Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 3-9
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 12-14
«Ուխտ մը որ քեզի կ’ազդէ»
(Ծննդոց 12։1, 2) Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ 2 Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս»։
դհ17.3 14 ¶5
«Դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես»
Եփրատ գետը կտրելէ ետք (շատ հաւանաբար Ք.Ա. 14 նիսան 1943–ին), անոնք հարաւ երթալով մտան այն երկիրը որ Եհովան իրենց խոստացած էր (Ելից 12։40, 41)։ Երեւակայէ Սառան ինչպէս աջ–ձախ կը նայի եւ կը հիանայ երկրին գեղեցկութեան, տեսակաւոր ըլլալուն եւ աղուոր օդին վրայ։ Մօրէի կաղնիին քով, Սիւքէմի մօտ, Եհովան նորէն երեւցաւ Աբրահամին ու ըսաւ. «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը»։ «Սերունդ» բառը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար Աբրահամին համար։ Ատիկա վստահաբար Աբրահամին միտքը բերաւ Եդեմի պարտէզը, ուր Եհովան մարգարէացած էր որ օր մը սերունդ մը պիտի կործանէր Սատանան։ Եհովան արդէն իսկ ըսած էր իրեն, որ իր սերունդին միջոցաւ պիտի օրհնուէին երկրի բոլոր ազգերը (Ծննդոց 3։15. 12։2, 3, 6, 7)։
Թագաւորութեան հանդէպ անխախտ հաւատք ունեցիր
9 Սատանային դէմ դատավճիռ արձակելէ շուրջ երկու հազար տարի ետք, Եհովան Աբրահամ նահապետին պատուիրեց որ Ուր քաղաքը ձգէ եւ Քանանի երկիրը երթայ (Գործք 7։2, 3)։ Եհովա իրեն ըսաւ. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին» (Ծն. 12։1-3)։ Ասիկա առաջին արձանագրութիւնն է Աբրահամական ուխտին,– այն ուխտը որ Եհովա Աստուած Աբրահամի հետ ըրաւ։ Չենք գիտեր թէ Եհովան ճիշդ ե՛րբ է որ Աբրահամին հետ առաջին անգամ ըլլալով այս ուխտը ըրաւ։ Սակայն, անիկա Ք.Ա. 1943–ին ի զօրու դարձաւ, երբ 75 տարեկան Աբրահամ Խառանը ձգեց եւ Եփրատ գետը կտրեց։
(Ծննդոց 12։3) Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին։
w89 7/1 3 ¶4
Ինչո՞ւ պէտք է Աբրահամին մասին ճշմարտութիւնը գիտնաս
Եհովան Աբրահամին հիանալի խոստում մը տուաւ եւ զայն կրկնեց առնուազն երկու ուրիշ առիթներով (Ծն. 18։18. 22։18)։ Այս խոստումը կատարելու համար, Աստուած նոյնիսկ յարութիւն պիտի տայ անհատներու, որոնք կը պատկանին գոյութենէ դադրած ազգերու։ Երբ անոնք յարութիւն առնեն, իրենց կեանքը իրապէս օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ, քանի որ այնպիսի վիճակներու մէջ պիտի ապրին, որոնք կը նմանին կորսուած Դրախտին վիճակներուն։ Ատկէ ետք անոնք պիտի սորվին, որ ինչպէ՛ս կրնան յաւիտենական կեանքը ստանալ (Ծն. 2։8, 9, 15-17. 3։17-23)։
(Ծննդոց 13։14-17) Եւ Տէրը Աբրամին ըսաւ՝ Ղովտին զատուելէն ետքը. «Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ դէպի հիւսիս ու հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ. 15 վասն զի այդ բոլոր երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան։ 16 Եւ քու սերունդդ երկրի փոշիին պէս անթիւ պիտի ընեմ, այնպէս որ եթէ մէկը երկրի փոշին կարենայ համրել, քու սերունդդ ալ համրէ։ 17 Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։
it-2 213 ¶3
Օրէնք
Կարգ մը ուսումնականներ պատմական փաստերու հիման վրայ կը կարծեն, որ անցեալին՝ երբ արտ մը պիտի ծախուէր մէկու մը, բարձր տեղէ մը անոր ցոյց կը տրուէր արտին ճշգրիտ սահմանները։ Երբ գնողը ըսէր՝ «Կը տեսնեմ», ասիկա կը նշանակէր որ ան օրինական գետնի վրայ ընդունեց զայն։ Երբ Եհովան խոստացաւ Աբրահամին Քանանի երկիրը տալ, նախ իրմէ խնդրեց որ երկրին չորս կողմը նայի։ Աբրահամ չըսաւ՝ «Կը տեսնեմ», թերեւս քանի որ Աստուած ըսաւ որ զայն իր սերունդին պիտի տայ՝ յետագային (Ծն. 13։14, 15)։ Մովսէսին՝ իսրայէլ ազգին օրինական ներկայացուցիչին՝ ըսուեցաւ որ երկիրը «տեսնէ» (ՆԱ)։ Եթէ ուսումնականներուն տեսակէտը ճիշդ է, ուրեմն այսպիսով երկիրը օրինական գետնի վրայ փոխանցուած եղաւ իսրայէլ ազգին, որպէսզի Յեսուին առաջնորդութեան ներքեւ զայն գրաւէին (Բ. Օր. 3։27, 28. 34։4. նաեւ նկատի առ Մատ. 4։8–ին մէջ Սատանային ըրած առաջարկը Յիսուսին)։ Ուրիշ բան մըն ալ կար որ օրինական համ ունէր. արտին տարածքին շրջիլը, որպէսզի անհատը ատոր տիրանար (Ծն. 13։17. 28։13)։ Կարգ մը հին փաստաթուղթերու մէջ նաեւ կը նշուէր, որ ծախուած հողերուն վրայ որքա՛ն ծառ կար (համեմատէ՛ Ծն. 23։17, 18)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ծննդոց 13։8, 9) Աբրամ ըսաւ Ղովտին. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։ 9 Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինձմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ»։
Բախումները սէրէ մղուած լուծէ
12 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՛ս կրնան խաղաղութիւնը պահել, երբ անհամաձայնութիւններ ըլլան։ Օրինակ՝ թէ՛ Աբրահամ եւ թէ իր եղբօրորդին՝ Ղովտ, շատ անասուններ ունէին, եւ իրենց հովիւները սկսան իրարու հետ վիճիլ, քանի որ երկիրը բաւարար չէր որ նոյն տեղը բնակէին։ Որովհետեւ Աբրահամ կ’ուզէր խաղաղութիւն ընել, Ղովտէն խնդրեց որ ի՛նք նախ զատէր ուր որ կ’ուզէր բնակիլ (Ծն. 13։1, 2, 5-9)։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։ Աբրահամ իր շահը չէր փնտռեր, հապա խաղաղութեան ետեւէ էր։ Լաւ, Աբրահամ մնայուն վնասով ելա՞ւ իր առատաձեռնութեան պատճառաւ։ Բնա՛ւ։ Այս դէպքէն անմիջապէս ետք, Աստուած Աբրահամին շատ օրհնութիւններ խոստացաւ (Ծն. 13։14-17)։ Ուրեմն, երբ անհամաձայնութիւնները սիրով լուծենք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ, նոյնիսկ եթէ որոշ չափով վնաս կրենք։
