«Խոնարհութիւն հագէք»
«Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։5
1, 2. Ի՞նչ երկու հակադիր հակումներ խոր ազդեցութիւն մը ունին մարդուն վարքին վրայ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ երկու հակադիր հակումներ։ Երկուքն ալ խոր ազդեցութիւն ունին մարդուն վարքին վրայ։ Անոնցմէ մէկը բնութագրուած է որպէս «խոնարհութիւն»։ (Ա. Պետրոս 5։5) Բառարան մը «խոնարհութիւն»ը կը սահմանէ որպէս «վարուելակերպի ու հոգիի հեզութիւն. ինքզինք պարտադրող հպարտութենէ զերծ»։ Խոնարհութեան հոմանիշն է հեզութիւն, եւ Աստուծոյ աչքին, անիկա շա՛տ փափաքելի յատկութիւն մըն է։
2 Ասոր հակառակն է՝ հպարտութիւնը։ Անիկա բնութագրուած է որպէս «անձնական արժանիքներու չափազանցուած գնահատութիւն», «գոռոզութիւն»։ Անիկա անձնակեդրոն է, եւ կը փնտռէ նիւթական, եսամոլական եւ այլ օգուտներ, առանց նկատի առնելու ուրիշներուն վրայ անոր ձգած գէշ ազդեցութիւնը։ Աստուածաշունչը անոր մէկ հետեւանքը կը նշէ, ըսելով. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ Անիկա ‘ընկերին նախանձելուն’ կ’ակնարկէ որպէս «հոգիի տանջանք», քանի որ մահուան ժամանակ «բան մը պիտի չառնէ որ իրեն հետ տանի»։ Աստուծոյ աչքին շատ անհաճելի է այսպիսի հպարտութիւն։—Ժողովողի 4։4. 5։15. 8։9
Աշխարհի Մէջ Տիրական Եղող Հոգին
3. Աշխարհի մէջ տիրական եղող հոգին ի՞նչ է։
3 Ներկայ աշխարհը այս երկու հակումներէն ո՞ր մէկով յատկորոշուած է։ Ի՞նչ է աշխարհի մէջ տիրական եղող հոգին։ 1996–ի Աշխարհի Զինուորական եւ Ընկերային Ծախսերը (Անգլերէն) կը նշէ. «Ուրիշ ո՛չ մէկ դար կրնայ հաւասարիլ քսաներորդ դարու անքաղաքակիրթ . . . բռնութեան»։ Այս դարուս քաղաքական եւ տնտեսական հեղինակութեան տիրանալու, ինչպէս նաեւ՝ ազգային, կրօնական, ցեղային եւ տոհմային՝ մրցակցութիւնը 100 միլիոն մարդոց կեանքը խլած է։ Անհատապէս մարդիկ աւելի անձնակեդրոն դարձած են։ Շիքակօ Թրիպյուն–ը (Անգլերէն) նշեց. «Հասարակական ախտը կը ներփակէ անխոհեմ վայրագութիւնը, երախաներու չարաշահումը, ամուսնալուծումը, գինովութիւնը, ԷՅՏԾ–ը, պատանեկան անձնասպանութիւնը, թմրեցուցիչները, փողոցային խուլիգանները, բռնաբարումը, ապօրինութիւնը, վիժումը, պոռնկագրութիւնը, . . . ստախօսութիւնը, խաբէութիւնը, քաղաքական ապականութիւնը։ . . . Շիտակի ու սխալի բարոյական հասկացողութիւնները մէջտեղէն վերցուած են»։ Հետեւաբար, ՄԱԿ–ի Քրոնիգլ–ը (Անգլերէն) ազդարարեց. «Ընկերութիւնները կը քայքայուին»։
4, 5. Աշխարհի հոգին ի՞նչպէս ճշգրտօրէն նկարագրուած է մեր օրերուն համար տրուած Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ։
4 Այս վիճակները համաշխարհային են։ Անիկա մեր օրերուն համար Աստուածաշունչի ըսածին հետ կը համընկնի. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-4
5 Ասիկա ճշգրիտ կերպով կը բնութագրէ այս աշխարհի մէջ տիրական եղող հոգին։ Անիկա անձնասէր ու եսամոլ կեցուածք մըն է։ Անհատներուն միջեւ եղող մրցակցութիւնը՝ ազգերուն միջեւ եղած մրցակցութեան ցոլքն է։ Մարմնամարզական մրցումներուն մէջ, զոր օրինակ, մարզիկներէն շատեր կը ցանկան ախոյեան ըլլալ, ուշադրութիւն չդարձնելով անգամ թէ անիկա որքան կրնայ վիրաւորել ուրիշներ զգացական կամ նոյնիսկ ֆիզիքական գետնի վրայ։ Այս անձնակեդրոն հոգին փոխանցուած է երախաներուն, եւ չափահասներու կեանքին բազմաթիւ երեսակներուն մէջ անիկա կը շարունակուի։ Անիկա «թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ» կը յառաջացնէ։—Գաղատացիս 5։19-21
6. Ո՞վ անձնասիրութիւն կը քաջալերէ, եւ Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ այսպիսի մտածելակերպ մը։
6 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ այս աշխարհի անձնակեդրոն հոգին, արտացոլացումն է անոր հոգիին, որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ Այս չար վերջին օրերուն մէջ ապրող մարդոց կեանքին վրայ Սատանային ունեցած ազդեցութեան նկատմամբ, Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ. «Վա՜յ երկրին . . . վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։9-12) Ուստի, ինք եւ իր ընկերակից դեւերը իրենց ջանքերը կրկնապատկած են, որպէսզի մարդկային ընտանիքին մէջ անձնասէր մտածելակերպ մը քաջալերեն։ Իսկ Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ այսպիսի կեցուածք մը։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են»։—Առակաց 16։5
Եհովա Խոնարհներուն Հետ Է
7. Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ խոնարհները, եւ անոնց ի՞նչ կը սորվեցնէ։
7 Իսկ միւս կողմէ, Եհովա կ’օրհնէ խոնարհամիտ անհատները։ Եհովայի մատուցած երգի մը մէջ, Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ. «Վշտացած ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես»։ (Բ. Թագաւորաց 22։1, 28) Անոր համար Աստուծոյ Խօսքը հետեւեալ խրատը կու տայ. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ . . . Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։ (Սոփոնեայ 2։3) Անոնք որոնք խոնարհաբար Եհովան կը փնտռեն, իրմէ կը սորվին որ աշխարհի հոգիէն բոլորովին տարբեր հոգի մը մշակեն։ «Իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ»։ (Սաղմոս 25։9. Եսայեայ 54։13) Այդ ճամբան՝ սիրոյ ճամբան է։ Անիկա Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն շիտակը ընելու վրայ հիմնուած է։ Ըստ Աստուածաշունչին, սկզբունքային այս սէրը, «չի գոռոզանար, չի հպարտանար, . . . իրենը չի փնտռեր»։ (Ա. Կորնթացիս 13։1-8) Անիկա խոնարհութեամբ ալ ցոյց կը տրուի։
8, 9. (ա) Սկզբունքային սիրոյ ծագումը ուրկէ՞ է։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է Յիսուսի ցուցաբերած սէրը եւ խոնարհութիւնը ընդօրինակել։
8 Պօղոս եւ առաջին դարու ուրիշ Քրիստոնեաներ այս տեսակի սէրը սորվեցան Յիսուսի ուսուցումներէն։ Իսկ Յիսուս զայն սորված էր իր Հօրմէն՝ Եհովայէ, որու մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Յիսուս գիտէր որ Աստուծոյ կամքն էր որ ինք սիրոյ օրէնքով ապրէր եւ ասիկա ըրաւ։ (Յովհաննու 6։38) Անոր համար ան կը կարեկցէր անոնց, որոնք հարստահարուած, խեղճ ու մեղաւոր էին։ (Մատթէոս 9։36) Յիսուս անոնց ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ»։—Մատթէոս 11։28, 29
9 Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ իր սէրը եւ խոնարհութիւնը ընդօրինակելու կարեւորութիւնը, երբ անոնց ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Անոնք այս անձնակեդրոն աշխարհէն զատուած ըլլալով աչքի պիտի զարնէին։ Անոր համար Յիսուս իր հետեւորդներուն մասին կրցաւ ըսել որ անոնք «աշխարհէն չեն»։ (Յովհաննու 17։14) Ոչ, անոնք Սատանայի աշխարհին հպարտ, անձնասէր հոգին չեն ընդօրինակեր. հապա՝ Յիսուսի ցուցաբերած սիրոյ եւ խոնարհութեան հոգին կ’ընդօրինակեն։
10. Մեր օրերուն, Եհովա ի՞նչ կ’ընէ խոնարհ անհատներուն։
10 Աստուծոյ Խօսքը նախագուշակած էր որ այս վերջին օրերուն, խոնարհ անհատներ պիտի հաւաքուէին համերկրային ընկերութեան մը մէջ, որ սիրոյ եւ խոնարհութեան վրայ հիմնուած էր։ Հետեւաբար, հետզհետէ աւելի հպարտ դարձող աշխարհի մը մէջ, Եհովայի ծառաները բոլորովին հակառակ վարուելակերպ մը կը ցուցաբերեն, որ է՝ խոնարհութիւնը։ Անոնք կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը [իր բարձրացած ճշմարիտ պաշտամունքը] . . . ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ (Եսայեայ 2։2, 3) Եհովայի Վկանե՛րն են որ այս համերկրային ընկերութիւնը կը կազմեն, որ Աստուծոյ շաւիղներուն մէջ կը քալէ։ Անոնց մաս կը կազմէ հետզհետէ աւելցող «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ (Յայտնութիւն 7։9) Այս մեծ բազմութիւնը հիմա միլիոնաւոր անհատներէ բաղկացած է։ Եհովա ի՞նչպէս կը մարզէ զանոնք որ խոնարհ ըլլան։
Խոնարհ Ըլլալ կը Սորվին
11, 12. Աստուծոյ ծառաները ի՞նչպէս խոնարհութիւն կը ցուցաբերեն։
11 Իր հլու ծառաներուն վրայ ներգործող Եհովայի հոգին անոնց կ’օգնէ որ սորվին աշխարհի գէշ հոգին նուաճել, ու անկէ ետք Աստուծոյ հոգիին պտուղները ցուցաբերել։ Այդ պտուղներն են՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Որպէսզի կարենան այս յատկութիւնները զարգացնել, Աստուծոյ ծառաներուն խրատ տրուած է որ ‘սնապարծ չըլլան՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով’։ (Գաղատացիս 5։26) Նոյն գծով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ինծի տրուած շնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց»։—Հռովմայեցիս 12։3
12 Աստուծոյ Խօսքը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն կ’ըսէ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։ (Փիլիպպեցիս 2։3, 4) «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։24) Այո, «սէրը շինութիւն կ’ընէ», ոչ–անձնասէր խօսքերով ու արարքներով։ (Ա. Կորնթացիս 8։1) Անիկա համագործակցութիւն կը յառաջացնէ ու ո՛չ թէ՝ մրցակցութիւն։ Եհովայի ծառաներուն մէջ «առաջ ես»ի հոգին տեղ չունի։
13. Ինչո՞ւ պէտք է սորվինք խոնարհութիւնը, եւ անհատ մը ի՞նչպէս զայն կը սորվի։
13 Սակայն, մեր ժառանգած անկատարութեան պատճառաւ, մենք խոնարհութեամբ ծնած չենք։ (Սաղմոս 51։5) Այս յատկութիւնը պէտք է սորվինք։ Իսկ ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ անոնց համար, որոնք մանկութենէն չեն սորված Եհովայի ճամբաները, այլ հետագային ընդունած են զանոնք։ Անոնք արդէն անձնաւորութիւն մը կերտած են, որ հին աշխարհին կեցուածքին վրայ հիմնուած է։ Հետեւաբար, պէտք է սորվին ‘իրենց վրայէն հանել այն առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը’ եւ ‘նոր մարդը իրենց վրայ հագնին, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։ (Եփեսացիս 4։22, 24) Աստուծոյ օգնութեամբ, անկեղծ անհատներ կրնան ընել ինչ որ Ան կը պահանջէ իրենցմէ. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը»։—Կողոսացիս 3։12
14. Յիսուս ի՞նչպէս ինքզինք բարձրացնելու դէմ խօսեցաւ։
14 Յիսուսի աշակերտները ասիկա պէտք էր սորվէին։ Անոնք արդէն չափահասներ էին, երբ իր աշակերտները եղան եւ իրենց մէջ որոշ չափով ունէին աշխարհի մրցակցութեան հոգին։ Երբ անոնցմէ երկուքին մայրը խնդրեց որ իր որդիներուն կարկառուն տեղ մը տրուի, Յիսուս ըսաւ. «Ազգերուն իշխանները կը տիրեն [մարդոց վրայ] եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ. ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։20-28) Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ իրենք զիրենք բարձրացնելու համար տիտղոսներ չգործածեն, ան աւելցուց. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք»։—Մատթէոս 23։9
15. Տեսուչ ըլլալու ձգտողները ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենան։
15 Յիսուսի իրական հետեւորդ մը՝ ծառայ մըն է. այո, անիկա իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն ծառան է։ (Գաղատացիս 5։13) Մանաւանդ անոնք որոնք ժողովքին մէջ տեսչութեան համար որակելի կ’ուզեն ըլլալ։ Անոնք որեւէ ժամանակ կարկառուն ըլլալու կամ հեղինակութիւն ունենալու համար պէտք չէ մրցին. անոնք ‘վիճակներուն վրայ պէտք չէ տիրեն՝ հապա հօտին օրինակ պէտք է ըլլան’։ (Ա. Պետրոս 5։3) Արդարեւ, շահասէր հոգի մը կը նշէ որ անհատ մը տեսուչ ըլլալու յարմար չէ։ Այսպիսի անհատ մը վնաս կը հասցնէ ժողովքին։ Ճիշդ է որ ‘տեսչութեան ձգտիլը’ տեղին է, բայց ասիկա միւս Քրիստոնեաներուն ծառայելու ցանկութենէ պէտք է բղխի։ Այս պաշտօնը կարկառուն կամ հեղինակաւոր դիրք մը չէ, քանի որ վերատեսչութիւն ընողները ժողովքին ամենէն խոնարհներէն պէտք է ըլլան։—Ա. Տիմոթէոս 3։1, 6, ՆԱ։
16. Դիոտրեփէս ինչո՞ւ պախարակուած էր Աստուծոյ Խօսքին մէջ։
16 Յովհաննէս առաքեալ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ անձ մը, որ սխալ տեսակէտ մը ունէր, ըսելով. «Եկեղեցիին գրեցի. բայց Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չընդունիր»։ Այս մարդը իր դիրքը պահելու համար ուրիշներուն հետ անյարգալից կերպով կը վարուէր։ Հետեւաբար, Աստուծոյ հոգին մղեց Յովհաննէսը որ Աստուածաշունչին մէջ Դիոտրեփէսը պախարակէ, իր եսամոլ կեցուածքին համար։—Գ. Յովհաննու 9, 10
Շիտակ Կեցուածքը
17. Պետրոս, Պօղոս եւ Բառնաբաս ի՞նչպէս խոնարհութիւն ցուցաբերեցին։
17 Աստուածաշունչին մէջ շիտակ կեցուածքի, կամ խոնարհութեան, բազմաթիւ օրինակներ կան։ Երբ Պետրոս Կոռնելիոսի տունը մտաւ, այդ մարդը «[Պետրոսի] ոտքը իյնալով երկրպագութիւն կ’ընէր»։ Բայց փոխանակ այս չափազանցուած յարգանքը ընդունելու, «Պետրոս զանիկա կանգնեցուց ու ըսաւ. ‘Ելիր կայնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ’»։ (Գործք 10։25, 26) Երբ Պօղոս ու Բառնաբաս Լիւստրա կը գտնուէին, Պօղոս ի ծնէ կաղ մը բժշկեց։ Ասոր վրայ բազմութիւնը ըսաւ որ այս առաքեալները աստուածներ են։ Սակայն, Պօղոս եւ Բառնաբաս «իրենց հանդերձները պատռելով՝ դուրս ցատկեցին բազմութեանը մէջ, աղաղակելով ու ըսելով. ‘Մարդի՛կ, ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող [«տկար», Անթիլիաս] մարդիկ ենք»։ (Գործք 14։8-15) Այս խոնարհ Քրիստոնեաները մարդոցմէ փառք չընդունեցին։
18. Հզօր հրեշտակ մը խոնարհաբար ի՞նչ ըսաւ Յովհաննէսի։
18 Երբ Յովհաննէս առաքեալի տրուեցաւ «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը», անիկա հրեշտակի մը միջոցով փոխանցուեցաւ անոր։ (Յայտնութիւն 1։1) Հրեշտակի մը ունեցած զօրութեան պատճառաւ, կրնանք հասկնալ թէ Յովհաննէս ինչո՛ւ ահաբեկուեցաւ. մէկ հրեշտակ, մէկ գիշերուան մէջ 185,000 Ասորեստանցիներ բնաջնջած էր։ (Դ. Թագաւորաց 19։35) Յովհաննէս կը պատմէ. «Երբ լսեցի ու տեսայ, ինկայ որ երկրպագութիւն ընեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ այս բաները ինծի կը ցուցնէր, բայց ան ըսաւ ինծի. ‘Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ’»։ (Յայտնութիւն 22։8, 9) Այս հզօր հրեշտակին կողմէ ի՜նչ խոնարհութիւն։
19, 20. Հռովմէացի յաղթական զօրավարներուն գոռոզութիւնը հակադրեցէք Յիսուսի խոնարհութեան հետ։
19 Յիսուս խոնարհութեան լաւագոյն տիպարն էր։ Ան Աստուծոյ միածին Որդին ու Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ապագայ Թագաւորն էր։ Երբ ինքզինք այս հանգամանքով ներկայացուց մարդոց, ան հռովմէական ժամանակներու յաղթական զօրավարներուն նման չըրաւ։ Անոնց ի պատիւ հսկայ շքերթներ, թափօրներ կը կատարուէին եւ անոնք ճերմակ ձիերու, կամ նոյնիսկ փիղերու, առիւծներու կամ վագրերու կողմէ քաշուած, ոսկիով ու փղոսկրով զարդարուած կառքերու մէջ նստած կը տարուէին։ Շքերթին մէջ երաժիշտներ կ’ըլլային, որոնք յաղթանակի երգեր կ’երգէին. անոնց կ’ընկերակցէին պատերազմի տեսարաններ ներկայացնող ու աւարով բեռնաւորուած սայլեր։ Կ’ըլլային նաեւ գերի առնուած թագաւորներ, իշխաններ եւ զօրավարներ, իրենց ընտանիքներով, զանոնք նուաստացնելու համար՝ յաճախ մերկացուած։ Այս բոլորը, օդը հպարտութեան ու գոռոզութեան տրամադրութեամբ կը լեցնէին։
20 Ասիկա հակադրեցէք ինքզինք ներկայացնելու Յիսուսի կերպին հետ։ Ան խոնարհութեամբ կատարեց այն մարգարէութիւնը որ իրեն համար կը նախագուշակէր. «Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ»։ Ան խոնարհօրէն բեռնակիր անասունի մը վրայ նստաւ, եւ ոչ թէ շքերթի մը հոյակապ անասուններու կողմէ քաշուած կառքի մը մէջ։ (Զաքարեայ 9։9. Մատթէոս 21։4, 5) Նոր աշխարհին մէջ, խոնարհ մարդիկ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան Յիսուսը ունենալով որպէս Եհովայի նշանակած Թագաւորը համայն երկրին համար, մէկը՝ որ խոնար, հեզ, սիրալիր, կարեկից եւ գթած է։—Եսայեայ 9։6, 7. Փիլիպպեցիս 2։5-8
21. Խոնարհութիւնը ի՞նչ բան ցոյց չի տար։
21 Իրողութիւնը այն է թէ Յիսուս, Պետրոս, Պօղոս եւ Աստուածաշունչի ժամանակներու հաւատքի տէր ուրիշ այրեր ու կիներ խոնարհ էին. ուրեմն ասիկա կը վանէ այն գաղափարը թէ խոնարհութիւնը տկարութիւն է։ Ընդհակառակը, անիկա նկարագրի զօրութիւն ցոյց կու տայ, քանի որ անոնք քաջ եւ նախանձախնդիր էին։ Մտային եւ բարոյական մեծ զօրութեամբ, անոնք խիստ փորձութիւններու տոկացին։ (Եբրայեցիս՝ գլուխ 11) Իսկ ներկայիս, երբ Եհովայի ծառաները խոնարհ են, անոնք նոյնանման զօրութիւն ունին, քանի որ Աստուած իր հզօր սուրբ հոգիին միջոցաւ նեցուկ կը կանգնի խոնարհներուն։ Անոր համար մեզի հետեւեալ յորդորը կը տրուի. «Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ»։—Ա. Պետրոս 5։5, 6. Բ. Կորնթացիս 4։7
22. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսինք։
22 Խոնարհութեան ուրիշ դրական մէկ երեսակն ալ կայ, որ Աստուծոյ ծառաները պէտք է գործադրեն։ Անիկա ժողովքին մէջ սէր եւ համագործակցութիւն կերտելու մեծապէս կը նպաստէ։ Արդարեւ, անիկա խոնարհութեան անհրաժեշտ մէկ բաղադրատարրն է։ Ասոր մասին պիտի խօսինք յաջորդ յօդուածին մէջ։
Վերաքաղի Համար
◻ Նկարագրեցէք այս աշխարհին մէջ տիրական եղող հոգին։
◻ Եհովա ի՞նչպէս կը հաճի խոնարհներուն։
◻ Ինչո՞ւ խոնարհութիւն պէտք է սորվիլ։
◻ Աստուածաշունչէն քանի մը օրինակներ յիշեցէք, որոնք խոնարհութիւն ցոյց տուին։
[Նկար՝ էջ 25]
Հրեշտակը Յովհաննէսին ըսաւ. ‘Մի՛ ըներ. ես ծառայակիցդ եմ’