Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 10/1 էջ 5-10
  • «Ամէն բանի ատենը կայ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ամէն բանի ատենը կայ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Լալու Ժամանակ եւ Ծիծաղելու Ժամանակ»
  • Լալով Հանդերձ՝ Իրապէս Ուրախ
  • «Գրկելու Ժամանակ ու Գրկէ Հեռացնելու Ժամանակ»
  • Ամուսնութիւն՝ սիրալիր Աստուծմէ պարգեւ մը
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Ամուսնութիւնն ու ծնողութիւնը այս վերջին ժամանակին մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Յաջող ամուսնութեան մը համար պատրաստութիւն
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Ամուսնութեանդ մէջ ուրախութիւն գտիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 10/1 էջ 5-10

«Ամէն բանի ատենը կայ»

«Ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 3։1

1. Անկատար մարդիկ ի՞նչ դժուարութիւն ունին, եւ կարգ մը պարագաներու ասիկա ի՞նչ բանի առաջնորդած է։

ՄԱՐԴԻԿ յաճախ կ’ըսեն՝ «Աւելի շուտ պէտք էր ըրած ըլլայի»։ Կամ՝ յետադարձ ակնարկ մը նետելով կ’ըսեն. «Պէտք էր սպասէի»։ Այսպիսի հակազդեցութիւններ ցոյց կու տան թէ անկատար մարդիկ որոշ բաներ շիտակ ժամանակին ընելու դժուարութիւն ունին։ Այս սահմանափակումը պատճառ եղած է որ յարաբերութիւններ խզուին։ Անիկա յուսախաբութեան եւ ընդվզումի առաջնորդած է։ Իսկ ամենագէշը, անիկա կարգ մը անհատներու հաւատքը տկարացուցած է Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ։

2, 3. (ա) Նշանակուած ժամանակի նկատմամբ Եհովայի որոշումը ընդունիլը ինչո՞ւ իմաստութիւն է։ (բ) Աստուածաշունչի մարգարէութեան նկատմամբ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ պէտք է ունենանք։

2 Իմաստութիւն եւ ներատեսութիւն ունենալով՝ որոնց պակասը ունին մարդիկ՝ Եհովա կարող է ամէն բանի հետեւանքը նախապէս գիտնալ, եթէ ուզէ։ Ան «վերջինը՝ սկիզբէն» կրնայ գիտնալ։ (Եսայեայ 46։10) Ուստի, ան առանց սխալելու կրնայ յարմարագոյն ժամանակը ընտրել որեւէ բան ընելու համար։ Ուստի, փոխանակ ժամանակի նկատմամբ մեր սխալական բանականութեան վստահելու, իմաստութիւն է նշանակուած ժամանակներու համար Եհովայի որոշումը ընդունիլ։

3 Օրինակ, հասուն Քրիստոնեաներ Աստուածաշունչի կարգ մը մարգարէութիւններու կատարման համար հաւատարմօրէն Եհովայի նշանակած ժամանակին կը սպասեն։ Անոնք իր ծառայութեան մէջ զբաղած կը մնան, բնաւ իրենց մտքէն չհանելով Ողբք Երեմեայ 3։26–ի սկզբունքը. «Տէրոջը փրկութեան սպասելն ու լռութեամբ յուսալը աղէկ է»։ (Համեմատել՝ Ամբակումայ 3։16) Միեւնոյն ատեն, անոնք համոզուած են որ ծանուցուած դատաստանի գործադրութիւնը «եթէ ուշանայ [իսկ] . . . անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։—Ամբակումայ 2։3

4. Ամովսայ 3։7–ն եւ Մատթէոս 24։45–ը ի՞նչպէս պէտք է մեզի օգնեն որ համբերութեամբ Եհովայի սպասենք։

4 Իսկ, եթէ Աստուածաշունչի կարգ մը համարներ կամ Դիտարանի հրատարակութեանց կարգ մը բացատրութիւններ չկարենանք հասկնալ, անհամբեր ըլլալու պատճառ ունի՞նք։ Իմաստութիւն է սպասել որ Եհովա իր որոշած ժամանակին հարցերը յստակացնէ։ «Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չ’ըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։ (Ամովսայ 3։7) Ի՜նչ հոյակապ խոստում մը։ Բայց պէտք է գիտակցինք որ Եհովա իր խորհուրդները կը յայտնէ իր ցանկացած ժամանակին։ Այդ նպատակաւ ալ Աստուած հեղինակութիւն տուած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին որ իր ժողովուրդին «ատենին [հոգեւոր] կերակուր տայ»։ (Մատթէոս 24։45) Հետեւաբար, պատճառ չունինք չափէ դուրս մտահոգուելու, կամ նոյնիսկ ջղագրգռուելու, որ կարգ մը բաներ լիովին չեն բացատրուիր։ Ընդհակառակը, կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ համբերութեամբ սպասենք Եհովայի, ինք հաւատարիմ ծառային միջոցով հարկ եղածը պիտի տայ «ատենին»։

5. Ժողովողի 3։1-8–ը նկատի առնելը ի՞նչ օգուտ ունի։

5 Իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը խօսեցաւ 28 տարբեր բաներու մասին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր «ատենը» ունի։ (Ժողովողի 3։1-8) Սողոմոնի ըսածին նշանակութիւնը եւ անոր ներքին իմաստը հասկնալը պիտի օգնէ մեզի որ Աստուծոյ կողմէ դիտուած որոշ բաներու շիտակ եւ սխալ ժամանակը որոշենք։ (Եբրայեցիս 5։14) Ասիկա իր կարգին, թոյլ պիտի տայ որ մեր կեանքը անոր համաձայն վարենք։

«Լալու Ժամանակ եւ Ծիծաղելու Ժամանակ»

6, 7. (ա) Ներկայիս ի՞նչ պատճառներ նկատառու անհատներուն «լալու» պատճառ կու տան։ (բ) Աշխարհը ի՞նչպէս կը փորձէ յեղաշրջել այն կացութիւնը որու մէջ կը գտնուի։

6 Թէեւ «լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ» կայ, բայց ո՞վ այս երկրորդը առաջինէն աւելի չի նախընտրեր։ (Ժողովողի 3։4) Դժբախտաբար, կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ աւելի շատ լալու պատճառներ կու տայ մեզի։ Լրատուութեան միջոցները լեցուն են ճնշիչ լուրերով։ Կը զարհուրինք երբ կը լսենք որ պատանիներ դպրոցական աշակերտներու վրայ կը կրակեն, ծնողներ իրենց զաւակները կը չարաշահեն, ահաբեկիչներ անմեղ զոհեր կը սպաննեն կամ կը խեղանդամեն, եւ այդպէս կոչուած բնական աղէտներ մարդկային կեանքեր եւ ստացուածքներ կը կործանեն։ Հեռատեսիլի պաստառին վրայ մեր ուշադրութեան կը յանձնուին սոված ու փոսը ինկած աչքեր ունեցող երախաներ եւ տեղահանուած ապաստանեալներ, որոնք կը փախչին։ Նախապէս անծանօթ եղող արտայայտութիւններ հիմա որոշ վախ կը ստեղծեն մեր մտքին ու սրտին մէջ, ամէն մէկը իր տեսակին մէջ, ինչպէս՝ ցեղային մաքրագործութիւն, ԷՅՏԾ, մանրէաբանական պատերազմ եւ Էլ Նինյօ։

7 Կասկած չկայ որ ներկայ աշխարհը ողբերգութիւնով եւ կսկիծներով լեցուն է։ Այսուհանդերձ, կացութեան լրջութիւնը յեղաշրջելու մտքով, ճարտարարուեստին սովորաբար մատուցած մակերեսային, անճաշակ եւ յաճախ անբարոյ եւ վայրագ կերպով ներկայացուած ժամանցին նպատակն է մեզ մոլորեցնել, որպէսզի ուրիշներու կրած թշուառութիւնները չտեսնելու գանք։ Բայց յիմարական կատակներուն անհոգ հոգին եւ այդ ժամանցներուն պատճառած թեթեւամիտ խնդուքը, պէտք չէ շփոթել իրական ուրախութեան հետ։ Աստուծոյ հոգիին պտուղը եղող ուրախութիւնը բան մըն է, զոր Սատանայի աշխարհը չի կրնար հայթայթել։—Գաղատացիս 5։22, 23. Եփեսացիս 5։3, 4

8. Ներկայիս Քրիստոնեաները նախապատուութիւնը լալո՞ւ թէ ծիծաղելու պէտք է տան։ Բացատրեցէք։

8 Աշխարհի ողբալի վիճակին անդրադառնալով, կրնանք հասկնալ թէ ներկայիս ծիծաղին շատ մեծ տեղ մը տալու ժամանակը չէ։ Հիմա ժամանակը չէ միայն զբօսանքի եւ ժամանցի համար ապրելու, կամ թոյլ տալու որ ‘զուարճութիւնը’ հոգեւոր բաներ հետապնդելու տեղը գրաւէ։ (Համեմատել՝ Ժողովողի 7։2-4) «Անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ամէն օր կ’ապրին մեր ապրած ժամանակներուն լրջութեան լիովին գիտակցելով։—Փիլիպպեցիս 4։8

Լալով Հանդերձ՝ Իրապէս Ուրախ

9. Ջրհեղեղէն առաջ ի՞նչ ցաւալի վիճակ մը գոյութիւն ունէր, եւ ասիկա ներկայիս ի՞նչ իմաստ կը կրէ մեզի համար։

9 Համերկրային Ջրհեղեղին ապրող մարդիկը կեանքը լուրջի առած չէին։ Անոնք իրենց առօրեայ կեանքը շարունակեցին, առանց լալու ‘երկրի վրայ շատցող չարութեան համար’. անոնք անտարբերութեամբ դիտեցին մինչ ‘երկիրը ապականութեամբ կը լեցուէր’։ (Ծննդոց 6։5, 11) Յիսուս այդ ցաւալի վիճակին ակնարկեց եւ նախագուշակեց որ մարդիկ մեր օրերուն ալ նոյնանման վերաբերմունք մը պիտի ունենային։ Ան զգուշացուց. «Ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։38, 39

10. Անգէի օրերուն ապրող Իսրայելացիները ի՞նչպէս ցոյց տուին որ Եհովայի որոշած ժամանակին հանդէպ գնահատութեան պակաս ունէին։

10 Ջրհեղեղէն շուրջ 1,850 տարի ետք, Անգէի օրերուն, Իսրայելացիներէն շատեր հոգեւոր հարցերու շուրջ նոյնանման լրջութեան պակաս ցոյց տուին։ Անձնական շահեր հետապնդելով զբաղած ըլլալով, անոնք չգիտակցեցան որ իրենց կեանքին մէջ Եհովայի շահերուն առաջնակարգ տեղը պէտք էր տային։ Կը կարդանք. «‘Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տէրոջը տունը վերաշինելու’։ Այն ատեն Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. ‘Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս տունը աւերակ մնայ’։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք’»։—Անգեայ 1։1-5

11. Ի՞նչ հարցումներ տեղին ըլլալով պէտք է հարցնենք մենք մեզի։

11 Անգէի օրուան Իսրայելացիներուն նման, տեղին է որ Եհովայի առջեւ պատասխանատուութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ ունեցող Եհովայի Վկաներս, մեր ճամբաներուն մասին լրջօրէն մտածենք։ Արդեօք աշխարհի վիճակներուն եւ անոնց Աստուծոյ անուան վրայ բերած նախատինքին համար ‘կու լա՞նք’։ Ցաւ կը զգա՞նք, երբ մարդիկ Աստուծոյ գոյութիւնը կ’ուրանան, կամ անամօթաբար կ’անտեսեն իր արդար սկզբունքները։ 2,500 տարիներ առաջ Եզեկիէլի տեսած տեսիլքին մէջ իրենց ճակատները նշան ստացող մարդոց նման կը հակազդե՞նք։ Անոնց մասին կը կարդանք. «Տէրը [գրագրի կաղամար ունեցող մարդուն] ըսաւ. ‘Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր’»։—Եզեկիէլ 9։4

12. Եզեկիէլ 9։5, 6–ը ի՞նչ իմաստ կը կրէ ներկայ մարդոց համար։

12 Մեզի համար ներկայիս այս պատմութեան իմաստը բացայայտ կ’ըլլայ, երբ կարդանք կոտորիչ գործիք ունեցող վեց մարդոց տրուած հրահանգը. «Անոր ետեւէն քաղաքէն անցէք ու զարկէք. աչքերնիդ թող չխնայէ ու մի՛ ողորմիք. ծերը, երիտասարդն ու կոյսը, պզտիկ տղաքն ու կիները սպաննեցէ՛ք ու կորսնցուցէ՛ք, բայց վրան նշան ունեցող մարդուն ամենեւին մի՛ մօտենաք։ Իմ սրբարանէս սկսեցէ՛ք»։ (Եզեկիէլ 9։5, 6) Վաղահաս մեծ նեղութենէն մեր վերապրումը կախեալ է այն գիտակցութենէն թէ հիմա գլխաւորաբար լալու ժամանակ է։

13, 14. (ա) Յիսուս ի՞նչպիսի մարդիկը երանելի կոչեց։ (բ) Բացատրեցէք թէ ըստ ձեզի, այս նկարագրութիւնը ինչո՛ւ կը յարմարի Եհովայի Վկաներուն։

13 Անշուշտ, աշխարհի յուսալքիչ կացութեան վրայ Եհովայի ծառաներուն «լալ»ը արգելք չի հանդիսանար որ անոնք ուրախ ըլլան։ Ճի՛շդ հակառակը։ Անոնք ներկայիս աշխարհի ամենէն ուրախ մարդիկն են։ Յիսուս ուրախութեան չափանիշը տուաւ, երբ ըսաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողներուն», ՆԱ], . . . սգաւորներուն, . . . հեզերուն, . . . անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, . . . ողորմածներուն, . . . անոնց որ սրտով մաքուր են, . . . խաղաղութիւն ընողներուն, . . . անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար»։ (Մատթէոս 5։3-10) Բազմաթիւ ապացոյցներ կան թէ այս նկարագրութիւնը շատ աւելի կը յարմարի Եհովայի Վկաներուն որպէս խումբ, քան թէ կրօնական որեւէ ուրիշ կազմակերպութեան մը։

14 Մասնաւորաբար, 1919–ին ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատուելէն ի վեր, Եհովայի ուրախ ժողովուրդը պատճառ ունեցած է «ծիծաղելու»։ Անոնք Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն Բաբելոնէն վերադարձած Հրեաներուն ցնծալի փորձառութիւնը վայելեցին, հոգեւոր առումով. «Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց, երազ տեսնողներու պէս եղանք։ Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։ . . . Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ ու մենք ուրախացանք»։ (Սաղմոս 126։1-3) Բայց հոգեւոր ծիծաղին մէջ իսկ, Եհովայի Վկաները իմաստուն կերպով իրենց մտքէն չեն հեռացներ ժամանակներուն լրջութիւնը։ Անգամ մը որ նոր աշխարհը իրականութիւն մը ըլլայ եւ երկրի բնակիչները «ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգեն», ա՛յն ատեն լացին տեղը յաւիտեան ծիծաղը առնելու ժամանակը հասած պիտի ըլլայ։—Ա. Տիմոթէոս 6։19, ստորանիշ. Յայտնութիւն 21։3, 4

«Գրկելու Ժամանակ ու Գրկէ Հեռացնելու Ժամանակ»

15. Քրիստոնեաները բարեկամներու ընտրութեան մէջ ինչո՞ւ զգոյշ են։

15 Քրիստոնեաները կ’ընտրեն իրենց բարեկամները։ Անոնք միշտ ի մտի ունին Պօղոսի ազդարարութիւնը. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Իսկ Սողոմոն իմաստուն թագաւորը նշեց. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։—Առակաց 13։20

16, 17. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը նկատեն բարեկամութիւնը, հակառակ սեռի հետ ժամադրութիւնը եւ ամուսնութիւնը, եւ ինչո՛ւ։

16 Եհովայի ծառաները որպէս ընկեր կ’ընտրեն այնպիսի անհատներ, որոնք իրենց նման Եհովայի եւ անոր արդարութեան հանդէպ սէր ունին։ Մինչ անոնք կը գնահատեն եւ հաճոյք կ’առնեն իրենց բարեկամներուն ընկերակցութենէն, բայց իմաստուն կերպով կը խուսափին հակառակ սեռի հետ ժամադրուելու թոյլատու եւ չափազանց ազատամիտ տեսակէտէն, որ ներկայիս կարգ մը երկիրներու մէջ համատարած է։ Փոխանակ որպէս անվնաս զուարճութիւն նկատելու զայն, անոնք հակառակ սեռի հետ ժամադրուիլը կը նկատեն որպէս ամուսնութեան առաջնորդող լուրջ քայլ մը, որու պէտք է դիմել միայն երբ անհատ մը ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստ է, ինչպէս նաեւ սուրբ գրայինօրէն ազատ է, ամուսնական մշտատեւ յարաբերութեան մէջ մտնելու։—Ա. Կորնթացիս 7։36

17 Ոմանք կրնան խորհիլ որ ժամադրութեան եւ ամուսնութեան մասին այսպիսի տեսակէտներ շատ հնամենի են։ Բայց Եհովայի Վկաները թոյլ չեն տար որ շրջապատի ազդեցութիւնը, բարեկամներու ընտրութեան, հակառակ սեռի հետ ժամադրութեան ու ամուսնութեան նկատմամբ իրենց որոշումներուն ազդէ։ Անոնք գիտեն թէ «իմաստութիւնը արդարացաւ իր գործերով»։ (Մատթէոս 11։19, Երուսաղէմ, ստորանիշ) Եհովա միշտ լաւագոյնը գիտէ, ուստի ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու իր խրատը լուրջի կ’առնեն։ (Ա. Կորնթացիս 7։39. Բ. Կորնթացիս 6։14) Անոնք ամուսնութեան գիրկը չեն նետուիր այն սխալ միտումով որ եթէ անիկա կաղայ, կրնան ամուսնալուծուիլ կամ բաժնուիլ։ Անոնք յարմար կողակից մը գտնելու համար ժամանակ կը տրամադրեն, գիտակցելով որ անգամ մը որ ամուսնական ուխտը կատարուի, Եհովայի օրէնքը կը կիրարկուի, թէ «ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։—Մատթէոս 19։6. Մարկոս 10։9

18. Ի՞նչ բան ուրախ ամուսնութիւն մը սկսելու կրնայ նպաստել։

18 Ամուսնութիւնը կենսատեւ յանձնառութիւն մըն է, որ ուշադիր ծրագրումի կը կարօտի։ Տղամարդը տրամաբանականօրէն պէտք է ինքն իրեն հարցնէ. ‘Իրապէս շիտակ անհա՞տն է ինծի համար’։ Բայց նոյնքան կարեւոր է որ հարցնէ. ‘Ես իրապէս շիտակ անհա՞տն եմ իրեն համար։ Հասո՞ւն Քրիստոնեայ մըն եմ, որ իր հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանիմ’։ Երկու ապագացու կողակիցները Եհովայի առջեւ պարտաւորութիւն ունին հոգեւորապէս զօրաւոր ըլլալու, աստուածային հաճութեան արժանացող ամուսնական զօրաւոր միութիւնը կազմելու կարող ըլլալով։ Քրիստոնեայ հազարաւոր զոյգեր կրնան վկայել որ ուրախ ամուսնութեան մը համար լիաժամ ծառայութիւնը լաւագոյն սկզբնակէտ մըն է, քանի որ անիկա շեշտ կը դնէ տալու եւ ո՛չ թէ առնելու վրայ։

19. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ ամուրի կը մնան։

19 Կարգ մը Քրիստոնեաներ ‘գրկէ հեռու կը մնան’, բարի լուրի սիրոյն նախընտրելով ամուրի մնալ։ (Ժողովողի 3։5) Ուրիշներ ամուսնութիւնը կը յետաձգեն, մինչեւ որ զգան որ հոգեւորապէս որակելի են յարմար կողակից մը հրապուրելու համար։ Բայց մտածենք նաեւ այն ամուրի Քրիստոնեաներուն մասին, որոնք ամուսնութեան մտերմութեան ու բարիքներուն կը տենչան, բայց տակաւին կողակից մը չեն գտած։ Վստահ ենք որ Եհովա կ’ուրախանայ, երբ անոնք ամուսնութեան տենչալով հանդերձ աստուածային սկզբունքներուն մէջ զիջումներ չեն ըներ։ Իսկ մենք մեր կարգին, լաւ է որ գնահատենք անոնց հաւատարմութիւնը եւ հարկ եղած քաջալերութիւնը տանք, որու արժանի են։

20. Ինչո՞ւ նոյնիսկ ամուսնացած կողակիցներ երբեմն ‘գրկէ կը հեռանան’։

20 Արդեօք նոյնիսկ ամուսնացած անհատներ պարբերաբար պէ՞տք է ‘գրկէ հեռանան’։ Այնպէս կ’երեւայ որ կերպով մը այո, քանի որ Պօղոս նշեց. «Ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29) Հետեւաբար, ամուսնութեան ուրախութիւնները եւ օրհնութիւնները երբեմն աստուածպետական պատասխանատուութիւններէն ետք պէտք է գան։ Այս հարցին շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալը ամուսնութիւնը չի տկարացներ, այլ աւելի կը զօրացնէ, կողակիցներուն յիշեցնելով որ Եհովա միշտ իրենց յարաբերութիւնը կայուն պահող գլխաւոր անձնաւորութիւնն է։—Ժողովողի 4։12

21. Զաւակներ ունենալու հարցին մէջ ինչո՞ւ պէտք չէ քննադատենք ամուսնացած զոյգերը։

21 Ասկէ զատ, ամուսնացած կարգ մը զոյգեր չեն ուզած զաւակներ ունենալ, Աստուծոյ ծառայութիւնը անկաշկանդ շարունակելու համար։ Ասիկա իրենց կողմէ զոհողութիւն պահանջած է, եւ Եհովա ըստ այնմ պիտի օրհնէ զիրենք։ Մինչ Աստուածաշունչը երբեմն քաջալերած է ամուրիութիւնը բարի լուրին համար, բայց բացայայտօրէն բան մը չէ ըսած նոյն պատճառի համար զաւակ չբերելու մասին։ (Մատթէոս 19։10-12. Ա. Կորնթացիս 7։38. համեմատել՝ Մատթէոս 24։19 եւ Ղուկաս 23։28-30) Ուստի, ամուսնացած զոյգերը անձնական պարագաներու եւ իրենց խղճամիտ զգացումներուն հիման վրայ անձնական որոշում մը պէտք է տան այս մասին։ Այդ որոշումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, պէտք չէ քննադատել ամուսնացած զոյգերը։

22. Ի՞նչ բան որոշելը կարեւոր է մեզի համար։

22 Այո, «ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը»։ Նաեւ՝ «պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ» կայ։ (Ժողովողի 3։1, 8) Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ թէ մեզի համար ինչո՛ւ կարեւոր է որոշել թէ հիմա այս երկուքէն ո՛ր մէկուն ժամանակն է։

Կրնա՞ք Պատասխանել

◻ Ինչո՞ւ կենսական է գիտնալ որ «ամէն բանի ատենը կայ»։

◻ Ինչո՞ւ հիմա գլխաւորաբար «լալու ժամանակ» է։

◻ Քրիստոնեաները ‘լալով’ հանդերձ, ինչո՞ւ իրապէս ուրախ են։

◻ Կարգ մը Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս ցոյց կու տան որ հիմա «գրկէ հեռացնելու ժամանակ» է։

[Նկարներ՝ էջ 6, 7]

Թէեւ Քրիստոնեաները ‘կու լան’ աշխարհի վիճակներուն պատճառաւ . . .

. . . բայց անոնք ներկայիս աշխարհի ամենէն ուրախ մարդիկն են

[Նկար՝ էջ 8]

Լիաժամ ծառայութիւնը ուրախ ամուսնութեան մը լաւագոյն հիմն է

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել