Եհովան՝ ճշմարիտ իրաւունքի եւ արդարութեան Աղբիւրը
«Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար [«իրաւունք», ՆԱ] են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 32։4
1. Ինչո՞ւ իրաւունքի բնածին կարիք մը ունինք։
ՃԻՇԴ ինչպէս որ ամէն մէկս սիրոյ բնածին կարիք մը ունինք, նոյնպէս բոլորս ալ կը տենչանք որ մեր հետ իրաւունքով վարուին։ Ինչպէս որ Ամերիկացի քաղաքագէտ Թոմաս Ճէֆըրսըն գրեց. «[Իրաւունքը] բնազդային ու բնածին է, . . . մեր կազմուածքին մէկ մասն է, ինչպէս զգացումը, տեսողութիւնը կամ լսողութիւնը»։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Եհովա իր պատկերով ստեղծած է մեզ։ (Ծննդոց 1։26) Արդարեւ, ան մեզի իր իսկ անձնաւորութիւնը արտացոլացնող յատկութիւններով օժտած է, որոնցմէ մէկը իրաւունքն է։ Անոր համար մենք իրաւունքի բնածին կարիք մը ունինք եւ անոր համար է որ կը փափաքինք ճշմարիտ իրաւունք ու արդարութիւն եղող աշխարհի մը մէջ ապրիլ։
2. Եհովայի համար իրաւունքը ո՞րքան կարեւոր է, եւ ինչո՞ւ կարիք ունինք աստուածային իրաւունքին իմաստը ըմբռնելու։
2 Եհովայի մասին Աստուածաշունչը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ մեզի. «Անոր բոլոր ճամբաները արդար [«իրաւունք», ՆԱ] են»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Բայց անիրաւութեամբ հարուածուած աշխարհի մը մէջ, դիւրին չէ աստուածային իրաւունքին իմաստը ըմբռնել։ Սակայն Աստուծոյ Խօսքին էջերուն ընդմէջէն կրնանք նկատել թէ Աստուած ի՛նչպէս իրաւունք կ’ընէ, եւ Աստուծոյ ճամբաները ա՛լ աւելի կրնանք գնահատել։ (Հռովմայեցիս 11։33) Սուրբ գրային առումով իրաւունքը հասկնալը կարեւոր է, քանի որ իրաւունքի մասին մեր գաղափարը մարդկային հասկացողութենէն ազդուած կրնայ ըլլալ։ Մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, իրաւունքը կրնայ պարզապէս անաչառօրէն օրէնքը կիրարկելէն աւելին չըլլալ։ Կամ, ինչպէս իմաստասէր Ֆրանսիս Պէյքըն գրեց, «իրաւունքը՝ իւրաքանչիւր անհատի արժանի եղած բաժինը տալու մէջ կը կայանայ»։ Սակայն, Եհովայի իրաւունքը ասկէ շատ աւելին կը բովանդակէ։
Եհովայի Իրաւունքը Սիրտ կը Տոգորէ
3. Աստուածաշունչի բնագրին մէջ գործածուած իրաւունք ու արդարութիւն բառերը նկատի առնելով ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
3 Աստուծոյ իրաւունքին տարողութիւնը կրնանք աւելի լաւ հասկնալ, երբ նկատի առնենք բնագիր լեզուին մէջ բառերու գործածութեան կերպը։a Հետաքրքրական է որ Աստուածաշունչին մէջ իրաւունքի եւ արդարութեան միջեւ յատկանշական տարբերութիւն մը չկայ։ Իրականութեան մէջ, Եբրայերէն բառերը երբեմն զուգահեռ գործածուած են, ինչպէս կը տեսնենք Ամովսեայ 5։24–ի մէջ, ուր Եհովա կը յորդորէ իր ժողովուրդը. «Իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս»։ Ասկէ զատ, «իրաւունք ու արդարութիւն» արտայայտութիւնները յաճախ միասնաբար կը գործածուին՝ շեշտելու համար։—Սաղմոս 33։5. Եսայեայ 33։5. Երեմեայ 33։15. Եզեկիէլ 18։21. 45։9
4. Ի՞նչ կը նշանակէ իրաւունք ընել, եւ իրաւունքի բարձրագոյն չափանիշը ի՞նչ է։
4 Այս Եբրայերէն եւ Յունարէն բառերը ի՞նչ միտք կը հաղորդեն։ Սուրբ գրային առումով իրաւունք ընել կը նշանակէ ընել ինչ որ շիտակ եւ անաչառ է։ Քանի որ Եհովան է որ կը հաստատէ բարոյական օրէնքները եւ սկզբունքները, կամ՝ ինչ որ շիտակ ու արդար է, հետեւաբար Եհովայի վարուած կերպը իրաւունքի բարձրագոյն չափանիշն է։ Հին Կտակարանի Աստուածաբանական Բառագիրք–ը (Անգլերէն) կը բացատրէ թէ արդարութիւն թարգմանուած Եբրայերէն բառը (ձէտհէք) «կ’ակնարկէ բարոյագիտական, բարոյական չափանիշի, եւ անշուշտ Հ[ին] Կ[տակարան]–ին մէջ այդ չափանիշը Աստուծոյ բնոյթը եւ կամքն է»։ Այս կերպով, իր սկզբունքները կիրարկելու Աստուծոյ կերպը, եւ մանաւանդ անկատար մարդոց հետ իր ունեցած վերաբերմունքը, ճշմարիտ իրաւունքին եւ արդարութեան բուն իմաստը կը յայտնէ։
5. Աստուծոյ իրաւունքին հետ ի՞նչ յատկութիւններ առնչուած են։
5 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ աստուածային իրաւունքը բիրտ եւ կարծր չէ, այլ սիրտ կը տոգորէ։ Դաւիթ երգեց. «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ իր սուրբերը [«հաւատարիմները», ՆԱ] երեսէ չի ձգեր»։ (Սաղմոս 37։28) Աստուծոյ իրաւունքը զինք կը մղէ որ իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարմութիւն եւ կարեկցութիւն ցոյց տայ։ Աստուածային իրաւունքը զգայուն է մեր կարիքներուն եւ մեր անկատարութիւնները կ’անտեսէ։ (Սաղմոս 103։14) Ատիկա չի նշանակեր որ Աստուած աչք կը գոցէ չարութեան, քանի որ այդպէս վարուելով անիրաւութիւնը քաջալերած կ’ըլլայ։ (Ա. Թագաւորաց 3։12, 13. Ժողովողի 8։11) Եհովա Մովսէսի բացատրեց որ Ինք «ողորմած ու բարերար [է], երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ Թէեւ յանցանքն ու մեղքը կը ներէ, բայց Աստուած պատիժէ զերծ պիտի չպահէ անոր արժանի եղողները։—Ելից 34։6, 7
6. Եհովա ի՞նչպէս կը վարուի իր երկրային զաւակներուն հետ։
6 Երբ Եհովայի իրաւունք գործադրելուն մասին խորհինք, պէտք չէ մտածենք որ ան խիստ դատաւոր մըն է, որ միայն յանցագործներուն վճիռ արձակելով հետաքրքրուած է։ Ճիշդ հակառակը, պէտք է իր մասին խորհինք որպէս սիրալիր բայց հաստատ կեցուածք ունեցող հայր մը, որ միշտ իր զաւակներուն հետ լաւագոյն կերպով կը վարուի։ «Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես», ըսաւ Եսայի մարգարէն։ (Եսայեայ 64։8) Որպէս իրաւ ու արդար Հայր մը, դժուար պարագաներու կամ մարմնաւոր տկարութեան պատճառաւ օգնութեան կամ ներողամտութեան կարիք ունեցող իր երկրային զաւակներուն հանդէպ, Եհովա շիտակի նկատմամբ իր հաստատ կեցուածքը կը հաւասարակշռէ խանդաղատանքի հետ։—Սաղմոս 103։6, 10, 13
Յստակացնենք Թէ Ի՛նչ Է Իրաւունքը
7. (ա) Եսայիի մարգարէութենէն ի՞նչ կը սորվինք աստուածային իրաւունքին մասին։ (բ) Ազգերուն իրաւունքի մասին սորվեցնելու մէջ Յիսուս ի՞նչ դեր խաղցաւ։
7 Մեսիայի գալով, Եհովայի իրաւունքին կարեկից բնոյթը ընդգծուեցաւ։ Յիսուս աստուածային իրաւունք սորվեցուց եւ անոր համաձայն ապրեցաւ, ինչպէս նախագուշակած էր Եսայի մարգարէն։ Որոշ է ուրեմն, որ Աստուծոյ իրաւունքը իր մէջ կը պարփակէ ոտնակոխուածներուն հանդէպ գորովալի վերաբերմունք։ Այս կերպով անոնք անդարմանելիօրէն ընկճուած չեն ըլլար։ Եհովայի «ծառան»՝ Յիսուս՝ երկիր եկաւ որպէսզի Աստուծոյ իրաւունքին այս երեսակը ճանչցնէ «ազգերուն»։ Ասիկա ըրաւ, նախ եւ առաջ աստուածային իրաւունքին ի՛նչ ըլլալը իր իսկ օրինակով ցոյց տալով։ Որպէս Դաւիթ Թագաւորի «արդարութեան շառաւիղ»ը, Յիսուս «իրաւունք ու արդարութիւն» ընելու տենչ ունէր։—Եսայեայ 16։5. 42։1-4. Մատթէոս 12։18-21. Երեմեայ 33։14, 15
8. Ճշմարիտ իրաւունքը եւ արդարութիւնը ինչո՞ւ մութի մէջ մնացին առաջին դարուն։
8 Եհովայի իրաւունքին այսպիսի յստակացում մը մասնաւորաբար անհրաժեշտ էր Հ.Դ. առաջին դարուն։ Հրեայ երէցները եւ կրօնական առաջնորդները՝ դպիրները, Փարիսեցիները եւ ուրիշներ՝ իրաւունքը եւ արդարութիւնը խեղաթիւրած կերպով ներկայացուցած էին։ Որպէս հետեւանք, հասարակ ժողովուրդը՝ անկարելի գտնելով դպիրներու ու Փարիսեցիներու դրած պահանջներուն գոհացում տալ, հաւանաբար կ’երեւակայէին թէ Աստուծոյ արդարութիւնը անհասանելի էր։ (Մատթէոս 23։4. Ղուկաս 11։46) Յիսուս ցոյց տուաւ որ պարագան այս չէր։ Ան իր աշակերտները ընտրեց ժողովուրդի այս հասարակ խաւէն եւ անոնց սորվեցուց Աստուծոյ արդար չափանիշները։—Մատթէոս 9։36. 11։28-30
9, 10. (ա) Դպիրները եւ Փարիսեցիները ի՞նչպէս ջանացին իրենց արդարութիւնը ցուցադրել։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս եւ ինչո՛ւ յայտնեց որ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն սովորութիւնները փուճ էին։
9 Իսկ միւս կողմէ, Փարիսեցիները առիթներ կը փնտռէին որպէսզի աղօթելով կամ հանրային նուիրատուութիւններ ընելով իրենց «արդարութիւն»ը ցուցաբերէին։ (Մատթէոս 6։1-6, ՆԱ) Անոնք ջանացին նաեւ իրենց արդարութիւնը ցուցադրել անթիւ օրէնքներու ու կանոններու կառչելով, որոնց մեծամասնութիւնը իրենց կողմէ դրուած էր։ Այսպիսի ջանքեր պատճառ եղան որ ‘զանց ընեն իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը’։ (Ղուկաս 11։42) Անոնք դուրսէն արդար կ’երեւային, բայց ներսէն «անօրէնութեամբ լեցուն» կամ անիրաւ էին։ (Մատթէոս 23։28) Պարզ խօսքով, անոնք գրեթէ ոչինչ գիտէին Աստուծոյ արդարութեան մասին։
10 Այդ պատճառաւ, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը»։ (Մատթէոս 5։20) Յիսուսով մարմնաւորուած աստուածային իրաւունքին եւ դպիրներու ու Փարիսեցիներու նեղմիտ ինքնարդարացման միջեւ գոյութիւն ունեցող սուր հակադրութիւնը, անոնց միջեւ յաճախադէպ բանավէճերու պատճառ կը հանդիսանար։
Աստուածային Իրաւունքը Ընդդէմ Խեղաթիւրուած Իրաւունքին
11. (ա) Շաբաթ օրը բժշկելու մասին Փարիսեցիները ինչո՞ւ հարցաքննեցին Յիսուսը։ (բ) Յիսուսի պատասխանը ի՞նչ յայտնեց։
11 Հ.Դ. 31–ի գարնան Գալիլիոյ մէջ կատարած իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ժողովարանի մը մէջ չորցած ձեռքով մարդ մը տեսաւ։ Քանի որ Շաբաթ էր, Փարիսեցիները հարցուցին Յիսուսի. «Շաբաթ օրը բժշկել արժա՞ն է»։ Իրենց հարցումէն յայտնի էր որ փոխանակ խեղճ մարդուն տառապանքին հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ունենալու, անոնք կը փափաքէին Յիսուսը դատապարտելու համար պատճառանք մը գտնել։ Զարմանալի չէր որ Յիսուս անոնց անզգայ սրտերուն համար ցաւ զգաց։ Ինք ալ նոյնանման հարցում մը նետեց Փարիսեցիներուն երեսին, ըսելով. «Շաբաթ օրը բարի՞ք ընել արժան է՝ թէ չարիք»։ Երբ անոնք լուռ կեցան, Յիսուս ինքն իր հարցումին պատասխանեց, անոնց հարցնելով որ փոսը ինկած ոչխար մը Շաբաթ օրով պիտի չազատէի՞ն։b «Ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն», անժխտելի տրամաբանութեամբ մը պատասխանեց Յիսուս։ «Ուրեմն շաբաթ օրը բարի գործել արժան է», եզրակացուց ան։ Աստուծոյ իրաւունքը բնաւ պէտք չէ խափանուի մարդկային աւանդութեանց պատճառաւ։ Այս կէտը յստակացնելէ ետք, Յիսուս բժշկեց մարդուն ձեռքը։—Մատթէոս 12։9-13. Մարկոս 3։1-5
12, 13. (ա) Դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն հակառակը, Յիսուս մեղաւորներուն օգնելու իր հետաքրքրութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ (բ) Աստուածային իրաւունքին եւ ինքնարդարութեան միջեւ տարբերութիւնը ի՞նչ է։
12 Եթէ Փարիսեցիներուն շատ հոգը չէր ֆիզիքական հաշմանդամները, անոնց համար տակաւին շատ աւելի նուազ կարեւորութիւն ունէր հոգեւորապէս աղքատները։ Արդարութեան հանդէպ անոնց խեղաթիւրուած տեսակէտը պատճառ եղաւ որ անոնք անտեսեն ու անարգեն մաքսաւորները եւ մեղաւորները։ (Յովհաննու 7։49) Սակայն, այսպիսիներէն շատեր Յիսուսի ուսուցումին ընդառաջեցին, անկասկած զգալով որ ան փոխանակ դատապարտելու, օգնելու փափաք ունէր։ (Մատթէոս 21։31. Ղուկաս 15։1) Փարիսեցիները սակայն, հոգեւոր հիւանդները բուժելու Յիսուսի ջանքերը նսեմացուցին։ «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ», ըսելով տրտունջ ըրին։ (Ղուկաս 15։2) Պատասխանելով անոնց մեղադրանքին, Յիսուս անգամ մը եւս հովուական պատկեր մը գործածեց։ Ինչպէս որ հովիւ մը իր կորսուած մէկ ոչխարը գտնելով կ’ուրախանայ, այդպէս ալ երկնքի մէջ հրեշտակները կ’ուրախանան՝ երբ մեղաւոր մը զղջայ։ (Ղուկաս 15։3-7) Յիսուս անձամբ ուրախացաւ, երբ Զաքէոսի օգնեց որ իր մեղաւոր ընթացքէն հրաժարի։ Ան ըսաւ. «Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։—Ղուկաս 19։8-10
13 Այս բախումները յստակօրէն կը յայտնէին աստուածային բուժիչ եւ փրկարար իրաւունքին եւ քիչերը բարձրացնող եւ շատերը դատապարտել ջանացող ինքնարդարութեան միջեւ եղող տարբերութիւնը։ Սին արարողութիւններ ու մարդակերտ աւանդութիւններ դպիրներն ու Փարիսեցիները գոռոզութեան եւ ինքնաբարձրացման առաջնորդած էին, բայց Յիսուս պատշաճօրէն ցոյց տուաւ որ անոնք «օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը [«իրաւունքը», ՆԱ] եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը» մէկդի ձգած էին։ (Մատթէոս 23։23) Մենք ալ Յիսուսը ընդօրինակելով, մեր բոլոր գործերուն մէջ ճշմարիտ իրաւունք ի գործ դնենք, նաեւ ինքնարդարացման որոգայթներէն զգուշանանք։
14. Յիսուսի հրաշքներէն մէկը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ աստուածային իրաւունքը անհատին պարագաները նկատի կ’առնէ։
14 Թէեւ Յիսուս անտեսեց Փարիսեցիներուն դրած ինքնագլուխ կանոնները, սակայն պահեց Մովսիսական Օրէնքը։ (Մատթէոս 5։17, 18) Այսպէս ընելով, ան թոյլ չտուաւ որ այդ արդար Օրէնքի խօսքերուն բառացի ըմբռնումը, գերակշռէ անոր ետին գտնուող սկզբունքը։ Երբ 12 տարիէ արիւնահոսութենէ տառապող կին մը իր քղանցքին դպաւ եւ բժշկուեցաւ, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա խաղաղութեամբ»։ (Ղուկաս 8։43-48) Յիսուսի կարեկից խօսքերը հաստատեցին որ Աստուծոյ իրաւունքը անոր պարագաները նկատի առած էր։ Թէեւ ան արարողական գետնի վրայ անմաքուր էր եւ բազմութեան մէջ գտնուելով Մովսիսական Օրէնքը բառացիօրէն բեկանած էր, բայց վարձատրութեան արժանի հաւատք ունէր։—Ղեւտացւոց 15։25-27. բաղդատել՝ Հռովմայեցիս 9։30-33։
Արդարութիւնը Բոլորին Համար Է
15, 16. (ա) Բարի Սամարացիին մասին Յիսուսի տուած առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ իրաւունքի մասին։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք «խիստ շատ արդար» ըլլալէ։
15 Աստուածային իրաւունքին կարեկից երեսակը շեշտելէ զատ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց նաեւ որ անիկա բոլոր մարդոց համար էր։ Եհովայի կամքն էր որ ինք ‘ազգերուն իրաւունք ընէր’։ (Եսայեայ 42։1) Ասիկա Յիսուսի ամենահռչակաւոր առակներէն մէկուն՝ բարի Սամարացիին՝ մէջ շեշտուած կէտն էր։ Այս առակը «ինքզինք արդարացնել» ուզող օրինականի մը յարուցած հարցումին տրուած պատասխան մըն էր։ «Իմ ընկերս [«դրացիս», ՆԱ] ո՞վ է» հարցուց ան, անկասկած փափաքելով իր դրացիական պատասխանատուութիւնները սահմանափակել միայն Հրեայ ժողովուրդին։ Յիսուսի առակին մէջի Սամարացին, աստուածային արդարութիւն ցոյց տուաւ, քանի որ կ’ուզէր իր ժամանակը եւ դրամը ծախսել ուրիշ ազգի պատկանող օտարականի մը օգնելու համար։ Յիսուս իր առակը վերջացուց, իրեն հետ զրուցողին հետեւեալ խրատը տալով. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։ (Ղուկաս 10։25-37) Եթէ մենք ալ բոլոր մարդոց բարիք ընենք, առանց նկատի առնելու անոնց ազգային կամ ցեղային ծագումը, մենք ալ աստուածային իրաւունքը ընդօրինակած կ’ըլլանք։—Գործք 10։34, 35
16 Միւս կողմէ, դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն օրինակը մեզի կը յիշեցնէ որ եթէ աստուածային իրաւունք պիտի գործադրենք, պէտք չէ «խիստ շատ արդար» ըլլանք։ (Ժողովողի 7։16) Արդարութեան ձեւակերպութիւններով, կամ մարդակերտ կանոններու չափազանց կարեւորութիւն տալով ուրիշները տպաւորելու ջանքերը՝ Աստուծոյ հաճութեան պիտի չարժանացնեն մեզ։—Մատթէոս 6։1
17. Մեզի համար ինչո՞ւ շատ կարեւոր է աստուածային իրաւունք ցուցաբերել։
17 Յիսուս ազգերուն Աստուծոյ իրաւունքին ինչ ըլլալը յստակ ընելուն պատճառներէն մէկը այն է որ իր բոլոր աշակերտներն ալ սորվէին ցուցաբերել այս յատկութիւնը։ Ասիկա ինչո՞ւ ա՛յսքան կարեւոր է։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլանք’, իսկ Աստուծոյ բոլոր ճամբաները իրաւունք են։ (Եփեսացիս 5։1) Նոյն կերպով, Միքիայ 6։8–ը կը բացատրէ որ Եհովայի պահանջներէն մէկն է «իրաւունք ընել», մինչ մեր Աստուծոյն հետ կը քալենք։ Ասկէ զատ, Սոփոնեայ 2։2, 3–ը մեզի կը յիշեցնէ որ եթէ կ’ուզենք Եհովայի բարկութեան օրը պահուիլ, պէտք է ‘արդարութիւն փնտռենք’ նախքան որ այդ օրը հասնի։
18. Յաջորդ յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներու պատասխանները պիտի ստանանք։
18 Այս դժուարին վերջին օրերը ուրեմն, իրաւունք ընելու համար «ընդունելի ժամանակ» մըն է։ (Բ. Կորնթացիս 6։2) Կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ Յոբի նման ‘արդարութիւնը մեր հանդերձը’ եւ ‘ուղղամտութիւնը [«իրաւունքը», ՆԱ] մեր պատմուճանը’ ընենք, Եհովա պիտի օրհնէ մեզ։ (Յոբայ 29։14) Եհովայի իրաւունքին հաւատալը մեզի ի՞նչպէս պիտի օգնէ որ ապագան վստահութեամբ դիտենք։ Ասկէ զատ, մինչ կը սպասենք արդար ‘նոր երկիրը’, աստուածային իրաւունքը ի՞նչպէս պիտի պաշտպանէ մեզ հոգեւոր գետնի վրայ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Յաջորդ յօդուածով պիտի ստանանք այս հարցումներուն պատասխանը։
[Ստորանիշներ]
a Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ երեք գլխաւոր բառեր կը գործածուին։ Անոնցմէ մէկը (միշ·բաթ) յաճախ թարգմանուած է որպէս «իրաւունք»։ Միւս երկուքը (ձէտհէք եւ անոր յարակից բառը ձէտհա·գահ) շատ անգամ թարգմանուած են որպէս «արդարութիւն»։ «Արդարութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը (տի·գայ·օ·սինէ) սահմանուած է որպէս «իրաւ կամ արդար ըլլալու յատկութիւն»։
b Յիսուսի օրինակը լաւ ընտրուած էր, քանի որ Հրեաներուն բերանացի օրէնքը թոյլ կու տար որ անոնք նեղութեան մէջ եղող անասունի մը օգնութեան փութային Շաբաթ օրով։ Բազմաթիւ տարբեր առիթներով, այս նոյն հարցին շուրջ բախումներ ունեցան, թէ՝ Շաբաթ օրով օրինաւո՞ր է բուժում կատարել։—Ղուկաս 13։10-17. 14։1-6. Յովհաննու 9։13-16
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Աստուածային իրաւունքին իմաստը ի՞նչ է։
◻ Յիսուս ի՞նչպէս իրաւունք սորվեցուց ազգերուն։
◻ Փարիսեցիներուն արդարութիւնը ինչո՞ւ խեղաթիւրուած էր։
◻ Ինչո՞ւ իրաւունք գործադրելու կարիքը ունինք։
[Նկար՝ էջ 18]
Յիսուս յստակօրէն ցոյց տուաւ աստուածային իրաւունքին տարողութիւնը