Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուի
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Դաս 21։ Մարդ մը փողոցի մը մէջ կը խօսի երկու Վկաներու հետ, որոնք հրատարակութիւններու սայլակի մը քով կեցած են։

      ԴԱՍ 21

      Բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուի

      Մօտ օրէն, Եհովան իր Թագաւորութեան միջոցաւ, մեր բոլոր խնդիրներուն վերջ պիտի դնէ։ Ատիկա այնքա՛ն աղուոր լուր մըն է, որ չենք ուզեր մեզի պահել։ Յիսուս ուզեց, որ իր հետեւորդները այս լուրը ամէնուն տան (Մատթէոս 28։19, 20)։ Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս Յիսուսին պատուիրածը կ’ընեն։

      1. Մատթէոս 24։14–ը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի

      Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։14)։ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ այս կարեւոր գործին կը մասնակցին։ Մենք աշխարհի չորս կողմը բարի լուրը կը քարոզենք աւելի քան 1000 լեզուներով։ Այս հսկայական գործը կը պահանջէ մեծ ջանքեր եւ կազմակերպում։ Առանց Եհովայի օգնութեան, անկարելի է զայն ընել։

      2. Ի՞նչ ջանքեր կ’ընենք մարդոց քարոզելու համար

      Կը քարոզենք ո՛ւր որ կրնանք մարդիկ գտնել։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, «տունէ տուն» կը քարոզենք (Գործք 5։42, ՆԱ)։ Այս կերպով կրնանք ամէն տարի միլիոնաւոր մարդոց քարոզել։ Եւ որովհետեւ մարդիկ միշտ տունը չեն ըլլար, շատ մը հանրային վայրերու մէջ ալ կը քարոզենք։ Միշտ առիթներ կը փնտռենք, որպէսզի ուրիշներուն խօսինք Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին։

      3. Ո՞վ պէտք է բարի լուրը քարոզէ

      Բոլոր իսկական քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնն է՝ բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել։ Մեր այս պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնենք։ Մեր պարագաներուն համաձայն մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ քարոզենք, քանի որ գիտենք թէ մեր քարոզածը կրնայ մարդոց կեանքը փրկել (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։16)։ Այս գործը ընելու համար դրամ չենք առներ, քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։7, 8)։ Ո՛չ բոլորը մեր պատգամը կ’ընդունին։ Բայց մենք կը շարունակենք քարոզել, քանի որ ատիկա մեր պաշտամունքին մէկ մասն է եւ Եհովային սիրտը կ’ուրախացնէ։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Տե՛ս թէ Եհովայի վկաները ի՛նչ ջանքեր կը թափեն աշխարհի չորս կողմը քարոզելու համար եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց կ’օգնէ։

      Ա. Երկու Վկաներ մարդու մը կը քարոզեն բլուրի մը վրայ, Քոսթա Ռիքայի մէջ։ Բ. Միացեալ Նահանգներուն մէջ, չորս Վկաներ ձկնորսներու կը քարոզեն նաւահանգիստի մը մէջ։ Գ. Պենինի մէջ, երկու Վկաներ մարդու մը կը քարոզեն գիւղի մը մէջ։ Դ. Թայլանտի մէջ, Վկայ մը նաւակի մը մէջ պտուղ ծախող կնոջ մը կը քարոզէ։ Ե. Եափի մէջ, երկու Վկաներ կնոջ մը կը քարոզեն մեծ քարերու առջեւ։ Զ. Շուէտի մէջ, երկու Վկաներ կնոջ մը կը քարոզեն ձիւնոտ փողոցի մը մէջ։

      Աշխարհի չորս կողմը կը քարոզենք. Ա) Քոսթա Ռիքա, Բ) Միացեալ Նահանգներ, Գ) Պենին, Դ) Թայլանտ, Ե) Եափ, Զ) Շուէտ

      4. Շատ ջանք կը թափենք որ բոլոր մարդոց քարոզենք

      Եհովայի վկաները ծանր կ’աշխատին, որ բարի լուրը ամէն տեղ քարոզեն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Կը քարոզենք մինչեւ «երկրին ծայրերը» (7։38)

      • Ի՞նչ բան ուշադրութիւնդ կը գրաւէ Եհովայի վկաներուն ըրած ջանքերուն նկատմամբ, որ քարոզեն։

      Կարդացէ՛ք Մատթէոս 22։39 եւ Հռովմայեցիս 10։13-15 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Մեր ծառայութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մեր ընկերը կը սիրենք։

      • Եհովան ի՞նչ կը զգայ բարի լուրը քարոզողներուն հանդէպ (տե՛ս համար 15)։

      5. Մենք Աստուծոյ գործակից ենք

      Շատ մը փորձառութիւններ ցոյց կու տան, որ Եհովան մեր գործը կ’առաջնորդէ։ Օրինակ, Նոր Զելանտայի մէջ Փոլ անունով եղբայր մը կը պատմէ, որ օր մը կին մը կէսօրէ առաջ Աստուծոյ աղօթեց, գործածելով Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, եւ խնդրեց որ մէկը իրեն այցելէ։ Անոր աղօթքէն երեք ժամ ետք, Փոլը անոր դուռը զարկաւ, մինչ տունէ տուն կը ծառայէր։

      Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 3։9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Նոր Զելանտայի մէջ եղած փորձառութիւնը եւ նման փորձառութիւններ ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ Եհովա՛ն քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ։

      Կարդացէ՛ք Գործք 1։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի կարենանք մեր ծառայութիւնը կատարել։

      Գիտէի՞ր

      Ամէն շաբաթ, մեր միջշաբաթային ժողովին մէջ մարզում կը ստանանք քարոզելու համար։ Եթէ այդ ժողովներէն մէկուն ներկայ եղած ես, ի՞նչ է կարծիքդ տրուած մարզումին նկատմամբ։

      Երկու Վկաներ ժողովի մը ընթացքին կը ցուցադրեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարի լուրը քարոզել։

      6. Քարոզելու Աստուծոյ պատուէրին կը հնազանդինք

      Առաջին դարուն, հակառակորդները փորձեցին Յիսուսի հետեւորդները արգիլել քարոզելէ։ Բայց քրիստոնեաները քարոզելու իրենց իրաւունքը պաշտպանեցին, ‘բարի լուրը օրինապէս հաստատելով’ (Փիլիպպեցիս 1։7, ՆԱ)։ Ներկայիս, Եհովայի վկաները նոյն բանը կ’ընենa։

      Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

      ՎԻՏԷՕ. Բարի լուրը օրինաւոր կերպով պաշտպանել (2։28)

      Կարդացէ՛ք Գործք 5։27-42 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ քարոզելէ պիտի չկենանք (տե՛ս համար 29, 38 եւ 39)։

      ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Եհովայի վկաները ինչո՞ւ տունէ տուն կը քարոզեն»։

      • Ի՞նչ կը պատասխանես։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ բարի լուրը բոլոր ազգերուն քարոզեն։ Եհովան իր ծառաներուն կ’օգնէ, որ այս գործը ընեն։

      Վերաքաղ

      • Բարի լուրը ինչպէ՞ս աշխարհի չորս կողմը կը քարոզուի։

      • Մեր ծառայութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մեր ընկերը կը սիրենք։

      • Կը կարծե՞ս որ քարոզելը կրնայ մեզ ուրախացնել։ Ինչո՞ւ։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Տե՛ս թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս մեծ քաղաքներու մէջ մարդոց կը քարոզեն։

      Յատուկ հանրային վկայութիւն Փարիզի մէջ (5։11)

      Եհովայի վկաները ի՞նչ ըրած են, որ գաղթականներուն օգնեն։

      Գաղթականներուն հոգեւոր պէտքերը գոհացնել (5։59)

      Նկատի առ կնոջ մը բացատրութիւնը, թէ ինչո՛ւ ուրախ է որ իր կեանքը անցուց քարոզելով։

      Ուրախ եմ որ այս գործը զատեցի (6։29)

      Նկատի առ դատական կարեւոր յաղթանակներ, որոնք բարի լուրի քարոզչութիւնը յառաջ տարած են։

      «Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն» (Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛, գլուխ 13)

      a Աստուած է, որ մեզի կու տայ քարոզելու պատուէրը։ Անոր համար Եհովայի վկաները պէտք չունին մարդկային իշխանութիւններէն արտօնութիւն առնելու, որպէսզի բարի լուրը քարոզեն։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կ’իշխէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 5. 1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է

      Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

      ՎԻՏԷՕ. 1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է (1։10)

      Յիսուս մարգարէացաւ որ աշխարհին մէջ ի՛նչ վիճակներ պիտի տիրէին, ինք Թագաւոր ըլլալէն ետք։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 21։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Այս վիճակներէն որո՞նք տեսած ես կամ լսած ես։

      Պօղոս առաքեալ նկարագրեց, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի ըլլային մարդկային իշխանութեան վերջին օրերուն ընթացքին։ Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 3։1-5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Նկատա՞ծ ես որ մարդիկ այսպէս կը վարուին։

      Տեսարաններ ցոյց կու տան աշխարհի վիճակները վերջին օրերուն։ 1. Զինուորական առաջնորդ մը ամպիոնի վրայ կը պոռայ՝ իր ձեռքը բարձրացուցած։ 2. Երկրաշարժէ փլած շէնքեր։ 3. Զինուորական օդանաւեր։ 4. Խումբ մը մարդիկ դիմակներ դրած՝ փողոցը կը քալեն։ 5. Նիւ Եորքի մէջ, «Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոն»ը ահաբեկչական յարձակումէն ետք կրակներու մէջ է։ 6. Մարդ մը թմրեցուցիչ կը գործածէ։ 7. Ամուսին մը կը պոռայ իր խեղճ կնոջ վրայ։ 8. Տեսակ–տեսակ թմրեցուցիչներ եւ խմիչքներ։ 9. Երկու կիներ նորաձեւ հագուստներով եւ զարդերով իրենք զիրենք կը նկարեն։ 10. «Տի. Ճէյ.» մը համերգի մը ատեն ամբոխը կ’առաջնորդէ։ 11. Խռովարար մը բան մը նետելու վրայ է։

      6. Ցոյց տուր որ կը հաւատաս, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ

      Կարդացէ՛ք Մատթէոս 24։3, 14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Ի՞նչ կարեւոր գործ մը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ։

      • Ինչպէ՞ս կրնաս այս գործին մասնակցիլ։

      Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ, եւ շուտով կը հասնի այն օրը, երբ ամբողջ երկրի վրայ լիովին պիտի իշխէ։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 10։24, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է ընենք, մինչ «այն օրուան մօտենալը» կը տեսնենք։

      1. Սուրբ Գիրքը սերտող կին մը Եհովայի վկաներու ժողովի մը ներկայ է։ 2. Նոյն կինը իր ծանօթին կը քարոզէ։

      Եթէ գիտնայիր բան մը, որ կրնայ ուրիշներուն օգնել եւ ազատել, ի՞նչ կ’ընէիր

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել