անոր շուրջը կը հաւաքուի։ Ամէն մարդ կ’ուզէ տեսնել այն անհատը, որ բժշկեց կոյրերը։ Յիսուսի չորս կողմը մարդիկ իրար կը հրմշտկեն, այն աստիճան որ ոմանք նոյնիսկ չեն կրնար զինք տեսնել։ Զաքէոս անոնցմէ մէկն է։ Ան Երիքովի եւ շուրջի շրջաններուն մաքսապետն է։ Քանի՛ որ ան կարճահասակ է եւ չի կրնար տեսնել ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ, յառաջ կը վազէ եւ ժանտաթզենիի մը վրայ կ’ելլէ։ Հոնկէ ան ամէն բան յստակ կը տեսնէ։ Երբ Յիսուս կը մօտենայ եւ Զաքէոսը ծառին վրայ կը տեսնէ, անոր կ’ըսէ. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ» (Ղուկաս 19։5)։ Զաքէոսն ալ ծառէն վար կ’իջնէ եւ շատ արագ տուն կ’երթայ, որ այս կարեւոր այցելուին համար պատրաստութիւններ տեսնէ։

Ասոր վրայ, մարդիկ կը սկսին տրտնջալ։ Անոնք կը զգան որ պատշաճ չէ որ Յիսուս աս տեսակ մարդու մը հիւրը ըլլայ, քանի որ Զաքէոսը մեղաւոր կը նկատեն։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Զաքէոս հարստացած է՝ մարդոց դրամները շորթելով։

Երբ Յիսուս Զաքէոսին տունը կը մտնէ, մարդիկ կը գանգատին. «Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու»։ Բայց Յիսուս անոր մէջ զղջալու հաւանականութիւնը կը տեսնէ, եւ յուսախաբ չ’ըլլար։ Զաքէոս ոտքի կայնելով՝ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր» (Ղուկաս 19։7, 8)։

Ասկէ յստակ կը դառնայ, որ Զաքէոս սրտանց զղջացած է։ Հաւանաբար ան կրնայ իր արձանագրած հաշիւներէն գիտնալ, թէ հրեաներէն որքա՛ն գանձած է, եւ ան կը խոստանայ չորեքպատիկ հատուցանել։ Ասիկա Աստուծոյ Օրէնքին պահանջածէն աւելի է (Ելից 22։1. Ղեւտացւոց 6։2-5)։ Ասկէ զատ, Զաքէոս կը խոստանայ իր ունեցածին կէսը աղքատներուն տալ։

Յիսուս կ’ուրախանայ տեսնելով որ Զաքէոս զղջացած է եւ անոր կ’ըսէ. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։ Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ» (Ղուկաս 19։9, 10)։

Յիսուս դեռ վերջերս պատմած էր անառակ կամ կորսուած որդիին առակը (Ղուկաս 15։11-24)։ Իսկ հիմա բոլորը կրնային տեսնել կենդանի օրինակ մը։ Այս մաքսապետը կորսուած էր, բայց գտնուեցաւ։ Կրօնական առաջնորդները եւ անոնց հետեւորդները թերեւս տրտնջան Յիսուսին դէմ եւ զինք քննադատեն, որ Զաքէոսին պէս մէկու մը ուշադրութիւն դարձուց։ Բայց Յիսուս կը շարունակէ փնտռել ու փրկել Աբրահամին կորսուած որդիները։

◇ Յիսուս հաւանաբար ո՞ւր կը հանդիպի երկու կոյր մուրացկաններու եւ ի՞նչ կ’ընէ։

◇ Զաքէոսը ո՞վ է եւ ինչպէ՞ս կը փաստէ որ զղջացած է։

◇ Ի՞նչ կը սորվինք Զաքէոսին հետ Յիսուսի վարուելու կերպէն։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 20-26

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 6-8

«Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս»

(Ծննդոց 6։9) Այս է Նոյին պատմութիւնը. Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց։

(Ծննդոց 6։13) Եւ Աստուած ըսաւ Նոյին. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ»։

դ18.02 4 ¶4

Ընդօրինակէ Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին հաւատքն ու հնազանդութիւնը

