-
Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզԴիտարան 1995 | Սեպտեմբեր 1
-
-
17. Ձեր բառերով, հակիրճօրէն տաղանդներու առակը պատմեցէք։
17 Նկատի առնենք Յիսուսի տուած տաղանդներու առակը, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 25։14–30–ին մէջ։ Մարդ մը, որ օտար երկիր պիտի երթար, իր ծառաները կանչեց եւ իր ունեցածը յանձնեց անոնց։ «Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ»։ Երբ Տէրը վերադարձաւ իր ծառաներէն հաշիւ ուզելու համար, ի՞նչ նկատեց։ Հինգ տաղանդ ստացած ծառան հինգ տաղանդ ալ շահած էր։ Նմանապէս, երկու տաղանդ ստացած ծառան ուրիշ երկու տաղանդ ալ շահած էր։ Մէկ տաղանդ ստացած ծառան զայն գետնին տակ թաղած էր եւ իր տիրոջ հարստութիւնը աւելցնելու համար բան մը չէր ըրած։ Տէրը ինչպէ՞ս դատեց այս պարագան։
18, 19. (ա) Տէրը ինչո՞ւ երկու տաղանդ ստացած ծառան չբաղդատեց հինգ տաղանդ ստացած ծառային հետ։ (բ) Տաղանդներու առակը գովասանքի եւ բաղդատութեան մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ (գ) Երրորդ ծառան ինչո՞ւ աննպաստ դատաստան ստացաւ։
18 Նախ, նկատի առնենք յաջորդաբար հինգ եւ երկու տաղանդ ստացած ծառաները։ Տէրը այս ծառաներէն իւրաքանչիւրին ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ»։ Արդեօք տէրը այսպէս ըսած պիտի ըլլա՞ր հինգ տաղանդ ստացած ծառային, եթէ ան միայն երկու տաղանդ շահած ըլլար։ Հաւանաբար ո՛չ։ Իսկ միւս կողմէն, ան երկու տաղանդ շահած ծառային ալ չըսաւ. ‘Ինչո՞ւ հինգ տաղանդ չշահեցար։ Նայէ՛, քու ծառայակիցդ ո՛րքան շահած է ինծի համար’։ Ո՛չ, կարեկից տէրը, որ Յիսուսը կը պատկերացնէր, բաղդատութիւն չըրաւ։ Ան «ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ» տաղանդ յանձնած էր եւ փոխարէն ամէն մէկուն տալու կարողութենէն աւելին չէր ակնկալեր։ Երկու ծառաներն ալ հաւասար գովասանք ստացան, քանի որ երկուքն ալ ամբողջ սրտով աշխատած էին իրենց տիրոջը համար։ Բոլորս ալ կրնանք դասեր սորվիլ ասկէ։
-
-
Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզԴիտարան 1995 | Սեպտեմբեր 1
-
-
20. Եհովա ինչպէ՞ս կը նկատէ մեր սահմանափակումները։
20 Եհովա իւրաքանչիւրէս կ’ակնկալէ, որ զինք սիրենք մեր ամբողջ զօրութիւնով, սակայն որքա՛ն սիրտ կը տոգորէ գիտնալ թէ «ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։14) Առակաց 21։2–ը կ’ըսէ որ Եհովա «սրտերը կը կշռէ» եւ ոչ թէ վիճակագրութիւնները։ Ան կը հասկնայ բոլոր սահմանափակումները որոնք մեր ձեռքը չեն, ըլլան անոնք նիւթական, ֆիզիքական, զգացական, թէ՝ ուրիշ։ (Եսայեայ 63։9) Միեւնոյն ժամանակ, ան մեզմէ կ’ակնկալէ, որ մեր բոլոր նիւթական միջոցները, զորս կրնանք ունենալ, լաւագոյնս գործածենք։ Եհովա կատարեալ է, բայց երբ իր անկատար երկրպագուներուն հետ կը վարուի, ան կատարելութիւն չի պահանջեր։ Ան ո՛չ անտրամաբանական է իր գործելակերպերուն մէջ, ոչ ալ անիրապաշտ՝ իր ակնկալութիւններուն մէջ։
-