«Քու թագաւորութիւնդ գայ». բայց ե՞րբ
«Երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով» (ՄԱՏ. 24։33)։
1, 2. ա) Ի՞նչը կրնայ տեսակ մը կուրութիւն պատճառել։ բ) Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ գիտենք։
ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ նկատի առած ես, թէ մարդիկ յաճախ միջադէպի մը մանրամասնութիւնները նոյն կերպով չեն յիշեր։ Համանման կերպով, հիւանդ մը թերեւս դժուարաւ յիշէ, թէ ախտաճանաչումէն ետք բժիշկը ճիշդ ի՛նչ ըսաւ իրեն։ Կամ անհատ մը թերեւս իր բանալիները կամ ակնոցները փնտռէ, մինչ ատոնք ձեռքի տակ են։ Հետազօտիչներ կ’ըսեն, թէ տեսակ մը կուրութիւն կ’ունենանք, երբ ջանանք միեւնոյն ժամանակ մի քանի բան ընել։ Այնպէս կը թուի, թէ մեր ուղեղը կրնայ ամէն անգամ միայն մէկ բանի վրայ լիովին կեդրոնանալ։
2 Ներկայիս, շատեր համանման «կուրութիւն» կ’ունենան՝ աշխարհին մէջ պատահած իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Անոնք թերեւս խոստովանին, թէ 1914–էն ի վեր աշխարհի վիճակները հսկայական կերպով փոխուած են, բայց չեն հասկնար թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Աստուածաշունչը սերտողներ ըլլալով, գիտենք թէ 1914–ին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը առումով մը եկաւ, երբ Յիսուս երկնքի մէջ թագադրուեցաւ։ Բայց գիտենք թէ «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» աղօթքին պատասխանը աւելի՛ն կը պարփակէ (Մատ. 6։10)։ Յստակ է որ ատիկա կ’ընդգրկէ ներկայ չար աշխարհին վախճանը։ Միայն երբ այդ վախճանը տեղի ունենայ, Աստուծոյ կամքը կրնայ երկրի վրայ կատարուիլ, ինչպէս որ երկնքի մէջ կը կատարուի։
3. Աստուծոյ Խօսքը սերտելով՝ ի՞նչ առաւելութիւն ունինք։
3 Քանի որ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը կը սերտենք, կրնանք տեսնել թէ այս մարգարէութիւնը այժմ կը կատարուի։ Ի՜նչ հակապատկեր մարդոց մեծամասնութեան։ Անոնց կեանքը հետապնդումներով ա՛յնքան խճողուած է, որ կ’անտեսեն այն յստակ ապացոյցը, թէ Քրիստոս 1914–էն ի վեր կ’իշխէ եւ շուտով Աստուծոյ դատաստանը պիտի գործադրէ։ Եթէ տասնամեակներէ ի վեր Աստուծոյ կը ծառայես, դուն քեզի հարց տուր. ‘Տակաւին կը հաւատա՞մ որ այս աշխարհին վախճանը շատ մօտ է եւ թէ համաշխարհային իրադարձութիւնները զայս կը փաստեն’։ Նոյնիսկ եթէ վերջերս Վկայ մը եղար, ուշադրութիւնդ ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացած է։ Պատասխանդ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, նկատի առ երեք կարեւոր պատճառներ, թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ օծեալ Թագաւորը շուտով յաւելեալ քայլեր պիտի առնէ, որպէսզի աստուածային կամքը երկրի վրայ լիովին կատարուի։
ՁԻԱՒՈՐՆԵՐԸ Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱԾ ԵՆ
4, 5. ա) 1914–էն ի վեր, Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Յիսուսի հետեւող երեք ձիաւորները ի՞նչ կը պատկերացնեն եւ ատոնց առնչուող մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։
4 1914–ին, Յիսուս Քրիստոս,– ճերմակ ձիուն Հեծեալը,– իր երկնային թագը ստացաւ։ Ան անմիջապէս գնաց յաղթանակ տանելու Սատանայի չար աշխարհին վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 6։1, 2)։ Յայտնութիւն 6–րդ գլուխին մարգարէութիւնը կանխագուշակեց, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէ ետք, երկրի վիճակները պիտի վատթարանային,– պատերազմ, սով, համաճարակ եւ մահ պատճառող ա՛յլ դէպքեր։ Այս զարգացումները նկարագրուած են երեք ձիաւորներով, որոնք Յիսուս Քրիստոսին ճիշդ ետեւէն կ’արշաւեն (Յայտ. 6։3-8)։
5 Թէեւ բազմաթիւ ազգեր խոստացած էին համագործակցիլ եւ խաղաղութիւնը պահպանել, բայց ինչպէս կանխագուշակուած էր, ‘երկրէն խաղաղութիւնը վերցուեցաւ’։ Ա. Աշխարհամարտը առաջինն էր բազմաթիւ կործանարար պատերազմներու, որոնք երկրէն խաղաղութիւնը պիտի վերցնէին։ Հակառակ անոր որ 1914–էն ի վեր տնտեսական եւ գիտական շատ յառաջդիմութիւն տեղի ունեցած է, սովերը կը շարունակեն աշխարհի տարածքին բախումներու պատճառ ըլլալ։ Ասկէ զատ, ո՞վ կրնայ ուրանալ այն իրողութիւնը, թէ ամէն տարի համաճարակներ եւ բնական աղէտներ միլիոնաւոր զոհեր կը պատճառեն։ Աննախընթաց կերպով այս դէպքերը մեծ տարողութիւն ունին, յաճախ կը կրկնուին եւ ուժգին են։ Ասոր նշանակութիւնը լուրջի կ’առնե՞ս։
Մինչ ձիաւորները կ’արշաւեն, համաշխարհային կացութիւնը կը շարունակէ վատթարանալ (տե՛ս պարբերութիւն 4, 5)
6. Որո՞նք Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման ուշադրութիւն ընծայած են, եւ անոնք ի՞նչ ըրին երբ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։
6 Ա. Աշխարհամարտին եւ սպանական կրիփին պատճառաւ, շատեր մտացիր եղան։ Բայց օծեալ քրիստոնեաները անձկագին կ’ակնկալէին, որ 1914–ին «ազգերուն ժամանակները» պիտի լմննային (Ղուկ. 21։24)։ Անոնք չէին գիտեր թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի պիտի ունենար. բայց, գիտէին թէ 1914–ը աստուածային իշխանութեան առնչութեամբ դարձակէտ մը պիտի ըլլար։ Երբ օծեալները Աստուածաշունչի այս մարգարէութեան կատարումը զատորոշեցին, սկսան համարձակօրէն ուրիշներուն պատմել թէ Աստուծոյ իշխանութիւնը սկսած է։ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներէն շատեր սաստիկ հալածանք կրեցին, ինչ որ մարգարէութեան յաւելեալ կատարում էր։ Անկէ ետք, տարիներ շարունակ, Թագաւորութեան թշնամիները դիմեցին օրէնքին, բռնութեան, բանտարկութեան եւ նոյնիսկ մահապատիժին, որպէսզի քարոզչութիւնը կասեցնեն (Սաղ. 94։20. Յայտ. 12։15)։
7. Մարդոց մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ չէ կրցած աշխարհի իրադարձութիւններուն իսկական իմաստը զատորոշել։
7 Եթէ ա՛յսքան ապացոյցներ կան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուած է, ուրեմն ինչո՞ւ մարդոց մեծամասնութիւնը ասոր չ’անդրադառնար։ Ինչո՞ւ չեն կրնար տեսնել, թէ աշխարհի իրադարձութիւնները Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարո՛ւմն են, ճիշդ ինչպէս որ Աստուծոյ ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը քարոզէ։ Անոնք միայն իրենց ուզա՞ծը կը տեսնեն (Բ. Կոր. 5։7)։ Անոնք ա՞յնքան խճողուած կեանք կը վարեն, որ Աստուծոյ ըրած բաները չեն տեսներ (Մատ. 24։37-39)։ Սատանայի աշխարհին գաղափարներն ու նպատակակէտերը արդեօք անոնցմէ ոմանց մտացիր կը դարձնե՞ն (Բ. Կոր. 4։4)։ Հոգեղէն ծիրին մէջ տեղի ունեցող դէպքերը տեսնելը հաւատք եւ հոգեւոր խելամտութիւն կը պահանջէ։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ իրողութիւններուն նկատմամբ կոյր չենք։
ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՆԱՅ
8-10. ա) Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը ինչպէ՞ս կատարուած է։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ չարութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ։
8 Աշխարհը աննախընթաց կերպով չարութեան մէջ ընկղմած է, եւ այս վիճակը երթալով կը վատթարանայ։ Ասիկա երկրորդ պատճառ մըն է, թէ ինչո՛ւ գիտենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօ՛տ օրէն երկրի վերաբերող հարցերը ձեռք պիտի առնէ։ Շուրջ 100 տարի է որ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի մարգարէութեան կատարումը կը տեսնենք։ Այդ համարներուն մէջ նկարագրուած վարքը աշխարհի չորս կողմը կը տարածուի։ Դուն այս մէկը կը տեսնե՞ս։ Քննարկենք կարգ մը օրինակներ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13)։
9 Նկատի առ այն ինչ որ մարդիկը կը ցնցէր 1940–ական կամ 1950–ական թուականներուն եւ ինչ որ այժմ տեղի կ’ունենայ աշխատավայրին մէջ եւ ժամանցի, մարզանքի ու նորաձեւութեան մարզերուն մէջ։ Ներկայիս չափազանց բռնութիւնը եւ անբարոյութիւնը սովորական են։ Մարդիկ կը մրցակցին որպէսզի ուրիշներէն աւելի շատ վայրագ, անվայել կամ անգութ թուին։ Հեռատեսիլի յայտագիրներ, որոնք 1950–ական թուականներուն չափահասներու յատուկ յայտագիրներ կը դասուէին, այժմ ընտանեկան յայտագիրներ կը դասուին։ Շատեր կը նկատեն միասեռականներուն բանեցուցած մեծ ազդեցութիւնը ժամանցին եւ նորաձեւութեան վրայ եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք իրենց կենցաղակերպը հրապարակաւ կը յառաջացնեն։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ այսպիսի բաներու նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը գիտենք (կարդա՛ Յուդա 14, 15)։
10 Նաեւ, համեմատէ 1950–ական թուականներու պատանիներուն ըմբոստ վարքը այսօրուան պատանիներուն վարքին հետ։ Ծնողներ արդարացիօրէն կը մտահոգուէին, թէ արդեօք իրենց զաւակները կը ծխե՛ն, ալքոլ կը խմե՛ն կամ անպատշաճ կերպով կը պարե՛ն։ Ներկայիս, յաճախ հետեւեալին նման ցնցիչ լուրեր կը լսենք. 15 տարեկան աշակերտ մը իր դասընկերներուն վրայ կը կրակէ, մեռցնելով 2 հոգի եւ վիրաւորելով 13 հոգի։ Խումբ մը գինով պատանիներ վայրագօրէն կը սպաննեն 9 տարեկան աղջնակ մը եւ կը ծեծեն անոր հայրն ու մէկ ազգականը։ Կ’ըսուի թէ ասիական երկրի մը մէջ, վերջին 10 տարիներուն գործուած ոճիրներուն կէսը պատանիներուն ձեռքով եղած է։ Կրնա՞յ մէկը ուրանալ թէ վիճակները շա՛տ վատթարացած են։
11. Շատեր ինչո՞ւ չեն նկատեր թէ վիճակները հետզհետէ կը վատթարանան։
11 Պետրոս առաքեալ ճշգրտօրէն ըսաւ. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’» (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Ոմանք ինչո՞ւ այս կերպով կը հակազդեն։ Այնպէս կը թուի, թէ նուազ ուշադրութիւն կ’ընծայենք այն բաներուն, որոնք շատ յաճախ կը տեսնենք։ Եթէ մօտիկ բարեկամի մը վարքը յանկարծ փոխուի, կրնանք խորապէս ցնցուիլ։ Միւս կողմէ, թերեւս չնշմարենք թէ երկար ժամանակի ընթացքին առհասարակ մարդոց կեցուածքն ու բարոյականութիւնը աստիճանաբար փոխուած են։ Բարոյականութեան այս աստիճանական անկումը սակայն կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։
12, 13. ա) Համաշխարհային զարգացումները ինչո՞ւ պէտք չէ մեզ վհատեցնեն։ բ) Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ տոկանք։
12 Պօղոս առաքեալ մեզ զգուշացուց, թէ «վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան» (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց եւ այնպէս, կարելի է այս դժուար պարագաներուն ներքեւ ապրիլ ե՛ւ Եհովայի հաւատարիմ մնալ։ Եհովային, իր հոգիին եւ քրիստոնէական ժողովքին օգնութեամբ, կրնանք որեւէ յուսախաբութիւն կամ վախ յաղթահարել ու շարունակել Եհովայի հանդէպ ուղղամիտ մնալ։ Ան մեզի պիտի տայ «զօրութեան առաւելութիւնը» կամ սովորականը գերազանցող ուժը (Բ. Կոր. 4։7-10)։
13 Պօղոս «վերջին օրեր»ու առնչուող մարգարէութիւնը սկսաւ «գիտցիր թէ» արտայայտութեամբ, ինչ որ կ’երաշխաւորէ թէ մարգարէութիւնը անպայման պիտի կատարուի։ Կասկած չկայ, որ մարդկային անբարեպաշտ ընկերութիւնը հետզհետէ պիտի վատթարանայ, մինչեւ որ Եհովան միջամտէ եւ անոր վերջ տայ։ Պատմաբաններ նշած են, թէ ինչպէ՛ս կարգ մը ընկերութիւններ կամ ազգեր բարոյական անկում կրելէ ետք փուլ եկած են։ Ներկայիս, աննախընթաց կերպով ամբողջ աշխարհի բարոյական մակարդակը շատ ցածցած է։ Շատեր թերեւս անտեսեն ասոր նշանակութիւնը, սակայն 1914–էն ի վեր տեղի ունեցող այս մասնայատուկ զարգացումը պէտք է մեզ համոզէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով ամբողջ չարութեան վերջ պիտի դնէ։
ԱՅՍ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՊԻՏԻ ՉԱՆՑՆԻ
14-16. Ի՞նչ երրորդ պատճառ մը մեզ կը հաւաստիացնէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի «գայ»։
14 Աստուծոյ ժողովուրդին արդի պատմութիւնը երրորդ պատճառ մըն է, որ մեզ կը վստահեցնէ թէ վախճանը մօտ է։ Օրինակ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուելէ առաջ, խումբ մը հաւատարիմ օծեալներ գործօն կերպով Աստուծոյ կը ծառայէին։ Երբ 1914–ի առնչուող իրենց կարգ մը ակնկալութիւնները ջուրը ինկան, ի՞նչ ըրին։ Անոնց մեծամասնութիւնը փորձութեան եւ հալածանքի տակ իր ուղղամտութիւնը պահպանեց եւ շարունակեց Եհովային ծառայել։ Տարիներու ընթացքին, այս օծեալներուն մեծ մասը,– եթէ ոչ բոլորը,– հաւատարմաբար իր երկրային ընթացքը աւարտած է։
15 Աշխարհի վախճանին վերաբերող իր մանրամասն մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Այս ազգը [«սերունդը», ԱԾ] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան» (կարդա՛ Մատթէոս 24։33-35)։ Կը հասկնանք թէ Յիսուսի նշած «այս սերունդը» կը պարփակէ օծեալ քրիստոնեաներու երկու խումբ։ Առաջին խումբին պատկանողները 1914–ին առկայ էին եւ Քրիստոսի ներկայութեան նշանը զատորոշեցին։ Անոնք ոչ թէ պարզապէս ողջ էին 1914–ին, հապա այդ տարին կամ անկէ առաջ Աստուծոյ հոգիով օծուած էին որպէս իր որդիները (Հռով. 8։14-17)։
16 «Այս սերունդ»ին երկրորդ խումբը կը պարփակէ առաջին խումբին ժամանակակից օծեալները։ Անոնք ոչ թէ պարզապէս ողջ էին առաջին խումբի պատկանողներուն կեանքի տեւողութեան ընթացքին, հապա անոնք սուրբ հոգիով օծուած էին, երբ առաջին խումբի պատկանողները տակաւին երկրի վրայ ողջ էին։ Ուստի, ներկայիս միայն կարգ մը օծեալներ պարփակուած են «այս սերունդ»ին մէջ, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ։ Այժմ, երկրորդ խումբին պատկանողները կը ծերանան։ Ասով հանդերձ, Մատթէոս 24։34–ը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ մեծ նեղութեան սկսելուն ականատես ըլլալէ առաջ, առնուազն ‘այս սերունդէն ոմանք պիտի չանցնին’։ Ասիկա մեզ ա՛լ աւելի կը համոզէ, որ քիչ ժամանակ ետք Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ամբարիշտները պիտի բնաջնջէ եւ արդար նոր աշխարհ մը հաստատէ (Բ. Պետ. 3։13)։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՇՈՒՏՈՎ ԻՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ԱՄԲՈՂՋԱՑՆԷ
17. Մեր քննարկած ապացոյցները մեզի կ’օգնեն որ ի՞նչ եզրակացնենք։
17 Մեր նկատի առած ապացոյցներէն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Ինչպէս որ Յիսուս մեզ զգուշացուց, մենք վախճանին ճիշդ օրն ու ժամը չենք գիտեր (Մատ. 24։36. 25։13)։ Բայց գիտենք թէ «ժամանակն է որ քունէն արթննանք» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 13։11)։ Մենք կ’ապրի՛նք վերջին օրերուն մէջ։ Եթէ լիովին ուշադրութիւն ընծայենք Աստուածաշունչի մարգարէութեան եւ Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի իրագործումներուն, պիտի տեսնե՛նք այն յստակ ապացոյցը, թէ այս չար աշխարհին վախճանը շա՜տ մօտ է։
18. Ի՞նչ կը սպասէ անոնց՝ որոնք կը մերժեն Յիսուս Քրիստոսը ընդունիլ որպէս Թագաւոր։
18 Շուտով անոնք, որոնք կը մերժեն ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսի՝ ճերմակ ձիուն յաղթական Հեծեալին՝ հեղինակութիւնը, պիտի ստիպուին խոստովանիլ թէ սխալեցան։ Անոնք պիտի չկարենան գալիք դատաստանէն խոյս տալ։ Այդ ատեն, շատեր ահով ու դողով պիտի բացագանչեն. «Ո՞վ կրնայ դիմանալ» (Յայտ. 6։15-17)։ Օծեալները եւ երկրային յոյս ունեցողները պիտի կարենան Աստուծոյ հաճութեամբ այդ օրը «դիմանալ»։ Ապա, ուրիշ ոչխարներու «մեծ բազմութիւն»ը մեծ նեղութենէն պիտի վերապրի (Յայտ. 7։9, 13-15)։
19. Վստահ ըլլալով որ վախճանը մօտ է, ի՞նչ բանի անձկագին կը սպասես։
19 Եթէ շարունակենք ուշադրութիւն ընծայել Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն, որոնք այժմ կը կատարուին, Սատանային աշխարհը մեզ մտացիր պիտի չդարձնէ։ Համաշխարհային իրադարձութիւններուն իսկական նշանակութեան նկատմամբ կոյր պիտի չըլլանք։ Քրիստոս մօտ օրէն իր յաղթանակը պիտի ամբողջացնէ, Արմագեդոնի արդար պատերազմին միջոցաւ այս չար աշխարհը կործանելով (Յայտ. 19։11, 19-21)։ Երեւակայէ թէ անկէ ետք որքա՜ն երջանիկ պիտի ըլլանք (Յայտ. 20։1-3, 6. 21։3, 4)։