ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՄԱՏԹԷՈՍ 25
«Արթուն կեցէք»
Ճիշդ է որ Յիսուս տասը կոյսերուն առակը իր օծեալ հետեւորդներուն ուղղեց, բայց այդ առակին գլխաւոր պատգամը բոլոր քրիստոնեաներուն կը կիրարկուի (դ15 3/15 էջ 12-16)։ «Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (Մատ. 25։13)։ Յիսուսին այս առակը կրնա՞ս բացատրել։
Փեսան (համար 1)։ Յիսուսը։
Իմաստուն՝ պատրաստ կոյսերը (համար 2)։ Օծեալ քրիստոնեաները, որոնք պատրաստ են իրենց նշանակումը հաւատարմութեամբ կատարելու եւ որոնք լուսաւորներու պէս կը փայլին մինչեւ վերջը (Փլպ. 2։15)։
Ձայնը. «Ահա փեսան կու գայ» (համար 6)։ Յիսուսի ներկայութեան ապացոյցը։
Յիմար կոյսերը (համար 8)։ Այն օծեալ քրիստոնեաները, որոնք կ’երթան փեսան դիմաւորելու, բայց արթուն չեն կենար եւ իրենց ուղղամտութիւնը չեն պահեր։
Իմաստուն կոյսերը չեն ուզեր իրենց իւղէն տալ (համար 9)։ Վերջնական կնքումէն ետք, այլեւս շա՛տ ուշ է որ հաւատարիմ օծեալները օգնեն անոնց՝ որոնք անհաւատարիմ դարձան։
«Փեսան եկաւ» (համար 10)։ Յիսուս կու գայ դատելու՝ մեծ նեղութեան վերջաւորութենէն քիչ առաջ։
Իմաստուն կոյսերը փեսային հետ հարսանիքի կը մտնեն եւ դուռը կը գոցուի (համար 10)։ Յիսուս իր հաւատարիմ օծեալները երկինք կը հաւաքէ, բայց անհաւատարիմները իրենց երկնային վարձատրութիւնը կը կորսնցնեն։