-
Թագաւորը իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կը զտէԱստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
-
-
1-3. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ տաճարը պղծուած գտաւ։
ՅԻՍՈՒՍ Երուսաղէմի տաճարին հանդէպ խոր յարգանք ունէր, քանի որ գիտէր թէ ատիկա ի՛նչ կը ներկայացնէր։ Երկար տարիներ տաճարը ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոնն էր երկրի վրայ։ Բայց սուրբ Աստուծոյն՝ Եհովայի պաշտամունքը պէտք է մաքուր եւ անարատ ըլլայ։ Երեւակայէ որ Յիսուս ինչպէ՛ս զգաց երբ Ք.Ե. 33–ի նիսան 10–ին տաճար եկաւ եւ զայն պղծուած գտաւ։ Հոն ի՞նչ կը պատահէր (կարդա՛ Մատթէոս 21։12, 13)։
2 Հեթանոսներու գաւիթին մէջ ագահ վաճառականներն ու ստակ փոխողները դրամ կը կորզէին Եհովայի երկրպագուներէն, որոնք տաճար կու գային Անոր զոհեր մատուցանելուa։ Յիսուս «դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղանները. . . կործանեց» (համեմատէ՛ Նէեմիա 13։7-9)։ Ան խստօրէն պախարակեց այդ շահամոլ մարդիկը, որոնք իր Հօր տունը «աւազակներու այր» դարձուցեր էին։ Այսպիսով, Յիսուս յարգանք ցուցաբերեց տաճարին եւ հոն մատուցուած պաշտամունքին հանդէպ։ Իր Հօր պաշտամունքը պէտք էր մաքո՛ւր մնար։
-
-
Թագաւորը իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կը զտէԱստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
-
-
a Երուսաղէմ այցելող հրեաները պէտք էր որոշ դրամ գործածէին՝ տաճարին տարեկան տուրքը վճարելու։ Ստակ փոխողները դրամափոխութեան համար գումար կը պահանջէին։ Ասկէ զատ, թերեւս այցելուները հոնկէ անասուններ գնէին, որ զոհեր մատուցանէին։ Յիսուս վաճառականները «աւազակներ» կոչեց, հաւանաբար քանի որ շատ սուղ գիներ կը դնէին իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար։
-