Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 10/1 էջ 26-31
  • Միութիւնը պահպանենք այս վերջին օրերուն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Միութիւնը պահպանենք այս վերջին օրերուն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածային Կամքին Ենթարկուինք
  • Ճշմարտութեան Կառչինք
  • Մեր Լեզուն Շիտա՛կ Կերպով Գործածենք
  • Ներող Եղէ՛ք
  • Միութիւն եւ Անձնական Որոշումներ
  • Միշտ Քրիստոնէական Միութիւնը Պահպանենք
  • Եհովայի ընտանիքը թանկագին միութիւն կը վայելէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Քրիստոնէական միութիւնը Աստուած կը փառաւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Միութիւնը կը բնորոշէ ճշմարիտ պաշտամունքը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Քրիստոնէական Իսկական Միութիւն՝ Ի՞նչպէս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 10/1 էջ 26-31

Միութիւնը պահպանենք այս վերջին օրերուն

«Աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք. . . . մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից [եղէք] աւետարանին հաւատքին համար»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 1։27

1. ի՞նչ հակադրութիւն կայ Եհովայի Վկաներու եւ աշխարհի միջեւ։

«ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐ»ու մէջ ենք։ Անհերքելիօրէն, «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Այս «վերջին ժամանակ»ին, մինչ մարդկային ընկերութիւնը անհանդարտ վիճակ մը ունի, Եհովայի Վկաները իրենց խաղաղութեան եւ միութեան համար աչքի կը զարնեն։ (Դանիէլ 12։4) Սակայն, Եհովայի երկրպագուներու համերկրային ընտանիքին պատկանող իւրաքանչիւր անհատի կոչ եղած է որ այս միութիւնը պահպանելու համար ծանր աշխատի։

2. Միութիւնը պահպանելու մասին Պօղոս ի՞նչ ըսաւ եւ ի՛նչ հարց նկատի պիտի առնենք։

2 Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն յորդորեց որ միութիւնը պահպանեն։ Ան գրեց. «Միայն թէ Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայելէ՝ այնպէս վարուեցէք. որպէսզի եթէ գամ ու ձեզ տեսնեմ եւ կամ հեռու ըլլամ, ձեր վրայով լսեմ թէ դուք հաստատուն կը կենաք մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից կ’ըլլաք աւետարանին հաւատքին համար։ Բանով մըն ալ մի՛ զարհուրիք հակառակորդներէն, որ անոնց կորուստին ապացոյցն է ու ձեզի՝ փրկութեան»։ (Փիլիպպեցիս 1։27, 28) Պօղոսի խօսքերը յստակօրէն ցոյց կու տան թէ որպէս Քրիստոնեաներ միասնաբար պէտք է աշխատինք։ Արդ, ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ այս դժուար օրերուն մեր Քրիստոնէական միութիւնը պահպանենք։

Աստուածային Կամքին Ենթարկուինք

3. Ե՞րբ եւ ի՛նչպէս առաջին անթլփատ հեթանոսները Քրիստոսի հետեւորդներ եղան։

3 Մեր միութիւնը պահելու կերպերէն մէկն է ամէն պարագայի ներքեւ՝ Աստուծոյ կամքին ենթարկուիլ։ Ասիկա թերեւս մեր մտածելակերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել պահանջէ։ Յիսուս Քրիստոսի Հրեայ աշակերտները նկատի առէք։ Երբ Պետրոս առաքեալ Հ.Դ. 36–ին առաջին անգամ անթլփատ հեթանոսներու քարոզեց, Աստուած այդ մարդոց վրայ սուրբ հոգին թափեց եւ անոնք մկրտուեցան։ (Գործք գլուխ 10։) Մինչ այդ, միմիայն Հրեաները, նորադարձները եւ Սամարացիները Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները եղած էին։—Գործք 8։4–8, 26–38

4. Կոռնելիոսի հետ պատահածը բացատրելէ ետք, Պետրոս ի՞նչ ըսաւ եւ ասիկա Յիսուսի Հրեայ հետեւորդները ի՞նչ փորձի ենթարկեց։

4 Երբ Երուսաղէմի առաքեալները եւ ուրիշ եղբայրներ Կոռնելիոսի եւ ուրիշ հեթանոսներու դարձի գալը լսեցին, հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին Պետրոսի տեղեկագրութեան։ Կոռնելիոսի եւ ուրիշ հեթանոս հաւատացեալներու կապակցաբար անցուդարձերը բացատրելէ ետք, առաքեալը հետեւեալ եզրակացութեան յանգեցաւ. «Ուստի եթէ Աստուած [սուրբ հոգիի] միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց [հաւատացող հեթանոսներուն], ինչպէս մեզի [Հրեաներուս] ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել»։ (Գործք 11։1–17) Ասիկա Յիսուս Քրիստոսի Հրեայ հետեւորդները փորձի ենթարկեց։ Արդեօք անոնք Աստուծոյ կամքին ենթարկուելով հաւատացող հեթանոսները որպէս հաւատակիցներ պիտի ընդունէի՞ն, թէ ոչ Եհովայի երկրային ծառաներուն միութիւնը վտանգի պիտի ենթարկէին։

5. Առաքեալները եւ ուրիշ եղբայրներ ի՞նչպէս հակազդեցին, երբ գիտցան որ Աստուած հեթանոսներուն ապաշխարութեան առիթ տուած է եւ այս կեցուածքէն ի՛նչ կը սորվինք։

5 Տեղեկութիւնը կ’ըսէ. «Այս բաները լսելով՝ [առաքեալները եւ ուրիշ եղբայրներ] ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. ‘Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ’»։ (Գործք 11։18) Այս կեցուածքը Յիսուսի հետեւորդներուն միութիւնը պահպանեց եւ անոր նպաստեց։ Շատ կարճ ժամանակի մէջ, քարոզչութիւնը յառաջացաւ հեթանոսներուն մէջ եւ Եհովա օրհնեց այս գործունէութիւնը։ Մենք ալ պէտք է համակերպինք, երբ նոր ժողովք մը կազմելու համար մեզմէ խնդրեն որ համագործակցինք, կամ երբ սուրբ հոգիի առաջնորդութեան ներքեւ աստուածպետական կարգ մը բարեճշդումներ կատարուին։ Մեր սրտաբուխ համագործակցութիւնը հաճելի պիտի ըլլայ Եհովայի եւ մեզի պիտի օգնէ որ այս վերջին օրերուն մէջ մեր միութիւնը պահպանենք։

Ճշմարտութեան Կառչինք

6. Ճշմարտութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Եհովայի երկրպագուներու միութեան վրայ։

6 Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին որպէս մէկ անդամը, մեր միութիւնը կը պահպանենք, քանի որ բոլորս ալ ‘Եհովայէ սորված ենք’ եւ կառչած կը մնանք յայտնաբերուած ճշմարտութեան։ (Յովհաննու 6։45. Սաղմոս 43։3) Քանի որ մեր ուսուցումները Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած են, բոլորս ալ միաբերան կը խօսինք։ «Հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ Եհովայի հայթայթած հոգեւոր կերակուրը ուրախութեամբ կ’ընդունինք։ (Մատթէոս 24։45–47) Այս միահամուռ ուսուցումը մեզի կ’օգնէ որ համայն աշխարհի մէջ մեր միութիւնը պահպանենք։

7. Եթէ որոշ կէտ մը հասկնալու դժուարութիւն ունինք, ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք։

7 Բայց եթէ որոշ կէտ մը հասկնալու կամ ընդունելու դժուարութիւն ունինք, ի՞նչ կրնանք ընել։ Պէտք է աղօթքով իմաստութիւն խնդրենք եւ Աստուածաշունչին եւ Քրիստոնէական հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուքներ կատարենք։ (Առակաց 2։4, 5. Յակոբու 1։5–8) Երէցի մը հետ խօսակցութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Եթէ տակաւին այդ կէտը անհասկնալի մնայ, աւելի լաւ է այդ հարցը մէկդի դնել։ Թերեւս անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ հրատարկուին եւ մեր հասկացողութիւնը ընդլայնի։ Սակայն սխալ պիտի ըլլար ժողովքին մէջ ուրիշները համոզել որ մեր տարակարծութիւնը ընդունին։ Ասիկա փոխանակ միաբանութեան համար աշխատելու, անմիաբանութիւն ցանել պիտի նշանակէր։ Որքա՜ն աւելի նախընտրելի է «ճշմարտութեան մէջ քալել» եւ քաջալերել ուրիշները որ նոյնը ընեն։—Գ. Յովհաննու 4

8. Ճշմարտութեան հանդէպ ո՞ր կեցուածքը պատշաճ է։

8 Առաջին դարուն, Պօղոս ըսաւ. «Հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես։ Հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։12) Թէեւ նախկին Քրիստոնեաները բոլոր մանրամասնութիւնները չտեսան, բայց միացած մնացին։ Մենք Եհովայի նպատակներուն եւ իր ճշմարտութեան Խօսքին մասին հիմա շատ աւելի լայն հասկացողութիւն ունինք։ Ուստի, ‘հաւատարիմ ծառային’ կողմէ մեր ստացած ճշմարտութեան համար երախտապարտ ըլլանք։ Իսկ շնորհապարտ ըլլանք որ Եհովա մեզ առաջնորդած է իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Թէեւ մեր գիտութիւնը միշտ նոյն աստիճան չէ եղած, բայց հոգեւոր գետնի վրայ ո՛չ անօթի եւ ո՛չ ծարաւ մնացած ենք։ Մեր Հովիւը՝ Եհովան՝ մեզի միացած պահած եւ լաւ խնամք տարած է։—Սաղմոս 23։1–3

Մեր Լեզուն Շիտա՛կ Կերպով Գործածենք

9. Լեզուն ի՞նչպէս կարելի է գործածել միութիւն յառաջացնելու համար։

9 Մեր լեզուն ուրիշները քաջալերելու համար գործածելը, միութիւնը եւ եղբայրական հոգին յառաջացնելու կարեւոր կերպ մըն է։ Թլփատութեան հարցը լուծելու համար առաջին դարուն կառավարիչ մարմնին յղած նամակը քաջալերութեան աղբիւր մը եղաւ։ Անտիոքի հեթանոս աշակերտները զայն կարդալէ ետք, «ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար»։ Յուդան եւ Շիղան, որոնք նամակին հետ Երուսաղէմէն առաքուեցան, «շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին»։ Անկասկած, Պօղոսի եւ Բառնաբասի ներկայութիւնն ալ Անտիոքի հաւատակիցները քաջալերեց եւ զօրացուց։ (Գործք 15։1–3, 23–32) Մենք ալ երբ Քրիստոնէական ժողովներու համար կը հաւաքուինք, ճիշդ նոյնը կրնանք ընել եւ մեր ներկայութեամբ ու կերտիչ պատասխաններով կրնանք ‘մէկզմէկ յորդորել’։—Եբրայեցիս 10։24, 25

10. Միութիւնը պահպանելու համար, ի՞նչ պէտք է ընել երբ վարկաբեկում տեղի ունեցած է։

10 Սակայն, լեզուի սխալ գործածութիւնը մեր միութեան կրնայ սպառնալ։ «Լեզուն պզտիկ անդամ մըն է, բայց մեծ բաներ կը խօսի։ Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ», գրեց Յակոբոս աշակերտ։ (Յակոբու 3։5) Եհովա կ’ատէ կռիւ հանողները։ (Առակաց 6։6–19) Այսպիսի խօսակցութիւններ անմիաբանութիւն կը յառաջացնեն։ Ուստի, երբ վարկաբեկում ըլլայ, այսինքն, անհատ մը նախատինքի առարկայ դառնայ, կամ նախատական խօսակցութեան ենթարկուի, ի՞նչ կարելի է ընել։ Երէցները պիտի ջանան յանցաւորին օգնել։ Սակայն, ան որ կը վարկաբեկէ ու չի զղջար, պէտք է վտարուի, որպէսզի ժողովքին խաղաղութիւնը, կարգապահութիւնը եւ միութիւնը պահպանուի։ Պօղոս գրեց. «Ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը . . . նախատող [ըլլայ] . . . անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք»։—Ա. Կորնթացիս 5։11

11. Երբ բան մը ըսած ենք որու պատճառաւ մեր եւ հաւատակիցի մը միջեւ լարուածութիւն յառաջացած է, այս պարագային խոնարհութիւնը ի՞նչու կարեւոր է։

11 Լեզուն սանձելը՝ միութիւնը պահպանելուն կը նպաստէ։ (Յակոբու 3։10–18) Բայց ենթադրենք որ բան մը ըսինք, որու պատճառաւ լարուածութիւն մը ստեղծուեցաւ մեր եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցի մը միջեւ։ Պատշաճ պիտի չըլլա՞ր նախաքայլը առնելով մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն հաստատել, եթէ հարկ ըլլայ ներողութիւն խնդրելով։ (Մատթէոս 5։23, 24) Ճիշդ է որ ասիկա հեզութիւն, կամ մտքի խոնարհութիւն կը պահանջէ, բայց Պետրոս գրեց. «Խոնարհութիւն հագէք. վասնզի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Ա. Պետրոս 5։5) Խոնարհութիւնը պիտի մղէ որ մեր եղբայրներուն հետ ‘խաղաղութիւն փտռենք’, մեր սխալները ընդունելով եւ եղած բանին համար հարկ եղած չքմեղանքը ներկայացնելով։ Ասիկա կ’օգնէ որ Եհովայի ընտանիքին մէջ միութիւնը պահպանուի։—Ա. Պետրոս 3։10, 11

12. Մեր լեզուն ի՞նչպէս կրնանք գործածել Եհովայի ժողովուրդին միութիւնը պահպանելու եւ զայն յառաջացնելու համար։

12 Եհովայի կազմակերպութեան անդամներուն մէջ ընտանեկան հոգի կրնանք յառաջացնել, երբ մեր լեզուն շիտակ կերպով գործածենք։ Քանի որ Պօղոս այսպէս վարուեցաւ, ան կրցաւ Թեսաղոնիկեցիներուն վերյիշեցնել. «Ինչպէս գիտէք, ձեզմէ ամէն մէկը՝ ինչպէս հայր մը իր որդիները, այնպէս կը յորդորէինք ու կը մխիթարէինք եւ կը վկայէինք, որպէսզի դուք Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալէք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։11, 12) Այս բանին մէջ օրինակ հանդիսանալով, Պօղոս կրնար յորդորել իր Քրիստոնեայ ընկերները որ ‘վատասիրտները մխիթարեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Խորհեցէք թէ ո՜րքան բարիք կրնանք ընել մեր լեզուն մխիթարելու, քաջալերելու եւ կերտելու համար գործածելով։ Այո, «ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է»։ (Առակաց 15։23) Այսպիսի խօսակցութիւն մը Եհովայի ժողովուրդին միութիւնը կ’ամրապնդէ։

Ներող Եղէ՛ք

13. Ինչո՞ւ ներող պէտք է ըլլանք։

13 Քիրստոնէական միութիւնը պահպանելու համար, ներողութիւն խնդրող յանցաւորի մը ներելը անհրաժեշտ է։ Իսկ ո՞րքան յաճախ պէտք է ներենք։ Յիսուս ըսաւ Պետրոսի. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը [եօթանասուն եօթը անգամ, ՆԱ]»։ (Մատթէոս 18։22) Եթէ ներող չենք, մենք մեզի վնաս կը հասցնենք։ Ի՞նչպէս։ Թշնամանքը եւ ոխ սնուցանելը մեր մտքի խաղաղութիւնը պիտի խլեն։ Իսկ եթէ ճանչցուինք որպէս բիրտ եւ չներող մէկը, մենք մեր վրայ նեղութիւն պիտի բերենք։ (Առակաց 11։17) Քինախնդիր ըլլալը հաճելի չէ Աստուծոյ եւ լուրջ մեղքի կրնայ առաջնորդել։ (Ղեւտացւոց 19։18) Յիշեցէք որ Յովհաննէս Մկրտիչ գլխատուեցաւ չար Հերովդիայի յերիւրանքով, քանի որ «ոխ ունէր անոր դէմ»։—Մարկոս 6։19–28

14. (ա) Մատթէոս 6։14, 15–ը ի՞նչ կը սորվեցնէ ներողամտութեան մասին։ (բ) Անհատի մը ներելու համար միշտ պէտք է սպասենք որ ան ներողութի՞ւն խնդրէ։

14 Յիսուսի տիպար աղօթքին մէջ հետեւեալ նախադասութիւնը կը գտնուի. «Մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են»։ (Ղուկաս 11։4) Եթէ ներող չենք, վտանգ կայ որ օր մը Եհովա Աստուած ալ մեզի չներէ մեր մեղքերը, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ (Մատթէոս 6։14, 15) Ուստի, եթէ Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին մէջ միութիւնը պահպանելու համար իրապէս կը փափաքինք մեր բաժինը բերել, ներող պէտք է ըլլանք, թերեւս պարզապէս մոռնալով չարամտութեամբ չեղած, անխոհեմ արարքի մը պատճառած վիրաւորանքը։ Պօղոս ըսաւ. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [Եհովան, ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք»։ (Կողոսացիս 3։13) Երբ ներող ենք, Եհովայի կազմակերպութեան թանկագին միութիւնը պահպանուելուն պիտի նպաստենք։

Միութիւն եւ Անձնական Որոշումներ

15. Անձնական որոշումներ կայացնելու ժամանակ, ի՞նչ բան կ’օգնէ Եհովայի ծառաներուն որ միութիւնը պահպանեն։

15 Աստուած մեզ բարոյական ազատ գործակալներ ստեղծած է, անձնական որոշումներ կայացնելու առանձնաշնորհումով եւ պատասխանատուութեամբ։ (Բ. Օրինաց 30։19։ 20. Գաղատացիս 6։5) Սակայն, մենք մեր միութիւնը պահպանելու կարող ենք, քանի որ Աստուածաշունչի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն կ’ենթարկուինք։ Երբ անձնական որոշումներ կու տանք, զանոնք նկատի կ’առնենք։ (Գործք 5։29. Ա. Յովհաննու 5։3) Ենթադրենք որ չէզոքութեան մասին հարց մը ծագեցաւ։ Անձնական գիտակից որոշում մը կ’առնենք, յիշելով որ ‘մենք աշխարհէն չենք’ եւ թէ ‘մեր սուրերը խոփեր’ ըրած ենք։ (Յովհաննու 17։16. Եսայեայ 2։2–4) Նմանապէս, երբ Պետութեան նկատմամբ մեր յարաբերութեան շուրջ անձնական որոշում մը պէտք է տանք, ուշադիր կ’ըլլանք ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ ‘Աստուծոյ պատկանած բաները Աստուծոյ տալու’ մասին։ (Ղուկաս 20։25. Հռովմայեցիս 13։1–7. Տիտոս 3։1, 2) Այո, մեր անձնական որոշումներուն մէջ Աստուածաշունչի օրէնքներն ու սկզբունքները նկատի առնելը մեր Քրիստոնէական միութիւնը պահպանելու կը նպաստէ։

16. Երբ Աստուածաշունչի օրէնքներուն հետ կապ չունեցող որոշում մը կու տանք, ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ միութիւնը պահպանենք։ Բացատրեցէք։

16 Քրիստոնէական միութիւնը պահպանելու կրնանք նպաստել նոյնիսկ երբ բոլորովին անձնական որոշում մը պիտի կայացնենք, որ Աստուածաշունչի օրէքներուն հետ բնաւ կապ չունի։ Ի՞նչպէս։ Եթէ մեր որոշումը ուրիշներուն կրնայ ազդել, անոնց հանդէպ սիրալիր նկատողութիւն ցոյց տալով։ Բացատրենք. վաղեմի Կորնթոսի ժողովքին մէջ, կուռքերու զոհուած միսի շուրջ հարց ծագեցաւ։ Անշուշտ, Քրիստոնեայ մը կռապաշտական արարողութիւններու չէր մասնակցեր։ Սակայն, լաւ կերպով արիւնը թափուած ու հանրային շուկային մէջ ծախուած այս միսերէն ուտելը՝ մեղք մը չէր։ (Գործք 15։28, 29. Ա. Կորնթացիս 10։25) Այսուհանդերձ, այսպիսի միս ուտելը կարգ մը Քրիստոնեաներու խղճմտանքը կրնար անհանգստացնել։ Ուստի, Պօղոս միւս Քրիստոնեաները յորդորեց որ անոնց գայթակղութիւն չըլլան։ Ան գրեց. «Եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէսզի իմ եղբայրս չգայթակղի»։ (Ա. Կորնթացիս 8։13) Ուստի, նոյնիսկ երբ սուրբ գրային օրէնք մը կամ սկզբունք մը խնդրոյ առարկայ չէ, որքա՜ն սիրալիր է ուրիշները նկատի ունենալ, երբ որոշումներ կու տանք, որոնք կրնան Աստուծոյ ընտանիքին միութեան ազդել։

17. Երբ անձնական որոշում մը պիտի կայացնենք, ի՞նչ բան ընել խոհեմութիւն է։

17 Եթէ չենք գիտեր ի՛նչ ընթացք բռնել, իմաստութիւն է այնպիսի որոշում մը տալ որ մեր խիղճը հանգիստ ըլլայ եւ ուրիշներ ալ յարգեն զայն։ (Հռովմայեցիս 14։10–12) Անշուշտ, երբ անձնական որոշումի մը առջեւ գտնուինք, աղօթքով Եհովայէ առաջնորդութիւն պէտք է հայցենք։ Սաղմոսերգուին նման, վստահութեամբ կրնանք աղօթել. «Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր . . . վասնզի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ»։—Սաղմոս 31։2, 3

Միշտ Քրիստոնէական Միութիւնը Պահպանենք

18. Պօղոս Քրիստոնէական ժողովքին միութիւնը ի՞նչ բանի հետ բաղդատեց։

18 Ա. Կորնթացիս 12–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս մարդկային մարմինը որպէս օրինակ կը գործածէ, Քրիստոնէական ժողովքին միութիւնը բացատրելու համար։ Ան իւրաքանչիւր անդամին իրարմէ կախեալ ըլլալը եւ կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Պօղոս հարցուց. «Եթէ ամէնքը միայն մէկ անդամ ըլլային, մարմինը ո՞ւր պիտի ըլլար։ Բայց հիմա անդամները շատ են, իսկ մարմինը՝ մէկ։ Չի կրնար աչքը ըսել ձեռքին թէ՝ ‘Դուն ինծի պէտք չես’ եւ ոչ ալ գլուխը՝ ոտքերուն՝ թէ ‘Դուք ինծի պէտք չէք’»։ (Ա. Կորնթացիս 12։19–21) Նմանապէս, Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին մէջ բոլորս նոյն պաշտօնը չունինք։ Այսուհանդերձ միացած ենք եւ իրարու պէտք ունինք։

19. Աստուծոյ հոգեւոր հայթայթումներէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք եւ տարեց եղբայր մը ի՞նչ ըսաւ այս մասին։

19 Ինչպէս որ մարմինը կերակուրի, խնամքի եւ ուղղութեան պէտք ունի, մենք ալ հոգեւոր հայթայթումներու պէտք ունինք, զորս Աստուած կու տայ իր Խօսքին, հոգիին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ Այս հայթայթումներէն օգտուելու համար, Եհովայի երկրային ընտանիքին մէկ մասը պէտք է ըլլանք։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ երկար տարիներ անցընելէ ետք, եղբայր մը գրեց. «Շա՜տ երախտապարտ եմ որ սկիզբի ժամանակներէն, 1914–էն առաջ, սկսայ Եհովայի նպատակներուն գիտութեան համաձայն ապրիլ՝ երբ ամբողջ ճշմարտութիւնը այսքան յստակ չէր՝ . . . մինչեւ հիմա, երբ ճշմարտութիւնը միջօրէի արեւուն պէս կը փայլի։ Միակ բանը որ ինծի համար շատ կարեւոր էր, ան ալ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան կապուած մնալն էր։ Սկիզբի փորձառութենէս սորվեցայ թէ ո՛րքան յիմարութիւն է մարդկային տրամաբանութեան ապաւինիլ։ Անգամ մը որ մտքիս մէջ վճռեցի ասիկա, որոշեցի հաւատարիմ կազմակերպութեան կողքին մնալ։ Ապա թէ ոչ անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ Եհովայի հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը ստանալ»։

20. Որպէս Եհովայի ծառաներ մեր միութեան առնչութեամբ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

20 Եհովա իր ժողովուրդը այս աշխարհի խաւարէն եւ անմիաբանութենէն դուրս բերած է։ (Ա. Պետրոս 2։9) Ան մեզ իրեն եւ մեր հաւատակիցներուն հետ օրհնեալ միութեան մէջ բերած է։ Այս միութիւնը գոյութիւն պիտի ունենայ հիմա շատ մօտ եղող նոր դրութեան մէջ։ Այս դժուարին վերջին օրերուն, ուրեմն, շարունակենք ‘սէր հագնիլ’ եւ մեր կարելին ընենք մեր թանկագին միութիւնը յառաջացնելու եւ պահպանելու համար։—Կողոսացիս 3։14

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

◻ Աստուծոյ կամքը կատարելը եւ ճշմարտութեան կառչած մնալը ի՞նչու միութիւնը պահպանելու կը նպաստեն։

◻ Միութիւնը ի՞նչ կապ ունի լեզուի պատշաճ գործածութեան հետ։

◻ Ներող ըլլալու մէջ ի՞նչ բան պարփակուած է։

◻ Երբ անձնական որոշումներ կը կայացնենք, ինչպէ՞ս կրնանք միութիւնը պահպանել։

◻ Ինչո՞ւ պէտք է պահպանենք Քրիստոնէական միութիւնը։

[Նկար՝ էջ 27]

Ինչպէս որ այս հովիւը իր հօտը համախմբուած կը պահէ, այդպէս ալ Եհովան իր ժողովուրդը միացած կը պահէ

[Նկարներ՝ էջ 31]

Երբ կը վիրաւորենք, խոնարհութեամբ ներողութիւն խնդրելով՝ միութեան կը նպաստենք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել