Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 5/1 էջ 6-8
  • Վերջը մօ՞տ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վերջը մօ՞տ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
  • Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
  • Բարի լուրը՝ զոր կ’ուզեն որ լսէք
    Եհովայի վկաներ՝ որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները
  • Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Զարթի՛ր 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 5/1 էջ 6-8

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Վերջը մօ՞տ է

Աստուած թոյլ պիտի տա՞յ որ մարդիկ շարունակեն իրարու վրայ իշխել եւ մարդկութեան ապագային սպառնալ։ Ո՛չ։ Ինչպէս որ տեսանք, ան պիտի միջամտէ եւ դարաւոր թշուառութեան եւ տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ Մարդոց եւ երկրագունդի Ստեղծիչը կ’ուզէ որ տեղեակ ըլլաս, թէ իր գործի լծուելու ժամանակը կը մօտենայ։ Ան ինչպէ՞ս կը յայտնէ այդ կարեւոր տեղեկութիւնը։

Նկատի առ այս լուսաբանութիւնը։ Երբ ինքնաշարժով տեղ մը կը ճամբորդես, հաւանաբար սկիզբը կը դիմես առցանց աղբիւրներու, քարտէսներու եւ գրաւոր ուղղութիւններու։ Բաւական քշելէ ետք, մինչ ուղղութիւններուն համապատասխանող ցուցատախտակներ եւ ուղենիշներ կը տեսնես, վստահ կ’ըլլաս որ որոշեալ վայրիդ կը մօտենաս։ Նմանապէս, Աստուած մեզի տուած է իր Խօսքը, որ կը նկարագրէ համաշխարհային ուշագրաւ փոփոխութիւններ։ Մինչ այդ ուղենշող դէպքերուն կատարուիլը կը տեսնենք, կը համոզուինք որ կ’ապրինք այն ժամանակաշրջանին մէջ, որուն պիտի յաջորդէ «վերջ»ը։

Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ աշխարհի պատմութեան մէջ եզակի եւ առանցքային ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ, որ պիտի հասցնէ «վերջ»ին։ Այդ ժամանակը պիտի տեսնէ այնպիսի աշխարհածաւալ դէպքերու եւ պայմաններու ամբողջութիւն մը, որուն նմանը բնաւ չէ եղած մարդկային պատմութեան մէջ։ Նկատի առ Աստուածաշունչին նշած կարգ մը երեսակները։

1. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐ։ Մատթէոս 24–րդ գլուխը կը թուէ շարք մը դէպքեր, որոնք բաղադրեալ նշան մը պիտի կազմէին։ Այդ նշանը ցոյց պիտի տար որ «աշխարհի վախճանը» (ԱԾ) հասած էր եւ մարդկութիւնը պիտի առաջնորդէր այն ժամանակին, երբ «վերջը պիտի գայ» (համար 3, 14)։ Այդ դէպքերը կը պարփակեն մեծ պատերազմներ, սովեր, տեղ տեղ երկրաշարժներ, անօրէնութեան յաւելում, սիրոյ պակաս եւ կրօնական առաջնորդներու կողմէ մարդիկը մոլորեցնելու խորամանկ ջանքեր (համար 6-26)։ Ճիշդ է որ այսպիսի դէպքեր դարերէ ի վեր տեղի ունեցած են որոշ չափով, բայց մինչ վերջը կը մօտենայ, անոնք բոլորը միեւնոյն տագնապալից ժամանակամիջոցին պիտի պատահէին։ Անոնց նաեւ պիտի ընկերակցէին յաջորդ երեք ազդանշանները։

2. ՄԱՐԴՈՑ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «վերջին օրերը»,– աշխարհի «վերջ»ին հասցնող ժամանակամիջոցը,– պիտի բնորոշուին մարդկային վերաբերմունքի ուշագրաւ անկումով։ Կը կարդանք. «Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4)։ Ճիշդ է որ ընկեր արարածին հանդէպ յարգանքի պակասը նորութիւն մը չէ, բայց միայն «վերջին օրեր»ո՛ւն է որ այդ ոգին պիտի սաստկանար այն աստիճան, որ ժամանակաշրջանը կոչուէր «չար ժամանակներ»։ Նկատա՞ծ ես մարդոց վերաբերմունքի այս անկումը։

3. ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԸ Կ’ԱՊԱԿԱՆՈՒԻ։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ, թէ Աստուած «պիտի ապական[է] երկիրը ապականողները» (Յայտնութիւն 11։18)։ Մարդիկ ի՞նչ կերպերով պիտի ապականէին երկիրը։ Համանման նկարագրութիւն մը տրուած էր Նոյի օրերուն առնչութեամբ. «Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ [«բռնութեամբ», ԱԾ] լեցուեցաւ։ Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր»։ Ուստի Աստուած այդ փտած ընկերութեան վրայով ըսաւ. «Զանոնք. . . պիտի աւերեմ» (Ծննդոց 6։11-13)։ Չե՞ս նկատած, որ երկիրը հետզհետէ աւելի բռնութեամբ կը լեցուի։ Ասկէ զատ, մարդ արարածը պատմութեան իւրայատուկ մէկ հանգրուանին հասած է. մարդիկ կարողութիւնը ունին երկրագունդը բառացիօրէն աւերելու, ամբողջ մարդկային ցեղը վերացնելով երկրի երեսէն։ Հարկ եղած զէնքերը առկայ են։ Աւելին, երկրագունդը ուրիշ կերպով ալ կ’ապականուի։ Երկիր մոլորակի կենսապահ համակարգերը,– մեր շնչած օդը, անասնական եւ բուսական աշխարհները, ովկիանոսները,– շարունակ կը քայքայուին մարդոց յոռի ղեկավարութեան պատճառով։

Դուն քեզի հարց տուր. «Միայն մէկ դար առաջ, մարդկութիւնը պէտք եղած ուժը ունէ՞ր ինքզինք ամբողջովին կործանելու»։ Իսկ այժմ, մարդիկ այդ ձեռք ձգուած ուժը երեւան կը հանեն՝ յառաջացած զինամթերք կուտակելով եւ միջավայրը աւերելով։ Ըստ երեւոյթին, արհեստագիտութիւնը ա՛յնքան արագ կը զարգանայ, որ մարդիկ չեն հասնիր ատոր հետեւանքները ըմբռնելու կամ հակակշռելու։ Սակայն մոլորակին ապագան մարդուն ձեռքը չէ։ Առաջ որ երկրի երեսէն ամէն կենդանութիւն ոչնչացուի, Աստուած պիտի միջամտէ եւ երկիրը ապականողները պիտի կորսնցնէ։ Ա՛յս է իր խոստումը։

4. ԱՇԽԱՐՀԱԾԱՒԱԼ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ ՄԸ։ «Վերջ»ին նկատմամբ տրուած նշանին ուրիշ մէկ երեսակն է, որ աննախընթաց գործ մը պիտի կատարուէր. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Այս քարոզարշաւը ուշագրաւօրէն պիտի տարբերէր դարերու ընթացքին տեղի ունեցած շատ մը կրօնական քարոզչութիւններէ։ Վերջին օրերուն ընթացքին, շեշտը պիտի դրուէր մասնայատուկ պատգամի մը վրայ,– «Արքայութեան այս աւետարանը»։ Գիտե՞ս որեւէ կրօնական խումբ, որ այդ մասնայատուկ պատգամը կ’ընդգծէ։ Իսկ եթէ նոյնիսկ թուի՛ թէ ոմանք այսպիսի պատգամ մը կը քարոզեն, արդեօք միայն որոշ վա՞յր մը կը գտնուին, թէ ոչ տարածած են զայն «բովանդակ աշխարհի մէջ. . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։

Ծովեզերքը երկու Վկաներ մարդու մը կը քարոզեն ու Աստուածաշունչէն համար մը կը կարդան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աշխարհով մէկ կը ծանուցանուի հարիւրաւոր լեզուներով

Մեր կայքը՝ www.jw.org կը կեդրոնանայ «Արքայութեան այս աւետարան»ին վրայ։ Կայքին մէջ կան հրատարակութիւններ, որոնք այդ պատգամը կը բացատրեն աւելի քան 700 լեզուներով։ Գիտե՞ս ուրիշ որեւէ ձեռնարկ, որ Արքայութեան աւետարանը այսպէս՝ աշխարհով մէկ տարածէ։ Համացանցը մատչելի ըլլալէն տարինե՜ր առաջ, Եհովայի վկաները արդէն ճանչցուած էին Աստուծոյ Արքայութեան աւետարանը տարածելու համար իրենց թափած ջանքերով։ 1939–էն ի վեր, Դիտարան պարբերաթերթի կողքին վրայ գրուած է՝ «Կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը»։ Կրօնքներու մասին խօսող գիրք մը կը նշէ, թէ Եհովայի վկաներուն քարոզչութիւնը «գրեթէ անբաղդատելի եղած է իր ուժգնութեամբ ու տարողութեամբ»։ Այս վկայութիւնը կը շեշտէ այն ուրախ լուրը, թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցով՝ մօտ օրէն «վերջը պիտի գայ»։

ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Թերեւս նշմարեցիր որ այս յօդուածին նկարագրած սուրբգրային չո՛րս ազդանշաններն ալ բացայայտ եղած են կեանքիդ ընթացքին։ Այս պարբերաթերթը աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր կը խօսի համաշխարհային դէպքերու մասին, որոնք ընթերցողներուն կ’օգնեն անձամբ տեսնելու որ «վերջ»ին կը մօտենանք։ Անշուշտ, կարգ մը սկեպտիկներ չեն համաձայնիր ասոր, պնդելով որ իրողութիւններն ու վիճակագրական տուեալները անձնական կարծիքներէ ազդուած են եւ կրնան աղաւաղուիլ։ Անոնք նաեւ կը դաւանին, որ աշխարհի վիճակը աւելի վատթարացած կը թուի ըլլալ, միայն քանի որ աշխարհածաւալ հաղորդամիջոցները շատցած են։ Յամենայն դէպս, հետզհետէ կ’աւելնայ այն ապացոյցը, թէ մարդկային պատմութեան եզակի ժամանակաշրջանի մը վերջաւորութեան կ’ապրինք։

Փորձագէտներէն ոմանք կը խորհին, թէ այս երկրագունդը մեծ փոփոխութիւններ տեսնելու վրայ է։ Օրինակ, 2014–ին, Bulletin of the Atomic Scientists լրագրի Գիտութեան եւ ապահովութեան յանձնախումբը զգուշացուց ՄԱԿ–ի Ապահովութեան խորհուրդը այն հսկայ վտանգներէն, որոնք կը սպառնան մարդկային ցեղի գոյութեան։ Այդ գիտնականները ըսին. «Այս սպառնալիքներուն ուշադիր վերաքննումը մեզ կը յանգեցնէ այն եզրակացութեան, թէ քաղաքակրթութիւնը կործանելու արհեստագիտական մեծ վտանգը տակաւին առկայ է»։ Շատեր երթալէն աւելի կը համոզուին, որ իրապէս կ’ապրինք աշխարհի պատմութեան առանցքային մէկ ժամանակաշրջանին մէջ։ Այս պարբերաթերթի հրատարակիչներն ու իր ընթերցողներէն շատերը կասկած չունին, որ այս իւրայատուկ ժամանակաշրջանը ի՛րապէս վերջին օրերն է եւ թէ վերջը մօտ է։ Բայց փոխանակ ապագայէն սոսկալու, կրնաս գալիք բաներուն առնչութեամբ ուրախանալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ կրնա՛ս «վերջ»էն վերապրիլ։

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՕՐՈՒԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵ՞Ր։

Եհովայի վկաները դատաստանի օրուան մարգարէներ չեն։ Աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր, անոնք ապագային մասին դրակա՛ն պատգամ մը կը հաղորդեն։ Օրինակի համար, իրենց 1958–ի համաժողովի մէկ դասախօսութեան մէջ,– որուն բնաբանն էր՝ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. աշխարհի վերջը մօ՞տ է»,– բացատրուեցաւ որ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կու գայ ո՛չ թէ այս երկիրը աւերելու, հապա՝ Սատանային աշխարհը կործանելու։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կու գայ ո՛չ թէ այս երկիրը այրելու, հապա Աստուծոյ կամքը կատարելու երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ երկինքի մէջ։ Այդ իսկ պատճառաւ, կ’արժէ երկիրը պահպանել որպէս Աստուծոյ արարչագործութիւնը. եւ Աստուած պիտի պահպանէ՛ զայն առյաւէտ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել