Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 272-էջ 281 պարբ. 4
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ԱՍՏՈՒԾՄԷ ՎԱԽՑԻ՛Ր ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ ՊԱՀԷ՛»
  • ‘ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԱՄԱՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ’
  • «ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ»
  • Ինչո՞ւ «Քրիստոս»ին հետեւիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Թագաւորութիւն մը որ «պիտի չաւրուի»
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 272-էջ 281 պարբ. 4

Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք

Եհովա մեզի պատասխանատուութիւն մը ու մեծ առանձնաշնորհում մը տուած է, ըսելով. «Իմ վկաներս դո՛ւք էք, . . . [ու] ե՛ս եմ Աստուած»։ (Եսայ. 43։12) Մենք միայն հաւատացեալներ չենք։ Մենք վկաներ ենք, որ հրապարակաւ կը ծանուցանեն Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջի կենսական ճշմարտութիւնները։ Ի՞նչ է այն պատգամը զոր Եհովա մեզի յանձնած է որ տանք այս օրերուն։ Անիկա ուշադրութիւնը կը դարձնէ Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի ու Մեսիական Թագաւորութեան վրայ։

«ԱՍՏՈՒԾՄԷ ՎԱԽՑԻ՛Ր ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ ՊԱՀԷ՛»

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ դարաշրջանէն շատ առաջ, Եհովա հաւատարիմ Աբրահամի խօսեցաւ «երկրի բոլոր ազգերը» իրենք զիրենք օրհնելու կարգադրութեան մը մասին։ (Ծննդ. 22։18) Ան նաեւ ներշնչեց Սողոմոնը իւրաքանչիւր մարդ արարածի վրայ դրուած հիմնական պահանջի մը մասին գրելու, որ է՝ «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։ (Ժող. 12։13) Բայց բոլոր ազգերուն մէջ ապրող անհատները ի՞նչպէս պիտի լսէին այս բաներուն մասին։

Թէեւ միշտ եղած են ոմանք որ հաւատացած են Աստուծոյ խօսքին, բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ բարի լուրով բոլոր ազգերուն հասնելու համար երկրածաւալ հսկայական վկայութիւնը վերապահուած էր «տէրունական օր»ուան։ Ասիկա սկսաւ 1914–ին։ (Յայտ. 1։10, ստորանիշ) Այս ժամանակին կապակցաբար, Յայտնութիւն 14։6, 7–ն նախագուշակեց թէ հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ կենսական ծանուցում մը պիտի կատարուէր «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն»։ Անոնց հետեւեալ յորդորը պիտի տրուէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։ Աստուծոյ կամքն է որ այս պատգամը ծանուցանուի։ Մենք այդ գործին մասնակցելու առանձնաշնորհումը ունինք։

«Ճշմարիտ Աստուած»ը։ Երբ Եհովա յայտարարեց՝ «Իմ վկաներս դո՛ւք էք», պարագան այն էր որ աստուածութեան հարցը կը ծեծուէր։ (Եսայ. 43։10) Տրուելիք պատգամը պարզապէս մարդոց կրօնք մը ունենալը կամ աստուծոյ մը հաւատալը չէ։ Այլ, անոնց առիթ պիտի տրուի սորվելու՝ թէ երկնքի ու երկրի Ստեղծիչը միակ ճշմարիտ Աստուածն է։ (Եսայ. 45։5, 18, 21, 22. Յովհ. 17։3) Միայն ճշմարիտ Աստուածը կրնայ ստոյգ կերպով ապագան գուշակել։ Մեր առանձնաշնորհումն է մարդոց ցոյց տալ թէ անցեալին Եհովայի խօսքին կատարումը հաստատ հիմ մը կը հայթայթէ թէ ի՛նչ որ խոստացած է ապագային համար՝ պիտի իրականանայ։—Յես. 23։14. Եսայ. 55։10, 11

Անշուշտ, շատեր որոնց կը վկայենք, ուրիշ աստուածներ կը պաշտեն կամ կը դաւանին ոեւէ աստուած չպաշտել։ Լսող ականջ գտնելու համար, նախ՝ հասարակաց եզր մը պէտք է գտնենք։ Գործք Առաքելոց 17։22-31–ի արձանագրութենէն կրնանք օգտուիլ։ Նկատի առէք որ Պօղոս առաքեալ փափկանկատ ըլլալով հանդերձ, յստակօրէն նշեց որ բոլոր մարդիկ համարատու են Աստուծոյ, որ երկնքի ու երկրի Ստեղծիչն է։

Աստուծոյ Անունը Ճանչցնել։ Ճշմարիտ Աստուածը իր անունով ճանչցնելէն ետ մի՛ կենաք։ Եհովա կը սիրէ իր անունը։ (Ել. 3։15. Եսայ. 42։8) Ան կ’ուզէ որ մարդիկ այդ անունը գիտնան։ Ան իր փառաւոր անունը Աստուածաշունչին մէջ զետեղել տուաւ աւելի քան 7,000 անգամ։ Մեր պատասխանատուութիւնն է մարդոց ճանչցնել այդ անունը։—Բ. Օր. 4։35

Ամբողջ մարդկութեան ապագայ կեանքի հեռանկարները Եհովան ճանչնալէն եւ հաւատքով իր անունը կանչելէն կախեալ են։ (Յովել. 2։32. Մաղ. 3։16. Բ. Թես. 1։8) Սակայն շատեր Եհովան չեն ճանչնար։ Ասոր մէջ կ’իյնայ հսկայական թիւ մը որ կը դաւանի Աստուածաշունչի Աստուածը պաշտել։ Նոյնիսկ երբ Աստուածաշունչ ունին ու կը կարդան զայն, անոնք տակաւին Աստուծոյ անունը չեն գիտեր, քանի որ անիկա արդի շատ մը թարգմանութիւններէն հանուած է։ Եհովա անուան հետ կարգ մը անհատներու ունեցած միակ ծանօթութիւնը այն է՝ թէ իրենց կրօնական առաջնորդները իրենց պատուիրած են որ այդ անունը չգործածեն։

Ի՞նչպէս կրնանք մարդոց ծանօթացնել Աստուծոյ անունը։ Ամենէն ազդու կերպն է, եթէ կարելի է, իրենց Աստուածաշունչէն ցոյց տալ զայն։ Կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ հազարաւոր անգամ կայ այդ անունը։ Ուրիշներու մէջ, թերեւս միայն Սաղմոս 83։18–ի կամ Ելից 6։3-6–ի մէջ կ’երեւայ, կամ՝ Ելից 3։14, 15–ի, կամ 6։3–ի ստորանիշին մէջ։ Կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ, հոն ուր Աստուծոյ անձնական անունը կայ բնագիր լեզուին մէջ, մեծատառ «Տէր» եւ «Աստուած» արտայայտութիւններով փոխարինուած է։ Հոն ուր արդի թարգմանիչներ Աստուծոյ անձնական անունը ամբողջովին զանց ըրած են, կրնաք գործածել աւելի հին թարգմանութիւն մը, մարդոց ցոյց տալու համար թէ ի՛նչ կատարուած է։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, կրնաք աստուածային անուան ակնարկել կրօնական երգերու մէջ, կամ հանրային շէնքի մը վրայ գտնուած գրութեան մը մէջ։

Նոյնիսկ ուրիշ աստուածներ պաշտողներու պարագային, Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան մէջ Երեմեայ 10։10-13–ը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Անիկա ո՛չ միայն կը նշէ Աստուծոյ անունը, այլ նաեւ յստակօրէն կը բացատրէ թէ ան ո՛վ է։

Եհովայի անունը մի՛ ծածկէք «Աստուած» եւ «Տէր» պիտակներով, ինչպէս Քրիստոնեայ Աշխարհը կ’ընէ։ Ասիկա չի նշանակեր թէ որեւէ խօսակցութեան սկիզբէն այս անունը պէտք է գործածենք։ Կանխադատութեան պատճառաւ, ոմանք կրնան անմիջապէս խօսակցութիւնը կտրել։ Բայց խօսակցութեան համար հիմ մը նետելէ ետք, աստուածային անունը գործածելէն ետ մի՛ կենաք։

Ուշագրաւ է որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ անձնական անունը կը գործածէ շատ աւելի յաճախ քան «Տէր» եւ «Աստուած» նշումները միասնաբար։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, Աստուածաշունչը գրողները ամէն նախադասութեան մէջ Աստուծոյ անունը չփորձեցին մտցնել։ Ասիկա ըրին բնական, ինքնաբուխ եւ յարգալից կերպով։ Ասիկա լաւ օրինակ մըն է հետեւելու համար։

Այդ Անունով Բնորոշուած Անձնաւորութիւնը։ Այն իրողութիւնը թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի, կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է, բայց ասիկա զինք ճանչնալուն միայն առաջին քայլն է։

Եհովան սիրելու եւ հաւատքով զինք կանչելու համար, մարդիկ պէտք է գիտնան իր ի՛նչպիսի Աստուած մը ըլլալը։ Երբ Եհովա Սինա Լերան վրայ իր անունը Մովսէսի գիտցուց, ան պարզապէս «Եհովա» անունը կրկնելէն աւելին ըրաւ։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Իր կարգ մը ուշագրաւ յատկութիւններուն վրայ։ (Ել. 34։6, 7) Ասիկա օրինակ մըն է, որուն պէտք է հետեւինք։

Երբ նոր հետաքրքրուած անձի մը կը վկայէք, կամ ժողովքին մէջ դասախօսութիւններ կու տաք, Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մասին խօսելու ատեն, նշեցէք թէ ասոնք ի՛նչ ցոյց կու տան այսպիսի խոստումներ տուող Աստուծոյն մասին։ Երբ իր պատուիրանքներուն ակնարկում կ’ընէք, անոնց արտացոլացուցած իմաստութիւնը եւ սէրը ցցուն ըրէք։ Յստակ դարձուցէք որ Աստուծոյ պահանջները մեզի համար բեռ մը չեն, այլ ընդհակառակը, անոնցմէ կ’օգտուինք։ (Եսայ. 48։17, 18. Միք. 6։8) Ցոյց տուէք թէ Եհովայի զօրութեան ամէն մէկ արտայայտութիւնը ի՛նչպէս իր անձնաւորութեան, չափանիշներուն եւ նպատակին մասին բան մը կը յայտնէ։ Ուշադրութիւն հրաւիրեցէք իր յատկութիւնները յայտնաբերելու Եհովայի կերպին հաւասարակշռուած ըլլալուն վրայ։ Մարդիկ թող լսեն Եհովայի մասին ձեր զգացումները։ Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը կրնայ նոյնանման սէր արթնցնել ուրիշներու մէջ։

Մեր օրուան համար եղած հրատապ պատգամը բոլոր մարդոց կոչ կ’ընէ որ Աստուծմէ վախնան։ Մեր խօսքերով, այսպիսի աստուածավախութիւն մը պէտք է կերտենք։ Ասիկա առողջ վախ մըն է, Եհովայի հանդէպ երկիւղ մը, իրեն հանդէպ խոր ակնածանք մը։ (Սաղմ. 89։7) Անիկա կը պարփակէ այն գիտակցութիւնը թէ Եհովա գերագոյն Դատաւորն է եւ թէ մեր ապագայ կեանքի հեռանկարները իր հաճութիւնը ունենալէն կախեալ են։ (Ղուկ. 12։5. Հռովմ. 14։12) Ուստի, այսպիսի վախ մը ընդելուզուած է իրեն հանդէպ խոր սիրով, եւ հետեւաբար զինք հաճեցնելու անհուն ցանկութեամբ։ (Բ. Օր. 10։12, 13) Աստուածավախութիւնը նաեւ մեզ կը մղէ որ ատենք ինչ որ չար է, հնազանդինք Աստուծոյ պատուիրանքներուն, եւ կատարեալ սրտով պաշտենք զինք։ (Բ. Օր. 5։29. Ա. Մնաց. 28։9. Առ. 8։13) Անիկա մեզ կը պահպանէ աշխարհի մէջ եղած բաները սիրելով հանդերձ Աստուծոյ ծառայելու փորձին դէմ։—Ա. Յովհ. 2։15-17

Աստուծոյ Անունը՝ «Ամուր Աշտարակ» մը։ Անոնք որ իրապէս Եհովան կը ճանչնան, մեծապէս պաշտպանուած կ’ըլլան։ Ասիկա միայն իր անձնական անունը գործածելուն, կամ իր կարգ մը յատկութիւնները թուելուն պատճառաւ չէ։ Հապա, քանի որ իրենց վստահութիւնը Եհովայի վրայ կը դնեն։ Անոնց մասին Առակաց 18։10–ն կը նշէ. «Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ»։

Ամէն պատեհութիւն օգտագործեցէք ուրիշները յորդորելով որ Եհովայի վստահին։ (Սաղմ. 37։3. Առ. 3։5, 6) Այսպիսի վստահութիւն հաւատք ցոյց կու տայ Եհովայի եւ իր խոստումներուն հանդէպ։ (Եբր. 11։6) Երբ մարդիկ ‘Եհովայի անունը կանչեն’, քանի որ կը գիտակցին որ ան Տիեզերքի Գերիշխանն է, կը սիրեն իր ճամբաները, եւ լիովին կը հաւատան որ իրական փրկութիւնը միայն իրմէ է որ կու գայ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ որ անոնք պիտի փրկուին։ (Հռովմ. 10։13, 14) Մինչ ուրիշներուն կը սորվեցնէք, անոնց օգնեցէք որ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ա՛յսպիսի հաւատք մը կերտեն։

Շատեր անձնական խնդիրներու ներքեւ կքած են։ Անոնք թերեւս ելք մը չեն տեսներ։ Զանոնք յորդորեցէք որ Եհովայի կամքը գիտնան, իրեն վստահին եւ իրենց սորված բաները կիրարկեն։ (Սաղմ. 25։5) Զանոնք քաջալերեցէք որ սրտանց Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեն եւ իր տուած օրհնութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնեն։ (Փիլ. 4։6, 7) Երբ անոնք Եհովան ճանչնան՝ ո՛չ միայն քանի մը նախադասութիւն կարդալով Աստուածաշունչէն, այլ՝ իրենց կեանքին մէջ իր խոստումներուն կատարումը տեսնելով, այն ատեն պիտի սկսին վայելել այն ապահովութիւնը որ կու գայ իրապէս հասկնալէն թէ Եհովայի անունը ի՛նչ կը ներկայացնէ։—Սաղմ. 34։8. Երեմ. 17։7, 8

Ամէն առիթ օգտագործեցէք, մարդոց օգնելով որ գնահատեն ճշմարիտ Աստուծմէ՝ Եհովայէ վախնալուն եւ իր պատուիրանքները պահելուն իմաստութիւնը։

‘ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԱՄԱՐ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ’

ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ետք, բայց երկինք վերադառնալէն առաջ, Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն պատուէր տուաւ, ըսելով. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք . . . մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Աստուծոյ մերօրեայ հաւատարիմ ծառաները նկարագրուած են որպէս՝ ‘Յիսուսի համար վկայութիւն տուողներ’։ (Յայտ. 12։17, Անթիլիաս) Այս վկայութիւնը տալու մէջ որքա՞ն ժրաջան էք։

Շատեր՝ որոնք անկեղծօրէն կ’ըսեն թէ Յիսուսի կը հաւատան, անոր նախամարդկային գոյութեան մասին ոչինչ գիտեն։ Անոնք չեն գիտակցիր թէ ան երկրի վրայ իրապէս մարդ էր։ Անոնք չեն հասկնար թէ անոր Աստուծոյ Որդին ըլլալը ի՛նչ կը նշանակէ։ Անոնք Աստուծոյ նպատակին կատարման մէջ Յիսուսի ունեցած դերին մասին քիչ բան գիտեն։ Անոնք չեն գիտեր թէ ան ներկայիս ի՛նչ կ’ընէ, եւ չեն գիտակցիր թէ իրենց կեանքը ի՛նչպէս պիտի ազդուի ապագային իր ընելիք բաներէն։ Անոնք նոյնիսկ կրնան սխալ կերպով խորհիլ թէ Եհովայի Վկաները Յիսուսին չեն հաւատար։ Մեր առանձնաշնորհումն է ջանալ այս հարցերուն շուրջ ճշմարտութիւնը գիտցնել անոնց։

Տակաւին ուրիշներ չեն հաւատար թէ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրած Յիսուսին նման անձ մը իրապէս ապրած է։ Ոմանք Յիսուսը պարզապէս կը նկատեն մեծ անձնաւորութիւն մը։ Շատեր կը մերժեն այն գաղափարը թէ ան Աստուծոյ Որդին է։ Այսպիսիներուն ‘Յիսուսի համար վկայութիւն տալը’ բաւական ջանք, համբերութիւն ու փափկանկատութիւն կը պահանջէ։

Ձեր ունկնդիրներուն տեսակէտը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, անոնք Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն պէտք է ստանան, եթէ կ’ուզեն օգտուիլ յաւիտենական կեանքի համար Աստուծոյ կարգադրութենէն։ (Յովհ. 17։3) Բացայայտօրէն արտայայտուած Աստուծոյ կամքն է՝ որ ամէն անհատ «դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է», եւ անոր հեղինակութեան ենթարկուի։ (Փիլ. 2։9-11) Ուստի չենք կրնար անտեսել այս հարցը, երբ հանդիպինք մարդոց որոնք զօրաւոր բայց սխալ կարծիքներ կամ բացայայտ կանխադատութիւն ունին։ Մինչ կարգ մը պարագաներուն ազատօրէն կրնանք խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի մասին, նոյնիսկ մեր առաջին այցելութենէն, սակայն այլ պարագաներուն, թերեւս պէտք ըլլայ խոհեմ բացատրութիւններ տալ, որոնք կ’օգնեն մեր ունկնդիրներուն որ սկսին իր մասին շիտակ կերպով մտածել։ Թերեւս հետագայ այցելութիւններու ընթացին այս նիւթին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու կերպերուն մասին ալ պէտք է մտածենք։ Սակայն, թերեւս կարելի չըլլայ այս նիւթին բոլոր երեսակները քննարկել, մինչեւ որ անհատին հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը չվարենք։—Ա. Տիմ. 2։3-7

Աստուծոյ Նպատակին Մէջ Յիսուսի Կենսական Դերը։ Պէտք է մարդոց օգնենք որ հասկնան, թէ քանի որ Յիսուս «ճամբան» է եւ ‘մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ իրմով’, ուրեմն անկարելի է Աստուծոյ հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը ունենալ, առանց Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայելու։ (Յովհ. 14։6) Մինչեւ որ անհատ մը չընդունի այն կենսական դերը, զոր Եհովա իր անդրանիկ Որդւոյն նշանակած է, անկարելի է որ Աստուածաշունչը հասկնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա այս Որդին Իր բոլոր նպատակներուն կատարման մէջ գլխաւոր անձնաւորութիւնը ըրած է։ (Կող. 1։17-20) Այս իրողութիւնը Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն առանցքը կը կազմէ։ (Յայտ. 19։10) Յիսուս Քրիստոս այն անհատն է, որով լուծում մը հայթայթուած է՝ Սատանայի ըմբոստութեամբ ու Ադամի մեղքով յարուցուած բոլոր խնդիրներուն։—Եբր. 2։5-9, 14, 15

Քրիստոսի դերը գնահատելու համար, անհատ մը պէտք է ընդունի թէ մարդիկ ողբալի վիճակի մէջ են, որմէ չեն կրնար դուրս գալ իրենց անձնական ջանքերով։ Բոլորս ալ մեղքի մէջ ծնած ենք։ Ասիկա կրնայ զանազան կերպերով ազդել մեզի մեր կեանքի տեւողութեան։ Սակայն, ուշ կամ կանուխ, հետեւանքը մահ է։ (Հռովմ. 3։23. 5։12) Այս կէտին մասին խօսեցէք, անոնց հետ որոնց կը վկայէք։ Ապա մատնանշեցէք թէ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին միջոցաւ, Եհովա սիրալիրօրէն կարելի դարձուցած է որ այս կարգադրութեան հաւատք ընծայողները մեղքէն ու մահէն ազատագրուին։ (Մար. 10։45. Եբր. 2։9) Ասիկա իրենց դիմաց ճամբան կը հարթէ որ յաւիտենական կեանք վայելեն կատարելութեան մէջ։ (Յովհ. 3։16, 36) Ուրիշ ո՛չ մէկ կերպով ասիկա կարելի է։ (Գործք 4։12) Որպէս ուսուցիչ, թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ դուրսը, այս իրողութիւնները պարզապէս նշելէն աւելին ըրէք։ Ազնուօրէն ու համբերութեամբ ձեր ունկնդիրներուն մէջ երախտագիտութեան զգացում մը կերտեցէք Քրիստոսի դերին հանդէպ որպէս մեր Փրկիչը։ Այս կարգադրութեան հանդէպ գնահատութիւնը կրնայ խոր ազդեցութիւն ունենալ անհատին կեցուածքին, վարքին ու կեանքի նպատակակէտերուն վրայ։—Բ. Կորն. 5։14, 15

Անշուշտ, Յիսուս իր կեանքը միայն մէկ անգամ զոհեց։ (Եբր. 9։28) Սակայն, ներկայիս ան կը գործէ որպէս Քահանայապետ։ Ուրիշներուն օգնեցէք որ հասկնան թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Արդեօք անոնք ճնշուածութենէ, յուսախաբութենէ, վշտէ կամ այլ խնդիրներէ կը տառապի՞ն, իրենց շուրջիններուն անազնուութեան պատճառաւ։ Երբ Յիսուս մարդ էր, ան այս բոլոր բաներէն անցաւ։ Ան գիտէ թէ մենք ի՛նչ կը զգանք։ Անկատարութեան պատճառաւ, Աստուծոյ ողորմութեան կարիքը կը զգա՞նք։ Եթէ Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ Աստուծոյ աղօթենք ու ներում խնդրենք, Յիսուս «Հօրը քով» որպէս «բարեխօս» կը ծառայէ։ Կարեկցաբար, ան «մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Յովհ. 2։1, 2. Հռովմ. 8։34) Յիսուսի զոհագործութեան եւ որպէս Քահանայապետ իր ծառայութիւններուն հիման վրայ, կարող ենք Եհովայի «շնորհաց աթոռին» մօտենալ, ճիշդ ատենին օգնութիւն ստանալու համար։ (Եբր. 4։15, 16) Թէեւ անկատար ենք, սակայն որպէս Քահանայապետ Յիսուսի հայթայթած օգնութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ որ Աստուծոյ ծառայենք մաքուր խղճմտանքով։—Եբր. 9։13, 14

Ասկէ զատ, Յիսուս մեծ հեղինակութիւն կը բանեցնէ, Աստուծոյ կողմէ նշանակուելով որպէս քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։ (Մատթ. 28։18. Եփ. 1։22, 23) Այս հանգամանքով, ան Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ եղող հարկ եղած ուղղութիւնը կը հայթայթէ։ Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնէք, անոնց օգնեցէք որ հասկնան թէ Յիսուս Քրիստոս է ժողովքին Գլուխը, եւ ուրիշ ո՛չ մէկ մարդ։ (Մատթ. 23։10) Հետաքրքրուած անհատներու հետ ձեր ունեցած առաջին հանդիպումէն իսկ, զանոնք հրաւիրեցէք որ տեղական ժողովքին ժողովներուն գան, ուր Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ հայթայթուած գրականութիւններու օգնութեամբ։ Անոնց բացատրեցէք ո՛չ միայն «ծառայ»ին ո՛վ ըլլալը, այլ նաեւ՝ Տիրոջ ինքնութիւնը, որպէսզի Յիսուսի գլխաւորութենէն տեղեակ ըլլան։ (Մատթ. 24։45-47) Զանոնք ծանօթացուցէք երէցներուն, եւ անոնց բացատրեցէք երէցներէն պահանջուած հոգեւոր որակումները։ (Ա. Տիմ. 3։1-7. Տիտ. 1։5-9) Բացատրեցէք թէ ժողովքը երէցներուն չի պատկանիր, այլ՝ անոնք մեզի կ’օգնեն որ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն հետեւինք։ (Գործք 20։28. Եփ. 4։16. Ա. Պետ. 5։2, 3) Այս հետաքրքրուած անհատներուն օգնեցէք որ տեսնեն թէ Քրիստոսի գլխաւորութեան ներքեւ գործող կազմակերպուած ու համաշխարհային ընկերութիւն մը գոյութիւն ունի։

Աւետարաններէն կը սորվինք որ երբ Յիսուս իր մահուընէ քիչ ժամանակ առաջ Երուսաղէմ մտաւ, իր աշակերտները զինք ողջունեցին որպէս ‘Տէրոջը անունով եկող թագաւորը’։ (Ղուկ. 19։38) Մինչ մարդիկ Աստուածաշունչը աւելի խոր կերպով կ’ուսումնասիրեն, անոնք կը սորվին թէ ներկայիս Եհովա Յիսուսի տուած է իշխելու հեղինակութիւն, որմէ կ’ազդուին ամէն ազգի պատկանող անհատներ։ (Դան. 7։13, 14) Երբ ժողովքին մէջ դասախօսութիւններ կու տաք, կամ ուսումնասիրութիւններ կը վարէք, մարդոց օգնեցէք որ գնահատեն թէ Յիսուսի իշխանութիւնը ի՛նչ պէտք է նշանակէ բոլորիս համար։

Ընդգծեցէք թէ մեր կենցաղը ցոյց կու տայ թէ իրապէս կը հաւատա՛նք թէ Յիսուս Քրիստոս Թագաւոր է եւ սիրայօժարօրէն կ’ենթարկուի՛նք իր իշխանութեան կամ ոչ։ Անոնց ուշադրութիւնը դարձուցէք այն գործին վրայ, զոր Յիսուս Թագաւոր օծուելէ ետք իր հետեւորդներուն յանձնեց։ (Մատթ. 24։14. 28։18-20) Անոնց հետ խօսեցէք թէ Յիսուս՝ Սքանչելի Խորհրդակիցը՝ ի՛նչ ըսաւ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը գրաւելիք բաներուն մասին։ (Եսայ. 9։6, 7. Մատթ. 6։19-34) Անոնց ուշադրութեան յանձնեցէք թէ ըստ Խաղաղութեան Իշխանին, իր հետեւորդները ի՛նչպիսի հոգի մը պէտք է ցուցաբերեն։ (Մատթ. 20։25-27. Յովհ. 13։35) Զգոյշ եղէք որ չդատէք թէ ուրիշներ հարկ եղածին չափ կ’ընեն թէ ոչ, այլ զիրենք քաջալերեցէք որ մտածեն թէ իրենց արարքները Քրիստոսի իշխանութեան հպատակելու նկատմամբ ի՛նչ ցոյց կու տան։ Մինչ ասիկա կ’ընէք, յիշեցէք թէ դուք ալ նոյնը պէտք է ընէք։

Քրիստոսը Որպէս Հիմ Դնել։ Աստուածաշունչը Քրիստոնեայ աշակերտ մը պատրաստելը կը նմանցնէ կառոյցի մը, որուն հիմը Յիսուս Քրիստոս է։ (Ա. Կորն. 3։10-15) Ասիկա իրագործելու համար, մարդոց օգնեցէք որ Յիսուսը ճանչնան այնպէս՝ ինչպէս Աստուածաշունչը կը բնութագրէ զինք։ Զգոյշ եղէք որ անոնք իրենք զիրենք ձեր հետեւորդը չնկատեն։ (Ա. Կորն. 3։4-7) Անոնց ուշադրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի ուղղեցէք։

Եթէ լաւ հիմ մը դրուի, աշակերտները պիտի հասկնան թէ Քրիստոս օրինակ մը ձգեց մեզի, «որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւինք»։ (Ա. Պետ. 2։21) Այս հիմին վրայ կառուցանելու համար, աշակերտները քաջալերեցէք որ Աւետարանները կարդան, ո՛չ միայն որպէս իրական պատմութիւն, այլ՝ որպէս ուղի մը, որուն պէտք է հետեւին։ Անոնց օգնեցէք որ ընդօրինակեն Յիսուսը յատկորոշող կեցուածքներն ու յատկութիւնները։ Զիրենք քաջալերեցէք որ նկատեն թէ Յիսուս իր Հօրը հանդէպ ի՛նչ զգացում ունէր, ան նեղութիւններու եւ փորձութիւններու ի՛նչպէս տոկաց, Աստուծոյ հանդէպ ի՛նչպէս հպատակութիւն ցուցաբերեց, եւ մարդոց հետ ի՛նչպէս վարուեցաւ զանազան պարագաներու ներքեւ։ Ընդգծեցէք այն գործունէութիւնը, որով Յիսուս զբաղած էր։ Այդ պարագային, երբ աշակերտ մը իր կեանքին մէջ որոշումներ կամ փորձութիւններ դիմագրաւէ, ինքնիրեն հարց պիտի տայ. ‘Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէր եթէ այս պարագային մէջ ըլլար։ Ընթացքս պատշաճ գնահատութիւն ցոյց պիտի տա՞յ ինծի համար իր ըրած բաներուն հանդէպ’։

Երբ ժողովքին դիմաց կը խօսիք, մի՛ եզրակացնէք թէ հարկ չկայ մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրելու Յիսուսի վրայ, քանի որ ձեր եղբայրները արդէն Յիսուսի կը հաւատան։ Ձեր ըսածը իրենց համար աւելի մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ, եթէ այդ հաւատքին վրայ կառուցանէք։ Երբ ժողովներուն մասին կը խօսիք, զայն կապեցէք որպէս ժողովքին Գլուխ՝ Յիսուսի դերին հետ։ Երբ դաշտի ծառայութեան մասին կը խօսիք, ուշադրութիւն դարձուցէք իր ծառայութեան ընթացքին Յիսուսի ցուցաբերած հոգիին վրայ, եւ ծառայութիւնը ներկայացուցէք՝ նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար մարդիկը հաւաքելու որպէս Թագաւոր Քրիստոսի ըրած բաներուն լոյսին տակ։

Բացայայտ է թէ Յիսուսի մասին հիմնական իրողութիւններ սորվելէն աւելի կը պահանջուի։ Իսկական Քրիստոնեաներ ըլլալու համար, մարդիկ պէտք է իրեն հաւատան եւ զինք իրապէս սիրեն։ Այսպիսի սէր՝ հաւատարիմ հնազանդութիւն ցուցաբերելու կը մղէ։ (Յովհ. 14։15, 21) Անիկա մարդոց կարողութիւն կու տայ որ հաւատքի մէջ հաստատ մնան աննպաստ պայմաններու ներքեւ, շարունակեն իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան Քրիստոսի քայլերուն հետեւիլ, ըլլան հասուն Քրիստոնեաներ, որոնք ‘սիրով արմատացած ու հաստատուած’ են։ (Եփ. 3։17) Այսպիսի ընթացք մը Եհովայի՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուծոյն ու Հօր՝ փառք կը բերէ։

«ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ»

ԵՐԲ իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին նշանին մասին մանրամասնութիւններ կու տար, Յիսուս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը [«թագաւորութեան այս բարի լուրը», ՆԱ] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթ. 24։14

Արդեօք ի՞նչ է այս պատգամը, որ ա՛յսքան ընդարձակ ծանուցումի պիտի արժանանար։ Անիկա այն Թագաւորութեան մասին է, որուն համար Յիսուս մեզի սորվեցուց որ Աստուծոյ աղօթենք, ըսելով. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ (Մատթ. 6։10) Յայտնութիւն 11։15–ը զայն կը նկարագրէ որպէս ‘մեր Տէրոջը [Եհովայի] ու իր Օծեալին թագաւորութիւնը’, քանի որ իշխելու հեղինակութիւնը Եհովայէ ծագում կ’առնէ եւ Քրիստոսի տրուած է որպէս Թագաւոր։ Սակայն, նկատի առէք թէ այն պատգամը, որ Յիսուս ըսաւ թէ պիտի ծանուցանուէր մեր օրերուն, առաջին դարուն իր հետեւորդներուն քարոզածէն աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի ըլլար։ Անոնք մարդոց ըսին. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է»։ (Ղուկ. 10։9) Թագաւոր ըլլալու համար օծուած Յիսուսը, այն ատեն իրենց մէջ կը գտնուէր։ Սակայն, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 24։14–ի մէջ, Յիսուս նախագուշակեց Աստուծոյ նպատակին կատարման մէջ ուրիշ կարեւոր դէպքի մը մասին համաշխարհային ծանուցում մը։

Դանիէլ մարգարէին տեսիլք մը տրուեցաւ այս կարեւոր դէպքին մասին։ Ան տեսաւ «Որդի Մարդոյ նման մէկը», Յիսուս Քրիստոս, ‘Յաւիտեան Կենդանի Եղողէն’՝ Եհովա Աստուծմէ՝ կը ստանար «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Դան. 7։13, 14) Տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող այս դէպքը տեղի ունեցաւ երկնքի մէջ՝ 1914–ին։ Անկէ ետք, Բանսարկուն եւ իր դեւերը երկիր նետուեցան։ (Յայտ. 12։7-10) Իրերու հին դրութիւնը իր վերջին օրերուն մէջ մտաւ։ Սակայն, անիկա ամբողջովին բնաջնջուելէն առաջ, երկրածաւալ ծանուցում մը կը կատարուի. Եհովայի Մեսիական Թագաւորը այժմ կ’իշխէ իր երկնային գահէն։ Ասիկա ամէնուրեք մարդոց ուշադրութեան կը յանձնուի։ Անոնց ընդառաջումը ցոյց կու տայ՝ «մարդոց թագաւորութեանը» վրայ Իշխող՝ Բարձրեալին հանդէպ իրենց կեցուածքը։—Դան. 4։32

Ճիշդ է որ տակաւին շա՜տ բաներ տեղի պիտի ունենան։ Մինչ այդ կը շարունակենք աղօթել՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ», բայց ո՛չ թէ այն մտքով որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տակաւին ապագային պիտի հաստատուի։ Այլ, այն մտքով որ այդ երկնային Թագաւորութիւնը վճռական քայլեր պիտի առնէ Դանիէլ 2։44–ի ու Յայտնութիւն 21։2-4–ի նման մարգարէութիւններ կատարելու համար։ Անիկա երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ, զայն լեցնելով Աստուած ու իրենց ընկեր արարածը սիրող մարդոցմով։ Մինչ «թագաւորութեան այս բարի լուրը» կը քարոզենք, այդ ապագայ հեռանկարներուն վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրենք։ Սակայն, նոյն ատեն անվարանօրէն կը գիտցնենք թէ Եհովա արդէն իսկ իր Որդւոյն իշխելու բացարձակ լիազօրութիւն տուած է։ Երբ Թագաւորութեան մասին կը վկայէք, ա՞յս բարի լուրն է որ կը շեշտէք։

Թագաւորութիւնը Բացատրել։ Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մեր յանձնարարութիւնը կատարել։ Կրնանք հետաքրքրութիւն արթնցնել, զանազան նիւթերու շուրջ խօսակցութիւններ սկսելով, սակայն շուտով բացայայտ պէտք է ըլլայ թէ մեր պատգամը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին է։

Այս գործին կարեւոր մէկ երեսակն է Թագաւորութեան ակնարկող համարները ընթերցել կամ զանոնք մէջբերել։ Երբ Թագաւորութեան կ’ակնարկէք, վստահ եղէք թէ ձեր ունկնդիրները կը հասկնան անոր ի՛նչ ըլլալը։ Թերեւս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է ըսելէն աւելին պէտք է։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք դժուարանան անտեսանելի բանի մը մասին մտածել որպէս կառավարութիւն։ Անոնց հետ կրնաք զանազան կերպերով տրամաբանել։ Օրինակ, ձգողութիւնը անտեսանելի է, սակայն անիկա մեր կեանքին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունի։ Չենք կրնար տեսնել ձգողական օրէնքը դնող Անձը, բայց բացորոշ է թէ անիկա մեծ զօրութիւն ունի։ Աստուածաշունչը անոր կ’ակնարկէ որպէս «յաւիտենական թագաւոր»։ (Ա. Տիմ. 1։17) Կամ՝ կրնաք պատճառաբանել թէ մեծ երկրի մը մէջ շատեր բնաւ մայրաքաղաք գացած չեն ըլլար, ոչ ալ իրենց կառավարիչը անձամբ տեսած կ’ըլլան։ Անոնք այս բաներուն մասին կը տեղեկանան լուրերէն։ Նմանապէս, Աստուածաշունչը, որ աւելի քան 2,200 լեզուներով հրատարակուած է, մեզի կը խօսի Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին. անիկա մեզի կ’իմացնէ թէ հեղինակութիւնը որո՛ւ յանձնուած է եւ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կ’ընէ։ Դիտարան–ը, որ կը հրատարակուի շատ աւելի լեզուներով քան ուրիշ որեւէ պարբերաթերթ, «կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը», ինչպէս երեսի կողքին վրայ գրուած է։

Մարդոց օգնելու համար որ Թագաւորութեան ինչ ըլլալը հասկնան, կրնաք անոնց յիշել կարգ մը բաներ, զորս կ’ուզեն որ կառավարութիւններ հայթայթեն իրենց համար. տնտեսական ապահովութիւն, խաղաղութիւն, ոճիրէ ազատագրում, բոլոր ազգատոհմերուն հանդէպ անաչառ վերաբերմունք, կրթութիւն եւ առողջապահական խնամք։ Ցոյց տուէք թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ է որ մարդկութեան այս եւ այլ լաւ ցանկութիւններուն լիարժէք գոհացում պիտի տրուի։—Սաղմ. 145։16

Ջանացէք մարդոց մէջ փափաք արթնցնել հպատակներ ըլլալու ա՛յն Թագաւորութեան, որուն գահակալուած Թագաւորն է Յիսուս Քրիստոս։ Նշեցէք թէ անոր կատարած հրաշքները կանխացուցադրութիւններ են, որպէս երկնային Թագաւոր իր ընելիք բաներուն։ Յաճախ խօսեցէք իր ցուցաբերած գրաւիչ յատկութիւններուն մասին։ (Մատթ. 8։2, 3. 11։28-30) Բացատրեցէք թէ ան իր կեանքը զոհեց մեզի համար եւ թէ անկէ ետք Աստուած զինք անմահ կեանքի յարուցանեց երկնքի մէջ։ Երկնքէն է որ ան կ’իշխէ որպէս Թագաւոր։—Գործք 2։29-35

Շեշտեցէք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայիս երկնքէն կ’իշխէ։ Բայց գիտակցեցէք թէ մարդոց մեծամասնութիւնը չի տեսներ թէ ներկայ վիճակները անոր իշխանութեան գլուխ անցնելուն ապացոյցն են։ Ասիկա ի մտի ունենալով, հարցուցէք թէ գիտե՞ն Յիսուս Քրիստոս ի՛նչ ըսաւ այս մասին։ Աչքառու դարձուցէք բաղադրեալ նշանին կարգ մը երեսակները, որոնք կը գտնուին Մատթէոս 24–րդ գլուխ, Մարկոս 13–րդ գլուխ, կամ Ղուկաս 21–րդ գլուխին մէջ։ Ապա հարցուցէք թէ երկնքի մէջ Քրիստոսի գա հակալութիւնը ինչո՛ւ երկրի վրայ այսպիսի վիճակներ պիտի յառաջացնէր։ Ուշադրութիւն հրաւիրեցէք Յայտնութիւն 12։7-10, 12–ի վրայ։

Աստուծոյ Թագաւորութեան կատարած բաներուն որպէս շօշափելի ապացոյց, կարդացէք Մատթէոս 24։14–ը, եւ նկարագրեցէք ներկայիս տեղի ունեցող Աստուածաշունչի դաստիարակութեան աշխարհածաւալ յայտագիրը։ (Եսայ. 54։13) Մարդոց իմացուցէք այդ այլազան դպրոցներուն մասին, որոնցմէ Եհովայի Վկաները կ’օգտուին. անոնք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած են եւ ձրի են։ Բացատրեցէք թէ տունէ տուն մեր ծառայութեան կողքին, անհատներու եւ ընտանիքներու տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկենք, աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Մարդկային ո՞ր կառավարութիւնը ի վիճակի է այսպիսի ընդարձակ կրթական յայտագիր մը հայթայթելու, ո՛չ միայն իր հպատակներուն, այլ՝ համայն աշխարհի մարդոց։ Զանոնք հրաւիրեցէք որ Թագաւորութեան Սրահ գան, Եհովայի Վկաներու համաժողովներուն ներկայ գտնուին, որպէսզի իրենց աչքերով տեսնեն թէ այսպիսի դաստիարակութիւն մը ի՛նչ ազդեցութիւն ունի մարդոց կեանքին վրայ։—Եսայ. 2։2-4. 32։1, 17. Յովհ. 13։35

Սակայն, տանտէրը պիտի անդրադառնա՞յ թէ ինչ է կապը իր կեանքին հետ։ Փափկանկատութեամբ կրնաք նշել թէ ձեր այցելութեան նպատակն է խօսիլ այն պատեհութեան մասին, որ այժմ բաց է բոլորին դիմաց. ապրիլ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Աստուծոյ պահանջած բաները սորվելով եւ հիմա իսկ անոնց համաձայն ապրելով։—Բ. Օր. 30։19, 20. Յայտ. 22։17

Ուրիշներուն Օգնել որ Թագաւորութիւնը Առաջին Տեղը Դնեն։ Թագաւորութեան պատգամը ընդունելէ ետք իսկ, անհատը կարգ մը որոշումներու դիմաց պիտի գտնուի։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ի՞նչ կարեւորութիւն պիտի տայ իր կեանքին մէջ։ Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց որ շարունակեն ‘առաջ թագաւորութիւնը խնդրել’։ (Մատթ. 6։33) Ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն օգնել որ ասիկա ընեն։ Անձնապէս լաւ օրինակ հանդիսանալով եւ մատչելի պատեհութիւններու մասին խօսելով։ Երբեմն, հարցնելով թէ արդեօք անհատը որոշ կարելիութիւններ նկատի առա՞ծ է, եւ պատմելով փորձառութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ ուրիշներ ի՛նչ կ’ընեն։ Սուրբ գրային պատմութիւններու մասին այնպէս մը զրուցելով, որ անոնք Եհովայի հանդէպ անհատին սէրը խորացնեն։ Ընդգծելով Թագաւորութեան իրողութիւն մը ըլլալը։ Շեշտելով թէ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու գործը որքա՜ն կարեւոր է։ Յաճախ մեծագոյն օգուտը կ’իրագործուի, ո՛չ թէ մարդոց ըսելով թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, այլ՝ անոնց մէջ ասիկա ընելու փափաք մը արթնցնելով։

Անտարակոյս, բոլորիս ծանուցանելիք կենսական պատգամը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ Թագաւորութեան վրայ։ Ասոնց վերաբերեալ կենսական ճշմարտութիւնները ցցուն պէտք է ըլլան մեր հանրային վկայութեան, մեր ժողովքներուն եւ մեր անձնական կեանքին մէջ։ Երբ ասիկա ընենք, ցոյց կու տանք թէ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն ի՛րապէս կ’օգտուինք։

ԲՈԼՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ՊԷՏՔ Է ԼՍԵՆ . . .

  • Թէ Եհովա երկնքի ու երկրի Ստեղծիչն է։

  • Թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է։

  • Թէ Եհովա արտակարգ սիրոյ, գերազանց իմաստութեան, կատարեալ արդարութեան, եւ ամենակալ զօրութեան տէր Աստուած մըն է։

  • Թէ մենք համարատու ենք Եհովայի մեր ըրած բաներուն համար։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՄԱՏՈՒՑԱԾ ՄԵՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ . . .

  • Պէտք է իրեն հանդէպ սէրէ մղուած ըլլայ։

  • Պէտք է բխի կատարեալ սրտէ մը. ո՛չ թէ սրտէ մը՝ որ նաեւ կը սիրէ աշխարհի մէջ եղած բաները։

  • Պէտք է ապացուցանէ թէ մեզի համար որքա՜ն թանկարժէք է իրեն հետ մեր ունեցած ընդունելի յարաբերութիւնը։

ՄԱՐԴՈՑ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՀԱՍԿՆԱՆ . . .

  • Թէ Աստուծոյ հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը կարելի է միայն Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։

  • Թէ մեղքէն ու մահէն ազատագրուիլը միայն Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով կարելի է։

  • Թէ Աստուծոյ կամքն է որ բոլորն ալ Յիսուսը ճանչնան որպէս Տէր, ո՛չ միայն զինք Տէր կոչելով, այլ իր պատուէրները պահելով։

  • Թէ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշմարիտ է, բայց իր մասին Քրիստոնեայ Աշխարհին սորվեցուցած շատ մը բաները իրողութիւնները կը խեղաթիւրեն։

ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒԷՔ՝

  • Կ’ապացուցանե՞մ թէ յստակօրէն կ’ըմբռնեմ Յիսուս Քրիստոսի դերը որպէս ժողովքի նշանակուած Գլուխը։

  • Քրիստոսի զոհագործութեան հանդէպ գնահատութիւնս կեանքիս մէջ ա՛յնքան զօրաւոր ազդեցութիւն ունի՞, ինչպէս որ պէտք է։

  • Ի՞նչպէս կրնամ արարքներս ու վերաբերմունքս աւելի լիովին ներդաշնակել Աստուծոյ Որդւոյն ձգած օրինակին հետ։

ԹՈՂ ՄԱՐԴԻԿ ԼՍԵՆ . . .

  • Թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այժմ կ’իշխէ երկնքէն եւ շուտով պիտի փոխարինէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները։

  • Թէ Թագաւորութիւնը երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ, Աստուած ու իրենց ընկեր արարածը սիրող մարդոցմով լեցնելով զայն։

  • Թէ միայն Թագաւորութեան միջոցաւ ամբողջ մարդկութեան լաւ ցանկութիւնները լիովին պիտի գոհացուին։

  • Թէ այժմ մեր ըրած բաներով ցոյց կու տանք թէ կ’ուզե՞նք Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալ թէ ոչ։

ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒԷՔ՝

  • Իմ ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ թէ առաջ Թագաւորութիւնը կը փնտռեմ։

  • Ճշդումներ կրնա՞մ ընել, ասիկա լիարժէք կերպով ընելու համար։

  • Ի՞նչ կրնամ ընել ուրիշներուն մէջ առաջ Թագաւորութիւնը փնտռելու փափաք մը արթնցնելու համար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել