Եհովայի օրուան համար պատրա՞ստ էք
«Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 1։14
1. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը բնութագրէ Եհովայի օրը։
ԵՀՈՎԱՅԻ «մեծ ու ահեղ օրը» շուտով պիտի գայ այս ամբարիշտ իրերու դրութեան վրայ։ Աստուածաշունչը Եհովայի օրը կը բնութագրէ որպէս պատերազմի, խաւարի, բարկութեան, նեղութեան, մտավախութեան, զինակոչութեան եւ աւերումի օր մը։ Սակայն անկէ վերապրողներ պիտի ըլլան, քանզի «ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի»։ (Յովելեայ 2։30-32. Ամովսեայ 5։18-20) Այո, Աստուած այն ատեն պիտի կործանէ իր թշնամիները եւ պիտի փրկէ իր ժողովուրդը։
2. Եհովայի օրուան նկատմամբ ինչո՞ւ ստիպողական զգացում մը պէտք է ունենանք։
2 Աստուծոյ մարգարէները Եհովայի օրուան տուին ստիպողականութեան զգացում մը։ Օրինակ, Սոփոնիան գրեց. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ (Սոփոնեայ 1։14) Ներկայիս կացութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողական է, քանի որ Աստուծոյ Գլխաւոր Դահիճը՝ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս՝ ‘թուրը մէջքը կապելու եւ ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծնելու’ վրայ է։ (Սաղմոս 45։3, 4) Այդ օրուան համար պատրա՞ստ էք։
Անոնք Մեծ Ակնկալութիւններ Ունէին
3. Թեսաղոնիկեցի Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ ակնկալութիւններ ունէին եւ ո՞ր երկու պատճառներով անոնք կը սխալէին։
3 Շատեր Եհովայի օրուան համար ակնկալութիւններ ունեցան, որոնք ի դերեւ ելան։ Թեսաղոնիկէի մէջ նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք ըսին՝ «Եհովայի օրը եկած հասած է»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2, ՆԱ) Բայց երկու հիմնական պատճառներով անիկա չէր կրնար եկած ըլլալ։ Անոնցմէ մէկը յիշելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-6) Այս «վերջին ժամանակ»ին, մենք այս խօսքերուն կատարման կը սպասենք։ (Դանիէլ 12։4) Թեսաղոնիկեցիները Եհովայի մեծ օրուան հասած ըլլալուն շուրջ ուրիշ իրողութեան մը մէջ ալ սխալեցան, քանի որ Պօղոս անոնց ըսաւ. «Այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3) Երբ Պօղոս այս խօսքերը գրեց (շուրջ Հ.Դ. 51–ին), ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն ‘ապստամբութիւնը’ տակաւին ամբողջովին չէր զարգացած։ Ներկայիս անիկա ուղղակի ծաղկած է Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ։ Անոնց ակնկալութիւնները թէեւ ի դերեւ ելան, սակայն, Թեսաղոնիկէի այդ հաւատարիմ օծեալները, որոնք շարունակեցին մինչեւ ի մահ հաւատարմօրէն ծառայել Աստուծոյ, վերջապէս իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստացան։ (Յայտնութիւն 2։10) Մենք ալ պիտի վարձատրուինք, եթէ հաւատարիմ մնանք, մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք։
4. (ա) Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1, 2–ի մէջ Եհովայի օրը ի՞նչ բանի հետ կապուած է։ (բ) Քրիստոսի վերադարձին եւ անոր հետ առնչուած բաներուն նկատմամբ այդպէս կոչուած Եկեղեցիի Հայրերը ի՞նչ տեսակէտներ ունէին։
4 Աստուածաշունչը ‘Եհովայի մեծ օրը’ կը կապէ, «մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալուստին» հետ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1, 2) Այդպէս կոչուած Եկեղեցիի Հայրերը Քրիստոսի վերադարձին, ներկայութեան եւ Հազարամեայ Իշխանութեան մասին զանազան գաղափարներ ունէին։ (Յայտնութիւն 20։4) Հ.Դ. երկրորդ դարուն, Յերապոլսեցի Պապիասը Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին երկրի վրայ արտակարգ բարգաւաճութեան մը յոյսը տածեց։ Յուստինոս Նահատակը Յիսուսի ներկայութեան մասին կրկին անգամ խօսեցաւ եւ ակնկալեց որ վերահաստատուած Երուսաղէմը Անոր Թագաւորութեան աթոռը պիտի ըլլար։ Լիոնցի Իրենիոսը սորվեցուց որ Հռովմէական Կայսրութեան կործանումէն ետք, Յիսուս տեսանելի կերպով պիտի յայտնուէր, Սատանան պիտի կապէր եւ երկրային Երուսաղէմի մէջ պիտի իշխէր։
5. Քրիստոսի «Երկրորդ Գալուստ»ին եւ անոր Հազարամեայ Իշխանութեան մասին կարգ մը ուսումնականներ ի՞նչ ըսած են։
5 Պատմաբան Ֆիլիփ Շաֆ նշեց որ Հ.Դ. 325–ի Նիկիոյ Խորհրդաժողովին նախորդող շրջանին, «ամենէն աչքառու կէտ»ն էր «ընդհանուր յարութենէն եւ դատաստանէն առաջ, յարուցանուած սուրբերուն հետ երկրի վրայ Քրիստոսի փառաւոր տեսանելի հազարամեայ իշխանութեան հաւատքը»։ Աստուածաշունչի Բառարան մը՝ հրատարակուած Ճէյմս Հէսթինկզի կողմէ (Անգլերէն), կը նշէ. «Տերտուղիանոս, Իրենիոս եւ Հիպպողիտոս տակաւին [Յիսուս Քրիստոսի] մօտալուտ Գալուստը կ’ակնկալէին. բայց Աղեքսանդրացի Հայրերով՝ խորհուրդներու նոր ծիրի մը մէջ կը մտնենք . . . Երբ Օգոստինոս Հազարամեան զինուորեալ Եկեղեցիի ժամանակաշրջանին հետ բնութագրեց, Երկրորդ Գալուստը հեռաւոր ապագային յետաձգուեցաւ»։
Եհովայի Օրը եւ Յիսուսի Ներկայութիւնը
6. Ինչո՞ւ պէտք չէ եզրակացնենք որ Եհովայի օրը տակաւին շա՜տ հեռու է։
6 Սխալ կարծիքները յուսախաբութեան առաջնորդած են, բայց չխորհինք որ Եհովայի օրը տակաւին շա՜տ հեռու է։ Յիսուսի անտեսանելի ներկայութիւնը՝ որու հետ այդ օրը սուրբ գրայինօրէն առնչուած է՝ արդէն սկսած է։ Դիտարան–ը եւ Եհովայի Վկաներու յարակից գրականութիւնները յաճախ սուրբ գրային ապացոյցներ հայթայթած են, թէ Քրիստոսի ներկայութիւնը սկսած է 1914–ին։a Արդ, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ իր ներկայութեան մասին։
7. (ա) Յիսուսի ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանի նշանին կարգ մը երեսակները ի՞նչ են։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք փրկուիլ։
7 Յիսուսի ներկայութիւնը խօսակցութեան առարկայ դարձաւ իր մահուընէ քիչ մը առաջ։ Երուսաղէմի տաճարին կործանման մասին իր մարգարէութիւնը լսելէ ետք, Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս ու Անդրէաս առաքեալները հարցուցին անոր. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։1-3. Մարկոս 13։3, 4) Յիսուս պատասխանելով, նախագուշակեց պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ եւ իր ներկայութեան ու իրերու դրութեան վախճանի «նշան»ին տարբեր երեսակները։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Պիտի փրկուինք, եթէ հաւատարմօրէն տոկանք մինչեւ մեր ներկայ կեանքին, կամ այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը։
8. Հրէական դրութեան վախճանէն առաջ, ի՞նչ պիտի իրագործուէր եւ ներկայիս այս առնչութեամբ ի՞նչ կը կատարուի։
8 Վախճանէն առաջ, Յիսուսի ներկայութեան մասնայատուկ մէկ երեսակը պէտք է կատարուի։ Այդ մասին ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Հռովմէացիները Երուսաղէմը կործանելէն եւ հրէական դրութիւնը Հ.Դ. 70–ին վերջ գտնելէն առաջ, Պօղոս կրցաւ ըսել որ բարի լուրը ‘երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուած’ էր։ (Կողոսացիս 1։23) Այսօր սակայն, Եհովայի Վկաներու կողմէ շատ աւելի ընդարձակ քարոզչութեան գործ մը կը կատարուի «բովանդակ աշխարհի մէջ»։ Վերջին քանի մը տարիներուն, Աստուած Արեւելեան Եւրոպայի մէջ վկայութեան մեծ դուռ մը բացաւ։ Համայն աշխարհի մէջ տպարաններով եւ այլ կարելիութիւններով օժտուած ըլլալով, Եհովայի կազմակերպութիւնը նոյնիսկ ‘չաշխատցուած թաղամասերու’ մէջ յաւելեալ գործունէութիւնը կարող է հակակշռել։ (Հռովմայեցիս 15։22, 23, ՆԱ) Ձեր սիրտը կը մղէ՞ ձեզ որ վախճանը գալէն առաջ վկայութիւն տալու մէջ ձեր լաւագոյնը ընէք։ Եթէ այո, Աստուած կրնայ ձեզ զօրացնել որ մեր դիմաց եղող գործին մէջ վարձահատոյց մասնակցութիւն մը ունենաք։—Փիլիպպեցիս 4։13. Բ. Տիմոթէոս 4։17
9. Յիսուս ի՞նչ կէտ շեշտեց, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 24։36–ին մէջ։
9 Հիմա մեր աչքին առջեւ կը կատարուին Թագաւորութեան նախագուշակուած քարոզչութիւնը եւ Յիսուսի ներկայութեան նշանին մնացեալ երեսակները։ Հետեւաբար, իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը մօտ է։ Ճիշդ է որ Յիսուս ըսաւ՝ «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս»։ (Մատթէոս 24։4-14, 36) Սակայն, Յիսուսի մարգարէութիւնը մեզի կ’օգնէ որ «այն օրուան եւ այն ժամուն համար» պատրաստ գտնուինք։
Անոնք Պատրաստ Էին
10. Ի՞նչպէս գիտենք որ կարելի է հոգեւորապէս արթուն կենալ։
10 Եհովայի մեծ օրէն վերապրելու համար, հոգեւորապէս արթուն եւ ճշմարիտ պաշտամունքին կառչած պէտք է մնանք։ (Ա. Կորնթացիս 16։13) Գիտենք որ կարելի է այսպիսի համբերութիւն մշակել, քանի որ բարեպաշտ ընտանիք մը ասիկա ըրաւ եւ Հ.Դ.Ա. 2370–ին, ամբարիշտ մարդիկը կործանող Ջրհեղեղէն վերապրեցաւ։ Այդ շրջանը իր ներկայութեան հետ բաղդատելով, Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։37-39
11. Նոյ ի՞նչ ընթացքի հետեւեցաւ, հակառակ իր օրերուն գոյութիւն ունեցող բռնութեան։
11 Նոյ եւ իր ընտանիքը վայրագ աշխարհի մը մէջ կ’ապրէին, ինչպէս՝ մենք։ Անհնազանդ հրեշտակները՝ «Աստուծոյ որդիները»՝ նիւթականացած եւ կիներ առած էին, որոնցմէ ծնան վատահամբաւ Նեֆիլիմները՝ գազանաբարոներ, որոնք անկասկած վիճակներու վատթարացման նպաստեցին։ (Ծննդոց 6։1, 2, 4. Ա. Պետրոս 3։19, 20) Այսուհանդերձ, հաւատքով՝ «Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց»։ Ան իր օրուան ամբարիշտ սերունդին՝ «իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր»։ (Ծննդոց 6։9-11) Մենք ալ աղօթքով Աստուծոյ ապաւինելով, կրնանք նոյնը ընել այս վայրագ եւ ամբարիշտ աշխարհին մէջ, մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք։
12. (ա) Տապան մը շինելէն զատ, Նոյ ի՞նչ գործ ըրաւ։ (բ) Մարդիկ ի՞նչպէս ընդառաջեցին Նոյի քարոզչութեան եւ անոնց համար հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
12 Նոյ քաջածանօթ է, որպէս՝ Ջրհեղեղէն կեանքեր պահպանելու համար տապան մը շինողը։ Ան «արդարութեան քարոզիչ» մըն ալ էր, բայց իր ժամանակակիցները «չգիտցան», կամ իր աստուածատուր պատգամին կարեւորութիւն չտուին։ Անոնք կերան, խմեցին, ամուսնացան, ընտանիքներ մեծցուցին եւ իրենց բնականոն կեանքը շարունակեցին, մինչեւ որ Ջրհեղեղը եկաւ եւ բոլորը բնաջնջեց։ (Բ. Պետրոս 2։5. Ծննդոց 6։14) Անոնք չուզեցին ուղիղ խօսքերու եւ վարմունքի մասին լսել, ճիշդ ինչպէս որ ներկայ սերունդը իր ականջները կը գոցէ «դէպի Աստուած ապաշխարութեան», Քրիստոսի հաւատալու, արդարութեան եւ «գալու դատաստանին» մասին Եհովայի Վկաներու ըսածներուն։ (Գործք 20։20, 21. 24։24, 25) Արձանագրութիւն մը չկայ որպէսզի գիտնանք թէ երկրի վրայ ո՛րքան մարդիկ կ’ապրէին, երբ Նոյ Աստուծոյ պատգամը կը ծանուցանէր։ Բայց բան մը որոշ է. երկրի բնակչութիւնը հիմնականօրէն նուազեցաւ Հ.Դ.Ա. 2370 թուին։ Ջրհեղեղը մէջտեղէն վերցուց ամբարիշտները, խնայելով միայն անոնք որոնք Աստուծոյ այդ արարքին համար պատրաստ էին, այսինքն՝ Նոյ եւ իր ընտանիքին մնացեալ եօթը անդամները։—Ծննդոց 7։19-23. Բ. Պետրոս 3։5, 6
13. Նոյ ո՞ր դատավճիռին ամբողջովին վստահեցաւ եւ ի՞նչպէս անոր համաձայն գործեց։
13 Աստուած Նոյի տարինե՜ր առաջուընէ չտեղեկացուց Ջրհեղեղի ճշգրիտ օրուան եւ ժամուն մասին։ Սակայն, երբ Նոյ 480 տարեկան էր, Եհովա ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։ (Ծննդոց 6։3) Նոյ ամբողջովին վստահեցաւ աստուածային դատավճիռին։ Ան 500 տարեկան ըլլալէն ետք, «ծնաւ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը» եւ այդ ժամանակուան սովորութեան համաձայն, հաւանաբար իր որդիները 50 կամ 60 տարեկանին ամուսնացան։ Երբ Նոյի ըսուեցաւ որ Ջրհեղեղէն պահպանուելու համար տապանը շինէր, իր տղաքը եւ անոնց կիները հաւանաբար իրեն օգնեցին այդ ծրագրին մէջ։ Շատ հաւանական է որ Նոյի տապանին շինութիւնը որպէս «արդարութեան քարոզիչ» իր ծառայութեան հետ զուգընթաց եղաւ, զինք զբաղած պահելով Ջրհեղեղի նախորդող 40 կամ 50 տարիներու ընթացքին։ (Ծննդոց 5։32. 6։13-22) Այդ բոլոր ժամանակաշրջանին, ինք եւ իր ընտանիքը հաւատքով գործեցին։ Ուստի մենք ալ հաւատք ցուցաբերենք, մինչ բարի լուրը կը քարոզենք եւ կը սպասենք Եհովայի օրուան։—Եբրայեցիս 11։7
14. Վերջապէս Եհովա ի՞նչ ըսաւ Նոյի եւ ինչո՞ւ։
14 Մինչ տապանին շինութիւնը իր աւարտին կը մօտենար, թերեւս Նոյ կը խորհէր որ Ջրհեղեղը շուտով պիտի սկսէր, թէեւ ճշգրտօրէն չէր գիտեր թէ անիկա ե՛րբ տեղի պիտի ունենար։ Վերջապէս Եհովա իրեն ըսաւ. «Եօթը օրէն ետքը երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ պիտի բերեմ»։ (Ծննդոց 7։4) Նոյ եւ իր ընտանիքը հազիւ ժամանակ ունեցան անասուններու բոլոր տեսակները տապանին մէջ մտցնելու եւ Ջրհեղեղը սկսելէն առաջ իրենք ալ ներս մտնելու։ Մենք կարիքը չունինք այս դրութեան կործանման օրն ու ժամը գիտնալու. անասուններուն վերապրումը մեզի վստահուած չէ եւ վերապրելիք մարդիկն ալ այլաբանական տապանին՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր դրախտին մէջ՝ արդէն կը մտնեն։
Շարունակեցէք «Արթուն Կենալ»
15. (ա) Ձեր բառերով ի՞նչպէս կրնաք բացատրել Մատթէոս 24։40-44–ի Յիսուսի խօսքերը։ (բ) Աստուծոյ վրէժը գործադրելու համար Յիսուսի գալուն ճշգրիտ ժամանակը չգիտնալը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
15 Իր ներկայութեան առնչութեամբ Յիսուս բացատրեց. «Այն ատեն եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան [աշխատելու համար], մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով [ցորենը] աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի։ Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթէոս 24։40-44. Ղուկաս 17։34, 35) Աստուծոյ վրէժը գործադրելու համար Յիսուսի գալուն ճշգրիտ ժամանակը չգիտնալը մեզ արթուն կը պահէ եւ ամէն օր առիթ կու տայ ապացուցանելու, որ Եհովայի կը ծառայենք ոչ–անձնասէր մղումներով։
16. ‘Ձգուած’ ու ‘առնուած’ անհատներուն ի՞նչ պիտի պատահի։
16 Ամբարիշտներուն հետ կործանումի համար ‘ձգուած’ անհատներուն մէջ պիտի գտնուին անոնք որոնք լուսաբանուելէ ետք՝ անձնասէր կենցաղով կը կլանուին։ Թող որ մենք ալ ‘առնուողներուն’ մէջ գտնուինք, որոնք բոլորանուէր կերպով Եհովայի նուիրուած են եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ իր հայթայթած հոգեւոր սնունդին հանդէպ ի՛րապէս երախտապարտ են։ (Մատթէոս 24։45-47) Ուստի, մինչեւ վերջը Աստուծոյ ծառայենք սիրով, «սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով»։—Ա. Տիմոթէոս 1։5
Սուրբ Վարմունքը Անհրաժեշտ Է
17. (ա) Բ. Պետրոս 3։10–ի մէջ ի՞նչ նախագուշակուած էր։ (բ) Բ. Պետրոս 3։11–ի քաջալերած կարգ մը գործերն ու արարքները ի՞նչ են։
17 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին»։ (Բ. Պետրոս 3։10) Խորհրդանշական երկինքն ու երկիրը պիտի չկարենան վերապրիլ Աստուծոյ կրակոտ բարկութենէն։ Հետեւաբար, Պետրոս կ’աւելցնէ. «Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ»։ (Բ. Պետրոս 3։11) Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը, ուրիշներուն բարիք ընելը եւ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ իմաստալից մասնակցութիւն մը բերելը, այս գործերուն եւ արարքներուն մաս կը կազմեն։—Մատթէոս 24։14. Եբրայեցիս 10։24, 25. 13։16
18. Եթէ աշխարհի կապուած կը զգանք, ի՞նչ պէտք է ընենք։
18 ‘Սուրբ վարմունքը ու բարեպաշտութիւնը’ կը պահանջեն որ ‘մենք մեզ անարատ պահենք աշխարհէն’։ (Յակոբու 1։27) Բայց ի՞նչ կը պատահի եթէ այս աշխարհին հանդէպ սէր զարգացնենք. . . ։ Թերեւս պիղծ զբօսանքներու, կամ այս աշխարհի ամբարիշտ հոգին քաջալերող երաժշտութիւն եւ երգեր մտիկ ընելու պատճառաւ, Աստուծոյ առջեւ վտանգաւոր եղող դիրքի մը մէջ կը դնենք մենք մեզ։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-18) Եթէ այդ է պարագան, աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն հայցենք, որպէսզի աշխարհին հետ մենք ալ չանցնինք, այլ Որդին մարդոյ առջեւ կարենանք կայնիլ։ (Ղուկաս 21։34-36. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Բայց եթէ Աստուծոյ նուիրուած ենք, վստահաբար պիտի ուզենք մեր լաւագոյնը ընել, իր հետ ջերմ յարաբերութիւն մը կերտելու եւ պահպանելու համար. այս կերպով պատրաստ պիտի գտնուինք Եհովայի մեծ ու ահեղ օրուան համար։
19. Թագաւորութեան հրատարակիչներու հսկայ բազմութիւն մը ինչո՞ւ կրնայ ակնկալել այս ամբարիշտ դրութեան վախճանէն վերապրիլ։
19 Բարեպաշտ Նոյ ու իր ընտանիքը վաղեմի աշխարհը կործանող Ջրհեղեղէն վերապրեցան։ Ուղղամիտ անհատներ Հ.Դ. 70–ին հրէական իրերու դրութեան վախճանէն վերապրեցան։ Յովհաննէս առաքեալ, զոր օրինակ, տակաւին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ գործունեայ էր Հ.Դ. 96-98–ի ատենները, երբ Յայտնութիւն գիրքը, իր Աւետարանը եւ երեք ներշնչեալ նամակներ գրեց։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ճշմարիտ հաւատքը որդեգրող հազարաւորներ ալ հաւանաբար վերապրեցան հրէական դրութեան վախճանէն։ (Գործք 1։15. 2։41, 47. 4։4) Ներկայիս, Թագաւորութեան հրատարակիչներու հսկայ բազմութիւն մը իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանէն վերապրելու յոյսը կը տածէ։
20. Ինչո՞ւ պէտք է ‘արդարութեան’ եռանդուն ‘քարոզիչներ’ ըլլանք։
20 Մեր դիմաց գտնուող նոր աշխարհին մէջ պահպանուելու յոյսով, թող որ մենք ալ «արդարութեան» եռանդուն ‘քարոզիչներ’ ըլլանք։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է Աստուծոյ ծառայել այս վերջին օրերուն։ Իսկ ի՜նչ ուրախութիւն է անհատները առաջնորդել դէպի մերօրեայ «տապան»ը՝ Աստուծոյ ժողովուրդին վայելած հոգեւոր դրախտը։ Կը մաղթենք որ հիմա անոր մէջ գտնուող միլիոնաւոր անհատները շարունակեն հաւատարիմ, հոգեւորապէս արթուն եւ Եհովայի մեծ օրուան համար պատրաստ մնալ։ Սակայն, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ արթուն մնալու։
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 10 եւ 11–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ոմանք ի՞նչ ակնկալութիւններ ունեցած են Եհովայի օրուան եւ Քրիստոսի ներկայութեան առնչութեամբ։
◻ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Նոյ եւ իր ընտանիքը Ջրհեղեղին համար պատրաստուած էին։
◻ Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց որ ‘արթուն կը կենան’, իսկ անոնց որ արթուն չեն կենար։
◻ Սուրբ վարմունքը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է, մանաւանդ որ Եհովայի մեծ օրուան կը մօտենանք։