Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա20 Մայիս էջ 1-15
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՅԻՍ 4-10
  • ՄԱՅԻՍ 11-17
  • ՄԱՅԻՍ 18-24
  • ՄԱՅԻՍ 25-31
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
ժտա20 Մայիս էջ 1-15

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՅԻՍ 4-10

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 36-37

«Յովսէփ նախանձի զոհը կ’երթայ»

(Ծննդոց 37։3, 4) Իսրայէլ իր բոլոր որդիներէն աւելի կը սիրէր Յովսէփը, քանզի իր ծերութեանը որդին էր անիկա եւ բազմագոյն պատմուճան մը շինեց անոր։ 4 Անոր եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը զանիկա իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր, ատեցին զանիկա ու խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ։

դ14 8/1 12

«Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»

Աստուածաշունչը կը նշէ. «Անոր եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը զանիկա իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր, ատեցին զանիկա ու խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ» (Ծննդոց 37։4)։ Կրնանք հասկնալ Յովսէփի եղբայրներուն նախանձը, բայց անոնք այս թունաւոր զգացումին տեղի տալով իմաստութիւն ցոյց չտուին (Առակաց 14։30. 27։4)։ Երբեք նախանձով բորբոքա՞ծ ես, երբ մէկու մը տրուած է այն ուշադրութիւնը կամ պատիւը, որ դո՛ւն կ’ուզէիր ստանալ։ Յիշէ՛ Յովսէփի եղբայրները։ Անոնց նախանձը պատճառ դարձաւ որ ընեն արարքներ, որոնց համար յետագային սրտանց զղջացին։ Անոնց օրինակը քրիստոնեաներուն կը յիշեցնէ, թէ շա՜տ աւելի իմաստութիւն է ‘խնդացողներուն հետ խնդալ’ (Հռովմայեցիս 12։15)։

Յովսէփ վստահաբար իր եղբայրներուն ատելութիւնը նկատեց։ Ուստի, արդեօք իր շքեղ պատմուճանը կը պահէ՞ր, երբ իր եղբայրները մօտ ըլլային։ Թերեւս այս մէկը ընելու փորձուեցաւ։ Սակայն յիշէ՛ թէ Յակոբ կ’ուզէր որ պատմուճանը հաճութեան եւ սիրոյ նշան ըլլայ։ Յովսէփ իրեն հանդէպ իր հօր վստահութեան արժանի ըլլալը ցոյց տալով, հաւատարմօրէն պատմուճանը կը հագնէր։ Իր օրինակը մեզի օգտակար է։ Թէեւ մեր երկնաւոր Հայրը բնա՛ւ աչառու չէ, սակայն երբեմն իր հաւատարիմ ծառաները կը զատէ եւ անոնց հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց կու տայ։ Ասկէ աւելին, ան անոնցմէ կը խնդրէ որ այս ապականած եւ անբարոյ աշխարհէն անջատ մնան։ Յովսէփի յատուկ պատմուճանին նման, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն վարքը զիրենք իրենց շուրջի մարդոցմէն տարբեր կ’ընէ։ Այս վարքը երբեմն նախանձ եւ ատելութիւն կը գրգռէ (Ա. Պետրոս 4։4)։ Արդեօք քրիստոնեան Աստուծոյ ծառայ ըլլալու իր իսկական ինքնութիւնը պէ՞տք է ծածկէ։ Ո՛չ. ինչպէս որ Յովսէփ իր պատմուճանը պէտք չէր պահէր (Ղուկաս 11։33)։

(Ծննդոց 37։5-9) Յովսէփ երազ մը տեսաւ ու իր եղբայրներուն պատմեց։ Անոնք աւելի ատեցին զանիկա։ 6 Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս. 7 ահա մենք դաշտին մէջ որաներ կը կապէինք։ Իմ որաս ելաւ ու շիտակ կանգնեցաւ եւ ձեր որաները անոր բոլորտիքը կանգնեցան ու իմ որայիս երկրպագութիւն ըրին»։ 8 Անոր եղբայրները ըսին անոր. «Իրաւցնէ մեր վրա՞յ պիտի թագաւորես, կամ իրաւցնէ մեր վրա՞յ պիտի տիրես»։ Անոր երազներուն ու խօսքերուն համար աւելի ատեցին զանիկա։ 9 Ուրիշ երազ մըն ալ տեսաւ ու զանիկա իր եղբայրներուն պատմեց ու ըսաւ. «Ահա երազ մըն ալ տեսայ։ Ահա արեւն ու լուսինը ու տասնըմէկ աստղեր ինծի երկրպագութիւն ըրին»։

(Ծննդոց 37։11) Եղբայրները նախանձեցան անոր, բայց հայրը իր միտքը պահեց այս խօսքերը։

դ14 8/1 13 ¶2-4

«Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»

Երազները Եհովա Աստուծոյ կողմէ էին։ Անոնք մարգարէական էին, եւ Աստուծոյ նպատակն էր որ Յովսէփ անոնց բովանդակած պատգամը հաղորդէր։ Առումով մը, Յովսէփ պէտք էր ընէր այն ինչ որ յետագային բոլոր մարգարէները ըրին, Աստուծոյ պատգամներն ու դատաստանները Իր կամակոր ժողովուրդին յայտնելով։

Յովսէփ փափկանկատօրէն իր եղբայրներուն ըսաւ. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»։ Իր եղբայրները երազը հասկցան, եւ բնաւ չսիրեցին զայն։ Անոնք պատասխան տուին. «Իրաւցնէ մեր վրա՞յ պիտի թագաւորես, կամ իրաւցնէ մեր վրա՞յ պիտի տիրես»։ Արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Անոր երազներուն ու խօսքերուն համար աւելի ատեցին զանիկա»։ Երբ Յովսէփ երկրորդ երազը իր հօր ու եղբայրներուն պատմեց, նոյն հակազդեցութիւնը ի յայտ եկաւ։ Կը կարդանք. «Հայրը յանդիմանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս քու տեսած երազդ. միթէ ես ու քու մայրդ եւ քու եղբայրներդ իրաւցնէ՞ պիտի գանք՝ մինչեւ գետին քեզի խոնարհութիւն ընելու’»։ Սակայն Յակոբ այս բանին շուրջ շարունակեց մտածել. կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովան տղուն հետ կը հաղորդակցէր (Ծննդոց 37։6, 8, 10, 11)։

Յովսէփ ո՛չ առաջին, ոչ ալ վերջին երկրպագուն էր, որմէ Եհովան խնդրեց որ հաղորդէ մարգարէական պատգամ մը, որ անժողովրդական պիտի ըլլար եւ նոյնիսկ հալածանքի առաջնորդէր։ Յիսուս այսպիսի պատգամաւորներու մեծագոյնն էր, եւ ան իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն» (Յովհաննէս 15։20)։ Ամէն տարիքի քրիստոնեաներ կրնան պատանի Յովսէփին հաւատքէն ու քաջութենէն շա՜տ բան սորվիլ։

(Ծննդոց 37։23, 24) Յովսէփ իր եղբայրներուն քով եկածին պէս՝ մերկացուցին Յովսէփը իր պատմուճանէն, այսինքն իր վրայի բազմագոյն պատմուճանէն 24 եւ առին զանիկա ու գուբը նետեցին։ Գուբը դատարկ էր, մէջը ջուր չկար։

(Ծննդոց 37։28) Ու երբ Մադիանացի վաճառականները կ’անցնէին, Յովսէփը գուբէն քաշեցին ու դուրս հանեցին իր եղբայրները եւ Իսմայելացիներուն ծախեցին Յովսէփը քսան կտոր արծաթի։ Անոնք ալ Յովսէփը Եգիպտոս տարին։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 36։1) Ասոնք են Եսաւին ծնունդները որ է Եդովմ։

it-1 678

Եդովմ

(Եդովմ) [Կարմիր]

Եդովմ անունը երկրորդ անունն էր Եսաւին, որ Յակոբին երկուորեակ եղբայրն էր (Ծն. 36։1)։ Այս անունը անոր տրուեցաւ, քանի որ կարմիր ապուրին փոխարէն իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց (Ծն. 25։30-34)։ Այդպէս զուգադիպեցաւ որ երբ Եսաւ ծնաւ, գոյնը շատ կարմիր էր (Ծն. 25։25), եւ նման գոյն մը կը տիրէր իր եւ իր սերունդին յետագային ապրած շրջանին կարգ մը մասերուն մէջ։

(Ծննդոց 37։29-32) Երբ Ռուբէն դէպի գուբը գնաց եւ ահա Յովսէփ գուբին մէջ չէր ու իր հանդերձները պատռեց։ 30 Դարձաւ իր եղբայրներուն ու ըսաւ. «Տղան չկայ ու ես ո՞ւր երթամ»։ 31 Եղբայրները առին Յովսէփին պատմուճանը, այծերէն նոխազ մը մորթեցին եւ պատմուճանը անոր արեան մէջ թաթխեցին։ 32 Բազմագոյն պատմուճանը իրենց հօրը ղրկեցին ու ըսին. «Ասիկա գտանք մենք. տես թէ ասիկա քու որդիիդ պատմուճա՞նն է՝ թէ ոչ»։

it-1 561-562

Խնամապահութիւն

Երբ հովիւ մը ըսէր որ որոշ հոտի մը պահպանութիւն պիտի ընէր, ասիկա կը նշանակէր որ ան օրինապէս կ’ընդունէր այդ անասուններուն խնամապահութիւնը։ Ասիկա կ’երաշխաւորէր, որ անասունները պիտի կերակրուէին եւ պիտի չգողցուէին, թէ ոչ հատուցում կու տար։ Բայց հովիւը ամէն մէկ պարագայի պատասխանատուութիւն չէր շալկեր։ Օրինակ, երբ կամքէ առկախ բան մը պատահէր, ինչպէս՝ երբ գազան մը յարձակէր։ Բայց այսպիսի պարագաներու ան պէտք էր անասուններուն տիրոջ փաստէր պատահածը, օրինակ՝ բզքտուած դիակը ցուցնելով։ Իսկ տէրը փաստերը նկատի առնելէ ետք պէտք էր յայտարարէր որ ան անմեղ է։

Ընդհանուր առմամբ, այս սկզբունքը կը կիրարկուէր ամէն մէկ պարագայի, ուր բան մը կը վստահուէր մէկու մը, նոյնիսկ ընտանեկան կապերու մէջ։ Օրինակ, անդրանիկ տղայ զաւակը՝ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օրինական խնամապահը կը սեպուէր։ Ուրեմն հասկնալի է որ Ռուբէն, անդրանիկ տղայ զաւակը ըլլալով՝ ինչո՛ւ վախցաւ Յովսէփին կեանքին վրայ, երբ իր եղբայրները կը խօսէին Յովսէփը մեռցնելու մասին, ինչպէս որ Ծննդոց 37։18-30–ին մէջ գրուած է։ Ան ըսաւ. «Չմեռցնենք զանիկա. . . Արիւն մի՛ թափէք. . . անոր ձեռք մի՛ զարնէք»։ «Այս կ’ըսէր՝ որպէս զի կարենայ ազատել զանիկա անոնց ձեռքէն, իր հօրը դարձնելու համար»։ Եւ երբ Ռուբէն տեսաւ որ Յովսէփ մէջտեղ չկար, այնքա՛ն մտահոգուեցաւ որ «իր հանդերձները պատռեց» եւ ըսաւ. «Տղան չկայ ու ես ո՞ւր երթամ»։ Ան գիտէր որ ատոր պատասխանատուն կրնար ինքը սեպուիլ։ Ասոր համար, իր եղբայրները ճարպիկութեամբ փաստ մը հնարեցին, որ ցուցնեն որ վայրի գազան մը մեռցուցած էր Յովսէփը։ Անոնք Յովսէփին պատմուճանը այծի մը արեան մէջ թաթխեցին։ Ետքը այս փաստը տարին Յակոբին, որ իրենց հայրը եւ դատաւորն էր, եւ ան ալ անմեղ սեպեց Ռուբէնը, քանի որ պատմուճանին հիման վրայ ան եզրակացուց, որ Յովսէփ սպաննուած էր (Ծն. 37։31-33)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w02 10/15 30-31

Քրիստոնեաները պէ՞տք է նախանձ ըլլան

Աստուածային նախանձը կամ նախանձախնդրութիւնը իր տեղը ունի ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ։ Երբ չափէ դուրս մտահոգուինք մեր համբաւին կամ իրաւունքներուն վրայ, աստուածային նախանձախնդրութիւնը մեր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Եհովային վրայ։ Ատիկա կը ձգէ որ առիթներ փնտռենք, որ իր մասին ճշմարտութիւնը փոխանցենք ուրիշներուն եւ իր չափանիշները եւ ծառաները պաշտպանենք։

Երբ Աքիքօ անունով լիաժամ ծառայ քոյր մը կը քարոզէր, տանտիրուհի մը խստօրէն մերժեց իր ըսածը։ Ան սխալ կարծիք կազմած էր արեան նկատմամբ Աստուծոյ պատուէրին մասին։ Աքիքոն փափկանկատօրէն պաշտպանեց Աստուծոյ Խօսքը, եւ նոյնիսկ խօսեցաւ արեան փոխներարկումին պատճառած խնդիրներուն մասին։ Եհովային մասին խօսելու իր փափաքը ձգեց, որ ան խօսի այն բուն պատճառին մասին, որ իր կարծիքով՝ կը ձգէր որ կինը մերժէ իր ըսածները, այն ալ՝ Ստեղծիչի մը գոյութեան չհաւատալն էր։ Աքիքոն տանտիրուհիին բացատրեց, որ ինչպէ՛ս ստեղծագործութիւնը կը ցուցնէ որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Իր այս համարձակութիւնը պատճառ դարձաւ, որ տանտիրուհին ո՛չ միայն իր սխալ կարծիքներէն վազ անցնի, հապա նաեւ սկսի քրոջ հետ ուսումնասիրել։ Ներկայիս այդ տանտիրուհին Եհովային ծառայ է։

Ճշմարտութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը մեզ կը մղէ, որ արթուն ըլլանք եւ առիթները օգտագործենք որ մեր հաւատքը պաշտպանենք ըլլա՛յ գործին մէջ, դպրոցը, խանութը կամ ճամբորդութեան ատեն։ Օրինակ, Միտորի անունով քոյր մը նպատակ դրած է իր հաւատքին մասին խօսիլ իր գործընկերներուն։ Անոնցմէ մէկը, որ իր քառասունական տարիքին մէջն էր, քրոջ ըսաւ որ չէր ուզեր Եհովայի վկաներուն հետ որեւէ կապ ունենալ։ Ժամանակ մը ետք երբ ուրիշ առիթով մը միասին կը խօսէին, կինը գանգատեցաւ որ իր աղջկան անձնաւորութիւնը սկսած էր փոխուիլ, եւ Միտորին իրեն ցուցուց Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքը եւ առաջարկեց որ այս գիրքը սերտէ աղջկան հետ։ Քոյրը սկսաւ ուսումնասիրել աղջկան հետ, բայց մայրը իրենց չէր միանար։ Միտորին որոշեց կնոջ ցուցնել Եհովայի վկաներ. այս անուան ետին գտնուող կազմակերպութիւնը վիտէոն, ինչ որ ձգեց որ ան իր ունեցած սխալ տպաւորութիւնները մէկ կողմ դնէ։ Ան ըսաւ՝ «Կ’ուզեմ Եհովայի վկաներուն պէս ըլլալ», եւ սկսաւ ինքն ալ Սուրբ Գիրքը սերտել։

Նախանձախնդրութիւնը ժողովքին մէջ ալ լաւ արդիւնք կու տայ։ Ատիկա կը ձգէ որ իրարու հետ սիրով ըլլանք եւ հեռու մնանք բաներէ, որոնք մեր հոգեւոր եղբայրներուն վնաս կը հասցնեն, ինչպէս՝ բամբասանքը եւ հաւատուրաց մտածելակերպը։ Աստուածային նախանձախնդրութիւնը մեզ կը մղէ, որ թիկունք կանգնինք երէցներուն որոշումներուն, որոնք ատեններ պէտք կը տեսնեն որ սխալ ընողները յանդիմանեն (Ա. Կորնթացիս 5։11-13. Ա. Տիմոթէոս 5։20)։ Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին հաւատակիցներուն գրեց անոնց հանդէպ իր ունեցած նախանձախնդրութեան մասին, ըսելով. «Ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսին առջեւ հանելու» (Բ. Կորնթացիս 11։2)։ Մեր նախանձախնդրութիւնն ալ մեզ կը մղէ, որ մեր ամէն կարելին ընենք որ ճշմարիտ ուսուցումներուն հետեւինք եւ ամբողջ ժողովքին հոգեւոր եւ բարոյական մաքրութիւնը պահպանենք։

Ճիշդ շարժառիթի վրայ հիմնուած նախանձը,– աստուածային նախանձախնդրութիւնը,– լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ ուրիշներուն վրայ։ Եհովան ատոր կը հաճի եւ քրիստոնեաները պէտք է այս յատկութիւնը ցուցաբերեն (Յովհաննէս 2։17)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 113

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿՈՎ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԺՐԱՋԱՆ ԸԼԼԱԼ

ՄԱՏԹԷՈՍ 25։14-30

• ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուս իր չորս առաքեալներուն հետ խօսած ատեն կը պատմէ ուրիշ առակ մը։ Քանի մը օր առաջ, երբ Երիքովի մէջ էր, մնասներուն առակը պատմելով ցոյց տուաւ, որ Թագաւորութիւնը հեռաւոր ապագային պիտի գար։ Իսկ այն առակը, որ հիմա կը պատմէ, կը նմանի մնասներուն առակին։ Անիկա կապ ունի իր ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին նշանին հետ, եւ ցոյց կու տայ որ իր աշակերտները պէտք է իրենց վստահուած գործին նկատմամբ ժրաջան ըլլան։

Յիսուս կ’ըսէ. «Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց» (Մատթէոս 25։14)։ Յիսուս ասկէ առաջ ինքզինք նմանցուցած էր մարդու մը, որ հեռու երկիր գնաց՝ «իրեն թագաւորութիւն առնելու» (Ղուկաս 19։12)։ Ուրեմն, առաքեալները կրնան դիւրաւ ըմբռնել, որ այս առակին մէջն ալ «մարդ»ը Յիսուսն է։

Այս մարդը օտար երկիր ճամբորդելէ առաջ, իր թանկարժէք ունեցուածքը կը յանձնէ իր ծառաներուն։ Յիսուս նոյնը ըրաւ։ Իր ծառայութեան երեքուկէս տարուան ընթացքին, ան կեդրոնացաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու վրայ եւ իր աշակերտները մարզեց, որ այդ գործը ընեն։ Հիմա ան երթալու վրայ է եւ վստահ է, որ անոնք պիտի շարունակեն ընել իրենց վստահուած գործը (Մատթէոս 10։7. Ղուկաս 10։1, 8, 9. համեմատէ՛ Յովհաննէս 4։38. 14։12)։

Առակին մէջ, մարդը ինչպէ՞ս իր ունեցուածքը կը բաժնէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ» (Մատթէոս 25։15)։ Ծառաները ինչպէ՞ս պիտի օգտագործեն իրենց վստահուած տաղանդները։ Արդեօք ժրաջանօրէն ատոնք պիտի գործածե՞ն իրենց տիրոջ օգուտ բերելու համար։

Յիսուս կ’ըսէ առաքեալներուն. «Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։ Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։ Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց» (Մատթէոս 25։16-18)։ Ի՞նչ պիտի պատահի երբ տէրը վերադառնայ։

Յիսուս կը շարունակէ. «Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց» (Մատթէոս 25։19)։ Առաջին երկուքը իրենց լաւագոյնը ըրին՝ ‘ամէն մէկը իր կարողութեան չափ’։ Իւրաքանչիւրը ժրաջան ու ջանասէր էր, եւ արդիւնաբեր աշխատանք տարաւ։ Թէ՛ հինգ տաղանդ ստացողը եւ թէ երկու տաղանդ ստացողը կրկնապատկեցին իրենց ստացած տաղանդները (այդ օրերուն, մէկը պէտք էր մօտ 20 տարի աշխատէր, որպէսզի մէկ տաղանդ շահէր)։ Տէրը երկուքն ալ նոյն ձեւով կը գովէ, ըսելով. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մատթէոս 25։21)։

Բայց մէկ տաղանդ ստացող ծառային պարագան տարբեր է։ Ան իր տիրոջ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի» (Մատթէոս 25։24, 25)։ Ան դրամը նոյնիսկ սեղանաւորներուն չէր տուած, որ գոնէ իր տիրոջ շահ մը բերէր։ Իրողութիւնը այն է որ ան իր տիրոջ վնաս բերած էր։

Անոր համար տէրը իրեն կ’ըսէ. «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ»։ Ան իրմէ կ’առնէ ինչ որ իրեն վստահուած էր եւ ժրաջան ծառային կու տայ։ Ետքը տէրը իր սկզբունքը կը նշէ. «Ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի» (Մատթէոս 25։26, 29)։

Այս առակը կարեւոր դասեր կը պարփակէ Յիսուսի աշակերտներուն համար։ Անոնք կը տեսնեն որ այն ինչ որ Յիսուս իրենց կը վստահի, այսինքն աշակերտելու առանձնաշնորհումը, շատ մեծ արժէք ունի։ Եւ ան կ’ակնկալէ որ այդ գործին մէջ ժրաջան ըլլան։ Բայց եւ այնպէս, ան չ’ակնկալեր որ նոյն չափով աշխատանք տանին այս գործին մէջ։ Ինչպէս յստակ է առակէն, ‘ամէն մէկը իր կարողութեանը չափ’ պէտք է իր լաւագոյնը տայ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ Յիսուս պիտի հաճի այն անհատին, որ ծոյլ է եւ իր լաւագոյնը չ’ըներ Տէրոջ ունեցուածքը աւելցնելու համար։

Առաքեալները անկասկած կը քաջալերուին, երբ Յիսուս կ’ըսէ. «Ամէն ունեցողին պիտի տրուի»։

◇ Տաղանդներուն առակին մէջ, ո՞վ կը ներկայացնէ տէրը եւ որո՞նք կը ներկայացնեն ծառաները։

◇ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ դասեր կը սորվեցնէ։

ՄԱՅԻՍ 11-17

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 38-39

«Եհովան բնա՛ւ երեսի վրայ չձգեց Յովսէփը»

(Ծննդոց 39։1) Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին եւ Փարաւոնին ներքինին՝ Եգիպտացի Պետափրէս դահճապետը ծախու առաւ զանիկա Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զանիկա հոն իջեցուցին։

դ14 11/1 12 ¶4-5

«Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»

«Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին եւ Փարաւոնին ներքինին՝ Եգիպտացի Պետափրէս դահճապետը ծախու առաւ զանիկա Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զանիկա հոն իջեցուցին» (Ծննդոց 39։1)։ Այս քանի մը բառերով, Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ երեւակայելու պատանիի մը քաշած նուաստացումը, երբ անգամ մը եւս կը ծախուի։ Ան պարզապէս ստացուա՛ծք մըն էր։ Երեւակայենք թէ ան ինչպէ՛ս իր նոր տիրոջ՝ եգիպտական պալատականին ետեւէն քալելով, պազարներով լի աղմկոտ փողոցներէ անցաւ դէպի իր նոր տունը։

Բայց ի՜նչ տուն։ Անիկա Յովսէփին տուն կոչած բաներէն բոլորովին տարբեր էր։ Ան մեծցած էր վրանաբնակ ընտանիքի մը մէջ, որ յաճախ կը փոխադրուէր եւ հօտերը կ’արածէր։ Իսկ հոս, Պետափրէսի նման հարուստ եգիպտացիներու տուները շքեղ եւ գունագեղ էին։ Հնագէտներ կը տեղեկագրեն, թէ վաղեմի եգիպտացիները կը սիրէին փարթամ, ստուերախիտ ծառերով պատնիշափակ պարտէզները եւ մարմանդ աւազանները, ուր կրնային աճեցնել պապիրոս, լուտաս եւ այլ ջրաբոյսեր։ Կարգ մը տուներ առանձնացած էին պարտէզներու մէջ, զեփիւռը վայելելու նախասրահներով, օդափոխութեան համար կառուցուած բարձր պատուհաններով եւ բազմաթիւ սենեակներով, ներառեալ՝ խոշոր ճաշասենեակ մը եւ ծառաներու ննջասենեակներ։

(Ծննդոց 39։12-14) Տիկինը բռնեց անոր հանդերձէն՝ ըսելով. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ իր հանդերձը անոր ձեռքը թողուց ու փախաւ, դուրս ելաւ։ 13 Երբ կինը տեսաւ որ Յովսէփ հանդերձը իր ձեռքը թողուց ու դուրս փախաւ, 14 իր տանը մարդիկը կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, տէրս մեզի Եբրայեցի մը բերաւ մեզ խայտառակ ընելու համար։ Անիկա ինծի եկաւ՝ ինծի հետ պառկելու համար, բայց ես բարձր ձայնով պոռացի։

(Ծննդոց 39։20) Յովսէփին տէրը առաւ զանիկա ու բանտը դրաւ, այն տեղը, ուր թագաւորին բանտարկեալները կապուած էին։ Հոն բանտին մէջ մնաց։

դ14 11/1 14-15

«Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»

Չնչին տեղեկութիւն ունինք այդ օրերուն եգիպտական բանտերուն մասին։ Հնագէտներ գտած են այդպիսի վայրերու աւերակներ,– հսկայ բերդանման կառոյցներ, խցիկներով եւ զնդաններով։ Յետագային, Յովսէփ իր տեղը նկարագրեց՝ գործածելով բառ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «գուբ», ինչ որ ցոյց կու տայ թէ բանտը խաւար եւ անյոյս վայր մըն էր (Ծննդոց 40։15)։ Սաղմոսներու գիրքը կը նշէ, թէ Յովսէփ յաւելեալ տանջանքի ենթարկուեցաւ, ըսելով. «Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին, անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ» (Սաղմոս 105։17, 18)։ Եգիպտացիները երբեմն կապանքներով բանտարկեալին արմուկները իր ետեւէն կը կապէին, իսկ ոմանց վզին երկաթէ մանեակ կը դնէին։ Այս գէշ վերաբերմունքը որքա՜ն տանջած ըլլալու էր անմեղ Յովսէփը։

Այս տառապանքը քանի մը օրուան հարց չէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յովսէփ «բանտին մէջ մնաց»։ Ան այս սոսկալի վայրին մէջ տարինե՜ր անցուց, եւ չէր գիտեր թէ օրին մէկը ազատ պիտի արձակուէր կամ ոչ։ Մինչ առաջին ցնցիչ օրերը շաբաթներու վերածուեցան, ապա՝ ամիսներու, Յովսէփ ինչպէ՞ս յուսահատութեան եւ վհատութեան տեղի չտուաւ։

Արձանագրութիւնը մեզի այս քաջալերական պատասխանը կու տայ. «Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր» (Ծննդոց 39։21)։ Ո՛չ բանտին պատերը, ո՛չ կապանքները եւ ոչ ալ խաւար զնդանները կրնան զատել Եհովայի ծառաները իր հաւատարիմ սէրէն (Հռովմայեցիս 8։38, 39)։ Կրնանք երեւակայել թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս իր վշտահար սիրտը աղօթքով կը պարպէր իր սիրելի երկնաւոր Հօրը, եւ ապա կը ստանար այն խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը, որ միայն «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կրնայ հայթաթել (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4. Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Եհովան ուրիշ ի՞նչ ըրաւ Յովսէփին համար։ Կը կարդանք թէ «բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ» անոր։

(Ծննդոց 39։21-23) Բայց Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր։ 22 Բանտապետը Յովսէփին ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները։ Հոն ամէն գործ տեսնողը ան էր։ 23 Բանտապետը անոր ձեռքը եղած մէ՛կ բանին չէր նայեր. վասն զի Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր։

դ14 11/1 15 ¶2

«Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ»

Արձանագրութիւնը մեզի այս քաջալերական պատասխանը կու տայ. «Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր» (Ծննդոց 39։21)։ Ո՛չ բանտին պատերը, ո՛չ կապանքները եւ ոչ ալ խաւար զնդանները կրնան զատել Եհովայի ծառաները իր հաւատարիմ սէրէն (Հռովմայեցիս 8։38, 39)։ Կրնանք երեւակայել թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս իր վշտահար սիրտը աղօթքով կը պարպէր իր սիրելի երկնաւոր Հօրը, եւ ապա կը ստանար այն խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը, որ միայն «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կրնայ հայթաթել (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4. Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։ Եհովան ուրիշ ի՞նչ ըրաւ Յովսէփին համար։ Կը կարդանք թէ «բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ» անոր։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 38։9, 10) Օնան գիտցաւ որ սերունդը իրենը պիտի չըլլայ, անոր համար երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր, որպէս զի եղբօրը սերունդ չտայ։ 10 Այս ըրած բանը Տէրոջը առջեւ գէշ երեւցաւ ու զանիկա ալ մեռցուց։

it-2 555

Օնան

(Օնան) [արմատէ մը որ կը նշանակէ՝ «որդեծնութեան զօրութիւն, հզօր ոյժ»]

Օնանը Յուդային երկրորդ տղան էր քանանացի աղջիկէ մը, որուն հօր անունը Շաւա էր (Ծն. 38։2-4. Ա. Մն. 2։3)։ Երբ Օնանին մեծ եղբայրը՝ Էր սխալ մը գործեց եւ Եհովան զինք սպաննեց առաջ որ զաւակ ունենայ, Յուդան Օնանին ըսաւ որ տագրամուսնութիւն ընէ Էրին որբեւայրի կնոջ՝ Թամարին հետ։ Եթէ անոնք տղայ զաւակ մը ունենային, ան Օնանին սերունդը պիտի չսեպուէր եւ անդրանկութեան ժառանգութիւնը պիտի ստանար որպէս Էրին ժառանգորդը։ Բայց եթէ ժառանգորդ մը չգար, Օնան կրնար ի՛նք ստանալ ժառանգութիւնը։ Երբ Օնան յարաբերութիւն կ’ընէր Թամարին հետ, «սերմը գետին կը թափէր», փոխանակ կնոջ փոխանցելու։ Օնան գիջութիւն չէր ըներ, քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր»։ Ըստ երեւոյթին, Օնան յարաբերութեան ատեն դիտմամբ չէր ձգեր, որ իր սերմի ծորումը տեղի ունենայ Թամարին ծննդական գործարանին մէջ։ Եհովան սպաննեց Օնանը առաջ որ զաւակ ունենայ, քանի որ ան իր հօր անհնազանդ գտնուեցաւ, ագահ էր եւ մեղք գործեց՝ աստուածային ամուսնական կարգադրութեան չհետեւելով (Ծն. 38։6-10. 46։12. Թւ. 26։19)։

(Ծննդոց 38։15-18) Երբ Յուդա տեսաւ զանիկա, բոզ կարծեց, քանզի իր երեսը ծածկեր էր։ 16 Ճամբան անոր դարձաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քեզի մտնեմ», քանզի չէր գիտեր թէ անիկա իր հարսն է։ Անիկա ըսաւ. «Ինծի մտնելու համար ի՞նչ կու տաս ինծի»։ 17 Յուդա ըսաւ. «Ես քեզի այծի ուլ մը կը ղրկեմ հօտերէն»։ Կինը ըսաւ. «Գրաւ մը կու տա՞ս մինչեւ ղրկելդ»։ 18 Յուդա ըսաւ. «Ի՞նչ գրաւ տամ քեզի»։ Անիկա ըսաւ. «Քու կնիքդ ու ժապաւէնդ եւ ձեռքիդ գաւազանը տուր»։ Ան ալ տուաւ անոր ու մտաւ անոր։ Թամար անկէ յղի մնաց։

w04 1/15 30 ¶4-5

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Յուդային ըրածը սխալ էր, երբ Թամարը իր տղուն՝ Սելօմին չտուաւ, ինչպէս որ խոստացուած էր։ Ասկէ զատ, ան յարաբերութիւն ունեցաւ կնոջ մը հետ, որ իր կարծիքով կռապաշտական պոռնկութեան վերապահուած կին էր։ Ասիկա Աստուծոյ նպատակին հակառակ էր։ Աստուած կ’ուզէ որ տղամարդ մը միայն ամուսնական կարգադրութեան մէջ յարաբերութիւն ունենայ (Ծն. 2։24)։ Բայց իրականութեան մէջ Յուդան պոռնիկ կնոջ մը հետ չէ որ յարաբերութիւն ունեցաւ, հապա՝ առանց գիտնալու իր տղուն Սելօմին տեղը առաւ տագրի պարտաւորութիւնը կատարելու մէջ եւ իրմէ օրինական սերունդ մը եկաւ։

Թամարին ըրածը անբարոյութիւն չէր։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Իր երկուորեակ տղաները պոռնկութեան տղաներ չսեպուեցան։ Երբ Բեթլեհէմէն եղող Բոոս տագրամուսնութիւն կատարեց մովաբացի Հռութին հետ, Բեթլեհէմի ծերերը լաւ խօսեցան Թամարին Փարէս անունով տղուն մասին, Բոոսին ըսելով. «Քու տունդ Փարէսի տանը պէս ըլլայ, որ Թամար ծնաւ Յուդային, այն սերունդով՝ որ Տէրը պիտի տայ քեզի այս նորահասակ կնոջմէն» (Հթ. 4։12)։ Փարէս նաեւ կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի նախահայրերուն ցանկին մէջ (Մատ. 1։1-3. Ղուկ. 3։23-33)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 114

ԵՐԲ ՅԻՍՈՒՍ ԳԱՅ, ՈՉԽԱՐՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԾԵՐԸ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 25։31-46

• ՅԻՍՈՒՍ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՅԾԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

Ձիթենեաց լերան վրայ, Յիսուս դեռ նոր պատմած է տասը կոյսերուն առակը եւ տաղանդներուն առակը։ Ան ինչպէ՞ս իր ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին նշանին նկատմամբ առաքեալներուն ուղղած հարցումին պատասխանը կ’եզրափակէ։ Ան կը պատմէ ոչխարներուն եւ այծերուն առակը։

Ան այս առակը կը սկսի պատմել հետեւեալ խօսքերով. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի» (Մատթէոս 25։31)։ Յիսուս յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ ինքն է առակին գլխաւոր դերակատարը։ Ան շատ անգամ ինքզինք կոչած է՝ «Որդին մարդոյ» (Մատթէոս 8։20. 9։6. 20։18, 28)։

Այս առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։ Երբ Յիսուս հրեշտակներուն հետ «իր փառքովը գայ» եւ ‘իր փառաց աթոռը նստի’։ Ան արդէն ըսած էր, որ ‘Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ պիտի գայ զօրութիւնով ու մեծ փառքով’ եւ իր հրեշտակներուն հետ։ Ատիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ։ «Նեղութեան օրերէն յետոյ» (Մատթէոս 24։29-31. Մարկոս 13։26, 27. Ղուկաս 21։27)։ Ուրեմն, առակին մէջ նկարագրուածը պիտի կատարուի ապագային՝ երբ Յիսուս իր փառքով գայ։ Այդ ժամանակ ի՞նչ պիտի ընէ։

Յիսուս կը բացատրէ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ. . . Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը» (Մատթէոս 25։31-33)։

Ոչխարներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք’» (Մատթէոս 25։34)։ Թագաւորը ինչո՞ւ ոչխարներուն կը հաճի։

Թագաւորը կը բացատրէ. «Անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք»։ Երբ այս ոչխարները՝ «արդարները»՝ հարց կու տան, թէ ի՛նչ կերպով այդ բարի բաները ըրին, ան կը պատասխանէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատթէոս 25։35, 36, 40, 46)։ Անոնք այս լաւ բաները չեն ըներ երկնքի մէջ, քանի որ հոն հիւանդ կամ անօթի մէկը չկայ։ Անոնք կ’օգնեն Քրիստոսի եղբայրներուն, հո՛ս՝ երկրի վրայ։

Ի՞նչ կարելի է ըսել այծերուն մասին, որոնք Թագաւորին ձախ կողմն են։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն [Թագաւորը] ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. ‘Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք’» (Մատթէոս 25։41-43)։ Անոնք այս դատաստանին արժանի են, քանի որ երկրի վրայ Քրիստոսի եղբայրներուն հետ ազնուութեամբ չվարուեցան։

Առաքեալները Յիսուսի յաջորդ խօսքերէն կը հասկնան, որ ոչխարներուն եւ այծերուն այս ապագայ դատաստանը վերջնական պիտի ըլլայ, քանի որ Յիսուս կ’ըսէ. «Այն ատեն [Թագաւորը] պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք’։ Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը» (Մատթէոս 25։45, 46)։

Այսպէս Յիսուս իր առաքեալներուն հարցումին կը պատասխանէ։ Եւ այս պատասխանը իր բոլոր հետեւորդները կը մղէ, որ մտածեն ու լրջօրէն քննեն իրենց կեցուածքը եւ գործերը։

◇ Ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ, ո՞վ է «թագաւորը», եւ այս առակը ե՞րբ պիտի կատարուի։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ ոչխարներուն պիտի հաճի։

◇ Ի՞նչ բանի հիման վրայ ոմանք պիտի դատուին որպէս այծեր, եւ ի՞նչ ապագայ կը սպասէ ոչխարներուն եւ այծերուն։

ՄԱՅԻՍ 18-24

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 40-41

«Եհովան կ’ազատէ Յովսէփը»

(Ծննդոց 41։9-13) Այն ատեն մատռուակապետը խօսեցաւ Փարաւոնին՝ ըսելով. «Այսօր ես իմ յանցանքներս կը յիշեմ։ 10 Երբ Փարաւոն բարկացաւ իր ծառաներուն ու զիս դահճապետին տունը բանտը դրաւ, զիս ու գլխաւոր հացագործը. 11 նոյն գիշերը ես ու անիկա երազ տեսանք. ամէն մէկս իր երազին նշանակութեանը պէս երազ տեսանք։ 12 Հոն մեզի հետ դահճապետին ծառան, Եբրայեցի պատանի մը կար, որուն պատմեցինք, անիկա մեկնեց մեզի մեր երազները. իւրաքանչիւրիս իր երազին պէս մեկնեց։ 13 Ու ինչպէս անիկա մեզի մեկնեց, այնպէս եղաւ. ես իմ պաշտօնիս դարձայ ու անիկա կախուեցաւ»։

դ15 2/1 14 ¶4-5

«Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»

Ճիշդ է որ մատռուակը մոռցած էր Յովսէփը, բայց Եհովան բնաւ չմոռցաւ։ Գիշերով մը, ան փարաւոնին զոյգ մը անմոռանալի երազներ տուաւ։ Առաջինին մէջ, թագաւորը տեսաւ գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ մարմնով եօթը երինջներ, որոնք Նեղոս գետէն ելան։ Անկէ ետք, ան տեսաւ զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով եօթը երինջներ, որոնք կերան պարարտ երինջները։ Երկրորդին մէջ, փարաւոնը տեսաւ մէկ ծղօտի վրայ եօթը պարարտ ու աղէկ հասկեր։ Բայց անոնց ետեւէն եօթը նիհար ու խորշակահար հասկեր բուսան եւ կլլեցին աղէկ հասկերը։ Փարաւոնը առաւօտուն շատ նեղուած արթնցաւ, ուստի բոլոր մոգերն ու իմաստունները կանչեց որ իր երազները մեկնեն, բայց բոլորն ալ ձախողեցան (Ծննդոց 41։1-8)։ Թէ անոնց լեզուն բռնուեցաւ կամ թէ հակասական գաղափարներ տուին, չենք գիտեր։ Ամէն պարագայի, փարաւոն հիասթափուեցաւ,– բայց ա՛լ աւելի տենչաց այս հանելուկին պատասխանը գտնել։

Վե՛րջապէս մատռուակը իր միտքը բերաւ Յովսէփը։ Խղճահարուելով, ան փարաւոնին պատմեց այն հիանալի երիտասարդ բանտարկեալին մասին, որ երկու տարի առաջ ճշգրտօրէն բացատրած էր իր եւ հացագործին երազները։ Իր կարգին, փարաւոնը անմիջապէս Յովսէփը բանտէն կանչել տուաւ (Ծննդոց 41։9-13)։

(Ծննդոց 41։16) Եւ Յովսէփ պատասխան տուաւ Փարաւոնին ու ըսաւ. «Ոչ թէ ես, այլ Աստուած Փարաւոնին պիտի տայ նպաստաւոր պատասխան մը»։

(Ծննդոց 41։29-32) Ահա բոլոր Եգիպտոսի երկրին մէջ եօթը տարի մեծ առատութիւն պիտի գայ 30 եւ անոնց ետեւէն եօթը տարի սով պիտի գայ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր առատութիւնը պիտի մոռցուի եւ սովը պիտի սպառէ երկիրը 31 ու երկրին մէջ առատութիւնը պիտի չգիտցուի՝ անկէ ետքը գալու սովին պատճառաւ. վասն զի խիստ սաստիկ պիտի ըլլայ։ 32 Երազը երկու անգամ Փարաւոնին կրկնուելուն պատճառը այս է, որ այս բանը Աստուծմէ հաստատուեցաւ եւ Աստուած շուտով պիտի ընէ զայն։

դ15 2/1 14-15

«Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»

Եհովան կը սիրէ խոնարհ ու հաւատարիմ անհատները, ուստի չենք զարմանար որ Յովսէփին հասկցուց այն երազները, որոնք խառնաշփոթութեան մատնած էին իմաստուններն ու քուրմերը։ Յովսէփ բացատրեց թէ փարաւոնին տեսած երկու երազները մէկ իմաստ ունին։ Պատգամը կրկնելով, Եհովան կ’ընդգծէր թէ հարցը ‘հաստատուած’ էր. . . որ ա՛նկասկած պիտի կատարուէր։ Պարարտ երինջներն ու աղէկ հասկերը կը պատկերացնէին եօթը տարուան առատութիւն Եգիպտոսի մէջ, իսկ նիհար երինջներն ու խորշակահար հասկերը կը ներկայացնէին սովի եօթը տարիներ, որոնք առատութեան տարիներուն պիտի յաջորդէին։ Այդ սովը պիտի լափէր երկրին առատութիւնը (Ծննդոց 41։25-32)։

(Ծննդոց 41։38-40) Եւ Փարաւոն ըսաւ իր ծառաներուն. «Կրնա՞նք գտնել ասոր պէս մէկը, որ իր ներսիդին Աստուծոյ Հոգին ունենայ»։ 39 Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Որովհետեւ Աստուած այս ամէնը քեզի գիտցուց, քեզի պէս հանճարեղ ու իմաստուն չկայ։ 40 Դուն իմ տանս վրայ կեցիր եւ իմ բոլոր ժողովուրդս քու բերանդ նային։ Ես միայն աթոռով քեզմէ մեծ ըլլամ»։

դ15 2/1 15 ¶3

«Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»

Փարաւոն իր խօսքին տէրն էր։ Յովսէփին բեհեզէ հանդերձներ հագցուցին եւ փարաւոնը իրեն տուաւ ոսկի մանեակ, մատանի, արքայական կառք եւ լիազօրութիւն ամբողջ Եգիպտոսի մէջ ճամբորդելու եւ իր յայտագիրը ի գործ դնելու (Ծննդոց 41։42-44)։ Արդ, մէկ օրուան մէջ, Յովսէփ բանտէն պալատ փոխադրուեցաւ։ Արթնցաւ որպէս խեղճ դատապարտեալ եւ քնացաւ որպէս իշխան՝ փարաւոնին երկրորդը։ Յստակ է որ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ Յովսէփին հաւատքը վարձատրուեցաւ։ Եհովան տեսաւ թէ իր ծառան այդ տարիներուն ընթացքին որքա՜ն անարդարութիւններ քաշած էր։ Ան այդ հարցը լուծեց ճիշդ յարմար ժամանակին եւ ճիշդ յարմար կերպով։ Եհովան ի մտի ունէր ոչ միայն Յովսէփին կրած անիրաւ տառապանքը վերցնել, այլեւ՝ կազմուելիք իսրայէլ ազգը պահպանել։ Այս յօդուածաշարքի ապագայ յօդուածի մը մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 41։14) Այն ատեն Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Յովսէփը։ Շուտով բանտէն հանեցին զանիկա եւ ածիլուեցաւ ու իր հանդերձները փոխեց ու Փարաւոնին եկաւ։

դ15 11/1 9 ¶1-3

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Փարաւոնը տեսնելէ առաջ Յովսէփ ինչո՞ւ ածիլուեցաւ։

Ըստ Ծննդոց գրքին, փարաւոն հրամայեց որ եբրայեցի բանտարկեալը՝ Յովսէփ՝ անմիջապէս իր առջեւ ներկայանայ, որպէսզի զինք անհանգստացնող երազները մեկնաբանէ։ Յովսէփ տարիներէ ի վեր բանտարկուած էր։ Հակառակ անոր որ փարաւոնին կոչը հրատապ էր, Յովսէփ ժամանակ յատկացուց ածիլուելու (Ծննդոց 39։20-23. 41։1, 14)։ Գրողին այս աննշան մանրամասնութիւնը նշելը ցոյց կու տայ, թէ ան եգիպտական սովորութիւններուն քաջածանօթ էր։

Վաղեմի բազմաթիւ ազգեր, ներառեալ եբրայեցիները, մօրուք երկարելու սովորութիւնը ունէին։ Իսկ «վաղեմի եգիպտացիները միակ արեւելեան ազգն էին, որոնք մօրուք ձգելու շուրջ կ’առարկէին», կ’ըսէ համայնագիտարան մը (McClintock and Strong’s Cyclopedia of Biblical, Theological, and Ecclesiastical Literature)։

Երբ «ածիլուիլ» կ’ըսենք, արդեօք ի մտի ունինք միայն մօրո՞ւքը։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ թէ եգիպտական կարգ մը ծիսական սովորութիւններ կը պահանջէին, որ տղամարդ մը փարաւոնին առջեւ ներկայանալէ առաջ պատրաստուէր այնպէս՝ ինչպէս տաճար մը մտնելէ առաջ պիտի պատրաստուէր (Biblical Archaeology Review)։ Այս պարագային, Յովսէփ պէտք էր իր գլխուն եւ մարմնին բոլոր մազերը ածիլէր։

(Ծննդոց 41։33) Ուստի հիմա թող Փարաւոն հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մը գտնէ ու զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ կեցնէ։

դ09 11/1 31 ¶14

Վայելուչ կենցաղավարութիւն ունենալ որպէս Աստուծոյ ծառաներ

14 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, բարեպաշտ ծնողներ հոգ տարին որ իրենց զաւակները տան մէջ սորվին քաղաքավարութեան հիմնական կէտերը։ Նկատի առ Ծննդոց 22։7–ի մէջ Աբրահամի եւ Իսահակի քաղաքավար խօսակցութիւնը։ Յովսէփ ալ իր ծնողքէն լաւ մարզում ստացած էր։ Երբ ան բանտարկուած էր, նոյնիսկ բանտակիցներուն հետ քաղաքավարութեամբ վարուեցաւ (Ծն. 40։8, 14)։ Փարաւոնի ուղղուած անոր խօսքերը ցոյց կու տան, թէ ան բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը հետ խօսելու պատշաճ կերպը սորված էր (Ծն. 41։16, 33, 34)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 115

ՅԻՍՈՒՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՍԵՔԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ

ՄԱՏԹԷՈՍ 26։1-5, 14-19 ՄԱՐԿՈՍ 14։1, 2, 10-16 ՂՈՒԿԱՍ 22։1-13

• ՅՈՒԴԱ ԻՍԿԱՐԻՈՎՏԱՑԻՆ ԴՐԱՄ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԷ

• ԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ ՊԱՍԵՔԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ

Ձիթենեաց լերան վրայ, Յիսուս կը վերջացնէ իր չորս առաքեալներուն սորվեցնելը եւ իր ապագայ ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին մասին անոնց հարցումին պատասխան տալը։

Նիսան 11–ը շատ խճողուած օր էր։ Թերեւս Բեթանիա վերադառնալու ատեն,– հոն գիշերելու համար,– Յիսուս առաքեալներուն կ’ըսէ. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի» տանջանքի ցիցին վրայ գամուելու (Մատթէոս 26։2)։

Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս յաջորդ օրը՝ չորեքշաբթի՝ իր առաքեալներուն հետ կ’անցընէ։ Երեքշաբթի օրը ան կրօնական առաջնորդները յանդիմանած էր, ամէնուն առջեւ զանոնք քօղազերծելով։ Անոնք առիթը կը փնտռեն որ զինք սպաննեն։ Անոր համար, Յիսուս նիսան 12–ին մարդոց մէջ չի մտներ, որպէսզի կարենայ Պասեքը տօնել յաջորդ օրը, երբ նիսան 14–ը սկսի արեւամուտէն ետք։

Բայց Պասեքէն առաջ քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը ձեռքերնին ծալած չեն նստիր։ Անոնք Կայիափա քահանայապետին տան սրահը կը հաւաքուին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք բարկացած են, քանի որ Յիսուսին կողմէ քօղազերծուեցան։ Անոնք իրարու հետ կը խորհրդակցին, որ ‘նենգութեամբ Յիսուսը բռնեն ու մեռցնեն’։ Ե՞րբ ասիկա պիտի ընեն։ Կ’ըսեն. «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ» (Մատթէոս 26։4, 5)։ Անոնք կը վախնան, քանի որ շատեր Յիսուսը կը հաւնին։

Մինչ այդ, կրօնական առաջնորդներուն կ’այցելէ մէկը։ Անոնք անակնկալի կու գան, որ այս այցելուն Յիսուսի առաքեալներէն մէկն է՝ Յուդա Իսկարիովտացին։ Սատանան անոր միտքին մէջ դրած է իր Տիրոջ դաւաճանելու գաղափարը։ Յուդան անոնց կը հարցնէ. «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա» (Մատթէոս 26։15)։ Ասիկա լսելով՝ անոնք այնքա՛ն կ’ուրախանան, որ կը խոստանան «անոր ստակ տալ» (Ղուկաս 22։5)։ Ո՞րքան։ Անոնք կը համաձայնին տալ 30 սիկղ արծաթ։ Հաւանաբար ատիկա այն 30 սիկղ արծաթն, որ ծառայի մը գինն է (Ելից 21։32)։ Այսքան ցած գին առաջարկելով՝ կրօնական առաջնորդները ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն կ’արհամարհեն Յիսուսը։ Իսկ հիմա Յուդա Իսկարիովտացին կը սկսի ‘պատեհութիւն մը փնտռել, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց՝ դեռ բազմութիւնը չժողվուած’ (Ղուկաս 22։6)։

Նիսան 13–ը կը սկսի չորեքշաբթի արեւամուտէն ետք եւ ատիկա վերջին գիշերն է որ Յիսուս կ’անցընէ Բեթանիայի մէջ։ Յաջորդ օրը Պասեքին վերջին պատրաստութիւնները պիտի տեսնուին։ Պէտք է գառնուկ մը բերուի, որպէսզի երբ նիսան 14–ը սկսի, մորթուի եւ ամբողջութեամբ խորովուի։ Անոնք ո՞ւր պիտի ընթրեն եւ որո՞նք ատիկա պիտի պատրաստեն։ Յիսուս այդ մանրամասնութիւնները չի տար։ Անոր համար Յուդան չի կրնար ատոր մասին տեղեկութիւններ փոխանցել քահանայապետներուն։

Հինգշաբթի, հաւանաբար կէսօրէ ետք, Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը Բեթանիայէն Երուսաղէմ կը ղրկէ՝ ըսելով. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը, որպէս զի ուտենք»։ Անոնք կը հարցնեն. «Ո՞ւր կ’ուզես որ պատրաստենք»։ Յիսուս կը բացատրէ. «Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։ Այն տանտիրոջ ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ՝ «Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ զատիկը կարենամ ուտել»’։ Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք» (Ղուկաս 22։8-12)։

Անկասկած տանտէրը Յիսուսի աշակերտներէն մէկն է։ Ան հաւանաբար կ’ակնկալէ, որ Յիսուս իր տան մէջ Պասեքը տօնէ։ Անոր համար, երբ երկու առաքեալները կը հասնին Երուսաղէմ, ամէն բան Յիսուսին ըսածին պէս կ’ընթանայ։ Անոնք պէտք եղածը կ’ընեն, որ գառնուկը պատրաստ ըլլայ, եւ Պասեքին վերաբերեալ ուրիշ բաներ ալ կարգի կը դնեն։ Այսպիսով, ամէն բան պատրաստ է որ 13 հոգի,– Յիսուս եւ իր 12 առաքեալները,– Պասեքը տօնեն։

◇ Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ չորեքշաբթի օր՝ նիսան 12–ին, եւ ինչո՞ւ։

◇ Կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ կը հաւաքուին, եւ Յուդան ինչո՞ւ անոնց քով կ’երթայ։

◇ Հինգշաբթի օր, Յիսուս որո՞նք Երուսաղէմ կը ղրկէ, եւ անոնք ի՞նչ կ’ընեն։

ՄԱՅԻՍ 25-31

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 42-43

«Յովսէփ կը ցուցնէ որ զօրաւոր ինքնազսպում ունի»

(Ծննդոց 42։5-7) Իսրայէլի որդիները հոն գացողներուն հետ պաշար ծախու առնելու եկան, քանզի Քանանի երկրին մէջ ալ սով կար։ 6 Յովսէփ երկրին իշխանն էր եւ ինք երկրին բոլոր ժողովուրդին պաշար կը ծախէր։ Յովսէփին եղբայրները եկան ու իրենց երեսները մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրին անոր։ 7 Յովսէփ իր եղբայրները տեսածին պէս ճանչցաւ զանոնք, բայց ինքզինք անոնց չճանչցուց ու անոնց հետ խստութեամբ խօսեցաւ եւ անոնց ըսաւ. «Ուրկէ՞ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Քանանի երկրէն կերակուր ծախու առնելու եկանք»։

դ15 5/1 13 ¶5-6

«Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»

Իսկ Յովսէփ անմիջապէս ճանչցաւ իր եղբայրները։ Եւ երբ անոնց խոնարհիլը տեսաւ, իր պատանեկութենէն դէպք մը յիշեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ «Յովսէփ անոնց վրայով իր տեսած երազները միտքը բերաւ»։ Աստուածային երազներ, որոնք կը նախագուշակէին այն ժամանակը, երբ իր եղբայրները իրեն երկրպագութիւն պիտի ընէին,– ճիշդ ինչպէս որ հիմա կ’ընէին (Ծննդոց 37։2, 5-9. 42։7, 9)։ Ի՞նչ պիտի ընէր ան. ողջագուրէ՞ր, վրէ՞ժ լուծէր։

Յովսէփ գիտէր որ զգացումներով պէտք չէ տարուի։ Յստակ էր որ այս յատկանշական անցուդարձին ետին Եհովան կանգնած էր, որովհետեւ իր նպատա՛կը պարփակուած էր։ Ան խոստացած էր Յակոբի սերունդը հզօր ազգի մը վերածել (Ծննդոց 35։11, 12)։ Եթէ Յովսէփի եղբայրները տակաւին վայրագ, անձնասէր ու անխիղճ էին, ասիկա կրնար ցաւալի եւ երկարատեւ հետեւանքներ ունենալ։ Ասկէ զատ, եթէ Յովսէփ առանց մտածելու գործէր, ասիկա կրնար վնաս հասցնել իր հօր փխրուն ընտանիքին, մինչեւ իսկ կրնար վտանգել Յակոբի ու Բենիամինի կեանքը, որոնց որպիսութեան մասին տակաւին բան մը չէր լսած։ Յովսէփ որոշեց իր ինքնութիւնը չյայտնել, որպէսզի կարենայ իր եղբայրները փորձել եւ տեսնել թէ ինչպիսի՛ անձնաւորութեան տէր դարձած են։ Ապա թերեւս գիտնայ թէ Եհովան իրմէ ի՛նչ կ’ուզէ որ ընէ։

դ15 5/1 14 ¶1

«Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»

Թերեւս բնաւ չանցնիս այն իրավիճակէն որ Յովսէփ անցաւ։ Բայց եւ այնպէս, ընտանեկան անհամաձայնութիւններն ու բաժանումները սովորական դարձած են այս աշխարհին մէջ։ Երբ այդպիսի մարտահրաւէրներ կ’ունենանք, հաւանաբար կը միտինք մեր սրտին ուզածը ընել եւ մեր անկատար զգացումներով տարուիլ։ Սակայն, իմաստութիւն է ընդօրինակել Յովսէփը եւ փորձել հասկնալ, թէ Աստուա՛ծ մեզմէ ինչ կ’ուզէ որ ընենք (Առակաց 14։12)։ Յիշէ հետեւեալը. ընտանեկան խաղաղութիւնը ո՛րքան կարեւոր է, անկէ աւելի՛ կարեւոր է Եհովայի եւ իր Որդւոյն հետ խաղաղութիւն ունենալը (Մատթէոս 10։37)։

(Ծննդոց 42։14-17) Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Իմ ձեզի ըսածիս պէս է, դուք լրտեսներ էք։ 15 Ասով պիտի փորձուիք։ Փարաւոնին կեանքին համար դուք ասկէ պիտի չելլէք, եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը հոս չգայ։ 16 Ձեզմէ մէկը ձեր եղբայրը բերելու ղրկեցէք, իսկ մնացեալներդ բանտը պիտի դրուիք, որպէս զի ձեր խօսքերը փորձուին, թէ արդեօք ձեր մէջ ճշմարտութիւն կա՞յ եւ եթէ ոչ՝ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք լրտեսներ էք»։ 17 Երեք օր բանտը դրաւ զանոնք։

դ15 5/1 14 ¶2

«Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»

Յովսէփ սկսաւ իր եղբայրները փորձել, որպէսզի անոնց սրտավիճակը բացայայտէ։ Սկիզբը, ան թարգմանիչի մը միջոցով կոպտութեամբ խօսեցաւ անոնց եւ ամբաստանեց թէ լրտեսներ են։ Առ ի պաշտպանութիւն, անոնք պատմեցին իրենց ընտանիքին մասին,– ներառեալ այն իրողութիւնը, թէ կրտսեր եղբայր մըն ալ ունէին։ Յովսէփ փորձեց իր խանդավառութիւնը զսպել։ Միթէ իրապէ՞ս ողջ էր իր պզտիկ եղբայրը։ Յովսէփ հիմա գիտէր ի՛նչ քայլ առնել։ Ան ըսաւ. «Ասով պիտի փորձուիք», եւ ապա նշեց թէ պէտք էր իր աչքովը տեսնէր այդ կրտսեր եղբայրը։ Ժամանակ մը ետք, ան արտօնեց որ անոնք իրենց երկիրը վերադառնան այդ կրտսեր եղբայրը բերելու, պայմանաւ որ անոնցմէ մէկը յօժարէր Եգիպտոս մնալ իբրեւ պատանդ (Ծննդոց 42։9-20)։

(Ծննդոց 42։21, 22) Ու իրարու ըսին. «Իրաւցնէ մեր եղբօրը հանդէպ յանցաւոր ենք. վասն զի մենք տեսանք անոր հոգիին նեղութիւնը՝ երբ ինք մեզի աղաչեց, բայց մտիկ չըրինք՝ ատոր համար այս նեղութիւնը մեր վրայ եկաւ»։ 22 Ռուբէն պատասխան տուաւ անոնց՝ ըսելով. «Ես ձեզի չխօսեցա՞յ ըսելով. ‘Տղուն դէմ մեղք մի՛ գործէք’, բայց դուք մտիկ չըրիք եւ ահա հիմա անոր արիւնը մեզմէ կը պահանջուի»։

it-2 108 ¶4

Յովսէփ

Յովսէփին խորթ եղբայրները սկսան զգալ որ Աստուած կը պատժէր զիրենք, քանի որ տարիներ առաջ Յովսէփը որպէս ստրուկ ծախած էին։ Անոնք իրենց յանցանքին մասին խօսեցան իրենց եղբօր առջեւ, բայց դեռ չէին գիտեր որ իրենց եղբայրն էր։ Երբ Յովսէփ անոնց խօսակցութիւնը լսեց եւ անոնց զղջումը տեսաւ, այնքան ազդուեցաւ որ մէկ կողմ գնաց եւ լացաւ։ Երբ վերադարձաւ, Շմաւոնը կապեց մինչեւ որ անոնք վերադառնան իրենց ամէնէն պզտիկ եղբօր հետ (Ծն. 42։21-24)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 42։22) Ռուբէն պատասխան տուաւ անոնց՝ ըսելով. «Ես ձեզի չխօսեցա՞յ ըսելով. ‘Տղուն դէմ մեղք մի՛ գործէք’, բայց դուք մտիկ չըրիք եւ ահա հիմա անոր արիւնը մեզմէ կը պահանջուի»։

(Ծննդոց 42։37) Ռուբէն խօսեցաւ իր հօրը ու ըսաւ. «Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ երկու որդիներս մեռցուր։ Բենիամինը իմ ձեռքս յանձնէ ու ես քեզի ետ պիտի բերեմ զանիկա»։

it-2 795

Ռուբէն

Ռուբէնին լաւ յատկութիւնները մէջտեղ ելան, երբ ան իր ինը եղբայրները համոզեց, որ Յովսէփը չոր գուբ մը նետեն, փոխանակ մեռցնելու։ Ռուբէնին նպատակն էր գաղտնօրէն վերադառնալ եւ Յովսէփը գուբէն հանել (Ծն. 37։18-30)։ Աւելի քան 20 տարի ետք, երբ իր այս նոյն եղբայրները իրարու կ’ըսէին, որ իրենք որպէս լրտես կ’ամբաստանուին քանի՛ որ Յովսէփին հետ լաւ չէին վարուած, Ռուբէն իրենց յիշեցուց որ ինք մատ չունէր իրենց ըրածին մէջ (Ծն. 42։9-14, 21, 22)։ Իսկ երբ Յակոբ չուզեց որ Բենիամինը իր եղբայրներուն հետ երթայ Եգիպտոս, Ռուբէնն էր որ առաջարկեց, որ իր երկու տղաները որպէս երաշխիք տայ, ըսելով. «Եթէ ես [Բենիամինը] քեզի չբերեմ, իմ երկու որդիներս մեռցուր» (Ծն. 42։37)։

(Ծննդոց 43։32) Իրեն զատ ու անոնց զատ եւ իրեն հետ ուտող Եգիպտացիներուն զատ կերակուր դրին. քանզի Եգիպտացիները Եբրայեցիներուն հետ հաց չէին կրնար ուտել, վասն զի Եգիպտացիներուն զզուելի էր։

դ04 2/1 26 ¶5

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Բ. մաս

43:32—Եբրայեցիներու հետ ճաշ ուտելը ինչո՞ւ Եգիպտացիներուն համար գարշելի էր։ Հաւանաբար ասոր պատճառն էր՝ կրօնական կանխադատութիւնը կամ ցեղային հպարտութիւնը։ Եգիպտացիները հովիւներէն ալ կը գարշէին։ (Ծննդոց 46։34) Ինչո՞ւ։ Թերեւս հովիւները եգիպտական դասակարգային դրութեան մէջ գրեթէ ամենաստորին տեղը կը գրաւէին։ Կամ կրնայ ըլլալ որ մշակելի հողերը սահմանափակ ըլլալուն պատճառով, Եգիպտացիները հօտերուն արօտավայր փնտռողները կ’արհամարհէին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 116

ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՍԵՔԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 26։20 ՄԱՐԿՈՍ 14։17 ՂՈՒԿԱՍ 22։14-18 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։1-17

• ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՍԵՔԸ ԻՐ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

• ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՈՏՔԵՐԸ ԼՈՒԱԼՈՎ՝ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Յիսուսին տուած ուղղութեան հետեւելով՝ Պետրոս եւ Յովհաննէս արդէն Երուսաղէմ են եւ Պասեքին պատրաստութիւնները կը տեսնեն։ Ետքը Յիսուս միւս տասը առաքեալներուն հետ ճամբայ կ’ելլէ դէպի Երուսաղէմ։ Կէսօրէ ետք է, եւ արեւը կամաց–կամաց մայր կը մտնէ, մինչ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Ձիթենեաց լեռնէն վար կ’իջնէ։ Ան իր յարութենէն առաջ, վերջին անգամ ըլլալով՝ ցերեկ աչքով այս լեռնէն կը նայի դէպի Երուսաղէմ։

Քիչ ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները կը հասնին քաղաք եւ կ’երթան հոն՝ ուր Պասեքի ընթրիքը պիտի ուտեն։ Անոնք մեծ վերնատունը կ’ելլեն։ Հոն արդէն ամէն բան պատրաստ է ընթրելու համար։ Յիսուս անհամբեր կը սպասէր այս առիթին, քանի որ կ’ըսէ. «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ» (Ղուկաս 22։15)։

Տարիներ առաջ, հրեաներուն մէջ սկսած էր սովորութիւն դառնալ, որ Պասեքի ժամանակ քանի մը գաւաթ գինի փոխանցել իրարու։ Երբ գաւաթներէն մէկը իր քովը կը հասնի, Յիսուս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ու կ’ըսէ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ. վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ» (Ղուկաս 22։17, 18)։ Այս խօսքերով ան յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ իր մահը մօտ է։

Ընթրած ժամանակնին, տարօրինակ բան մը կ’ըլլայ։ Յիսուս ոտքի կ’ելլէ, հանդերձները մէկ կողմ կը դնէ եւ անձեռոց մը կ’առնէ։ Ետքը տաշտի մը մէջ ջուր կը լեցնէ։ Սովորաբար տանտէ՛րը նախաքայլ կ’առնէ, որ իր հիւրերուն ոտքերը լուացուին, հաւանաբար ծառայի մը կողմէ (Ղուկաս 7։44)։ Այս առթիւ, տանտէր չկայ. անոր համար, Յիսուս ինք անոնց ոտքերը կը լուայ։ Առաքեալներէն ոեւէ մէկը կրնար այս նախաքայլը առնել, բայց մէկը չառաւ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնց մէջ դեռ մրցակցութեան ոգի կայ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, անոնք կ’ամչնան որ Յիսո՛ւս այդ քայլը առնելով իրենց ոտքերը կը լուայ։

Երբ Յիսուս Պետրոսին կը մօտենայ անոր ոտքերը լուալու, Պետրոս կ’ըսէ. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս»։ Պետրոս կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս»։ Յիսուսին պատասխանը թերեւս Պետրոսը կը զարմացնէ. «Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ» (Յովհաննէս 13։8-10)։

Յիսուս 12–ին ոտքերը կը լուայ, մէջը ըլլալով Յուդա Իսկարիովտացիին ոտքերը։ Ան իր հանդերձները ետ կը հագնի եւ նորէն սեղան կը նստի ու անոնց կը հարցնէ. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։ Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհաննէս 13։12-17)։

Ան ի՜նչ աղուոր դաս կը սորվեցնէ խոնարհութեան մասին։ Յիսուսին հետեւորդները պէտք չէ ձգտին առաջինը ըլլալ, կարծելով որ իրենք կարեւոր են եւ ուրիշները պէտք է իրենց ծառայեն։ Անոնք պէտք է հետեւին Յիսուսի օրինակին։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ անոնք ոտքեր լուալու արարողութիւն ընեն։ Կէտը այն է, որ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան խոնարհութեամբ եւ անաչառութեամբ ուրիշներուն ծառայելու։

◇ Պասեքի ընթրիքին ընթացքին, Յիսուս առաքեալներուն ի՞նչ կ’ըսէ, որ ցոյց կու տայ թէ իր մահը մօտ է։

◇ Ինչո՞ւ տարօրինակ է, որ Յիսուս առաքեալներուն ոտքերը լուայ։

◇ Առաքեալներուն ոտքերը լուալով, Յիսուս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել