Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 9/1 էջ 23-27
  • Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատշաճ Մղումներու Արգելքներ
  • «Քրիստոսին Սէրը Մեզ կը Ստիպէ»
  • ‘Զգուշացէք Փարիսեցիներու Խմորէն’
  • «Ամէն Մէկուն Իր Կարողութեանը Չափ»
  • Տաղանդներուն առակէն սորվէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Յիսուս տաղանդներուն առակով կը սորվեցնէ ժրաջան ըլլալ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Քեզ սիրող Աստուածը սիրէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Սիրով կերտուեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 9/1 էջ 23-27

Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզ

«Քու Տէր Աստուածդ [պէտք է] սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ»։—ՄԱՐԿՈՍ 12։30

1, 2. Քարոզելու գործունէութեան կապակցաբար ի՞նչ խայտալի բաներ կ’իրագործուին։

ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ մը իրական արժէքը միայն անոր երեւոյթէն չորոշուիր։ Ներկի խաւ մը կրնայ անոր դրսերեւոյթը գեղեցկացնել, իսկ վայելուչ գիծ մը կրնայ հաւանական գնողի մը հրապուրել. սակայն շա՜տ աւելի կարեւոր են այն բաները որոնք շուտով աչքի չեն զարներ. ինքնաշարժը յառաջ մղող շարժակը եւ զայն հակակշռող միւս բոլոր պիտոյքները։

2 Աստուծոյ մեր մատուցանած Քրիստոնէական ծառայութեան պարագան ալ նոյնն է։ Եհովայի Վկաները բարեպաշտ գործերով լեցուն են։ Ամէն տարի, անոնք մէկ միլիառէ աւելի ժամեր կը յատկացնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար։ Ասկէ զատ, անոնք միլիոնաւոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, իսկ մկրտուողներուն թիւը հարիւր հազարաւորներու կը հասնի։ Եթէ բարի լուրի քարոզիչ մըն էք, դուք ալ ասոր մէջ ձեր մասնակցութիւնը բերած էք, նոյնիսկ երբ անիկա չնչին է այս վիճակագրութեան մէջ։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։—Եբրայեցիս 6։10

3. Գործերէն զատ, ի՞նչ բան իրապէս անհրաժեշտ է Քրիստոնեաներուն համար եւ ինչո՞ւ։

3 Սակայն, մեր ծառայութեան իրական արժէքը, ըլլայ հաւաքականօրէն թէ անհատապէս, միայն թիւերով չի չափուիր։ Ինչպէս Սամուէլի ըսուեցաւ, «մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Այո, Աստուած հաշուի կ’առնէ ի՛նչ որ ենք ներքնապէս։ Ճիշդ է որ գործերը կարեւոր են։ Բարեպաշտ գործերը Եհովայի վարդապետութիւնը կը զարդարեն եւ հաւանական աշակերտներու կը հրապուրեն։ (Մատթէոս 5։14–16. Տիտոս 2։10. Բ. Պետրոս 3։11) Սակայն, մեր գործերը ամէն բան չեն յայտներ։ Յարուցեալ Յիսուս մտահոգութիւն յայտնեց Եփեսոսի ժողովքին մասին, հակառակ անոր որ անիկա լաւ գործերով վկայուած էր։ «Գիտեմ քու գործերդ», ըսաւ անոր Յիսուս։ «Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։—Յայտնութիւն 2։1–4

4. (ա) Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութիւնը ի՞նչ կերպով կրնայ պարտականութեամբ կատարուած ծիսականութեան մը նման ըլլալ։ (բ) Ինչո՞ւ ինքնաքննութիւն պէտք է կատարենք։

4 Վտա՛նգ մը կայ։ Ժամանակի ընթացքին, Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութիւնը կրնայ պարտականութեամբ կատարուած ծիսականութեան մը նման ըլլալ։ Քրիստոնեայ կին մը հետեւեալ կերպով նկարագրեց զայն. «Ծառայելու կ’երթայի, ժողովներու կը յաճախէի, կ’ուսումնասիրէի եւ կ’աղօթէի, բայց այս բոլորը մեքենայաբար կ’ընէի, առանց որեւէ զգացումի»։ Անշուշտ, Աստուծոյ «վար ձգուած» կամ ‘խոնարհած’ զգացող ծառաները պէտք է գովուին, երբ անոնք ճիգ կ’ընեն։ (Բ. Կորնթացիս 4։9. 7։6) Այսուհանդերձ, երբ մեր Քրիստոնէական գործունէութիւնները սովորութեան մէջ իյնան, այդ պարագային, կերպով մը շարժակին մէջը պէտք է քննենք։ Նոյնիսկ լաւագոյն ինքնաշարժները պարբերաբար խնամքի կարիք մը ունին. նոյնպէս բոլոր Քրիստոնեաներն ալ կանոնաւոր ինքնաքննութիւն պէտք է կատարեն։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Ուրիշներ կրնան մեր գործերը տեսնել, բայց չեն կրնար ըմբռնել թէ ի՛նչ բան այդ արարքները գործելու կը մղէ մեզ։ Ուստի, հետեւեալ հարցումը բոլորիս պէտք է հետաքրքրէ. ‘Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ զիս’։

Պատշաճ Մղումներու Արգելքներ

5. Ըստ Յիսուսին, բոլոր պատուիրաններէն առաջինը ո՞րն է։

5 Երբ իրեն հարցուեցաւ որ Իսրայէլի տրուած օրէնքներէն ո՛ր մէկը առաջինն էր, Յիսուս պատուիրան մը յիշեց, որ ոչ թէ դրսերեւոյթին վրայ կը կեդրոնանար, այլ՝ ներքին մղումներուն վրայ. «Քու Տէր Աստուածդ [պէտք է] սիրես քու բոլոր սրտովըդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ»։ (Մարկոս 12։28–30) Այս կերպով, Յիսուս բնորոշեց թէ Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութեան ետին գտնուող մղիչ ոյժը ի՛նչ պէտք էր ըլլար. սէրը։

6, 7. (ա) Սատանան ի՞նչ կերպով խորամանկօրէն կը յարձակի ընտանեկան շրջանակին վրայ եւ ինչո՞ւ։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) (բ) Մէկու մը մեծցած ձեւը ինչպէ՞ս կրնայ աստուածային հեղինակութեան հանդէպ իր կեցուածքին ազդել։

6 Սատանան կ’ուզէ այս կենսական յատկութիւնը՝ սէրը՝ մշակելու մեր կարողութիւնը խափանել։ Այս նպատակին հասնելու համար, անոր գործածած կերպերէն մէկն է ընտանեկան շրջանակին վրայ յարձակիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հո՛ն է որ սիրոյ մասին մեր առաջին եւ ամենէն մնայուն տպաւորութիւնները կերպար կ’առնեն։ Սատանան լաւ գիտէ սուրբ գրային այն սկզբունքը թէ մեր մանկութեան ի՛նչ որ սորված ենք արժէք կ’ունենայ մեր չափահասութեան։ (Առակաց 22։6) Ան խորամանկօրէն կը փորձէ մեր վաղ հասակին սիրոյ մասին մեր կազմած գաղափարը խեղաթիւրել։ «Այս աշխարհի աստուածը» ըլլալով, Սատանան կը տեսնէ որ իր նպատակներուն կը նպաստէ, երբ շատեր այնպիսի ընտանիքներու մէջ կը մեծնան, որոնք, փոխանակ սիրոյ միջավայր մը ըլլալու, դառնութեան, բարկութեան եւ վիրաւորական խօսքերու մարտադաշտ մըն են։—Բ. Կորնթացիս 4։4. Եփեսացիս 4։31, 32. 6։4, ՆԱ, Անգլերէն հրատարակութեան ստորանիշ. Կողոսացիս 3։21

7 Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ըրէ խորագրով գիրքը դիտել կու տայ որ այն կերպը, որով հայր մը իր գլխաւորութեան դերը կը կատարէ, «կրնայ յատկանշական ազդեցութիւն մը ունենալ ... մարդկային եւ աստուածային հեղինակութիւններու» հանդէպ «իր զաւակներուն հետագայ կեցուածքին վրայ»։a Քրիստոնեայ մը, որ բիրտ հօր մը ծանր ձեռքին տակ մեծցած է, կ’ընդունի. «Ինծի համար, Եհովայի հնազանդիլը դիւրին է. զինք [Եհովան] սիրելը շատ աւելի դժուար է»։ Անշուշտ, հնազանդութիւնը կենսական է, քանի որ Աստուծոյ աչքին, «հնազանդութիւնը զոհէն ... աղէկ է»։ (Ա. Թագաւորաց 15։22) Բայց ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ Եհովայի հանդէպ պարզ հնազանդութենէն անդին անցնինք եւ սէր մշակենք որպէս մեր պաշտամունքին ետին գտնուող մղիչ ոյժը։

«Քրիստոսին Սէրը Մեզ կը Ստիպէ»

8, 9. Յիսուսի քաւիչ զոհը ինչպէ՞ս Եհովայի հանդէպ մեր սէրը պէտք է դրդէ։

8 Եհովայի հանդէպ սրտանց սէր մշակելու մեծագոյն մղումը Յիսուս Քրիստոսի քաւիչ զոհին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնն է։ «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի անոր միջոցով ապրինք»։ (Ա. Յովհաննու 4։9) Անգամ մը որ այս զոհագործութիւնը հասկնանք ու անոր հանդէպ երախտապարտ գտնուինք, սիրոյ այս արարքը սիրոյ հակազդեցութեան մը կոչ կ’ընէ։ «Մենք զանիկա կը սիրենք, վասնզի [Եհովան] մեզ սիրեց»։—Ա. Յովհաննու 4։19

9 Յիսուս յօժարութեամբ ընդունեց որպէս մարդոց Փրկիչ ծառայելու իր նշանակումը։ «Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ»։ (Ա. Յովհաննու 3։16. Յովհաննու 15։13) Յիսուսի անձնազոհ սէրը մեր մէջ երախտապարտութեան ընդառաջում մը պէտք է յառաջացնէ։ Պատկերացնենք. Ենթադրենք որ դուք խեղդամահ ըլլալէ փրկուած էք։ Կրնա՞ք տուն երթալ, դուք ձեզ չորցնել եւ միջադէպը մոռնալ։ Անշուշտ ո՛չ։ Ձեզ փրկած անհատին հանդէպ պարտական պիտի զգայիք։ Ի վերջոյ, ձեր կեանքը այդ անձին կը պարտիք։ Մենք Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի անկէ նուա՞զ կը պարտինք։ Առանց փրկանքին, բոլորս ալ, կարծէք թէ խեղդամահ պիտի ըլլայինք մեղքի ու մահուան մէջ։ Սակայն, սիրոյ այս մեծ արարքին պատճառաւ, դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունինք։—Հռովմայեցիս 5։12, 18. Ա. Պետրոս 2։24

10. (ա) Փրկանքը ինչպէ՞ս կրնանք անձնապէս կիրարկել։ (բ) Քրիստոսին սէրը ինչպէ՞ս մեզ կը ստիպէ։

10 Պահ մը փրկանքին վրայ խոկանք։ Անձնապէս կիրարկենք զայն, ինչպէս ըրաւ Պօղոս. «Ես որ հիմա մարմնովս կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց»։ (Գաղատացիս 2։20) Երբ այսպէս խոկանք, անիկա անկեղծ մղումներ պիտի արծարծէ, քանի որ Պօղոս Կորնթացիներուն գրեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ ...։ Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէսզի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Երուսաղէմի Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Քրիստոսին սէրը «մեզ կը ճնշէ»։ Երբ Քրիստոսին սէրը նկատի առնենք, կը ստիպուինք, խորապէս կը մղուինք, նոյնիսկ կը ճնշուինք։ Անիկա մեր սրտին կը դպչի եւ մեզ գործի կը լծէ։ Ինչպէս Ճ. Պ. Ֆիլիփսի թարգմանութիւնը կը մեկնաբանէ այս համարը, ըսելով. «Մեր արարքներուն բուն աղբիւրը՝ Քրիստոսին սէրն է»։ Ուրիշ որեւէ մղում մեր մէջ նոյն մնայուն պտուղը պիտի չտայ, ինչպէս ցոյց կու տայ Փարիսեցիներուն օրինակը։

‘Զգուշացէք Փարիսեցիներու Խմորէն’

11. Կրօնական գործերու նկատմամբ Փարիսեցիներուն կեցուածքը նկարագրեցէք։

11 Փարիսեցիները Աստուծոյ պաշտամունքէն ամէն ոյժ կը վերցնէին։ Փոխանակ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ վրայ շեշտ դնելու, անոնք գործերու վրայ շեշտ կը դնէին որպէս հոգեւորականութեան չափանիշ։ Մանրամասնուած կանոններով անոնց մտահոգութիւնը դուրսէն արդար երեւոյթ մը կու տար անոնց, բայց ներսէն, անոնք «մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն» էին։—Մատթէոս 23։27

12. Յիսուս մարդ մը բժշկելէ ետք, Փարիսեցիները ինչպէ՞ս իրենց սրտերուն կուրութիւնը ցոյց տուին։

12 Առիթով մը, Յիսուս չորցած ձեռքով մարդ մը կարեկցութեամբ բժշկեց։ Այս մարդը որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր վայրկենական բուժուելով հաշմանդամութենէ մը որ անկասկած ֆիզիքական եւ զգացական գետնի վրայ մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէր իրեն։ Բայց Փարիսեցիները անոր հետ չուրախացան։ Ընդհակառակը, անոնք իր գործելակերպին վրայ վիճաբանեցան—Յիսուս Շաբաթ օրով օգնութիւն մատուցանած էր։ Օրէնքին գիտարուեստական մեկնաբանութեամբ հետաքրքրուած ըլլալով, Փարիսեցիները Օրէնքին հոգին բոլորովին կը խաթարէին։ Զարմանալի չէր որ Յիսուս «անոնց սրտերուն կուրութեանը համար» տրտմեցաւ։ (Մարկոս 3։1–5) Ասկէ զատ, ան իր աշակերտները ազդարարեց. «Զգուշացէք փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմորէն»։ (Մատթէոս 16։6) Անոնց արարքներն ու կեցուածքը քօղազերծուած են Աստուածաշունչին մէջ մեր օգտին համար։

13. Փարիսեցիներուն օրինակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

13 Փարիսեցիներուն օրինակը մեզի կը սորվեցնէ որ գործերու առնչութեամբ տրամաբանական տեսակէտ մը պէտք է ունենանք։ Արդարեւ, գործերը կենսական են, քանի որ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ (Յակոբու 2։26) Սակայն, անկատար մարդիկ ուրիշները դատելու հակումը ունին անոնց ի՛նչ ընելուն եւ ոչ թէ ի՛նչ ըլլալուն հիման վրայ։ Երբեմն, մենք մեզ ալ այս կերպով կը դատենք։ Կրնանք մեր միտքը գործեր ունենալուն վրայ չարչրկել որպէս թէ մեր հոգեւորականութեան միակ դատանիշը ըլլային անոնք։ Կրնանք մեր մղումները քննելու կարեւորութիւնը մոռնալ։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 5։12։) Կրնանք ‘մժղուկը քամող եւ ո՛ւղտը կլլող’ անթեք օրինականներ ըլլալ օրէնքին բառացիօրէն հնազանդելով, բայց անոր հոգին դրժելով։—Մատթէոս 23։24

14. Փարիսեցիները ինչպէ՞ս անմաքուր գաւաթի կամ պնակի մը նման էին։

14 Փարիսեցիները չըմբռնեցին որ, երբ անհատ մը ի՛րապէս Եհովան սիրէ, բարեպաշտ արարքները բնականաբար անոր պիտի յաջորդեն։ Հոգեւորականութիւնը ներսէն դուրս կը բխի։ Յիսուս ուժգնութեամբ Փարիսեցիները քօղազերծեց այս առնչութեամբ անոնց սխալ մտածելակերպին համար, ըսելով. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։ Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէսզի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ»։—Մատթէոս 23։25, 26

15. Օրինակներ թուեցէք, որոնք ցոյց կու տան որ Յիսուս երեւոյթներէն անդին կը նայի։

15 Գաւաթի մը, պնակի մը, կամ շէնքի մը դրսերեւոյթը որոշ բան մը կը յայտնէ։ Յիսուսի աշակերտները Երուսաղէմի տաճարին գեղեցկութեամբ ապշահար եղած էին, բայց Յիսուս զայն «աւազակներու այր» կոչեց, անոր մէջ կատարուած բաներուն պատճառաւ։ (Մարկոս 11։17. 13։1) Ինչ որ ճիշդ էր տաճարին պարագային, ճիշդ է նաեւ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանող միլիոնաւոր անհատներու պարագային, ինչպէս Քրիստոնեայ Աշխարհի տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ։ Յիսուս ըսաւ որ իր անունով «շատ հրաշքներ» ըրած անհատները պիտի դատէր որպէս ‘անօրէնութիւն գործողներ’։ (Մատթէոս 7։22, 23) Ասոր ճիշդ հակառակը, ան այրի կնոջ մը մասին խօսեցաւ, որ շատ չնչին գումար մը կը նուիրէր տաճարին համար։ «Այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելի ձգեց. ... ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։ (Մարկոս 12։42–44) Աններդաշնակ դատողութի՞ւն մը։ Բնա՛ւ երբեք։ Երկու պարագաներուն ալ, Յիսուս Եհովայի տեսակէտը արտացոլացուց։ (Յովհաննու 8։16) Ան այդ գործերուն ետին գտնուող մղումները տեսաւ եւ անոնց համաձայն դատեց։

«Ամէն Մէկուն Իր Կարողութեանը Չափ»

16. Ինչո՞ւ մեր գործունէութիւնը անդադար պէտք չէ բաղդատենք ուրիշ Քրիստոնեայի մը գործունէութեան հետ։

16 Եթէ մեր մղումները պատշաճ են, անդադար բաղդատութիւններ ընելու հարկ չկայ։ Օրինակի համար, շատ կերտիչ չէ մրցակցական հոգիով ջանալ ուրիշ Քրիստոնեայի մը ծառայութեան մէջ յատկացուցած ժամանակին չափ ժամանակ յատկացնել կամ քարոզչութեան մէջ անոր իրագործումներուն հետ չափուիլ։ Յիսուս ըսաւ որ Եհովան սիրէ քու բոլոր սրտովդ, մտքովդ, անձովըդ եւ զօրութիւնովդ եւ ոչ թէ ուրիշի մը սրտովը, մտքովը, անձովը եւ զօրութիւնովը։ Իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնները, կորովն ու պարագան իրարմէ կը տարբերին։ Եթէ ձեր պարագան կը ներէ, սէրը պիտի մղէ ձեզ որ ծառայութեան շատ ժամանակ տրամադրէք. թերեւս լիաժամ ռահվիրայ մը ըլլալով։ Եթէ հիւանդութեան մը դէմ կը պայքարիք, սակայն, այն ժամանակը զոր կը յատկացնէք ծառայութեան կրնայ ձեր փափաքածէն նուազ ըլլալ։ Մի՛ յուսահատիք։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը ժամերով չի չափուիր։ Մաքուր մղումներ ունենալով, ուրախութեան պատճառներ պիտի ունենաք։ Պօղոս գրեց. «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ»։—Գաղատացիս 6։4

17. Ձեր բառերով, հակիրճօրէն տաղանդներու առակը պատմեցէք։

17 Նկատի առնենք Յիսուսի տուած տաղանդներու առակը, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 25։14–30–ին մէջ։ Մարդ մը, որ օտար երկիր պիտի երթար, իր ծառաները կանչեց եւ իր ունեցածը յանձնեց անոնց։ «Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ»։ Երբ Տէրը վերադարձաւ իր ծառաներէն հաշիւ ուզելու համար, ի՞նչ նկատեց։ Հինգ տաղանդ ստացած ծառան հինգ տաղանդ ալ շահած էր։ Նմանապէս, երկու տաղանդ ստացած ծառան ուրիշ երկու տաղանդ ալ շահած էր։ Մէկ տաղանդ ստացած ծառան զայն գետնին տակ թաղած էր եւ իր տիրոջ հարստութիւնը աւելցնելու համար բան մը չէր ըրած։ Տէրը ինչպէ՞ս դատեց այս պարագան։

18, 19. (ա) Տէրը ինչո՞ւ երկու տաղանդ ստացած ծառան չբաղդատեց հինգ տաղանդ ստացած ծառային հետ։ (բ) Տաղանդներու առակը գովասանքի եւ բաղդատութեան մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ (գ) Երրորդ ծառան ինչո՞ւ աննպաստ դատաստան ստացաւ։

18 Նախ, նկատի առնենք յաջորդաբար հինգ եւ երկու տաղանդ ստացած ծառաները։ Տէրը այս ծառաներէն իւրաքանչիւրին ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ»։ Արդեօք տէրը այսպէս ըսած պիտի ըլլա՞ր հինգ տաղանդ ստացած ծառային, եթէ ան միայն երկու տաղանդ շահած ըլլար։ Հաւանաբար ո՛չ։ Իսկ միւս կողմէն, ան երկու տաղանդ շահած ծառային ալ չըսաւ. ‘Ինչո՞ւ հինգ տաղանդ չշահեցար։ Նայէ՛, քու ծառայակիցդ ո՛րքան շահած է ինծի համար’։ Ո՛չ, կարեկից տէրը, որ Յիսուսը կը պատկերացնէր, բաղդատութիւն չըրաւ։ Ան «ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ» տաղանդ յանձնած էր եւ փոխարէն ամէն մէկուն տալու կարողութենէն աւելին չէր ակնկալեր։ Երկու ծառաներն ալ հաւասար գովասանք ստացան, քանի որ երկուքն ալ ամբողջ սրտով աշխատած էին իրենց տիրոջը համար։ Բոլորս ալ կրնանք դասեր սորվիլ ասկէ։

19 Անշուշտ, երրորդ ծառան գովասանք չստացաւ։ Իրականութեան մէջ, ան դուրսի խաւարը նետուեցաւ։ Միայն մէկ տաղանդ ստացած ըլլալով, չէր ակնկալուեր որ ան հինգ տաղանդ ունեցած ծառային չափ շահ բերէր։ Բայց ան, նոյնիսկ չփորձե՛ց բան մը ընել։ Ան տեղւոյն վրայ աննպաստ դատաստան ստացաւ իր «չար եւ ծո՛յլ» սրտի վիճակին պատճառաւ, ինչ որ իր տիրոջ հանդէպ սիրոյ պակաս կը յայտնաբերէր։

20. Եհովա ինչպէ՞ս կը նկատէ մեր սահմանափակումները։

20 Եհովա իւրաքանչիւրէս կ’ակնկալէ, որ զինք սիրենք մեր ամբողջ զօրութիւնով, սակայն որքա՛ն սիրտ կը տոգորէ գիտնալ թէ «ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։14) Առակաց 21։2–ը կ’ըսէ որ Եհովա «սրտերը կը կշռէ» եւ ոչ թէ վիճակագրութիւնները։ Ան կը հասկնայ բոլոր սահմանափակումները որոնք մեր ձեռքը չեն, ըլլան անոնք նիւթական, ֆիզիքական, զգացական, թէ՝ ուրիշ։ (Եսայեայ 63։9) Միեւնոյն ժամանակ, ան մեզմէ կ’ակնկալէ, որ մեր բոլոր նիւթական միջոցները, զորս կրնանք ունենալ, լաւագոյնս գործածենք։ Եհովա կատարեալ է, բայց երբ իր անկատար երկրպագուներուն հետ կը վարուի, ան կատարելութիւն չի պահանջեր։ Ան ո՛չ անտրամաբանական է իր գործելակերպերուն մէջ, ոչ ալ անիրապաշտ՝ իր ակնկալութիւններուն մէջ։

21. Եթէ Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութիւնը սէրէ կը մղուի, ի՞նչ լաւ արդիւնք պիտի յաջորդեն։

21 Եհովան մեր բոլոր սրտովը, անձովը, մտքովը եւ զօրութիւնովը սիրելը «ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ (Մարկոս 12։33) Եթէ սէրը կը մղէ մեզ, այդ պարագային Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք։ Պետրոս գրեց որ եթէ բարեպաշտ յատկութիւններ, սէրը ներառեալ, ‘մեր վրայ գտնուին ու աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ մեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ’։—Բ. Պետրոս 1։8

[Ստորանիշ էջ 24]

a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Անգլերէնով վերստուգուած 1994–ին։

Վերաքաղ

◻ Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութեան ետին գտնուող մղիչ ոյժը ի՞նչ պէտք էր ըլլար։

◻ Քրիստոսին սէրը ինչպէ՞ս մեզ կը ստիպէ, որ Եհովայի ծառայենք։

◻ Փարիսեցիներուն ո՞ր մտահոգութենէն պէտք է խուսափինք։

◻ Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ մեր ծառայութիւնը բաղդատել ուրիշ Քրիստոնեայի մը ծառայութեան հետ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել