Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 5/1 էջ 18-23
  • ‘Քու գալուստիդ նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Քու գալուստիդ նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առաքեալները Ուզեցին Գիտնալ
  • «ՅԵՏՈՅ»՝ Վերջը
  • Ինչպէս Նախագուշակուած Էր, Շատ մը Բաներ Պիտի Յաջորդէին
  • Մինչեւ Ո՞ւր կը Տանի
  • «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • «Այս ամէնը պէտք է որ ըլլան»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Առաքեալները Յիսուսէն նշան մը կը խնդրեն
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Երբ Աստուած գործի անցնի դուք պիտի ազատի՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 5/1 էջ 18-23

‘Քու գալուստիդ նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’

«Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։3

1, 2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ մարդիկ ապագայով հետաքրքրուած են։

ՇԱՏԵՐ հետաքրքրուած են ապագայով։ Իսկ դո՞ւք։ Իր գրքին մէջ (Future Shock), Ուսուցչապետ Ալվին Թոֆլըր ակնարկեց «ապագայի ուսումնասիրութեան նուիրուած կազմակերպութիւններու յանկարծակի ծաղկումին»։ Ան աւելցուց. ‘Ապագան ուսումնասիրող ուղեղներու կազմումին ականատես եղած ենք. Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապագայապաշտ օրաթերթերու լոյս տեսնելը. համալսարաններու մէջ գուշակութեան դասընթացքներու ընդհանրացուիլը’։ Թոֆլըր կ’եզրակացնէ. «Անշուշտ, ոեւէ մէկը չի կրնար իրապէս ‘գիտնալ’ ապագան»։

2 Ուրիշ գիրք մը (Signs of Things to Come) կ’ըսէ. «Ձեռնահմայութիւնը, բիւրեղագունդին նայիլը, աստղաբաշխութիւնը, թուղթ բանալը, յի չինկը աւելի կամ նուազ չափով բարդ գիտարուեստներ են մեզի գաղափար մը տալու համար թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր ապագան»։ Բայց փոխանակ մարդկային կերպերու դիմելու, նախընտրելի է փաստուած աղբիւրի մը՝ Եհովայի՝ դիմել։

3. Ինչո՞ւ յարմար է Աստուծոյ դիմել ապագան գիտնալու համար։

3 Ճշմարիտ Աստուած կ’ըսէ. «Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի»։ (Եսայեայ 14։24, 27. 42։9) Այո, Եհովա կրցած է մարդոց ըսել թէ ի՛նչ պիտի պատահի եւ յաճախ ան ասիկա ըրած է մարդկային բանբերներու միջոցով։ Այդ մարգարէներէն մէկը գրեց. «Տէր Եհովան բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն չյայտնէ»։—Ամովսեայ 3։7, 8. Բ. Պետրոս 1։20, 21

4, 5. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ կրնայ մեզի օգնել ապագայի նկատմամբ։ (բ) Յիսուսի առաքեալները բաղադրեալ ի՞նչ հարցում ուղղեցին։

4 Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ մեծագոյն մարգարէն էր։ (Եբրայեցիս 1։1, 2) Յիսուսի գլխաւոր մարգարէութիւններէն մէկուն վրայ կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը, որ հիմա մեր շուրջը կատարուող բաները կը նախագուշակէր։ Այս մարգարէութիւնը նաեւ մեզի խոր հասկացողութիւն կու տայ թէ շուտով ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, երբ ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը վերջ գտնէ եւ Աստուած զայն փոխարինէ երկրային դրախտով մը։

5 Յիսուս իր մարգարէ մը ըլլալը փաստեց։ (Մարկոս 6։4. Ղուկաս 13։33. 24։19. Յովհաննու 4։19. 6։14. 9։17) Ուստի, հասկնալի է թէ Երուսաղէմ նայող Ձիթենեաց Լերան վրայ իրեն հետ նստող իր առաքեալները ի՛նչու ապագայի մասին հարցուցին իրեն, ըսելով. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։14. Մարկոս 13։4

6. Ի՞նչ յարակցութիւն կայ Մատթէոս 24–ին, Մարկոս 13–ին եւ Ղուկաս 21–ին միջեւ, եւ ո՞ր հարցումը մասնաւորաբար պէտք է հետաքրքրէ մեզ։

6 Անոնց հարցումը եւ Յիսուսի պատասխանը կրնաք գտնել Մատթէոս գլուխ 24–ին, Մարկոս գլուխ 13–ին եւ Ղուկաս գլուխ 21–ին մէջ։a Շատ մը մարզերու մէջ, այս տեղեկութիւնները իրար կ’ամբողջացնեն, բայց եւ այնպէս յարանման չեն։ Օրինակի համար, Ղուկաս միւսներէն տարբեր կարգ մը բաներ կը յիշէ։ (Ղուկաս 21։10, 11. Մատթէոս 24։7. Մարկոս 13։8) Տեղին ըլլալով, կրնանք հարցնել. Յիսուս իր ունկնդիրներուն կեանքի տեւողութեա՞ն ըլլալիք դէպքերը կը նախագուշակէր, թէ ոչ մեր ժամանակը եւ ապագային ըլլալիքներն ալ ներփակեց։

Առաքեալները Ուզեցին Գիտնալ

7. Առաքեալները մասնաւորաբար ի՞նչ բանի մասին հարցուցին, բայց Յիսուսի պատասխանը ի՞նչ տարողութիւն ունէր։

7 Իր սպանութենէն քանի մը օրեր առաջ, Յիսուս ըսաւ որ Աստուած մերժած էր Երուսաղէմը՝ Հրեաներուն մայրաքաղաքը եւ թէ քաղաքը եւ անոր հոյակապ տաճարը պիտի կործանուէին։ Այն ատեն, առաքեալներէն ոմանք ‘Յիսուսի ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին մասին նշան’ մը խնդրեցին։ (Մատթէոս 23։37–24։3) Անկասկած, անոնք իրենց մտքին մէջ ունէին գլխաւորաբար Հրէական դրութիւնը եւ Երուսաղէմը, քանի որ անոնք տակաւին չէին կրահեր գալիք դէպքերուն տարողութիւնը։ Իր պատասխանով, Յիսուս չգոհացաւ մինչեւ Հ.Դ. 70 եւ այդ թուին տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին խօսիլ, երբ Հռովմէացիները կործանեցին Երուսաղէմը, այլ ան անկէ հեռուն տեսաւ։—Ղուկաս 19։11. Գործք 1։6, 7

8. Յիսուսի նախագուշակած կարգ մը բաները ի՞նչ էին։

8 Ինչպէս կը կարդանք երեք Աւետարաններուն մէջ, Յիսուս խօսեցաւ ազգ ազգի եւ թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ ելլելու, սովերու, երկրաշարժներու, ահաւոր երեւոյթներու եւ երկնային նշաններու մասին։ Յիսուսի այդ նշանը տալուն (Հ.Դ. 33) եւ Երուսաղէմի աւերումին (Հ.Դ. 66–70) միջեւ եղող տարիներու ընթացքին, սուտ մարգարէներ եւ սուտ Քրիստոսներ պիտի ելլէին։ Հրեաները Քրիստոնեաները պիտի հալածէին, որոնք Յիսուսի պատգամը պիտի քարոզէին։

9. Յիսուսի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ Հ.Դ. առաջին դարուն։

9 Նշանին այս երեսակները իրապէս կատարուեցան, ինչպէս պատմաբան Յովսեպոս Փլաբիոս կը հաստատէ։ Ան կը գրէ որ Հռովմէացիներու ներխուժումէն առաջ, սուտ Մեսիաներ ըմբոստութիւն հրահրեցին։ Յուդայի մէջ եւ այլուր ահաւոր երկրաշարժներ եղան։ Հռովմէական Կայսրութեան շատ մը մասերուն մէջ պատերազմներ ծագեցան։ Արդեօք մեծ սովեր ալ եղա՞ն։ Այո՛։ (Բաղդատել Գործք 11։27–30։) Իսկ Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Հ.Դ. 60–61–ին, երբ Կողոսացիս գիրքը գրուեցաւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան ‘բարի լուրին յոյսը’ լայնօրէն տարածուած էր Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ։b—Կողոսացիս 1։23

«ՅԵՏՈՅ»՝ Վերջը

10. Ինչո՞ւ նկատի պէտք է առնենք Յունարէն թօթէ բառը, եւ ի՞նչ է անոր իմաստը։

10 Որոշ չափով, Յիսուս դէպքերը ներկայացուց յաջորդական շարքով։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը ... պիտի քարոզուի՝ ...։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ յաճախ կը գործածեն «յետոյ» կամ «այն ժամանակ», պարզապէս՝ «սակայն» կամ «բայց» իմաստով։ (Մարկոս 4։17) Սակայն, Մատթէոս 24։14–ին մէջ, «յետոյ» բառը հիմնուած է Յունարէն թօթէ մակբային վրայ։c Յունագէտներ կը բացատրեն որ թօթէն «ժամանակ ցոյց տուող մակբայ» մըն է, որ կը գործածուի «ժամանակի մէջ յաջորդ բանը ներկայացնելու համար» կամ «գալիք դէպք մը ներկայացնելու համար»։ Ուստի Յիսուս նախագուշակեց որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը պիտի ըլլար եւ յետոյ (‘անկէ ետք’, կամ ‘հետագային’) վերջը պիտի գար։ Բայց ի՞նչ բանի վերջը։

11. Յիսուս իր ուշադրութիւնը ինչպէ՞ս կեդրոնացուց ուղղակիօրէն Երուսաղէմի կործանումին հետ կապ ունեցող դէպքերուն վրայ։

11 Յիսուսի մարգարէութեան մէկ կատարումը կը տեսնուի Հրէական դրութեան վախճանին առաջնորդող դէպքերուն մէջ։ Յիսուսի նախագուշակած պատերազմները, երկրաշարժները, սովերը եւ նման բաները երեք տասնամեակներու ընթացքին տեղի ունեցան։ Սակայն, Մատթէոս 24։15–էն, Մարկոս 13։14–էն եւ Ղուկաս 21։20–էն սկսեալ, կը կարդանք ա՛յն դէպքերուն մասին, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունէին մօտալուտ կործանումին հետ, երբ վախճանը դրան սեմին կը գտնուէր։—Նկատի առէք էջ 24 եւ 25–ին մէջ մէկ գծիկ ունեցող հատուածը։

12. Հռովմէական բանակները ի՞նչ բաժին ունեցան Մատթէոս 24։15–ի կատարման մէջ։

12 Հ.Դ. 66–ին, Հրէական ըմբոստութեան մը հակազդելով, Հռովմէացիները, Սեսդիոս Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ, Երուսաղէմի վրայ արշաւեցին եւ Հրեաներուն սուրբ նկատած քաղաքը պաշարեցին։ (Մատթէոս 5։35) Հակառակ Հրէական հակայարձակման, Հռովմէացիները քաղաք մտան։ Այս կերպով, անոնք սկսան ‘սուրբ տեղը կենալ’, ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր Մատթէոս 24։15 եւ Մարկոս 13։14–ի մէջ։ Ապա անակնկալ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Թէեւ Հռովմէացիները քաղաքը պաշարած էին, սակայն անոնք յանկարծ քաշուեցան։ Քրիստոնեաները անմիջապէս հասկցան որ ասիկա Յիսուսի տուած մարգարէութեան կատարումն էր եւ նահանջը առիթ տուաւ որ իրենք Յուդայէ փախչին, դէպի Յորդանանի անդիի կողմը գտնուող լեռները։ Պատմութիւնը կ’ըսէ որ անոնք ասիկա ըրին։

13. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրցան փախչելու շուրջ Յիսուսի տուած խրատին ուշադրութիւն ընծայել։

13 Բայց եթէ Հռովմէացիները քաշուեցան Երուսաղէմի բոլորտիքէն, ինչո՞ւ փախչելու կարիքը կար։ Ըստ Յիսուսի խօսքերուն, այս պատահարը կը փաստէր որ ‘Երուսաղէմի աւերումը մօտ էր’։ (Ղուկաս 21։20) Այո, աւերում։ Ան նախագուշակեց ‘այնպիսի նեղութիւն մը, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն ի վեր չէր եղած, ո՛չ ալ պիտի ըլլար’։ Շուրջ երեքուկէս տարի ետք, Հ.Դ. 70–ին, իրապէս «մեծ նեղութիւն» մը եկաւ Երուսաղէմի վրայ, Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ գտնուող Հռովմէական բանակին կողմէ։ (Մատթէոս 24։21. Մարկոս 13։19) Սակայն, Յիսուս ինչո՞ւ այս նեղութիւնը նկարագրեց ցարդ եղած եւ անկէ ետք ըլլալիք որեւէ նեղութենէ աւելի մեծ։

14. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմին պատահածը «մեծ նեղութիւն» մըն էր, որ ոչ անկէ առաջ եղած է, ոչ ալ՝ անկէ ի վեր։

14 Երուսաղէմը Բաբելոնացիներուն կողմէ քանդուեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին եւ մեր դարուն այդ քաղաքը ահաւոր կռիւներու վայր մը եղած է։ Այսուհանդերձ, Հ.Դ. 70–ին պատահածը անզուգահեռ մեծ նեղութիւն մըն էր։ Շուրջ հինգ ամիս մարտնչելէ ետք, Տիտոսի զինուորները պարտութեան մատնեցին Հրեաները։ Անոնք մօտաւորապէս 1,100,000 հոգի սպաննեցին, իսկ 100,000 ուրիշներ գերի առին։ Ասկէ զատ, Հռովմէացիները աւերեցին Երուսաղէմը։ Ասիկա ապացոյց մըն էր որ տաճարին շուրջ կեդրոնացած Հրէական դրութեան նախկին ընդունելի պաշտամունքը ընդմիշտ վերջ գտած էր։ (Եբրայեցիս 1։2) Այո, Հ.Դ. 70–ի դէպքերը տեղին ըլլալով կրնային նկատուիլ ‘այնպիսի նեղութիւն մը որուն նմանը աշխարհի սկիզբէն ի վեր չէր եղած [այդ քաղաքին, ազգին ու դրութեան վրայ] եւ ո՛չ ալ պիտի ըլլար’։—Մատթէոս 24։21d

Ինչպէս Նախագուշակուած Էր, Շատ մը Բաներ Պիտի Յաջորդէին

15. (ա) Երուսաղէմի վրայ գալիք նեղութենէն ետք, Յիսուս ի՞նչ վիճակներ նախագուշակեց։ (բ) Մատթէոս 24։23–28–ն ի մտի ունենալով, Յիսուսի մարգարէութեան կատարման մասին ի՞նչ եզրակացութեան պէտք է յանգինք։

15 Սակայն, նեղութեան մասին Յիսուսի գուշակութիւնը միայն առաջին դարուն չէր սահմանափակուած։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ տակաւին շատ բաներ պիտի յաջորդէին այդ նեղութեան, ինչպէս որ կը թելադրուի Մատթէոս 24։23–ին եւ Մարկոս 13։21–ին մէջ թօթէ կամ «այն ատեն» բառին գործածութենէն։ Հ.Դ. 70–ին յաջորդող ժամանակաշրջանին, ի՞նչ տեղի պիտի ունենար։ Հրէական դրութեան վրայ նեղութիւնը գալէն ետք, աւելի շատ սուտ Քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի յայտնուէին։ (Բաղդատել Մարկոս 13։6–ը 13։21–23–ին հետ։) Պատմութիւնը կը հաստատէ որ այսպիսի անհատներ յայտնուեցան Հ.Դ. 70–ի Երուսաղէմի կործանումին յաջորդող դարերու ընթացքին։ Սակայն անոնք չկրցան մոլորեցնել այն անհատները որոնք հոգեւոր սուր տեսողութիւն ունէին եւ որոնք Քրիստոսի «ներկայութեան» կը սպասէին։ (Մատթէոս 24։27, 28) Այսուհանդերձ, Հ.Դ. 70–ի մեծ նեղութենէն ետք տեղի ունեցած այս վիճակները կը մատնանշէին որ Յիսուս այդ նեղութենէն անդին կը նայէր, քանի որ անիկա միայն նախնական կատարում մըն էր։

16. Ղուկաս 21։24–ը ի՞նչ երեւոյթ կ’աւելցնէ Յիսուսի մարգարէութեան, եւ ասիկա ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։

16 Եթէ Մատթէոս 24։15–28–ը եւ Մարկոս 13։14–23–ը բաղդատենք Ղուկաս 21։20–24–ին հետ, ուրիշ ապացոյց մը կը գտնենք որ Յիսուսի գուշակութիւնը միայն Երուսաղէմի կործանումը չէր ընդգրկեր։ Յիշենք որ միայն Ղուկաս այս հատուածը կ’եզրափակէ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերով. «Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն [սահմանուած (ՆԱ)] ժամանակները [հեթանոսների ժամանակները, (Արարատ, 1989)] լմըննան»։e (Ղուկաս 21։24) Բաբելոնացիները Հրեաներուն վերջին թագաւորը գահընկէց ըրին Հ.Դ.Ա. 607–ին եւ անկէ ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայացնող Երուսաղէմը ոտքի կոխան եղաւ։ (Դ. Թագաւորաց 25։1–26. Ա. Մնացորդաց 29։23. Եզեկիէլ 21։25–27) Ղուկաս 21։24–ին մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ այս վիճակը պիտի շարունակուէր ապագային մինչեւ որ Աստուած Թագաւորութիւն մը վերահաստատէր։

17. Ի՞նչ է երրորդ ապացոյցը թէ Յիսուսի մարգարէութիւնը հեռաւոր ապագայի համար էր։

17 Ահաւասիկ երրորդ ապացոյց մը թէ Յիսուս հեռաւոր կատարման մասին կը խօսէր. Ըստ Սուրբ Գրութիւններուն, Մեսիան պիտի մեռնէր եւ յարուցանուէր, որմէ ետք ան Աստուծոյ աջ կողմը պիտի նստէր մինչեւ որ Հայրը զինք իր թշնամիներուն վրայ տիրելու ղրկէր։ (Սաղմոս 110։1, 2) Յիսուս իր Հօրը աջ կողմը նստելու մասին ակնարկում ըրաւ։ (Մարկոս 14։62) Պօղոս առաքեալ հաստատեց որ յարուցեալ Յիսուս Եհովայի աջ կողմն էր, Թագաւոր ու Աստուծոյ Դահիճը ըլլալու ժամանակին սպասելով։—Հռովմայեցիս 8։34. Կողոսացիս 3։1. Եբրայեցիս 10։12, 13

18, 19. Յայտնութիւն 6։2–8–ը ի՞նչ կապակցութիւն ունի Աւետարաններու զուգահեռ մարգարէութեան հետ։

18 Յայտնութիւն 6–րդ գլուխին մէջ կը կայանայ չորրորդ եւ վերջին ապացոյցը թէ իրերու դրութեան վախճանին մասին Յիսուսի տուած մարգարէութիւնը առաջին դարէն ետք կը կիրարկուի։ Հ.Դ. 70–էն տասնեակ տարիներ ետք գրելով, Յովհաննէս առաքեալ ձիաւորներու հիացում առթող սլացքը կը նկարագրէ։ (Յայտնութիւն 6։2–8) «Տէրունական օր»ուան՝ իր ներկայութեան օրուան՝ մէջ մարգարէական այս ներթափանցումը մեր Ի. դարը կը բնորոշէ որպէս նշանաւոր պատերազմներու (համար՝ 4), լայնատարած սովերու (համարներ՝ 5 եւ 6) եւ ‘մահացու պատուհասներու’ (համար՝ 8) ժամանակ մը։ Որոշապէս, ասիկա կը զուգադիպի Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի ըսածներուն եւ կ’ապացուցանէ որ իր մարգարէութիւնը աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենար «Տէրունական օր»ուան ընթացքին։—Յայտնութիւն 1։10

19 Տեղեակ անհատներ կը գիտակցին որ Մատթէոս 24։7–14–ին եւ Յայտնութիւն 6։2–8–ին մէջ նախագուշակուած բաղադրեալ նշանը բացայայտ եղած է 1914–ին առաջին համաշխարհային պատերազմին ծագումէն ի վեր։ Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ ծանուցանած են որ Յիսուսի մարգարէութիւնը հիմա իր երկրորդ եւ աւելի մեծ կատարումը կ’ունենայ, ինչպէս ցոյց կու տան վայրագ պատերազմները, աւերիչ երկրաշարժները, եղերական սովերը եւ հիւանդութիւններու աճը։ Այս վերջին կէտին մասին, U.S.News & World Report 27 Յուլիս 1992–ի համարը կ’ըսէր. «ԱԴԱ–ի [AIDS] համաճարակը ... միլիոնաւոր զոհեր մահուան կ’առաջնորդէ եւ շուտով պատմութեան ամենէն սուղ եւ ամենէն աղետալի պատուհասը կրնայ ըլլալ։ Սեւ Մահը շուրջ 25 միլիոն տառապողներ սպաննեց ԺԴ. դարուն։ Սակայն մինչեւ 2000 թուականը, 30–110 միլիոն անհատներ ԱԴԱ պատճառող ժահրը [HIV] պիտի ունենան, ինչ որ ներկայիս շուրջ 12 միլիոն է։ Եթէ դարման չգտնուի, այս բոլորին մահը ստոյգ է»։

20. Մատթէոս 24։4–22–ի նախնական կատարումը ե՞րբ եղաւ, բայց բացայայտօրէն ուրիշ ի՞նչ կատարում մը ունենալու է։

20 Արդ, առաքեալներու հարցումին Յիսուսի տուած պատասխանէն ի՞նչ պէտք է եզրակացնենք։ Իր մարգարէութիւնը ճշգրտօրէն կը նախագուշակէր Երուսաղէմի կործանումը եւ անոր առաջնորդող դէպքերը, ինչպէս նաեւ Հ.Դ. 70–էն ետք ըլլալիք կարգ մը բաները։ Բայց ասոնցմէ շատերը երկրորդական եւ աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենային ապագային, իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վերջ դնող մեծ նեղութեան մը առաջնորդելով։ Ասիկա կը նշանակէ որ Մատթէոս 24։4–22–ին եւ Մարկոսի եւ Ղուկասի զուգահեռ գլուխներուն մէջ Յիսուսի գուշակութիւնը իր կատարումը ունեցաւ Հ.Դ. 33–էն մինչեւ Հ.Դ. 70–ի նեղութիւնը։ Սակայն, այս նոյն համարները երկրորդական կատարում մը պիտի ունենային, ապագային աւելի մեծ նեղութիւն մը պարփակելով։ Այս աւելի մեծ կատարումը հի՛մա է, որ կը կատարուի եւ ամէն օր կը տեսենք զայն։f

Մինչեւ Ո՞ւր կը Տանի

21, 22. Ո՞ւր մարգարէական ապացոյց մը կը գտնենք թէ ուրիշ դէպքեր ալ տեղի պիտի ունենային։

21 Յիսուս իր մարգարէութիւնը չվերջացուց սուտ մարգարէներու մասին խօսելով, որոնք սուտ նշաններ պիտի ընէին մինչեւ ‘ազգերուն սահմանուած ժամանակներուն լմննալը’։ (Ղուկաս 21։24. Մատթէոս 24։23–26. Մարկոս 13։21–23) Ան շարունակեց պատմել ուրիշ ապշեցուցիչ բաներու մասին, որոնք տեղի պիտի ունենային եւ որոնք համայն աշխարհի կողմէ պիտի տեսնուէին։ Ասոնց պիտի ընկերակցէր Որդին մարդոյ գալը զօրութիւնով ու փառքով։ Մարկոս 13։24–27–ն լաւ կերպով կը ներկայացնէ այս մարգարէութեան շարունակութիւնը.

22 «Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը»։

23. Ինչո՞ւ կրնանք Մատթէոս 24։29–31–ի կատարումը ակնկալել առաջին դարէն շատ ետք։

23 Որդին մարդոյ՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս՝ այդպիսի աչքառու կերպով չեկաւ Հ.Դ. 70–ին Հրէական դրութեան կործանարար վախճանէն ետք։ Վստահաբար, երկրի բոլոր ազգերը չճանչցան զինք, ինչպէս կը նշէ Մատթէոս 24։30–ը, ոչ ալ այն ատեն երկնքի հրեշտակները ամբողջ երկրէն հաւաքեցին բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները։ Արդ, Յիսուսի ապշեցուցիչ մարգարէութեան այս յաւելեալ մասը ե՞րբ պիտի կատարուէր։ Անոր կատարումը հիմա մեր շուրջը կը տեսնե՞նք թէ ոչ, անիկա մեզի աստուածային ներատեսութիւն կու տայ գիտնալու համար թէ մօտ ապագային ի՛նչ բաներ կրնանք ակնկալել։ Վստահաբար կ’ուզենք ասիկա գիտնալ, քանի որ Ղուկաս կ’արձանագրէ Յիսուսի հետեւեալ յորդորը. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասնզի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։—Ղուկաս 21։28

[Ստորանիշ՝ էջ 19]

a Այս գլուխներէն կարգ մը մասեր կրնաք գտնել էջ 24 եւ 25–ին մէջ. գծիկները զուգահեռ հատուածներուն կը մատնանշեն։

b Այս դէպքերուն պատմական մէջբերումներուն համար, տես Դիտարան 15 Յունուար 1970–ի թիւը, էջ 43–45, Անգլերէնով։

c Թօթէն աւելի քան 80 անգամ ի յայտ կու գայ Մատթէոսին մէջ (9 անգամ գլուխ 24–ին մէջ), իսկ 15 անգամ՝ Ղուկասու գրքին մէջ։ Մարկոս միայն վեց անգամ գործածեց թօթէն, բայց անոնցմէ չորսն՝ «նշան»ին կապակցաբար։

d Բրիտանացի գրող Մէթիու Հէնրի կ’ըսէ. «Քաղդէացիներու կողմէ Երուսաղէմի կործանումը շատ սարսափելի էր, բայց ասիկա անոր անցաւ։ Անիկա կը սպառնար ջարդել ... բոլոր Հրեաները»։

e Շատեր Ղուկասի պատմութեան մէջ փոփոխութիւն մը կը տեսնեն Ղուկաս 21։24–էն ետք։ Տոքթ. Լէոն Մորիս կը նշէ. «Յիսուս կը շարունակէ խօսիլ հեթանոսներու ժամանակներու մասին։ ... Ըստ շատ մը ուսումնականներու կարծիքին, ուշադրութիւնը Որդի մարդոյ գալուն կ’ուղղուի»։ Ուսուցչապետ Ռ. Ճինզ կը գրէ. «Որդի Մարդոյ Գալը—(Մատթ. 24։29–31. Մարկ. 13։24–27)։ ‘Հեթանոսներուն ժամանակներ’ուն յիշեցումը այս նիւթին բացումը կը կազմէ. արդ [Ղուկասի] հեռանկարը կ’երթայ դէպի ապագան, Երուսաղէմի կործանումէն անդին»։

f Ուսուցչապետ Ուոլթըր Լիֆէլտ կը գրէ. «Վստահաբար կարելի է ենթադրել որ Յիսուսի գուշակութիւնները երկու երեսակ կը պարունակէին. (1) Ք.Թ. 70–ի դէպքերը, մէջը ըլլալով՝ տաճարը եւ (2) հեռաւոր ապագայի դէպքերը որոնք աւելի յայտնութենական ոճով նկարագրուած են»։ Ճոն Ռ. Տամըլովի կողմէ հրատարակուած մեկնաբանութիւն մը կ’ըսէ. «Այս մեծ բանախօսութեան շատ մը լուրջ դժուարութիւնները կը վերանան, երբ գիտակցինք որ մեր Տէրը անոր մէջ կ’ակնարկէ, ոչ թէ՝ մէկ, այլ երկու պատահարներու եւ թէ առաջինը երկրորդին տիպն է։ ... Մասնաւորաբար Ղուկաս 21։24–ը, ուր կը խօսուի ‘հեթանոսներուն ժամանակներ’ուն մասին, ... անորոշ միջոց մը կը դնէ Երուսաղէմի անկումին եւ աշխարհի վերջին միջեւ»։

Կը յիշէ՞ք

◻ Մատթէոս 24։3–ի հարցումին Յիսուսի պատասխանը ի՞նչ կատարում ունեցաւ մինչեւ Հ.Դ. 70–ը։

◻ Թօթէ բառին գործածութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ Յիսուսի մարգարէութիւնը հասկնալու։

◻ Ի՞նչ առումով, առաջին դարուն «մեծ նեղութիւն» մը եղաւ, որուն նմանը նախապէս չէր եղած։

◻ Յիսուսի մարգարէութեան ո՞ր երկու մասնայատուկ երեսակներուն կ’ակնարկէ Ղուկաս, որոնք մեզի հետ կապ ունին այսօր։

◻ Ի՞նչ բան կը մատնանշէ որ Մատթէոս 24։4–22–ի մարգարէութիւնը երկրորդական եւ աւելի մեծ կատարում մը ունի։

[Ցուցակ՝ էջ 24, 25]

ՄԱՏԹԷՈՍ 24

4«Յիսուս պատասխանեց. ‘Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։ 5Վասնզի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն. «Ես եմ Քրիստոսը» ու շատեր պիտի մոլորեցնեն։ 6Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր։ Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք, վասնզի այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ։

7«‘Վասնզի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ 8Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։

9«‘Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք։ 10(Այն ատեն) շատեր պիտի գայթակղին ու մէկզմէկ պիտի մատնեն եւ մէկզմէկ պիտի ատեն։ 11Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ 12Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։ 13Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ 14Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։

15«‘Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ (ով որ կարդայ, թող հասկնայ). 16Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։ 17Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։ 18Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։ 19Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 20Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ շաբաթ օրը. 21Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ 22Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։

23«‘Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ «Ահա հոս է Քրիստոսը» կամ «հոն», մի՛ հաւատաք. 24Վասնզի սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 25Ահա ձեզի առաջուընէ ըսի։ 26Եթէ ձեզի ըսեն թէ «Ահա անապատին մէջ է», մի՛ ելլէք. եւ թէ՝ «Ահա ներքին սենեակներուն մէջ է», մի՛ հաւատաք։ 27Վասնզի ինչպէս փայլակը արեւելքէն կ’ելլէ ու մինչեւ արեւմուտք կ’երեւնայ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ գալուստը։ 28Քանզի ուր որ մեռած մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները։

29«‘Այն նեղութեան օրերէն (անմիջապէս) յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 30Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու (այն ատեն) երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ 31Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը’»։

ՄԱՐԿՈՍ 13

5«Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։ 6Վասնզի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ «Ես եմ Քրիստոսը» ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ 7Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասնզի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ վերջը չէ։

8«‘Վասնզի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։

9«‘Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։ 10Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։ 11Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասնզի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա սուրբ հոգին։ 12Եղբայր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ 13Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։

14«‘Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսուած է, թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկնայ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին 15եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու 16եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ 17Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 18Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ։ 19Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ 20Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց։

21«‘Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ՝ «Ահա հո՛ս է Քրիստոսը» կամ «Ահա հո՛ն», մի՛ հաւատաք. 22Վասնզի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէսզի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 23Իսկ դուք զգո՛յշ կեցէք. ահա առաջուընէ ըսի ձեզի ամէնը։

24«‘Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ 25Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 26Այն ատեն Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ 27Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը’»։

ՂՈՒԿԱՍ 21

8«Ան ալ ըսաւ. ‘Զգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասնզի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ՝ «Ես եմ Քրիստոսը ու ժամանակը մօտեցած է». ուստի անոնց ետեւէն մի երթաք։ 9Բայց երբ լսէք պատերազմներ եւ խռովութիւններ, մի՛ վախնաք, վասնզի պէտք է առաջ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ։

10«Այն ատեն ըսաւ անոնց. ‘Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ. 11Եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան։

12«‘Բայց այս բաներէն առաջ իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն եւ ժողովարաններու ու բանտերու պիտի մատնեն եւ իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջեւ պիտի տարուիք։ 13Եւ այս բաները վերջը ձեզի վկայութիւն պիտի ըլլան։ 14Ուստի ձեր սրտին մէջ դրէք՝ որ առաջուընէ չմտածէք պատասխան տալու վրայով։ 15Վասնզի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները։ 16Պիտի մատնուիք ծնողներէ ու եղբայրներէ եւ ազգականներէ ու բարեկամներէ ու ձեզմէ ոմանքը պիտի սպաննուին։ 17Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. 18Բայց մազ մը ձեր գլխէն պիտի չկորսուի։ 19Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք։

20«‘Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ 21Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ։ 22Վասնզի այն օրերը՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէսզի բոլոր գրուածները կատարուին։ 23Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն, վասնզի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ երկրի վրայ ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ։ 24Եւ սուրի բերնով պիտի իյնան ու բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին ու Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն (սահմանուած) ժամանակները լմըննան։

25«‘Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան։ 26Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասնզի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 27Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ 28Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասնզի ձեր փրկութիւնը մօտ է’»։

[Նկար՝ էջ 20]

Հ.Դ. 70–ի նեղութիւնը Երուսաղէմի եւ Հրէական դրութեան ունեցած մեծագոյն նեղութիւնն էր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել