Կը յիշէ՞ք
Դիտարան–ի վերջին համարներուն ուշադրութիւն ընծայեցի՞ք։ Եթէ այո, հետեւեալ կէտերը վերյիշելը հետաքրքրական պիտի գտնէք.
◻ Սիրատածող զոյգեր ի՞նչպէս կրնան սեռային անբարոյութեան թակարդէն խուսափիլ։ Եթէ հակառակ սեռի պատկանողի մը հետ կը ժամադրուիք, իմաստութիւն է ձեր ապագացու կողակիցին հետ անպատշաճ պարագաներու մէջ գտնուելէ զգուշանալ։ Նախընտրելի է իրարու ընկերակցութիւնը վայելել ուրիշներու ներկայութեան կամ հանրային վայրերու մէջ։ Սէր արտայայտելու մէջ սահմաններ դրէք, իւրաքանչիւրդ յարգելով դիմացինին զգացումները եւ խղճմտանքը։—9/1, էջ 26, 27
◻ Ի՞նչ է հասկացողութիւնը։
Անիկա հարցին խորը տեսնելու եւ անոր բաղադրութիւնը ըմբռնելու կարողութիւնն է, անոր զանազան մասերուն եւ ամբողջութեան միջեւ եղած կապակցութիւնները ըմբռնելով, անոր իմաստը հասկնալով։ (Առակաց 4։1)—9/15, էջ 13
◻ Եհովա մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ ներկայիս։
Հիմնականօրէն, Եհովա կը պահանջէ մեզմէ՝ իր Որդւոյն մտիկ ընել եւ իր օրինակին ու ուսուցումին հետեւիլ։ (Մատթէոս 16։24. Ա. Պետրոս 2։21)—9/15, էջ 22
◻ Միայն որո՞նք խաղաղութիւն կրնան ունենալ։
Քանի որ Եհովա ‘խաղաղութիւն պարգեւող Աստուած’ է, հետեւաբար խաղաղութիւն կրնան ունենալ միայն անոնք որոնք Աստուած կը սիրեն եւ իր արդար սկզբունքներուն հանդէպ խոր յարգանք ունին։ (Հռովմայեցիս 15։33)—10/1, էջ 11
◻ Յովսէփ ի՞նչպէս ունեցաւ այն բարոյական ոյժը, որպէսզի կարենար ո՛չ ըսել Պետափրէսի կնկան՝ օրէ օր։
Յովսէփ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը շա՛տ աւելի արժեւորեց քան րոպէական հաճոյքները։ Ասկէ զատ, թէեւ ինք աստուածային օրէնքի մը ներքեւ չէր, բայց Յովսէփի համար յստակ էին բարոյական սկզբունքները։ (Ծննդոց 39։9)—10/1, էջ 29
◻ Մեր եղբայրներուն ներելու մեր պատրաստակամութիւնը որքա՞ն կարեւոր է։
Աստուծմէ շարունակաբար թողութիւն ստանալու մեր ակնկալութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է ուրիշներուն ներելու մեր պատրաստակամութենէն։ (Մատթէոս 6։12, 14. Ղուկաս 11։4)—10/15, էջ 17
◻ Մատթէոս 18։15-17–ը ի՞նչ տեսակի մեղքերու կ’ակնարկէր, եւ ասիկա ի՞նչպէս գիտենք։
Յիսուսի ի մտի ունեցած մեղքերը մինչեւ «հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս» նկատելու առաջնորդելու աստիճան լուրջ ըլլալու էին։ Հրեաները հեթանոսներու հետ չէին շաղուեր, եւ կը խուսափէին մաքսաւորներէն։ Ուստի, Մատթէոս 18։15-17–ը ակնարկութիւն կ’ընէր լուրջ մեղքերու, եւ ոչ թէ անձնական վիրաւորանքներու կամ նեղութիւններու, որոնք պարզապէս կրնան ներուիլ ու մոռցուիլ։ (Մատթէոս 18։21, 22)—10/15, էջ 19
◻ Աստուծոյ Խօսքը իրապէս սիրելը ի՞նչ կը պարփակէ։
Աստուծոյ Խօսքը սիրելը կ’առաջնորդէ անհատը որ անոր պահանջներուն համաձայն ապրի։ (Սաղմոս 119։97, 101, 105) Ասիկա անհատին մտածելակերպին եւ ապրելակերպին մէջ յարատեւ վերաճշդում կը պահանջէ։—11/1, էջ 14
◻ Եհովայի ձեռքէն այսքան շատ բան ստացած ըլլալով, իր տուածին փոխարէն ի՞նչ կրնանք տալ մեծագոյն Թագաւորին ու Պարգեւողին։
Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ լաւագոյն նուէրը որ կրնանք տալ Եհովայի՝ «օրհնութեան պատարագ»ն է։ (Եբրայեցիս 13։15) Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս զոհը ուղղակիօրէն կապ ունի կեանք փրկելու հետ, ինչ որ այս վերջին ժամանակին մէջ Եհովայի մեծագոյն հետաքրքրութիւնն է։ (Եզեկիէլ 18։23)— 11/1, էջ 21
◻ Սողոմոն ի՞նչ ըսել ուզեց երբ գրեց. «Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են»։ (Ժողովողի 12։11)
Աստուածային իմաստութիւն ունեցողներուն խօսքերը կը խթանեն ընթերցողները կամ ունկնդիրները, որ կարդացուած կամ լսուած իմաստուն խօսքերուն համաձայն յառաջդիմեն։—11/15, էջ 21
◻ Աստուածային հանճարը ի՞նչ է։
Անիկա սխալը շիտակէն զանազանելու, ապա շիտակ ընթացքը ընտրելու կարողութիւնն է։ Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնը եւ կիրարկումը հանճար կու տայ։—11/15, էջ 25
◻ Պատասխանատուութիւններ ընդունելու յօժարակամութիւնը ի՞նչով պէտք է հաւասարակշռել։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1)
Անիկա լաւ դատողութեամբ պէտք է հաւասարակշռել։ Ոեւէ մէկը պէտք չէ ա՛յնքան նշանակումներ ստանձնէ, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ իր ուրախութիւնը կորսնցնէ։ Այո, յօժար հոգի մը գովելի է, բայց կամեցողութիւնն ալ համեստութիւն եւ ‘խոհեմութիւն’ պէտք է ցոլացնէ։ (Տիտոս 2։12, Արարատ. Յայտնութիւն 3։15, 16)—12/1, էջ 28
◻ Ծնողք ըլլալու մարտահրաւէրը ի՞նչպէս դիմագրաւել։
Աստուած ծնողները կը խրատէ որ օրինակներ, ընկերակիցներ, հաղորդակիցներ եւ ուսուցիչներ ըլլան։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7)—12/1, էջ 32