4 Նոյին ունեցած դժուարութիւնները։ Նոյին մեծ–հօր հօր՝ Ենովքին ժամանակ, արդէն իսկ մարդիկ շատ չար դարձած էին։ Անոնք նոյնիսկ «խիստ խօսքեր» կը խօսէին Եհովային դէմ (Յդ. 14, 15)։ Վայրագութիւնը կը շատնար, իսկ Նոյին օրերուն՝ «երկիրը բռնութեամբ լեցուեցաւ» (ԱԾ)։ Չար հրեշտակներ երկիր եկան, մարդկային մարմիններ հագան, կիներ առին եւ անգութ զաւակներ ունեցան (Ծն. 6։2-4, 11, 12)։ Բայց Նոյ շատ տարբեր էր անոնցմէ։ Ան «Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ. . . Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց» (Ծն. 6։8, 9)։

(Ծննդոց 6։14-16) Արդ դուն քեզի խժաբեր փայտէ տապան մը շինէ, տապանին մէջ խորշեր շինէ, զանիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէ։ 15 Այս ձեւով շինես զանիկա։ Տապանին երկայնութիւնը երեք հարիւր կանգուն, լայնութիւնը յիսուն կանգուն եւ բարձրութիւնը երեսուն կանգուն ըլլայ։ 16 Տապանին լուսամուտ շինէ ու զանիկա մէկ կանգունի չափով լմնցուր վերէն եւ տապանին դուռը մէկ կողմէն դիր. ներքնատունով, միջնատունով ու վերնատունով շինէ զանիկա։

դ13 4/1 14 ¶1

Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»

Գործը տասնամեակներ տեւեց. թերեւս 40-50 տարի։ Պէտք էր ծառեր կտրուէին, գերաններ փոխադրուէին եւ փայտեր տաշուէին, ձեւաւորուէին եւ իրարու կցուէին։ Տապանը պիտի ունենար երեք յարկ կամ տախտակամած՝ կարգ մը բաժանմունքներ, եւ դուրսի կողմէն մէկ դուռ։ Բացայայտօրէն, պատուհաններ կային վերեւի մասը, ինչպէս նաեւ տանիք մը, որ հաւանաբար, մէջտեղէն քիչ մը բարձր էր, որպէսզի անձրեւի ջուրը վրայէն հոսէր (Ծննդոց 6։14-16)։

(Ծննդոց 6։22) Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս։

դ11 9/1 22 ¶13

Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛

13 Ի՞նչ բան կարող դարձուց Եհովայի այս ծառաները որ տոկան ու յաջողաբար մրցավազքը աւարտեն։ Նկատի առ թէ Պօղոս Նոյի մասին ի՛նչ գրեց (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։7)։ Նոյի համար «դեռ չերեւցած բան» մըն էր ‘ջրհեղեղը, որ բոլոր մարմինները պիտի կորսնցնէր’ (Ծն. 6։17)։ Ատիկա բոլորովին աննախընթաց դէպք մըն էր։ Սակայն Նոյ զայն անկարելի կամ նոյնիսկ անհաւանական բան չնկատեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան կը հաւատար թէ Եհովան իր ամէն ըսածը կը կատարէ։ Նոյ չխորհեցաւ թէ իրմէ պահանջուածը շատ դժուար բան էր։ Փոխարէն, ան «ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծն. 6։22)։ Նոյի ըրածը քիչ բան չէր,– տապանը շինել, կենդանիները հաւաքել, տապանը ուտելիքներով մթերել, ազդարարական պատգամ քարոզել եւ իր ընտանիքը հոգեւորապէս զօրաւոր պահել։ Այսուհանդերձ, Նոյի հաւատքն ու տոկունութիւնը պատճառ եղան, որ ան եւ իր ընտանիքը վերապրին եւ օրհնութիւններ ստանան։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 7։2) Մաքուր անասուններէն քեզի եօթնական հատ առ, արու եւ էգ. իսկ անմաքուր անասուններէն երկերկու հատ՝ արու եւ էգ։

դ04 1/1 7 ¶4

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

7։2—Ի՞նչ հիման վրայ անասունները սեպուեցան մաքուր կամ անմաքուր։ Զանազանելու հիմը բացայայտօրէն կապ ունէր պաշտամունքի մէջ զոհերու գործածութեան հետ, եւ կապ չունէր թէ ո՛ր անասունը կարելի էր ուտել կամ չուտել։ Անասունի միսը Ջրհեղեղէն առաջ մարդկային սննդականոնին մաս չէր կազմեր։ Ուտելիքի նկատմամբ «մաքուր» եւ «անմաքուր» արտայայտութիւնները գործածուեցան միայն Մովսիսական Օրէնքին մէջ, եւ վերջ գտան երբ Օրէնքը մէջտեղէն վերցուեցաւ։ (Գործք 10։9-16. Եփեսացիս 2։15) Ակներեւաբար Նոյ գիտէր թէ Եհովայի պաշտամունքին մէջ անասնական ո՛ր զոհերը պատշաճ էին։ Անմիջապէս որ տապանէն դուրս եկաւ, ան «սեղան մը շինեց Տէրոջը ու ամէն մաքուր անասունէ եւ ամէն մաքուր թռչունէ հատ մը առաւ ու սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց»։—Ծննդոց 8։20

(Ծննդոց 7։11) Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին, երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, նոյն օրը մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան ու երկնքի պատուհանները բացուեցան։

դ04 1/1 7 ¶5

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

7։11—Աշխարհածաւալ Ջրհեղեղը պատճառող ջուրերը ուրկէ՞ եկան։ Ստեղծագործական երկրորդ ժամանակաշրջանին, կամ «օրը», երբ երկրի ոլորտային «հաստատութիւնը» կազմուեցաւ, «հաստատութեանը տակ» ջուրեր եւ «հաստատութեանը վրայ» ջուրեր կային։ (Ծննդոց 1։6, 7) «Տակ»ը եղած ջուրերը, արդէն երկրի վրայ էին։ «Վրայ»ի ջուրերը երկրագունդը շրջապատող հսկայ քանակով խոնաւութիւն էին, «մեծ անդունդ» կազմելով։ (Ծննդոց 7։11) Այս ջուրերը Նոյի օրերուն երկրի վրայ իջան։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 100

ՄՆԱՍՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

ՂՈՒԿԱՍ 19։11-28

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՄՆԱՍՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուս եւ իր աշակերտները հաւանաբար դեռ Զաքէոսին տունն են։ Աշակերտները կը կարծեն որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» մօտ օրէն պիտի հաստատուի եւ Յիսուս Թագաւոր պիտի ըլլայ (Ղուկաս 19։11)։ Անոնք այս նիւթը սխալ հասկցած են, ճիշդ ինչպէս որ չեն ըմբռնած այն գաղափարը թէ Յիսուս պէտք է մեռնի։ Անոր համար ան առակ մը կը պատմէ, որ անոնց օգնէ հասկնալու, թէ Թագաւորութեան հաստատուելուն դեռ շատ ժամանակ կայ։

Յիսուս կ’ըսէ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու» (Ղուկաս 19։12)։ Հեռու երկիր ճամբորդելը անկասկած ժամանակ կ’առնէ։ Յստակ է որ Յիսուս այդ «ազնուական մարդ»ն է, որ կ’երթայ «հեռու երկիր», այսինքն երկինք, ուր իր Հայրը իրեն թագաւորական իշխանութիւն պիտի տայ։

Առակին մէջ, առաջ որ «ազնուական մարդ»ը երթայ, տասը ծառաներ իր քով կը կանչէ, ամէն մէկուն արծաթէ մնաս մը կու տայ եւ կ’ըսէ. «Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ» (Ղուկաս 19։13)։ Արծաթէ մնասները արժէքաւոր դրամ են։ Մէկ մնասը հաւասար է հողագործին աւելի քան երեք ամսուան աշխատավարձին։

Աշակերտները թերեւս կը հասկնան, որ առակին տասը ծառաները իրենք են, քանի որ Յիսուս արդէն ասկէ առաջ զիրենք նմանցուցած է հունձքի մշակներու (Մատթէոս 9։35-38)։ Անշուշտ Յիսուս իրենցմէ չէր խնդրած որ ցորենի հունձք բերեն, հապա՝ ուրիշ աշակերտներ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնան մտնել։ Ուրեմն աշակերտները պէտք է իրենց ժամանակը, ուժը եւ նիւթականը գործածեն, որ Թագաւորութեան նոր ժառանգորդներ հաւաքեն։

Յիսուս առակին մէջ նաեւ կը նշէ, որ «քաղաքացիները [ազնուական մարդը] կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’» (Ղուկաս 19։14)։ Աշակերտները գիտեն թէ հրեաները Յիսուսը չեն ընդունիր եւ թէ անոնցմէ ոմանք կ’ուզեն զինք սպաննել։ Յիսուսին մահէն եւ երկինք համբառնալէն ետք, հրեաները Յիսուսին հանդէպ իրենց ատելութիւնը ցոյց կու տան՝ անոր աշակերտները հալածելով։ Այս հակառակորդները յստակ կը դարձնեն, որ չեն ուզեր որ Յիսուս իրենց Թագաւորը ըլլայ (Յովհաննէս 19։15, 16. Գործք 4։13-18. 5։40)։

Իսկ տասը ծառաները ինչպէ՞ս կը գործածեն մնասները մինչեւ որ «ազնուական մարդ»ը ‘թագաւորութիւն առնէ եւ դառնայ’։ Յիսուս կը պատմէ. «Երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։ Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ’։ Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր’։ Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ’։ Եւ ըսաւ անոր. ‘Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր’» (Ղուկաս 19։15-19)։

Եթէ Յիսուսին աշակերտները, առակին մէջի ծառաներուն պէս, իրենց ամէն կարելին ընեն աւելի աշակերտներ հաւաքելու համար, կրնան վստահ ըլլալ, որ Յիսուս իրենց պիտի հաճի եւ պիտի վարձատրէ իրենց աշխատասիրութիւնը։ Անշուշտ, Յիսուսին բոլոր աշակերտները նոյն պարագաները, պատեհութիւնները կամ կարողութիւնները չունին։ Բայց Յիսուս, որ «թագաւորութիւն» կը ստանայ, պիտի տեսնէ եւ օրհնէ աշակերտելու իրենց ջանքերը (Մատթէոս 28։19, 20)։

Յիսուս առակը կ’եզրափակէ ըսելով. «Ուրիշ [ծառայ] մը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի. քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես’։ Անիկա ըսաւ անոր. ‘Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ, ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա’։ Հոն կայնողներուն ըսաւ. ‘Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի’» (Ղուկաս 19։20-24)։

Քանի՛ որ այդ ծառան չաշխատեցաւ որ իր տիրոջ թագաւորութեան հարստութիւնը աւելցնէ, վնաս կրեց։ Առաքեալները արդէն կը սպասեն որ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխէ։ Ուրեմն վերջին ծառային ուղղուած տիրոջ խօսքէն անոնք հաւանաբար կ’ըմբռնեն, որ եթէ աշխատասէր չըլլան, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։

Յիսուսին խօսքերը պէտք է հաւատարիմ աշակերտները մղեն, որ աւելի ջանք թափեն։ Ան կ’եզրափակէ. «Կ’ըսեմ ձեզի, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։ Ան կ’աւելցնէ որ իր թշնամիները, որոնք չեն ուզեր որ ‘իրենց վրայ թագաւոր ըլլայ’, մահուան պիտի մատնուին։ Ետքը Յիսուս կ’ուղղուի դէպի Երուսաղէմ (Ղուկաս 19։26-28)։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ կը պատմէ մնասներուն առակը։

◇ Ո՞վ է «ազնուական մարդ»ը եւ «հեռու երկիր»ը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

◇ Որո՞նք են ծառաները, իսկ որո՞նք են ատելութիւն ունեցող քաղաքացիները։

◇ Ի՞նչ տարբերութիւնը կայ վարձատրուող ծառաներուն եւ այն ծառային միջեւ, որուն մնասը իր ձեռքէն կ’առնուի։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 27–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 9-11

«Բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր»

(Ծննդոց 11։1-4) Եւ բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր։ 2 Երբ արեւելքէն կը չուէին, Սենաար երկրին մէջ դաշտ մը գտան ու հոն բնակեցան։ 3 Եւ իրարու ըսին. «Եկէք աղիւսներ շինենք ու զանոնք կրակով թրծենք»։ Աղիւսները անոնց քարի տեղ ու ձիւթը անոնց ցեխի տեղ եղան։ 4 Այն ատեն ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։

դ08 8/1 28 ¶2

«Մաքուր լեզուն» սահուն կերպով կը խօսի՞ս

2 Մարդկութեան գոյութեան առաջին 17 դարերուն ընթացքին, ամէն անհատի լեզուն ու «խօսուածքը մէկ էր»։ (Ծն. 11։1) Անկէ ետք, Նեբրովթի օրուան ըմբոստութիւնը տեղի ունեցաւ։ Եհովայի հրահանգներուն չհնազանդելով, մարդիկ ժողվուեցան հոն՝ ուր հետագային կոչուեցաւ Բաբելոն, եւ որոշեցին մէկ վայրի մէջ մնալ։ Անոնք սկսան հսկայ աշտարակ մը կառուցանել, ո՛չ թէ Եհովան փառաբանելու, այլ՝ որպէսզի իրենց համար «անուն շինեն»։ Ուստի Եհովա ըմբոստներուն սկզբնական լեզուն խառնակեց եւ պատճառ եղաւ որ զանազան լեզուներ խօսին։ Այսպէս անոնք ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ ցրուեցան։—Կարդալ՝ Ծննդոց 11։4-8

դ99 4/1 23 ¶11

Մահուընէ ետք կեանք՝ ի՞նչ է մարդոց հաւատքը այս մասին

11 Որոշ է ուրեմն, որ հոգիի անմահութեան ուսուցումը ետ կ’երթայ մինչեւ վաղեմի Բաբելոն։ Ասիկա յատկանշակա՞ն է։ Արդարեւ, քանի որ Աստուածաշունչի համաձայն, Բաբելոն քաղաքը հիմնած էր Նեբրովթ, որ Նոյի թոռնորդին էր։ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, միայն մէկ լեզու եւ մէկ կրօնք կար։ Նեբրովթ ոչ միայն «Եհովայի հակառակ» էր, այլ ինք եւ իր հետեւորդները ուզեցին իրենք իրենց համար ‘անուն մը շինել’։ Քաղաքը հիմնելով եւ հոն աշտարակ մը կառուցանելով, Նեբրովթ տարբեր կրօնքի մը ծնունդ տուաւ։—Ծննդոց 10։1, 6, 8-10, ՆԱ. 11։1-4

դ13 2/15 7 ¶20

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը

20 Նեբրովթ Բաբելոնի եւ Տիգրիս ու Եփրատ գետերուն միջեւ գտնուող ուրիշ քաղաքներու վրայ իշխեց (Ծն. 10։10)։ Կրնայ ըլլալ որ իր առաջնորդութեան ներքեւ սկսաւ Բաբելոնի եւ ատոր աշտարակին շինարարութիւնը շուրջ Ք.Ա. 2269–ին։ Եհովային կամքն էր որ մարդկութիւնը մէկ վայրի մէջ չմնայ, բայց շինարարները ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։ Սակայն անոնք չկրցան աշտարակի շինարարութիւնը ամբողջացնել, քանի որ Աստուած «բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց»։ Այսպիսով, մարդիկ Բաբելոն քաղաքէն հեռացան (Ծն. 11։1-4, 8, 9)։ Սատանան կ’ուզէր ճշմարիտ պաշտամունքը բնաջնջել եւ մղել բոլորը որ զինք պաշտեն։ Բայց Եհովան ճշմարիտ պաշտամունքը պահպանեց եւ հետզհետէ կ’աւելնայ Զինք պաշտողներուն թիւը։

(Ծննդոց 11։6-8) Տէրը ըսաւ. «Ահա ասոնք մէկ ժողովուրդ են ու ամենուն լեզուն մէկ է եւ ասիկա շինելու սկսան ու հիմա ինչ որ շինել կը խորհին, բան մը չկայ որ արգիլէ։ 7 Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէս զի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ»։ 8 Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադարեցան։

դ91 6/1 17 ¶4

Մաքուր լեզու մը բոլոր ազգերուն համար

4 Ապա Նեբրովթի օրերուն, ամբարիշտ մարդոց ջանքերը ի դերեւ հանելու համար, Եհովա խառնեց լեզուները այն բոլորին, որոնք թոյլ տուած էին որ Բաբելոնի աշտարակը շինելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելու ենթարկուին։ (Ծննդոց 11։3–9) Այնպէս կը թուի որ Եհովա նախ անոնց մտքէն ջնջեց իրենց խօսած նախկին լեզուն եւ ապա նոր լեզուներ զետեղեց իրենց մտքերուն մէջ։ Ասիկա ոչ միայն նոր բառամթերք մը, այլ նաեւ նոր քերականութիւններ եւ նոր մտածելակերպեր կը բովանդակէր։ Բաբելոնի մէջ Եհովայի ծագում տուած լեզուներէն ժամանակի ընթացքին ուրիշներ զարգացան մինչեւ օրս. ըստ լեզուի ակադեմիաներու, ամբողջ երկրի վրայ շուրջ երեք հազար լեզուներ կը խօսուին։

(Ծննդոց 11։9) Անոր համար անոր անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք։

it-2 472

Ազգեր

Երբ Աստուած լեզուները խառնեց, հաղորդակցիլը դժուար դարձաւ եւ ամէն մէկ լեզուական խումբ զարգացուց իրեն յատուկ մշակոյթ, արուեստ, սովորութիւններ, յատկութիւններ եւ կրօնք (Ղեւ. 18։3)։ Այդ ժողովուրդները Աստուծմէ հեռացած ըլլալով, շատ մը կուռքեր հնարեցին իրենց առասպելական չաստուածներուն համար (Բ. Օր. 12։30. Դ. Թագ. 17։29, 33)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 9։20-22) Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։ 21 Գինիէն խմեց ու գինովցաւ եւ իր վրանին մէջ մերկացաւ։ 22 Եւ Քանանի հայրը՝ Քամ՝ իր հօրը մերկութիւնը տեսաւ ու դուրս ելաւ իր երկու եղբայրներուն պատմեց։

(Ծննդոց 9։24, 25) Նոյ իր գինիէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդիին իրեն ըրածը իմացաւ 25 ու ըսաւ. «Անիծեալ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ծառաներուն ծառայ ըլլայ»։

դ04 1/1 8 ¶2

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

9։20-25—Նոյ ինչո՞ւ Քանանը անիծեց։ Շատ հաւանաբար Քանան իր մեծ–հօր՝ Նոյի՝ դէմ որոշ անբարոյ արարք մը գործեց։ Թէեւ Քանանի հայրը Քամ ասոր ականատես եղաւ, բայց չփորձեց արգելք հանդիսանալ, այլ՝ ըստ երեւոյթին եղելութեան մասին ուրիշներու պատմեց։ Իսկ Նոյի միւս երկու որդիները՝ Սէմ ու Յաբեթ, գործի անցան որ իրենց հայրը ծածկեն։ Ասոր համար անոնք օրհնուեցան, բայց Քանան անիծուեցաւ եւ Քամ տառապեցաւ իր սերունդին վրայ եկած ամօթին պատճառով։

(Ծննդոց 10։9, 10) Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր։ Անոր համար կ’ըսուի. ‘Տէրոջը առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ’։ 10 Իր թագաւորութեան սկիզբը Բաբելոն եւ Արեք ու Աքադ եւ Քաղանէ էր Սենաար երկրին մէջ։

it-2 503

Նեբրովթ

Նեբրովթի իշխանութեան տակ եղող առաջին քաղաքներն էին Բաբելոնը, Արեքը, Աքադը եւ Քաղանէն, որոնք Սենաար երկրին մէջ էին (Ծն. 10։10)։ Ուրեմն շատ հաւանաբար իր առաջնորդութեան ներքեւ է որ Բաբելոնին եւ ատոր աշտարակին շինարարութիւնը սկսաւ։ Այս գաղափարը համապատասխան է հրէական աւանդութեան։ Յովսեպոս գրեց. «[Նեբրովթ] քիչ–քիչ բռնակալական վիճակ մը ստեղծեց, մտածելով որ միակ կերպը որ մարդիկը Աստուծմէ չվախնան այն է, որ անոնք միշտ ի՛ր իշխանութենէն կախեալ ըլլան։ Ան որոշեց Աստուծմէ վրէժ առնել, եթէ Աստուած ուզէր նորէն ջրհեղեղ բերել երկրի վրայ։ Ան պիտի շինէր աշտարակ մը, ուր ջուրերը չէին հասներ, եւ այսպիսով իրենց նախահայրերուն ոչնչացման վրէժը պիտի առնէր։ Մարդիկ անհամբեր ուզեցին [Նեբրովթին] գաղափարին հետեւիլ, քանի որ Աստուծոյ ենթարկուիլը ստրկութիւն սեպեցին։ Անոնք սկսան աշտարակը շինել. . . եւ ատիկա անոնց ակնկալածէն շատ աւելի արագ կը շինուէր» (Jewish Antiquities, I, 114, 115 [iv, 2, 3])։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 101

ՅԻՍՈՒՍ ԲԵԹԱՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՍԻՄՈՆԻՆ ՏՈՒՆԸ Կ’ԸՆԹՐԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 26։6-13 ՄԱՐԿՈՍ 14։3-9 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։55–12։11

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԲԵԹԱՆԻԱ

• ՄԱՐԻԱՄ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԳԼՈՒԽԻՆ ԵՒ ՈՏՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԻՒՂ ԿԸ ԹԱՓԷ

Յիսուս Երիքովէն ելլելով՝ Բեթանիա կ’ուղղուի։ Ճամբան խորտուբորտ զառիվեր է եւ ան պէտք է 20 քիլոմեթր կտրէ։ Երիքովը ծովու մակերեսէն մօտ 250 մեթր ցած է, իսկ Բեթանիան ծովու մակերեսէն մօտ 610 մեթր բարձր է։ Ղազարոսն ու իր երկու քոյրերը կ’ապրին Բեթանիա, որ Երուսաղէմէն մօտ 3 քիլոմեթր հեռու է եւ Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի։

Շատ մը հրեաներ արդէն հասած են Երուսաղէմ Պասեքը տօնելու։ Անոնք կանուխ եկած են որ «ինքզինքնին մաքրեն», հակառակ պարագային եթէ մեռելի դպչած են կամ ըրած են բան մը, որ զիրենք անմաքուր կը դարձնէ (Յովհաննէս 11։55. Թուոց 9։6-10)։ Կանուխ հասնողներէն ոմանք տաճարը կը հաւաքուին եւ իրարու միջեւ հարց կու տան, որ արդեօք Յիսուս Պասեքին համար պիտի գա՞յ (Յովհաննէս 11։56)։

Մարդիկ Յիսուսին մասին տարբեր կարծիքներ ունին։ Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կ’ուզեն զինք բռնել եւ մեռցնել։ Անոնք նոյնիսկ հրաման արձակած են, որ եթէ մէկը Յիսուսին ո՛ւր ըլլալը գիտնայ՝ տեղեկացնէ, «որպէս զի զանիկա բռնեն» (Յովհաննէս 11։57)։ Անոնք արդէն փորձած են Յիսուսը սպաննել, Ղազարոսին յարութենէն ետք (Յովհաննէս 11։49-53)։ Ուրեմն հասկնալի է թէ ոմանք ինչո՛ւ կասկածներ ունին, որ Յիսուսը Պասեքի պիտի գայ կամ ոչ։

Յիսուս Բեթանիա կը հասնի ուրբաթ օրը՝ «զատկէն վեց օր առաջ» (Յովհաննէս 12։1)։ Նոր օրը (շաբաթ, նիսան 8) կը սկսի արեւամուտին։ Ուրեմն Յիսուս իր ճամբորդութիւնը աւարտած էր Շաբաթը սկսելէն առաջ։ Ան չէր կրնար Շաբաթ օրը Երիքովէն Բեթանիա երթալ, քանի որ հրէական օրէնքին համաձայն, ճամբորդելը արգիլուած էր Շաբաթ օրը (ուրբաթ արեւամուտէն մինչեւ շաբաթ արեւամուտ)։ Յիսուս հաւանաբար իր սովորութեանը պէս կ’երթայ Ղազարոսին տունը։

Սիմոնը, որ ինքն ալ Բեթանիայի մէջ կ’ապրի, շաբաթ երեկոյեան ընթրիքի կը հրաւիրէ Յիսուսը եւ անոր ընկերակիցները, մէջը ըլլալով Ղազարոսը։ Սիմոն «բորոտ» կը կոչուի, թերեւս քանի որ առաջ բորոտ էր եւ Յիսուս զինք բժշկած էր։ Աշխատասէր Մարթան անմիջապէս կը սկսի հիւրերուն հոգ տանիլ։ Իսկ Մարիամ իր ուշադրութիւնը Յիսուսին վրայ կը կեդրոնացնէ, այս անգամ ընելով բան մը, որ վիճաբանութեան դուռ կը բանայ։

Մարիամ ‘մէկ լիտր նարդոսի պատուական իւղին’ շիշը կը բանայ (Յովհաննէս 12։3)։ Այս իւղը շատ սուղ է, անոր գինը (300 դահեկան) մօտ մէկ տարուան աշխատավարձի հաւասար է։ Մարիամ իւղը Յիսուսի գլուխին եւ ոտքերուն վրայ կը թափէ եւ ետքը անոր ոտքերը իր մազերովը կը սրբէ։ Անուշահոտ իւղին բոյրը կը լեցուի ամբողջ տան մէջ։

Աշակերտները կը բարկանան եւ կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը» (Մարկոս 14։4)։ Յուդա Իսկարիովտացին դժգոհելով՝ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր» (Յովհաննէս 12։5)։ Իրականութեան մէջ, Յուդան աղքատներով չէ հետաքրքրուած։ Ան արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր կը գողնայ այն գանձանակէն, որ իր քով կը մնայ։

Յիսուս Մարիամը կը պաշտպանէ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք կինը։ Անիկա բարի գործ մը գործեց։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ Անիկա, որ այդ իւղը իմ մարմնիս վրայ թափեց, իմ թաղումիս համար ըրաւ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար» (Մատթէոս 26։10-13)։

Յիսուս արդէն մէկ օրէ ի վեր Բեթանիայի մէջ է եւ իր մասին լուրերը տարածուած են։ Շատ մը հրեաներ Սիմոնին տունը կու գան, ոչ միայն Յիսուսը տեսնելու, հապա նաեւ Ղազարոսը, որ Յիսուս «մեռելներէն յարուցանած էր» (Յովհաննէս 12։9)։ Քահանայապետները իրարու հետ կը խօսակցին, որ սպաննեն թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը։ Այս կրօնական առաջնորդները համոզուած են, որ շատեր Յիսուսին կը հաւատան, քանի որ կը տեսնեն թէ Ղազարոսը ողջ է։ Անոնք որքա՜ն չար են։

◇ Տաճարին մէջ հրեաները ի՞նչ կը խօսին։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ Բեթանիա հասած ըլլալու է ուրբաթ օր եւ ոչ թէ շաբաթ օր։

◇ Մարիամ ի՞նչ ընելով վիճաբանութեան դուռ կը բանայ, եւ Յիսուս ինչպէ՞ս զինք կը պաշտպանէ։

◇ Ի՞նչը ցոյց կու տայ քահանայապետներուն չարութիւնը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել