‘Մեծ նեղութենէն’ առաջ՝ ապահով վայր փախչինք
«Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։—ՂՈՒԿԱՍ 21։20, 21
1. Ինչո՞ւ փախչիլը ստիպողական է անոնց համար որոնք տակաւին աշխարհին մէկ մասն են։
ՍԱՏԱՆԱՅԻ աշխարհին մաս կազմող բոլոր մարդոց համար փախչիլը ստիպողական է։ Եթէ կ’ուզեն ներկայ իրերու դրութիւնը երկրի վրայէն սրբուելու ատեն փրկուիլ, անոնք պէտք է համոզիչ ապացոյցներ տան՝ թէ հաստատ դիրք բռնած են Եհովայի կողմը եւ մաս չեն կազմեր այն աշխարհին, որու աստուածը Սատանան է։—Յակոբու 4։4. Ա. Յովհաննու 2։17
2, 3. Մատթէոս 24։15–22–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։
2 Իրերու դրութեան վախճանին մասին իր տուած յատկանշական մարգարէութեան մէջ, Յիսուս այսպիսի փախուստի մը կարեւորութիւնը շեշտեց։ Յաճախ կը խօսինք Մատթէոս 24։4–14–ի մէջ արձանագրուած բաներուն մասին. սակայն, ինչ որ կը յաջորդէ նուազ կարեւոր չէ։ Ձեզ կը քաջալերենք որ ձեր Աստուածաշունչը բանաք ու կարդաք 15–22–րդ համարները։
3 Այդ մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Առաջին դարուն ի՞նչ էր «աւերմունքին պղծութիւնը»։ «Սուրբ տեղը» անոր ներկայութիւնը ի՞նչ կը գուշակէր։ Անիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեզի համար։
«Ով որ Կարդայ, Թող Հասկնայ»
4. (ա) Ըստ Դանիէլ 9։27–ին, Հրեաները Մեսիան մերժելէն ետք ի՞նչ պիտի պատահէր ։ (բ) Երբ ասոր կ’ակնարկէր, Յիսուս ակներեւօրէն ինչո՞ւ ըսաւ. «Ով որ կարդայ, թող հասկնայ»։
4 Նկատի առէք որ Մատթէոս 24։15–ի մէջ Յիսուս կ’ակնարկէ Դանիէլի գրքին մէջ գրուած բանի մը։ Այդ գրքին 9–րդ գլուխին մէջ մարգարէութիւն մը կը նախագուշակէր Մեսիայի գալը եւ զայն մերժելուն պատճառաւ Հրեայ ազգին վրայ գալիք դատաստանը։ 27–րդ համարին վերջին մասը կ’ըսէ. «Պղծութեան թեւին վրայ աւերողը պիտի գայ»։ Հրէական նախկին աւանդութիւնը Դանիէլի մարգարէութեան այդ մասը, Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարուն, Անտիոքոս Դ. կողմէ Երուսաղէմի տաճարին պղծուելուն կը կիրարկէր։ Բայց Յիսուս զգուշացուց. «Ով որ կարդայ, թող հասկնայ»։ Թէեւ Անտիոքոս Դ. կողմէ տաճարին սրբապղծութիւնը վստահաբար զզուելի էր, բայց անիկա Երուսաղէմը, անոր տաճարը կամ Հրեայ ազգը չաւերեց։ Ուստի Յիսուս ակներեւօրէն իր ունկնդիրներուն ուշադրութեան կը յանձնէր որ այս մարգարէութեան կատարումը ոչ թէ անցեալին եղած էր, այլ՝ ապագային պիտի ըլլար։
5. (ա) Աւետարաններու տեղեկագրութիւններուն բաղդատութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ առաջին դարու «պղծութիւնը» բնորոշելու։ (բ) Հ.Դ. 66–ին, Սեսդիոս Գաղիոս ինչո՞ւ Հռովմէական բանակով շտապ Երուսաղէմ եկաւ։
5 Ի՞նչ էր այդ «պղծութիւնը» որու պէտք էր ուշադրութիւն ընէին։ Նկատողութեան արժանի է Մատթէոսի տեղեկագրութիւնը. «Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը . . . թէ սուրբ տեղը կը կենայ»։ Սակայն, Ղուկաս 21։20–ի զուգահեռ տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է»։ Հ.Դ. 66–ին, Երուսաղէմ բնակող Քրիստոնեաները տեսան ինչ որ Յիսուս նախագուշակած էր։ Հրեայ եւ Հռովմէացի պաշտօնեաներու միջեւ միջադէպերու շարք մը պատճառ եղաւ որ Երուսաղէմ Հռովմի դէմ ըմբոստութեան կեդրոն մը դառնայ։ Որպէս հետեւանք, բռնութիւնը բոցավառուեցաւ ամբողջ Յուդայի, Սամարիայի, Գալիլիայի, Դեկապոլիսի եւ Փիւնիկէի մէջ. հիւսիս՝ դէպի Սուրիա եւ հարաւ՝ դէպի Եգիպտոս։ Հռովմէական Կայսրութեան այդ մասին մէջ որոշ չափով խաղաղութիւն հաստատելու համար, Սեսդիոս Գաղիոս Սուրիայէն անմիջապէս սուրաց դէպի Երուսաղէմ, զոր Հրեաները իրենց «սուրբ քաղաք»ը կը կոչէին։—Նէեմեայ 11։1. Եսայեայ 52։1
6. Աւերելու կարող եղող «պղծութիւն» մը ինչպէ՞ս ‘սուրբ տեղը կեցաւ’։
6 Հռովմէական լեգէոններուն համար սովորութիւն էր դրօշակներ կամ զինանշաններ կրել, որոնք սրբազան էին իրենց համար, բայց Հրեաներուն աչքին անոնք կուռքեր էին։ Հետաքրքրականօրէն, Դանիէլի գրքին մէջ «պղծութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը գլխաւորաբար կը գործածուի կուռքերու եւ կռապաշտութեան համար։a (Բ. Օրինաց 29։17) Հակառակ Հրեաներու ընդդիմութեան, Հռովմէական բանակները իրենց կռապաշտական նշանադրօշները պարզելով Երուսաղէմ խուժեցին Հ.Դ. 66–ի Նոյեմբերին եւ ապա սկսան հիւսիսային կողմէն տաճարին պարիսպը տակէն փորել։ Կասկած չկար այս մասին. Երուսաղէմը ամբողջովին աւերելու կարող եղող «պղծութիւն» մը ‘սուրբ տեղը կեցած էր’։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի էր փախչիլ։
Փախչիլը Ստիպողական Էր
7. Հռովմէական բանակը անսպասելիօրէն ի՞նչ ըրաւ։
7 Անակնկալօրէն եւ մարդկայնօրէն երեւութապէս առանց պատճառի, Հռովմէական բանակը նահանջեց, երբ Երուսաղէմը գրաւելը շատ դիւրին կը թուէր։ Հրեայ ապստամբներ ետ քաշուող Հռովմէական զօրքը հալածեցին հազիւ մինչեւ Անտիպատրոս, Երուսաղէմէ մօտաւորապէս 50 քմ. անդին, ապա վերադարձան։ Երուսաղէմ հասնելով, անոնք տաճարին մէջ համախմբուեցան, իրենց ռազմավարութիւնը ծրագրելու համար։ Երիտասարդները զօրակոչի ենթարկուեցան, ամրոցները զօրացնելու եւ զինուորական ծառայութիւն մատուցանելու համար։ Արդեօք Քրիստոնեաները այս գործունէութիւններուն պիտի մասնակցէի՞ն։ Եթէ նոյնիսկ անոնցմէ զգուշանային, տակաւին վտանգաւոր գօտիին մէջ պիտի ըլլայի՞ն, երբ Հռովմէական բանակները վերադառնային։
8. Յիսուսի մարգարէական խօսքերուն առ ի հնազանդութիւն, Քրիստոնեաները ի՞նչ ստիպողական քայլ առին։
8 Երուսաղէմի եւ ամբողջ Հրէաստանի մէջ գտնուող Քրիստոնեաները, Յիսուս Քրիստոսի մարգարէական ազդարարութեան համաձայն՝ շուտով գործի լծուեցան եւ վտանգաւոր գօտիէն փախան։ Փախչիլը ստիպողական էր։ Ժամանակ մը ետք, անոնք գացին լեռնային շրջանները, ոմանք հաւանաբար Բերիա նահանգի Բէլլայի մէջ հաստատուելով։ Անոնք որոնք Յիսուսի ազդարարութեան իրապէս ուշադրութիւն ընծայեցին, յիմարօրէն չվերադարձան իրենց նիւթական ստացուածքները ազատելու համար։ (Տես՝ Ղուկաս 14։33։) Այսպիսի պայմաններու ներքեւ մեկնելով, վստահաբար յղի կիներու եւ ծիծ տուող մայրերու համար դժուար եղաւ հետիոտն ճամբորդել։ Անոնց փախուստը ոչ Շաբաթ օրուան արգելքներուն հանդիպեցաւ, ոչ ալ ձմրան մէջ եղաւ, հակառակ անոր որ ձմեռը մօտ էր։ Յիսուսի ազդարարութեան մտիկ ընելով շուտով փախչողները ապահով եղան Երուսաղէմէ եւ Յուդայէ դուրս։ Անոնց կեանքը ասկէ կախեալ էր։—Տես՝ Յակոբու 3։17։
9. Հռովմէական զօրքերը ե՞րբ վերադարձան, եւ ի՞նչ հետեւանքով։
9 Յաջորդ տարին իսկ, Հ.Դ. 67–ին, Հռովմէացիները Հրեաներուն դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսան։ Նախ Գալիլիան նուաճեցին։ Յաջորդ տարին, Յուդան բաժան բաժան ըրին։ Հ.Դ. 70–ի ատենները, Հռովմէական բանակները Երուսաղէմը պաշարած էին։ (Ղուկաս 19։43) Ահաւոր սով եղաւ։ Քաղաքին մէջ փակուած ժողովուրդը իրարու դէմ ելաւ։ Փախչիլ փորձողները սպաննուեցան։ Անոնց գլուխէն անցածը Յիսուսի ըսածին պէս, «մեծ նեղութիւն» մըն էր։—Մատթէոս 24։21
10. Եթէ հասկնալով կարդանք, յաւելեալ ի՞նչ բան պիտի նկատենք։
10 Արդեօք ասիկա Յիսուսի նախագուշակածը ամբողջութեամբ կատարե՞ց։ Ո՛չ, յաւելեալ դէպքեր տեղի պիտի ունենային։ Եթէ Յիսուսի յանձնարարած կերպով Սուրբ Գրութիւնները հասկնալով կարդանք, պիտի գիտնանք թէ տակաւին ապագան ի՛նչ վերապահած է։ Նաեւ լրջօրէն պիտի մտածենք մեր կեանքին հետ անոր ունեցած առանչութեան մասին։
Արդի «Պղծութիւնը»
11. Դանիէլ ուրիշ ո՞ր երկու հատուածներուն մէջ ‘պղծութեան’ կ’ակնարկէ, եւ հոն ի՞նչ ժամանակաշրջան նկատի առնուած է։
11 Նկատի առէք թէ, Դանիէլ 9։27–էն զատ, Դանիէլ 11։31 եւ 12։11–ի մէջ ալ ակնարկութիւններ եղած են ‘աւրող պղծութեան’ մասին։ Այս վերջին ակնարկութիւններէն ոչ մէկուն մէջ Երուսաղէմի կործանումին մասին խօսուած է։ Իրականութեան մէջ, Դանիէլ 12։11–ի բովանդակութիւնը, «վերջին ժամանակ»ի մասին եղած ակնարկութենէն միայն երկու համար ետք կու գայ։ (Դանիէլ 12։9) Մենք 1914–էն ի վեր այդ ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Հետեւաբար արթուն պէտք է ըլլանք արդի ‘աւերմունքի [կամ աւերող] պղծութեան’ ինքութիւնը գիտնալու եւ ապա վստահ ըլլալու համար որ վտանգի գօտիէն դուրս կը գտնուինք։
12, 13. Ինչո՞ւ յարմար է նկարագրել Ազգերու Դաշնակցութիւնը որպէս արդի «պղծութիւնը»։
12 Ի՞նչ է արդի «պղծութիւնը»։ Ապացոյցները կը մատնանշեն Ազգերու Դաշնակցութեան, որ 1920–ին գործի լծուեցաւ. աշխարհ իր վերջին օրերը մտնելէն քիչ ետք։ Բայց անիկա ինչպէ՞ս կրնար ‘աւերող պղծութիւն’ մը ըլլալ։
13 Յիշեցէք որ «պղծութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը Աստուածաշունչին մէջ գլխաւորաբար գործածուած է կուռքերու եւ կռապաշտական սովորութիւններու համար։ Արդեօք Ազգերու Դաշնակցութիւնը կուռքի վերածուեցա՞ւ։ Ա՛րդարեւ։ Կղերները զայն «սուրբ տեղը» դրին եւ անոնց հետեւորդները անոր հանդէպ բուռն նուիրում ցոյց տուին։ Ամերիկայի Քրիստոսի Եկեղեցիներու Դաշնակցային Խորհուրդը յայտարարեց որ Ազգերու Դաշնակցութիւնը՝ «Երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնը» պիտի ըլլար։ Մ.Ն. Ծերակոյտը կրօնական դաւանանքներէն նամակներու տարափ մը ստացաւ, քաջալերելով որ ան վաւերացնէ Ազգերու Դաշնակցութեան Ուխտը։ Բրիտանիոյ մէջ, Մկրտչականներու Ընդհանուր Մարմինը, Ժողովականները եւ Երիցականները զայն գովաբանեցին որպէս «[երկրի վրայ խաղաղութեան] հասնելու միակ ձեռնտու գործիքը»։—Տես՝ Յայտնութիւն 13։14, 15։
14, 15. Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ հետագային Միացեալ Ազգերը ի՞նչ կերպով «սուրբ տեղը» կեցան։
14 Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուած էր 1914–ին, բայց ազգերը իրենց գերիշխանութիւնը հաստատելու համար կռիւի մէջ մտան։ (Սաղմոս 2։1–6) Երբ Ազգերու Դաշնակցութիւնը առաջարկուեցաւ, այն ազգերը, որոնք տակաւին նոր մղած էին առաջին համաշխարհային պատերազմը, ինչպէս նաեւ կղերները, որոնք անոնց բանակները օրհնած էին, արդէն ցոյց տուած էին որ Աստուծոյ Օրէնքը լքած էին։ Անոնք Քրիստոսը որպէս Թագաւոր չէին ընդունած։ Ուստի, անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան դերը տուին մարդկային կազմակերպութեան մը. անոնք Ազգերու Դաշնակցութիւնը «սուրբ տեղը» դրին, տեղ մը որ իրեն չէր պատկաներ։
15 Որպէս Ազգերու Դաշնակցութեան յաջորդը, Միացեալ Ազգերը գոյացաւ 24 Հոկտեմբեր 1945–ին։ Հետագային, Հռովմի պապերը Միացեալ Ազգերը ողջունեցին որպէս «համերաշխութեան եւ խաղաղութեան վերջին յոյսը» եւ «խաղաղութեան ու արդարութեան բարձրագոյն ատեանը»։ Այո, Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ անոր յաջորդը՝ Միացեալ Ազգերը, իրապէս կուռք մը դարձան. Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին աչքին «պղծութիւն» մը։
Ի՞նչ Բանէն Փախչիլ
16. Ներկայիս արդարութիւնը սիրողները ի՞նչ բանէ պէտք է փախչին։
16 Ասիկա ‘տեսնելով’, այդ միջազգային կազմակերպութեան ինչ ըլլալը եւ անոր ինչպէս կուռքի վերածուիլը հասկնալով, արդարութիւնը սիրողները պէտք է դէպի ապահով վայր փախչին։ Բայց ի՞նչ բանէն փախչիլ։ Անհաւատարիմ Երուսաղէմի արդի հակատիպէն, այսինքն, Քրիստոնեայ Աշխարհէն, ինչպէս նաեւ Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային դրութեան՝ բոլոր մասերէն։—Յայտնութիւն 18։4
17, 18. Արդի «պղծութիւնը» ի՞նչ կործանում պիտի պատճառէ։
17 Յիշեցէք նաեւ, որ առաջին դարուն, երբ Հռովմէական բանակը իր կռապաշտական նշանադրօշներով Հրեաներուն սուրբ քաղաքը մտաւ, անիկա եկած էր Երուսաղէմը եւ անոր կրօնական դրութիւնը աւերելու համար։ Մեր օրերուն ալ աւերում կամ կործանում պիտի գայ, ոչ միայն մէկ քաղաքի, կամ միայն Քրիստոնեայ Աշխարհի վրայ, այլ սուտ կրօնքի համաշխարհային դրութեան վրայ։—Յայտնութիւն 18։5–8
18 Յայտնութիւն 17։16–ը կը նախագուշակէ որ այլաբանական կարմիր գազան մը, որ փաստուած է Միացեալ Ազգերը ըլլալ, պոռնիկ Մեծն Բաբելոնի դէմ պիտի ելլէ եւ վայրագօրէն պիտի կործանէ զայն։ Պատկերալից լեզուով մը ան կ’ըսէ. «Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ Ասիկա ահաւոր բան մը պիտի ըլլայ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ բոլոր սուտ կրօնքներուն վախճանը պիտի նշանակէ։ Ասիկա արդարեւ ցոյց պիտի տայ որ մեծ նեղութիւնը սկսած է։
19. Միացեալ Ազգերը հաստատուելէ ի վեր, ի՞նչպիսի տարրեր անոր մաս կազմած են, եւ ասիկա ինչո՞ւ նշանակալից է։
19 Նկատողութեան արժանի է որ 1945–ին Միացեալ Ազգերը գործի անցնելէն ի վեր, անաստուած, հակակրօն տարրեր անոր կարկառուն անդամները եղած են։ Տարբեր ժամանակներու, երկրի շատ մը մասերուն մէջ այսպիսի ծայրայեղական տարրեր կրօնքի գործադրումը խիստ սահմանափակած, կամ ամբողջովին արգիլած են։ Սակայն, անցեալ քանի մը տարիներուն, շատ մը տեղեր կրօնական խումբերու վրայ կառավարական արգելքները վերցուած են։ Ոմանց այնպէս կը թուի որ կրօնքի դէմ ամէն վտանգ վերցուած է։
20. Աշխարհի կրօնքները ի՞նչպիսի համբաւ շահած են։
20 Մեծն Բաբելոնի կրօնքները կը շարունակեն վայրագութիւն յառաջացնող ոյժ մը ըլլալ աշխարհի մէջ։ Լուրերու խորագիրներ յաճախ կը բնորոշեն պատերազմող տարրերը եւ ահաբեկիչ խումբերը, յիշելով անոնց պատկանած կրօնքը։ Խռովարարները զսպող ոստիկանները եւ զինուորները տաճարներ մտած են վայրագօրէն իրար դէմ կռուող կրօնական հատուածները զսպելու համար։ Կրօնական անձնակազմեր նիւթապէս օժանդակած են քաղաքական յեղափոխութիւններու։ Տոհմերու միջեւ կայուն յարաբերութիւններ պահելու Միացեալ Ազգերու ջանքերը ձախողած են՝ կրօնական ատելութեան պատճառով։ Միացեալ Ազգերու անդամներէն ոմանք՝ կը փափաքին կրօնական որեւէ ազդեցութիւն մէջտեղէն վերցնել, որոնք խաղաղութեան ու ապահովութեան իրենց ջանքերուն արգելք կը հանդիսանան։
21. (ա) Ո՞վ կ’որոշէ թէ Մեծն Բաբելոնը ե՛րբ պիտի կործանուի։ (բ) Անկէ առաջ, ի՞նչ բան ստիպողական է ընել։
21 Ուրիշ կարեւոր ազդակ մըն ալ պէտք է նկատի առնել։ Թէեւ Միացեալ Ազգերու պատկանող զինուած եղջիւրները պիտի գործածուին Մեծն Բաբելոնը կործանելու համար, բայց այդ կործանումը իրապէս աստուածային դատաստանին արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ։ Դատաստանը պիտի գործադրուի Աստո՛ւծոյ որոշած ժամանակին։ (Յայտնութիւն 17։17) Մինչ այդ ի՞նչ պէտք է ընենք։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ՝ «Ելէ՛ք ատոր մէջէն». Մեծն Բաբելոնէն ելէ՛ք։—Յայտնութիւն 18։4
22, 23. Այս փախուստը ի՞նչ կը պարփակէ։
22 Դէպի ապահով վայր այս փախուստը բառացի տեղ մը չէ, ինչպէս ըրին Հրեայ Քրիստոնեաները, երբ Երուսաղէմը ձգեցին։ Անիկա Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներէն, այո, Մեծն Բաբելոնի որեւէ մէկ հատուածէն փախչիլ է։ Անիկա կը նշանակէ ամբողջովին կապերը խզել ոչ միայն սուտ կրօնական կազմակերպութիւններէն, այլ նաեւ անոնց սովորութիւններէն եւ անոնց հրահրող հոգիէն։ Անիկա դէպի Եհովայի աստուածպետական կազմակերպութեան ապահով վայրը փախչիլ է։—Եփեսացիս 5։7–11
23 Երբ Եհովայի օծեալ ծառաները Ա. Աշխարհամարտէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով բնորոշեցին այդ արդի պղծութիւնը՝ Ազգերու Դաշնակցութիւնը՝ անոնք ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Անոնք արդէն Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներէն քաշուած էին։ Բայց աստիճանաբար անդրադարձան որ տակաւին Քրիստոնեայ Աշխարհի կարգ մը սովորութիւններուն կառչած էին, ինչպէս՝ խաչի գործածութիւնը, Ծնունդի տօնակատարութիւնը եւ ուրիշ հեթանոսական տօներ։ Երբ այս բաներուն մասին ճշմարտութիւնը սորվեցան, անմիջապէս գործի լծուեցան։ Անոնք Եսայեայ 52։11–ի խրատը սրտանց ընդունեցին. «Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք, անոր մէջէն ելէ՛ք. մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ»։
24. Մասնաւորաբար 1935–էն ի վեր, որո՞նք փախուստին միացած են։
24 Մասնաւորաբար 1935–էն ի վեր, երթալով աճող ուրիշ բազմութիւն մը՝ որոնց ակնկալութիւնն է յաւիտեան ապրիլ դրախտային երկրի մը վրայ՝ սկսան նոյնանման քայլեր առնել։ Անոնք ալ ‘տեսան սուրբ տեղը կեցած աւերմունքի պղծութիւնը’ եւ հասկցան անոր իմաստը։ Փախչելու իրենց որոշումը տալէ ետք, իրենց անունները հանել տուին այն կազմակերպութիւններու արձանագրութիւններէն, որոնք Մեծն Բաբելոնի մաս կը կազմեն։—Բ. Կորնթացիս 6։14–17
25. Սուտ կրօնքին հետ ունեցած իր կապերը խզելէն զատ, անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
25 Սակայն, Մեծն Բաբելոնէն փախչիլը սուտ կրօնքները լքելէն աւելին կը պահանջէ։ Չի բաւեր Թագաւորութեան Սրահի քանի մը ժողովներուն յաճախել կամ բարի լուրը քարոզելու համար ամիսը մէկ կամ երկու անգամ ծառայութեան երթալ։ Անհատ մը կրնայ ֆիզիքապէս Մեծն Բաբելոնէն դուրս ըլլալ, բայց արդեօք իրապէս անկէ կտրուա՞ծ է։ Արդեօք ան զատուա՞ծ է այն աշխարհէն, որու գլխաւոր մասը կը կազմէ Մեծն Բաբելոնը։ Արդեօք տակաւին անոր հոգին ցոլացնող բաներուն կառչա՞ծ է. հոգի մը, որ Աստուծոյ արդար չափանիշները ոտնակոխ կ’ընէ։ Արդեօք սեռային բարոյականութիւնը եւ ամուսնական հաւատարմութիւնը թեթեւի՞ կ’առնէ։ Արդեօք անձնական եւ նիւթական շահերը, հոգեւոր շահերէն կարեւո՞ր կը դասէ։ Ան թոյլ պէտք չէ տայ որ իրերու այս դրութիւնը զինք կաղապարէ։—Մատթէոս 6։24. Ա. Պետրոս 4։3, 4
Թոյլ Մի՛ Տաք որ Որեւէ Բան Ձեր Փախուստին Արգելք Հանդիսանայ
26. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ոչ միայն փախչելու ձեռնարկենք, այլ նաեւ, յաջողութեամբ ամբողջացնենք զայն։
26 Երբ կը փախչինք դէպի ապահով վայր, ստիպողական է որ մեր ետեւը ձգած բաներուն կարօտով չնայինք։ (Ղուկաս 9։62) Մեր միտքը եւ սիրտը Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր արդարութեան վրայ սեւեռած պէտք է պահենք։ Վճռա՞ծ ենք մեր հաւատքը ցոյց տալ նախ այս բաները փնտռելով, վստահ ըլլալով որ Եհովա պիտի օրհնէ այսպիսի հաւատարիմ ընթացք մը։ (Մատթէոս 6։31–33) Աստուածաշունչի վրայ հաստատուած մեր համոզումները մեզ պէտք է մղեն այս ուղղութեամբ, մինչ անձկութեամբ կը սպասենք այս աշխարհի թատերաբեմին վրայ պարզուելիք իմաստալից դէպքերուն։
27. Ինչո՞ւ կարեւոր է հոս ուղղուած հարցումներուն մասին լրջօրէն մտածել։
27 Աստուածային դատաստանի գործադրումը, Մեծն Բաբելոնի կործանումով պիտի սկսի։ Սուտ կրօնքի այդ պոռնկանման կայսրութիւնը յաւիտեան գոյութենէ պիտի դադրի։ Այդ ժամանակը շա՜տ մօտ է։ Անհատապէս ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, երբ այդ ծանրակշիռ ժամանակը հասնի։ Իսկ մեծ նեղութեան գագաթնակէտին, երբ Սատանայի ամբարիշտ դրութեան մնացեալ մասը կործանի, մենք ո՞ր կողմը պիտի գտնուինք։ Եթէ հիմա պէտք եղած քայլերը առնենք, մեր ապահովութիւնը երաշխաւորուած պիտի ըլլայ։ Եհովա կ’ըսէ մեզի. «Ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի»։ (Առակաց 1։33) Շարունակելով այս դրութեան վախճանի ընթացքին հաւատարմութեամբ եւ ուրախութեամբ Եհովայի ծառայել, կրնանք Եհովայի յաւիտեան ծառայելու արժանի ըլլալ։
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Հատոր Ա., էջ 634–635, Անգլերէնով։
Կը յիշէ՞ք
◻ Ի՞նչ է արդի «պղծութիւնը»։
◻ «Պղծութիւնը» ի՞նչ առումով «սուրբ տեղը» կեցած է։
◻ Ներկայիս դէպի ապահով վայրը փախչիլը ի՞նչ բաներ կը պարփակէ։
◻ Այս քայլը ինչո՞ւ ստիպողական է։
[Նկար՝ էջ 15]
Վերապրելու համար, Յիսուսի հետեւորդները առանց ուշացումի պէտք էր փախչէին