-
Տաղանդներուն առակէն սորվէԴիտարան 2015 | Մարտ 15
-
-
ՉԱՐ ԵՒ ԾՈՅԼ ԾԱՌԱՅ ՄԸ
14, 15. Յիսուս ըսել ուզե՞ց որ իր օծեալ եղբայրներէն մեծ մաս մը չար եւ ծոյլ պիտի ըլլար. բացատրէ՛։
14 Առակին մէջ, երրորդ ծառան իր տաղանդը գետնին տակ պահեց, փոխանակ ատորմով գործելու կամ նոյնիսկ զայն սեղանաւորներուն տալու։ Այս ծառան վատ ոգի ցուցաբերեց, քանի որ դիտումնաւոր կերպով իր տէրոջ շահերուն հակառակ աշխատեցաւ։ Տէրը իրաւացիօրէն զինք «չար եւ ծո՛յլ» կոչեց, ապա տաղանդը առաւ անկէ եւ տուաւ այն ծառային, որ տասը տաղանդ ունէր։ Անկէ ետք, չար ծառան «դուրսի խաւարը» հանեցին. «հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել» (Մատ. 25։24-30. Ղուկ. 19։22, 23)։
15 Երբ Յիսուս ըսաւ թէ երեք ծառաներէն մէկը չար եւ ծոյլ էր, ան ըսել չուզեց թէ օծեալներուն մէկ երրորդը այդպէս պիտի ըլլար։ Շուրջի համարները նկատի առ։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայի առակին մէջ, Յիսուս խօսեցաւ չար ծառայի մը մասին, որ իր ծառայակիցները կը ծեծէր։ Ան ըսել չուզեց որ չար ծառայ դասակարգ մը պիտի ելլէր։ Փոխարէն, ան հաւատարիմ ծառան կը զգուշացնէր, որ այդ չար ծառային չնմանէր։ Նմանապէս, տասը կոյսերուն առակին մէջ, Յիսուս չէր մատնանշեր որ իր օծեալ հետեւորդներուն կէսը պիտի նմանէր հինգ յիմար կոյսերուն։ Փոխարէն, ան իր հոգեւոր եղբայրները կը զգուշացնէր թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ արթուն ու պատրաստ չըլլայինf։ Ուստի տրամաբանական է եզրակացնել, թէ տաղանդներուն առակին մէջ Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ վերջին օրերուն մէջ իր օծեալ եղբայրներէն մեծ մաս մը չար եւ ծոյլ պիտի ըլլար. հապա ան իր օծեալ հետեւորդները կը զգուշացնէր, որ ժրաջանութեան կարիքին գիտակից ըլլան,– իրենց տաղանդով ‘գործեն’,– եւ չար ծառայի մը կեցուածքներն ու արարքները չորդեգրեն (Մատ. 25։16)։
-