-
«Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»Դիտարան 2013 | Յուլիս 15
-
-
16. Յիսուսի գալուստը ի՞նչ ա՛յլ համարներու մէջ նշուած է։
16 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային առնչութեամբ, Յիսուս կ’ըսէ. «Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է»։ Կոյսերու առակին մէջ, Յիսուս կը նշէ. «Երբ անոնք գացին [իւղ] գնելու, փեսան եկաւ»։ Տաղանդներու առակին մէջ, Յիսուս կը նշէ. «Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ»։ Նոյն առակին մէջ, տէրը կ’ըսէ. «Պէտք էր որ իմ ստակս սեղանաւորներուն տայիր, որպէս զի եկած ատենս շահովը առնէի» (Մատ. 24։46. 25։10, 19, 27)։ Յիսուսի գալուստը նշող այս չորս համարները ո՞ր ժամանակին կ’ակնարկեն։
17. Անցեալին, Մատթէոս 24։46–ի մէջ նշուած գալուստին մասին ի՞նչ ըսած էինք։
17 Անցեալին, մեր հրատարակութիւններուն մէջ նշած էինք, թէ այս վերջին չորս ակնարկութիւնները կը կիրարկուին Յիսուսի գալուստին, որ 1918–ին տեղի ունեցաւ։ Որպէս օրինակ, նկատի առ Յիսուսի խօսքը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին (կարդա՛ Մատթէոս 24։45-47)։ Մենք կը կարծէինք թէ 46–րդ համարին մէջ նշուած գալուստը առնչուած էր այն ժամանակին, երբ Յիսուս 1918–ին եկաւ օծեալներուն հոգեւոր վիճակը քննելու, եւ թէ ծառան 1919–ին Տէրոջ բոլոր ունեցածին վրայ նշանակուեցաւ (Մաղ. 3։1)։ Բայց Յիսուսի մարգարէութիւնը յաւելեալ կերպով նկատի առնելը ցոյց կու տայ, թէ իր մարգարէութեան որոշ երեսակներու ժամանակաւորման նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը պէտք է ճշդուի։ Ինչո՞ւ։
18. Յիսուսի ամբողջ մարգարէութիւնը նկատի առնելը, իր գալուստին առնչութեամբ ի՞նչ եզրակացութեան կ’առաջնորդէ։
18 Մատթէոս 24։46–էն առաջ եղող համարներուն մէջ, ‘գալ’ բառը հաստատօրէն կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Յիսուս մեծ նեղութեան ընթացքին պիտի գայ վճիռ արձակելու եւ դատաստան ի գործ դնելու համար (Մատ. 24։30, 42, 44)։ Նաեւ, ինչպէս նկատի առինք 12–րդ պարբերութեան մէջ, Յիսուսի ‘գալը’ որ նշուած է Մատթէոս 25։31–ի մէջ, կ’ակնարկէ այդ նոյն ապագայ դատաստանի ժամանակին։ Ուստի, տրամաբանօրէն կրնանք եզրակացնել, որ հաւատարիմ ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ նշանակելու համար Յիսուսի գալը, ըստ Մատթէոս 24։46, 47–ի, կը կիրարկուի իր ապագայ գալուստին, մեծ նեղութեան ընթացքին։ Արդարեւ, Յիսուսի մարգարէութեան բովանդակութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ իր գալուստին առնչուող այդ ութ ակնարկութիւնները կը կիրարկուին ապագայ դատաստանի ժամանակին, մեծ նեղութեան ընթացքին։
-