Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ11 7/1 էջ 22
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս նախ կը տարուի Աննային, ապա՝ Կայիափային
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Աննայի՝ ապա Կայիափայի կը տարուի
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Ղազարոսի յարութիւնը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Պետրոս Յիսուսը կ’ուրանայ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
դ11 7/1 էջ 22

Գիտէի՞ր

Պետրոս առաքեալին մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն իրողութենէն, թէ Կոռնելիոսին երթալէ առաջ՝ կաշի բանողի մը քով մնաց։

▪ Գործք Առաքելոցին մէջ արձանագրութիւնը կ’ըսէ, թէ Պետրոս «շատ օրեր Յոպպէ կեցաւ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով», որուն ‘տունը ծովուն մօտ էր’ (Գործք 9։43. 10։6)։ Հրեաներու տեսանկիւնէն դիտուած, կաշի բանողի մը աշխատանքը անմաքուր եւ նուաստացուցիչ կը նկատուէր։ Թալմուտը կաշի բանողները աւելի նուաստ կը սեպէր քան՝ թրիք հաւաքողները։ Իր գործին պատճառով՝ Սիմոն յարատեւաբար կը դպչէր անասուններու դիակներուն, ինչ որ կը նշանակէ թէ ան Օրէնքին աչքով միշտ անմաքուր վիճակի մէջ պիտի ըլլար (Ղեւտացւոց 5։2. 11։39)։ Նիւթին վերաբերեալ տարբեր աղբիւրներու համաձայն, Սիմոն իր գործին մէջ ծովաջուր գործածած ըլլալու էր, եւ իր աշխատավայրը հաւանաբար կը գտնուէր քաղաքին արուարձանը, քանի որ կաշեգործութիւնը «գարշահոտ գործընթաց» մըն էր։

Հակառակ ասոր, բացայայտ է որ Պետրոս արգելք չտեսաւ Սիմոնին քով մնալու։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Պետրոս հաւանաբար սորված էր մերժել՝ անմաքուր նկատուած անհատներուն նկատմամբ տիրող հրէական կանխադատութիւնները, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս իրմէ առաջ այսպիսի կանխադատութիւններ մերժած էր (Մատթէոս 9։11. Ղուկաս 7։36-50)։

Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի խօսքը՝ «դուն ըսիր»։

▪ Երբ հրեայ քահանայապետը՝ Կայիափա, Յիսուսէն պահանջեց որ ուղղակի յայտնէ թէ Քրիստո՞սն էր՝ Աստուծոյ Որդին՝ կամ ոչ, Յիսուս պատասխանեց. «Դուն ըսիր» (Մատթէոս 26։63, 64)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

Յիսուս չէր փորձեր Կայիափայի հարցումէն խոյս տալ։ «Դուն ըսիր» արտայայտութիւնը ակներեւօրէն հրէական ընդհանրացած յատկաբանութիւն մըն էր, որ կը հաստատէր թէ ըսուած խօսքը շիտակ էր։ Օրինակ՝ Երուսաղէմի Թալմուտը, որ մ.թ. չորրորդ դարուն կազմուած հրեայ կրօնական գիրք մըն է, կը խօսի հրեայ մարդու մը մասին, որուն երբ հարցուեցաւ թէ ռաբբի մը մահացեր էր կամ ոչ, ան պատասխանեց. «Դուն ըսիր»։ Ասիկա հասկցուեցաւ որպէս հաստատում, թէ ռաբբին իրօք մեռած էր։

Յիսուս կը ճանչնար քահանայապետին հեղինակութիւնը զինք երդմնցնելու, որ իրողութիւնները յայտնէր։ Ասկէ զատ, լուռ մնալը կրնար հասկցուիլ, թէ Յիսուս իր Քրիստոս ըլլալը կը մերժէր։ Ուստի Յիսուսի խօսքը՝ «դուն ըսիր», հաստատական պատասխան մըն էր քահանայապետին։ Մարկոսի զուգահեռ արձանագրութեան մէջ, երբ Կայիափա ուղղակի պահանջեց Յիսուսէն, որ յայտնէ թէ Մեսիան էր կամ ոչ, Յիսուս քաջաբար պատասխանեց. «Ես եմ» (Մարկոս 14։62. տե՛ս նաեւ Մատթէոս 26։25 եւ Մարկոս 15։2)։

[Նկար՝ էջ 22]

Կաշեգործարան ֆէսի մէջ, Մարոք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել