Հարցումներ ընթերցողներէն
Յունուար 1996–ի «Դիտարան»ը, ուշադրութիւն դարձուց Մատթէոս 24։34–ի մէջ Յիսուսի խօսած «այս սերունդին» մասին։ Ասիկա որեւէ կերպով հարցի տակ կը դնէ՞ այն հասկացողութիւնը, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուեցաւ 1914–ին։
Դիտարան–ի այդ ուսումնասիրութիւնը որեւէ կերպով փոփոխութիւն չբերաւ 1914–ի մասին մեր հիմնական ուսուցումին մէջ։ Յիսուս իր թագաւորական զօրութեամբ գալուն նշանը նկարագրեց։ Բազմաթիւ փաստեր ունինք որ այս նշանը կը կատարուի 1914–էն ի վեր։ Պատերազմները, սովերը, մահտարաժամները, երկրաշարժները եւ ուրիշ ապացոյցներ, կը փաստեն որ Յիսուս 1914–էն ի վեր Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է, իսկ ասիկա ցոյց կու տայ որ անկէ ի վեր մենք իրերու դրութեան վախճանին մէջ կ’ապրինք։
Արդ, Դիտարան–ը ի՞նչ բան կը պարզէր։ Գլխաւոր կէտը Մատթէոս 24։34–ի մէջ Յիսուսի գործածած «սերունդ» բառին իմաստն էր։ Հոն կը կարդանք. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը [«սերունդը», ՆԱ] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ Յիսուս, թէ՛ իր օրերուն եւ թէ մեր օրերուն համար, «սերունդ» ըսելով ի՞նչ ըսել ուզեց։
Սուրբ գրային բազմաթիւ համարներ կը հաստատեն որ Յիսուս «սերունդ» բառը չգործածեց պզտիկ կամ մասնայատուկ խումբի մը, զոր օրինակ, հրեայ առաջնորդներուն կամ իր հաւատարիմ աշակերտներուն ակնարկելու համար։ Այլ, զայն գործածեց դատապարտելու համար Հրեաներու զանգուածը, որ զինք մերժեց։ Բարեբախտաբար, սակայն, մարդիկ անհատապէս կրնային Պէնտէկոստէին Պետրոս առաքեալի ըսածը ընել, այսինքն, ապաշխարել եւ այդ «խոտորած ազգէն [«սերունդէն», ՆԱ] ինքզինքնին ազատել»։—Գործք 2։40
Հոս Պետրոս որոշ տարիք ունեցող կամ որոշ ժամանակի մը մէջ ապրող անհատներու չէր ակնարկեր, ոչ ալ «սերունդը» կը կապէր որոշ թուականի մը։ Ան ըսել չէր ուզեր որ մարդիկ իրենք զիրենք ազատեն Յիսուսի հետ միեւնոյն տարուան մէջ ծնած սերունդէն կամ Հ.Դ. 29–ին ծնած սերունդէն։ Պետրոս կը խօսէր այդ ժամանակաշրջանի անհաւատ Հրեաներու մասին, որոնք տարբեր տարիքի կը պատկանէին եւ որոնք Յիսուսի ուսուցումը լսեցին, անոր հրաշքներուն մասին լսեցին կամ զանոնք տեսան, սակայն զինք չընդունեցին որպէս Մեսիա։
Բացայայտօրէն Պետրոս այսպէս հասկցած ըլլալու էր Յիսուսի գործածած «սերունդ» բառը, երբ ինք ու երեք ուրիշ առաքեալներ Յիսուսի հետ էին Ձիթենեաց Լերան վրայ։ Յիսուսի մարգարէական խօսքերուն համաձայն, այդ ժամանակաշրջանին ապրող Հրեաները՝ Յիսուսի ժամանակակիցները՝ պիտի լսէին կամ տեսնէին պատերազմներ, երկրաշարժներ, սովեր եւ ուրիշ բաներ, որոնք կ’ապացուցանէին որ հրէական դրութեան վախճանը մօտ էր։ Իրապէս, այդ սերունդը չանցաւ, Հ.Դ. 70–ին վախճանը գալէն առաջ։—Մատթէոս 24։3-14, 34
Սակայն, բոլորս ալ պէտք է ընդունինք որ Յիսուսի խօսքերը միշտ այդ իմաստով չենք ըմբռնած։ Անկատար մարդոց հակումն է ուզել վախճանին գալուն մասնայատուկ թուականը գիտնալ։ Յիշեցէք որ նոյնիսկ առաքեալները աւելի մանրամասնութիւններ ուզեցին, երբ հարցուցին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն մէջ նորէն պիտի հաստատես»։—Գործք 1։6
Նոյնանման անկեղծ միտումով, Աստուծոյ արդի ծառաները, փորձած են Յիսուսի գործածած «սերունդ» բառէն բացայայտ բան մը հասկնալ, հաշուելով 1914–էն։ Օրինակի համար, անոնք տրամաբանած են. Սերունդ մը կրնայ 70 կամ 80 տարուան երկարութիւն ունենալ, անոնք որոշ տարիք մը պէտք էր ունենային, որպէսզի առաջին աշխարհամարտին եւ ուրիշ դէպքերուն իմաստը ըմբռնէին, ուրեմն կրնանք վերիվերոյ հաշուել թէ վախճանը որքան մօտ է։
Այս մտածելակերպը որքան ալ իմաստալից ըլլայ, Յիսուսի տուած խրատին կը համապատասխանէ՞։ Յիսուս խրատեց. «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ . . . Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։36-42
Ուստի, Դիտարան–ին մէջ «սերունդ»ի մասին տրուած վերջին տեղեկութիւնը, 1914–ի դէպքերուն մասին մեր հասկացողութիւնը չէ փոխած։ Սակայն, մեզի աւելի յստակ հասկացողութիւն մը տուած է Յիսուսի գործածած «սերունդ» արտայայտութեան մասին, մեզի օգնելով տեսնելու որ իր գործածած կերպը չի կրնար որպէս հիմ ծառայել 1914–էն հաշիւներ ընելու, տեսնելու համար թէ վախճանին որքան մօտեցած ենք։