-
Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուցԴիտարան 2008 | Դեկտեմբեր 1
-
-
Ուրիշ առիթով, Յիսուս խօսեցաւ դատաստանական ժամանակամիջոցի մը մասին, երբ չարերուն պիտի ըսէ. «Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն»։ Ան նաեւ ըսաւ թէ անոնք «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը» (ՄԱՏԹԷՈՍ 25։41, 46)։
-
-
Յիսուս դժոխքի մասին ի՞նչ սորվեցուցԴիտարան 2008 | Դեկտեմբեր 1
-
-
Ի՞նչ առումով չարերը «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը»։ Թէեւ թարգմանութիւններուն մեծամասնութիւնը Մատթէոս 25։46–ի մէջ «տանջանք» կամ «պատիժ» բառը կը գործածէ, բայց յունարէն քոլա·սին բառին հիմնական նշանակութիւնն է՝ «ծառերուն աճումը կասեցնել», կամ՝ յօտել, անօգուտ ճիւղերը կտրել։ Ուստի ոչխարանման անհատները յաւիտենական կեանք կը ստանան, իսկ այծանման անզեղջ անհատները «յաւիտենական տանջանք»ի կ’ենթարկուին, առյաւէտ կեանքէն կտրուելով։
-