Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Տիպար աղօթքին համաձայն ապրէ (մաս 1)
    Դիտարան 2015 | Յունիս 15
    • «ՈՎ ՀԱՅՐ ՄԵՐ ՈՐ ԵՐԿԻՆՔՆ ԵՍ»

      4. ա) «Հայր մեր» արտայայտութիւնը մեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։ բ) Երկրային յոյս ունեցողները ի՞նչ առումով կրնան Եհովան «Հայր» կոչել։

      4 Յիսուս «Հայր իմ» չըսաւ, հապա՝ «Հայր մեր»։ Այս արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ «եղբայրութեան» մը կը պատկանինք, որուն մէջ իսկական սէր կայ (Ա. Պետ. 2։17)։ Ասիկա ի՜նչ անգին առանձնաշնորհում մըն է։ Օծեալները, որոնք երկնային կեանքի հեռանկարով Աստուծմէ որդեգրուած են, մասնայատուկ կերպով կրնան Եհովային «Հայր» ըսել (Հռով. 8։15-17)։ Իսկ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյս ունեցողնե՞րը. . . ։ Եհովան իրենց կեանք կու տայ եւ իրենց կարիքները սիրով կը գոհացնէ։ Ուստի իրե՛նք ալ կրնան Զինք «Հայր» կոչել։ Բայց անոնք բառին բուն իմաստով Աստուծոյ որդիները պիտի դառնան, երբ կատարելութեան հասնին եւ վերջին փորձէն հաւատարիմ դուրս գան (Հռով. 8։21. Յայտ. 20։7)։

  • Տիպար աղօթքին համաձայն ապրէ (մաս 1)
    Դիտարան 2015 | Յունիս 15
    • «ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱՅ»

      7. Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ առանձնաշնորհում ունին, եւ ի՞նչ պէտք է ընեն։

      7 Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է Աստուծոյ անունը ոչ միայն գիտնալ, այլեւ՝ կրել որպէս «ժողովուրդ մը. . . իր անուանը համար» (Գործք 15։14. Եսա. 43։10)։ Երբ մեր երկնաւոր Հօր կ’աղերսենք. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ», նաեւ կը մղուինք խնդրելու, որ մեզի օգնէ իր անունը որեւէ կերպով չարատաւորելու, ըլլայ խօսքով կամ գործով։ Չենք ուզեր նմանիլ առաջին դարու կարգ մը քարոզիչներու, որոնք իրենց ըսածները չէին գործադրեր։ Պօղոս առաքեալ անոնց առնչութեամբ գրեց. «Ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն» (Հռով. 2։21-24)։

      8, 9. Օրինակ մը տուր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օրհնէ զանոնք, որոնք կ’ուզեն իր անունը սրբացնել։

      8 Կ’ուզենք Աստուծոյ անունը սրբացնել։ Նորվեկիոյ մէջ, երբ քրոջ մը ամուսինը կանխահաս մեռաւ, իր երկու տարեկան մանչին պատասխանատուութիւնը իր վրայ մնաց։ «Շատ դժուար ժամանակաշրջան մըն էր», կը բացատրէ ան։ «Ամէն օր, գրեթէ ամէն ժամ կ’աղօթէի որ Աստուած զիս զօրացնէ, որ զգացումներս հաւասարակշռեմ, այնպէս որ անխոհեմ որոշումով մը կամ անհաւատարիմ գտնուելով Սատանային առիթ չտամ որ Եհովան անարգէ։ Կ’ուզէի Եհովայի անունը սրբացնել, ինչպէս նաեւ կը փափաքէի որ տղաս դարձեալ իր հայրը տեսնէ Դրախտին մէջ» (Առ. 27։11)։

      9 Եհովան պատասխանե՞ց այդ անձնուրաց աղօթքներուն։ Այո՛։ Հոգատար հաւատակիցներու հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելով քոյրը քաջալերուեցաւ։ Հինգ տարի ետք, ան երէցի մը հետ ամուսնացաւ։ Իր տղան որ այժմ 20 տարեկան է, մկրտուած եղբայր է։ Քոյրը կ’ըսէ. «Շատ ուրախ եմ որ ամուսինս ինծի օգնեց զինք դաստիարակելու»։

      10. Եհովան ինչպէ՞ս իր անունը լիովին պիտի սրբացնէ։

      10 Որպէսզի Աստուծոյ անունը լիովին սրբացուի եւ ամէն նախատինք անկէ վերցուի, Ան պէտք է մէջտեղէն վերցնէ այն բոլորը, որոնք իր գերիշխանութիւնը կը մերժեն (կարդա՛ Եզեկիէլ 38։22, 23)։ Մարդկութիւնը աստիճանաբար կատարելութեան պիտի հասնի։ Անհամբեր կը սպասենք այն ատենուան, երբ բոլոր մտացի արարածները պիտի պատուեն Եհովայի անունը։ Ա՛յն ատեն է որ մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը վերջապէս պիտի ըլլայ «ամէն ինչ՝ բոլորին համար» (Ա. Կոր. 15։28, ՆԱ)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել