Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մպ գլ. 11 էջ 87-94
  • ‘Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել’
  • Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԹՈՅԼ ՄԻ՛ ՏԱՔ ՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՐ ՄԷՋ ԽԵՂԴՈՒԻ
  • ՆԱԽԿԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՆ
  • ՁԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴՐԷՔ
  • Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնդ որքա՞ն անխախտ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Թագաւորութեան ետեւէ եղիր, եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան իմաստը կ’ըմբռնէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
մպ գլ. 11 էջ 87-94

Գլուխ 11

‘Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել’

1. (ա) Ինչո՞ւ 1,900 տարիներ առաջ, Յիսուս ըսաւ որ նախ Թագաւորութիւնը փնտռենք։ (բ) Մենք մեզի ի՞նչ հարցում պէտք է հարցնենք։

ՇՈՒՐՋ 1900 տարիներ առաջ, Գալիլիոյ մէջ տուած բանախօսութեան մը ընթացքին, Յիսուս իր ունկնդիրները յորդորեց սա խօսքերով. «Շարունակեցէք նախ թագաւորութիւնը փնտռել ու Անոր արդարութիւնը»։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Քրիստոսի գահակալութիւնը դարեր վերջ տեղի պիտի չունենա՞ր։ Այո. բայց այդ Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ է որ Եհովայի սուրբ անունը պիտի ջատագովուի եւ երկրին համար իր հոյակապ նպատակը պիտի իրագործուի։ Այն անհատը որ իրապէս կը գնահատէ ասիկա, Թագաւորութիւնը իր կեանքին առաջին տեղը պիտի դնէ։ Ասիկա ճշմարիտ էր առաջին դարուն, եւ վստահաբար նոյնն է պարագան հիմա, մանաւա՛նդ հիմա, քանի որ Թագաւորութիւնը սկսած է իշխել։ Ձեր ապրելակերպը ցոյց կու տա՞յ թէ դուք Թագաւորութիւնը ձեր կեանքին առաջին տեղը դրած էք։—Մատթէոս 6։33

2. Ընդհանուր առմամբ, մարդոց անյագօրէն փնտռած բաները ի՞նչ են։

2 Ընդհանուր առմամբ, մարդիկ ուրիշ շատ մը բաներով աւելի հետաքրքրուած են։ Անոնք անյագօրէն հաճոյքներ կը հետապնդեն, ինչպէս նաեւ՝ հարստութիւն, ուտելիք, հագուելիք եւ դրամով ձեռք ձգուած ուրիշ նիւթական ստացուածքներ։ (Մատթէոս 6։31, 32) Իրենց ապրելակերպը արդէն կը ցոլացնէ իրենց անձով եւ հաճոյքով զբաղած ըլլալը։ Իրենց կեանքին մէջ Աստուած երկրորդական կարգի վրայ կու գայ, ան ալ՝ եթէ կը հաւատան Անոր գոյութեան։

3. (ա) Յիսուս ինչպի՞սի գանձեր փնտռել քաջալերեց իր աշակերտներուն եւ ինչո՞ւ։ (բ) Ինչո՞ւ կարիքը չկար նիւթական բաներով շատ մտահոգուելու։

3 Բայց իր աշակերտներուն Յիսուս հետեւեալ խրատը տուաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք», քանի որ այսպիսի ստացուածքներ յաւիտեան չեն մնար։ «Հապա», ըսաւ ան, «ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը», Եհովայի ծառայելով։ Ան յորդորեց որ իր հետեւորդները «պարզ» աչք ունենան, իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով միայն Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ։ «Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնայի [հարստութեան]», ըսաւ անոնց։ Իսկ գալով նիւթական պէտքերուն՝ ուտելիքի, հագուելիքի եւ պատսպարանի մասին ի՞նչ ըսաւ։ «Հոգ մի՛ ընէք», խրատեց Յիսուս։ Ան իր աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց թռչունները, որոնք Աստուած կը կերակրէ։ Ան նաեւ իր հետեւորդները քաջալերեց որ դաս մը սորվին ծաղիկներէն, որոնք Աստուած հոյակապ կերպով կը հագուեցնէ։ Արդեօք Եհովայի մտացի արարածները անոնցմէ աւելի արժէքաւոր չե՞ն։ Ուստի, Յիսուս ըսաւ. «Բայց շարունակեցէք նախ թագաւորութիւնը փնտռել ու Անոր արդարութիւնը, ու այդ բոլոր [անհրաժեշտ] բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։19–34) Համոզուա՞ծ էք ասոր։ Ձեր գործերը կ’ապացուցանե՞ն ասիկա։

ԹՈՅԼ ՄԻ՛ ՏԱՔ ՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՐ ՄԷՋ ԽԵՂԴՈՒԻ

4. Եթէ մէկը շատ շեշտ դնէ նիւթական բաներու վրայ, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Բացատրեցէք։

4 Երբ անհատ մը չափազանցօրէն հետաքրքրուած ըլլայ նիւթական բաներով, հետեւանքը կրնայ աղետալի ըլլալ։ Նոյնիսկ երբ հետաքրքրութիւն կը յայտնէ Թագաւորութեան հանդէպ, բայց երբ իր սրտին մէջ ուրիշ բաներ անկէ առաջ կը դնէ, Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը պիտի խեղդուի։ (Մատթէոս 13։18, 19, 22) Օրինակի համար, առիթով մը, հարուստ երիտասարդ իշխան մը հարցուց Յիսուսի. «Ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Յիսուսի տուած իր պատասխանէն յայտնի էր որ ինք բարոյական մաքուր կեանք մը կը վարէր եւ ուրիշներուն բարիք կ’ընէր։ Բայց չափազանց կապուած էր իր նիւթական ստացուածքին։ Ան չէր կրնար անկէ ձերբազատուիլ Քրիստոսի հետեւելու համար։ Ուստի, ան կորսնցուց Քրիստոսի հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխանակից մը ըլլալու պատեհութիւնը։ Ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ այդ առիթով. «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին»։—Մարկոս 10։17–23

5. (ա) Պօղոս քաջալերեց Տիմոթէոսը որ ի՞նչ բաներով գոհացող ըլլայ եւ ինչո՞ւ։ (բ) Սատանան ինչո՞ւ «դրամի սէրը» կը գործածէ որպէս կործանիչ որոգայթ մը։

5 Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց Տիմոթէոսի, որ այն ատեն Եփեսոս՝ հարուստ վաճառականական կեդրոն մը, կը գտնուէր։ Ան ըսաւ. «Բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։ Իր ընտանիքին պէտք եղած «կերակուր ու հանդերձ» հայթայթելու համար մէկու մը աշխատիլը շիտակ է։ Բայց Պօղոս ազդարարեց. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ»։ Սատանան շատ խորամանկ է. ան նախ անհատը կը հրապուրէ պզտիկ բաներով։ Անոր կը յաջորդէ աւելի մեծ ճնշում. թերեւս գործի առաջարկ մը որ աւելի լաւ վճառուած է, բայց հոգեւոր բաներու նախապէս յատկացուած ժամանակը կը խլէ։ Եթէ արթուն չըլլանք, «արծաթասիրութիւնը [դրամի սէրը]» կրնայ խեղդել շատ կարեւոր եղող Թագաւորութեան շահերը։ Ինչպէս Պօղոս կը բացատրէ. «Որուն [դրամին] մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։—Ա. Տիմոթէոս 6։7–10

6. (ա) Որոգայթէ չբռնուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Ասիկա իրապաշտութի՞ւն է, տեսնելով այսօրուան աշխարհի տնտեսական վիճակը։

6 Իր Քրիստոնեայ եղբօր՝ Տիմոթէոսի, հանդէպ անկեղծ սէր ունենալով, Պօղոս զինք յորդորեց ըսելով. «Փախի՛ր այս բաներէն» եւ «պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11, 12) Յարատեւ ջանք պէտք է թափենք, եթէ չենք ուզեր մեզ շրջապատող աշխարհին նիւթապաշտ ընթացքէն տարուիլ։ Բայց եթէ մեր հաւատքին հետ ներդաշնակ ջանք թափենք, Եհովա բնաւ պիտի չլքէ մեզ։ Հակառակ սղաճին եւ համատարած անգործութեան, ան պիտի հսկէ որ մեր կարիքները գոհացուին։—Եբրայեցիս 13։5, 6

ՆԱԽԿԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՆ

7. Երբ Յիսուս ղրկեց իր առաքեալները որ Իսրայէլի մէջ քարոզեն, անոնց ի՞նչ հրահանգներ տուաւ, եւ անոնք ինչո՞ւ տեղին էին։

7 Յիսուս իր առաքեալները պատշաճ կերպով մարզելէ ետք, զանոնք ղրկեց որ Իսրայէլի մէջ բարի լուրը քարոզեն։ «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ Ի՜նչ խայտալի պատգամ մը։ Յիսուս Քրիստոս, Մեսիա Թագաւորը իրենց մէջ կը գտնուէր։ Քանի որ առաքեալները իրենք զիրենք Աստուծոյ ծառայութեան նուիրած էին, Յիսուս զիրենք յորդորեց որ Աստուծոյ հոգատարութեան վստահէին։ Ուստի, ան ըսաւ. «Ճամբու համար բան մի՛ առնէք, ո՛չ գաւազան եւ ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց եւ ո՛չ ստակ, ո՛չ ալ կրկին հանդերձ ունենաք։ Եւ որո՛ւ տուն որ մտնէք, հոն մնացէք ու անկէ ելէք»։ (Մատթէոս 10։5–10. Ղուկաս 9։1–6. 10։4–7) Եհովա հոգ պիտի տանէր որ անոնց պէտքերը հոգացուէին ուրիշ Իսրայելացիներու կողմէ, որոնց մէջ հիւրասիրութիւնը սովորական բան մըն էր։

8. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ տարբեր հրահանգներ տուաւ իր մահուընէ քիչ առաջ։ (բ) Այսուհանդերձ, տակաւին ի՞նչ բան առաջին տեղը պէտք էր գար իրենց կեանքին մէջ։

8 Հետագային, իր մահուընէ ճիշդ առաջ, Յիսուս իր առաքեալներուն նկատել տուաւ որ այլեւս տարբեր պայմաններու մէջ պիտի ծառայէին։ Պաշտօնական հալածանքի պատճառով, Իսրայէլի մէջ առաջուան նման հիւրասիրութեան պատրաստակամութիւնը պիտի չգըտնէին։ Նաեւ, անոնք շուտով այլեւս Թագաւորութեան պատգամը հեթանոսներուն ալ պիտի տանէին։ Ուստի, հիմա իրենց հետ «քսակ» եւ «պարկ» պէտք էր առնէին։ Այսուհանդերձ, անոնք պէտք էր շարունակէին նախ Թագաւորութիւնը ու Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռել, վստահ ըլլալով որ Աստուած պիտի օրհնէր իրենց ջանքերը, պէտք եղած ուտելիքը եւ հագուելիքը հայթայթելով։—Ղուկաս 22։35–37

9. (ա) Պօղոս ինչպէ՞ս Թագաւորութիւնը իր կեանքին առաջին տեղը պահեց։ (բ) Իր ֆիզիքական պէտքերը ինչպէ՞ս կը հոգար։ (գ) Այս հարցով ուրիշներուն ի՞նչ խրատներ տուաւ։

9 Պօղոս առաքեալ լաւ օրինակ մը տուաւ թէ ինչպէս կարելի է կիրարկել Յիսուսի տուած խրատը։ Պօղոս իր կեանքը կաղապարած էր իր ծառայութեան շուրջ։ (Գործք 20։24, 25) Երբ ան քարոզչութեան համար որոշ շրջան մը գնաց, վրանագործութիւն ընելով իր նիւթական պէտքերը հոգաց։ Ան չակնկալեց որ ուրիշները իր պէտքերուն հոգ տանէին։ (Գործք 18։1–4. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9. Ա. Կորնթացիս 9։18) Սակայն, երբ ուրիշներ իրեն հանդէպ իրենց սէրը եւ գնահատութիւնը կ’ուզէին յայտնել հիւրասիրութիւն կամ նուէր տալով, զանոնք երախտապարտութեամբ կ’ընդունէր։ (Գործք 16։15, 34. Փիլիպպեցիս 4։15–17) Ան Քրիստոնեայ կիները եւ այրերը չքաջալերեց որ իրենց ընտանեկան պատասխանատուութիւնները անտեսեն քարոզչութեան համար, այլ, յորդորեց որ հաւասարակշռուած կերպով մը իրենց տարբեր պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին։ Անոնց յորդորեց որ իրենց ձեռքերովը աշխատին, սիրեն իրենց ընտանիքները եւ ուրիշներուն պէտքերուն հաղորդ ըլլան։ (Եփեսացիս 4։28. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։7–12. Տիտոս 2։3–5) Ան նաեւ քաջալերեց զիրենք, որ իրենց վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դնեն եւ ոչ թէ՝ նիւթական ստացուածքներու եւ ունենան այնպիսի ապրելակերպ մը որով ապացուցանեն որ հասկցած են թէ ինչ բանը կարեւորագոյնն է իրենց կեանքին մէջ։ Յիսուսի ուսուցման հետ ներդաշնակ ըլլալով, անիկա պիտի նշանակէր նախ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը փնտռել։—Փիլիպպեցիս 1։9–11

ՁԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴՐԷՔ

10. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘նախ թագաւորութիւնը փնտռել’։ (բ) Բայց ի՞նչ բան պէտք չէ անտեսել։

10 Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն հետ ի՞նչ տարողութեամբ կը բաժնենք անհատապէս։ Մասամբ ասիկա կախեալ է մեր պարագաներէն, բայց մանաւանդ ան կախեալ է մեր գնահատութեան խորութենէն։ Ի մտի ունեցէք որ Յիսուս չըսաւ ‘Թագաւորութիւնը փնտռեցէք երբ ընելիք ուրիշ բան մը չունիք’։ Ոչ ալ ըսաւ՝ ‘Այնքան ատեն որ Թագաւորութեան մասին կը խօսիք ատենը անգամ մը, արդէն բոլոր պէտք եղածը կ’ընէք’։ Ոչ ալ ըսաւ. ‘Նախ սկսիր եռանդով Թագաւորութեան շահերը փնտռել. բայց երբ կը տեսնես որ Նոր Դրութեան գալը կ’ուշանայ, այն ատեն քիչ մը Աստուծոյ ծառայէ եւ ժամանակիդ մեծամասնութիւնը ուրիշ մարդոց պէս ապրէ’։ Թագաւորութեան կարեւորութիւնը շատ լաւ գիտնալով, ան այս հարցին մէջ իր Հօրը տեսակէտը տուաւ ըսելով. «Շարունակեցէք փնտռել իր թագաւորութիւնը»։ Կամ, ինչպէս Մատթէոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ուրեմն, շարունակեցէք նախ փնտռել Աստուծոյ թագաւորութիւնը ու Անոր արդարութիւնը»։ (Ղուկաս 12։31. Մատթէոս 6։33, ՆԱ) Թէեւ շատերս ստիպուած ենք որոշ գործ մը ընել, մեր եւ մեր ընտանիքին ֆիզիքական պէտքերը հոգալու համար, բայց եթէ իրապէս հաւատք ունինք, մեր կեանքը պէտք է դառնայ Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող այն գործին շուրջ, զոր Աստուած յանձնած է մեզի։ Միեւնոյն ատեն, պէտք չէ անտեսենք մեր ընտանեկան պատասխանատուութիւնները։—Ա. Տիմոթէոս 5։8. Առակաց 29։15

11. (ա) Յիսուս ինչպէ՞ս բացատրեց որ ամէն մարդ նոյն չափով պիտի չկարենար Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել։ (բ) Ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնել։

11 Մեզմէ ոմանք ուրիշներէն աւելի ժամանակ կը յատկացնեն դաշտի ծառայութեան։ Տարբեր հողերու մասին տուած իր առակին մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ բոլոր անոնք որոնց սրտերը լաւ հողին պէս են, ի՛նչ տարողութեամբ պտուղ պիտի բերեն։ Ամէն մէկուն պարագան տարբեր է։ Տարիքը, առողջութիւնը եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւնը տարբեր ազդակներ են։ Բայց եթէ իրական գնահատութիւն կայ, շատ բան կարելի է իրագործել։—Մատթէոս 13։19, 23

12. Մասնաւորաբար երիտասարդները հոգեւոր ի՞նչ նպատակակէտեր ունենալ քաջալերուած են։

12 Լաւ է նպատակակէտեր դնել Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնելու համար։ Երիտասարդներ լրջօրէն պէտք է մտածեն երիտասարդ եռանդուն Քրիստոնեայ Տիմոթէոսի օրինակին մասին։ (Փիլիպպեցիս 2։19–22) Իրենց աշխարհային ուսումը վերջացնելէ ետք, լման ժամանակով ծառայութեան մէջ մտնելէ աւելի լաւ բան կա՞յ արդեօք։ Աւելի տարեցներն ալ պիտի օգտուին հոգեւոր լաւ նպատակակէտեր դնելով։

13. (ա) Ո՞վ կ’որոշէ թէ Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ անհատապէս դուք ի՛նչ բան ընելու կարող էք։ (բ) Եթէ իրապէս նախ Թագաւորութիւնը կը փնտռէք, ասիկա ի՞նչ կ’ապացուցանէ։

13 Փոխանակ քննադատելու զանոնք որոնք կը խորհինք թէ աւելին կրնան ընել, հաւատքով պէտք է մղուինք մենք մեզ բարելաւելու որպէսզի կարենանք աւելի լման կերպով ծառայել Աստուծոյ, մեր պարագաներուն ներած չափով։ (Հռովմայեցիս 14։10–12. Գաղատացիս 6։4) Ինչպէս ցոյց տրուած է Յոբի պարագայով, Սատանան կը պնդէ որ մենք գլխաւորաբար մեր նիւթական ստացուածքներով, մեր հանգիստով եւ անձնական բարօրութեամբ հետաքրքրուած ենք, եւ թէ անձնասէր շարժառիթէ մղուած Աստուծոյ կը ծառայենք։ Բայց եթէ իրապէս նա՛խ Թագաւորութիւնը փնտռենք, մենք ալ մասնակցութիւն բերած կ’ըլլանք փաստելու որ Սատանան մեծագոյն ստախօսն է։ Կ’ապացուցանենք որ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կու գայ Աստուծոյ ծառայութիւնը եւ ոչ թէ նիւթական ստացուածքները կամ մեր անձնական հանգիստը։ Մեր խօսքերով եւ արարքով կը փաստենք որ կը սիրենք Եհովան, թիկունք կը կանգնինք իր գերիշխանութեան եւ կը սիրենք մեր ընկերը։—Առակաց 27։11. Յոբ 1։9–11. 2։4, 5

14. (ա) Դաշտի ծառայութեան յայտագիր մը ունենալը ինչո՞ւ օգտակար է։ (բ) Շատ մը Եհովայի Վկաներ ո՞րքանով կը մասնակցին դաշտի ծառայութեան եւ ինչո՞ւ։

14 Յայտագիր մը կ’օգնէ մեզի որ աւելին իրագործենք քան ինչ որ կ’ընենք։ Եհովա ալ իր նպատակը իրագործելու համար ‘որոշուած ժամանակներ’ ունի, եւ այս մարզին մէջ լաւ է զինք ընդօրինակել։ (Ելից 9։5. Մարկոս 1։15. Գաղատացիս 4։4) Եթէ կարելի է, լաւ է ամէն շաբաթ, որոշուած ժամանակներուն մէկ կամ աւելի անգամներ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ Համայն աշխարհի մէջ տասնեակ հազարաւոր Եհովայի Վկաներ օժանդակ ռահվիրաներ եղած են եւ միջին հաշուով օրական երկու կամ աւելի ժամեր կը յատկացնեն, բարի լուրի քարոզչութեան։ Ոմանք կանոնաւորաբար ասիկա կ’ընեն. ուրիշներ, տարին քանի մը անգամ։ Տակաւին ուրիշ հազարաւորներ կը ծառայեն որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, միջին հաշուով առնուազն օրական երեք ժամ յատկացնելով Թագաւորութեան պատգամին ծանուցման։ Իսկ ուիրշներ՝ մասնաւոր ռահվիրաներ եւ միսիոնարներ՝ նոյնիսկ աւելի ժամանակ կը տրամադրեն Թագաւորութեան ծառայութեան։ Միշտ առիթներ կրնանք փնտռել Թագաւորութեան յոյսը ուրիշներուն հետ բաժնելու, անոնց հետ որոնք կ’ուզեն մտիկ ընել։ (Յովհաննու 4։7–15) Բոլորս ալ լրջօրէն պէտք է մտածենք Յիսուսի տուած մարգարէութեան մէջ մեր բերած մասնակցութեան մասին, որ էր. «Թագաւորութեան այս բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ ՎԵՐՋը պիտի գայ»։ Մեր իրական փափաքը պէտք է ըլլայ կարելի եղածին չափ շատ մասնակցութիւն բերել այդ գործին, մեր պարագաներուն ներած չափով։—Մատթէոս 24։14. Եփեսացիս 5։15–17

15. Մեր ծառայութեան կապակցաբար, ինչո՞ւ կը խորհիք որ Ա. Կորնթացիս 15։58–ի խրատը ժամանակայարմար է։

15 Աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ, Եհովայի Վկաները միակամօրէն գործունեայ մասնակցութիւն կը բերեն այս հոյակապ ծառայութեան առանձնաշնորհումին։ Անոնք իրենք իրենց կը կիրարկեն Աստուածաշունչի ներշնչեալ խրատը. «Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։—Ա. Կորնթացիս 15։58

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

● Երբ Յիսուս ըսաւ որ նախ Թագաւորութիւնը փնտռենք, ուրեմն ի՞նչ բան երկրորդական տեղ մը պէտք է գրաւէ։

● Մեր եւ մեր ընտանիքին ֆիզիքական պէտքերը հոգալու համար ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենանք։ Աստուած ի՞նչ օգնութիւն պիտի տայ մեզի։

● Այնքան ատեն որ քիչ մը կը մասնակցինք Թագաւորութեան ծառայութեան, տարբերութիւն մը կ’ընէ՞ թէ որքան կը ծառայենք։ Ինչո՞ւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել