«Ահա, ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
1–4. (ա) Այս կողքին վրայ յայտնաբերուած ո՞ր երեսակներուն մասնակից կ’ուզէք ըլլալ։ (բ) Հոս ի՞նչ փառաւոր հեռանկար մը պարզուած է։ (գ) Այս յոյսին թիկունք կանգնող Սուրբ Գրային համարները ի՞նչ են։
ԱՅՍ գրքոյկի կողքին վրայ ցոյց տրուած երջանիկ մարդիկը կը տեսնէ՞ք։ Չէի՞ք ուզեր անոնցմէ մէկը ըլլալ։ Վստահաբար կ’ուզէիք։ Ահաւասիկ համայն մարդկութեան ցանկացած խաղաղութիւնն ու ներդաշնակութիւնը։ Ամէն ցեղէ մարդիկ—սեւ, ճերմակ, դեղին—մէկ ընտանիքի պէս միախառնուած են։ Ի՜նչ ուրախութիւն։ Ի՜նչ միութիւն։ Յայտնի է որ այս մարդիկը կորիզային շողարձակ անձրեւի, կամ ահաբեկչական սպառնալիքի մտատանջութիւնը չունին։ Այս սիրուն պարտէզին վերեւ տարածուող խաղաղ երկինքը, պատերազմական օդանաւերով ցնցուած չէ։ Այնտեղ զինուորներ, հրասայլեր, թնդանօթներ չկան։ Կարգապահութեան համար ոստիկանի գաւազանն իսկ անպէտ է։ Պատերազմ եւ ոճիր գոյութիւն իսկ չունին։ Բնակարանի պակաս չկայ, որովհետեւ ամէն մէկը իր սեփական տունը ունի։
2 Այդ մանուկներուն նայեցէք անգամ մը։ Անոնց խաղը դիտելն իսկ հաճելի է։ Ի՜նչ անասուններ, անոնց հետ խաղալու համար։ Այս պարտէզին մէջ երկաթէ ձողերու պէտք չկայ, որովհետեւ բոլոր անասունները մարդոց հետ եւ իրար հետ խաղաղութիւն կը վայելեն։ Նոյնիսկ առիւծն ու գառնուկը իրարու բարեկամ եղած են։ Նայեցէք գեղեցիկ գոյներով պճնուած եւ հոս հոն ճախրող թռչուններուն եւ լսեցէք անոնց գեղեցիկ դայլայլումը, որոնք մանուկներու ծիծաղին խառնուելով մթնոլորտը կը լեցնեն։ Վանդակներ չկա՞ն։ Ոչ, որովհետեւ այս վայրին մէջ ամէն բան ազատութիւն ու անարգել ուրախութիւն է։ Այդ ծաղիկներուն բուրմունքը հոտոտեցէք անգամ մը, առուակին կարկաչը լսեցէք, արեւուն հաճելի ջերմութիւնը զգացէք։ Իսկ, այդ կողովին մէջ եղած պտուղները, շա՜տ համեղ են. լաւագոյնը զոր երկիրը կրնայ արտադրել, այս փառաւոր պարտէզին մէջ գոյութիւն ունեցող մնացեալ բոլոր բաներուն պէս։
3 ‘Բայց վայրկեան մը, ո՞ւր են ծերերը’, կ’ըսէ մէկը։ ‘Այս երջանիկ ընկերութեան վայելքին անոնք ալ մասնակցելու չե՞ն’։ Արդարեւ ծերերը հոն են, բայց անոնք իրենց երիտասարդութեան կը վերադառնան։ Այս պարտէզին մէջ ծերութենէն մեռնող չըլլար։ Երիտասարդները չափահաս ըլլալէ ետք այլեւս չեն մեռնիր։ Քսան տարեկան ըլլան թէ՝ երկու հարիւր, այս պարտէզին մէջ ապրող միլիոնաւոր անձերէն ամէն մէկը մատղաշ կեանք կը վայելէ եւ կատարեալ առողջութեամբ կը հրճուի։ Այո, միլիոնաւորներ. որովհետեւ այս պարտէզը մինչեւ երկրի ծայրերը պիտի տարածուի։ Համայն երկիրը՝ Ֆաճիյամայէն մինչեւ Անտեանները, Հոնկ Գոնկէն մինչեւ Միջերկրականը՝ կեանքով, խաղաղութեամբ եւ գեղեցկութեամբ պիտի յորդի։ Որովհետեւ ամբողջ երկրագունդը դրախտային պարտէզի մը կը վերածուի։ Ատիկա աշխարհածաւալ կերպով վերահաստատուած Դրախտ մը պիտի ըլլայ։
4 ‘Անհաւատալի է’, կ’ըսէ՞ք։ Սակայն, նախ ասոնք փաստող իրողութիւնները նկատի առէք։ Ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար կարելի է ներկայ աշխարհին տագնապալի վախճանէն վերապրիլ եւ կողքի պատկերին մէջ ներկայացուած նոր աշխարհը մտնել։a
Դրախտը Բացատրող Գիրքը
5. (ա) Ո՞ր գիրքը կը բացատրէ այս բաները։ (բ) Ասիկա ի՞նչ կերպով աչքառու գիրք մըն է։
5 Այս բոլոր փառաւոր բաները եւ անոնց ստոյգ ըլլալը բացատրուած է գրքի մը մէջ, որ գրուած գրքերուն ամենէն սքանչելին է։ Այդ գիրքը Աստուածաշունչն է։ Ատիկա շատ հին գիրք մըն է, որուն կարգ մը մասերը գրուած են 3,500 տարիներ առաջ։ Միեւնոյն ատեն, ատիկա ամենէն արդիական գիրքն է, որ ներկայ կեանքին համար խոհեմ եւ գործնական խորհուրդներ կը ներկայացնէ։ Անոր մարգարէութիւնները ապագայի համար պայծառ յոյս կ’արթնցնեն։ Պատմութեան մէջ ամենէն շատ ծախուած գիրքն է ան. 2,000,000,000–է աւելի լման Աստուածաշունչը կամ անոր գլխաւոր մասերը տարածուած են աշխարհի ամէն կողմերը, 1,810 լեզուներով։
6. Աստուածաշունչը ուրիշ սրբազան գրութիւններէ զատորոշողը ի՞նչն է։
6 Ուրիշ ոչ մէկ սրբազան մատեան այսչափ տիեզերական շրջաբերութիւն ունեցած է, ոչ ալ անոր չափ հին է։ Մահմետականներու Քուրանին տարիքը 1,400–էն նուազ է։ Պուտտա եւ Կոնփիւկիոս, գրեթէ 2,500 տարի առաջ ապրած են, եւ անոնց գրութիւնները այդ ատենէն են։ Շինթոյի Գրութիւնները իրենց ներկայ ձեւով կազմուած էին, հազիւ 1,200 տարի առաջ։ Մորմոնի Գիրքը միայն 160 տարուան հնութիւն մը ունի։ Այս սրբազան գրքերէն ոչ մէկը կրնայ մարդկային պատմութիւնը 6,000 տարի ետ տանիլ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ընէ։ Սկզբնական կրօնքը հասկնալու համար ուրեմն, պէտք է Աստուածաշունչին երթանք։ Ան միակ գիրքն է որ ամբողջ մարդկութեան համար տիեզերական պատգամ մը ունի։
7. Խելացի մարդիկ Աստուածաշունչի մասին ի՞նչ ըսած են։
7 Ամէն ազգերէ ու ամէն դասակարքէ եղող խելացի անհատներ Աստուածաշունչի պատգամին իմաստութիւնն ու գեղեցկութիւնը ողջունած են։ Ձգողութեան օրէնքը գտնող համբաւաւոր գիտնական՝ Սըր Իսահակ Նեւտոն, ըսած է. «Ոչ մէկ գիտութիւն աւելի լաւ վկայութիւն ստացած է քան Աստուածաշունչը»։ Պատրիկ Հենրի, «Մահ կամ ազատութիւն տուէք ինծի» նշանաւոր խօսքը ըսող Ամերիկացի յեղափոխական առաջնորդն ալ յայտարարած է. «Աստուածաշունչը մինչեւ հիմա տպուած բոլոր գրքերէն արժէքաւոր է»։ Նոյնիսկ Հնդիկ մեծ իմաստունը՝ Մուհէնտաս [Մեծահոգի] Գ. Կանտի, անգամ մը Հնդկաստանի Բրիտանացի փոխարքային ըսած է. «Երբոր ձեր հայրենիքն ու իմս, միատեղ Քրիստոսի Լերան Քարոզին մէջ տուած ուսուցումներուն հետեւինք, այն ատեն մեր հարցերը լուծուած կ’ըլլան. ոչ միայն մեր երկիրներունը՝ այլ, ամբողջ աշխարհին ալ»։ Կանտի Աստուածաշունչի Մատթէոսի 5–7–րդ գլուխներու մասին կը խօսէր։ Այս գլուխները դուք ալ կարդացէք, եւ նայեցէք թէ անոնց հզօր պատգամը ինչպէս ձեզ ալ կրնայ հրապուրել։
Աստուածաշունչը՝ Արեւելեան Գիրք Մը
8, 9. (ա) Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը Արեւմտեան գիրք մը կոչելը սխալ է։ (բ) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս գրուեցաւ, եւ որքա՞ն ժամանակի մէջ։ (գ) Ինչո՞ւ կրնանք զայն գրադարան կոչել։ (դ) Քանի՞ անհատներ գրեցին Աստուածաշունչը։ (ե) Այդ մարդոցմէ ոմանք ի՞նչ վկայութիւն տուին Աստուածաշունչի Աղբիւրին մասին։
8 Հակառակ հանրային կարծիքին, Աստուածաշունչը Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան արտադրութիւնը չէ, ոչ ալ զայն կը պանծացնէ։ Գրեթէ ամբողջ Աստուածաշունչը Արեւելեան երկիրներու մէջ գրուած էր։ Զայն գրող մարդոց բոլորն ալ Արեւելքցիներ էին։ Պուտտայէն հազար տարի առաջ, Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Մովսէս՝ որ Միջին Արեւելքի մէջ կ’ապրէր՝ Աստուծմէ ներշնչուեցաւ, Աստուածաշունչի առաջին գիրքը, Ծննդոցը գրելու։ Այս գրքէն սկսեալ մինչեւ Յայտնութեան վերջին գիրքը, Աստուածաշունչը մէկ ներդաշնակ բնաբան կը հետապնդէ։ Վերջին գիրքը, Պուտտայէ վեց հարիւր տարի ետքը ամբողջացած էր, Հ.Դ. 98–ին։ Գիտէի՞ք որ Աստուածաշունչը վաթսունըվեց տարբեր գիրքերէ բաղկացած է։ Այո, Աստուածաշունչը ինքնին գրադարան մըն է։
9 Մովսէսի ժամանակէն 1,600 տարուան շրջանի մը ընթացքին, շուրջ քառասուն տարբեր անհատներ բաժին բերին Աստուածաշունչի ներդաշնակ արձանագրութիւնը կատարելու մէջ։ Անոնք կը վկայեն թէ իրենց գրութիւնները մահկանացու մարդէն շատ աւելի բարձր ուժի մը կողմէ ներշնչուած էին։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։b (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Իսկ Պետրոս առաքեալ բացատրեց. «Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասնզի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ գրեցին»։—Բ. Պետրոս 1։20, 21. Բ. Թագաւորաց 23։2. Ղուկաս 1։70
10. (ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մինչեւ մեր օրերը հասաւ։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ տակաւին Աստուածաշունչին ներշնչուած բնագիրները ունինք։
10 Խիստ աչքառու է նաեւ այն կերպը որով Աստուածաշունչը մինչեւ մեր օրերը հասած է։ Հազարաւոր տարիներ, եւ մինչեւ հինգ հարիւր տարի առաջ՝ տպագրութեան հնարումը, Աստուածաշունչին օրինակները ձեռքով պէտք էր ըլլային։ Վաղեմի որեւէ գրական աշխատանք այսչափ խնամքով ընդօրինակուած ու կրկին ընդօրինակուած չէր։ Անիկա կրկին ու կրկին կ’ըդօրինակուէր, բայց միշտ մեծ խնամքով։ Շատ մը ձեռագիր օրինակներ բաղդատելով, ապացուցուած է որ ընդօրինակելու ատեն եղած սխալները շատ քիչ են, եւ դարձեալ, կարելի եղած է Աստուածաշունչին նախնական բնաբանը հաստատել։ Աստուածաշունչի ձեռագիրներու առաջնորդող հեղինակութիւն մը, Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն, կ’ըսէ. «Այժմ մէջտեղէն վերցուած է որեւէ կասկածի հիմը թէ Սուրբ Գիրքը մեզի հասած է ճիշդ գրուածին պէս»։ Այսօր, տակաւին 16,000–ի չափ Աստուածաշունչի օրինակներ կամ մասեր գոյութիւն ունին, ոմանք նոյնիսկ Քրիստոսէ առաջ Երկրորդ դարէն մնացած են։ Ատկէ զատ, Եբրայերէն եւ Յունարէն Աստուածաշունչի բնագիր լեզուներէն ճշգրիտ թարգմանութիւններ կատարուած են աշխարհի բոլոր լեզուներով։
11. Արդիական ո՞ր գիւտերը Աստուածաշունչին արձանագրութիւնը կը հաստատեն։
11 Ոմանք ջանացած են Աստուածաշունչը վարկաբեկել, ըսելով թէ ան ճշգրիտ չէ։ Սակայն, վերջերս, հնագէտներ Սուրբ Գրային երկիրներու հին քաղաքներու աւերակները պեղելով արձանագրութիւններ եւ ուրիշ փաստեր գտած են, վերջնականապէս հաստատելու թէ Աստուածաշունչի նոյնիսկ ամենահին արձանագրութեանց մէջ յիշուած անձերն ու վայրերը իրապէս գոյութիւն ունեցած են։ Պեղուած են բազմաթիւ ապացոյցներ որոնք կը մատնանշեն համաշխարհային ջրհեղեղի մը, որ ըստ Աստուածաշունչին տեղի ունեցած է աւելի քան 4,000 տարի առաջ, Նոյի օրերուն։ Իշխան Միքասա, որ համբաւաւոր հնագէտ մըն է, այս կէտին մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Ջրհեղեղ մը եղա՞ծ է։ ... Համոզիչ կերպով հաստատուած է այն իրողութիւնը թէ ջրհեղեղը իրապէս տեղի ունեցած է»։c
Աստուածաշունչին Աստուածը
12. (ա) Ծաղր ընողներէն ոմանք ի՞նչ կ’ըսեն Աստուծոյ մասին։ (բ) Աստուածաշունչը ինչո՞ւ Աստուած Հայր կը կոչէ։ (գ) Ըստ Աստուածաշունչի, ի՞նչ է Աստուծոյ անունը։
12 Մինչ կարգ մը մարդիկ հեգնանքով կը խօսին Աստուածաշունչի մասին, ուրիշներ Ամենակալ Աստուծոյ մը գոյութեան մասին ծաղր կ’ընեն։ (Բ. Պետրոս 3։3–7) Անոնք կ’ըսեն թէ՝ ‘Աստուծոյ ի՞նչպէս կրնամ հաւատալ, երբ զինք չեմ կրնար տեսնել։ Փաստ մը կա՞յ որ մարդէն բարձր աներեւոյթ Արարիչ մը գոյութիւն ունի։ Չէ՞ որ Աստուած ամէն բանի մէջ կը բնակի’։ Ուրիշներ կ’ըսեն. ‘Ո՛չ Աստուած կայ ոչ ալ Պուտտա’։ Սակայն, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս որ բոլորս ալ երկրաւոր հօրմէ մը կեանք ստացած ենք, այնպէս ալ մեր առաջին ծնողները կեանք ստացան երկնային Հօրմէ կամ Արարիչէ մը, որուն անձնական անունը Եհովա է։—Սաղմոս 83։18. 100։3. Եսայեայ 12։2. 26։4
13. Ո՞ր երկու կերպերով Աստուած ինքզինք յայտնած է մարդկութեան։
13 Եհովա ինքզինք մարդկութեան յայտնած է երկու աչքառու կերպերով։ Գլխաւորը՝ Աստուածաշունչն է, որ իր ճշմարտութիւնը եւ յաւիտենական նպատակը կը գիտցնէ։ (Յովհաննու 17։17. Ա. Պետրոս 1։24, 25) Իսկ երկրորդը՝ իր ստեղծագործութիւնն է։ Իրենց շուրջ գտնուող հոյակապ բաները նկատելով, շատեր գիտակցած են որ Արարիչ–Աստուած մը գոյութիւն ունենալու է, որու հոյակապ անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացուի իր գործերուն մէջ։—Յայտնութիւն 15։3, 4
14. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ մեզի Եհովայի մասին։
14 Եհովա Աստուած է Աստուածաշունչին հեղինակը։ Ան Մեծ Հոգին է, որ ի յաւիտենից գոյութիւն ունի։ (Յովհաննու 4։24. Սաղմոս 90։1, 2) Անոր «Եհովա» անունը, իր արարածներուն հանդէպ իր նպատակին կ’ուղղէ մեր ուշադրութիւնը։ Անոր նպատակն է արդարացնել իր մեծ անունը, չարերը բնաջնջելով եւ զինքը սիրողները ազատագրելով, որպէսզի կարենան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ։ (Ելից 6։2–8. Եսայեայ 35։1, 2) Աստուած ամենակալ ըլլալով, ասիկա ընելու զօրութիւնը ունի։ Իբրեւ համայն տիեզերքի Արարիչը, անիկա սովորական ազգային աստուածներէն ու կուռքերէն գերազանցօրէն բարձր է։—Եսայեայ 42։5, 8. Սաղմոս 115։1, 4–8
15. Խելացի անհատներ ստեղծագործութիւնը ուսումնասիրելով, ո՞ր եզրակացութիւններու հանգած են։
15 Վերջին դարերուն, գիտական մարդիկ շատ ժամանակ տուած են բնութեան գործերը ուսումնասիրելու։ Անոնց եզրակացութիւնը ի՞նչ եղած է։ Ելեկտրականութեան գիւտի ռահվիրաներէն մէկը, համբաւաւոր Բրիտանացի գիտնական Լորտ Քէլվին, յայտարարած է. «Կը հաւատամ թէ գիտութիւնը որքան կատարեալ կերպով ուսումնասիրենք, այնքան կը հեռանանք որեւէ բանէ որ անաստուածութեան հետ կրնայ բաղդատուիլ»։ Եւրոպայի մէջ ծնած գիտնական Ալպերթ Այնշթայն որ ճանչցուած է որպէս անաստուած մը, հաստատած է. «Ինծի համար բաւական է ... անդրադառնալ տիեզերքի հիանալի կառուցման, զոր աղօտ կերպով կրնանք ըմբռնել, եւ խոնարհաբար ջանալ բնութեան մէջ յայտնուած գիտակցութեան անհունապէս պզտիկ մէկ մասն իմանալ»։ Ամերիկացի գիտնական եւ Նոպէլի Մրցանակը շահող Արթըր Հալի Գամբթըն, ըսած է. «Կանոնաւորապէս պարզուող տիեզերք մը կը վկայէ ամենէն վեհափառ խօսքին ճշմարտութեան—‘Սկիզբէն Աստուած’»։ Ան կը մէջբերէր Աստուածաշունչի առաջին բառերը։
16. Տիեզերքը Աստուծոյ իմաստութիւնը ինչպէ՞ս կը փառաւորէ։
16 Հզօր ազգերու վարիչները կրնան պարծենալ իրենց իմացականութեան եւ անջրպետի մէջ իրենց կատարած յաջողութիւններուն համար։ Բայց անոնց անջրպետանաւերը որքան աննշան բաներ են բաղդատմամբ լուսինին, որ երկրի շուրջ կը դառնայ եւ մոլորակներուն, որոնք արեւին շուրջը իրենց ծիրերուն մէջն են։ Այս մահկանացու մարդոց յաջողութիւնները որքա՜ն չնչին բաներ են, բաղդատմամբ Եհովայի ստեղծած երկիլիոնաւոր երկնային համաստեղութեանց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մերինին պէս երկիլիոններով արեւներ կը պարունակէ եւ որոնք Եհովա խմբաւորած ու անջրպետի մէջ տեղաւորած է անհամար ժամանակէ մը ի վեր։ (Սաղմոս 19։1, 2. Յոբ 26։7, 14) Չզարմանանք երբ Եհովա մարդիկը կը նկատէ իբրեւ պարզ մարախներ, եւ հզօր ազգերը «ոչինչէն պակաս»։—Եսայեայ 40։13–18, 22
17. Ինչո՞ւ տրամաբանական է հաւատալ Ստեղծիչի մը։
17 Տան մը մէ՞ջ կը բնակիք։ Թերեւս տունը շինողը դուք չէիք, ոչ ալ գիտէք թէ ով շինեց զայն։ Սակայն, շինողը չգիտնալը արգելք մը չէ որ ընդունիք այն ճշմարտութիւնը թէ գիտակից անձ մը շինեց զայն։ Տունը ինքզինքը շինեց ըսելով տրամաբանելը շատ յիմարական պիտի թուէր։ Քանի որ տիեզերքը եւ անոր մէջ գտնուած ամէն բանը շինելը անհունօրէն աւելի մեծ գիտակցութիւն կը պահանջէր, յիմարական չի՞ թուիր ըսելը թէ գիտակից Արարիչ մը չկայ։ Իրապէս միայն յիմարը պիտի ըսէր իր սրտին մէջ թէ «Աստուած [Եհովա] չկայ»։—Սաղմոս 14։1. Եբրայեցիս 3։4
18. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Աստուած անձնաւորութիւն մըն է, եւ գովաբանութեան արժանի։
18 Բնութեան փառաւոր սքանչելիքները, ծաղիկները, թռչունները, անասունները, մարդ կոչուած հիանալի ստեղծագործութիւնը, կեանքի եւ ծնունդի հրաշքները—այս բոլորը կը վկայեն զանոնք արտադրող աներեւոյթ Ճարտար Գիտակցութեան մը։ (Հռովմայեցիս 1։20) Ուր որ գիտակցութիւն կայ, այնտեղ միտք մը կայ։ Ուր որ միտք կայ, այնտեղ անձ մը կայ։ Գերագոյն հանճարը Գերագոյն Էակին՝ ամէն բանի Արարիչին, բուն իսկ կենաց Աղբիւրին՝ կը պատկանի։ (Սաղմոս 36։9) Արարիչը իսկապէս ամէն գովութեան ու պաշտամունքի արժանի է։—Սաղմոս 104։24. Յայտնութիւն 4։10
19. (ա) Ինչո՞ւ այսօր ոչ մէկ ազգ կրնայ պարծիլ պատերազմին մէջ իր ունեցած աստուածատուր յաղթանակին համար։ (բ) Ազգերու պատերազմներուն մէջ Աստուած ինչո՞ւ բաժին չունենար։
19 Ոմանց Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքը խախտած է Երկրորդ Աշխարհամարտի փորձառութեանց պատճառով։ Այն ատեն ամէն երկիր իր «Աստուծոյն» կանչեց, ըլլան Կաթոլիկ, Բողոքական, կամ Արեւելեան կրօնքներէն։ Կրնա՞նք ըսել թէ «Աստուած» այդ երկիրներէն ոմանց յաղթանակ տուաւ, իսկ թողուց որ ուրիշներ պարտուին։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ այդ ազգերէն ոչ մէկը ճշմարիտ Աստուածը կը կանչէր։ Եհովա Աստուած, երկնից ու երկրի Արարիչը, պատասխանատու չէ ազգերու միջեւ եղած խառնակութեան ու պատերազմին։ (Ա. Կորնթացիս 14։33) Անոր խորհուրդները այս աշխարհի քաղաքական ու զինուորական ազգերու խորհուրդներէն գերիվեր են։ (Եսայեայ 55։8, 9) Նմանապէս, ճշմարիտ կրօնքը ու Եհովայի պաշտամունքը ազգերու պատերազմներուն հետ ոչ մէկ կապ ունի։ Եհովա ազգային աստուածներէն գերիվեր է, եւ ամէն ազգի մէջ խաղաղասէր մարդոց ու կիներու Աստուածը ըլլալով, Ան անզուգական է։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Ներկայիս, բոլոր ազգերուն մէջ բարեացակամ մարդիկ Աստուածաշունչը կը սերտեն, եւ բոլոր մարդկութեան Արարիչին՝ ‘Խաղաղութեան ճշմարիտ Աստուծոյ’ պաշտամունքը կ’ընդգրկեն։—Հռովմայեցիս 16։20. Գործք 17։24–27
20. ի՞նչ բաները կը փաստեն թէ Քրիստոնեայ Աշխարհը Քրիստոնեայ չէ, եւ Աստուծոյ հակառակ է։
20 Ոմանք Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող բաժանումներուն եւ կեղծաւորութեան կը մատնանշեն, որոնք կը դաւանին Աստուածաշունչին հետեւիլ։ Անոնք նաեւ կ’ըսեն. «Ի՞նչպէս կրնամ հաւատալ Աստուածաշունչի Աստուծոյն, երբ Աստուածաշունչը ունեցող ազգերը զբաղած են տենդոտ կերպով հիւլէական եւ ջրածին ռումբեր դիզելով»։ Իրողութիւնը այն է որ, թէեւ Աստուածաշունչը միշտ ճշմարիտ կը մնայ, բայց Հիւսիսային եւ Հարաւային Բեւեռները իրարմէ որքան որ հեռու են, Քրիստոնեայ Աշխարհի ազգերն ալ Աստուածաշունչի Քրիստոնէութենէն այնքան հեռացած են։ Անոնց Քրիստոնէութիւն դաւանիլը կեղծաւորութիւն է։ Անոնք Աստուածաշունչը ունին, բայց անոր ուսուցումներուն չեն հնազանդիր։ Հիրոշիմայի վրայ առաջին հիւլէական ռումբը ձգել հրամայող Ամերիկացի նախագահը անգամ մը բացագանչեց. «Երանի՜ թէ Եսայի մը կամ Սուրբ Պօղոս մը ըլլար», համաշխարհային այս տագնապին մէջ մարդիկը առաջնորդելու։ Եթէ ան Աստուածաշունչի Եսայիին հաւատացող մը ըլլար, բնաւ հիւլէական ռումբ մը ձգել պիտի չտար, որովհետեւ Եսայի կը յորդորէր՝ ‘սուրերը խոփեր, եւ նիզակները յօտոցներ շինել’։ Դարձեալ, Աստուածաշունչի Պօղոսն էր որ յայտարարեց. «Ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք։ Վասնզի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն»։ (Եսայեայ 2։4. Բ. Կորնթացիս 10։3, 4) Սակայն, փոխանակ Աստուածաշունչի իմաստուն խրատին հետեւելու, Քրիստոնեայ Աշխարհի ազգերը սպառազինութեան անձնասպան մրցումի մը ելած են։ Որպէս Աստուածաշունչի հնազանդող Քրիստոնեաներ անոնց դաւանութիւնը կեղծ է։ Քանի որ կը թերանան Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ, անոր դատաստանին պիտի արժանանան։—Մատթէոս 7։18–23. Սոփոնիա 1։17, 18
Եհովայի Հրաշքներն ու Ստեղծագործութիւնները
21. Ինչո՞ւ տրամաբանական է չկասկածիլ Աստուծոյ հրաշքներուն։
21 Եհովա կը ստեղծէ, ու հրաշքներ կը գործէ։ Երբեք զարմացա՞ծ էք ջուրի արիւն դառնալուն, Կարմիր Ծովու բաժնուելուն, Յիսուսի կոյսէ մը ծնելուն եւ Աստուածաշունչի ուրիշ հրաշքներուն վրայ։ Քանի որ մարդուն իմացական զօրութիւնը սահմանափակ է, թերեւս բնաւ պիտի չհասկնայ թէ այս հրաշքներէն ոմանք ինչպէս պատահեցան, ինչպէս որ լման չի կրնար հասկնալ արեւին հրաշքը որ ամէն օր կը ծագի ու մարը կը մտնէ։ Մարդուն ստեղծումը հրաշք մըն էր։ Արդիական մարդը չտեսաւ այդ հրաշքը, բայց գիտէ որ պատահեցաւ, որովհետեւ իբրեւ ապացոյց ինքը այսօր ողջ է։ Արդարեւ, ամբողջ կեանքն ու համայն տիեզերքը յարատեւ հրաշք մըն է։ Ուստի ինչո՞ւ տարակուսինք երբ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, կ’ըսէ թէ մասնաւոր ժամանակներու համար մասնաւոր հրաշքներ գործեց ան, թէեւ այսօր նոյն հրաշքները հարկաւոր չեն։
22. Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնը նկարագրեցէք։
22 Եհովայի ամբողջ ստեղծագործութիւնը հրաշալի եւ սքանչելի է։ Սակայն, Եհովայի սքանչելի ստեղծագործութիւններուն մէջ ամենէն հիանալին իր առաջին ստեղծագործութիւնն էր։ Ատիկա Աստուծոյ «անդրանիկ» հոգեղէն Որդւոյն ստեղծումն էր։ (Կողոսացիս 1։15) Այս երկնային Որդին կը կոչուէր «Բանը»։ Անոր ստեղծուելէն անհամար դարեր յետոյ, ան երկիր եկաւ ու կոչուեցաւ «Քրիստոս Յիսուս մարդը»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։5) Այն ատեն իր մասին ըսուած էր թէ՝ «Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս [հօր մը միածին որդիին փառքին պէս ՆԱ], շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն»։—Յովհաննու 1։14
23. (ա) Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն միջեւ յարաբերութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ բացատրուիլ։ (բ) Իր Որդւոյն միջոցաւ, Եհովա ի՞նչ ստեղծեց։
23 Եհովայի եւ իր Որդւոյն յարակցութիւնը կրնայ բաղդատուիլ գործատիրոջ մը եւ իր որդւոյն որ միասնաբար գործ մը կը դարձնեն եւ որդին իր հօրը կողմէ ծրագրուած իրերը շինելու կ’օգնէ։ Այս անդրանիկ եւ գործադիր Որդւոյն միջոցաւ Եհովա ստեղծեց շատ մը ուրիշ հոգեւոր արարածներ, Աստուծոյ որդիներ։ Յետոյ, անոնք ուրախացան տեսնելով թէ Եհովայի Որդին, Իր Ճարտարապետը, յառաջ բերաւ նիւթական երկինքն ու երկիրը, որուն վրայ կ’ապրինք։ Կը տարակուսի՞ք թէ այս բաները ստեղծուած են։ Եհովա, հետագային հաւատարիմ մարդու մը հարցուց. «Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. Ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։ Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին»։—Յոբ 38։4, 7. Յովհաննու 1։13
24. (ա) Եհովայի ո՞ր երկրային ստեղծագործութիւնը յատկանշական է, եւ ի՞նչ առումով։ (բ) Ինչո՞ւ անտրամաբանական է ըսել թէ մարդը անասուններէն յառաջ եկած է։
24 Ժամանակի ընթացքին, Եհովա երկրի վրայ, կենդանի, նիւթական բաներ ստեղծեց՝ բոյսեր, ծառեր, ծաղիկներ, ձուկեր, թռչուններ եւ անասուններ։ (Ծննդոց 1։11–13, 20–25) Յետոյ Աստուած ըսաւ իր Ճարտարապետին. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ ... Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ (Ծննդոց 1։26, 27) Աստուծոյ պատկերովը ու նմանութեամբը, այսինքն, Աստուծոյ սիրոյ, իմաստութեան, արդարութեան ու զօրութեան մեծ յատկութիւններով ստեղծուած ըլլալով, առաջին մարդը անասուններէն շատ գերիվեր էր։ Մարդը անասուններէն անջատ դասակարգի մը մէջ է այն իմաստով որ ան կրնայ տրամաբանել, ապագայի համար ծրագրել, եւ Աստուած պաշտել։ Անասունները տրամաբանելու իմացականութիւնը չունին, այլ բնազդով կ’ապրին։ Որքա՜ն յիմարական է ըսել թէ Արարիչ մը գոյութիւն չունի, այլ թէ ճոխ կերպով օժտուած, գիտակից մարդ արարածը անիմաց ստորին անասուններէն բարեշրջուած է։—Սաղմոս 92։6, 7. 119։14
25, 26. (ա) Մարդուն առջեւ ի՞նչ շքեղ հեռանկար մը դրուած էր։ (բ) Ինչո՞ւ երկիրը չափէն աւելի բնակիչներով լեցնելու հարց պիտի չըլլար։
25 Աստուած մարդը դրաւ ‘դէպի արեւելք՝ Եդեմի պարտէզ’ի մը մէջ։ Ատիկա հաճոյքի պարտէզ մըն էր, այս կողքին վրայ ցոյց տրուածին պէս, թէեւ այնտեղ միայն երկու մարդկային արարածներ կային, Ադամն ու Եւան։ Թէեւ այս առաջին դրախտը այլեւս գոյութիւն չունի, Նոյի օրուան ջրհեղեղով կործանած ըլլալով, բայց Միջին Արեւելքի մէջ անոր մօտաւոր դիրքը ծանօթ է, որովհետեւ անոր մէջ հոսող գետերէն ոմանք մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին։ (Ծննդոց 2։7–14) Մարդը սքանչելի պատեհութիւնը ունէր այս պարտէզը իբրեւ կեդրոն գործածելու եւ անկէ տարածուելով ամբողջ երկիրը մշակելու եւ համաշխարհային դրախտի մը վերածելու։—Եսայեայ 45։12, 18
26 Ինչպէս որ թէ՛ Աստուած եւ թէ իր Որդին աշխատողներ են, նոյնպէս ալ Աստուած երկրի վրայ մարդուն գործ տուած է ընելու։ (Յովհաննու 5։17) Ադամի ու Եւայի, առաջին մարդուն ու կնոջ ըսաւ ան. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք, եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Այդ կը նշանակէ՞ր թէ մարդը պիտի շատնար ու երկիրը լեցնէր ու շարունակէր աճիլ մինչեւ որ երկիրը բնակչութեամբ յորդէր։ Ոչ։ Երբոր մէկը ձեզի կ’ըսէ թէ գաւաթ մը թէյ լեցուր, չէք շարունակեր լեցնել մինչեւ որ թէյը ամբողջ սեղանին վրայ թափի։ Գաւաթը կը լեցնէք ու յետոյ կը դադրեցնէք։ Նոյն կերպով, Եհովայի մարդուն տուած հրամանը՝ «երկիրը լեցուցէք»՝ իր նպատակը ցոյց կու տար թէ երկիրը հանգիստ կերպով լեցնելէ ետք մարդկային ցեղին սերնդաբերութիւնը պիտի դադրէր երկրի վրայ։ Մարդկային կատարեալ ընկերութեան մը մէջ ասիկա անլուծելի խնդիր մը չի ներկայացներ։ Այսօրուան անկատար մարդկութեան աշխարհին մէջ է միայն որ գերբնակչութեան խնդիրը անլուծելի կը թուի։
Աստուած Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ Չարիքը
27. Այժմ ի՞նչ հարցումներ պատասխանի կը կարօտին։
27 Եթէ Աստուծոյ նպատակը դրախտային երկիր մը շինել էր, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ այսօր երկիրը չարութեամբ, տառապանքով ու վիշտով լեցուն է։ Եթէ Աստուած Ամենակալ է, ինչո՞ւ այսքան երկար ատեն թոյլատրած է այս պայմանները։ Յոյս մը կա՞յ որ մեր բոլոր խնդիրները վերջանան։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
28. Դրախտ պարտէզին մէջ ապստամբութիւնը ինչպէ՞ս մուտք գործեց։
28 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մարդկութեան խնդիրները սկսան, երբ Աստուծոյ հոգեւոր որդիներէն մէկը ըմբոստացաւ Եհովայի գերիշխանութեան կամ իշխանութեան դէմ։ (Հռովմայեցիս 1։20. Սաղմոս 103։22) Անկասկած, այս հրեշտակը կը գտնուէր անոնց մէջ, որոնք կ’ուրախանային տեսնելով մարդուն ստեղծագործութիւնը։ Յետոյ ագահութիւնը եւ հպարտութիւնը արմատ կապեցին իր սրտին մէջ եւ իր մէջ զօրաւոր փափաք մը արթնցաւ որ Ադամ եւ Եւա զինք պաշտեն փոխանակ Եհովայի՝ իրենց Ստեղծիչին։ Օձի մը միջոցաւ խօսելով՝ որովայնախօսի մը կերպը գործածելով՝ այս հրեշտակը հրապուրեց Եւան որ Ամենակալ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուի։ Ապա իր ամուսինը Ադամն ալ հետեւեցաւ իր անհնազանդ ընթացքին։—Ծննդոց 2։15–17. 3։1–6. Յակոբոս 1։14, 15
29. (ա) Ի՞նչ հարցեր ծագեցան, որոնք լուծումի կը կարօտէին։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնաք դուք ալ պատասխան մը հայթայթել Սատանայի նախատինքին։
29 Ըմբոստ հրեշտակը իբրեւ «առաջուան Օձը» ճանչցուեցաւ։ (Յայտնութիւն 12։9. Բ. Կորնթացիս 11։3) Անիկա կը կոչուի նաեւ Սատանայ՝ որ «Հակառակորդ» կը նշանակէ, եւ Բանսարկու՝ որ «Զրպարտիչ» կը նշանակէ։ Ան երկրի վրայ Եհովայի իշխանութեան իրաւունքը եւ արդարացիութիւնը հարցի տակ դրաւ եւ ասպարէզ կարդաց Աստուծոյ թէ, ինք կրնար բոլոր մարդկութիւնը ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացնել։ Աստուած թոյլ տուաւ որ Սատանան 6,000 տարի գործի դնէ իր կարդացած մարտահրաւէրը, որպէսզի Եհովայի գերիշխանութեան հարցը մի անգամ ընդ միշտ լուծուի։ Աստուծմէ անկախ մարդկային իշխանութիւնը ողորմելիօրէն ձախողած է։ Սակայն, հաւատարիմ այրեր եւ կիներ՝ որոնց մեծագոյնը Յիսուս էր՝ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը պահեցին ամենախիստ փորձութեանց ներքեւ, Եհովան ջատագովելով եւ Բանսարկուին ստախօս մը ըլլալը փաստելով։ (Ղուկաս 4։1–13. Յոբ 1։7–12. 2։1–6. 27։5) Դուք ալ կրնա՛ք ձեր ուղղամտութիւնը պահել։ (Առակաց 27։11) Սակայն, Սատանան մեր միակ թշնամին չէ որ մեզ կը վշտացնէ։ Ուրիշ ի՞նչ թշնամի ալ գոյութիւն ունի։
Թշնամի Մահը
30. Անհնազանդութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ մարդուն համար։
30 Աստուած ըսած էր թէ անհնազանդութեան պատիժը մահ էր։ Առաջին կնոջ վրայ դատավճիռ արձակելով, Եհովա ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու փափաքդ էրկանդ ըլլայ, ու անիկա քու վրադ իշխէ»։ Իսկ մարդ Ադամի ըսաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող ես դուն, ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։16–19) Անհնազանդ զոյգը երջանկութեան դրախտէն դէպի անմշակ երկիրը վռնտուեցան։ Ժամանակի ընթացքին անոնք մեռան։—Ծննդոց 5։5
31. Ի՞նչ է «մեղքը», եւ անոր հետեւանքը ի՞նչ է մարդկութեան համար։
31 Կատարելութեան աստիճանէն իյնալէն ետքն էր միայն որ Ադամ ու Եւա սկսան զաւակներ յառաջ բերել։ Այսօր բոլոր մարդիկ անոնց անկատար սերունդն են, ու հետեւաբար բոլորն ալ մահուան ենթակայ։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը ասիկա հետեւեալ կերպով կը բացատրէ. «Վասնզի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ Ի՞նչ է այդ «մեղքը»։ Ան կատարելութեան կամ ամբողջութեան աստիճանէն անկում մըն է։ Եհովա Աստուած չի հաւանիր կամ չի թողուր որեւէ բան որ անկատար է։ Քանի որ բոլոր մարդիկ առաջին մարդէն՝ Ադամէն, մեղք եւ անկատարութիւն ժառանգած են, մահը անոնց վրայ ‘թագաւորած է’։ (Հռովմայեցիս 5։12, 14) Ինկած մարդը կը մեռնի, ճիշդ ինչպէս անասունները կը մեռնին։—Ժողովողի 3։19–21
32. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ մեր ժառանգած մահը։
32 Ի՞նչ է այս «մահը»։ Մահը կեանքին հակառակն է։ Աստուած մարդուն առջեւ դրած էր երկրի վրայ անվերջ ապրելու հեռանկարը, եթէ հնազանդ գտնուէր։ Սակայն, ան անհնազանդ գտնուելով, մահուան՝ անզգայութեան, անէութեան պատիժը ստացաւ։ Չհնազանդելու կամ մեռնելու պարագային, մարդուն կեանքը հոգեղէն աշխարհ մը կամ հրեղէն «դժոխք» մը փոխադրելու կարգադրութիւն մը ըրած չէր Աստուած։ Ան մարդը զգուշացուցած էր. «Անշուշտ պիտի մեռնիս»։ Մարդասպան Բանսարկուն էր որ սուտ խօսելով ըսած էր. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ (Ծննդոց 2։17. 3։4. Յովհաննու 8։44) Բոլոր մարդոց Ադամէն ժառանգածը փոշիի նման մահն է։—Ժողովողի 9։5, 10. Սաղմոս 115։17. 146։4
33. (ա) Մարդկութեան ու երկրին համար ի՞նչ փառաւոր ապագայ մը կը սպասէ։ (բ) Եհովա ի՞նչ երեք կարեւոր բաներ իրագործեց իր Որդւոյն միջոցաւ։
33 Ուրեմն, մեռնող մարդուն համար ապագայ մը չկա՞յ։ Սքանչելի ապագայ մը կա՛յ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ բոլոր մարդկութեան համար, այժմ մեռածներն ալ մէջը հաշուելով, դրախտային երկիր մը ունենալու աստուածային նպատակը բնաւ պիտի չձախողի։ Եհովա այսպէս կ’ըսէ. «Երկինք իմ աթոռս է ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է»։ «Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ»։ (Եսայեայ 66։1. 60։13) Իր առատ սիրոյն պատճառով, Եհովա իր Որդին՝ Բանը, այս երկիրը ղրկեց, որպէսզի անոր միջոցաւ մարդկային աշխարհը կարենայ կեանք ստանալ։ (Յովհաննու 3։16. Ա. Յովհաննու 4։9) Երեք կարեւոր բաներ կան նկատի առնուելիք, զորս Եհովա կը կատարէ իր Որդւոյն միջոցաւ, այսինքն՝ (1) մահուան իշխանութենէն արձակում մը հայթայթել. (2) մեռելները վերակենդանացնել. (3) համայն մարդկութեան վրայ կատարեալ կառավարութիւն մը հաստատել։
Մահէն Արձակում
34, 35. (ա) Մարդկութիւնը մահէն փրկելու միակ կերպը ի՞նչ էր։ (բ) Ի՞նչ է փրկանքը։
34 Հին ատեններէն սկսած, Աստուծոյ մարգարէները իրենց վստահութիւնը արտայայտած են ոչ թէ մարդուն անմահութեան վրայ, այլ, այն յոյսին վրայ թէ Աստուած զիրենք մահուընէ «պիտի ազատէր»։ (Ովսեայ 13։14) Բայց մարդը ինչպէ՞ս կրնայ ազատիլ մահուան գերութենէն։ Եհովայի կատարեալ արդարութիւնը «անձի տեղ՝ անձ, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ» կը պահանջէր։ (Բ. Օրինաց 19։21) Հետեւաբար, քանի որ Ադամ իր անհնազանդութիւնովը ամբողջ մարդկութեան վրայ ժառանգական մահ բերաւ, եւ կորսնցուց իր կատարեալ կեանքը, Ադամի կորսնցուցածը ետ գնելու համար, ուրիշ կատարեալ մարդ մը պէտք էր որ իր կատարեալ կեանքը վճարէր։
35 ‘Նմանը նմանով’ վճարելու սկզբունքը ընդունուած է բոլոր պատմութեան մէջ։ Սովորաբար գործածուած արտայայտութիւնն է «փրկանք մը վճարել»։ Ի՞նչ է փրկանքը։ Ան «վճարուած գին մըն է, անհատ մը կամ առարկայ մը իր գրաւուած վիճակէն ազատագրելու համար։ Հետեւաբար պատերազմի բանտարկեալները կամ գերիները, արժէքաւոր նկատուած բանով մը կը փոխարինուէին եւ կը փրկուէին։ ... Վճարուած կամ փոխարինուած բանը կ’ըլլար փրկանքը»։d Ադամի մեղքէն ի վեր, բոլոր մարդկութիւնը պատերազմի բանտարկեալներու կամ գերիներուն նման եղած է, անկատարութեան եւ մահուան կապանքին ենթակայ։ Ազատագրութեան համար փրկանք մը պէտք էր հայթայթուէր։ Թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային, փրկանքին գոհացուցիչ գինին նկատմամբ որեւէ հակասութենէ խուսափելու համար, անհրաժեշտ էր կատարեալ մարդկային կեանք մը զոհել, որպէսզի Ադամի համահաւասար ըլլար։
36. Եհովա ինչպէ՞ս կատարեալ մարդկային կեանք մը իբրեւ փրկագին հայթայթեց։
36 Սակայն, այսպիսի կատարեալ մարդկային կեանք մը ո՞ւր կարելի էր գտնել։ Անկատար Ադամի սերունդը ըլլալով, բոլոր մարդիկ անկատար ծնած են։ «Անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ նոյնիսկ եղբայր մը փրկել, կամ անոր համար Աստուծոյ փրկանք մը տալ»։ (Սաղմոս 49։7, ՆԱ) Այս կարիքը լեցնելով, Եհովա մարդկութեան հանդէպ իր խոր սէրէն մղուած, իր թանկագին «անդրանիկ» Որդին որպէս անհրաժեշտ զոհը հայթայթեց։ Ան իր հոգեղէն Որդւոյն՝ Բանին, կատարեալ կեանքը փոխադրեց Հրեայ կոյսի մը՝ Մարիամի արգանդը։ Երիտասարդ կինը յղացաւ, ու յարմար ատենին որդի մը ծնաւ, որ «Յիսուս» կոչուեցաւ։ (Մատթէոս 1։18–25) Տրամաբանօրէն, կեանքի Ստեղծիչը կարող էր այսպիսի հոյակապ հրաշք մը կատարել։
37. Կեանք ուզող բոլոր մարդոց համար Յիսուս իր սէրը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ։
37 Յիսուս մեծնալով չափահաս մարդ եղաւ, ինքզինք Եհովայի ներկայացուց ու մկրտուեցաւ։ Այն ատեն Եհովա իր աստուածային կամքը ընելու պաշտօնը տուաւ անոր։ (Մատթէոս 3։13, 16, 17) Յիսուսի երկրային կեանքը երկինքէն եկած ու կատարեալ ըլլալով, ան կրնար այդ կատարեալ կեանքը զոհել ու ամբողջ մարդկութիւնը մահէն ազատելու համար գործածել։ (Հռովմայեցիս 6։23. 5։18, 19) Ինչպէս որ ինքն ալ ըսած է. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան»։ «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ (Յովհաննու 10։10. 15։13) Երբ Սատանան սպաննել տուաւ Յիսուսը տանջանքի ցիցի մը վրայ, ան ենթարկուեցաւ այս բիրտ մահուան, գիտնալով որ հաւատք ընծայող անհատներ, յաւիտենական կեանք պիտի շահէին այս փրկանքին հայթայթումով։—Մատթէոս 20։28. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6
Կեանքի Վերահաստատում
38. Աստուծոյ Որդին ինչպէ՞ս կեանքի վերահաստատուեցաւ, եւ ասոր ապացոյցը ի՞նչ է։
38 Թէեւ իր թշնամիները զինք սպաննեցին, բայց Աստուծոյ Որդին կատարեալ մարդկային կեանքի իր իրաւունքը բնաւ չկորսնցուց, որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց։ Սակայն, գերեզմանի մէջ մեռած ըլլալով, Յիսուս այս արժէքաւոր բանը՝ մարդկային կեանքի իրաւունքը, ի նպաստ մարդկութեան ինչպէ՞ս կրնար գործածել։ Ահաւասիկ հոս էր որ Եհովա ուրիշ հրաշք մը գործեց որ յատուկ էր իր տեսակին մէջ։ Գերեզման դրուելուն երրորդ օրը, Եհովա Յիսուսը յարուց մահուընէ, այս անգամ իբրեւ հոգեղէն, անմահ արարած մը։ (Հռովմայեցիս 6։9. Ա. Պետրոս 3։18) Իր յարութեան հաւատք ընծայեցնելու համար, Յիսուս մարդկային մարմիններ առնելով տարբեր առիթներով իր աշակերտներուն երեւցաւ, անգամ մը հինգ հարիւրէ աւելիի։ Անոնցմէ ոչ մէկը՝ ոչ ալ Պօղոս առաքեալ որ յետոյ փառաւորեալ Յիսուսի յայտնուելով կուրացաւ՝ որեւէ պատճառ ունէր տարակուսելու անոր յարութեան հրաշքին։—Ա. Կորնթացիս 15։3–8. Գործք 9։1–9
39. (ա) Յիսուս իր զոհին արժէքը ինչպէ՞ս կը գործածէ, եւ նախ ի նպաստ որո՞ւ։ (բ) Յիսուս ուրիշ ի՞նչ մեծ հրաշքի մասին խօսեցաւ։
39 Քառասուն օր ետք, յարուցեալ Յիսուս երկինքի մէջ Աստուծոյ ներկայութեան համբարձաւ, մարդկութիւնը փրկելու իր կատարեալ մարդկային զոհաբերութեան արժէքը ներկայացնելու համար։ «Բայց ասիկա [Յիսուս] մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին»։ (Եբրայեցիս 10։12, 13) Այս փրկանքին միջոցաւ առաջին փրկուողները հաւատարիմ Քրիստոնեաներու «պզտիկ հօտ» մըն է, որոնք «Քրիստոսիններ»ն են։ (Ղուկաս 12։32. Ա. Կորնթացիս 15։22, 23) Ասոնք «մարդոց մէջէն գնուեցան», եւ ուստի յարութեան մէջ անոնք երկինքի մէջ Քրիստոսի հոգեւոր ընկերակիցները կ’ըլլան։ (Յայտնութիւն 14։1–5) Սակայն, այժմ իրենց գերեզմաններուն մէջ պառկող մարդկութեան մեծ զանգուածները ի՞նչ պիտի ըլլան։ Երկրի վրայ եղած ատեն Յիսուս ըսաւ թէ իր Հայրը դատելու եւ կեանք տալու հեղինակութիւն շնորհած է իրեն։ Ան այսպէս ըսաւ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասնզի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններու [յիշատակի դամբաններու, (ՆԱ)] մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան ... յարութեան համար»։ (Յովհաննու 5։26–29) Ան դրախտ երկրի մը վրայ պիտի հաստատէ կեանքի արժանի եղողները։
40, 41. (ա) Բացատրեցէք թէ «յարութիւն» ըսելով ճիշդ ի՞նչ ըսել կ’ուզուի։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ Աստուծոյ յարութեան խոստումին։
40 Նկատի առէք Յիսուսի խօսքերը. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք»։ Սակայն շատոնց մեռած մէկը ինչպէ՞ս կրնայ մահէն արձակուիլ ու վերակենդանանալ։ Իր մարմինը փոշի դարձած չէ՞։ Անոր մարմինը կազմող մասնիկներէն ոմանք նոյնիսկ իւրացուած կրնան ըլլալ բոյսերու կամ անասուններու պէս կենդանի բաներու մէջ։ Սակայն, յարութիւնը նոյն քիմիական տարրերը դարձեալ իրարու քով բերել չի նշանակեր։ Այլ կը նշանակէ թէ Աստուած նոյն անձը կը վերստեղծէ, նոյն անձնաւորութեամբ։ Անիկա հողային տարրերէն նոր մարմին մը յառաջ կր բերէ եւ այդ մարմինին մէջ կը տեղաւորէ նոյն յատկանիշները, նոյն յատկութիւնները, նոյն յիշողութիւնը, կեանքի նոյն տիպարը զոր այդ անձը կազմած էր մինչեւ իր մահուան ժամանակը։
41 Կրնայ ըլլալ որ ձեր շատ սիրած տունը այրի։ Սակայն դիւրութեամբ նոյն տունը կրնաք շինել տալ, որովհետեւ անոր բոլոր սիրելի մանրամասնութեանց տիպարը շատ յստակ է ձեր յիշողութեան մէջ։ Վստահաբար ուրեմն, յիշողութիւնը Հնարող Աստուածն ալ կրնայ վերստեղծել մարդիկ, զորս իր յիշողութեան մէջ պահած է որովհետեւ զանոնք կը սիրէր։ (Եսայեայ 64։8) Ասոր համար է որ Աստուածաշունչը «գերեզմաններ» կամ «յիշատակի դամբաններ (ՆԱ)» արտայայտութիւնը կը գործածէ։ Երբոր մեռելները դարձեալ ապրեցնելու Աստուծոյ յարմար ատենը գայ, անիկա պիտի գործէ այդ հրաշքը, ճիշդ ինչպէս որ առաջին մարդը ստեղծելու ատեն հրաշք մը գործեց, միայն թէ այս անգամ այդ հրաշքը պիտի կրկնէ շատ անգամ։—Ծննդոց 2։7. Գործք 24։15
42. Երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը ինչո՞ւ կարելի եւ ստոյգ է։
42 Աստուած մարդկութիւնը նորէն պիտի ապրեցնէ, այլեւս երկրի վրայ բնաւ չմեռնելու յոյսով։ Բայց երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը ինչպէ՞ս կարելի է։ Ատիկա կարելի է եւ ստոյգ, որովհետեւ այդ է աստուածային կամքն ու նպատակը։ (Յովհաննու 6։37–40. Մատթէոս 6։10) Այսօր երկրի վրայ մարդուն մեռնելու միակ պատճառը Ադամէն ժառանգած մահն է։ Սակայն, երբ նկատի կ’առնենք երկրի վրայ մարդուն վայելքին համար մտադրուած սքանչելի բաներու անհամար տեսակները, հարիւր տարիէն պակաս կեանքի շրջան մը խիստ կարճ կը թուի։ Այս երկիրը մարդոց որդիներուն տալու մէջ Աստուծոյ նպատակն է որ մարդը Իր ստեղծագործութեան շքեղութիւնները վայելելու համար շարունակ ապրի, ոչ միայն հարիւր, կամ նոյնիսկ հազար տարի, այլ՝ յաւիտեան։—Սաղմոս 115։16. 133։3
Խաղաղութեան Կատարեալ Կառավարութիւնը
43. (ա) Ինչո՞ւ կատարեալ կառավարութեան մը կարիքը կայ։ (բ) Այս նկատմամբ Եհովա ի՞նչ նպատակ ունի։
43 Քանի որ մեր առաջին ծնողքը մերժեցին Աստուծոյ օրէնքը, մարդկային կառավարութիւնները Սատանայի ղեկավարութեան ներքեւ եկան։ Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը Սատանան կը կոչէ «այս աշխարհին աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Մարդոց պատերազմները, անգթութիւնները, ապականութիւնն ու կառավարութեանց անկայունութիւնը այս իրողութիւնը կ’ապացուցանեն։ Ազգերու Դաշնակցութիւնն ու Միացեալ Ազգերը ձախողած են, չկարենալով խառնակութեան մէջէն խաղաղութիւն դուրս բերել։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն բերող կառավարութեան մը համար կը հառաչէ։ Տրամաբանական չէ՞ որ այս երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատելու նպատակ ունեցող Արարիչը կարենայ նաեւ այդ Դրախտին համար կատարեալ կառավարութիւն մը հայթայթել։ Եհովայի նպատակն է ճիշդ այդպէս ընել։ այս կառավարութեան մէջ Զինքը ներկայացնող Թագաւորը իր «Խաղաղութեան Իշխան»ն է՝ Յիսուս Քրիստոս, եւ «անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։—Եսայեայ 9։6, 7
44. (ա) Այս կառավարութիւնը ո՞ւր պիտի ըլլայ։ (բ) Ան ինչպէ՞ս պիտի կազմուի։
44 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ կատարեալ կառավարութիւնը երկինքի մէջ պիտի ըլլայ։ Իր այդ նպաստաւոր դիրքէն, Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս ամբողջ երկիրը արդարութեամբ պիտի կառավարէ։ Ասկէ զատ, անիկա այդ աներեւոյթ, երկնային կառավարութեան մէջ վարչակիցներ պիտի ունենայ։ Անոնք ընտրուած են հաւատարիմ մարդոց մէջէն, Յիսուսի հետեւորդներէն որոնք անոր կառչած մնացին փորձութիւններուն մէջ, եւ որոնց կ’ըսէ. «Ես ձեզի հետ ուխտ մը կ’ընեմ, ճիշդ ինչպէս որ իմ Հայրս ինծի հետ ուխտ մը ըրած է, թագաւորութեան մը համար»։ (Ղուկաս 22։28, 29, ՆԱ) Մարդկութեան մէջէն միայն քիչեր երկինք կ’առնուին Քրիստոս Յիսուսի հետ իշխելու։ Ատիկա այսօրուան ազգերուն մէջ եղածին պէս է, ուր միայն քիչեր կ’ընտրուին խորհրդարանի մէջ իշխելու համար։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոս Յիսուս միայն 144,000 վարչակիցներ պիտի ունենայ։ Ուստի, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կամ երկնային կառավարութիւնը միայն 144,000 իշխանակիցներ պիտի ունենայ։ (Յայտնութիւն 14։1–4. 5։9, 10) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել երկրի մասին։ Սաղմոս 45։16–ը կը յիշէ թէ Թագաւորը «բոլոր երկրի մէջ իշխաններ» պիտի նշանակէ։ Մարդկային «իշխաններ» կամ կառավարական տեսուչներ պիտի նշանակուին երկինքէն, արդարութեան հանդէպ իրենց ունեցած խոր նուիրումին պատճառով։—Բաղդատել Եսայեայ 32։1։
45, 46. (ա) Երկրի վրայ Յիսուսի քարոզչութեան գլխաւոր նիւթը ի՞նչ էր։ (բ) Կատարեալ կառավարութիւնը ինչո՞ւ անմիջապէս չհաստատուեցաւ։ (գ) Մարգարէութեան եւ համաշխարհային դէպքերու մէջ Հ.Դ. 1914–ը ինչպէ՞ս նշանակելի թուական մըն էր։
45 Կատարեալ կառավարութիւնը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հաստատուած է։ Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուսի քարոզչութեան գլխաւոր նիւթն էր այս թագաւորութիւնը։ (Մատթէոս 4։17. Ղուկաս 8։1) Սակայն, ան Թագաւորութիւնը այն ատեն չհաստատեց, ոչ ալ իր յարութեան ժամանակ։ (Գործք 1։6–8) Նոյնիսկ երկինք համբառնալէն ետք, տակաւին պէտք էր սպասէր Եհովայի սահմանած ժամանակին։ (Սաղմոս 110։1, 2. Եբրայեցիս 1։13) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ թէ այդ սահմանեալ ժամանակը եկաւ 1914–ին։ Սակայն, անհատ մը պիտի հարցնէ. ‘Փոխանակ կատարեալ կառավարութեան, 1914–ը համաշխարհային աղէտներու սկիզբը չնշանակե՞ց’։ Հարցը ճիշդ այդ է։ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն եւ վերջին տարիներու աղետալի դէպքերուն միջեւ սերտ կապակցութիւն մը կայ, ինչպէս հիմա պիտի տեսնենք։
46 1914–էն մօտաւորապէս 35 տարիներ առաջուընէ, Դիտարանը (ներկայիս աշխարհի ամենէն մեծ շրջաբերութիւնը ունեցող կրօնական թերթը), 1914–ը մատնանշած էր իբրեւ Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ կարեւոր թուական մը։ Այդ մարգարէութիւնները 1914–ին սկսան նշանակելի կատարում մը ունենալ։ Ատոնցմէ մէկը, 1,900 տարի առաջ Յիսուսի տուած մարգարէութիւնն էր այն «նշան»ին նկատմամբ զոր աշխարհի վերջաւորութեան պիտի երեւնար, եւ պիտի ապացուցանէր թագաւորական զօրութեամբ իր աներեւոյթ ներկայութիւնը։ Այս «նշան»ին մասին իր աշակերտներուն հարցումին պատասխանելով, ան ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են»։ (Մատթէոս 24։3, 7, 8) Աչքառու կատարումով մը, համաշխարհային պատերազմներէն առաջինը 1914–ին սկսաւ, որ անկէ առաջ 2,500 տարիներու 900 պատերազմներէն եօթն անգամ աւելի կործանարար եղաւ։ Անկէ ի վեր տագնապի ցաւերը շարունակած են։ Պատերազմի աւերումներուն, ուտելիքի պակասին, կամ 1914–էն ի վեր աշխարհը հարուածող երկրաշարժներուն փորձառութիւնը դուք ալ ունեցա՞ծ էք։ Եթէ այո, ուրեմն դուք այս աշխարհի «վերջին ժամանակ»ի «նշան»ին ականատես մը եղած էք։—Դանիէլ 12։4
47. Վերջին տարիներուն «նշան»ը իրագործող դէպքերը ինչպէ՞ս շեշտուած են։
47 «Ցաւեր»ը սաստկացան Երկրորդ Աշխարհամարտի միջոցին, որ Առաջին Աշխարհամարտէն չորս անգամ աւելի աւերիչ էր, եւ ներկայ անջրպետային դարուն մէջ Յիսուսի տուած մարգարէութիւնը իրագործելով. «Երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին ... մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։ (Ղուկաս 21։25, 26) Ոճրագործութեան ու չարութեան շատնալը, մանուկներու անհնազանդութիւնն ու յանցագործութիւնը, եւ անաստուածութեան ու անբարոյութեան աճումը, այս վրդովիչ մանրամասնութիւններն ալ գուշակուած էին իբրեւ այս աշխարհի «վերջին օրեր»ը դրոշմող բաներ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–5. Մատթէոս 24։12
48. Երկրի աղէտներուն պատասխանատուն ո՞վ է, եւ 1914–էն ի վեր անոնք ինչո՞ւ շատցած են։
48 Սակայն, եթէ երկնային կառավարութիւնը 1914–ին հաստատուած է, երկրի վրայ ինչո՞ւ այսքան տագնապ կայ։ Բանսարկու Սատանան է պատասխանատուն։ Երբոր Քրիստոս թագաւորութեան իշխանութիւնը ստացաւ, իր առաջին գործն էր՝ աներեւոյթ երկինքի մէջ Սատանայի դէմ պատերազմ մղել։ Որպէս հետեւանք, Սատանան, ‘որ բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’, իր հրեշտակներուն հետ մէկտեղ երկրի շուրջը նետուեցաւ։ Գիտնալով որ իր բնաջնջումը կը մօտենայ, ան երկրի վրայ մեծ նեղութիւն կը գրգռէ։ «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։7–9, 12
49. (ա) ‘Երկիրը աւերողներ’ուն ի՞նչ պիտի պատահի։ (բ) Եհովա ինչպէ՞ս իր «վճիռ»ը ի գործ պիտի դնէ ազգերուն վրայ։
49 Այս վայերը վերջ մը պիտի ունենա՞ն։ Այո՛, երբոր երկինքի կառավարութիւնը, Ամենակալ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գործի անցնի ‘երկիրը աւերողները աւերել’ու համար։ (Յայտնութիւն 11։18. Դանիէլ 2։44) Աստուած երբեք պիտի չթողու որ քաղաքական ուժեր, կեղծ Քրիստոնեաներ կամ ուրիշ ոեւէ մէկը իրենց կորիզային գործիքներով իր ձեռագործը եղող երկիրը աւերեն։ Ընդհակառակը, ան այսպէս կ’ըսէ. «Վճռած եմ ազգերը հաւաքել, թագաւորութիւնները գումարել, որպէսզի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ»։ (Սոփոնիա 3։8) Եհովա, իր Քրիստոսին միջոցաւ, Սատանայի ու երկրի վրայ անոր հետեւող բոլորին վրայ ջախջախիչ կործանում բերելու համար բնութեան մէջ իր իշխանութեան տակ եղած մեծ ուժերը պիտի գործածէ։ Ատիկա համաշխարհային պիտի ըլլայ, Նոյի օրուան ջրհեղեղին նման մեծ տարողութեամբ։—Երեմիա 25։31–34. Բ. Պետրոս 3։5–7, 10
50. (ա) «Արմագեդոն»ը ի՞նչ է։ (բ) Միայն որո՞նք կրնան վերապրիլ Արմագեդոնէն։
50 Չար ազգերու այս կործանումը Աստուածաշունչին մէջ կոչուած է Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմը։ (Յայտնութիւն 16։14–16) Միայն հեզ անձերը, որոնք Եհովան ու արդարութիւնը կը փնտռեն, կրնան Արմագեդոնէն վերապրելով Աստուծոյ խաղաղ նոր դրութիւնը մտնել։ (Սոփոնիա 2։3. Եսայեայ 26։20, 21) Անոնց մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։11) Այն ատեն պիտի սկսի երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատելու հոյակապ գործը։
Դրախտը Մտնելու Համար Դաստիարակութիւն
51. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ հիմա քայլ առնէք։
51 Կ’ուզէ՞ք ապրիլ Դրախտին մէջ։ Եթէ ձեր պատասխանը ‘Այո՛’ է, պիտի հրճուիք գիտնալով որ Յիսուս ներկայ դրութեան նեղութիւններուն եւ անոր մօտալուտ կործանման «նշան»ին մասին խօսած ատեն, աւելցուց. «Այս ազգը [սերունդը ՆԱ] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ 1914–ին «ցաւերուն սկիզբ»ը տեսնող սերունդէն առնուազն ոմանք պիտի ապրին, եւ տեսնեն երկրի վրայ վերահաստատուած Դրախտը։ (Մատթէոս 24։3–8, 34) Սակայն, դժբախտաբար, մարդոց մեծամասնութիւնը հիմա կործանումի տանող լայն ճամբուն մէջ են։ (Մատթէոս 7։13, 14) Անոնց համար շատ քիչ ժամանակ մնացած է։ Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլաք որ Եհովա ձեզի ժամանակին ազդարարութիւն տուած է։ Քանի որ Եհովա կ’ուզէ որ կեանք ունենաք, ինք պիտի օգնէ ձեզի շիտակ քայլը առնելու։—Բ. Պետրոս 3։9. Եզեկիէլ 18։23
52. Կրօնքի իմաստուն ընտրութիւն մը ընելու համար, ի՞նչ բանի կարիքը ունիք։
52 Հիմա դուք ստիպողական կարիքը ունիք ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4. Յովհաննու 17։3) Այս գիտութիւնը ո՞ւր կրնաք գտնել։ Արդեօք որեւէ կրօնքի մէջ կրնա՞ք գտնել։ Ոմանք կ’ըսեն թէ բոլոր կրօնքներն ալ նոյն նպատակի կը ծառայեն, ինչպէս որ լեռան մը բոլոր արահետները դէպի գագաթ կ’առաջնորդեն։ Որքա՜ն սխալ մտածելակերպ մըն է ասիկա։ Շիտակ արահետը գտնելու համար, լեռ մագլցողները քարտէս կը գործածեն, եւ առաջնորդներ կը վարձեն։ Նմանապէս միայն մէկ ճշմարիտ կրօնք կայ որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ եւ զայն գտնելու համար առաջնորդութեան կը կարօտիք։—Գործք 8։26–31
53. (ա) Յաւիտենական կեանք շահելու համար ի՞նչ պէտք է շարունակէք ընել։ (բ) Սատանայի կողմէ եկած ո՞ր փորձութիւնները պէտք է յաղթահարէք։
53 Եհովայի Վկաներուն կողմէ պատրաստուած այս գրքոյկին նպատակն է ձեզ օգնել։ Ան արդէն օգնեց ձեզի որ Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները հասկնաք, այդպէս չէ՞։ Անկասկած, անհատապէս հաստատեցիք որ հոս տրուած բոլոր կէտերն ալ հիմնուած են Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին վրայ։ Հիմա, պէտք է շարունակէք սորվիլ որպէսզի հասնիք ձեր նպատակակէտին։ Ինչպէս որ պատշաճ ուսում մը անհրաժեշտ է որպէսզի անհատ մը ներկայ մարդկային ընկերութեան մէջ տեղ մը գրաւէ, նմանապէս սուրբ գրային պատշաճ դաստիարակութիւն մը անհրաժեշտ է, որպէսզի անհատ մը պատրաստ ըլլայ մտնելու այն ընկերութեան մէջ, որ վերապրելով պիտի անցնի Դրախտ երկրի մը վրայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Սատանան կրնայ ջանալ ձեզ շփոթեցնել, պատճառ դառնալով որ ձեզի մտերիմ եղողները հակառակին ձեզի, եւ կամ ձեզ փորձէ անձնասէր նիւթապաշտ կամ անբարոյ կերպերով։ Սատանայի տեղի մի՛ տաք։ Ձեր ապահովութիւնը եւ ձեր ինչպէս նաեւ ձեր ընտանիքին ապագան, Աստուածաշունչի յաւելեալ ուսումնասիրութենէն կախեալ է։—Մատթէոս 10։36. Ա. Յովհաննու 2։15–17
54. Եհովա դաստիարակչական ի՞նչ յաւելեալ հայթայթումներ ըրած է ձեր թաղամասին մէջ։
54 Աստուածաշունչի ձեր ներկայ ուսումնասիրութենէն զատ ուրիշ կերպ մըն ալ կայ սորվելու։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուած ձեր դրացիները, կանոնաւորաբար ներկայ կ’ըլլան Թագաւորութեան Սրահի ժողովներուն։ Հոն ներկայ եղողներուն բոլորը Աստուածաշունչով կը դաստիարակուին եւ անկեղծօրէն կը ջանան աւելի լաւ անհատներ ըլլալ։ Անոնք պատրաստակամօրէն բարի գալուստ կը մաղթեն նորեկներուն, ըսելով. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը (իր պաշտամունքի վայրը) ... ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ (Եսայեայ 2։3) Սուրբ գրային ժողովներուն յաճախելու լաւ պատճառները բացատրուած են Եբրայեցիս 10։24, 25–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։
55. (ա) Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչ կերպերով կը տարբերի միւսներէն։ (բ) Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս յատուկ են իրենց միութեամբ։
55 Երբ Եհովայի կազմակերպութեան հետ կ’ընկերակցիք, պիտի նկատէք որ եկեղեցիներէն եւ տաճարներէն շատ տարբեր է հոն մթնոլորտը։ Հոն հանգանակութիւն, չարախօսութիւն կամ կռիւ չկայ, ոչ ալ ընտանեկան ծագումի կամ նիւթական վիճակի խտրականութիւն կայ։ Եհովայի Վկաներուն աչքառու յատկութիւններէն մէկը սէրն է։ Անոնք նախ Եհովան կը սիրեն, եւ ապա իրենց դրացիները։ Ասոնք են ճշմարիտ Քրիստոնեաներու յատկանիշները։ (Մատթէոս 22։37–39. Յովհաննու 13։35) Պէ՛տք է անոնց ժողովներուն ներկայ գտնուիք եւ անձամբ հաստատէք մեր ըսածը։ Անկասկած պիտի տպաւորուիք անոնց միութիւնը տեսնելով։ Երեք միլիոնէ աւելի Վկաներ կան, աւելի քան 200 երկիրներու մէջ։ Սակայն, համայն երկրի Վկաները ժողովքային նոյն յայտագրին կը հետեւին։ Իսկ շատ մը լեզուներով միաժամանակ տպագրութեամբ, իրենց շաբաթական ժողովներուն, Եհովայի Վկաներուն մեծամասնութիւնը սուրբ գրային նոյն նիւթերը կ’ուսումնասիրեն, իրարմէ մի քանի ժամ տարբերութեամբ։ Եհովայի կազմակերպութեան միութիւնը մեր օրերուն հրաշք մըն է, այս պառակտուած աշխարհին մէջ։
56. (ա) Ի՞նչ օգուտներ կրնաք քաղել, Եհովայի կազմակերպութեան հետ ընկերակցելով։ (բ) Երբ խնդիրներ ծագին, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդէք։ (գ) Ինչո՞ւ կարեւոր է ձեր կեանքը Եհովայի նուիրել։
56 Երբ կանոնաւորաբար կ’ընկերակցիք Եհովայի ժողովուրդին հետ, կարիքը պիտի ունենաք «նոր անձնաւորութիւնը» հագնելու եւ Աստուծոյ հոգիին պտուղները մշակելու, որոնք են՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Կողոսացիս 3։10, 12–14. Գաղատացիս 5։22, 23) Ասիկա ձեզի խոր գոհունակութիւն պիտի տայ։ Երբեմն կրնաք խնդիրներ ունենալ, որոնք պէտք է յաղթահարէք, քանի որ ապականած աշխարհի մը մէջ կ’ապրիք եւ անկատար էք։ Բայց Եհովա պիտի օգնէ ձեզի։ Իրեն անկեղծօրէն հաճեցնել ջանացողներուն, Աստուծոյ Խօսքը կ’երաշխաւորէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Եհովայի սիրով պիտի հրապուրուիք, այնպէս որ պիտի ուզէք իրեն ծառայել։ Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ ձեզի ցոյց պիտի տան թէ ինչպէս կրնաք ձեր կեանքը նուիրել այս սիրալիր Աստուծոյ եւ իր առանձնաշնորհեալ վկաներէն մէկը ըլլալ։ (Սաղմոս 104։33. Ղուկաս 9։23) Այո, առանձնաշնորհո՛ւմ մըն է։ Խորհեցէք վայրկեան մը. Որպէս Եհովան պաշտող մը, հոս դրախտային երկրի մը վրայ, յաւիտենական կեանքի նպատակակէտին կրնաք ցանկալ։—Սոփոնիա 2։3. Եսայեայ 25։6, 8
57. (ա) Նոր Դրութեան մէջ Եհովայի եւ երկրի վրայ զինք պաշտողներուն միջեւ ի՞նչ սերտ յարաբերութիւն մը պիտի ըլլայ։ (բ) Այն ատեն ձեր վայելելիք օրհնութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։
57 Ուրեմն շարունակեցէք ուսումնասիրել, ու Եհովա Աստուած եւ Իր Որդին ու արդարութեան երկնային կառավարութիւնը սիրելու եւ գնահատելու մէջ աճեցէք։ Աստուծոյ կառավարութիւնը եւ մարդկութեան վրայ անոր թափելիք օրհնութիւնները նկարագրելու ատեն, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը [վրանը ՆԱ] մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը»։ «Աստուած ինք», որ այսօրուան շահախնդիր, եւ աւերիչ մարդկային իշխանութիւններէն գերիվեր է, իբրեւ բարի Հայր մը շատ մօտիկ պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք այդ նոր դրութեան մէջ զինք կը սիրեն, ու կը պաշտեն։ Արդարեւ, այնտեղ միայն մէկ կրօնք պիտի ըլլայ, Եհովա Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքը, եւ իր երկրպագուները պիտի վայելեն հօր–զաւկի սերտ յարաբերութիւնը։ Ի՜նչ սիրալիր Հայր մը ըլլալը ցոյց պիտի տայ ան։ «Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
58. Ինչպէ՞ս կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ թէ Եհովա ‘ամէն բաները նոր պիտի ընէ’։
58 Այսպէս երկնային կատարեալ կառավարութեան մը հրամանին ներքեւ դրախտային երկիր մը հաստատելու մեծ հրաշքը իրագործուած պիտի ըլլայ։ Ասիկա նոյնքան ստոյգ է որքան վաղը առտու արեւուն ծագիլը, քանի որ երկինքի ու երկրի Արարիչ Եհովա Աստուծոյ խոստումները միշտ «ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։ Ան է որ երկինքի մէջ իր աթոռէն կը յայտարարէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։—Յայտնութիւն 21։5
Այս գրքոյկը ուսումնասիրելէ ետք, ինչպէ՞ս կրնաք պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն.
Ի՞նչ կերպով Աստուածաշունչը ուշագրաւ է։
Ի՞նչ սորվեցաք Աստուծոյ մասին։
Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս։
Ո՞վ է Բանսարկու Սատանան։
Ինչո՞ւ Աստուած թոյլատրած է չարիքը։
Ինչո՞ւ մարդը կը մեռնի։
Ի՞նչ է մեռելներու վիճակը։
Ի՞նչ է փրկանքը։
Ո՞ւր եւ ե՞րբ յարութիւնը տեղի կ’ունենայ։
Ի՞նչ է Թագաւորութիւնը, եւ ան ի՞նչ պիտի իրագործէ։
Ի՞նչ է «աշխարհի վերջին [իրերու դրութեան վախճանին] նշանը»։
Ինչպէ՞ս կրնաք պատրաստուիլ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու համար։
[Ստորանիշներ]
a Վերոյիշեալը փաստող Սուրբ Գրոց վկայութիւններ. (1) Գործք 17։26. Սաղմոս 46։9. Միքիա 4։3, 4. Եսայեայ 65։21–23. (2) Եսայեայ 65։25. 11։6–9. 55։12, 13. Սաղմոս 67։6, 7. (3) Յոբ 33։25. Եսայեայ 35։5, 6. 33։24. Սաղմոս 104։24. (4) Եսայեայ 55։11
b Եթէ յիշեցում չըլլայ, այս գրքոյկին բոլոր Սուրբ Գրային ակնարկումները Արեւմտահայերէն Վերստուգուած թարգմանութենէն առնուած են։
c Միապետներ, Գերեզմաններ եւ Ժողովուրդներ—Արեւելքի Արշալոյսը, էջ 25, (Անգլերէնով)
d Cyclopedia of Biblical, Theological, and Ecclesiastical Literature, by J. McClintock and J. Strong, Volume 8, page 908.
[Նկարներ՝ էջ 13]
Մարդը անասուններէն շատ գերիվեր է
[Նկար՝ էջ 18]
Յիսուս կատարեալ մարդուն՝ Ադամի հաւասար էր