Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Դատաստանի աթոռին առջեւ ի՞նչ վճիռ պիտի ստանանք
    Դիտարան 1996 | Յունուար 1
    • 20, 21. Յիսուսի առաքեալները ի՞նչ հարցուցին, որ մեր ժամանակին հետ յարակցութիւն ունի, եւ ասիկա ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։

      20 Յիսուսի մահուընէ քիչ առաջ, իր առաքեալները իրեն հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս [իրերու դրութեան (ՆԱ)] վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուս գուշակեց որ երկրի վրայ կարեւոր դէպքեր պիտի ըլլային ‘վերջը գալէ առաջ’։ Անկէ քիչ մը առաջ, ազգերը «պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։—Մատթէոս 24։14, 29, 30

      21 Սակայն, այս ազգերուն պատկանող անհատներուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ Որդին մարդոյ իր փառքով գայ։ Ասոր պատասխանը փնտռենք ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ, որ սա խօսքերով կը սկսի. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը»։—Մատթէոս 25։31, 32

      22, 23. Ո՞ր կէտերը ցոյց կու տան որ ոչխարներու եւ այծերու առակը չսկսաւ 1914–ին կատարուիլ։

      22 Այս առակը կը կիրարկուի՞ այն ժամանակին, երբ Յիսուս իր թագաւորական զօրութիւնով նստաւ 1914–ին, ինչպէս վաղուց հասկցած ենք։ Մատթէոս 25։34–ը Յիսուսի մասին կը խօսի որպէս Թագաւոր. ուստի այս առակը տրամաբանօրէն կիրարկում կը գտնէ 1914–ին Յիսուս Թագաւոր ըլլալէ ի վեր։ Բայց ան անկէ անմիջապէս ետք ի՞նչ դատ տեսաւ։ Անիկա «բոլոր ազգեր»ուն դէմ դատ մը չէր։ Այլ, Յիսուս իր ուշադրութիւնը դարձուց անոնց որոնք կը դաւանէին «Աստուծոյ տուն»ը կազմել։ (Ա. Պետրոս 4։17) Մաղաքեայ 3։1–3–ին համաձայն, Յիսուս, որպէս Եհովայի դեսպանը, երկրի վրայ մնացած օծեալ Քրիստոնեանները դատաքննութեան ենթարկեց։ Ժամանակը եկած էր Քրիստոնեայ Աշխարհին դէմ ալ վճիռ արձակելու, որ կեղծօրէն կը դաւանէր «Աստուծոյ տուն»ը ըլլալ։c (Յայտնութիւն 17։1, 2. 18։4–8) Սակայն ոչ մէկ նշում կայ թէ այդ ժամանակ, կամ՝ անկէ ի վեր, Յիսուս բոլոր ազգերու մարդիկը վերջնականապէս որպէս ոչխարներ կամ այծեր դատելու նստաւ։

      23 Եթէ առակին մէջ Յիսուսի գործունէութիւնը վերլուծենք, կը նկատենք որ ան վերջապէս բոլոր ազգերը կը դատէ։ Առակը ցոյց չի տար որ այդ դատավարութիւնը երկար տարիներու շրջան մը պիտի տեւէր, որպէս թէ անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին մահացած բոլոր անհատները յաւիտենական մահուան կամ յաւիտենական կեանքի արժանի դատուած էին։ Այնպէս կը թուի որ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին մահացած մարդոց մեծամասնութիւնը մարդոց հասարակաց գերեզմանը գացած են։ (Յայտնութիւն 6։8. 20։13) Սակայն, առակը կը նկարագրէ այն ժամանակը, երբ Յիսուս «բոլոր ազգեր»ու մարդիկը կը դատէ, մինչ անոնք ողջ են եւ իր դատավճռին գործադրումը կը դիմագրաւեն։

      24. Ոչխարներու եւ այծերու առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։

      24 Ուրիշ խօսքով, առակը ապագային կը մատնանշէ, երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը պիտի գայ։ Ան այդ ատեն ողջ եղող մարդիկը դատելու համար պիտի նստի։ Իր դատաստանը պիտի հիմնուի անոնց ի՛նչպիսի անձնաւորութիւն ցուցաբերած ըլլալնուն վրայ։ Այդ ժամանակ, «արդարին եւ ամբարշտին» միջեւ տարբերութիւնը բացայայտօրէն հաստատուած պիտի ըլլայ։ (Մաղաքեայ 3։18) Դատավճռին արձակումը եւ գործադրումը իրապէս սահմանափակեալ ժամանակի մը մէջ պիտի կատարուին։ Յիսուս արդար դատավճիռներ պիտի արձակէ հիմնուելով անհատներուն ինքնութիւնը հաստատող բաներու վրայ։—Տես նաեւ՝ Բ. Կորնթացիս 5։10։

      25. Մատթէոս 25։31–ը ի՞նչ կը նկարագրէ, երբ կ’ըսէ որ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը կը նստի։

      25 Ասիկա կը նշանակէ, ուրեմն, որ Մատթէոս 25։31–ին մէջ յիշուած դատաստանի համար Յիսուսի ‘փառաց աթոռը նստիլը’ ապագային կը կիրարկուի, երբ այս հզօր Թագաւորը ազգերուն դէմ վճիռ արձակելու եւ գործադրելու համար նստի։ Այո, Մատթէոս 25։31–33, 46–ին մէջ Յիսուսը ներփակող դատավարութեան երեւոյթը նման է Դանիէլ 7–րդ գլուխի երեւոյթին, ուր իշխող Թագաւորը՝ Հինաւուրցը՝ նստաւ Դատաւորի իր դերը կատարելու համար։

      26. Առակին մասին ի՞նչ նոր բացատրութիւն բացայայտ կ’ըլլայ։

      26 Ոչխարներու եւ այծերու առակը այս կերպով հասկնալը ցոյց կու տայ որ ոչխարներու եւ այծերու առնչութեամբ դատավճռի արձակումը տակաւին ապագային պիտի ըլլայ։ Անիկա տեղի պիտի ունենայ Մատթէոս 24։29, 30–ին մէջ նշուած «մեծ նեղութիւնը» պայթելէն եւ ‘Որդին մարդոյ իր փառքով գալ’էն ետք։ (Բաղդատել Մարկոս 13։24–26։) Ապա, ամբողջ ամբարիշտ դրութիւնը, իր վախճանին հասած ըլլալով, Յիսուս ատեան պիտի բանայ եւ իր դատավճիռը պիտի արձակէ ու գործադրէ։—Յովհաննու 5։30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7–10

  • Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած է
    Դիտարան 1996 | Յունուար 1
    • 3. Իր բանախօսութեան սկիզբը, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, որ տեղի պիտի ունենար մեծ նեղութեան սկիզբէն անմիջապէս յետոյ։

      3 Յիսուս նախագուշակեց որ մեծ նեղութիւնը պայթելէն անմիջապէս «յետոյ», տպաւորիչ դէպքեր տեղի պիտի ունենային, դէպքեր որոնց կը սպասենք։ Ան ըսաւ որ «այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը» պիտի երեւնար։ Ասիկա մեծապէս պիտի ազդէ «երկրի բոլոր ազգեր»ուն որոնք «պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։ Որդին մարդոյ պիտի ընկերակցին «Իր հրեշտակները»։ (Մատթէոս 24։21, 29–31)a Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ոչխարներու եւ այծերու առակին մասին։ Արդի Աստուածաշունչեր զայն կը դնեն 25–րդ գլուխին մէջ, բայց անիկա Յիսուսի պատասխանին մաս կը կազմէ, յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով իր փառքով գալուն մասին եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ «բոլոր ազգեր»ու դատաստանին վրայ։—Մատթէոս 25։32

      Առակին Դերակատարները

      4. Ոչխարներու եւ այծերու առակին սկիզբը Յիսուսի մասին ի՞նչ ըսուած է, եւ որո՞նք ալ պատկերին մէջ տեղ կը գրաւեն։

      4 Յիսուս առակը կը սկսի ըսելով. «Երբ Որդին մարդոյ ... գայ»։ Հաւանաբար գիտէք թէ ո՛վ է «Որդին մարդոյ»։ Աւետարանիչները այդ արտայայտութիւնը յաճախ Յիսուսի վերագրեցին։ Յիսուս անձամբ այսպէս ըրաւ, անկասկած Դանիէլի տեսիլքը ի մտի ունենալով, որու մէջ «Որդի մարդոյ նման մէկը» «Հինաւուրցին» կը մօտենայ «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն» ստանալու համար։ (Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 26։63, 64. Մարկոս 14։61, 62) Թէեւ Յիսուս է այս առակին գլխաւոր դերակատարը, սակայն ան մինակ չէ։ Ինչպէս Մատթէոս 24։30, 31–ին մէջ յիշուած է, իր բանախօսութեան սկիզբը, ան ըսաւ որ երբ Որդին մարդոյ «զօրութիւնով ու մեծ փառքով» գայ, իր հրեշտակները կենսական դեր մը պիտի խաղան։ Նոյնպէս, ոչխարներու եւ այծերու առակը ցոյց կու տայ որ հրեշտակները Յիսուսին հետ պիտի ըլլան, երբ ան «իր փառաց աթոռը ... նստի» դատելու համար։ (Բաղդատել Մատթէոս 16։27։) Բայց Դատաւորը եւ իր հրեշտակները երկինքն են. ուստի առակին մէջ մարդոց մասին ալ կը խօսուի՞։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել