Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա20 Ապրիլ էջ 1-10
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ԱՊՐԻԼ 13-19
  • ԱՊՐԻԼ 20-26
  • ԱՊՐԻԼ 27–ՄԱՅԻՍ 3
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
ժտա20 Ապրիլ էջ 1-10

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ԱՊՐԻԼ 13-19

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 31

«Յակոբ եւ Լաբան խաղաղութեան ուխտ մը կ’ընեն»

(Ծննդոց 31։44-46) «Ուստի հիմա եկուր, ես ու դուն ուխտ ընենք, որ իմ ու քու մէջտեղ վկայութեան համար ըլլայ»։ 45 Յակոբ քար մը առաւ ու իբր արձան կանգնեցուց։ 46 Յակոբ իր ազգականներուն ըսաւ. «Քարեր հաւաքեցէ՛ք»։ Անոնք քարեր առին ու դիզեցին եւ հոն դէզին վրայ հաց կերան։

it-1 883 ¶1

Գաղաադ

Յակոբ եւ Լաբան իրենց միջեւ եղած անհամաձայնութիւնները խաղաղութեամբ լուծեցին եւ իրարու հետ ուխտ ըրին։ Յակոբ քարէ սիւն մը կանգնեցուց եւ իր ազգականներուն ըսաւ որ քարերու դէզ մը ընեն (թերեւս սեղանի ձեւով), որուն վրայ ուխտին կերակուրը կերան։ Ետքը, Լաբան այդ դէզին անունով կոչեց այդ տեղը՝ «Եկար Սահատութա» (արամերէն), բայց Յակոբ զայն կոչեց «Գաղաադ», որ այդ անուան եբրայերէնն էր։ Լաբան ըսաւ «Այս դէզը իմ ու քու մէջտեղ վկայ մըն է այսօր» (Ծն. 31։44-48)։ Քարերու դէզը (եւ քարերու սիւնը) որպէս վկայ ծառայեց բոլոր անցորդներուն։ Ինչպէս որ 49–րդ համարը կ’ըսէ, ատիկա նաեւ կոչուեցաւ «Մասփա» (որ եբրայերէն կը նշանակէ՝ դիտանոց), ծառայելով որպէս փաստ, թէ Յակոբ եւ Լաբան համաձայնած են, որ խաղաղութիւն պահեն իրարու միջեւ եւ ամէն մէկը իր ընտանիքի անդամներուն հետ (Ծն. 31։50-53)։ Ուրիշ առիթներով ալ քարեր գործածուած են որպէս լուռ վկաներ (Յես. 4։4-7. 24։25-27)։

(Ծննդոց 31։47-50) Լաբան անոր անունը Եկար Սահատութա դրաւ, բայց Յակոբ անոր անունը Գաղաադ դրաւ։ 48 Լաբան ըսաւ. «Այս դէզը իմ ու քու մէջտեղ վկայ մըն է այսօր». անոր համար անոր անունը Գաղաադ ըսուեցաւ։ 49 Եւ Մասփա ալ ըսուեցաւ. քանզի ըսաւ. «Մեր՝ իրարմէ զատուած ատենը՝ իմ ու քու մէջտեղ Տէրը դիտէ։ 50 Եթէ իմ աղջիկներս վշտացնես եւ կամ եթէ իմ աղջիկներուս վրայ ուրիշ կիներ առնես, մեզի հետ մէկը չկայ. ահա իմ ու քու մէջտեղ վկայ Աստուած է»։

it-2 1172

Մասփա (Դիտանոց)

Յակոբ քարերու դէզ մը կանգնեցուց եւ զայն կոչեց՝ «Գաղաադ» (որ կը նշանակէ՝ «վկայութեան դէզ») եւ «Մասփա» (Դիտանոց)։ Ետքը, Լաբան ըսաւ. «Մեր՝ իրարմէ զատուած ատենը՝ իմ ու քու մէջտեղ Տէրը դիտէ» (Ծն. 31։45-49)։ Քարերու այդ դէզը պիտի վկայէր, որ Եհովան կը դիտէ որպէսզի նայի եթէ Յակոբ եւ Լաբան կը պահեն իրենց ըրած խաղաղութեան ուխտը։

(Ծննդոց 31։51-53) Եւ Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ահա այս դէզը եւ ահա մեր մէջտեղ իմ կանգնեցուցած արձանս։ 52 Այս դէզը վկայ ու այս արձանը վկայ ըլլան, որ այս դէզէն չանցնիմ քեզի գալու եւ դուն այս դէզէն ու այս արձանէն չանցնիս ինծի գալու, չարիք ընելու համար։ 53 Աբրահամին Աստուածը եւ Նաքովրին Աստուածը, անոնց հայրերուն Աստուածը մեր մէջ դատաւոր ըլլայ»։ Յակոբ իր հօրը Իսահակին Երկիւղովը երդում ըրաւ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 31։19) Լաբան իր խաշինքը ասրակտուր ընելու գացեր էր ու Ռաքէլ իր հօրը կուռքերը գողցաւ։

դ84 2/1 11

Ծննդոցը Հաւատք, Յոյս եւ Քաջութիւն կը ներշնչէ

31։19—Լաբանէն գողցած Ռաքէլի Թերափիմները ի՞նչ էին։

Թերափիմները ընտանեկան Աստուածներ կամ կուռքեր էին։ Միջագետքի մէջ գտնուած հնութիւնները ցոյց կու տան, որ այդպիսի արձաններ ունենալը կը նշանակէր թէ ո՛վ պիտի ունենար ընտանիքին ժառանգը։ Հաւանաբար Ռաքէլ ասիկա ի մտի ունէր եւ խորհեցաւ որ ինք իրաւունք ունէր ասիկա ընելու, իր հօրը՝ Լաբանի, իր ամուսնին՝ Յակոբի, հետ խարդախութեամբ վարուելուն համար։ (Ծննդոց 31։14-16) Բայց ոչ մէկ ցուցմունք չկայ որ Յակոբ այդ թերափիմները գործածեց ընտանեկան ժառանգութիւնը ձեռք ձգելու համար։ Վերջապէս, այս կուռքերէն ձերբազատուեցան երբ Յակոբ իր ընտանիքին կողմէ իրեն տրուած բոլոր օտար աստուածները թաղեց։—Ծննդոց 35։1-4

(Ծննդոց 31։41, 42) Այսպէս եղայ քսան տարի քու տանդ մէջ. քու երկու աղջիկներուդ համար տասնըչորս տարի ծառայեցի քեզի եւ հօտերուդ համար վեց տարի ծառայեցի եւ իմ վարձքս տասը անգամ փոխեցիր։ 42 Եթէ իմ հօրս Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Երկիւղը ինծի հետ չըլլային, իրաւցնէ զիս հիմա դատարկ կը ղրկէիր։ Աստուած իմ տառապանքս ու իմ ձեռքիս աշխատութիւնը տեսաւ ու երէկ գիշեր քեզ յանդիմանեց»։

(Ա. Պետրոս 2։18) Ծառաները ամէն բանի մէջ վախով հնազանդ ըլլան իրենց տէրերուն, ո՛չ միայն բարերարներուն ու հեզերուն, հապա ժանտաբարոներուն [«անոնց որ դժուար է հաճեցնել», ՆԱ] ալ։

դ13 3/15 21 ¶8

Եհովան. մեր ապաւէնը

8 Երբ Յակոբ Խառան հասաւ, իր մօրեղբայրը՝ Լաբան՝ ջերմօրէն զինք ընդունեց եւ ապա Լիան ու Ռաքէլը իրեն կին տուաւ։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Լաբան փորձեց Յակոբը շահագործել, անոր վարձքը տա՛սը անգամ փոխելով (Ծն. 31։41, 42)։ Բայց եւ այնպէս, Յակոբ այս անարդարութիւններուն համբերեց, վստահ ըլլալով որ Եհովան պիտի շարունակէր զինք հոգալ,– եւ Ան իրապէս զինք հոգաց։ Արդարեւ, երբ Աստուած Յակոբ նահապետին ըսաւ որ Քանան վերադառնայ, ան «շատ հօտեր եւ աղախիններ ու ծառաներ եւ ուղտեր ու էշեր» ունէր (Ծն. 30։43)։ Խոր գնահատութեամբ՝ Յակոբ աղօթեց. «Արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ» (Ծն. 32։10)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 111 ¶1-9

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԷՆ ՆՇԱՆ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։3-51 ՄԱՐԿՈՍ 13։3-37 ՂՈՒԿԱՍ 21։7-38

• ՉՈՐՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ ՆՇԱՆ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ

• ՅԻՍՈՒՍԻ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒՆ ԵՒ ՅԵՏԱԳԱՅԻՆ

• ՊԷՏՔ Է ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱՆՔ

Երեքշաբթի կէսօրէ ետք է եւ նիսան 11–ը իր աւարտին կը մօտենայ։ Վերջին քանի մը օրերուն Յիսուս շատ զբաղած էր, եւ իր ժրաջան ծառայութիւնը երկրի վրայ վերջանալու վրայ է։ Ցերեկը ան կը սորվեցնէր տաճարին մէջ, իսկ գիշերը Բեթանիա կը մնար։ Մարդիկ շատ մեծ հետաքրքրութեամբ «առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաճարը՝ իր խօսքերը լսելու» (Ղուկաս 21։37, 38)։ Իսկ հիմա, Յիսուս Ձիթենեաց լեռը նստած է՝ Պետրոսին, Անդրէասին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ։

Այս չորս առաքեալները կ’ուզեն Յիսուսին հետ խօսիլ։ Անոնք մտահոգ են, քանի որ Յիսուս քիչ առաջ տաճարին մասին մարգարէացաւ, որ հոն քար քարի վրայ պիտի չմնայ։ Բայց անոնք մտահոգ են նաեւ ուրիշ հարցերու մասին։ Յիսուս իրենց ըսած էր. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր» (Ղուկաս 12։40)։ Ան նաեւ խօսած էր այն օրուան մասին, ‘երբ Որդին մարդոյ պիտի յայտնուէր’ (Ղուկաս 17։30)։ Արդեօք այդ խօսքերը կապ ունի՞ն տաճարին նկատմամբ իր ըսածին հետ։ Առաքեալները անպայման կ’ուզե՛ն գիտնալ։ Անոնք Յիսուսին կ’ըսեն. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին [«աշխարհի վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։

Անոնք թերեւս ի մտի ունին տաճարին կործանումը։ Ասկէ զատ, անոնք նաեւ մանրամասնութիւններ կ’ուզեն գիտնալ Որդին մարդոյ ներկայութեան մասին։ Թերեւս կը յիշեն Յիսուսին առակը «ազնուական մարդ»ու մը մասին, որ «հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու» (Ղուկաս 19։11, 12)։ Ինչպէս նաեւ անոնք հարց կու տան, որ «աշխարհի վախճան»ը ի՛նչ կը պարփակէ։

Յիսուս կու տայ նշան մը, որ կը յայտնէ թէ ե՛րբ Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը պիտի կործանին։ Այդ նշանը նաեւ յետագային պիտի օգնէ քրիստոնեաներուն, որ գիտնան թէ ե՛րբ կ’ապրին Յիսուսի «ներկայութեան» եւ աշխարհի վախճանին ժամանակ։

Տարիներու ընթացքին, առաքեալները կը տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի խօսքերը կ’իրականանան։ Այո, Յիսուսի մարգարէական խօսքերէն շատեր կը սկսին կատարուիլ առաքեալներուն օրերուն։ Այնպէս որ 37 տարի ետք, Ք.Ե. 70–ին, արթուն քրիստոնեաները անակնկալի չեկան, երբ Երուսաղէմի ու անոր տաճարին կործանման ժամանակը հասաւ։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուսին ո՛չ բոլոր ըսածները կը կատարուին մինչեւ Ք.Ե. 70 կամ ճիշդ այդ թուականին։ Իր կարգ մը ըսածները պիտի կատարուին իր ներկայութեան ժամանակ որպէս Թագաւոր։ Լաւ, ի՞նչը պիտի նշէ իր ներկայութիւնը։ Յիսուս ատոր մասին ալ կը պատասխանէ։

Յիսուս կը մարգարէանայ որ «պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր» պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։6, 7)։ Ան նաեւ կ’ըսէ որ «տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։11)։ Յիսուս իր աշակերտները կը զգուշացնէ. «Իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն» (Ղուկաս 21։12)։ Սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն եւ շատերը մոլորեցնեն։ Անօրէնութիւնը պիտի շատնայ եւ մեծամասնութեան սէրը պիտի պաղի։ Ասկէ զատ, ան կ’ըսէ որ «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։

Յիսուսին տուած մարգարէութեան կարգ մը երեսակները կը կատարուին Երուսաղէմի կործանումէն առաջ եւ անոր ընթացքին։ Բայց արդեօք իր խօսքերը աւելի մեծ կատարում պիտի ունենայի՞ն ապագային։ Անձամբ չե՞ս տեսներ այդ խօսքերուն գլխաւոր կատարումը մեր օրերուն։

Յիսուսի ներկայութեան նշանին մաս կազմող դէպքերէն մէկը՝ ‘աւերմունքին պղծութեան’ ի յայտ գալն է (Մատթէոս 24։15)։ Ք.Ե. 66–ին, յայտնի կ’ըլլայ որ այդ պղծութիւնը հռոմէական «զօրքեր»ն են, իրենց կռապաշտական դրօշակներով։ Անոնք Երուսաղէմը կը պաշարեն եւ որոշ տեղեր պարիսպին տակը կը փորեն (Ղուկաս 21։20)։ Այսպիսով, պղծութիւնը կը կենայ հոն՝ ուր պէտք չէ կենայ. այսինքն՝ հոն ուր հրեաները «սուրբ տեղ» կը նկատեն։

Յիսուս կը շարունակէ իր մարգարէութիւնը՝ ըսելով. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ Ք.Ե. 70–ին, հռոմայեցիները Երուսաղէմը կը կործանեն։ Հրեաներուն ‘սուրբ քաղաքին’ եւ տաճարին կործանումը իրենց համար «մեծ նեղութիւն» կ’ըլլայ եւ հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին (Մատթէոս 4։5. 24։21)։ Երուսաղէմին եւ հրեայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ այսպիսի կործանում բնաւ չէ եղած։ Այդ կործանումով վերջ կը գտնէ հրեաներուն պաշտամունքի դրութիւնը, որ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է։

◇ Ի՞նչը առաքեալները կը մղէ որ ապագայ դէպքերու մասին հարցնեն, բայց անոնք թերեւս ուրիշ ի՞նչ ի մտի ունին։

◇ Յիսուսի մարգարէութիւնը ե՞րբ կը սկսի կատարուիլ եւ ինչպէ՞ս։

◇ Ի՞նչ կարգ մը դէպքեր Քրիստոսին ներկայութիւնը կը նշեն։

◇ «Աւերմունքին պղծութիւնը» ինչպէ՞ս ի յայտ կու գայ, եւ անոր յայտնուելէն ետք ի՞նչ դէպքեր կը պատահին։

ԱՊՐԻԼ 20-26

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 32-33

«Կը գօտեմարտի՞ս օրհնութիւն ստանալու համար»

(Ծննդոց 32։24) Յակոբ մինակ մնաց ու մարդ մը կը գօտեմարտէր անոր հետ մինչեւ արշալոյս։

դ16.09 9 ¶6

Եհովայի օրհնութիւնը ստանալու համար շարունակէ մարտնչիլ

Հաւատարիմ Յակոբ պայքարեցաւ եւ յարատեւեց, քանի որ Եհովան կը սիրէր, հոգեւոր բաները կը գնահատէր եւ լման հաւատք ունէր Եհովայի խոստումին նկատմամբ, թէ իր սերունդը պիտի օրհնէր (Ծն. 28։3, 4)։ Ասկէ կրնանք հասկնալ որ ինչո՛ւ Յակոբ երբ գրեթէ 100 տարեկան էր, իր ամէն կարելին ըրաւ որ Աստուծոյ օրհնութիւնը շահի։ Ան նոյնիսկ գօտեմարտեցաւ հրեշտակի մը հետ (կարդա՛ Ծննդոց 32։24-28)։ Յակոբ ի՞ր ուժով գօտեմարտեցաւ հրեշտակին հետ։ Անշուշտ ո՛չ։ Բայց ան շատ վճռական պայքարող մըն էր եւ փաստեց որ վազ պիտի չանցնի մինչեւ որ օրհնութիւն ստանայ։ Եւ քանի որ ան յարատեւեց, Եհովան զինք օրհնեց եւ իրեն տուաւ Իսրայէլ անունը, որ կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ հետ մարտնչող կամ յարատեւող»։ Ան շահեցաւ Եհովային հաճութիւնն ու օրհնութիւնը։ Մենք ալ կ’ուզենք ասոնք շահիլ։

(Ծննդոց 32։25, 26) Եւ երբ մարդը տեսաւ թէ անոր չյաղթեց, անոր զիստին ամոլաջիլին դպաւ եւ անոր հետ գօտեմարտած ատենը Յակոբին զստին ամոլաջիլը խախտեցաւ։ 26 Եւ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, քանզի արշալոյսը երեւցաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Չեմ թողուր քեզ, մինչեւ որ զիս չօրհնես»։

it-2 190

Կաղ, կաղութիւն

Յակոբին կաղութիւնը։ Երբ Յակոբ շուրջ 97 տարեկան էր, հրեշտակի մը հետ գօտեմարտեցաւ ամբողջ գիշեր մը։ Ան չձգեց որ հրեշտակը երթայ մինչեւ որ իրեն օրհնութիւն տայ։ Գօտեմարտին ժամանակ, հրեշտակը անոր զիստին ամոլաջիլին դպաւ եւ զայն տեղէն հանեց։ Ասոր պատճառով Յակոբ կաղ եղաւ (Ծն. 32։24-32. Ով. 12։2-4)։ Ասիկա իրեն պիտի յիշեցնէր, որ թէեւ հրեշտակը իրեն ըսաւ՝ «Աստուծոյ [Աստուծոյ հրեշտակին] հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր», բայց իրականութեան մէջ ան Աստուծոյ հզօր հրեշտակին չյաղթեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ միայն Աստուծոյ նպատակին համար եւ իր արտօնութեամբ է որ Յակոբ կռուեցաւ հրեշտակի մը հետ, որպէսզի փաստուի որ ան շատ կը գնահատէր Աստուծոյ օրհնութիւնը։

(Ծննդոց 32։27, 28) Անիկա ըսաւ իրեն. «Ի՞նչ է անունդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յակոբ է»։ 28 Անիկա ըսաւ. «Ալ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ. վասն զի Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր»։

it-1 1228

Իսրայէլ

1. Երբ Յակոբ շուրջ 97 տարեկան էր, Աստուած զինք Իսրայէլ կոչեց։ Մինչ ան կ’երթար իր եղբայրը՝ Եսաւը տեսնելու, գիշերով Յաբոկի անցքը կտրեց եւ սկսաւ գօտեմարտիլ հրեշտակի մը հետ։ Քանի՛ որ ան շարունակեց գօտեմարտիլ եւ չյանձնուեցաւ, իր անունը փոխուեցաւ եւ եղաւ՝ Իսրայէլ, որպէս Աստուծոյ օրհնութեան նշան։ Այդ դէպքը յիշատակելու համար, Յակոբ այդ տեղը «Փանուէլ» կոչեց (Ծն. 32։22-31)։ Յետագային, Աստուած Բեթէլին մէջ զինք վստահեցուց, որ իր անունը այլեւս Իսրայէլ է։ Յակոբ մինչեւ մահ շատ յաճախ Իսրայէլ կոչուեցաւ (Ծն. 35։10, 15. 50։2. Ա. Մն. 1։34)։ Սուրբ Գիրքին մէջ Իսրայէլ անունը նշուած է աւելի քան 2500 անգամ։ Բայց շատ անգամ ատիկա կ’ակնարկէ Յակոբին սերունդին որպէս ազգ (Ել. 5։1, 2)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 32։11) Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։

(Ծննդոց 32։13-15) Այն գիշեր հոն կեցաւ ու իր ձեռքը գտնուածէն իր եղբօրը Եսաւին համար ընծաներ պատրաստեց։ 14 Երկու հարիւր այծ եւ քսան նոխազ, երկու հարիւր էգ ոչխար եւ քսան խոյ, 15 երեսուն ծիծ տուող ուղտ իրենց ձագերովը, քառասուն կով ու տասը ցուլ, քսան էգ էշ եւ տասը աւանակ։

դ10 6/1 26 ¶10-11

Շնորհալի խօսքը լաւ յարաբերութիւններ կը յառաջացնէ

10 Շնորհալի խօսքը եւ լաւ հաղորդակցութիւնը կ’օգնեն, որ խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատուին ու պահպանուին։ Արդարեւ, ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կարելի եղածին չափ բարելաւելով, կրնանք իրենց հետ մեր հաղորդակցութիւնը բարելաւել։ Ուրիշներուն համար անկեղծ ու քաղցր արարքներ ընելը,– օգնելու առիթներ գտնել, սրտանց նուէր մը տալ, հիւրասիրել,– բաց հաղորդակցութեան կրնայ նպաստել։ Ասիկա կրնայ նոյնիսկ անհատի մը վրայ ‘կրակի կայծեր դիզել’ եւ անոր լաւ յատկութիւնները մէջտեղ հանել, դիւրացնելով խնդիրներուն մասին խօսիլը (Հռով. 12։20, 21)։

11 Յակոբ նահապետ ասիկա ըմբռնեց։ Իր երկուորեակ եղբայրը՝ Եսաւ, իրեն դէմ ա՛յնքան բարկացած էր, որ Յակոբ իր կեանքին համար փախաւ։ Տարիներ ետք, ան վերադարձաւ։ Եսաւ 400 մարդ առնելով իրեն հանդիպելու գնաց։ Յակոբ աղօթքով Եհովայէ օգնութիւն խնդրեց։ Ապա ան մեծ պարգեւ մը Եսաւին ղրկեց։ Պարգեւը իր նպատակին ծառայեց։ Երբ անոնք իրարու հանդիպեցան, Եսաւին սիրտը կակուղցած էր, եւ վազելով Յակոբը ողջագուրեց (Ծն. 27։41-44. 32։6, 11, 13-15. 33։4, 10)։

(Ծննդոց 33։20, ստորանիշ) Եւ հոն սեղան մը շինեց ու անունը Աստուած, Իսրայէլի Աստուածը դրաւ։

it-1 980

Աստուած Իսրայէլի Աստուածը

Փանուէլի մէջ, երբ Յակոբ հանդիպեցաւ Աստուծոյ հրեշտակին, իր անունը փոխուեցաւ եւ եղաւ Իսրայէլ։ Երբ իր եւ իր եղբօր՝ Եսաւին հանդիպումը խաղաղութեամբ անցաւ, ան Սոկքովթի մէջ բնակեցաւ, եւ ետքը՝ Սիւքէմի մէջ։ Հոն ան Եմովրի որդիներէն ծախու առաւ կտոր մը հող եւ իր վրանը հոն կանգնեցուց (Ծն. 32։24-30. 33։1-4, 17-19)։ ‘Եւ հոն սեղան մը շինեց ու անունը դրաւ Էլէլօհէ–Իսրայէլ’ կամ «Աստուած Իսրայէլի Աստուածը» (Ծն. 33։20, ստորանիշ)։ Ինքզինքին ակնարկելով որպէս Իսրայէլ եւ զոհասեղանը այդ անունով կոչելով, Յակոբ ցոյց տուաւ որ այդ անունը ընդունած էր եւ կը գնահատէր թէ՛ այդ անունը եւ թէ Աստուծոյ ըրածը, որ զինք ապահովութեամբ վերադարձուց Աւետեաց երկիր։ «Աստուած Իսրայէլի Աստուածը» արտայայտութիւնը միայն մէկ անգամ նշուած է Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 111 ¶10-21

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԷՆ ՆՇԱՆ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։3-51 ՄԱՐԿՈՍ 13։3-37 ՂՈՒԿԱՍ 21։7-38

• ՉՈՐՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ ՆՇԱՆ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ

• ՅԻՍՈՒՍԻ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒՆ ԵՒ ՅԵՏԱԳԱՅԻՆ

• ՊԷՏՔ Է ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱՆՔ

Յիսուս կը շարունակէ իր առաքեալներուն հետ խօսիլ՝ թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութեան նշանին եւ աշխարհի վախճանին մասին։ Ան զանոնք կը զգուշացնէ որ չհետեւին ‘սուտ Քրիստոսներու ու սուտ մարգարէներու’։ Ան կ’ըսէ որ ջանքեր պիտի թափուին, որ «եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն» (Մատթէոս 24։24)։ Բայց անոնք պիտի չմոլորին։ Սուտ Քրիստոսները ի յայտ կու գան տեսանելի ձեւով։ Իսկ Յիսուսի ներկայութիւնը անտեսանելի պիտի ըլլայ։

Խօսելով աւելի մեծ նեղութեան մը մասին, որ պիտի ըլլայ ներկայ աշխարհի վախճանին, Յիսուս կ’ըսէ. «Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին» (Մատթէոս 24։29)։ Առաքեալները լիովին չեն գիտնար, թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, բայց վստահաբար ատիկա ցնցիչ պիտի ըլլայ։

Այս ցնցիչ դէպքերը ինչպէ՞ս պիտի ազդեն մարդոց։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին» (Ղուկաս 21։26)։ Իրապէս, Յիսուս կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ ժամանակաշրջանը։

Բայց Յիսուս առաքեալներուն կ’օգնէ հասկնալու, որ ամէն մարդ չէ որ պիտի ողբայ երբ ‘Որդին մարդոյ գայ՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով’ (Մատթէոս 24։30)։ Ան արդէն ըսած էր, որ Աստուած պիտի միջամտէ «ընտրեալներուն համար» (Մատթէոս 24։22)։ Լաւ այսպիսի հաւատարիմ աշակերտներ ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն այդ ցնցիչ դէպքերուն։ Յիսուս իր հետեւորդները կը քաջալերէ. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21։28)։

Բայց այդ ժամանակաշրջանին ապրող աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի հասկնան որ վերջը մօտ է։ Յիսուս թզենիի մը օրինակով ատիկա կը բացատրէ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան» (Մատթէոս 24։32-34)։

Ուրեմն, երբ աշակերտները տեսնեն, որ Յիսուսի տուած նշանին շատ մը երեսակները կը կատարուին, կրնան գիտակցիլ որ վերջը մօտ է։ Իսկ հիմա Յիսուս կը խօսի կէտի մը մասին, որ շատ կարեւոր է այդ նշանակալից ժամանակաշրջանին ապրող աշակերտներուն համար։

Ան կ’ըսէ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։36-39)։ Այսպիսով, Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կը յիշեցնէ Նոյի օրուան Ջրհեղեղը, որ ցնցեց ամբողջ աշխարհը։ Այդպէս ալ պիտի ըլլայ ներկայ չար աշխարհի վերջը։

Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուսի խօսքերը լսելով, առաքեալները անկասկած պէտք է հասկնան որ շատ կարեւոր է արթուն մնալ։ Ան կ’ըսէ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք» (Ղուկաս 21։34-36)։

Յիսուս նորէն ցոյց կու տայ, որ իր ըսած մարգարէութիւնը աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի կատարուի։ Ան չի խօսիր դէպքերու մասին, որոնք քանի մը տասնամեակներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան եւ միայն կապ ունին Երուսաղէմին կամ հրեայ ազգին հետ։ Ան կը նշէ դէպքեր, որոնք «բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ» պիտի գան։

Ան կ’ըսէ որ իր աշակերտները պէտք է արթուն, զգաստ եւ պատրաստ ըլլան։ Ան այս զգուշացումը ուրիշ առակով մը կը շեշտէ. «Այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» (Մատթէոս 24։43, 44)։

Ետքը, Յիսուս կ’ըսէ թէ աշակերտները պատճառ ունին ապագային նկատմամբ լաւատես ըլլալու։ Ան կ’ըսէ որ իր մարգարէական խօսքերուն կատարման ժամանակաշրջանին, արթուն եւ եռանդուն «ծառայ» մը պիտի ըլլայ։ Յիսուս իր առաքեալներուն ծանօթ պարագայ մը որպէս օրինակ բերելով կ’ըսէ. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ Բայց եթէ «ծառան» չար դառնայ եւ ուրիշներուն հետ գէշ կերպով վարուի, տէրը զինք խիստ կերպով պիտի պատժէ (Մատթէոս 24։45-51. համեմատէ՛ Ղուկաս 12։45, 46)։

Բայց Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ իր հետեւորդներէն խումբ մը չար պիտի դառնայ։ Լաւ, ան ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել իր աշակերտներուն։ Ան կ’ուզէ որ անոնք արթուն եւ եռանդուն ըլլան։ Ան այս կէտը աւելի կը յստակացնէ ուրիշ առակով մը։

◇ Մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն, երբ Յիսուսի մարգարէութեան կատարման ականատես ըլլան։

◇ Յիսուս ի՞նչ օրինակով կ’օգնէ իր աշակերտներուն, որ հասկնան թէ ե՛րբ վերջը մօտ է։

◇ Ի՞նչը ցոյց կու տայ, որ Յիսուսի մարգարէութիւնը համաշխարհային կատարում ունի։

◇ Յիսուս ի՞նչ խրատ կու տայ իր աշակերտներուն, որոնք չար աշխարհի վախճանին կ’ապրին։

ԱՊՐԻԼ 27–ՄԱՅԻՍ 3

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 34-35

«Չար ընկերակցութեան ցաւալի հետեւանքները»

(Ծննդոց 34։1) Լիայի՝ Յակոբին ծնած՝ աղջիկը Դինա այն երկրին աղջիկները տեսնելու ելաւ։

w97 2/1 30 ¶4

Հովիտին մէջի Սիւքէմ քաղաքը

Արդեօք Սիւքէմ քաղաքի երիտասարդ տղաքը ի՞նչ աչքով պիտի նայէին այս կոյս աղջկան, որ շատ անգամ իրենց քաղաքը կ’այցելէր եւ ըստ երեւոյթին մինակը կու գար հոն։ Իշխանի մը տղան «տեսաւ զանիկա եւ առաւ ու պառկեցաւ անոր հետ ու պղծեց զանիկա»։ Դինան ինչո՞ւ ինքզինք վտանգի տակ դրաւ՝ անբարոյ քանանացիներուն ընկերակցելով։ Արդեօք ան կը զգար որ իր տարիքի աղջիկներուն ընկերակցութեա՞ն պէտք ունէր։ Արդեօք ան իր կարգ մը եղբայրներուն պէս յամա՞ռ էր եւ կը սիրէ՞ր անկախ ըլլալ։ Կարդա՛ իր պատմութիւնը Ծննդոց գիրքին մէջ եւ փորձէ երեւակայել որ Յակոբն ու Լիան ի՜նչ ցաւ եւ ամօթ զգացած ըլլալու էին, տեսնելով իրենց աղջկան առած քայլին հետեւանքները (Ծննդոց 34։1-31. 49։5-7. նաեւ տե՛ս Դիտարան–ի 15 յունիս 1985 թիւը, էջ 31 [անգլերէն])։

(Ծննդոց 34։2) Ու այն երկրին իշխանը Խեւացի Եմովրի որդին Սիւքէմ տեսաւ զանիկա եւ առաւ ու պառկեցաւ անոր հետ ու պղծեց զանիկա։

ասմ 103 ¶14

«Պոռնկութենէն փախէք»

14 Երբ Դինան Սիւքէմին ծանօթացաւ, հաւանաբար իր մտքէն իսկ չանցաւ անոր հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Բայց Սիւքէմ ըրաւ ինչ որ քանանացի տղամարդ մը պիտի ընէր, երբ սեռային կերպով գրգռուէր։ Նոյնիսկ եթէ Դինան դիմադրած ըլլար, բայց արդէն ուշ էր, քանի որ Սիւքէմ «առաւ» ու «պղծեց զանիկա»։ Այնպէս կ’երեւնայ թէ յետագային Սիւքէմ «սիրեց» Դինան, բայց անոր հասցուցած վնասը անփոփոխելի էր (կարդա՛ Ծննդոց 34։1-4)։ Սակայն Դինան միակը չէր որ ասոր հետեւանքները կրեց։ Ընկերուհիներու իր սխալ ընտրութիւնը սկիզբ տուաւ միջադէպերու, որոնք իր ամբողջ ընտանիքին հանդէպ նախատինք բերին ու ատելութիւն հրահրեցին (Ծննդոց 34։7, 25-31. Գաղատացիս 6։7, 8)։

(Ծննդոց 34։7) Յակոբին որդիները լսածնուն պէս՝ դաշտէն եկան. զայրացան ու խիստ բարկացան. քանզի ան Յակոբին աղջկանը հետ պառկելով՝ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ, որ այսպէս ըլլալու չէր։

(Ծննդոց 34։25) Երրորդ օրը երբ անոնք ցաւի մէջ էին, Յակոբին երկու որդիները, Շմաւոն ու Ղեւի՝ Դինային եղբայրները՝ ամէն մէկը իր սուրը առաւ եւ համարձակ քաղաքը մտան ու սպաննեցին բոլոր արուները։

w09 9/1 21 ¶1-2

Երբ մէկը քեզի հանդէպ կը սխալի

Մարդիկ շատ անգամ կ’ուզեն վրէժ առնել, որպէսզի թեթեւցնեն այն զգացական ցաւը, որ դիմացինը պատճառած է։ Օրինակ, երբ եբրայեցի նահապետ Յակոբին տղաքը գիտցան, որ քանանացի Սիւքէմ պղծած է իրենց քոյրը՝ Դինան, «զայրացան ու խիստ բարկացան» (Ծննդոց 34։1-7)։ Վրէժ առնելու համար, Յակոբին տղոցմէ երկուքը՝ Շմաւոնն ու Ղեւին, դաւ մը սարքեցին Սիւքէմին եւ անոր ընտանիքին դէմ։ Անոնք խորամանկութեամբ մտան քաղաքը եւ բոլոր արուները սպաննեցին, մէջը ըլլալով Սիւքէմը (Ծննդոց 34։13-27)։

Արդեօք անոնք արիւն թափելով լուծած եղա՞ն հարցը։ Երբ Յակոբ գիտցաւ որ իր տղաքը ի՛նչ ըրած են, յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Զիս այս երկրին բնակիչներուն. . . մէջ ատելի ընելով՝ զիս փորձանքի մէջ ձգեցիք եւ ինծի հետ քիչ մարդիկ ըլլալով՝ անոնք իմ վրաս պիտի հաւաքուին ու զիս պիտի զարնեն եւ ես ու իմ տունս պիտի կորսուինք» (Ծննդոց 34։30)։ Ուրեմն, Շմաւոնին ու Ղեւիին վրիժառու արարքը փոխանակ հարցը լուծելու՝ հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ. Յակոբին ընտանիքին անդամները այլեւս միշտ վախի մէջ պիտի ըլլային, որ որեւէ վայրկեան իրենց բարկացած դրացիները կրնան իրենց վրայ յարձակիլ։ Հաւանաբար հոն չհասնելու համար, Աստուած Յակոբին ըսաւ որ իր ընտանիքը առնէ ու Բեթէլ տանի (Ծննդոց 35։1, 5)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 35։8) Ռեբեկային դայեակը՝ Դեբօրա մեռաւ ու Բեթէլի վարի կողմի կաղնիին տակ թաղուեցաւ։ Անոր անունը Ալօն Պախութ դրուեցաւ։

it-1 600 ¶4

Դեբօրա

1. Դեբօրան Ռեբեկային դայեակն էր։ Երբ Ռեբեկան իր հօրը՝ Բաթուէլին տունը ձգելով Պաղեստին գնաց Իսահակին հետ ամուսնանալու, Դեբօրան իրեն հետ գնաց (Ծն. 24։59)։ Երկա՜ր տարիներ Իսահակին ընտանիքին ծառայելէ ետք, Դեբօրան սկսաւ Յակոբին ընտանիքին ծառայել, հաւանաբար Ռեբեկային մահէն ետք։ Ըստ երեւոյթին, Իսահակին եւ Ռեբեկային ամուսնութենէն շուրջ 125 տարի ետք, Դեբօրան մահացաւ եւ Բեթէլի մէջ մեծ ծառի մը տակ թաղուեցաւ։ Այդ ծառին տրուած անունը (Ալօն Պախութ, որ կը նշանակէ՝ «սուգի կաղնի») ցոյց կու տայ, որ ան շատ սիրելի էր Յակոբին եւ անոր ընտանիքին (Ծն. 35։8)։

(Ծննդոց 35։22-26) Իսրայէլ այն երկիրը կը բնակէր, Ռուբէն գնաց ու իր հօրը Բաղղա հարճին հետ պառկեցաւ։ Իսրայէլ լսեց ասիկա։ Արդ Յակոբին որդիները տասներկու էին. 23 Լիային որդիները՝ Յակոբին անդրանիկը Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար ու Զաբուղոն. 24 Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ ու Բենիամին. 25 եւ Ռաքէլին Բաղղա աղախինին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ։ 26 Եւ Լիային Զեղփա աղախինին որդիները՝ Գադ ու Ասեր։ Ասոնք են Յակոբին որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնան անոր։

դ17.12 14

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Մեսիային նախահայրերուն շարքը կապուա՞ծ էր անդրանկութեան իրաւունքին հետ։

Ատեններ այս իմաստով բացատրութիւններ տուած ենք։ Ասիկա համաձայն կ’երեւէր Եբրայեցիս 12։16–ին հետ, որ կ’ըսէ թէ Եսաւ ‘սուրբ բաները չգնահատեց’ (ՆԱ) եւ «կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց» Յակոբին։ Ասիկա այն տպաւորութիւնը տուաւ, որ երբ Յակոբ «անդրանկութեան» իրաւունքը ձեռք ձգեց, նաեւ Մեսիային նախահայրերէն մէկը ըլլալու առիթը ունեցաւ (Մատ. 1։2, 16. Ղուկ. 3։23, 34)։

Բայց Սուրբ Գիրքին կարգ մը պատմութիւնները կը ցուցնեն, թէ անհատ մը պէտք չունէր անդրանիկ ըլլալու, որպէսզի Մեսիային նախահայրը ըլլար։ Նկատի առ կարգ մը փաստեր։

Յակոբ (Իսրայէլ) Լիային միջոցաւ ունեցաւ իր անդրանիկ տղան՝ Ռուբէնը։ Ետքը, իր սիրելի կնոջմէն՝ Ռաքէլէն ունեցաւ իր առաջին տղան՝ Յովսէփը։ Երբ Ռուբէն յանցանք մը գործեց, անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփին անցաւ (Ծն. 29։31-35. 30։22-25. 35։22-26. 49։22-26. Ա. Մն. 5։1, 2)։ Բայց ո՛չ Ռուբէնը Մեսիային նախահայրը եղաւ, ոչ ալ Յովսէփը։ Յուդան էր որ նախահայր եղաւ, որ Յակոբին չորրորդ տղան էր Լիայէն (Ծն. 49։10)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 112

ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

ՄԱՏԹԷՈՍ 25։1-13

• ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

Յիսուս կը խօսէր իր ներկայութեան նշանին եւ աշխարհի վախճանին մասին։ Հիմա ան յաւելեալ առակի մը միջոցաւ, իր առաքեալներուն իմաստուն խրատ մը կու տայ։ Իր ներկայութեան ժամանակ ապրողները առակին կատարումը պիտի տեսնեն։

Յիսուս կ’ըսէ. «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար» (Մատթէոս 25։1, 2)։

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ երկնքի Թագաւորութիւնը ժառանգող իր աշակերտներուն կէսը յիմար են, իսկ միւս կէսը՝ իմաստուն։ Հապա ան ըսել կ’ուզէ որ Թագաւորութեան առնչութեամբ, իր աշակերտներէն ամէն մէկը անձամբ կ’որոշէ արթուն ըլլալ կամ ոչ։ Յիսուս վստահ է որ իր ամէն մէկ ծառան կրնա՛յ հաւատարիմ մնալ եւ իր Հօր օրհնութիւնները ստանալ։

Առակին մէջի տասը կոյսերը դուրս կ’ելլեն փեսան դիմաւորելու եւ հարսանիքին մասնակցելու։ Երբ փեսան հարսը բերէ այն տունը, որ իրեն համար պատրաստուած է, կոյսերը պէտք է իրենց լապտերներով լուսաւորեն ճամբան եւ այդպիսով պատիւ տան փեսային։ Բայց արդեօք կոյսերը արթուն ու պատրա՞ստ են փեսան դիմաւորելու։

Յիսուս կը բացատրէ. «Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան» (Մատթէոս 25։3-5)։ Փեսան կոյսերուն ակնկալած ժամանակին չի գար։ Իրենց համար կը թուի որ փեսան շա՛տ ուշացած է, անոր համար անոնք քունի կ’անցնին։ Մինչ Յիսուս առակին մանրամասնութիւններուն կ’երթայ, առաքեալները թերեւս կը յիշեն այն ինչ որ Յիսուս պատմեց ազնուական մարդու մը մասին, որ հեռու երկիր գնաց եւ ի վերջոյ «թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ» (Ղուկաս 19։11-15)։

Տասը կոյսերուն առակին մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ ի վերջոյ փեսան կը հասնի. «Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’» (Մատթէոս 25։6)։ Արդեօք տասը կոյսերը արթուն եւ պատրա՞ստ են փեսան դիմաւորելու։

Յիսուս կը շարունակէ. «Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։ Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’» (Մատթէոս 25։7-9)։

Յստակօրէն հինգ կոյսերը յիմար են այն առումով, որ անոնք արթուն եւ պատրաստ չեն փեսան դիմաւորելու։ Անոնք բաւարար իւղ չունին լապտերները վառ պահելու համար եւ ստիպուած են իւղ գնել։ Յիսուս կը շարունակէ. «Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’» (Մատթէոս 25։10-12)։ Այո, արթուն եւ պատրաստ չըլլալը գէշ հետեւանքներ ունի։

Առաքեալները կը հասկնան որ փեսան Յիսուսն է։ Ասկէ առաջ, ան ինքզինք նմանցուցած էր փեսայի (Ղուկաս 5։34, 35)։ Իսկ որո՞նք են իմաստուն կոյսերը։ Երբ Յիսուս կը խօսէր «պզտիկ հօտ»ին մասին, որուն Թագաւորութիւնը պիտի տրուէր, ըսաւ. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած» (Ղուկաս 12։32, 35)։ Ուրեմն, առաքեալները տասը կոյսերուն առակէն կրնան հասկնալ, որ Յիսուս ի մտի ունի իրենց պէս հաւատարիմ աշակերտներ։ Լաւ, Յիսուս ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել այս առակին միջոցաւ։

Ան բացայայտօրէն կը նշէ դասը, երբ իր առակը կ’եզրափակէ ըսելով. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (Մատթէոս 25։13)։

Յստակ է որ Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն խրատ կու տայ, որ իր ներկայութեան ժամանակ հոգեւորապէս արթուն մնան։ Ան անպայման պիտի գայ, բայց աշակերտները պէտք է հինգ իմաստուն կոյսերուն պէս արթուն եւ պատրաստ ըլլան, որպէսզի իրենց թանկարժէք յոյսը վառ պահեն եւ վարձատրուին։

◇ Հինգ իմաստուն կոյսերը ինչպէ՞ս տարբեր են հինգ յիմար կոյսերէն։

◇ Ո՞վ է փեսան եւ որո՞նք են կոյսերը։

◇ Յիսուս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ տասը կոյսերուն առակով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել