-
Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած էԴիտարան 1996 | Յունուար 1
-
-
Իւրաքանչիւր Խումբին Ի՞նչ Ապագայ Վերապահուած Է
16, 17. Ոչխարները ի՞նչ ապագայ պիտի ունենան։
16 Յիսուս ոչխարներուն հետեւեալ դատավճիռը տուաւ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք»։ Ի՜նչ ջերմ հրաւէր մը. «Եկէք»։ Ո՞ւր։ Յաւիտենական կեանքի, ինչպէս իր եզրակացութեան մէջ ըսաւ. «Արդարները յաւիտենական կեանքը [պիտի երթան]»։—Մատթէոս 25։34, 46
17 Տաղանդներու առակին մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ երկնքի մէջ իրեն հետ իշխելիք անհատներէն ի՛նչ կը պահանջուի։ Բայց մեր նկատի առած առակին մէջ, ան ցոյց կու տայ որ Թագաւորութեան հպատակներէն ի՛նչ կ’ակնկալուի։ (Մատթէոս 25։14–23) Յստակ է ուրեմն որ Յիսուսի եղբայրներուն սրտանց աջակցելով, ոչխարները իր Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ տեղ մը կը ժառանգեն։ Անոնք երկրային դրախտին մէջ կեանքը պիտի վայելեն. հեռանկար մը զոր Աստուած փրկուելիք մարդոց «աշխարհի սկիզբէն» ի վեր անոնց համար պատրաստած էր։—Ղուկաս 11։50, 51
-
-
Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած էԴիտարան 1996 | Յունուար 1
-
-
19 Աստուածաշունչի աշակերտները լաւ գիտեն որ հոս՝ յաւիտենական կրակին մէջ այծանման անհատներու անմահ հոգիներուն տանջանքին մասին չի խօսուիր։ Ոչ, քանի որ մարդ արարածը հոգի է. ան անմահ հոգի չունի։ (Ծննդոց 2։7. Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4) Այծերը «յաւիտենական կրակի» դատապարտելով, Դատաւորը ըսել կ’ուզէ ապագայի յոյսէ զուրկ կործանում մը, վերջնական վախճան մը, որ Բանսարկուին եւ իր դեւերուն համար ալ վերապահուած է։ (Յայտնութիւն 20։10, 14) Հետեւաբար, Եհովայի Դատաւորը հակառակ դատավճիռներ կ’արձակէ։ Ան ոչխարներուն կ’ըսէ, «Եկէք». իսկ այծերուն, «Մէկդի գացէք ինծմէ»։ Ոչխարները «յաւիտենական կեանքը» պիտի ժառանգեն, իսկ այծերը՝ «յաւիտենական կործանում [(ՆԱ)]» պիտի ստանան։—Մատթէոս 25։46b
-
-
Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած էԴիտարան 1996 | Յունուար 1
-
-
21 Սակայն, ոչխարներու եւ այծերու առակին այս թարմ հասկացողութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Անիկա կը նշանակէ որ մարդիկ արդէն դիրք կը բռնեն։ Ոմանք ‘դէպի կորուստ տանող լայն ճամբուն’ մէջ են, մինչ ուրիշներ կը ջանան ‘դէպի կեանք տանող նեղ ճամբուն’ մէջ մնալ։ (Մատթէոս 7։13, 14) Սակայն, Յիսուսի առակին մէջ նկարագրուած ոչխարներուն եւ այծերուն վրայ վերջնական դատավճիռը տակաւին ապագային պիտի արձակուի։ Երբ Որդի մարդոն Դատաւորի դերով գայ, ինք պիտի որոշէ որ շատ մը ճշմարիտ Քրիստոնեաներ՝ նուիրուած ոչխարներու «մեծ բազմութիւն մը»՝ ‘մեծ նեղութեան’ վերջին մասէն անցնելու եւ նոր աշխարհը մտնելու համար որակելի են։ Այս հեռանկարը ուրախութեան աղբիւր մը պէտք է ըլլայ հիմա։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Իսկ միւս կողմէն, «բոլոր ազգեր»էն եկող անհամար անհատներ պիտի փաստեն որ իրենք յամառ այծերու նման են։ Անոնք «յաւիտենական կործանում» պիտի երթան։ Երկիրը որքա՜ն պիտի հանգստանայ։
-
-
Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած էԴիտարան 1996 | Յունուար 1
-
-
b Գիրք մը (El Evangelio de Mateo) կը նշէ. «Յաւիտենական կեանքը վերջնական կեանքն է. անոր հակառակն է վերջնական պատիժը։ Յունարէն այիօնիոս ածականը գլխաւորաբար որակին կ’ակնարկէ եւ ոչ թէ տեւողութեան։ Վերջնական պատիժը յաւիտենական մահն է»։—Հանգստեան կոչուած ուսուցչապետ Խուան Մաթէոշ (Պապական Աստուածաշունչի Կաճառ, Հռովմ) եւ ուսուցչապետ Ֆէրնանտօ Գամաչօ (Աստուածբանական Կեդրոն, Սէվիլ), Մատրիտ, Սպանիա, 1981
-