ԳԼՈՒԽ 15
Աշխատութենէդ բարիք վայելէ
‘Ամէն մարդ [«պէտք է», ՆԱ] իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայելէ’ (ԺՈՂՈՎՈՂ 3։13)։
1-3. ա) Շատեր իրենց գործին նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգան։ բ) Աստուածաշունչը կը խրախուսէ որ աշխատանքի նկատմամբ ինչպիսի՞ տեսակէտ մը ունենանք, եւ այս գլուխին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ շատեր իրենց գործէն հաճոյք չեն առներ։ Մարդիկ ստիպուած են երկար ժամեր իրենց չսիրած գործը աշխատիլ, եւ այդ իսկ պատճառով՝ անոնք չեն ուզեր գործի երթալ։ Այսպիսիներ ինչպէ՞ս կրնան փոխել իրենց տեսակէտը եւ իրենց աշխատանքէն հաճոյք ստանալ։
2 Աստուածաշունչը կը խրախուսէ, որ աշխատանքի նկատմամբ դրական տեսակէտ մը ունենանք։ Անիկա կ’ըսէ, թէ աշխատանքն ու անկէ ձեռք բերուած արդիւնքը օրհնութիւն է։ Սողոմոն գրեց. «Ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժողովող 3։13)։ Քանի որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ ի մտի ունի մեր լաւագոյն շահերը, ան կ’ուզէ որ մեր աշխատանքէն հաճոյք առնենք եւ անոր բարիքները վայելենք։ Իր սիրոյն մէջ մնալու համար, պէտք է աշխատանքի նկատմամբ իր տեսակէտը ընդունինք եւ իր սկզբունքներուն համաձայն ապրինք (կարդա՛ Ժողովող 2։24. 5։18)։
3 Այս գլուխին մէջ նկատի պիտի առնենք չորս հարցումներ։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աշխատութենէն բարիք վայելել։ Ինչպիսի՞ գործեր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն պատշաճ չեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհիկ գործը եւ հոգեւոր գործունէութիւնները հաւասարակշռել։ Ի՞նչն է մեր ամենակարեւոր գործը։ Սակայն նախ նկատի առնենք տիեզերքի երկու մեծագոյն գործողներուն՝ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակները։
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾՈՂԸ ԵՒ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԸ
4, 5. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Եհովան արդիւնաւոր գործող է։
4 Եհովան Գերագոյն Գործողն է։ Ծննդոց 1։1–ը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ Երբ Աստուած երկրի վերաբերեալ իր ստեղծագործութիւնը ամբողջացուց, արդիւնքը տեսնելով ան ըսաւ թէ «շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։31)։ Ուրիշ խօսքով, ան լիովին գոհ էր իր երկրային բոլոր գործերէն։ Անկասկած որ ‘երանելի Աստուածը’՝ Եհովան, մեծապէս ուրախացաւ իր արդիւնաւոր գործող մը ըլլալուն համար (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։
5 Մեր աշխատասէր Աստուածը երբեք չի դադրիր գործելէ։ Երկրի ստեղծագործութիւնը ամբողջանալէն երկա՜ր ժամանակ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ» (Յովհաննէս 5։17)։ Հայրը ի՞նչ կը գործէ։ Վստահաբար, ան երկինքէն մարդկութիւնը կ’առաջնորդէ եւ անոնց հոգ կը տանի։ Ան մէջտեղ բերաւ «նոր ստեղծագործութիւն» մը՝ հոգիէն ծնած քրիստոնեաները, որոնք ապագային Յիսուսի հետ պիտի իշխեն երկինքի մէջ (Բ. Կորնթացիս 5։17, ՆԱ)։ Ան տակաւին կ’աշխատի, ի նպաստ մարդոց իր նպատակը իրագործելու համար, որ է՝ զինք սիրողները յաւիտենական կեանք ստանան նոր աշխարհի մը մէջ (Հռովմայեցիս 6։23)։ Եհովան իր աշխատանքին արդիւնքով շատ ուրախ ըլլալու է։ Միլիոնաւորներ ընդառաջած են Թագաւորութեան պատգամին, քանի որ Հայրը զիրենք քաշած է, իսկ անոնք իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կ’ընեն Անոր սիրոյն մէջ մնալու համար (Յովհաննէս 6։44)։
6, 7. Յիսուս երկար տարիներու աշխատասիրութեան ի՞նչ արձանագրութիւն մը ունի։
6 Յիսուս ալ աշխատասիրութեան երկար տարիներու արձանագրութիւն մը ունի։ Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, ան ծառայեց իբրեւ Աստուծոյ «ճարտարապետ»ը, ստեղծելու համար «ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ» (Առակաց 8։22-31. Կողոսացիս 1։15-17)։ Յիսուս, երբ երկրի վրայ էր, շարունակեց ջանասիրաբար աշխատիլ։ Ան երբ մանուկ էր, ատաղձագործութիւն սորվեցաւ եւ ճանչցուեցաւ իբրեւ «հիւսնը» (Մարկոս 6։3)a։ Ատաղձագործութիւնը յոգնեցուցիչ եւ այլազան հմտութիւններ պահանջող արհեստ մըն է, յատկապէս այդ ժամանակին երբ ելեկտրական սղոցներ եւ արդիական ա՛յլ գործիքներ չկային։ Կրնա՞ս երեւակայել որ Յիսուս անտառ կ’երթար որպէսզի փայտ կտրէր, ապա գերանները քաշքշելով արհեստանոց կը տեղափոխէր, կառուցանելու համար տուներ, առաստաղներ, դռներ եւ նոյնիսկ կահկարասի։ Անկասկած Յիսուս անձամբ համտեսեց գոհունակութեան այն զգացումը, որ հմտութեամբ կատարուած գործ մը ամբողջացնելէն յառաջ կու գայ։
7 Յիսուս իր ծառայութիւնը կատարելու մէջ ալ շատ ժրաջան էր։ Ան երեք ու կէս տարի այս շատ կարեւոր աշխատանքով զբաղած էր։ Կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնելու փափաքով, ան առաւօտ կանուխ արթննալով եւ մինչեւ ուշ գիշեր քարոզելով ամբողջ օրը կ’օգտագործէր (Ղուկաս 21։37, 38. Յովհաննէս 3։2)։ Ան «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր» (Ղուկաս 8։1)։ Յիսուս փոշոտ ճամբաներով հարիւրաւոր քիլոմեթրներ կը քալէր, բարի լուրը մարդոց հասցնելու համար։
8, 9. Յիսուս ինչպէ՞ս իր աշխատութենէն բարիք վայելեց։
8 Յիսուս իր ծառայութենէն բարիք վայելե՞ց։ Այո՛։ Ան Թագաւորութեան վերաբերեալ ճշմարտութեան սերմեր ցանեց, իր ետին ձգելով հնձուելու պատրաստ արտեր։ Յիսուս Աստուծոյ գործը ընելով այնքա՛ն զօրութիւն եւ եռանդ կը ստանար, որ նոյնիսկ յօժար էր անօթի մնալու, որպէսզի այդ գործը ամբողջացնէր (Յովհաննէս 4։31-38)։ Պահ մը խորհէ թէ ան որքա՜ն գոհունակութիւն զգացած ըլլալու էր, երբ իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, ճշմարտապէս իր Հօր ըսաւ. «Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի» (Յովհաննէս 17։4)։
9 Վստահաբար, Եհովա եւ Յիսուս իրենց աշխատանքէն բարիք վայելողներու լաւագոյն օրինակներն են։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլալու’ (Եփեսացիս 5։1)։ Իսկ Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ ‘իր շաւիղներուն հետեւելու’ (Ա. Պետրոս 2։21)։ Ուստի այժմ քննենք թէ ինչպէ՛ս մենք ալ կրնանք մեր աշխատութենէն բարիք վայելել։
ՄԵՐ ԱՇԽԱՏՈՒԹԵՆԷՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲԱՐԻՔ ՎԱՅԵԼԵՆՔ
Աստուածաշունչի սկզբունքներ կիրարկելը կրնայ քեզի օգնել աշխատութենէդ բարիք վայելելու
10, 11. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մեր աշխատանքին հանդէպ դրական տեսակէտ մը մշակելու։
10 Աշխարհիկ գործը ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կեանքին մէկ մասն է։ Կ’ուզենք մեր աշխատանքին մէջ որոշ չափով գոհունակութիւն ձեռք ձգել, բայց ասիկա շատ դժուար է, եթէ կ’աշխատինք գործ մը որ չենք սիրեր։ Ուստի այսպիսի պարագաներու ինչպէ՞ս կարելի է մեր աշխատանքէն բարիք վայելել։
11 Դրական տեսակէտ մը մշակէ։ Մենք չենք կրնար միշտ մեր պարագաները փոխել, բայց կրնանք փոխել մեր տեսակէտը։ Աշխատանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտին մասին խոկալը կրնայ մեզի օգնել դրական տեսակէտ մը մշակելու։ Օրինակ՝ եթէ ընտանիքի գլուխ ես, մտածէ թէ աշխատանքդ որքա՛ն ալ աննշան թուի, անիկա կարելի կը դարձնէ որ ընտանիքիդ նիւթական անհրաժեշտութիւնները հայթայթես։ Իսկ ընտանիքիդ հոգատարութիւնը Աստուծոյ աչքին քիչ բան չէ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ, թէ ան որ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր «անհաւատէ մըն ալ գէշ է» (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Եթէ գիտակցիս թէ աշխատանքդ կարելի կը դարձնէ որ աստուածատուր պատասխանատուութիւնդ կատարես, ասիկա քեզի պիտի օգնէ աշխատանքիդ մէջ որոշ չափով գոհունակութիւն ու նպատակ գտնելու. բաներ, որոնք թերեւս գործակիցներդ չունին։
12. Մեր գործին մէջ ժրաջան ու պարկեշտ ըլլալը ի՞նչ կերպերով վարձահատոյց է։
12 Ժրաջան ու պարկեշտ եղիր։ Տգնաջան եւ հմուտ աշխատանքը կրնայ օրհնաբեր ըլլալ։ Ժրաջան եւ հմուտ աշխատաւորները յաճախ մեծապէս կ’արժեւորուին իրենց գործատէրերուն կողմէ (Առակաց 12։24. 22։29)։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, մեր աշխատանքին մէջ պէտք է նաեւ պարկեշտ ըլլանք, չգողնալով մեր գործատիրոջ դրամը, իրերը կամ ժամանակը (Եփեսացիս 4։28)։ Ինչպէս նախորդ գլուխին մէջ տեսանք, պարկեշտութիւնը վարձահատոյց է։ Պարկեշտ ըլլալու համբաւը վայելող պաշտօնեան հաւանաբար իր գործատիրոջ վստահութիւնը շահի։ Եւ եթէ նոյնիսկ մեր գործատէրը մեր ժրաջանութիւնը չնկատէ, կրնանք գոհունակութիւն զգալ որ «մաքուր խիղճ ունինք» եւ մեր սիրած Աստուածը կը հաճեցնենք (Եբրայեցիս 13։18. Կողոսացիս 3։22-24)։
13. Գործատեղիին մէջ մեր ընտիր օրինակը ի՞նչ արդիւնքներ կրնայ յառաջ բերել։
13 Գիտակցէ թէ մեր վարքը կրնայ Աստուած փառաբանել։ Երբ մեր գործատեղիին մէջ քրիստոնէական վարքի բարձր չափանիշ մը պահպանենք, ուրիշներ ասիկա անպայման պիտի նկատեն։ Արդի՞ւնքը։ ‘Մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը կը զարդարենք’ (Տիտոս 2։9, 10)։ Արդարեւ, մեր ընտիր վարքը կրնայ մեր պաշտամունքը ուրիշներուն աւելի գրաւիչ դարձնել։ Պահ մը խորհէ, թէ ի՛նչ պիտի զգայիր, եթէ գործակիցներէդ մէկը ճշմարտութիւնը ընդունէր, գործատեղիիդ մէջ ցուցաբերած լաւ վարքիդ շնորհիւ։ Աւելի կարեւորը, ոչինչ կրնայ աւելի վարձահատոյց ըլլալ, քան գիտակցիլը թէ բարի վարքդ Եհովան կը փառաւորէ եւ իր սիրտը կ’ուրախացնէ (կարդա՛ Առակաց 27։11. Ա. Պետրոս 2։12)։
ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԱՏԵՆ ԽՈՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ
14-16. Երբ աշխատանքի վերաբերեալ որոշումներ կը դիմագրաւենք, ի՞նչ կարեւոր հարցումներ պէտք է նկատի առնենք։
14 Աստուածաշունչը մանրամասնօրէն չի նշեր թէ քրիստոնեաներուն համար ո՛ր աշխարհիկ գործը ընդունելի է եւ որը՝ ոչ։ Ասիկա չի նշանակեր թէ կրնանք որեւէ տեսակի աշխատանք ընդունիլ։ Սուրբ Գրութիւնները կրնան մեզի օգնել Աստուած հաճեցնող արդիւնաբեր ու պարկեշտ աշխատանք մը ընտրելու, եւ զինք տհաճեցնող աշխատանքէ խուսափելու (Առակաց 2։6)։ Երբ աշխատանքի վերաբերեալ որոշումներ կը դիմագրաւենք, նկատի առնենք երկու կարեւոր հարցումներ։
15 Այս աշխատանքին պատճառով աստուածաշնչական սկզբունք մը կը բեկանե՞մ։ Աստուծոյ Խօսքը բացէ ի բաց կը դատապարտէ գողութիւնը, ստախօսութիւնը եւ կուռքեր շինելը (Ելից 20։4. Գործք 15։29. Եփեսացիս 4։28. Յայտնութիւն 21։8)։ Ուստի պիտի մերժենք որեւէ աշխատանք որ մեզմէ կը պահանջէ ասոնցմէ մէկը ընել։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը երբեք թոյլ պիտի չտայ որ ընդունինք աշխատանք մը, որ կը պարփակէ Աստուծոյ պատուէրները բեկանող գործունէութիւններ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3)։
16 Այս աշխատանքը ընելով աջակցած կ’ըլլա՞մ բանի մը կամ քաջալերած կ’ըլլա՞մ բան մը, որ աստուածաշնչական սկզբունքներուն հակառակ է։ Օրինակ՝ որպէս հիւրընկալ աշխատիլը սխալ չէ։ Բայց եթէ քրիստոնեային առաջարկուի որպէս հիւրընկալ աշխատիլ արուեստական վիժում կատարող հաստատութեան մը մէջ, ի՞նչ պէտք է ընէ։ Ճիշդ է որ իրմէ կրնայ չպահանջուիլ որ ուղղակիօրէն մասնակցի վիժումի արարքին, բայց եւ այնպէս կանոնաւորաբար հոն աշխատելով ան թիկունք չի՞ կանգնիր հաստատութեան մը, որ կը կատարէ արհեստական վիժում. արարք մը՝ որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ դատապարտուած է (Ելից 21։22-24)։ Որպէս Եհովան սիրողներ, մենք չենք ուզեր սերտօրէն առնչուիլ այնպիսի արարքներու, որոնք Աստուածաշունչի սկզբունքները կը բեկանեն։
17. ա) Ո՞ր ազդակները կրնանք նկատի առնել աշխատանքի վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու ատեն (տե՛ս «Այս աշխատանքը ընդունի՞մ» շրջանակը)։ բ) Մեր խիղճը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել Աստուած հաճեցնող որոշումներ կայացնելու։
17 Աշխատանքի առնչուած շատ մը խնդիրներ կրնանք լուծել, եթէ ուշադրութեամբ մտածենք 15–րդ եւ 16–րդ պարբերութիւններուն մէջ ուղղուած երկու կարեւոր հարցումներուն պատասխաններուն մասին։ Ասկէ զատ, կան կարգ մը ա՛յլ ազդակներ, զորոնք ուշադրութեամբ պէտք է նկատի առնենք, երբ աշխատանքի վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնենքb։ Չենք կրնար ակնկալել որ հաւատարիմ ծառան իւրաքանչիւր պարագայի համար կանոններ դնէ։ Հոս է որ մենք խորատեսութիւն պէտք է գործածենք։ Ինչպէս որ 2–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, պէտք է մեր խիղճը կրթենք ու մարզենք, ուսումնասիրելով թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը մեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկել։ Մեր «զգայարանքները» այսպէս ‘վարժեցնելով’, մեր խիղճը կրնայ մեզի օգնել կայացնելու այնպիսի որոշումներ, որոնք Աստուած կը հաճեցնեն եւ մեզ կարող կը դարձնեն իր սիրոյն մէջ մնալու (Եբրայեցիս 5։14)։
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՏԵՍԱԿԷՏ ՊԱՀՊԱՆԵՆՔ
18. Ինչո՞ւ դիւրին չէ հոգեւոր հաւասարակշռութիւն պահպանել։
18 Այս «վերջին օրեր»ուն, երբ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, հոգեւոր հաւասարակշռութիւն պահպանելը դիւրին չէ (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Աշխատանք գտնելը եւ զայն պահելը կրնայ իսկական մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ մեր ընտանիքին սիրոյն ծանր աշխատելու կարեւորութեան կը գիտակցինք։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, աշխատանքի ճնշումը կամ աշխարհի վարակիչ նիւթապաշտ մտածելակերպը կրնայ մեր հոգեւոր հետապնդումները խանգարել (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10)։ Այժմ քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր հաւասարակշռութիւնը պահել, «աւելի կարեւոր բաները» ընտրելով (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ)։
19. Ինչո՞ւ Եհովան մեր լման վստահութեան արժանի է, եւ այս վստահութիւնը մեզի կ’օգնէ ի՞նչ բանէ խուսափելու։
19 Լիովին Եհովայի ապաւինէ (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6)։ Եհովան լման վստահութեան արժանի չէ՞։ Չէ՞ որ ան մեզի համար կը հոգայ (Ա. Պետրոս 5։7)։ Ան մեր կարիքները մեզմէ լաւ գիտէ, եւ պատրաստ է օգնութեան համար իր ձեռքը երկարելու (Սաղմոս 37։25)։ Հետեւաբար, լաւ է որ ականջ տանք իր Խօսքին, որ կ’ըսէ մեզի. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի [Աստուած] ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’» (Եբրայեցիս 13։5)։ Լիաժամ ծառաներէն շատեր կրնան անհատապէս վկայել կեանքի անհրաժեշտութիւնները հայթայթելու Աստուծոյ կարողութեան մասին։ Եթէ լիովին վստահութիւն ունենանք թէ Եհովա մեզի հոգ պիտի տանի, մեր ընտանիքին կարիքները հոգալու նկատմամբ անտեղիօրէն մտահոգուելէ պիտի խուսափինք (Մատթէոս 6։25-32)։ Թոյլ պիտի չտանք որ աշխարհիկ գործը պատճառ դառնայ որ անտեսենք հոգեւոր գործունէութիւնները, ինչպէս՝ բարի լուրը քարոզել եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ (Մատթէոս 24։14. Եբրայեցիս 10։24, 25)։
20. Ի՞նչ կը նշանակէ պարզ աչք ունենալ եւ ինչպէ՞ս կրնաս այսպիսի տեսակէտ մը պահպանել։
20 Աչքդ պարզ պահէ (կարդա՛ Մատթէոս 6։22, 23)։ Պարզ աչք ունենալ կը նշանակէ՝ կեանքը չբարդացնել։ Քրիստոնեայի մը աչքը կեդրոնացած կ’ըլլայ մէկ նպատակի վրայ. Աստուծոյ կամքը կատարել։ Եթէ մեր աչքը այդ նպատակին վրայ կեդրոնացած պահենք, անընդհատ պիտի չմտածենք լաւ վճարուած աշխատանք գտնելու եւ փարթամ կենցաղակերպ վայելելու մասին։ Ոչ ալ անդադար պիտի վազվզենք ձեռք ձգելու համար նորագոյն ու լաւագոյն արտադրութիւնները, որ ծանուցանողները կ’ուզեն մեզ համոզել թէ առանց ատոնց երջանիկ չենք ըլլար։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս պարզ աչք մը պահել։ Խուսափէ անհարկի պարտքեր դիզելէ։ Կեանքդ մի՛ խճողեր այնպիսի ստացուածքներով, որոնց հոգատարութիւնը շատ ժամանակ կը խլէ։ Ականջ տուր «կերակուր ու հանդերձ»ով բաւականանալու աստուածաշնչական խրատին (Ա. Տիմոթէոս 6։8)։ Ուրեմն ջանա՛ կեանքդ պարզացնել, որքա՛ն որ կարելի է։
21. Ինչո՞ւ նախապատուութիւններ պէտք է դնենք, եւ ի՞նչ բան մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք է գրաւէ։
21 Հոգեւոր նախապատուութիւններ դիր եւ անոնց կառչէ։ Քանի որ մեր ժամանակն ու կորովը սահմանափակ են, պէտք է որ նախապատուութիւններ դնենք։ Ապա թէ ոչ, նուազ կարեւոր բաները կրնան սպառել մեր թանկարժէք ժամանակը, աւելի կարեւոր բաներու համար ժամանակ չձգելով։ Մեր կեանքին մէջ ի՞նչ բան առաջնահերթ տեղը պէտք է գրաւէ։ Շատեր առաջնակարգ տեղը կը դնեն բարձր ուսում հետապնդելը, այս դրութեան մէջ շահաբեր ասպարէզ մը ունենալու համար։ Սակայն Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց որ ‘առաջ խնդրեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը’ (Մատթէոս 6։33)։ Արդարեւ, որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք։ Մեր ապրելակերպը, այսինքն՝ մեր ընտրութիւնները, նպատակակէտերն ու գործունէութիւնները, պէտք է ցոյց տան թէ Թագաւորութեան շահերը եւ Աստուծոյ կամքը մեզի համար աւելի կարեւոր են, քան՝ նիւթական հետաքրքրութիւններն ու աշխարհային հետապնդումները։
ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԸԼԼԱՆՔ
Կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ, քարոզչութեան գործին նախապատուութիւն տալով
22, 23. ա) Ճշմարիտ քրիստոնեաներուն գլխաւոր գործը ի՞նչ է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ այս գործը մեզի համար կարեւոր է (տե՛ս «Որոշումս զիս առաջնորդեց՝ ուրախ եւ գոհունակ կեանքի» շրջանակը)։ բ) Աշխարհիկ գործի նկատմամբ ի՞նչ վճռած ես ընել։
22 Գիտակցելով թէ մենք վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք, կեդրոնացած կը մնանք ճշմարիտ քրիստոնեաներուն գլխաւոր գործունէութեան վրայ. քարոզել եւ աշակերտել (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)։ Մեր Տիպարին՝ Յիսուսի նման, մենք կ’ուզենք եռանդունօրէն զբաղած ըլլալ այս կենարար գործով։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ այս գործը մեզի համար կարեւոր է։ Աստուծոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը բոլորանուէր կերպով քարոզչութեան կը նուիրուի որպէս ժողովքի հրատարակիչ։ Ոմանք իրենց գործունէութիւնները այնպէս մը դասաւորած են, որ կարենան ծառայել իբրեւ ռահվիրաներ կամ միսիոնարներ։ Շատ մը ծնողներ, գիտակցելով հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու կարեւորութեան, իրենց զաւակները քաջալերած են որ լիաժամ ծառայութիւնը իրենց ասպարէզը դարձնեն։ Թագաւորութեան նախանձախնդիր ծանուցանողները իրենց ժրաջան աշխատանքէն բարիք կը վայելե՞ն։ Անշո՛ւշտ։ Անձնուիրաբար Եհովայի ծառայելը ստոյգ կերպն է՝ ուրախ, գոհունակ եւ անհամար օրհնութիւններով լի կեանք մը վայելելու (կարդա՛ Առակաց 10։22)։
23 Մեզմէ շատեր երկար ժամեր կ’աշխատին իրենց ընտանիքին նիւթական կարիքները հոգալու համար։ Յիշէ, թէ Եհովան կ’ուզէ որ մեր աշխատութենէն բարիք վայելենք։ Երբ մեր կեցուածքն ու արարքները Իր տեսակէտին ու սկզբունքներուն հետ կը ներդաշնակենք, մեր աշխատանքէն գոհունակութիւն ձեռք պիտի ձգենք։ Հետեւաբար, վճռենք բնա՛ւ թոյլ չտալ որ աշխարհիկ գործը մեզ շեղեցնէ մեր գլխաւոր գործէն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելէն։ Այս գործունէութեան նախապատուութիւն տալով, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք եւ այսպէս՝ Իր սիրոյն մէջ կը մնանք։
a Կ’ըսուի թէ «հիւսն» թարգմանուած յունարէն բառը «ընդհանրական բառ մըն է, որ կը գործածուի նկարագրելու համար ատաղձագործ մը որ տուներ, կահկարասիք կամ փայտէ ա՛յլ իրեր կը շինէ»։
b Աշխատանքի ազդակներու մանրամասն քննարկութեանց համար, տե՛ս Դիտարան 15 ապրիլ 1999, էջ 28-30, եւ 15 յուլիս 1982, էջ 26 (անգլերէնով)։