Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Տաղանդներուն առակէն սորվէ
    Դիտարան 2015 | Մարտ 15
    • 4, 5. Առակին մէջի տէրը զո՞վ կը ներկայացնէ, եւ տաղանդը ո՞րքան արժէք ունի։

      4 Կարդա՛ Մատթէոս 25։14-30։ Մեր հրատարակութիւնները տարիներ շարունակ բացատրած են, թէ առակին մէջ նշուած մարդը կամ տէրը Յիսուսն է, եւ թէ ան օտար կամ հեռու երկիր ճամբորդեց, երբ Ք.Ե. 33–ին երկինք համբարձաւ։ Նախկին առակի մը մէջ, Յիսուս յայտնեց թէ ի՛նչ նպատակաւ հեռու երկիր պիտի ճամբորդէր,– «իրեն թագաւորութիւնը առնելու» համար (Ղուկ. 19։12)։ Ան երկինք վերադառնալէն ետք անմիջապէս Թագաւոր չեղաւb։ Հապա «Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ եւ անկէ յետոյ [սպասեց], մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին» (Եբ. 10։12, 13)։

  • Տաղանդներուն առակէն սորվէ
    Դիտարան 2015 | Մարտ 15
    • d Առաքեալներուն մահէն ետք, հաւատուրացութիւնը տարածուեցաւ ժողովքներէն ներս։ Դարե՜ր շարունակ, շատ չնչին ջանքեր թափուեցան քարոզչութեան մէջ։ Բայց «հունձքի» ժամանակ, կամ վերջին օրերուն մէջ, քարոզչութիւնը վերստին թափ պիտի առնէր (Մատ. 13։24-30, 36-43)։ Տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը, էջ 9-12։

  • Տաղանդներուն առակէն սորվէ
    Դիտարան 2015 | Մարտ 15
    • 8. Տէրը իր ծառաներէն ի՞նչ ակնկալեց, հակառակ անոր որ իւրաքանչիւրին տարբեր քանակով տաղանդ տուաւ։

      8 Տաղանդներուն առակը կը նշէ թէ տէրը առաջին ծառային հինգ տաղանդ տուաւ, երկրորդ ծառային՝ երկու տաղանդ, իսկ երրորդին՝ մէկ տաղանդ (Մատ. 25։15)։ Թէեւ տէրը ամէն մէկուն տարբեր քանակով տաղանդ տուաւ, բայց բոլորէն ակնկալեց, որ տաղանդները ժրաջանութեամբ գործածեն։ Նմանապէս, Յիսուս իր օծեալ հետեւորդներէն ակնկալեց որ իրենց լաւագոյնը ընեն ծառայութեան մէջ (Մատ. 22։37. Կող. 3։23)։ Առաջին դարուն, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Քրիստոսին հետեւորդները սկսան տաղանդներով գործել։ Քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ իրենց ժրաջանութիւնը բացայայտ է Աստուածաշունչի Գործք գրքին մէջ (Գործք 6։7. 12։24. 19։20)d։

      ԾԱՌԱՆԵՐԸ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՎ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

      9. ա) Երկու հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ ըրին տաղանդներով, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ բ) «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ դեր կը խաղան։

      9 Վերջին օրերուն ընթացքին, մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր, Քրիստոսի հաւատարիմ օծեալ ծառաները Տէրոջ տաղանդներով գործած են երկրի վրայ։ Առաջին եւ երկրորդ ծառաներուն պէս, օծեալ եղբայրներն ու քոյրերը իրենց ունեցածով իրենց լաւագոյնը ըրած են։ Հարկ չկայ ենթադրելու թէ որո՛նք հինգ տաղանդ ստացան, եւ որո՛նք՝ երկու տաղանդ։ Առակին մէջ, երկու ծառաներն ալ իրենց յանձնուած գումարը կրկնապատկեցին, ուստի երկուքն ալ հաւասարապէս ժրաջան էին։ Իսկ երկրային յոյս ունեցողնե՛րը ի՞նչ դեր կը խաղան։ Շատ կարեւոր դեր մը։ Ոչխարներուն եւ այծերուն առակէն կը սորվինք, որ երկրային յոյս ունեցողները պատիւը ունին քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ հաւատարմօրէն աջակցելու Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն։ Այս վերջին օրերուն ընթացքին, երկու խումբերն ալ որպէս «մէկ հօտ» միասին կը գործեն՝ նախանձախնդրօրէն աշակերտելու գործը կատարելով (Յովհ. 10։16)։

      10. Յիսուսի ներկայութեան նշանին աչքառու մէկ երեսակը ի՞նչ է։

      10 Տէրոջը իրաւունքն է արդիւնքներ ակնկալել։ Ինչպէս որ նշեցինք, Յիսուսի առաջին դարու հաւատարիմ աշակերտները անկասկած աւելցուցին իր ունեցածը։ Ի՞նչ կարելի է ըսել այս վերջին օրերուն մասին, երբ տաղանդներուն առակը կը կատարուի։ Յիսուսի հաւատարիմ եւ ժրաջան ծառաները պատմութեան մէջ ցարդ մեծագոյն քարոզչական եւ աշակերտական գործը կատարած են։ Անոնց ջանքերուն շնորհիւ, ամէն տարի հարիւր հազարաւոր նոր աշակերտներ կ’աւելնան Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու շարքին վրայ։ Այսպիսով, քարոզելու եւ աշակերտելու գործը՝ Յիսուսի ներկայութեան նշանին աչքառու մէկ երեսակը կը դառնայ։ Ասիկա անկասկած հաճոյք կը պատճառէ իրենց Տէրոջը։

      Եհովայի ծառաները աշակերտելու գործին զանազան երեսակներուն կը մասնակցին

      Յիսուս իր ծառաներուն յանձնած է քարոզելու թանկագին պատասխանատուութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 10)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել