Շիտակ կրօնքը գտա՞ծ էք
«Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 1։27
1, 2. (ա) Ըստ շատերու կարծիքին, ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ իրենց կրօնքը շիտակ կրօնքն է։ (բ) Երբ կրօնք մը կը դատենք, ի՞նչ բան լրջօրէն նկատի պէտք է առնուի։
Կ’ԱՊՐԻՆՔ դարու մը մէջ, երբ շատեր կը գոհանան իրենց կեանքին մէջ յարաբերաբար պզտիկ տեղ մը տալով կրօնքին։ Անոնք թերեւս կարգ մը կրօնական արարողութիւններու ներկայ գտնուին, բայց քիչեր կանոնաւորաբար կ’ընեն ասիկա։ Մարդոց մեծամասնութիւնը չունի այն տեսակէտը թէ բոլոր միւս կրօնքները սխալ են եւ իրենցը շիտակ է։ Անոնք պարզապէս կը խորհին որ, իրենց համար, իրենց կրօնքը շիտակ է։
2 Ասոր ի տես, ‘Շիտակ կրօնքը գտա՞ծ էք’ հարցումը պարզապէս կը նշանակէ կրօնք մը գտա՞ծ էք, որու կը հաւնիք։ Ի՞նչ բան կ’որոշէ ձեր հաւնածը։ Ձեր ընտանի՞քը։ Ձեր ընկերակիցնե՞րը։ Ձեր անձնական զգացումնե՞րը։ Այս հարցին շուրջ ո՞ր աստիճան լրջօրէն նկատի առած էք Աստուծոյ տեսակէտը։
Աստուծոյ Տեսակէտը Ինչպէ՞ս Կրնանք Գիտնալ
3. (ա) Աստուծոյ տեսակէտը գիտնալու համար, ի՞նչ բան մատչելի պէտք է ըլլայ մեզի։ (բ) Աստուածաշունչը Աստուծմէ ըլլալու շուրջ մեր անձնական համոզումին նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ պէտք է ընենք։
3 Գիտնալու համար թէ Աստուած անձամբ ի՛նչ կը խորհի այս մասին, ան որոշ յայտնութիւն մը ըրած պէտք է ըլլայ։ Աստուածաշունչը ամենէն հին գիրքն է, որ կը դաւանի Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Բայց կարելի՞ է ճշմարտապէս ըսել որ այս գիրքը, միւս բոլոր գրքերուն հակառակը, ամբողջ մարդկութեան համար Աստուծոյ պատգամը կը պարունակէ։ Այդ հարցումին ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք եւ ինչո՞ւ։ Պարզապէս, քանի որ ատիկա ձեր ծնողներո՞ւն ունեցած տեսակէտն է, կամ ձեր ընկերակիցներո՞ւն որդեգրած կեցուածքն է։ Փաստերը դուք անձամբ քննա՞ծ էք։ Ինչո՞ւ հիմա չքննէք զանոնք, ապացոյցի հետեւեալ չորս տուեալները գործածելով։
4. Մատչելիութեան նկատմամբ, ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ որ Աստուածաշունչը, որեւէ ուրիշ գրքէ տարբեր, Աստուծմէ է։
4 Մատչելիութիւն. Իրապէս Աստուծմէ եւ ամբողջ մարդկային ընտանիքին համար եղող պատգամ մը մատչելի պէտք է ըլլայ անոր։ Աստուածաշունչի պարագան ա՞յդ է։ Հետեւեալը նկատի առէք. Աստուածաշունչը՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ՝ այժմ կը հրատարակուի 2,000–է աւելի լեզուներով։ Ըստ Ամերիկեան Աստուածաշունչի Ընկերութեան, մօտաւորապէս տասը տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը տպուած էր այն լեզուներով որոնք զայն մատչելի կը դարձնէին աշխարհի բնակչութեան շուրջ 98 առ հարիւրին։ Ինչպէս նշուած է գրքի մը մէջ (Guinness Book of World Records), Աստուածաշունչը բացայայտօրէն «աշխարհի ամենէն մեծ շրջաբերութիւնը ունեցած գիրքն է»։ Ճիշդ այդ է որ պիտի ակնկալէինք Աստուծմէ տրուած պատգամէն որ բոլոր ցեղերէն եւ ազգերէն ու լեզուներէն եղող մարդոց ուղղուած է։ (Բաղդատել Յայտնութիւն 14։6։) Աշխարհին մէջ ուրիշ ոչ մէկ գիրք այսպիսի մրցանիշ մը ունի։
5. Աստուածաշունչին պատմական հիմը ինչո՞ւ կարեւոր է։
5 Պատմականութիւն. Աստուածաշունչի պատմութիւններուն ուշադիր քննութիւնը ի յայտ կը բերէ ուրիշ կերպ մը, որով անիկա կը զատորոշուի սուրբ ըլլալ դաւանող ուրիշ գրքերէ։ Աստուածաշունչը կը պարունակէ պատմական իրողութիւններ, ոչ թէ՝ անփաստելի առասպելներ։ Իրվին Լինթըն, որ վարժուած էր որպէս փաստաբան դատարանի մը մէջ պահանջուած բաները վերլուծել որպէս փաստեր, գրեց. «Մինչ վէպերը, առասպելներն ու սուտ վկայութիւնները ուշադիր են իրենց պատմած դէպքերը անորոշ հեռաւոր վայրի եւ ժամանակի մէջ զետեղելու, ... Աստուածաշունչի պատմութիւնները ամենայն ճշգրտութեամբ մեզի կու տան պատահած դէպքերուն թուականն ու վայրը»։ (Օրինակներու համար, տես Գ. Թագաւորաց 14։25. Եսայեայ 36։1. Ղուկաս 3։1, 2։) Ասիկա նկատողութեան արժանի է այն անհատներուն համար, որոնք կրօնքին կը դիմեն, ոչ թէ՝ իրականութենէն խոյս տալու համար, այլ՝ ճշմարտութեան համար։
6. (ա) Կեանքի խնդիրներուն առնչութեամբ Աստուածաշունչը իրապէս ինչպէ՞ս կ’օգնէ անհատի մը։ (բ) Աստուածաշունչը ո՞ր երեք կերպերով կ’օգնէ անհատի մը որ դառն իրողութիւններուն հետ գլուխ ելլէ։
6 Գործնականութիւն. Աստուածաշունչը լրջօրէն քննողները շուտով կ’անդրադառնան որ անոր պատուէրներն ու սկզբունքները զիրենք շահագործելու մտքով չեն ծրագրուած։ Ընդհակառակը, անոնք ապրելակերպ մը կ’ուրուագծեն, որ օգուտներ կը բերէ անոնց սերտօրէն կառչողներուն։ (Եսայեայ 48։17, 18) Նեղութեան մէջ եղողներուն համար մխիթարութիւնը, զոր անիկա կը ներկայացնէ, սին չէ, հիմնուած՝ ունայն փիլիսոփայութիւններու վրայ։ Այլ, անիկա կ’օգնէ մարդոց որ կեանքի դառն իրողութիւններուն հետ գլուխ ելլեն։ Ինչպէ՞ս։ Երեք կերպերով. (1) դժուարութիւնները ի՛նչպէս դիմագրաւելու մասին ողջամիտ խրատներ տալով, (2) բացատրելով թէ ի՛նչպէս կարելի է ստանալ այն սիրալիր օգնութիւնը զոր Աստուած ներկայիս կու տայ իր ծառաներուն եւ (3) այն հոյակապ ապագան յայտնելով զոր Աստուած վերապահած է իրեն ծառայողներուն, իրական պատճառներ տալով անոնց որ իր խոստումներուն վստահին։
7. (ա) Աստղանիշի բացատրութեան մէջ մէջբերուած համարները գործածելով, այսօր մարդոց մտահոգող գլխաւոր հարցերէն մէկուն մասին Աստուածաշունչի պատասխանը բացատրեցէք։ (բ) Ցոյց տուէք թէ Աստուածաշունչի խրատը ի՛նչպէս կը պաշտպանէ մեզ կամ կ’օգնէ մեզի որ պրկուած պարագաներուն հետ գլուխ ելլենք։
7 Թէեւ Աստուածաշունչի խրատը յաճախ ժողովրդական չէ հեղինակութիւն մերժողներուն եւ ինքնահաճոյ կեանք մը հետապնդողներուն քով, սակայն շատեր սկսած են անդրադառնալ որ այսպիսի կեանք մը իրական ուրախութիւն չէ բերած իրենց։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Աստուածաշունչը ուղղակի կը պատասխանէ վիժումի, ամուսնալուծման եւ միասեռականութեան նկատմամբ հարցումներուն։ Անոր խրատը կը պաշտպանէ թմրեցուցիչի ու ոգելից ըմպելիներու սխալ գործածութեան դէմ եւ ապականուած արեան կամ սեռային խառնակութեան միջոցաւ ԱԴԱ–է [AIDS] վարակուելու դէմ։ Անիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կարելի է ուրախ ընտանիքներ ունենալ։ Անիկա պատասխաններ կը հայթայթէ, որոնք կարելի կը դարձնեն որ անհատ մը կեանքի մէջ ամենէն պրկուած պարագաներուն հետ գլուխ ելլէ, մէջը ըլլալով՝ ընտանիքի անմիջական անդամներէն մերժուիլը, ծանր հիւանդութիւնը եւ սիրելիի մը մահը։ Անիկա կ’օգնէ մեզի որ մեր նախասիրութիւնները զատորոշենք, որպէսզի մեր կեանքերը իմաստով լեցուին, ոչ թէ՝ ցաւով։a
8, 9. (ա) Ի՞նչ մարգարէութիւն ձեզ անձնապէս կը տպաւորէ որպէս ապացոյց թէ Աստուածաշունչը ներշնչուած է։ (բ) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ի՞նչ կը փաստեն անոնց ծագումին մասին։
8 Մարգարէութիւն. Աստուածաշունչը անզուգական է որպէս մարգարէութիւններու գիրք մը, գիրք մը՝ որ կ’ըսէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի ապագային եւ ասիկա մանրամասնութեամբ կ’ընէ։ Անիկա գուշակեց վաղեմի Տիւրոսի կործանումը, Բաբելոնի անկումը, Երուսաղէմի վերաշինութիւնը, Մարա–Պարսկաստանի եւ Յունաստանի թագաւորներուն բարձրացումն ու անկումը եւ Յիսուս Քրիստոսի կեանքին մէջ բազմաթիւ դէպքեր։ Անիկա նաեւ մանրամասնութեամբ գուշակեց աշխարհի վիճակները որոնք այս դարուն զարգացած են եւ անոնց նշանակութիւնը կը բացատրէ։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ մարդկային կառավարիչները պատող խնդիրները ի՛նչպէս պիտի լուծուին եւ կը բնորոշէ այն Իշխանը որ մնայուն խաղաղութիւն ու իրական ապահովութիւն պիտի բերէ մարդկութեան։b—Եսայեայ 9։6, 7. 11։1-5, 9. 53։4-6
9 Նշանակալից կերպով, Աստուածաշունչը ապագան ճշգրտօրէն գուշակելու կարողութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Աստուածութեան փաստ մը։ (Եսայեայ 41։1–46։13) Այն մէկը, որ կրնայ ասիկա ընել կամ կրնայ ուրիշները ներշնչել ասիկա ընելու համար, անկենդան կուռք մը չէ։ Ան պարզապէս բարեպաշտ մարդկային էակ մը չէ։ Ան ճշմարիտ Աստուածն է, իսկ այսպիսի մարգարէութիւններ պարունակող գիրքը՝ իր Խօսքը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
Բոլոր Աստուածաշունչ Գործածողները Շիտա՞կ Են
10, 11. Ինչպէս Յիսուս ցոյց տուաւ, թէեւ կղերական մը կրնայ Աստուածաշունչը գործածել, սակայն ի՞նչ բան կրնայ անարժէք դարձնել այն կրօնքը զոր ան կը ջատագովէ։
10 Հետեւաբար, տրամաբանակա՞ն է, աւելի կարեւորը, սուրբ գրայի՞ն է, եզրակացնել թէ Աստուածաշունչը գործածել դաւանող կրօնական բոլոր խումբերը ճշմարիտ կրօնքը կ’ուսուցանեն։ Արդեօք Աստուածաշունչը կրող կամ անկէ մէջբերող ամէն անհատ շիտակ կրօ՞նքը կը գործադրէ։
11 Աստուածաշունչը ունենալով հանդերձ, կղերներէն շատեր կրօնքը կը գործածեն որպէս իրենք զիրենք փառաւորելու միջոց մը։ Անոնք զուտ ճշմարտութիւններուն կը խառնեն աւանդութիւններ եւ մարդկային փիլիսոփայութիւններ։ Անոնց պաշտամունքը Աստուծոյ ընդունելի՞ է։ Տեղին ըլլալով, Յիսուս Քրիստոս Եսայի մարգարէին միջոցաւ Աստուծոյ սա խօսքերը կիրարկեց առաջին դարու Երուսաղէմի կրօնական առաջնորդներուն որոնք ճիշդ այս բանը կ’ընէին. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով»։ (Մատթէոս 15։8, 9. 23։5-10) Որոշ է, ուրեմն, որ այդպիսի կրօնք մը ճշմարիտ կրօնքը չէ։
12, 13. (ա) Եկեղեցիի անդամներու վարմունքը ինչպէ՞ս կրնայ անհատի մը օգնել որոշելու թէ անոնց կրօնքը շիտակ կրօնքն է, թէ՝ ոչ։ (բ) Աստուած ինչպէ՞ս պիտի նկատէ մեր պաշտամունքը, եթէ ընկերակցութեան համար ընտրենք այն անհատները զորոնք ան կը մերժէ։ (Բ. Մնացորդաց 19։2)
12 Ի՞նչ կրնանք ըսել, երբ որոշ կրօնքներու ուսուցումներ չար պտուղներ յառաջ կը բերեն, ինչպէս կը յայտնաբերուի լաւ կեցուածք ունեցող անոնց անդամներուն կեանքին մէջ։ Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ազդարարեց. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն ...։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ ... Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ»։ (Մատթէոս 7։15-17) Ճիշդ է որ անհատներ կրնան սխալներ գործել եւ սրբագրուելու կարիքը ունենալ։ Բայց պարագան տարբեր է, երբ եկեղեցիի անդամներ, նոյնիսկ կղերներ, միջամուխ ըլլան պոռնկութեան եւ շնութեան, կռիւի, գինովութեան, ագահութեան, ստախօսութեան, ոգեհարցութեան, կռապաշտութեան—այս բաներէն որեւէ մէկուն կամ բոլորին—ու պատիժ չկրեն, իսկ այս ընթացքին մէջ յարատեւողները ժողովքէն դուրս չեն ձգուիր։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ որ այս բաները գործադրողները ժողովքէն պէտք է վտարուին. անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ տեղ պիտի չունենան։ (Գաղատացիս 5։19-21) Անոնց պաշտամունքը Աստուծոյ հաճելի չէ. մեր պաշտամունքն ալ Աստուծոյ հաճելի պիտի չըլլայ, եթէ ընկերակցութեան համար ընտրենք այն անհատները զորոնք ան կը մերժէ։—Ա. Կորնթացիս 5։11-13. 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։8
13 Յստակ է, ուրեմն, որ Աստուածաշունչը գործածել դաւանող բոլոր խումբերը չեն գործադրեր ճշմարիտ կրօնքը զոր անիկա կը նկարագրէ։ Արդ, Աստուածաշունչը ճշմարիտ կրօնքը յատկորոշող ի՞նչ նշաններ կու տայ։
Ճշմարիտ Կրօնքը Յատկորոշող Նշաններ
14. (ա) Ճշմարիտ կրօնքին բոլոր ուսուցումները ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած են։ (բ) Աստուծոյ եւ հոգիին առնչութեամբ Քրիստոնեայ Աշխարհի ուսուցումները այս քննութեան մէջ կը յաջողի՞ն։
14 Անոր ուսուցումները անխախտօրէն հիմնուած են ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Բայց Սուրբ Աստուածաշունչը ո՞ւր կը խօսի Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութեան մասին։ Իսկ Աստուածաշունչը ո՞ւր կը սորվեցնէ թէ մարդիկ հոգի մը ունին, որ ֆիզիքական մարմնին մահէն կը վերապրի, ինչպէս կը սորվեցնեն կղերները։ Կղերականի մը հարցուցա՞ծ էք թէ այս ուսուցումները ցոյց տայ ձեզի ձեր Աստուածաշունչէն։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը նշէ. «Ո՛չ Երրորդութիւն բառը եւ ո՛չ ալ բացայայտ վարդապետութիւնը կը տեսնուի Նոր Կտակարանին մէջ»։ (1992, Micropædia, Հատոր ԺԱ., էջ 928) Իսկ Նոր Կաթողիկէ Համայնագիտարանը (Անգլ.) կ’ընդունի. «Առաքելական Հայրերուն մէջ, բան մը չկար որ նոյնիսկ հեռուէն մօտենար այսպիսի մտայնութեան մը կամ տեսակէտի մը»։ (1967, Հատոր ԺԴ., էջ 299) Իսկ գալով Քրիստոնեայ Աշխարհի այն ըմբռնումին թէ հոգին մահուան ատեն մարմնէն կը բաժնուի, եկեղեցիի ուսումնականներ կ’ընդունին որ այս գաղափարը Յոյն փիլիսոփայութենէն փոխ առած են։ Սակայն, ճշմարիտ կրօնքը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը զանց չ’ըներ մարդկային փիլիսոփայութեան ի նպաստ։—Ծննդոց 2։7. Բ. Օրինաց 6։4. Եզեկիէլ 18։4. Յովհաննու 14։28
15. (ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը բնորոշէ պաշտուելու արժանի միակ Էութիւնը։ (բ) Ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ կը զգան Եհովայի մօտենալու մասին։
15 Ճշմարիտ կրօնքը միայն մէկ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ պաշտամունքը կը ջատագովէ։ (Բ. Օրինաց 4։35. Յովհաննու 17։3) Բ. Օրինաց 5։9–ն եւ Բ. Օրինաց 6։13–ը յարասելով, Յիսուս Քրիստոս հաստատամտօրէն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես»։ (Մատթէոս 4։10) Ատոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յիսուս իր Հօր անունը ճանչցուց իր աշակերտներուն։ (Յովհաննու 17։26) Ձեր կրօնքը սորվեցուցա՞ծ է ձեզի որ Եհովան պաշտէք։ Գիտէ՞ք այդ անունով բնորոշուող Էութիւնը—իր նպատակները, իր գործունէութիւնները, իր յատկութիւնները—այնպէս որ զգաք թէ կրնաք վստահութեամբ իրեն մօտենալ։ Եթէ ճշմարիտ կրօնքը ունիք, պատասխանը ա՛յո է։—Ղուկաս 10։22. Ա. Յովհաննու 5։14
16. Ճշմարիտ կրօնքը գործադրողներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոսին հաւատալ։
16 Աստուծոյ հաճելի եղող պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին հաւատալ։ (Յովհաննու 3։36. Գործք 4։12) Ասիկա պարզապէս չի նշանակեր հաւատալ թէ ան ապրեցաւ կամ թէ ան ուշագրաւ անձ մըն էր։ Անիկա կը պարփակէ Յիսուսի մարդկային կատարեալ կեանքին զոհագործութեան արժէքին նկատմամբ Աստուածաշունչին սորվեցուցածը գնահատել եւ ներկայիս իր դիրքը ընդունիլ որպէս երկնաւոր Թագաւոր։ (Սաղմոս 2։6-8. Յովհաննու 3։16. Յայտնութիւն 12։10) Եթէ ճշմարիտ կրօնքը գործադրողներուն հետ կ’ընկերակցիք, գիտէք որ անոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ խղճմտօրէն կը ջանան Յիսուսի հնազանդիլ, զինք ընդօրինակել եւ անձամբ ու նախանձախնդրաբար բաժին բերել իր աշակերտներուն նշանակած գործունէութեան մէջ։ (Մատթէոս 28։19, 20. Յովհաննու 15։14. Ա. Պետրոս 2։21) Եթէ ասիկա ձեր հաւատակիցներուն պարագան չէ, ուրիշ տեղ փնտռելու կարիքը ունիք։
17. Ճշմարիտ երկրպագուները ինչո՞ւ ուշադիր կ’ըլլան իրենք զիրենք աշխարհէն անարատ պահելու, եւ ատիկա ի՞նչ կը պարփակէ։
17 Ճշմարիտ կրօնքը քաղաքականութեան եւ աշխարհային պայքարներուն միջամուխ ըլլալէ չէ արատաւորուած։ (Յակոբու 1։27) Ինչո՞ւ չէ։ Քանի որ Յիսուս իր հետեւորդներուն նկատմամբ ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։16) Յիսուս քաղաքականութեան չխառնուեցաւ եւ արգիլեց որ իր հետեւորդները մարմնաւոր զէնքերու դիմեն։ (Մատթէոս 26։52) Անոնք որոնք լուրջի կ’առնեն ի՛նչ որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ ‘ա՛լ պատերազմ չեն սորվիր’։ (Եսայեայ 2։2-4) Եթէ ձեր կրօնքը, որու հետ՝ երբ նոյնիսկ անուանական ընկերակցութիւն մը ունիք, չի յարմարիր այդ նկարագրութեան, ժամանակն է անոր հետ ձեր կապերը խզելու։—Յակոբու 4։4. Յայտնութիւն 18։4, 5
18. (ա) Յովհաննու 13։35–ը ի՞նչ բան կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ կրօնքին ուշագրաւ մէկ յատկանիշը։ (բ) Ինչպէ՞ս պիտի կարենայիք օգնել անհատի մը որ որոշէ թէ ո՛ր խումբը Յովհաննու 13։35–ին կը յարմարի։
18 Ճշմարիտ կրօնքը անձնուրաց սէր կը սորվեցնէ ու կը գործադրէ։ (Յովհաննու 13։35. Ա. Յովհաննու 3։10-12) Այսպիսի սէր մը միայն քարոզներու մէջ չի խօսուիր։ Անիկա բոլոր ցեղերէն, տնտեսական բոլոր խաւերէն, բոլոր լեզուներէն, բոլոր ազգերէն եղող անհատներ իրապէս իրար կը միացնէ անկեղծ եղբայրակցութեան մը մէջ։ (Յայտնութիւն 7։9, 10) Անիկա ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց շուրջ եղող աշխարհէն կը զատէ։ Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ տեղի ունեցած ժողովներուն ներկայ եղէք, ինչպէս նաեւ՝ անոնց աւելի մեծ համաժողովներուն, եթէ տակաւին չէք ըրած ասիկա։ Զանոնք դիտեցէք, մինչ անոնք միասնաբար կ’աշխատին իրենց Թագաւորութեան Սրահներէն մէկը կառուցանելու համար։ Նկատեցէք թէ անոնք ի՛նչպէս կը վարուին թէ՛ տարեցներուն հետ (որբեւարիները ներառեալ) եւ թէ երիտասարդներուն հետ (մէջը ըլլալով՝ անոնք որոնք միայն մէկ ծնող ունին կամ բնաւ ծնողք չունին)։ (Յակոբու 1։27) Ինչ որ կը դիտէք բաղդատեցէք որեւէ ուրիշ կրօնքի մէջ ձեր տեսածին հետ։ Ապա դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ո՞վ կը գործադրէ ճշմարիտ կրօնքը’։
19. (ա) Ճշմարիտ կրօնքը մարդկութեան խնդիրներուն ի՞նչ լուծում կը ջատագովէ։ (բ) Ճշմարիտ կրօնքին կառչող խումբին անդամները ի՞նչ պէտք է ընեն։
19 Ճշմարիտ կրօնքը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ջատագովէ որպէս մարդկութեան խնդիրներուն մնայուն լուծումը։ (Դանիէլ 2։44. 7։13, 14. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։4, 5) Քրիստոնեայ Աշխարհի որեւէ եկեղեցի ասիկա կ’ընէ՞։ Վերջին անգամ ե՞րբ լսեցիք կղերականի մը որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ ըստ Սուրբ Գրութիւններուն, անոր իրագործելիք բաները կը բացատրէր։ Այն կազմակերպութիւնը, որու կը պատկանիք, կը քաջալերէ՞ ձեզ որ ուրիշներու հետ խօսիք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, իսկ եթէ ա՛յո, անոր անդամները, որպէս ամբողջութիւն մը, կը մասնակցի՞ն անոր։ Յիսուս այսպիսի վկայութիւն տուաւ։ Իր նախկին աշակերտներն ալ ըրին։ Դուք ալ կրնաք այս գործունէութեան մասնակցելու առանձնաշնորհումը ունենալ։ Անիկա ամենէն կարեւոր գործունէութիւնն է, որ ներկայիս կը կատարուի երկրի մակերեսին վրայ։—Մատթէոս 24։14
20. Շիտակ կրօնքը բնորոշելէ զատ, ի՞նչ պէտք է ընենք։
20 Թէեւ հազարաւոր կրօնքներ կան, սակայն Աստուածաշունչը արագօրէն կ’օգնէ մեզի որ շփոթութիւնը վանենք ճշմարիտ կրօնքը բնորոշելու համար։ Բայց միայն զայն բնորոշելէն աւելին պէտք է ընենք։ Կենսական է որ գործադրենք զայն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ աւելի ընդարձակ կերպով նկատի պիտի առնուի թէ ասիկա ի՛նչ կը պարփակէ։
[Ստորանիշ էջ 11]
a Վիժում. Գործք 17։28. Սաղմոս 139։1, 16. Ելից 21։22, 23։ Ամուսնալուծում. Մատթէոս 19։8, 9. Հռովմայեցիս 7։2, 3։ Միասեռականութիւն. Հռովմայեցիս 1։24-27. Ա. Կորնթացիս 6։9-11։ Թմրեցուցիչի եւ ոգելից ըմպելիներու սխալ գործածութիւն. Բ. Կորնթացիս 7։1. Ղուկաս 10։25-27. Առակաց 23։20, 21։ Գաղատացիս 5։19-21։ Արիւն եւ խառնակութիւն. Գործք 15։28, 29. Առակաց 5։15-23. Երեմեայ 5։7-9։ Ընտանիք. Եփեսացիս 5։22–6։4. Կողոսացիս 3։18-21։ Մերժում. Սաղմոս 27։10. Մաղաքիա 2։13-16. Հռովմայեցիս 8։35-39։ Հիւանդութիւն. Յայտնութիւն 21։4, 5. 22։1, 2. Տիտոս 1։2. Սաղմոս 23։1-4։ Մահ. Եսայեայ 25։8. Գործք 24։15։ Նախասիրութիւններ. Մատթէոս 6։19-34. Ղուկաս 12։16-21. Ա. Տիմոթէոս 6։6-12։
[Ստորանիշ էջ 12]
b Այսպիսի մարգարէութիւններու եւ անոնց կատարման օրինակներու համար, տես Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը, էջ 117-61 (Անգլ.) եւ Սուրբ Գրութիւններէն Պատճառաբանել գիրքը, էջ 60-2, 225-32, 234-40 (Անգլ.)։ Երկուքն ալ հրատարակուած են՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Շիտակ կրօնքը բնորոշելու մէջ, որո՞ւ տեսակէտը ամենէն կարեւորն է։
◻ Ապացոյցի ի՞նչ չորս տուեալներ կը մատնանշեն Աստուածաշունչին որպէս Աստուծոյ Խօսքը։
◻ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը գործածող բոլոր կրօնքներն ալ Աստուծոյ ընդունելի չեն։
◻ Մէկ շիտակ կրօնքը բնորոշող վեց նշանները ի՞նչ են։
[Շրջանակ՝ էջ 12]
Եհովայի Վկաները ...
◆ Իրենց բոլոր ուսուցումները Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնեն։
◆ Միակ ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան՝ կը պաշտեն։
◆ Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ իրենց հաւատքին հետ ներդաշնակ կ’ապրին։
◆ Քաղաքականութեան եւ աշխարհային պայքարներուն միջամուխ չեն ըլլար։
◆ Առօրեայ կեանքին մէջ կը ջանան անձնուրաց սէր յայտնաբերել։
◆ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ջատագովեն որպէս մարդկութեան խնդիրներուն մնայուն լուծումը։
[Նկար՝ էջ 10]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ—ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ որ անիկա ամբողջ մարդկութեան համար Աստուծոյ պատգամը կը պարունակէ։