-
«Ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»Դիտարան 2012 | Սեպտեմբեր 1
-
-
«Ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»
«Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (ՄԱՏ. 25։13)։
-
-
«Ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»Դիտարան 2012 | Սեպտեմբեր 1
-
-
1-3. ա) Ո՞ր պարագաները կը լուսաբանեն Յիսուսի երկու առակները։ բ) Ո՞ր հարցումներուն պէտք է պատասխանենք։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ՛ թէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը քեզմէ կը խնդրէ, որ ինքնաշարժով զինք կարեւոր ժամադրութեան մը հասցնես։ Բայց, զինք առնելէ քանի մը վայրկեան առաջ, կը նկատես որ ինքնաշարժիդ մէջ բաւարար վառելանիւթ չկայ, եւ արագօրէն կ’երթաս վառելանիւթ լեցնելու։ Մինչ այդ, պաշտօնեան կը ժամանէ, քեզ կը փնտռէ ու չի գտներ։ Չկարենալով սպասել, ան ուրիշ անհատէ մը կը խնդրէ որ զինք հասցնէ։ Շատ չանցած, կը վերադառնաս ու կ’անդրադառնաս թէ ան ձգած գացած է։ Ինչպէ՞ս կը զգաս։
2 Լաւ, հիմա երեւակայէ որ դուն բարձրաստիճան պաշտօնեան ես եւ երեք ատակ տղամարդիկ ընտրած ես, կարեւոր աշխատանք մը ձեռք առնելու համար։ Պահանջուածը անոնց կը բացատրես եւ երեքը յօժարօրէն կ’ընդունին զայն կատարել։ Բայց որոշ ժամանակ ետք, կը վերադառնաս ու կ’իմանաս որ անոնցմէ միայն երկուքը իրենց աշխատանքը կատարած են։ Աւելին, երրորդը չքմեղանքներ կը ներկայացնէ եւ նոյնիսկ չէ փորձած աշխատիլ։ Ինչպէ՞ս կը զգաս։
3 Կոյսերու եւ տաղանդներու իր առակներուն մէջ, Յիսուս համանման պարագաներ նկարագրելով՝ լուսաբանեց թէ ինչո՛ւ վերջին օրերուն օծեալներէն ոմանք հաւատարիմ ու իմաստուն պիտի ըլլային, իսկ ուրիշներ՝ ոչ (Մատ. 25։1-30)։a Ան այս կէտը շեշտեց՝ ըսելով. «Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»,– այսինքն, երբ Յիսուս Սատանայի աշխարհին վրայ Աստուծոյ դատաստանը ի գործ պիտի դնէր (Մատ. 25։13)։ Ներկայիս, կրնանք այդ խրատը կիրարկել։ Արթուն մնալով ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ Որո՞նք արթուն մնացած են։ Եւ այժմ ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի արթուն մնանք։
-