Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 2 էջ 8-10
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՅԻՍՈՒՍԻ ՆՇԱԾ ԴԷՊՔԵՐԸ
  • ՆՇԱՆԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ մարգարէացաւ մեծ երկրաշարժներու մասին
    Ուրիշ նիւթեր
  • Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Դրախտը՝ մօտ է
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Աշխարհին վերջը մօ՞տ է
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 2 էջ 8-10
Եհովայի վկայ մը հրաւիրագիր կու տայ կնոջ մը, որ հրատարակութիւններու սայլակին քով կանգ առած է։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ երկրի վրայ պիտի իշխէ

Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդներէն ոմանք ուզեցին գիտնալ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի սկսէր իշխել։ Յիսուս իրենց հարցումին պատասխանեց, ըսելով որ պիտի չգիտնային թէ Թագաւորութիւնը ճիշդ ե՛րբ պիտի իշխէր երկրի վրայ (Գործք 1։6, 7)։ Բայց անկէ առաջ, ան անոնց ըսած էր, որ երբ որոշ դէպքերու միաժամանակ կատարուիլը տեսնէին, ‘պիտի գիտնային թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ էր’ եւ թէ երկրի վրայ անոր իշխելու ժամանակը հասած էր (Ղուկաս 21։31)։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՆՇԱԾ ԴԷՊՔԵՐԸ

Յիսուս ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ. եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։10, 11)։ Մատնադրոշմ կազմող գիծերուն նման, բոլոր այս դէպքերը միասնաբար կը կազմեն յստակ նշան մը։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ մատնադրոշմը մասնայատուկ անձ մը կը բնորոշէ, նոյնպէս այս բոլոր դէպքերը միաժամանակ պատահելով ցոյց կու տան, թէ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է»։ Արդեօք ատոնք իրապէս միեւնոյն ատեն եւ համաշխարհային տարողութեամբ պատահա՞ծ են։ Տե՛ս ապացոյցները։

1. ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ

Պատերազմական օդանաւեր, թանքեր եւ հրթիռներ։

1914–ին, սկսաւ պատերազմ մը, որուն նմանը բնա՛ւ չէ եղած ամբողջ պատմութեան մէջ։ Պատմաբանները յաճախ 1914 թուականը պատմութեան մէջ դարձակէտ կը նկատեն, քանի որ այդ տարին առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ համաշխարհային պատերազմ մը։ Անոր ընթացքին, մեծ տարողութեամբ զէնքեր գործածուեցան, ինչպէս՝ թանքեր, գնդացիրներ, թունաւոր կազեր եւ օդանաւերով ռմբակոծում։ Ատոր յաջորդեց Համաշխարհային Բ. պատերազմը, որուն ընթացքին աթոմական զէնքը շինուեցաւ եւ սկսաւ գործածուիլ։ 1914–էն ի վեր, տեղ–տեղ պատերազմներ կը մղուին, եւ ատոնք միլիոնաւորներու կեանքը խլած են։

2. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺՆԵՐ

Երկրաշարժ մը պատճառ կը դառնայ որ շէնքեր փլին։

Ամէն տարի շուրջ 100 երկրաշարժներ տեղի կ’ունենան, որոնք «մեծ վնասներ» կը պատճառեն, ըստ Britannica Academic–ի։ Իսկ տեղեկագիր մը կը նշէ, որ «(մօտաւորապէս 1900–էն ի վեր) եղող արձանագրութիւններու համաձայն, կ’ակնկալենք որ ամէն տարի շուրջ 16 մեծ երկրաշարժներ տեղի ունենան» (United States Geological Survey)։ Թէեւ ոմանք կը սեպեն թէ ներկայիս աւելի՛ երկրաշարժներ տեղի կ’ունենան, պարզապէս քանի որ արդի սարքերով աւելի կը գիտցուին, սակայն իրողութիւնը այն է, որ աշխարհի տարածքին մեծ երկրաշարժները աննախընթաց կերպով կը պատճառեն տառապանք ու մահ։

3. ՍՈՎԵՐ

Ցուցակ մը ցոյց կու տայ ցորենի արտադրութեան նուազում։

Համայն աշխարհի մէջ սովեր տեղի կ’ունենան՝ պատերազմին, փտածութեան, տնտեսական լուրջ խնդիրներու, անյաջող հողագործութեան, կամ օդի խիստ պայմաններուն առաջքը չառնելուն պատճառաւ։ «Սնունդի համաշխարհային ծրագիր»ի «2018–ի գործունէութեան տեղեկագիրը» կ’ըսէ, որ համայն աշխարհի մէջ, 821 միլիոն մարդ բաւարար ուտելիք չունի, իսկ անոնցմէ 124 միլիոնը անօթի կը մնայ։ Յոռի սննդառութեան պատճառաւ, ամէն տարի շուրջ 3,1 միլիոն երեխայ կը մեռնի։ Օրինակ, 2011–ին, աշխարհի տարածքին մահացած երեխաներուն 45 առ հարիւրը անոր վերագրուեցաւ։

4. ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐ

Կենսաքիմիական եւ պակտէրիաներու վտանգի նշաններ։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէկ հրատարակութիւնը կը նշէ. «21–րդ դարը արդէն ճանչցուած է մեծ համաճարակներով։ Հին հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ քոլերան, ժանտախտը եւ դեղին տենդը, վերադարձած են, եւ նոր հիւանդութիւններ մէջտեղ ելած են, ինչպէս՝ ՍԱՐՍ–ը (ծանրակշիռ սուր շնչառական համախտանիշ), համավարակ կրիփը, ՄԸՐՍ–ը (միջինարեւելեան շնչառական համախտանիշ), Իպոլան եւ Զիքան»։ Իսկ վերջերս ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը հարուածեց։ Թէեւ գիտնականներն ու բժիշկները հիւանդութիւններու մասին շատ բան գիտցած են, բայց չեն կրցած բոլոր հիւանդութիւններուն դարմանում գտնել։

5. ԱՇԽԱՐՀԱԾԱՒԱԼ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ

Երկրագունդին կը շրջապատէ նետաձեւ նշան մը եւ անոր քով բացուած Սուրբ Գիրք մը կայ։

Յիսուս նշանին ուրիշ մէկ երեսակը նշեց, երբ մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Մինչ աշխարհը ահռելի խնդիրներ կը դիմագրաւէ, աւելի քան ութ միլիոն անհատ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը կը քարոզեն 240 երկիրներու մէջ, աւելի քան 1000 լեզուներով։ Այսպիսի բան մը պատմութեան մէջ բնա՛ւ չէ պատահած։

ՆՇԱՆԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Այն դէպքերը, որոնք կը կազմեն Յիսուսի տուած նշանը, ներկայիս կը պատահին։ Ինչո՞ւ այս իրողութեամբ պէտք է հետաքրքրուինք։ Քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21։31)։

Յիսուս երկինքին մէջ որպէս Թագաւոր գահի մը վրայ նստած է, մինչ երկիրը դրախտային վիճակի մէջ է։

Շուտով, Թագաւորութիւնը վստահ պիտի ըլլայ որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի

Յիսուսի տուած նշանը եւ Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը մեզի կ’օգնեն ըմբռնելու, թէ 1914–ին Աստուած իր Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ հաստատեցa։ Այդ ատեն, ան իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, Թագաւոր ըրաւ (Սաղմոս 2։2, 4, 6-9)։ Մօտ ատենէն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի իշխէ, եւ բոլոր կառավարութիւնները մէջտեղէն պիտի վերցնէ ու երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, ուր մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին։

Մօտ ատենէն, Յիսուսի սորվեցուցած տիպար աղօթքին խօսքը պիտի կատարուի. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Սակայն 1914–էն ի վեր, Թագաւորութիւնը ի՞նչ կ’ընէ։ Եւ ի՞նչ կրնանք ակնկալել, երբ Թագաւորութիւնը մարդկութեան վրայ ամբողջովին իշխէ։

a 1914 թուականին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ գիտնալու համար, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 32–րդ դասը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել