-
Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուցԴիտարան 2008 | Դեկտեմբեր 1
-
-
Ուրիշ առիթով, Յիսուս խօսեցաւ դատաստանական ժամանակամիջոցի մը մասին, երբ չարերուն պիտի ըսէ. «Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն»։ Ան նաեւ ըսաւ թէ անոնք «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը» (ՄԱՏԹԷՈՍ 25։41, 46)։
-
-
Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուցԴիտարան 2008 | Դեկտեմբեր 1
-
-
«Յաւիտենական կրակ»ը, որմէ Յիսուս զգուշացուց, բառացի՞ է թէ այլաբանական։ Նկատէ թէ «յաւիտենական կրակ»ը, զոր Յիսուս նշեց եւ Մատթէոս 25։41–ի մէջ արձանագրուեցաւ, պատրաստուած էր «Սատանային ու իր հրեշտակներուն» համար։ Կը խորհի՞ս թէ բառացի կրակը կրնայ հոգեղէն արարածները այրել։ Կամ, Յիսուս այլաբանօրէ՞ն կը գործածէր «կրակ» բառը։ Նոյն ճառին մէջ նշուած «ոչխարները» եւ «այծերը» վստահաբար բառացի չեն. անոնք երկու տեսակ մարդիկ կը ներկայացնեն (Մատթէոս 25։32, 33)։ Յաւիտենական կրակը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ, այլաբանական առումով ամբողջովին կ’այրէ չարերը։
-