«Ով որ կարդայ, թող հասկնայ»
«Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ . . . թէ սուրբ տեղը կը կենայ . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։15, 16
1. Ղուկաս 19։43, 44–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի տուած ազդարարութեան հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
ՄՕՏԱԼՈՒՏ չարիքի մը մասին նախապէս ազդարարուած ըլլալը կրնայ օգնել մեզի որ անկէ խուսափինք։ (Առակաց 22։3) Ուստի, պահ մը երեւակայեցէք Երուսաղէմի մէջ գտնուած Քրիստոնեաներուն կացութիւնը, Հ.Դ. 66–ի հռովմէական յարձակումէն ետք։ Յիսուս ազդարարած էր որ քաղաքը պիտի շրջապատուէր ու կործանուէր։ (Ղուկաս 19։43, 44) Հրեաներէն շատեր կարեւորութիւն չտուին անոր։ Բայց իր աշակերտները ուշադրութիւն ընծայեցին իր ազդարարութեան։ Որպէս հետեւանք, անոնք Հ.Դ. 70–ի չարիքէն փրկուեցան։
2, 3. Մատթէոս 24։15-21–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի մարգարէութեամբ ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք։
2 Ներկայիս, մեզի հետ առնչութիւն ունեցող մարգարէութեան մը մէջ, Յիսուս բաղադրեալ նշան մը ուրուագծեց, որ իր մէջ կը պարփակէր պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, մահտարաժամներ, եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզող Քրիստոնեաներուն դէմ հալածանք։ (Մատթէոս 24։4-14. Ղուկաս 21։10-19) Վախճանին մօտ ըլլալը գիտնալու համար Յիսուս կծիկին թելը տուաւ իր աշակերտներուն ձեռքը. ‘աւերմունքի պղծութիւնը սուրբ տեղը պիտի կենար’։ (Մատթէոս 24։15) Հիմա այս իմաստալից խօսքերը վերաքննենք, տեսնելու համար թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան ազդել մեր կեանքին՝ հիմա եւ ապագային։
3 Նշանը ուրուագծելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ, թող հասկնայ). այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։ Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։ Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ շաբաթ օրը. Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։15-21
4. Ի՞նչ բան կը նշէ որ Մատթէոս 24։15–ը կատարում մը ունեցաւ առաջին դարուն։
4 Մարկոսի ու Ղուկասի տեղեկութիւնները յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հայթայթեն։ Հոն ուր Մատթէոս կ’ըսէ «սուրբ տեղը կը կենայ», Մարկոս 13։14–ը (Անթիլիաս) կ’ըսէ. «կանգնած հոն՝ ուր պէտք չէր կանգնէր»։ Ղուկաս 21։20–ը Յիսուսի խօսքերուն վրայ հետեւեալը կ’աւելցնէ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է»։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ առաջին կատարումը կապ ունէր Երուսաղէմի ու անոր տաճարին վրայ հռովմէական յարձակման հետ, որ սկսաւ Հ.Դ. 66–ին։ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը սուրբ վայր մըն էին Հրեաներուն համար, բայց անոնք այլեւս սուրբ չէին Եհովայի աչքին։ Ամբողջական աւերումը տեղի ունեցաւ երբ Հռովմէացիները կործանեցին քաղաքն ու տաճարը՝ Հ.Դ. 70–ին։ Այն ատեն ի՞նչ էր «պղծութիւնը»։ Իսկ անիկա ի՞նչպէս ‘սուրբ տեղը կեցաւ’։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի պիտի օգնեն որ արդի կատարումը աւելի յստակօրէն հասկնանք։
5, 6. (ա) Դանիէլի 9–րդ գլուխը կարդացողները ինչո՞ւ ներատեսութեան կարիքը ունին։ (բ) ‘Պղծութեան’ մասին Յիսուսի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։
5 Յիսուս ընթերցողները յորդորեց որ ներատես ըլլան։ Ի՞նչ բան կարդացողները։ Հաւանաբար Դանիէլի 9–րդ գլուխը։ Հոն մարգարէութիւն մը կը գտնենք, ուր կը նշէ Մեսիայի յայտնուելու ժամանակը, եւ կը նախագուշակէ որ անկէ երեքուկէս տարի ետք ան «պիտի կտրուի»։ Մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Պղծութեան թեւին վրայ աւերողը պիտի գայ, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։—Դանիէլ 9։26, 27, ստորանիշ. տես նաեւ՝ Դանիէլ 11։31. 12։11։
6 Հրեաները խորհեցան որ ասիկա շուրջ 200 տարիներ առաջ Անտիոքոս Դ. կողմէ տաճարի սրբապղծութեան կը կիրարկուէր։ Բայց Յիսուս ցոյց տուաւ որ այդ չէր պարագան, յորդորելով որ անհատներ ներատեսութիւն գործածեն, քանի որ «պղծութիւնը» տակաւին պիտի գար եւ «սուրբ տեղը» պիտի կենար։ Բացայայտ էր որ Յիսուս հռովմէական բանակին կ’ակնարկէր, որ Հ.Դ. 66–ին յատկանշական զինանշաններով պիտի գար։ Այսպիսի զինանշաններ, որոնք անցեալին կը գործածուէին, իսկական կուռքեր էին եւ Հրեաներուն համար՝ զզուելի։a Արդ, Հռովմէացի զինուորները ե՞րբ ‘սուրբ տեղը կեցան’։ Ասիկա տեղի ունեցաւ, երբ հռովմէական բանակը իր զինանշաններով, Երուսաղէմի ու անոր տաճարին վրայ յարձակեցաւ, որոնք Հրեաներուն աչքին սուրբ նկատուած էին։ Հռովմէացիները նոյնիսկ սկսան տաճարի շրջանին պարիսպին տակէն փորել։ Իրապէս, ինչ որ միշտ պիղծ համարուած էր, հիմա սուրբ տեղը կեցած էր։—Եսայեայ 52։1. Մատթէոս 4։5. 27։53. Գործք 6։13
Արդի «Պղծութիւն»
7. Մեր օրերուն Յիսուսի ո՞ր մարգարէութիւնը կատարում մը կ’ունենայ։
7 Առաջին Աշխարհամարտէն ի վեր, Մատթէոս 24–րդ գլուխի մէջ արձանագրուած Յիսուսի նշանին աւելի մեծ կատարումը տեսած ենք։ Սակայն, անգամ մը եւս յիշենք իր խօսքերը. «Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ . . . թէ սուրբ տեղը կը կենայ . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։ (Մատթէոս 24։15, 16) Մարգարէութեան այս երեսակը մեր օրերուն ալ կատարում մը պէտք է ունենայ։
8. Եհովայի Վկաները տարիներէ ի վեր ներկայ «պղծութիւնը» ի՞նչպէս բնորոշած են։
8 Այս մարգարէութեան կատարման վրայ Եհովայի ծառաներուն վստահութիւնը ցոյց տալով, 1 Յունուար 1921–ի Դիտարան–ը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց անոր վրայ, Միջին Արեւելքի անցուդարձերուն կապակցաբար։ Հետագային, Դիտարան–ը, իր 15 Դեկտեմբեր 1929–ի համարին էջ 374–ի վրայ, վճռականօրէն ըսաւ. «Ազգերու Դաշնակցութեան ամբողջ միտումն է մարդիկը հեռացնել Աստուծմէ եւ Քրիստոսէն, հետեւաբար անիկա աւերիչ բան մըն է, Սատանայի հնարքն է եւ Աստուծոյ աչքին՝ նողկալի բան մը»։ Ուստի, 1919–ին «պղծութիւնը» երեւան եկաւ։ Ժամանակի ընթացքին, Ազգերու Դաշնակցութիւնը փոխարինուեցաւ Միացեալ Ազգերով։ Եհովայի Վկաները շատոնց խաղաղութեան այս կազմակերպութիւնները բնորոշած են որպէս Աստուծոյ աչքին պիղծ նկատուած բաներ։
9, 10. Մեծ նեղութեան նախկին հասկացողութիւնը ի՞նչպէս ‘պղծութեան’ սուրբ տեղը կենալուն ժամանակին նկատմամբ մեր տեսակէտին ազդած էր։
9 Նախորդ յօդուածը աւելի յստակ կերպով ամփոփեց Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխներուն մեծ մասը։ ‘Սուրբ տեղը կեցած պղծութեան’ մասին կարգ մը յստակացումներ տեղի՞ն են։ Երեւութապէս այո։ Յիսուսի մարգարէութիւնը՝ ‘սուրբ տեղը կենալը’ սերտօրէն կը կապէ նախագուշակուած ‘նեղութեան’ պայթելուն հետ։ Ուստի, հակառակ անոր որ «պղծութիւնը» շատոնց առկայ է, սակայն, անոր ‘սուրբ տեղը կենալուն’ եւ մեծ նեղութեան միջեւ եղող կապը պէտք է ազդէ մեր մտածելակերպին։ Ի՞նչպէս։
10 Անցեալին, Աստուծոյ ժողովուրդը հասկցած էր որ մեծ նեղութիւնը իր սկզբնական փուլին մէջ մտաւ 1914–ին եւ անիկա վերջ պիտի գտնէ Արմագեդոնի պատերազմով։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. համեմատել՝ 1 Ապրիլ 1939–ի Դիտարան–ին հետ, էջ 110։) Ուստի, կրնանք հասկնալ թէ ժամանակին ինչո՛ւ կը կարծուէր որ արդի «պղծութիւնը» Առաջին Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք՝ սուրբ տեղը պիտի կենար։
11, 12. 1969–ին, մեծ նեղութիւնը ո՞ր բարեճշդուած տեսանկիւնէն ներկայացուեցաւ։
11 Սակայն, վերջին տարիներուն հարցերը ուրիշ անկիւնէ սկսանք դիտել։ Հինգշաբթի 10 Յուլիս 1969–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ, «Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ» Միջազգային Համաժողովին, Ֆ. Ու. Ֆրանզ, որ այդ ժամանակ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան փոխնախագահն էր, չափազանց ոգեւորիչ դասախօսութիւն մը տուաւ։ Յիսուսի մարգարէութեան նախկին հասկացողութիւնը վերաքաղ ընելով, Եղբայր Ֆրանզ ըսաւ. «Այն բացատրութիւնը տրուած էր թէ ‘մեծ նեղութիւնը’ սկսաւ Հ.Դ. 1914–ին, բայց թոյլ չտրուեցաւ որ անիկա իր ամբողջական ընթացքը կատարէ այն ատեն, հապա Աստուած Առաջին Աշխարհամարտը կասեցուց 1918–ի Նոյեմբերին։ Անկէ ի վեր, Արմագեդոնի պատերազմով ‘մեծ նեղութիւնը’ իր վերջին փուլին մէջ բերելէն առաջ, Աստուած ժամանակամիջոց մը թոյլատրած է ընտրեալ Քրիստոնեաներու իր օծեալ մնացորդին գործունէութեան համար»։
12 Ապա յատկանշականօրէն բարեճշդուած բացատրութիւն մը մատուցուեցաւ. «Առաջին դարու դէպքերուն հետ համապատասխանելու համար, . . . հակատիպ ‘մեծ նեղութիւնը’ չսկսաւ Հ.Դ. 1914–ին։ Այլ, 1914-1918–ին Երուսաղէմի արդի հակատիպին վրայ եկածը պարզապէս ‘ցաւերուն սկիզբն’ էր . . . ‘Մեծ նեղութիւնը’, որու նմանը պիտի չըլլայ, տակաւին մեր դիմաց է, քանի որ անիկա սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան (Քրիստոնեայ Աշխարհն ալ ներառեալ) կործանումը կը նշանակէ, որու պիտի յաջորդէ ‘Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուան պատերազմը’՝ Արմագեդոնը»։ Ասիկա կը նշանակէր թէ ամբողջ մեծ նեղութիւնը տակաւին մեր դիմաց էր։
13. Ինչո՞ւ տրամաբանական է ըսել որ «պղծութիւնը» ‘սուրբ տեղը կենալը’ տակաւին ապագային պիտի ըլլայ։
13 Ասիկա ուղղակիօրէն կապ ունի ‘պղծութեան’ սուրբ տեղը կենալուն ժամանակը հասկնալուն հետ։ Յիշեցէք ինչ որ տեղի ունեցաւ առաջին դարուն։ Հռովմէացիները յարձակեցան Երուսաղէմի վրայ Հ.Դ. 66–ին, բայց անակնկալօրէն քաշուեցան, թոյլ տալով որ Քրիստոնեայ «մարմին մը» փրկուի։ (Մատթէոս 24։22) Նոյն կերպով, կ’ակնկալենք որ շուտով մեծ նեղութիւնը սկսի, բայց անիկա պիտի կարճեցուի Աստուծոյ ընտրեալներուն սիրոյն։ Նկատի առէք հետեւեալ գլխաւոր կէտը. Անցեալի օրինակին մէջ, ‘սուրբ տեղը կեցող պղծութիւնը’ կապուած էր Հ.Դ. 66–ին Զօրավար Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ հռովմէական յարձակման հետ։ Այդ յարձակման արդի զուգահեռը՝ մեծ նեղութեան պայթիլը, տակաւին մեր դիմաց է։ Ուստի, «աւերմունքին պղծութիւնը» որ 1919–էն ի վեր գոյութիւն ունի, փաստացիօրէն տակաւին սուրբ տեղ մը պիտի կենայ։b Ասիկա ի՞նչպէս տեղի պիտի ունենայ եւ մենք ի՞նչպէս կրնանք անկէ ազդուիլ։
Ապագայ Յարձակում մը
14, 15. Յայտնութիւն 17–րդ գլուխը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ հասկնալու Արմագեդոնին առաջնորդող դէպքերը։
14 Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ ապագայ կործանարար յարձակում մը սուտ կրօնքին վրայ։ 17–րդ գլուխը կ’ուրուագծէ Աստուծոյ դատաստանին գործադրութիւնը «Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը» եղող սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան վրայ։ Քրիստոնեայ Աշխարհը անոր հիմնական տարրն է եւ կը դաւանի Աստուծոյ հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ ըլլալ։ (Համեմատել՝ Երեմեայ 7։4։) Սուտ կրօնքները, մէջը ըլլալով Քրիստոնեայ Աշխարհը, երկար ժամանակէ ի վեր անօրէն յարաբերութիւն մը ունին ‘երկրի թագաւորներուն’ հետ, բայց այդ կրօնքներուն աւերումով, ասիկա վերջ պիտի գտնէ։ (Յայտնութիւն 17։2, 5) Որո՞ւ ձեռքով։
15 Յայտնութիւնը կը նկարագրէ «կարմիր գազան» մը, որ ժամանակ մը առկայ էր, ապա կ’անյայտանայ եւ յետոյ դարձեալ երեւան կ’ելլէ։ (Յայտնութիւն 17։3, 8) Աշխարհի կառավարիչները նեցուկ կը կանգնին այս գազանին։ Մարգարէութեան մէջ հայթայթուած մանրամասնութիւնները կ’օգնեն մեզի որ այս այլաբանական գազանը ճանչնանք, որպէս խաղաղութեան կազմակերպութիւն մը որ գոյութիւն ունեցաւ 1919–ին, Ազգերու Դաշնակցութիւն («պղծութիւն» մը) անուան ներքեւ եւ հիմա կը կոչուի Միացեալ Ազգեր։ Յայտնութիւն 17։16, 17–ը ցոյց կու տայ թէ Աստուած տակաւին, այս «գազան»ին մէջ կարկառուն եղող մարդկային կարգ մը կառավարիչներուն սրտին մէջ պիտի դնէ որ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը աւերեն։ Ա՛յդ յարձակումը մեծ նեղութեան սկիզբը պիտի նշէ։
16. Կրօնքի հանդէպ ի՞նչ ուշագրաւ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան։
16 Քանի որ մեծ նեղութիւնը տակաւին ապագային պիտի սկսի, արդեօք ‘սուրբ տեղը կենալը’ տակաւին մեր դիմա՞ց է։ Բացայայտօրէն այո։ Թէեւ «պղծութիւնը» այս դարուն սկիզբը երեւան եկաւ, եւ թէ հիմա տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի, բայց անիկա մօտ ապագային անզուգական կերպով «սուրբ տեղը» պիտի կենայ։ Ճիշդ ինչպէս որ առաջին դարու Քրիստոսի հետեւորդները մեծ հետաքրքրութեամբ սպասած ըլլալու էին թէ ‘սուրբ տեղը կենալը’ ինչպէս պիտի ըլլար. նոյնն է պարագան արդի Քրիստոնեաներուն։ Ճիշդ է որ պէտք է սպասենք, տեսնելու համար անոր ժամանակակից կատարման ամբողջ մանրամասնութիւնները։ Սակայն, նկատելիօրէն կարգ մը երկիրներու մէջ կրօնքի հանդէպ հակակրանքը հետզհետէ կը շատնայ։ Քաղաքական կարգ մը տարրեր, ճշմարիտ հաւատքէն հեռացած նախկին Քրիստոնեաներու համագործակցութեամբ ընդհանուր կրօնքին՝ եւ մասնաւորաբար ճշմարիտ Քրիստոնեաներու հանդէպ, թշնամանք կը հրահրեն։ (Սաղմոս 94։20, 21. Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Հետեւաբար, քաղաքական հեղինակութիւններ արդէն ‘Գառնուկին հետ կը պատերազմին’ եւ ինչպէս Յայտնութիւն 17։14 ցոյց կու տայ այս պայքարը պիտի սաստկանայ։ Թէեւ անոնք բառացիօրէն չեն կրնար ձեռք զարնել Աստուծոյ Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի, իր բարձրացեալ ու փառաւոր դիրքին մէջ, անոնք տակաւին իրենց հակառակութիւնը պիտի թափեն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն՝ մասնաւորաբար իր «սուրբերուն» վրայ։ (Դանիէլ 7։25. համեմատել՝ Հռովմայեցիս 8։27. Կողոսացիս 1։2. Յայտնութիւն 12։17։) Աստուած մեզ կը վստահեցնէ որ Գառնուկը ու անոր հետ եղողները պիտի յաղթեն։—Յայտնութիւն 19։11-21
17. Առանց կտրական ըլլալու, ի՞նչ կրնանք ըսել «պղծութիւնը» ի՛նչպէս սուրբ տեղը կենալուն մասին։
17 Գիտենք որ սուտ կրօնքին կործանում կը սպասէ։ Մեծ Բաբելոնը ‘սուրբերուն արիւնովը գինովցած է’ եւ որպէս թագուհի վարուած է, բայց անոր կործանումը ստոյգ է։ Երկրի թագաւորներուն վրայ անոր ունեցած պիղծ ազդեցութիւնը յանկարծ վայրագ ատելութեան պիտի փոխուի, ‘տասը եղջիւրներուն եւ գազանին’ կողմէ։ (Յայտնութիւն 17։6, 16. 18։7, 8) Երբ «կարմիր գազանը» կրօնական պոռնիկին վրայ յարձակում գործէ, «պղծութիւնը» սպառնագին պիտի կենայ Քրիստոնեայ Աշխարհի այդպէս կոչուած սուրբ տեղը։c Այս կերպով, ինքզինք սուրբ նկատող անհաւատ Քրիստոնեայ Աշխարհի աւերումը պիտի սկսի։
‘Փախչիլ’—Ի՞նչպէս
18, 19. Ի՞նչ պատճառներ տրուած են, ցոյց տալու համար թէ ‘լեռները փախչիլը’ կրօնք փոխել պիտի չնշանակէ։
18 ‘Պղծութիւնը սուրբ տեղը կենալուն’ մասին գուշակելէ ետք, Յիսուս ազդարարեց որ ասիկա տեսնողները գործի լծուին։ Արդեօք ըսել ուզեց որ այդ ուշ ժամանակին՝ երբ «պղծութիւնը» ‘սուրբ տեղը կենայ’՝ շատեր սուտ կրօնքէն փախչելով ճշմարիտ պաշտամո՞ւնքը պիտի ընդունին։ Ասիկա կարելի չէ։ Առաջին կատարումը նկատի առէք։ Յիսուս ըսաւ. «Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ»։—Մարկոս 13։14-18
19 Յիսուս չըսաւ որ միայն Երուսաղէմի մէջ եղողները պէտք էր անկէ ելլէին, այնպէս մը հասկցնելով թէ անոնք հրէական պաշտամունքի կեդրոնէն պէտք էր հեռանային. Ան իր ազդարարութեան մէջ կրօնք փոխելու ակնարկութիւն ալ չըրաւ, թելադրելով որ սուտը ձգեն ու ճշմարիտին յարին։ Յիսուսի աշակերտները մէկ կրօնքը ձգելով ուրիշի մը երթալու ազդարարութեան կարիքը չունէին, քանի որ արդէն ճշմարիտ Քրիստոնեաներ եղած էին։ Իսկ Հ.Դ. 66–ի յարձակումը, Երուսաղէմի ու ամբողջ Հրէաստանի մէջ Հրէականութեան հետեւողները չդրդեց որ այդ կրօնքը լքեն ու Քրիստոնէութիւնը ընդունին։ Ուսուցչապետ Հէնրիխ Կրաթց կ’ըսէ թէ փախչող Հռովմէացիները հալածողները քաղաք վերադարձան. «Նախանձայոյզները՝ ցնծութեամբ եւ բարձրաձայն ռազմական երգեր երգելով, Երուսաղէմ վերադարձան (Հոկտեմբեր 8–ին), իրենց սիրտը կը տրոփէր ազատութեան ու անկախութեան ուրախ յոյսով։ . . . Աստուած ինչպէս օգնած էր իրենց նախահայրերուն, նոյն կերպով իրենց ալ գթառատօրէն չէ՞ր օգնած։ Նախանձայոյզներուն սրտերուն մէջ ապագայի վախ չկար»։
20. Առաջին դարու աշակերտները լեռները փախչելու Յիսուսի ազդարարութեան ի՞նչպէս ընդառաջեցին։
20 Ուստի, բաղդատաբար փոքր թիւով ընտրեալները այն ատեն ի՞նչպէս ընդառաջեցին Յիսուսի խրատին։ Հրէաստանէն հեռանալով եւ անդր–Յորդանանի լեռները փախչելով, անոնք ցոյց տուին թէ քաղաքական ու կրօնական գետնի վրայ իրենք հրէական դրութեան մաս չէին կազմեր։ Անոնք դաշտեր ու տուներ լքեցին, նոյնիսկ առանց իրենց ինչքերը հաւաքելու իրենց տուներէն։ Եհովայի պաշտպանութեան ու պահպանութեան ապաւինելով, անոնք իր պաշտամունքը կարեւոր նկատուած որեւէ բանէ առաջ դրին։—Մարկոս 10։29, 30. Ղուկաս 9։57-62
21. Երբ «պղծութիւնը» յարձակում գործէ, ի՞նչ պէտք չէ ակնկալենք։
21 Հիմա նկատի առէք աւելի մեծ կատարումը։ Բազմաթիւ տասնամեակներէ ի վեր մարդոց կը յորդորենք որ սուտ կրօնքէն դուրս գան եւ ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրեն։ (Յայտնութիւն 18։4, 5) Միլիոնաւորներ ասիկա ըրած են։ Յիսուսի մարգարէութիւնը չի նշեր որ մեծ նեղութիւնը սկսելուն պէս, մարդկային զանգուածներ մաքուր պաշտամունքին պիտի դառնան. վստահաբար Հրեաներուն մէջ զանգուածային հաւատափոխութիւն չեղաւ Հ.Դ. 66–ին։ Սակայն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Յիսուսի ազդարարութիւնը կատարելու եւ փախչելու մեծ դրդապատճառ մը պիտի ունենան։
22. Լեռները փախչելու Յիսուսի խրատը կիրարկելը ի՞նչ կրնայ պարփակել։
22 Ներկայիս մեծ նեղութեան մասին ամէն մանրամասնութիւն չենք կրնար ունենալ, բայց տրամաբանօրէն կրնանք եզրակացնել թէ մեզի համար Յիսուսի ըսած փախչիլը՝ աշխարհագրական առումով պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն ամբողջ երկրագունդին վրայ կը գտնուի, գրեթէ ամէն անկիւն։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ երբ հարկ ըլլայ փախչիլ, Քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն որոշ տարբերութիւն մը պահպանել իրենց եւ կրօնական կեղծ կազմակերպութիւններուն միջեւ։ Նշանակալից է նաեւ Յիսուսի ազդարարութիւնը որ տուն չդառնանք հագուստ կամ ուրիշ որեւէ իր առնելու համար։ (Մատթէոս 24։17, 18) Ուստի, նիւթական բաներու հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտը պիտի փորձուի. արդեօք մեզի համար անոնք ամենակարեւոր բանե՞րն են, թէ ոչ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնողներուն համար եղած փրկութեան աւելի կարեւորութիւն կու տանք։ Այո, մեր փախչիլը թերեւս կարգ մը նեղութիւններ ու զրկանքներ պատճառէ մեզի։ Հարկ եղածը ընելու պատրաստ պէտք է ըլլանք, ինչպէս ըրին առաջին դարուն մեր համանմանները, որոնք Հրէաստանէն անդր–Յորդանան գտնուող Բերիա փախան։
23, 24. (ա) Միայն ո՞ւր կրնանք պաշտպանութիւն գտնել։ (բ) ‘Սուրբ տեղը կեցող պղծութեան’ մասին Յիսուսի ազդարարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։
23 Պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր ապաստանը միշտ Եհովան ու իր լեռնանման կազմակերպութիւնն է։ (Բ. Թագաւորաց 22։2, 3. Սաղմոս 18։2. Դանիէլ 2։35, 44) Հո՛ն է որ պաշտպանութիւն պիտի գտնենք։ Մենք մնացեալ մարդիկը պիտի չընդօրինակենք, որոնք պիտի փախչին «քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներու»՝ մարդկային կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու դիմելով, որոնք Մեծ Բաբելոնի աւերումէն ետք թերեւս քիչ մը ատեն պիտի մնան։ (Յայտնութիւն 6։15. 18։9-11) Ճիշդ է որ երթալով աւելի դժուար ժամանակներ պիտի ըլլան, ինչպէս Հ.Դ. 66–ին եղած ըլլալու էր, Հրէաստանէն փախչող յղի կիներուն եւ ցուրտ ու անձրեւոտ եղանակին ոեւէ ճամբորդողի համար։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած վերապրումը կարելի պիտի դարձնէ։ Ուստի, մեր վստահութիւնը հիմա իսկ զօրացնենք Եհովայի՝ ինչպէս նաեւ իր Որդւոյն հանդէպ, որ հիմա Թագաւորութեան Թագաւորն է։
24 Գալիք բաներուն վախով ապրելու պէտք չունինք։ Յիսուս չուզեց որ առաջին դարուն իր աշակերտները վախնային, ոչ ալ կ’ուզէ որ մենք վախնանք հիմա, ոչ ալ գալիք օրերուն։ Ան մեզ զգուշացուց, որպէսզի մեր սրտերն ու միտքերը պատրաստենք։ Վստահ ենք որ հնազանդ Քրիստոնեաները պիտի չպատժուին, երբ սուտ կրօնքին եւ մնացեալ ամբարիշտ դրութեան վրայ կործանում գայ։ Անոնք պիտի հասկնան եւ ‘սուրբ տեղը կեցող պղծութեան’ մասին տրուած ազդարարութեան պիտի անսան։ Անոնք իրենց անսասան հաւատքով վճռական կերպով պիտի վարուին։ Բնաւ չմոռնանք Յիսուսի խոստումը. «Ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի»։—Մարկոս 13։13
[Ստորանիշներ]
a «Հռովմէական դրօշները կրօնական ակնածութեամբ Հռովմի տաճարներուն մէջ կը պահուէին. իսկ իրենց զինանշաններուն հանդէպ այս ժողովուրդին ունեցած ակնածանքը ուրիշ ազգերու դէմ տարուած յաղթանակներուն համաձայն կ’աւելնար . . . [Զինուորներուն համար անիկա] հաւանաբար, երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող ամենասուրբ բանն էր։ Հռովմէացի զինուորը իր զինանշանով երդում կ’ընէր»։—Պրիթանիքա Համայնագիտարանը, ԺԱ. Հրատարակութիւն։
b Պէտք է նկատի առնել թէ մինչ Հ.Դ. 66-70–ին կատարուած Յիսուսի խօսքերը կրնան մեզի օգնել հասկնալու թէ մեծ նեղութեան ատեն անոնք ի՛նչպէս պիտի կատարուին, բայց երկու կատարումները չեն կրնար ճշգրտօրէն յարանման ըլլալ, քանի որ տարբեր ենթահողերու վրայ կը կատարուին անոնք։
c Տես՝ Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1975 (Անգլերէն), էջ 741-744։
Կը Յիշէ՞ք
◻ «Աւերմունքին պղծութիւնը» ի՞նչպէս ի յայտ եկաւ առաջին դարուն։
◻ Ինչո՞ւ տրամաբանական է խորհիլ որ արդի «պղծութիւնը» ապագային սուրբ տեղ մը պիտի կենայ։
◻ «Պղծութիւնը» ի՞նչ յարձակում պիտի գործէ, ըստ Յայտնութեան։
◻ Թերեւս մեզմէ ի՞նչպիսի ‘փախչիլ’ պահանջուի։
[Նկար՝ էջ 24]
Մեծ Բաբելոնը կոչուած է ‘պոռնիկներու մայրը’
[Նկար՝ էջ 25]
Յայտնութիւն 17–րդ գլուխի կարմիր գազանը Յիսուսի ակնարկած «պղծութիւն»ն է
[Նկար՝ էջ 26]
Կարմիր գազանը կործանարար յարձակում մը պիտի գործէ կրօնքին վրայ