(Ծննդոց 14։18-20) Եւ Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի հանեց ու անիկա Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր։ 19 Եւ օրհնեց Աբրամը ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ, երկնքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէն։ 20 Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Աբրամ ամենէն տասանորդ տուաւ անոր։
(Եբրայեցիս 7։4-10) Արդ՝ նայեցէ՛ք թէ որչա՜փ մեծ մէկն էր անիկա, որուն Աբրահամ նահապետն ալ տասանորդ տուաւ աւարէն։ 5 Ղեւիին որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կ’առնեն, պատուէր ունին որ ժողովուրդէն տասանորդ առնեն օրէնքին համեմատ, այսինքն իրենց եղբայրներէն. թէպէտեւ անոնք Աբրահամին երանքէն ելեր են. 6 բայց անիկա, որուն ազգահամարը անոնցմէ չէր, Աբրահամէն տասանորդ առաւ ու օրհնեց զանիկա՝ որ խոստումներ առած էր։ 7 Սակայն անհակառակելի բան մըն է, որ պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի։ 8 Հոս՝ մահկանացու մարդիկ տասանորդ կ’առնեն, բայց հոն՝ անիկա կ’առնէ, որուն համար վկայուած է թէ կենդանի է։ 9 Կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւին ալ, որ տասանորդ կ’առնէ, Աբրահամին ձեռքով տասանորդ տուաւ. 10 վասն զի տակաւին իր հօրը երանքն էր, երբ Մելքիսեդեկ զանիկա դիմաւորեց։
it-1 1113 ¶5
Քահանայապետ
Հետեւեալ կէտն ալ ցոյց կու տայ Քրիստոսին քահանայապետութեան գերազանց ըլլալը։ Ղեւին, որմէ յառաջացաւ հրէական քահանայութիւնը, տասանորդ տուած եղաւ Մելքիսեդեկին, քանի որ Ղեւին դեռ Աբրահամին երանքին մէջն էր, երբ Աբրահամ տասանորդ տուաւ Սաղէմի թագաւոր–քահանայ Մելքիսեդեկին։ Այսպիսով, Ղեւին օրհնուած եղաւ Մելքիսեդեկին կողմէ, եւ սկզբունքը այն է, որ «պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի» (Եբ. 7։4-10)։ Պօղոս առաքեալ նաեւ Մելքիսեդեկին մասին կ’ըսէ. «Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը»։ Ան ուշադրութեան կը յանձնէ որ Մելքիսեդեկ կը ներկայացնէ յաւիտենական քահանայութիւնը Յիսուս Քրիստոսին, որ «անվախճան կեանքի» յարութիւն առաւ (Եբ. 7։3, 15-17)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 102
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԱՒԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ ՆՍՏԱԾ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՄՏՆԷ
ՄԱՏԹԷՈՍ 21։1-11, 14-17 ՄԱՐԿՈՍ 11։1-11 ՂՈՒԿԱՍ 19։29-44 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 12։12-19
• ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԿԸ ՄՏՆԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
• ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱՅ
Յաջորդ օրը, կիրակի, նիսան 9–ին, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’ուղղուի։ Մինչ կը մօտենան Բեթփագէի, որ Ձիթենեաց լերան վրայ կը գտնուի, Յիսուս երկու աշակերտներու կ’ըսէ.
«Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։ Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ» (Մատթէոս 21։2, 3)։
Աշակերտները չեն անդրադառնար, որ Յիսուսին տուած ուղղութիւնները կապ ունին աստուածաշնչական մարգարէութեան մը հետ։ Բայց ետքը անոնք կը հասկնան Զաքարիայի մարգարէութեան կատարումը։ Զաքարիան մարգարէացած էր, որ Աստուծոյ խոստացած Թագաւորը ‘հեզ էր. . . եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ հեծած’ Երուսաղէմ պիտի մտնէր (Զաքարիա 9։9)։
Երբ աշակերտները Բեթփագէ կու գան եւ կ’առնեն աւանակն ու անոր մայրը, հոն կայնողներէն ոմանք կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը» (Մարկոս 11։5)։ Բայց երբ անոնք կը լսեն որ էշն ու անոր ձագը Տէրոջ համար են, թոյլ կու տան աշակերտներուն որ ատոնք Յիսուսին տանին։ Աշակերտները իրենց հանդերձները իշուն ու աւանակին վրայ կը դնեն։ Բայց Յիսուս կը նստի աւանակին վրայ։
Մինչ Յիսուս Երուսաղէմի կը մօտենայ, հաւաքուած մարդոց թիւը կ’աւելնայ։ Շատեր իրենց հանդերձները գետինը կը փռեն, իսկ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրեն եւ ճամբուն վրայ կը տարածեն։ Անոնք բարձր ձայնով կ’ըսեն. «Ովսա՛ննա. օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ» (Մարկոս 11։8-10)։ Ասիկա լսելով՝ փարիսեցիները կը ջղայնանան եւ Յիսուսին կ’ըսեն. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն» (Ղուկաս 19։39, 40)։
Իսկ Երուսաղէմին նայելով, Յիսուս կու լայ եւ կ’ըսէ. «Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ»։ Երուսաղէմը սուղ գին պիտի վճարէ իր դիտումնաւոր անհնազանդութեան համար։ Յիսուս կը մարգարէանայ. «Թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ» (Ղուկաս 19։42-44)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս կը մարգարէանայ, Երուսաղէմը կը կործանի Ք.Ե. 70–ին։
Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ ‘բոլոր քաղաքը կը շարժի ու կ’ըսէ. «Ո՞վ է աս»’։ Եւ բազմութիւնը կ’ըսէ. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն» (Մատթէոս 21։10, 11)։ Իսկ անոնք՝ որոնք Ղազարոսին յարութեան ականատես եղած էին, ուրիշներուն կը պատմեն այդ հրաշքին մասին։ Փարիսեցիները կը սկսին իրարու գանգատիլ, քանի որ կը տեսնեն որ իրենց ջանքերը անօգուտ են։ Անոնք իրարու կ’ըսեն. «Բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց» (Յովհաննէս 12։18, 19)։
Իր սովորութեանը պէս, Յիսուս տաճար կ’երթայ սորվեցնելու։ Հոն կոյրեր ու կաղեր կը բժշկէ։ Երբ քահանայապետները եւ դպիրները Յիսուսին ըրածները կը տեսնեն եւ կը լսեն տղաքը, որոնք կ’ըսեն՝ «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», կը բարկանան։ Անոնք Յիսուսին կը հարցնեն. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Ան կը պատասխանէ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’» (Մատթէոս 21։15, 16)։
Տաճարին մէջ, Յիսուս ուշի–ուշով իր շուրջը կը դիտէ։ Հիմա ժամը ուշ ըլլալով, ան իր առաքեալներուն հետ կը մեկնի։ Նիսան 10–ն սկսելէ առաջ, ան ետ Բեթանիա կ’երթայ եւ կիրակի գիշերը հոն կ’անցընէ։
◇ Յիսուս ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Երուսաղէմ կը մտնէ որպէս Թագաւոր։
◇ Երուսաղէմին նայելով՝ Յիսուս ի՞նչ կը զգայ եւ ի՞նչ կը մարգարէանայ։
◇ Ի՞նչ կը պատահի երբ Յիսուս տաճար կ’երթայ։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 10-16
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 15-17
«Եհովան ինչո՞ւ ուրիշ անուններ տուաւ Աբրամին եւ Սարային»
(Ծննդոց 15։6) Աբրամ հաւատաց Տէրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ։
Եհովայի արդարութիւնով հրճուեցէք
15 Ասկէ զատ, մարդու արդարութիւնը սերտօրէն առնչուած է սրտին մէջ եղածին հետ՝ անհատին հաւատքը եւ գնահատութիւնն ու սէրը Եհովայի եւ Իր խոստումներուն հանդէպ, եւ ո՛չ թէ միայն Աստուծոյ պահանջածը կատարելուն հետ։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն թէ Աբրահամ «հաւատաց Տէրոջը, որը [իրեն] արդարութիւն սեպուեցաւ»։ (Ծննդոց 15։6) Աբրահամ ո՛չ միայն Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատար, այլ նաեւ՝ «սերունդին» առնչութեամբ Իր խոստումին։ (Ծննդոց 3։15. 12։2. 15։5. 22։18) Այսպիսի հաւատքի մը եւ անոր ընկերակցող գործերու հիման վրայ, Եհովա կրնար Աբրահամի եւ այլ հաւատարիմներու հետ յարաբերիլ եւ զանոնք օրհնել, թէեւ անկատար էին։—Սաղմոս 36։10. Հռովմայեցիս 4։20-22
(Ծննդոց 17։3-5) Աբրամ իր երեսին վրայ ինկաւ ու Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. 4 ահա իմ ուխտս քեզի հետ է։ Ազգերու բազմութեան հայր պիտի ըլլաս 5 ու այսուհետեւ քու անունդ Աբրամ չըսուի, հապա քու անունդ Աբրահամ թող ըլլայ. վասն զի քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի։
Աստուծոյ կողմէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ
Եհովան անգամ մը եւս խոստացաւ իր բարեկամին՝ Աբրահամին, թէ իր սերունդը պիտի շատցնէ։ Աստուած նաեւ անոր անունը փոխեց։ Մինչեւ այդ օրը, ան ճանչցուած էր Աբրամ անունով, բայց Եհովան զինք կոչեց Աբրահամ, որ կը նշանակէ՝ «հայր բազմութեան»։ Եւ այժմ առաջին անգամ ըլլալով Եհովան ցուցուց, թէ Սառային դերը ի՛նչ պիտի ըլլար։ Մինչեւ այդ օրը անոր անունը Սարա էր, որ թերեւս կը նշանակէր՝ «վիճասէր», բայց Աստուած զինք կոչեց Սառա, որ բոլորիս ծանօթ է։ Ի՞նչ կը նշանակէ Սառա։ «Իշխանուհի»։ Եհովան բացատրեց որ ինչո՛ւ այդ անունը զատած էր այս սիրելի կնոջ. «Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ» (Ծննդոց 17։5, 15, 16)։
(Ծննդոց 17։15, 16) Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Քու կնոջդ Սարային անունը Սարա մի՛ կանչեր, հապա անոր անունը Սառա թող ըլլայ։ 16 Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։
Աստուծոյ կողմէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ
Եհովան անգամ մը եւս խոստացաւ իր բարեկամին՝ Աբրահամին, թէ իր սերունդը պիտի շատցնէ։ Աստուած նաեւ անոր անունը փոխեց։ Մինչեւ այդ օրը, ան ճանչցուած էր Աբրամ անունով, բայց Եհովան զինք կոչեց Աբրահամ, որ կը նշանակէ՝ «հայր բազմութեան»։ Եւ այժմ առաջին անգամ ըլլալով Եհովան ցուցուց, թէ Սառային դերը ի՛նչ պիտի ըլլար։ Մինչեւ այդ օրը անոր անունը Սարա էր, որ թերեւս կը նշանակէր՝ «վիճասէր», բայց Աստուած զինք կոչեց Սառա, որ բոլորիս ծանօթ է։ Ի՞նչ կը նշանակէ Սառա։ «Իշխանուհի»։ Եհովան բացատրեց որ ինչո՛ւ այդ անունը զատած էր այս սիրելի կնոջ. «Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ» (Ծննդոց 17։5, 15, 16)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ծննդոց 15։13, 14) Եւ Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Ստոյգ գիտցիր որ քու սերունդդ իրենցը չեղած երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլան եւ ծառայութիւն պիտի ընեն ու հոն չորս հարիւր տարի պիտի չարչարուին։ 14 Բայց այն ազգը որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ եւ անկէ ետքը շատ ստացուածքով պիտի ելլեն»։
Ինչո՞ւ պէտք է ‘արթուն կենանք’
Եհովային տուած մարգարէութիւնները միշտ ճի՛շդ ժամանակին կատարուած են։ Օրինակ՝ նկատի առ այն օրը որ իր ժողովուրդը ազատագրեց Եգիպտոսէն։ Ատիկա Ք.Ա. 1513–ի նիսան 14–ին էր։ Մովսէս յետագային այդ օրուան համար ըսաւ. «Չորս հարիւր երեսուն տարիներու վախճանին, այդ նոյն օրը Տէրոջ բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն դուրս ելան» (Ել. 12։40-42, ԱԾ)։ Այդ 430 տարիները սկսան Ք.Ա. 1943–ին, երբ Աբրահամին հետ Եհովայի ըրած ուխտը ի զօրու դարձաւ (Գաղ. 3։17, 18)։ Ատկէ ժամանակ մը ետք, Եհովան Աբրահամին ըսաւ. «Ստոյգ գիտցիր որ քու սերունդդ իրենցը չեղած երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլան եւ ծառայութիւն պիտի ընեն ու հոն չորս հարիւր տարի պիտի չարչարուին» (Ծն. 15։13. Գործք 7։6)։ Չարչարանքի այդ 400 տարիները սկսան Ք.Ա. 1913–ին, երբ Իսմայէլ սկսաւ գէշ կերպով վարուիլ Իսահակին հետ, եւ վերջացան Ք.Ա. 1513–ին, երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ելան (Ծն. 21։8-10. Գաղ. 4։22-29)։ Յստակ է որ Եհովան իր ժողովուրդը ազատագրելէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ որոշած էր ճիշդ օրը։
Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Բ. մաս
15։13—Աբրամի սերունդին նախագուշակուած 400 տարուան չարչարանքը ե՞րբ կատարուեցաւ։ Չարչարանքի այս ժամանակաշրջանը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 1913–ին, երբ Աբրահամի որդին՝ Իսահակ, շուրջ 5 տարեկանին կաթէն կտրուեցաւ, եւ իր 19 տարեկան կէս–եղբայրը՝ Իսմայէլ զինք ‘ծաղր ըրաւ’։ (Ծննդոց 21։8-14. Գաղատացիս 4։29) Անիկա վերջ գտաւ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, եգիպտական լուծէն Իսրայելացիներուն ազատագրումով։
(Ծննդոց 15։16) Եւ անոնք չորրորդ դարուն մէջ հոս պիտի դառնան. վասն զի Ամօրհացիներուն անօրէնութիւնը դեռ լեցուած չէ։
Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր
12։40—Իսրայելացիները քանի՞ տարի Եգիպտոսի մէջ բնակեցան։ Հոս յիշուած 430 տարիները կը պարփակեն այն ժամանակը որ Իսրայէլի որդիները անցուցին ‘Եգիպտացիներու երկրին եւ Քանանացիներու երկրին’ մէջ։ (Էջմիածին) Հ.Դ.Ա. 1943–ին, եօթանասունհինգ տարեկան Աբրահամ Եփրատ գետը կտրելով Քանան ուղղուեցաւ։ (Ծննդոց 12։4) Այդ ժամանակէն 215 տարի ետք, 130 տարեկան Յակոբ Եգիպտոս մտաւ։ (Ծննդոց 21։5. 25։26. 47։9) Ասիկա կը նշանակէ թէ անկէ ետք Իսրայելացիները Եգիպտոսի մէջ 215 տարի անցուցին։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 103
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ՄԱՔՐԷ
ՄԱՏԹԷՈՍ 21։12, 13, 18, 19 ՄԱՐԿՈՍ 11։12-18 ՂՈՒԿԱՍ 19։45-48 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 12։20-27
• ՅԻՍՈՒՍ ԹԶԵՆԻ ՄԸ Կ’ԱՆԻԾԷ ԵՒ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՄԱՔՐԷ
• ՅԻՍՈՒՍ ՊԷՏՔ Է ՄԵՌՆԻ, ՈՐ ՇԱՏԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔ ՏԱՅ
Երիքովէն գալէն ի վեր, Յիսուս եւ իր աշակերտները երեք գիշեր անցուցած են Բեթանիայի մէջ։ Հիմա, առտու կանուխ, երկուշաբթի, նիսան 10–ին, անոնք Երուսաղէմ կ’ուղղուին։ Յիսուս անօթի է։ Թզենի մը տեսնելով, անոր կը մօտենայ։ Անոր վրայ թուզ կա՞յ։
Հիմա մարտ ամսուն վերջերն է, եւ թուզին եղանակը յունիսին կը սկսի։ Բայց այս թզենիին տերեւները ժամանակէն առաջ ելած են։ Անոր համար Յիսուս կը մտածէ որ թերեւս կանխահաս թուզ գտնէ։ Բայց չի գտներ։ Տերեւները խաբէական տեսք տուած են ծառին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան» (Մարկոս 11։14)։ Անմիջապէս ծառը կը սկսի չորնալ։ Յաջորդ առտու այս դէպքին նշանակութիւնը յստակ պիտի դառնայ։
Շատ չանցած, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը հասնին։ Ան կ’երթայ տաճար, ուր երէկ՝ կէսօրէ ետք ամէն բան ուշի–ուշով աչքէ անցուց։ Իսկ այսօր ան կ’ընէ բան մը, որ երեք տարի առաջ, Ք.Ե. 30–ի Պասեքին ըրած էր (Յովհաննէս 2։14-16)։ Այս անգամ, ան դուրս կը հանէ անոնք՝ որոնք ‘տաճարին մէջ կը ծախեն ու կը գնեն’։ Ան նաեւ «ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները» կը կործանէ (Մարկոս 11։15)։ Ասկէ զատ, Յիսուս չի ձգեր որ մարդիկ քաղաքին մէկ կողմէն միւսը ապրանք տանելու համար տաճարին գաւիթէն անցնին՝ որպէս կտրուկ ճամբայ։
Յիսուս ինչո՞ւ լուրջ եւ վճռական քայլեր կ’առնէ այդ դրամափոխներուն եւ անասուն ծախողներուն դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’. բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք» (Մարկոս 11։17)։ Ան այս մարդիկը աւազակ կը կոչէ, քանի որ ժողովուրդին չափազանց բարձր գինով կը ծախեն այն անասունները, որոնք որպէս զոհ պիտի մատուցանուին։ Յիսուս անոնց ըրածը գողութիւն կը սեպէ։
Անշուշտ, քահանայապետները, դպիրներն ու ժողովուրդին գլխաւորները կը լսեն Յիսուսին ըրածը, եւ նորէն քայլեր կ’առնեն, որ զինք սպաննեն։ Բայց խնդիր մը կայ։ Անոնք չեն գիտեր Յիսուսը ինչպէ՛ս սպաննել, քանի որ անոր շուրջը միշտ շատ մարդ կայ։
Պասեքը տօնելու համար ոչ միայն հրեաներ եկած են, հապա նաեւ նորահաւատներ, այսինքն՝ հրեաներուն կրօնքը ընդունող մարդիկ։ Անոնց մէջ կան յոյներ, որոնք եկած են տօնին մասնակցելու եւ Աստուած պաշտելու։ Անոնք կը մօտենան Փիլիպպոսին,– թերեւս քանի որ յունական անուն ունի,– եւ կը խնդրեն Յիսուսը տեսնել։ Փիլիպպոս թերեւս վստահ չըլլալով, թէ ասիկա յարմար է կամ ոչ, Անդրէասին կարծիքը կ’առնէ։ Եւ երկուքը Յիսուսին քով կ’երթան, որ այնպէս կ’երեւի թէ դեռ տաճարն է։
Յիսուս գիտէ որ քանի մը օր ետք պիտի մեռնի, եւ հիմա ժամանակը չէ ուրիշներուն հետաքրքրասիրութեան գոհացում տալու կամ ժողովրդականութիւն փնտռելու։ Ան երկու առաքեալներուն կը պատասխանէ՝ օրինակ մը տալով. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’» (Յովհաննէս 12։23, 24)։
Ցորենի հատիկ մը թերեւս քիչ արժէք ունենայ։ Բայց եթէ հողին մէջ դրուի եւ «մեռնի» որպէս հատիկ, կրնայ ծլիլ եւ ժամանակի ընթացքին դառնալ հասկ՝ շատ հատիկներով։ Նոյնպէս, Յիսուս մէկ կատարեալ մարդ է։ Բայց մինչեւ մահ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալով, միջոցը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանք տալու շատերու, որոնք իրեն պէս անձնազոհ ոգի կը դրսեւորեն։ Անոր համար, Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա» (Յովհաննէս 12։25)։
Յիսուս իր կեդրոնացումը ուրիշներու վրայ դարձնելով՝ կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա» (Յովհաննէս 12։26)։ Ի՜նչ վարձատրութիւն։ Անոնք որոնք պատիւի կ’արժանանան Հօր կողմէ, Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի ընկերակիցները պիտի ըլլան։
Մտածելով այն չարչարանքին եւ ցաւալի մահուան մասին, որ իրեն կը սպասեն, Յիսուս կ’ըսէ. «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’»։ Բայց Յիսուս չ’ուզեր իր Հօր կամքը կատարելէն խոյս տալ։ Ան կ’աւելցնէ. «Բայց ես եկայ այս ժամուան համար» (Յովհաննէս 12։27)։ Յիսուս յօժար է ընելու ամէն ինչ որ Աստուած նպատակադրած է, մէջը ըլլալով իր կեանքը զոհել։
◇ Յիսուս ինչո՞ւ կ’ակնկալէ թուզ գտնել, հակառակ անոր որ թուզի եղանակը չէ։
◇ Ինչո՞ւ տեղին է որ Յիսուս տաճարին մէջ ծախողները «աւազակ»ներ կոչէ։
◇ Յիսուս ի՞նչ առումով ցորենի հատիկի կը նմանի, եւ ի՞նչ կը զգայ իր դիմագրաւելիք չարչարանքին ու մահուան նկատմամբ։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 17-23
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 18-19
«‘Բոլոր երկրի Դատաւորը’ կը կործանէ Սոդոմն ու Գոմորը»
(Ծննդոց 18։23-25) Եւ Աբրահամ մօտեցաւ ու ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես. 24 թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։ 25 Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։
«Բոլոր երկրի Դատաւորը» միշտ ճիշդը կ’ընէ
«ՄԻԹԷ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞» (Ծն. 18։25)։ Այս հարցումը հարցնելով, Աբրահամ ցուցուց թէ վստահ էր որ Եհովան լման արդարութեամբ պիտի դատէր Սոդոմն ու Գոմորը։ Աբրահամ համոզուած էր որ Եհովան ‘արդարը ամբարշտին հետ պիտի չմեռցնէր’։ Ան իր միտքին ծայրէն նոյնիսկ չէր անցըներ Աստուծոյ անարդար ըլլալը։ Շուրջ 400 տարի ետք, Եհովան ինքն իր մասին ըսաւ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. Օր. 31։19. 32։4)։
(Ծննդոց 18։32) Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ. թերեւս հոն տասը գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։
Երկայնմտութիւն. յոյս ունենալով տոկալ
Անշուշտ, Եհովան երկայնամիտ ըլլալու լաւագոյն օրինակն է (Բ. Պետ. 3։15)։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ պատմութիւններ կան, որոնք Եհովային երկայնմտութիւնը կը ցուցնեն (Նէ. 9։30. Եսա. 30։18)։ Կը յիշե՞ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս հակազդեց, երբ Աբրահամ շատ մը հարցումներ հարցուց Սոդոմի կործանումին մասին։ Նախ, Եհովան չմիջամտեց մինչ Աբրահամ կը խօսէր։ Ան համբերութեամբ մտիկ ըրաւ Աբրահամին հարցումները եւ մտահոգութիւնները։ Ետքը, Եհովան կրկնեց Աբրահամին մտահոգութիւնները, եւ այսպիսով փաստեց որ իրեն մտիկ ըրած էր։ Եհովան զինք վստահեցուց որ Սոդոմը պիտի չկործանէ եթէ նոյնիսկ միայն տասը արդարներ հոն գտնուին (Ծն. 18։22-33)։ Եհովան միշտ համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ եւ չափէ դուրս չի հակազդեր։
(Ծննդոց 19։24, 25) Այն ատեն Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ ու կրակ տեղաց Տէրոջը կողմանէ՝ երկնքէն։ 25 Այն քաղաքները ու բոլոր դաշտը եւ այն քաղաքներուն բոլոր բնակիչները ու երկրի վրայ բուսածը կորսնցուց։
Եհովա մեր գերիշխան Տէրն է
12 Կրնա՛նք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա շուտով իր գերիշխանութիւնը պիտի հաստատէ։ Ան չարութիւնը անվերջօրէն պիտի չհանդուրժէ, եւ գիտենք թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Եհովա Ջրհեղեղով չարերուն դէմ քայլ առաւ։ Ան Սոդոմն ու Գոմորը եւ փարաւոնն ու իր զօրքերը կործանեց։ Սիսարա եւ իր բանակը ու Սենեքերիմ եւ իր ասորական զօրքերը ոչինչ էին Բարձրեալին առջեւ (Ծն. 7։1, 23. 19։24, 25. Ել. 14։30, 31. Դատ. 4։15, 16. Դ. Թագ. 19։35, 36)։ Հետեւաբար կրնա՛նք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա Աստուած իր անուան ուղղուած անարգանքը եւ իր Վկաներուն հանդէպ գէշ վերաբերմունքը առյաւէտ պիտի չհանդուրժէ։ Աւելին, այժմ Յիսուսի ներկայութեան նշանին եւ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանին ապացոյցը կը տեսնենք (Մատ. 24։3)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ծննդոց 18։1) Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստեր էր։
(Ծննդոց 18։22) Այն մարդիկը անկէ ելան ու դէպի Սոդոմ գացին։ Աբրահամ տակաւին Տէրոջը առջեւ կայներ էր։
դ88 8/1 9 ¶5-6
Ոեւէ Մէկը Աստուած Տեսա՞ծ Է
Հիմա կարելի է հասկնալ թէ ինչու Աբրահամ Աստուծոյ խօսնակը եղող նիւթականացած հրեշտակին հետ խօսեցաւ որպէս թէ ուղղակի Եհովա Աստուծոյ հետ կը խօսէր։ Քանի որ այդ հրեշտակը բառ առ բառ Աբրահամին ըսաւ ինչ որ Աստուած կ’ուզէր ըսել իրեն եւ անձնապէս Զինք ներկայացնելու համար հոն ներկայ էր, ուստի սուրբ գրային արձանագրութիւնը կրնար ըսել թէ «Տէրը [Եհովան] երեւցաւ Աբրահամին»։—Ծննդոց 18։1
Չմոռնանք որ Աստուծոյ հրեշտակային խօսնակը կրնար Իր պատգամները հաղորդել ճիշդ ինչպէս որ հեռաձայնը կամ ձայնասփիւռը կրնայ մեր խօսքերը փոխանցել ուրիշի մը։ Հետեւաբար կրնանք հասկնալ թէ ինչու Աբրահամ, Մովսէս, Մանուէ եւ ուրիշներ, նիւթականացած հրեշտակի մը հետ կը խօսէին որպէս թէ՝ Աստուծոյ հետ։ Թէեւ այսպիսի անհատներ կրնային տեսնել հրեշտակներ եւ անոնց միջոցաւ արտացոլող Եհովայի փառքը, բայց չէին կրնար Աստուած տեսնել։ Հետեւաբար, ասիկա ոչ մէկ կերպով կը հակասէ Յովհաննէս առաքեալի խօսքերը որ ըսաւ. «Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ»։ (Յովհաննու 1։18) Այդ մարդիկը ոչ թէ Աստուած տեսան, այլ՝ Աստուծոյ հրեշտակային ներկայացուցիչները։
(Ծննդոց 19։26) Բայց ետեւէն անոր կինը ետին նայեցաւ ու աղի արձան եղաւ։
Ուրիշներուն օգնէ, որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլեն
3 Ղովտ սխալ որոշում առաւ, երբ ընտրեց Սոդոմի չափազանց անբարոյ ժողովուրդին մէջ ապրիլ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։7, 8)։ Սոդոմի շրջանը բարգաւաճ էր, բայց հոն փոխադրուելով՝ Ղովտ շատ սուղ գին վճարեց (Ծն. 13։8-13. 14։12)։ Այնպէս կ’երեւի որ իր կինը ա՛յնքան կապուեցաւ Սոդոմ քաղաքին կամ հոն ապրող կարգ մը անհատներու, որ Եհովային անհնազանդ գտնուեցաւ։ Ան իր կեանքը կորսնցուց, երբ Աստուած կրակ ու ծծումբ տեղացուց շրջանին վրայ։ Եւ մտածէ Ղովտին երկու աղջիկներուն մասին. անոնց նշանածները Սոդոմի մէջ մեռան։ Ղովտ իր տունը, ստացուածքը եւ, ամէնէն ցաւալին, իր կինը կորսնցուց (Ծն. 19։12-14, 17, 26)։ Այս ճնշիչ հանգրուանին, արդեօք Եհովան Ղովտին հանդէպ համբերող ըլլալէ դադրեցա՞ւ։ Ո՛չ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 104
ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԱՅՆԸ ԼՍԵԼՈՎ՝ ՀԱՒԱՏՔ ՑՈՅՑ ՊԻՏԻ ՏԱ՞Ն
• ՇԱՏԵՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԱՅՆԸ ԿԸ ԼՍԵՆ
• ԴԱՏՈՒԵԼՈՒ ՀԻՄԸ
Երկուշաբթի՝ նիսան 10–ին, Յիսուս տաճարին մէջ կը խօսի իր մօտալուտ մահուան մասին։ Ան մտահոգ է, որ իր մահը ինչպէ՛ս պիտի ազդէ իր Հօր համբաւին։ Անոր համար կ’ըսէ. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Երկնքէն զօրաւոր ձայն մը կը պատասխանէ. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ» (Յովհաննէս 12։27, 28)։
Մօտակայ մարդիկը իրար կ’անցնին։ Ոմանք կը կարծեն որ որոտումի ձայն լսեցին։ Ուրիշներ կ’ըսեն. «Հրեշտակ խօսեցաւ իրեն հետ» (Յովհաննէս 12։29)։ Բայց իրականութեան մէջ, ատիկա Եհովայի՛ն ձայնն է։ Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին, ասիկա առաջին անգամը չէ որ մարդիկ Աստուծոյ ձայնը կը լսեն։
Երեքուկէս տարի առաջ, Յիսուսին մկրտութեան ժամանակ, Յովհաննէս Մկրտիչ լսեց ինչ որ Աստուած Յիսուսի մասին ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Յետագային, Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն ետք, Յիսուս Յակոբոսին, Յովհաննէսին եւ Պետրոսին առջեւ այլակերպեցաւ։ Այդ երեք տղամարդիկը լսեցին Աստուծոյ յայտարարութիւնը. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 3։17. 17։5)։ Բայց այս երրորդ անգամին, Եհովային ձայնը շատեր կը լսեն։
Յիսուս կ’ըսէ. «Այս ձայնը ինծի համար չեկաւ, հապա ձեզի համար» (Յովհաննէս 12։30)։ Ատիկա փաստ է որ իրապէս Աստուծոյ Որդին է եւ անոր խոստացած Մեսիան։
Ասկէ զատ, Յիսուս իր հաւատարիմ ընթացքով օրինակ է, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պէտք է ապրին, եւ կը հաստատէ թէ Բանսարկու Սատանան՝ այս աշխարհին իշխանը, բնաջնջման արժանի է։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա է այս աշխարհին դատաստանը, հիմա այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի»։ Յիսուսին մօտալուտ մահը պարտութիւն չէ, հապա յաղթանակ է։ Ինչպէ՞ս։ Ան կը բացատրէ. «Ես ալ երբ երկրէն բարձրանամ, ամէնքդ ալ ինծի պիտի քաշեմ» (Յովհաննէս 12։31, 32)։ Ցիցին վրայ մեռնելով, Յիսուս մարդիկը իրեն պիտի քաշէ՝ անոնց առջեւ յաւիտենական կեանքի դուռը բանալով։
Իսկ ներկաները Յիսուսին ‘բարձրանալուն’ նկատմամբ կ’ըսեն. «Մենք օրէնքէն լսեցինք թէ Քրիստոս յաւիտեան կը մնայ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ պէտք է Որդին մարդոյ բարձրանայ. ո՞վ է այդ Որդին մարդոյ» (Յովհաննէս 12։34)։ Այո, անոնց մեծամասնութիւնը չ’ընդունիր Յիսուսը որպէս ճշմարիտ Որդի մարդոյ՝ խոստացուած Մեսիան, հակառակ անոր որ շա՜տ փաստեր ունին եւ նոյնիսկ Աստուծոյ ձայնը լսեցին։
Ետքը Յիսուս իր մասին կը խօսի որպէս «լոյս», ինչպէս որ ասկէ առաջ խօսած էր (Յովհաննէս 8։12. 9։5)։ Ան մարդոց կ’ըսէ. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք, որ չըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի. . . Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք» (Յովհաննէս 12։35, 36)։ Ետքը, Յիսուս կը հեռանայ, քանի որ պէտք չէ մեռնի այդ օրը՝ նիսան 10–ին։ Ան նիսան 14–ի Պասեքին է որ պիտի ‘բարձրանայ’, ցիցին վրայ գամուելով (Գաղատացիս 3։13)։
Յիսուսին ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, հրեաները իրեն չհաւատացին։ Ասիկա մարգարէացուած էր։ Եսային ըսած էր որ ժողովուրդին աչքերը պիտի կուրնային եւ անոնց սիրտը այնքա՛ն պիտի կարծրանար, որ դարձի պիտի չգային ու պիտի չբժշկուէին (Եսայի 6։10. Յովհաննէս 12։40)։ Այո, հրեաներուն մեծամասնութիւնը յամառօրէն կ’անտեսէ բոլոր այն փաստերը, որոնք ցոյց կու տան թէ Յիսուսն է իրենց խոստացուած Ազատարարը՝ կեանքի տանող ճամբան։
Նիկոդէմոսը, արիմաթացի Յովսէփը եւ շատ մը ուրիշ իշխաններ «հաւատացին» Յիսուսին։ Բայց արդեօք անոնք իրենց հաւատքը գործերով ցոյց պիտի տա՞ն, թէ ոչ ետ պիտի քաշուին ատիկա ընելէ, քանի որ կը վախնան որ ժողովարանէն վռնտուին կամ քանի որ ‘մարդոց փառքը կը սիրեն’ (Յովհաննէս 12։42, 43)։
Յիսուս կը բացատրէ, որ իրեն հաւատալը ի՛նչ կը պարփակէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին. եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ»։ Այն ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուած Յիսուսին պատուիրած է սորվեցնել եւ որոնց մասին Յիսուս շարունակաբար կը քարոզէ, ա՛յնքան կարեւոր են, որ Յիսուս կ’ըսէ. «Ան, որ զիս կ’անարգէ եւ իմ խօսքերս չ’ընդունիր, կայ մէկը որ զանիկա պիտի դատէ. այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը» (Յովհաննէս 12։44, 45, 48)։
Ետքը Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ։ Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը յաւիտենական կեանք է» (Յովհաննէս 12։49, 50)։ Յիսուս գիտէ որ կարճ ժամանակ ետք, իր կեանքը պիտի զոհէ բոլոր անոնց համար՝ որոնք իրեն կը հաւատան (Հռովմայեցիս 5։8, 9)։
◇ Յիսուսին երկրային ծառայութեան ժամանակ, ո՞ր երեք առիթներով մարդիկ լսեցին Աստուծոյ ձայնը։
◇ Ո՞ր իշխանները Յիսուսին հաւատացին, բայց թերեւս ինչո՞ւ ատիկա բացէ ի բաց ցոյց չտուին։
◇ Ինչի՞ հիման վրայ մարդիկ պիտի դատուին «վերջին օրը»։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 24–ՄԱՐՏ 1
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 20-21
«Եհովան միշտ իր խոստումը կը կատարէ»
(Ծննդոց 21։1-3) Տէրը իր ըսածին պէս Սառային այցելեց եւ խոստացածին պէս ըրաւ Սառային։ 2 Սառա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ Աբրահամին՝ իր ծերութեան ատենը, այն նոյն ժամանակին, որ Աստուած ըսեր էր անոր։ 3 Եւ Աբրահամ իրեն ծնած, այսինքն Սառային իրեն ծնած, իր որդիին անունը Իսահակ դրաւ։
Աստուծոյ կողմէ «իշխանուհի» կոչուեցաւ
Արդեօք Սառան խնդաց, քանի որ հաւատքի պակա՞ս ունէր։ Անշուշտ ո՛չ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր» (Եբրայեցիս 11։11)։ Սառան կը ճանչնար Եհովան, եւ գիտէր թէ ան կրնա՛յ կատարել իր բոլոր խոստումները։ Մեզմէ ո՞վ պէտք չունի այսպիսի հաւատքի։ Լաւ կ’ըլլայ որ աւելի լաւ ճանչնանք Եհովան։ Այսպիսով, զօրաւոր հաւատք պիտի ունենանք, ճիշդ ինչպէս որ Սառան ունէր։ Եհովան իսկապէս հաւատարիմ է եւ իր բոլոր խոստումները կը կատարէ, ատեններ թերեւս նոյնիսկ գործածելով կերպեր, որոնք մեր բերանը բաց կը ձգեն կամ կը պատճառեն որ չհաւատալով խնդանք։
«ՍԱՌԱՅԻՆ. . . ՄՏԻԿ ԸՐԷ»
Վերջապէս, Սառան 90 տարեկանին ապրեցաւ այն վայրկեանը որ շատոնց կը սպասէր։ Ան տղայ մը ծնաւ իր սիրելի ամուսինին, որ այժմ հարիւր տարեկան էր։ Աբրահամ պզտիկին անունը Իսահակ դրաւ, այսինքն՝ «խնդութիւն», ճիշդ ինչպէս որ Աստուած ըսած էր։ Երեւակայէ Սառայի դէմքին վրայի ժպիտը եւ յոգնած ու փայլուն աչքերը, մինչ կ’ըսէ. «Աստուած զիս խնդացուց եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ» (Ծննդոց 21։6)։ Աստուծոյ կողմէ այս հրաշալի նուէրը վստահաբար ուրախացուց զինք մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Բայց ատիկա իրեն հետ պատասխանատուութիւններ ալ բերաւ Սառային։
Երբ Իսահակ հինգ տարեկան էր, ընտանիքը մեծ խնճոյք մը ըրաւ իր կաթէն կտրուելուն առիթով։ Բայց գէշ բան մը կար։ Սառան նկատեց թէ Հագարին 19 տարեկան տղան՝ Իսմայէլը սովորութիւն դարձուցած էր որ Իսահակը ծաղր ընէ։ Ան պարզապէս խաղով կատակ չէր ըներ։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ Իսմայէլին վարքը կոչեց հալածանք։ Սառան ըմբռնեց որ այս ծաղրանքը կրնար լրջօրէն վնասել իր տղուն։ Ան գիտէր թէ Իսահակը պարզապէս իր տղան չէր, հապա՝ անոր կարեւոր դեր մը նշանակուած էր Եհովային նպատակին մէջ։ Ասոր համար, ան քաջութիւն հաւաքեց եւ բացէ ի բաց խօսեցաւ Աբրահամին եւ խնդրեց, որ Հագարը եւ Իսմայէլը ղրկէ (Ծննդոց 21։8-10. Գաղատացիս 4։22, 23, 29)։
Աբրահամ ի՞նչ ըրաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Այս բանը Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ՝ իր որդիին պատճառով»։ Ան Իսմայէլին կապուած էր եւ իր հայրական զգացումները զինք կուրցուցած էին այս հարցին մէջ։ Բայց Եհովան յստակ կը տեսնէր հարցը եւ ասոր համար միջամտեց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուած ըսաւ Աբրահամին. ‘Տղուդ համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող քեզի դժուար չերեւնայ, Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ, քանզի Իսահակով քու սերունդդ պիտի կոչուի’»։ Եհովան Աբրահամին վստահեցուց որ Հագարն ու Իսմայէլը մէջտեղ պիտի չմնային։ Հաւատարիմ Աբրահամ հնազանդեցաւ (Ծննդոց 21։11-14)։
(Ծննդոց 21։5-7) Աբրահամ հարիւր տարեկան էր, երբ իր որդին Իսահակ ծնաւ իրեն։ 6 Սառա ըսաւ. «Աստուած զիս խնդացուց եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ»։ 7 Նաեւ ըսաւ. «Աբրահամին ո՞վ կ’ըսէր, թէ Սառան տղաքներ պիտի սնուցանէ. քանզի իր ծերութեան ատեն իրեն որդի ծնայ»։
(Ծննդոց 21։10-12) Ըսաւ Աբրահամին. «Վռնտէ՛ այս աղախինը ու անոր որդին. վասն զի այս աղախինին որդին իմ որդիիս Իսահակին հետ ժառանգորդ պէտք չէ ըլլայ»։ 11 Այս բանը Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ՝ իր որդիին պատճառով։ 12 Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Տղուդ համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող քեզի դժուար չերեւնայ, Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ, քանզի Իսահակով քու սերունդդ պիտի կոչուի»։
(Ծննդոց 21։14) Աբրահամ առտուն կանուխ ելաւ եւ հաց ու տիկ մը ջուր առաւ ու Հագարին տուաւ՝ անոր ուսին վրայ դնելով եւ տղան ալ տուաւ ու ղրկեց զանիկա։ Ան գնաց ու Բերսաբէէի անապատին մէջ անդին ասդին կը պտըտէր։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ծննդոց 20։12) Եւ ասկէ զատ իրաւցնէ իմ քոյրս է. հօրս աղջիկն է, բայց մօրս աղջիկը չըլլալուն՝ իմ կինս եղաւ։
դհ17.3 12, ստորանիշ
«Դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես»
Սառան Աբրահամին խորթ քոյրն էր։ Անոնց հայրը Թարան էր, բայց իրենց մայրերը տարբեր էին (Ծննդոց 20։12)։ Ճիշդ է որ այսպիսի ամուսնութիւն մը պատշաճ չէ մեր օրերուն, բայց կարեւոր է որ մտքերնիս պահենք, թէ այդ ատեն ամէն բան տարբեր էր։ Մարդիկ աւելի մօտ էին այն կատարելութեան, որ Ադամն ու Եւան ունէին բայց կորսնցուցին։ Յստակ է թէ երբ այդպիսի առողջ մարդոց մէջ մօտիկ ազգականներ իրարու հետ ամուսնանային, ծինային վտանգներ չէին ըլլար պզտիկներուն վրայ։ Բայց շուրջ 400 տարի ետք, երբ մարդիկ կ’ապրէին այնքան՝ որքան հիմա կ’ապրինք, Մովսիսական օրէնքը արգիլեց որ մօտիկ ազգականներ իրարու հետ ամուսնանան (Ղեւտացւոց 18։6)։
(Ծննդոց 21։33) Եւ Աբրահամ ծառեր տնկեց Բերսաբէէի մէջ ու հոն յաւիտենական Աստուծոյ, Եհովային անունը կանչեց։
դ01 8/15 19 ¶17
Աբրահամ՝ հաւատքի օրինակ մը
17 Աբրամ ո՛ւր որ գնաց, Եհովայի պաշտամունքը միշտ առաջնակարգ տեղը դրաւ։ «Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը չուեց ու իր վրանը բացաւ, Բեթէլը արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով եւ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց»։ (Ծննդոց 12։8) «Անունը կանչեց» Եբրայերէն արտայայտութիւնը նաեւ կը նշանակէ՝ «անունը յայտարարեց (քարոզեց)»։ Անկասկած, Աբրամ խիզախօրէն յայտարարեց Եհովայի անունը իր Քանանացի դրացիներուն մէջ։ (Ծննդոց 14։22-24) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ մեր պարտականութիւնը, ներկայիս կարելի եղածին չափ մեծ բաժին բերելու ‘իր անունը հանրապէս յայտարարելու’ մէջ։—Եբրայեցիս 13։15, ՆԱ. Հռովմայեցիս 10։10
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 105
ԹԶԵՆԻԻՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ
ՄԱՏԹԷՈՍ 21։19-27 ՄԱՐԿՈՍ 11։19-33 ՂՈՒԿԱՍ 20։1-8
• ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍ՝ ՉՈՐՑԱԾ ԹԶԵՆԻԷՆ
• ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ԿԸ ԴՐՈՒԻ
Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, Յիսուս Երուսաղէմէն ճամբայ կ’ելլէ դէպի Բեթանիա, որ Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի։ Ան հաւանաբար գիշերը կ’անցընէ իր ընկերներուն՝ Ղազարոսին, Մարիամին եւ Մարթային տան մէջ։
Հիմա նիսան 11–ի առտուն է։ Յիսուս եւ իր աշակերտները ճամբայ կ’ելլեն, որ ետ դառնան Երուսաղէմ, ուր ան վերջին անգամ ըլլալով տաճար պիտի երթայ։ Եւ այս օրը իր ծառայութեան վերջին օրն է։ Անկէ ետք, ան Պասեքը պիտի տօնէ, իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատէ, դատաքննութեան ենթարկուի եւ մահուան մատնուի։
Անոնք Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’ուղղուին՝ Ձիթենեաց լեռը կտրելով։ Ճամբան, Պետրոս կը նկատէ նախորդ առաւօտուն Յիսուսին անիծած թզենին, եւ կ’ըսէ. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է» (Մարկոս 11։21)։
Ինչո՞ւ Յիսուս ծառը չորցուց։ Ան պատճառը կու տայ իր պատասխանով. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք» (Մատթէոս 21։21, 22)։ Իր այս կէտը նոր գաղափար չէ։ Ան ասկէ առաջ ալ ըսած էր, որ հաւատքը կրնայ լեռ մը փոխադրել (Մատթէոս 17։19)։
Ծառը չորցնելով Յիսուս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է Աստուծոյ հաւատալ։ Ան կ’ըսէ. «Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի» (Մարկոս 11։24)։ Ասիկա ի՜նչ կարեւոր դաս է Յիսուսին բոլոր հետեւորդներուն համար, մանաւանդ՝ առաքեալներուն համար, որոնք մօտ օրէն դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւեն։ Բայց թզենիին չորնալուն եւ հաւատք ունենալուն միջեւ ուրիշ կապ մըն ալ կայ։
Այս թզենիին պէս, իսրայէլ ազգը խաբէական տեսք ունի։ Այս ազգին անդամները ուխտով փոխյարաբերութիւն ունին Աստուծոյ հետ, եւ դուրսէն այնպէս կ’երեւին, որ իր Օրէնքը կը պահեն։ Բայց ազգը ընդհանուր առմամբ ցոյց տուած է, որ հաւատք չունի եւ լաւ պտուղ չի տար։ Անոնք նոյնիսկ Աստուծոյ Որդին կը մերժեն։ Անպտուղ թզենին չորցնելով՝ Յիսուս ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այս անհաւատ եւ անպտղաբեր ազգին վախճանը։
Շատ չանցած, Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ կը մտնեն։ Իր սովորութեան պէս, Յիսուս տաճարը կ’երթայ եւ սորվեցնելու կը սկսի։ Քահանայապետները եւ ծերերը, հաւանաբար ի մտի ունենալով այն ինչ որ Յիսուս մէկ օր առաջ ըրաւ դրամափոխներուն, անոր կը հարցնեն. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես» (Մարկոս 11։28)։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։ Հիմա իր հակառակորդնե՛րը նեղ պարագայի կը մատնուին։ Անոնք իրարու միջեւ կ’ըսեն. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր. իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ». . . ։ Յստակ է որ անոնք ժողովուրդէն կը վախնային, քանի որ «ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր» (Մարկոս 11։29-32)։
Յիսուսին հակառակորդները չեն կրնար յարմար պատասխան մը գտնել, անոր համար կ’ըսեն. «Չենք գիտեր»։ Յիսուսն ալ կ’ըսէ. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները» (Մարկոս 11։33)։
◇ Նիսան 11–ը ինչո՞ւ կարեւոր օր է։
◇ Թզենին չորցնելով՝ Յիսուս ի՞նչ դասեր կը սորվեցնէ։
◇ Յիսուս ինչպէ՞ս կը պատասխանէ անոնց՝ որոնք իրեն կը հարցնեն, թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընէ բաներ։