Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 8/15 էջ 29-30
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յարութիւնը՝ քեզի ազդող ուսուցում
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • «Յոյս ունիմ առ Աստուած»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Յարութիւնը ստոյգ յոյս մըն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Յարութեան յոյսը զօրութիւն ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 8/15 էջ 29-30

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԷՆ

Յիսուս սադուկեցիներուն ըսաւ որ յարութիւն առնողները «ո՛չ կին պիտի առնեն եւ ո՛չ էրկան պիտի տրուին» (Ղուկ. 20։34-36)։ Արդեօք ան երկրայի՞ն յարութեան մասին կը խօսէր։

Այս հարցումը կարեւոր է, մանաւանդ անոնց համար, որոնք իրենց սիրելի կողակիցը կորսնցուցած են։ Այսպիսիներ թերեւս կը տենչան՝ նոր աշխարհին մէջ ամուսնութեամբ վերամիանալ իրենց յարուցեալ կողակիցներուն։ Այրի տղամարդ մը ըսաւ. «Ես ու կինս չորոշեցի՛նք մեր ամուսնութեան վերջ դնել։ Մեր սրտագին փափաքն էր պաշտամունքի մէջ յաւիտեան միացած մնալ որպէս այր ու կին։ Այդ զգացումները տակաւին ունիմ»։ Վաւերական պատճառ ունի՞նք յուսալու թէ յարուցեալները պիտի կարենան ամուսնանալ։ Պատասխանը այն է՝ թէ ստոյգ չենք կրնար ըսել։

Տարիներ շարունակ, մեր հրատարակութիւնները ըսած են, թէ յարութեան եւ ամուսնանալու մասին Յիսուսի խօսքերը շատ հաւանաբար երկրային յարութեան կ’ակնարկեն, եւ թէ բացայայտ է որ նոր աշխարհին մէջ յարուցեալները պիտի չամուսնանան (Մատ. 22։29, 30. Մար. 12։24, 25. Ղուկ. 20։34-36)a։ Մինչ չենք կրնար վճռական ըլլալ, կրնա՞յ ըլլալ որ Յիսուսի խօսքերը երկնային յարութեան կ’ակնարկեն։ Քննարկենք թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ։

Նկատի առ թէ այդ խօսքերը ի՛նչ առիթով ըսուեցան (կարդա՛ Ղուկաս 20։27-33)։ Սադուկեցիները, որոնք յարութեան չէին հաւատար, փորձեցին Յիսուսը ծուղակը ձգել, յարութեան եւ տագրամուսնութեան մասին հարցում մը ուղղելովb։ Յիսուս պատասխանեց. «Այս աշխարհին որդիները կին կ’առնեն ու էրկան կը տրուին։ Բայց անոնք որ արժանի պիտի ըլլան մեռելներէն յարութիւն առնելու ու այն աշխարհը հասնելու, ո՛չ կին պիտի առնեն եւ ո՛չ էրկան պիտի տրուին. որովհետեւ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. քանզի հրեշտակներուն հաւասար են ու Աստուծոյ որդիներ եւ յարութեան որդիներ են» (Ղուկ. 20։34-36)։

Ինչո՞ւ մեր հրատարակութիւնները ըսած են թէ Յիսուս հաւանաբար երկրային յարութեան մասին կը խօսէր։ Այս եզրակացութիւնը գլխաւորաբար հիմնուած է երկու պատճառներու վրայ։ Առաջին, կը կարծուի թէ սադուկեցիները շատ հաւանաբար երկրային յարութիւնը ի մտի ունէին եւ թէ Յիսուս ըստ այնմ անոնց պատասխանեց։ Երկրորդ, Յիսուս իր պատասխանը աւարտեց ակնարկելով Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի,– հաւատարիմ նահապետներ, որոնք երկրի վրայ պիտի յարուցանուին (Ղուկ. 20։37, 38)։

Այսուհանդերձ, կրնայ ըլլալ որ Յիսուս երկնային յարութիւնը ի մտի ունէր։ Ի՞նչ հիման վրայ կրնանք այս եզրակացութեան հասնիլ։ Նկատի առնենք երկու բանալի արտայայտութիւններ։

«Անոնք որ արժանի պիտի ըլլան մեռելներէն յարութիւն առնելու»։ Հաւատարիմ օծեալները ‘արժանացած են Աստուծոյ թագաւորութեան’ (Բ. Թես. 1։5, 11)։ Անոնք փրկանքին հիման վրայ՝ կեանք ունենալու համար արդարացած են. ուստի չեն մեռնիր որպէս դատապարտուած մեղաւորներ (Հռով. 5։1, 18. 8։1)։ Այսպիսիներ կը կոչուին «երանելի եւ սուրբ» ու երկնային յարութիւն առնելու արժանի կը սեպուին (Յայտ. 20։5, 6)։ Միւս կողմէ, երկրի վրայ յարութիւն առնողներուն մէջ պիտի ըլլան «մեղաւորներ»ը (Գործք 24։15)։ Անոնց մասին կրնա՞յ ըսուիլ թէ մեռելներէն յարութիւն առնելու «արժանի» են։

«Ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ»։ Յիսուս չըսաւ. «Ա՛լ պիտի չմեռնին»։ Փոխարէն ան ըսաւ. «Ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ»։ Օծեալները, որոնք իրենց երկրային ընթացքը հաւատարմութեամբ կ’աւարտեն, երկինք կ’երթան եւ անմահութիւն կը ստանան,– անվերջ ու անկործանելի կեանք (Ա. Կոր. 15։53, 54)։ Մահը այլեւս որեւէ իշխանութիւն չունի անոնց վրայ, որոնք երկնային յարութիւն կը ստանանc։

Հետեւաբար, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Հաւանական է որ ամուսնութեան ու յարութեան շուրջ Յիսուսի խօսքերը կը կիրարկուին երկնային յարութեան։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն իր խօսքերը երկնային յարութիւն առնողներուն մասին կարգ մը բաներ կը յայտնեն. անոնք չեն ամուսնանար, չեն կրնար մեռնիլ եւ կարգ մը մարզերու մէջ հրեշտակներու նման են,– հոգեղէն արարածներ՝ որոնք հոգեղէն ծիրին մէջ կը բնակին։ Սակայն այս եզրակացութիւնը կարգ մը հարցումներ կը յարուցանէ։

Առաջին, Յիսուս ինչո՞ւ երկնային յարութեան պիտի ակնարկէր՝ սադուկեցիներուն պատասխանելու ատեն, որոնք հաւանաբար երկրային յարութիւնը ի մտի ունէին։ Յիսուս իր հակառակորդներուն միշտ չպատասխանեց իրենց մտածումին համաձայն։ Օրինակ, Յիսուս իրմէ նշան պահանջող հրեաներուն ըսաւ. «Քակեցէ՛ք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնեմ»։ Ան գիտէր թէ անոնք տաճարի կառոյցին մասին կը մտածէին, «բայց ինք իր մարմնին տաճարին համար կ’ըսէր» (Յովհ. 2։18-21)։ Թերեւս Յիսուս հարկ չզգաց պատասխան տալու կեղծաւոր սադուկեցիներուն, որոնք ո՛չ յարութեան, ոչ ալ հրեշտակներու գոյութեան կը հաւատային (Առ. 23։9. Մատ. 7։6. Գործք 23։8)։ Փոխարէն, թերեւս ան ուզեց երկնային յարութեան մասին ճշմարտութիւններ յայտնել, իր անկեղծ աշակերտներուն յօգուտ, որոնք օր մը այսպիսի յարութիւն պիտի ստանային։

Երկրորդ, Յիսուս ինչո՞ւ իր քննարկութիւնը աւարտեց ակնարկելով Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի, որոնք երկրային յարութիւն պիտի ստանան (կարդա՛ Մատթէոս 22։31, 32)։ Նկատէ թէ Յիսուս նահապետներուն մասին իր խօսքը սկսաւ սա արտայայտութեամբ. «Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար»։ Այս արտայայտութիւնը կրնայ թոյլ տալ որ նիւթը փոխուի երկնային յարութենէն երկրային յարութեան։ Յիսուս գիտէր թէ սադուկեցիները Մովսէսի գրութիւնները կ’ընդունէին, ուստի ան այրող մորենիին քով Մովսէսի ուղղուած Եհովայի խօսքերը մէջբերեց։ Ան ուզեց սադուկեցիներուն փաստել, թէ երկրային յարութիւնը վստահաբար Աստուծոյ նպատակին մէկ մասն է (Ել. 3։1-6)։

Երրորդ, եթէ յարութեան եւ ամուսնութեան մասին Յիսուսի խօսքերը երկնային յարութեան կը կիրարկուին, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անոնք որոնք երկրային յարութիւն կ’առնեն, պիտի կարենան ամուսնանալ։ Աստուծոյ Խօսքը այս մասնայատուկ հարցումին ուղղակի պատասխան չի տար։ Եթէ Յիսուս երկնային յարութեան մասին կը խօսէր, ուրեմն իր խօսքերը որեւէ տեղեկութիւն չեն տար, թէ երկրային յարութիւն առնողները նոր աշխարհին մէջ պիտի կարենա՛ն ամուսնանալ թէ ոչ։

Մինչ այդ, գիտենք թէ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կ’ըսէ թէ մահը ամուսնութեան կապը կը խզէ։ Հետեւաբար, այրի տղամարդ մը կամ կին մը պէտք չէ յանցաւոր զգայ եթէ որոշէ վերամուսնանալ։ Ասիկա անձնական որոշում է, եւ այսպիսի անհատ մը պէտք չէ քննադատուի կողակիցի մը ջերմ ընկերակցութիւնը փնտռելուն համար (Հռով. 7։2, 3. Ա. Կոր. 7։39)։

Թերեւս նոր աշխարհին առնչութեամբ շատ հարցումներ ունինք։ Փոխանակ անհարկիօրէն այդ հարցումներուն պատասխանները ենթադրելու, մեզի կ’իյնայ սպասել ու տեսնել։ Բայց մէկ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ. հնազանդ մարդիկը երջանիկ պիտի ըլլան, քանի որ Եհովան իրենց բոլոր կարիքներն ու փափաքները լաւագոյն կերպով պիտի գոհացնէ (Սաղ. 145։16)։

a Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 1987 թիւը, էջ 30-31 (անգլերէնով)։

b Աստուածաշնչական ժամանակներուն, տագրամուսնութիւնը սովորութիւն մըն էր, որուն համաձայն մարդ մը իր մահացած եղբօր անզաւակ կնոջ հետ կ’ամուսնանար, որպէսզի սերունդ մէջտեղ բերէր՝ իր եղբօր շառաւիղը շարունակելու համար (Ծն. 38։8. Բ. Օր. 25։5, 6)։

c Անոնք որոնք երկրային յարութիւն կ’առնեն, յաւիտենական կեանք ստանալու հեռանկարը պիտի ունենան, եւ ոչ թէ անմահութիւն։ Անմահութեան եւ յաւիտենական կեանքի տարբերութիւնը գիտնալու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 ապրիլ 1984 թիւը, էջ 30-31 (անգլերէնով)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել