Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 8/1 էջ 29-31
  • «Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Լեզուն Սանձելու Կերպեր
  • Բարկութեան Ժամանակ Մեր Լեզուն Սանձենք
  • Երբ Լռութիւնը Լուծում մը Չէ
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան Մասին «Խօսելու Ժամանակ»
  • Լեզուդ բարութեան համար գործածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Սէր ու յարգանք ցուցաբերեցէք՝ ձեր լեզուն զսպելով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Շնորհալի խօսքը լաւ յարաբերութիւններ կը յառաջացնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Խօսելու յարմար ժամանակը ե՞րբ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 8/1 էջ 29-31

«Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ»

ՔԱՆԻ՞ անգամ ողբալով ըսած էք՝ «Երանի՜ չըսէի»։ Իսկ կը յիշէք ուրիշ առիթներ, երբ չխօսեցաք եւ ապա թերեւս խորհեցաք. «Երանի՜ բան մը ըսէի»։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ։ (Ժողովողի 3։7) Ուստի, հո՛ս է խնդիրը. ե՛րբ խօսիլ եւ ե՛րբ լուռ կենալ։ Մեր մարդկային անկատար բնոյթը յաճախ մեզ կը մղէ որ անտեղի կերպով կարգ մը բաներ ընենք եւ ըսենք։ (Հռովմայեցիս 7։19) Ի՞նչպէս կրնանք մեր անղեկավարելի լեզուն զսպել։—Յակոբու 3։2

Լեզուն Սանձելու Կերպեր

Բոլոր պարագաները նշող երկար ցանկի կարիքը չունինք, գիտնալու համար թէ ե՛րբ պէտք է խօսինք եւ ե՛րբ՝ լուռ կենանք։ Այլ, կարգ մը յատկութիւններ մեզ պէտք է առաջնորդեն, որոնք Քրիստոնէական անձնաւորութեան անբաժան մէկ մասն են։ Ի՞նչ են անոնք։

Յիսուս Քրիստոս բացատրեց որ իր աշակերտները գործի լծող գլխաւոր յատկութիւնը սէրն էր։ «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Որքան լայն կերպով եղբայրական սէր ցոյց տանք, ա՛յդքան լաւ կրնանք սանձել մեր լեզուն։

Սիրոյ հետ առնչուող երկու ուրիշ յատկութիւններ ալ մեծապէս օգտակար պիտի ըլլան մեզի։ Անոնցմէ մէկը խոնարհութիւնն է։ Անիկա կ’օգնէ որ ‘ուրիշները մեր անձէն լաւ սեպենք’։ (Փիլիպպեցիս 2։3) Միւս յատկութիւնը՝ քաղցրութիւնն է, որ մեզ ետ կը պահէ ‘ոխ պահելէ’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25) Յիսուս Քրիստոս այս յատկութիւնները յայտնաբերելու մէջ կատարեալ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։

Քանի որ շատ աւելի դժուար է ճնշումի ներքեւ մեր լեզուն սանձել, նկատի առնենք Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, երբ ան ‘վշտացած էր’։ (Մատթէոս 26։37, 38) Զարմանալի չէ որ Յիսուս այսպէս զգաց, քանի որ ամբողջ մարդկութեան յաւիտենական ապագան Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութենէն կախեալ էր։—Հռովմայեցիս 5։19–21

Վստահաբար ասիկա իր երկնաւոր Հօրը հետ խօսելու ժամանակ մըն էր Յիսուսի համար։ Ուստի, ան գնաց որ աղօթէ, իր երեք աշակերտներէն խնդրելով որ արթուն կենան։ Ատեն մը ետք վերադարձաւ եւ զանոնք քնացած գտաւ։ Ուստի Պետրոսի ըսաւ. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ»։ Այս սիրալիր յանդիմանութեան կ’ընկերակցէր այնպիսի արտայայտութիւն մը, որ իրենց տկարութեան հանդէպ հասկացողութիւն ցոյց կու տար։ Ան ըսաւ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ Յիսուս դարձեալ եկաւ եւ իր աշակերտները քնացած գտաւ։ Անոնց հետ ազնուութեամբ խօսեցաւ եւ «նորէն գնաց՝ երրորդ անգամ աղօթք ըրաւ»։—Մատթէոս 26։36–44

Երբ Յիսուս երրորդ անգամ իր աշակերտները քնացած գտաւ, ան կոշտ կերպով չվարուեցաւ, այլ ըսաւ. «Ա՛յսպիսի ժամանակ մը կը քնանաք եւ կը հանգչիք։ Ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի»։ (Մատթէոս 26։45, ՆԱ) Միայն սիրով լեցուն սիրտ մը, ի՛րապէս քաղցր եւ խոնարհ բնաւորութիւն ունեցող մը կրնար իր լեզուն ա՛յս ձեւով գործածել, այսպիսի դժուար ժամանակի մը մէջ։—Մատթէոս 11։29. Յովհաննու 13։1

Անկէ քիչ ետք, Յիսուս ձերբակալուեցաւ եւ դատուեցաւ։ Հոս կը սորվինք որ երբեմն նախընտրելի է լռել, նոյնիսկ երբ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ ենք։ Յիսուսը յանցապարտ հանելու միտում ունեցող քահանայապետները ճշմարտութիւնը գիտնալու ո՛չ մէկ հետաքրքրութիւն ունէին։ Ուստի, այս բռնկեցուցիչ մթնոլորտին մէջ, Յիսուս լուռ կեցաւ։—Բաղդատել Մատթէոս 7։6։

Սակայն, Յիսուս լուռ չկեցաւ, երբ քահանայապետը իրեն հարցուց. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը»։ (Մատթէոս 26։63) Քանի որ Յիսուսի երդմնցնել տուած էր, ժամանակն էր որ ան խօսէր։ Ուստի, պատասխանեց. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։—Մատթէոս 26։64

Այդ ծանրակշիռ օրուան ընթացքին, Յիսուս կատարելապէս զսպեց իր լեզուն։ Իր պարագային, սէրը, քաղցրութիւնը եւ խոնարհութիւնը իր անձնաւորութեան անբաժան մէկ մասն էին։ Մենք ի՞նչպէս կրնանք այս յատկութիւնները գործածել, ճնշումի ներքեւ մեր լեզուն զսպելու համար։

Բարկութեան Ժամանակ Մեր Լեզուն Սանձենք

Երբ բարկանանք, յաճախ չենք կրնար մեր լեզուն սանձել։ Առիթով մը, Պօղոս եւ Բառնաբաս տարակարծութիւն մը ունեցան։ «Բառնաբաս կ’ուզէր որ Յովհաննէսն ալ առնեն, որ Մարկոս կը կոչուէր. բայց Պօղոս արժան չսեպեց որ Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուողը ու իրենց հետ գործի չեկողը իրենց հետ առնեն։ Այսպէս անոնց մէջ գժտութիւն մը եղաւ, ստիպուած իրարմէ զատուեցան»։—Գործք 15։37–39

Միքայէլ,a որ քանի մը տարի շինարարական ծրագիրներու վրայ աշխատած էր, կը պատմէ. «Շինարարութեան վայրը անհատ մը կար, որու լաւ կը ճանչնայի եւ կը յարգէի։ Բայց ան իմ ըրած գործիս մէջ անդադար սխալներ կը գտնէր։ Կը վիրաւորուէի եւ կը ջղայնանայի, բայց զգացումներս կը զսպէի։ Օր մը, երբ տակաւին նոր կատարած մէկ գործս քննադատեց՝ գաւաթը յորդեցաւ։

«Ամբողջ բարկութիւնս թափեցի։ Զայրոյթիս մէջ, չմտածեցի որ որքան գէշ տպաւորութիւն կը ձգէի շուրջիններուս վրայ։ Անկէ ետք, ամբողջ օրուան ընթացքին, չուզեցի հետը խօսիլ, ոչ ալ զինք տեսնել։ Հիմա կ’անդրադառնամ որ հարցը պէտք եղած կերպով ձեռք չառի։ Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար լռել եւ հանդարտելէ ետք խօսիլ»։

Բարեբախտաբար, Քրիստոնէական սէրը մղեց որ այս երկու անհատները իրենց թիւրիմացութիւնը լուծեն։ Միքայէլ կը բացատրէ. «Անկեղծ խօսակցութենէ ետք, զիրար աւելի լաւ հասկցանք եւ հիմա զօրաւոր բարեկամութիւն մը հաստատուած է մեր մէջ»։

Մենք ալ, երբ բարկանանանք, երբեմն իմաստութիւն է լռել, ինչպէս Միքայէլ սորվեցաւ։ «Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է», կ’ըսէ Առակաց 17։27–ն։ Ներատեսութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը մեզի պիտի օգնեն որ վիրաւորական խօսքեր ըսելու փափաքը զսպենք։ Եթէ վիրաւորուած ենք, դիմացի անհատին հետ առանձին խօսինք մեղմ եւ խոնարհ հոգիով, խաղաղութիւնը վերահաստատելու մտքով։ Բայց եթէ արդէն պոռթկում մը տեղի ոնեցած է, ի՞նչ կրնանք ընել։ Այդ պարագային, սէրը մեզ պիտի մղէ որ հպարտութիւնը մէկդի դնենք եւ հեզութեամբ ներողութիւն խնդրենք։ Ահա՛ւասիկ խօսելու եւ անկեղծ խօսակցութեամբ մը եղած բանին համար մեր ցաւը յայտնելու եւ վիրաւորուած զգացումները բուժելու ժամանակ մը։—Մատթէոս 5։23, 24

Երբ Լռութիւնը Լուծում մը Չէ

Բարկութիւնը կամ զայրոյթը կրնայ պատճառ ըլլալ որ մեզ նեղացնողին հետ այլեւս չխօսինք։ Ասիկա շատ վնասակար կրնայ ըլլալ։ «Մեր ամուսնութեան առաջին տարուան ընթացքին, Երբեմն օրերով ամուսինիս հետ չէի խօսեր», կը խոստովանի Մարիան։b «Ընդհանրապէս, մեծ խնդիրներ չէին, այլ, պզտիկ բարկութիւններ իրարու վրայ կը դիզուէին։ Այս բոլոր նեղութիւնները մտքիս մէջ կը վերցնէի կը դնէի, մինչեւ որ անոնք լեռնակուտակ խոչընդոտ մը ըլլային։ Ապա, ժամանակ մը կու գար որ այլեւս չէի հանդուրժեր եւ ամուսինիս հետ չէի խօսեր, մինչեւ որ բարկութիւնս անցնէր»։

Մարիան կ’աւելցնէ. «‘Արեւը ձեր բարկութեան վրայ մար չմտնէ’, Աստուածաշունչի համարը իմ մտածելակերպս շտկեց։ Ամուսինս եւ ես ծանր աշխատեցանք իրար միջեւ հաղորդակցութիւնը բարելաւելու եւ խնդիրները կուտակուելուն արգելք ըլլալու համար։ Ասիկա դիւրին չեղաւ, բայց ամուսնութենէս տասը տարի ետք, ուրախ եմ ըսելու որ հիմա քար լռութեան այդ պահերը շատ հազուագիւտ են։ Սակայն, պէտք է ընդունիմ որ տակաւին կ’աշխատիմ այս տկարութեանս վրայ»։—Եփեսացիս 4։26

Ինչպէս նշմարեց Մարիան, երբ երկու անհատներու միջեւ լարուած վիճակ մը գոյանայ, իրար հետ հաղորդակցութիւնը խզելը լուծում մը չէ։ Այդպիսի պարագաներու ներքեւ, հաւանական է որ բարկութիւնը երթալով մեծնայ եւ իրար հետ յարաբերութիւնը անկէ ազդուի։ Յիսուս ըսաւ որ ‘շուտով պէտք է միաբանիլ’։ (Մատթէոս 5։25) «Յարմարութեամբ [ատենին] ըսուած խօսքը» կրնայ ‘խաղաղութիւն փնտռելու’ նպաստել։—Առակաց 25։11. Ա. Պետրոս 3։11

Երբ օգնութեան կարիքը ունինք, այն ատեն ալ պէտք է արտայայտուինք։ Եթէ հոգեւոր գետնի վրայ որոշ խնդիր մը ունինք, թերեւս քաշուինք ուրիշներու վրայ բեռ ըլլալէ։ Բայց եթէ լուռ կենանք, խնդիրը աւելի կը վատթարանայ։ Նշանակուած Քրիստոնեայ երէցները մեզի հոգ կը տանին եւ եթէ թոյլ տանք, անոնք կը փափաքին մեզի օգնել։ Ահաւասիկ ժամանակ մը, երբ պէ՛տք է խօսինք։—Յակոբու 5։13–16

Ամէն բանէ առաջ, սրտանց աղօթքներ մատուցանելով, պէտք է կանոնաւորաբար Եհովայի հետ խօսինք, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Արդարեւ, ‘մեր սիրտը թափենք’ մեր երկնաւոր՝ Հօրը առջեւ։—Սաղմոս 62։8. տես՝ Եբրայեցիս 5։7։

Աստուծոյ Թագաւորութեան Մասին «Խօսելու Ժամանակ»

Քրիստոնէական ծառայութիւնը աստուածային յանձնարարութիւն մըն է, որ վախճանը գալէն առաջ պէտք է կատարուի։ Հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի կենսական է որ Եհովայի ծառաները ծանուցանեն Թագաւորութեան բարի լուրը։ (Մարկոս 13։10) Առաքեալներուն նման, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ‘իրենց տեսած ու լսած բաներուն մասին չեն կրնար չխօսիլ’։—Գործք 4։20

Անշուշտ, ամէն մարդ չ’ուզեր լսել բարի լուրը։ Արդարեւ, երբ իր աշակերտները քարոզելու ուղարկեց, Յիսուս անոնց խրատ տուաւ որ ‘արժանի եղողները փնտռեն’։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովա մէկու մը չ’ստիպեր որ զինք պաշտէ, մենք ալ Թագաւորութեան պատգամը յամառօրէն մերժողներուն չենք շարունակեր խօսիլ։ (Մատթէոս 10։11–14) Բայց Եհովայի թագաւորութեան մասին հաճոյքով կը խօսինք անոնց, որոնք ‘յաւիտենական կեանքի համար սահմանուած են’։—Գործք 13։48. Սաղմոս 145։10–13

Սէրը, քաղցրութիւնը եւ խոնարհութիւնը, յատկութիւններ են, որոնք մեզի կ’օգնեն անխոհեմօրէն խօսելու, կամ հակառակը, լռութեան մէջ իյնալու մեր անկատար հակումը զսպելու։ Երբ այս յատկութիւնները մեր մէջ աճեցնենք, աւելի լաւ զինուած պիտի ըլլանք գիտնալու թէ ե՛րբ պէտք է խօսինք ու ե՛րբ՝ լռենք։

[Ստորանիշներ]

a Իրական անունը չէ։

b Իրական անունը չէ։

[Նկար՝ էջ 31]

Լաւ հաղորդակցութեամբ խնդիրները կրնան լուծուիլ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել