Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ‘Հաւատարիմ ծառան’ քննութենէն յաջողապէս կ’անցնի
    Դիտարան 2004 | Մարտ 1
    • 2, 3. «Այն չար ծառան» ուրկէ՞ եկաւ, եւ ի՞նչպէս զարգացաւ։

      2 Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին բացատրութիւն տալէն անմիջապէս ետք խօսեցաւ չար ծառային մասին։ Ան ըսաւ. «Եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’, եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ [«խստութեամբ պիտի պատժէ», Անթիլիաս] ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ (Մատթէոս 24։48-51) «Այն չար ծառան» արտայայտութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Յիսուսի նախորդ խօսքերը հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային մասին։ Այո, «չար ծառան» հաւատարիմ ծառային շարքերէն դուրս եկաւ։a Ի՞նչպէս։

  • ‘Հաւատարիմ ծառան’ քննութենէն յաջողապէս կ’անցնի
    Դիտարան 2004 | Մարտ 1
    • 4. Յիսուս ի՞նչպէս վարուեցաւ «չար ծառայ»ին եւ նոյն հոգին ցուցաբերող բոլոր անհատներուն հետ։

      4 Այս նախկին Քրիստոնեաները բնորոշուեցան որպէս «չար ծառան», եւ Յիսուս զանոնք «խստութեամբ» պատժեց։ Ի՞նչպէս։ Ան մերժեց զանոնք, եւ անոնք իրենց երկնային յոյսը կորսնցուցին։ Սակայն անոնք անմիջապէս չբնաջնջուեցան։ Անոնք նախ լալու եւ ակռաներ կրճտելու ժամանակաշրջան մը պիտի անցընէին, քրիստոնէական ժողովքէն դուրս գտնուող «խաւար»ին մէջ։ (Մատթէոս 8։12) Այդ սկիզբի օրերէն ասդին, քանի մը օծեալ անհատներ նոյնանման չար հոգի մը ցուցաբերեցին, իրենք զիրենք «չար ծառայ»ին հետ բնորոշելով։ «Ուրիշ ոչխարներ»էն ոմանք անոնց անհաւատարմութիւնը ընդօրինակեցին։ (Յովհաննու 10։16) Քրիստոսի այս բոլոր թշնամիները նոյն «դուրսի [հոգեւոր] խաւար»ին կ’ենթարկուին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել