Այս «չար սերունդ»էն փրկուինք
«Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ [սերունդ (ՆԱ)], մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի համբերեմ»։—ՂՈՒԿԱՍ 9։41
1. (ա) Մեր աղիտալի ժամանակները ի՞նչ կը նշեն։ (բ) Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ կ’ըսեն վերապրողներու մասին։
ՄԵՆՔ աղիտալի ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Երկրաշարժներ, հեղեղներ, սովեր, հիւանդութիւններ, անօրէնութիւն, ռմբակոծումներ, ահռելի պատերազմներ—ասոնք եւ ուրիշ աղէտներ, մարդկութիւնը հարուածած են այս Ի. դարու ընթացքին։ Սակայն, մօտ ապագային, մեծագոյն աղէտը կը սպառնայ մարդկութեան։ Ի՞նչ է այդ։ «Մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Այսուհանդերձ, մեզմէ շատեր կրնան ուրախ ապագայի մը յոյսը ունենալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքը կը նկարագրէ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն։ . . . ‘Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները։ . . . Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին . . . եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն’»։—Յայտնութիւն 7։1, 9, 14–17
2. Մատթէոս 24, Մարկոս 13 եւ Ղուկաս 21–ի բացման համարները մարգարէական ի՞նչ նախնական կատարում մը ունեցան։
2 Մատթէոս 24։3–22, Մարկոս 13։3–20 եւ Ղուկաս 21։7–24–ի ներշնչուած արձանագրութիւնը «իրերու դրութեան վախճան»ին նկատմամբ Յիսուսի մարգարէական նկարագրութիւնը կու տայ։a Այս մարգարէութիւնը մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն Հրէական իրերու ապականած դրութեան վրայ նախնական կատարում մը ունեցաւ, աննախընթաց ‘մեծ նեղութեամբ’ մը իր գագաթնակէտին հասնելով։ Երուսաղէմի տաճարին շուրջ կեդրոնացած Հրէական դրութեան կրօնական եւ քաղաքական ամբողջ կառոյցը կործանուեցաւ, բնաւ չվերահաստատուելու պայմանաւ։
3. Ինչո՞ւ ստիպողական է որ ներկայիս Յիսուսի մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայենք։
3 Հիմա, Յիսուսի մարգարէութեան առաջին կատարման հետ առնչուած պարագաները նկատի առնենք։ Ասիկա պիտի օգնէ մեզի որ անոր ներկայ զուգահեռ կատարումը հասկնանք։ Ատիկա մեզի ցոյց պիտի տայ թէ որքա՜ն ստիպողական է հի՛մա դրական քայլ առնել, ամբողջ մարդկութեան սպառնացող մեծագոյն նեղութենէն վերապրելու համար։—Հռովմայեցիս 10։9–13. 15։4. Ա. Կորնթացիս 10։11. 15։58
«Վերջը»—Ե՞րբ
4, 5. (ա) Հ.Դ. առաջին դարու աստուածավախ Հրեաները ինչո՞ւ Դանիէլ 9։24–27–ի մարգարէութեամբ հետաքրքրուած էին։ (բ) Այդ մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
4 Շուրջ Հ.Դ.Ա. 539–ին, Աստուծոյ մարգարէն Դանիէլ՝ տեսիլք մը ստացաւ, տարիներու «եօթանասուն եօթնեակ»ի ժամանակաշրջանի մը վերջին «եօթնեակ»ի ընթացքին տեղի ունենալիք դէպքերու մասին։ (Դանիէլ 9։24–27) Այս «եօթնեակ»ները սկսան Հ.Դ.Ա. 455–ին, երբ Պարսկաստանի Արտաշէս Թագաւորը Երուսաղէմ քաղաքին վերաշինութեան հրամանը արձակեց։ Վերջին «եօթնեակ»ը սկսաւ, Մեսիայի՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ երեւնալով, երբ Հ.Դ. 29–ին ան մկրտուեցաւ ու օծուեցաւ։b Հ.Դ. առաջին դարու աստուածավախ Հրեաները Դանիէլի մարգարէութեան այս ժամանակի երեսակին քաջածանօթ էին։ Օրինակ, Հ.Դ. 29–ին Յովհաննէս Մկրտիչին քարոզչութիւնը մտիկ ընելու համար հաւաքուած ամբոխին մասին, Ղուկաս 3։15–ը կ’ըսէ. «Ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իրենց սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’»։
5 70–րդ «եօթնեակ»ը Հրեաներուն հրամցուած մասնաւոր շնորհքի եօթը տարիներ պիտի ըլլային։ Հ.Դ. 29–ին սկսելով, անիկա պարփակեց Յիսուսի մկրտութիւնն ու ծառայութիւնը, «եօթնեակին մէջտեղը» Հ.Դ. 33–ին իր զոհագործական մահը եւ յաւելեալ ‘կէս եօթնեակ’ մը, մինչեւ Հ.Դ. 36։ Այս «եօթնեակ»ի ընթացքին, Յիսուսի օծեալ աշակերտները ըլլալու պատեհութիւնը բացարձակապէս մատուցուած էր աստուածավախ Հրեաներուն եւ Հրեայ նորադարձներուն։ Ապա Հ.Դ. 70–ին՝ նախապէս չգիտցուած թուական մը՝ Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ Հռովմէական լեգէոնները Հրէական հաւատուրաց դրութիւնը բնաջնջեցին։—Դանիէլ 9։26, 27
6. Հ.Դ. 66–ին, «աւերմունքին պղծութիւնը» ինչպէ՞ս գործի լծուեցաւ, եւ Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։
6 Այսպիսով, Հրէական քահանայութիւնը ջնջուեցաւ, որ Երուսաղէմի տաճարը պղծած եւ Աստուծոյ Որդւոյն սպանութիւնը դաւադրած էր։ Ազգային եւ ցեղային արձանագրութիւններն ալ անհետացան։ Անկէ ի վեր, ո՛չ մէկ Հրեայ կրնար քահանայական կամ թագաւորական ժառանգութիւն մը պահանջել՝ օրինական գետնի վրայ։ Բարեբախտաբար, օծեալ հոգեւոր Հրեաները որպէս թագաւորական քահանայութիւն մը զատուած էին, Եհովա Աստուծոյ ‘առաքինութիւնները հռչակելու’ համար։ (Ա. Պետրոս 2։9) Երբ Հ.Դ. 66–ին Հռովմի բանակը առաջին անգամ Երուսաղէմը պաշարեց եւ նոյնիսկ տաճարի շրջանը ականահարեց, Քրիստոնեաները այդ զօրքը բնորոշեցին որպէս «աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ»։ Յիսուսի մարգարէական պատուէրին հնազանդելով, Երուսաղէմի եւ Յուդայի մէջ եղող Քրիստոնեաները լեռնային շրջանները փախան, պաշտպանուելու համար։—Մատթէոս 24։15, 16. Ղուկաս 21։20, 21
7, 8. Քրիստոնեաները ո՞ր «նշան»ը տեսան, բայց անոնք ի՞նչ բան չէին գիտեր։
7 Հրէութենէ եկած այդ հաւատարիմ Քրիստոնեաները Դանիէլի մարգարէութեան կատարումը տեսան եւ ականատես եղան եղերական պատերազմներուն, սովերուն, մահտարաժամներուն, երկրաշարժներուն եւ անօրէնութեան, զորս Յիսուս գուշակած էր, որպէս «իրերու դրութեան վախճանին նշան»ին մէկ մասը։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Բայց Յիսուս անոնց ըսա՞ծ էր թէ Եհովա ե՛րբ այդ ապականած դրութեան վրայ դատաստան ի գործ պիտի դնէր։ Ո՛չ։ Ինչ որ Յիսուս մարգարէացաւ Իր ապագայ թագաւորական ներկայութեան յանգումին մասին, վստահաբար կը կիրարկուէր առաջին դարու «մեծ նեղութեան» ալ. «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս»։—Մատթէոս 24։36
8 Հրեաները Դանիէլի մարգարէութենէն կրնային հաշուել, Յիսուսի որպէս Մեսիա երեւնալուն ժամանակը։ (Դանիէլ 9։25) Սակայն, հաւատուրաց Հրէական իրերու դրութիւնը վերջապէս կործանող «մեծ նեղութեան» մասին, անոնց թուական մը տրուած չէր։ Երուսաղէմի եւ իր տաճարին կործանումէն ետքն էր միայն, որ գիտակցեցան թէ այդ թուականը՝ Հ.Դ. 70–ն էր։ Բայց եւ այնպէս, անոնք Յիսուսի մարգարէական խօսքերուն քաջածանօթ էին. «Այս ազգը [սերունդը (ՆԱ)] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ (Մատթէոս 24։34) Երեւութապէս, այս համարին մէջ «սերունդ» բառին կիրարկումը տարբեր է Ժողովողի 1։4–ի կիրարկումէն, ուր ժամանակամիջոցի մը մէջ եկող ու գացող յաջորդական սերունդներու մասին կը խօսի։
Ի՞նչ Է «Այս Սերունդը»
9. Բառագիրքերը ի՞նչպէս կը սահմանեն Յունարէն կէնէիա բառը։
9 Երբ Յիսուսի հետ Ձիթենեաց Լեռը նստած չորս առաքեալները «իրերու դրութեան վախճանին» մասին անոր մարգարէութիւնը լսեցին, անոնք «այս սերունդը» արտայայտութիւնը ի՞նչպէս հասկցան։ Աւետարաններուն մէջ «սերունդ» բառը թարգմանուած է Յունարէն կէնէիա (ge·ne·aʹ) բառէն, զոր ընթացիկ բառագիրքերը հետեւեալ կերպով կը սահմանեն. «Բառացիօրէն, նոյն նախահօրմէ ծագում առնողներ»։ (Greek-English Lexicon of the New Testament, Ուոլթըր Պօէրի կողմէ։) «Ան որ ծնած է, ընտանիք մը. . . . ազգաբանութեան մը . . . կամ մարդկային ցեղի մը յաջորդական անդամները . . . կամ միեւնոյն ժամանակ ապրող մարդոց ամբողջ բազմութիւնը, Մատթ. 24։34. Մար. 13։30. Ղուկ. 1։48. 21։32. Փիլ. 2։15, եւ յատկապէս միեւնոյն ժամանակաշրջանին ապրող Հրեայ ցեղին պատկանողներ»։ (Expository Dictionary of New Testament Words, Ու. Վայնի կողմէ։) «Մէկը որ ծնած է, նոյն ծագում ունեցող մարդիկ, ընտանիք մը. . . . միեւնոյն ժամանակ ապրող մարդոց ամբողջութիւն մը. Մատթ. 24։34. Մարկ. 13։30. Ղուկ. 1։48 . . . յատկապէս գործածուած է միեւնոյն ժամանակաշրջանին ապրող Հրեայ ցեղին առնչութեամբ»։—Greek-English Lexicon of the New Testament, Ժ. Հ. Թէյըրի կողմէ։
10. (ա) Երկու հեղինակներ Մատթէոս 24։34–ը մէջբերելով ի՞նչ նոյնանման սահմանում կու տան։ (բ) Աստուածաբանական բառարան մը եւ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ ինչպէ՞ս այս սահմանման թիկունք կը կանգնին։
10 Արդ, թէ՛ Վայն եւ թէ Թէյըր երբ Մատթէոս 24։34–ի «այս սերունդը» (հէ կէնէիա աութէ) կը նշեն, զայն կը սահմանեն որպէս «միեւնոյն ժամանակ ապրող մարդոց ամբողջութիւն մը»։ Բառարան մը (Theological Dictionary of the New Testament [1964]) այս սահմանումին թիկունք կը կանգնի, ըսելով. «‘Յիսուս սերունդ’ բառը գործածելով, իր ընդարձակ նպատակը կ’արտայայտէ. ան ամբողջ ժողովուրդը ի մտի ունի ու կը գիտակցի որ անոնք մեղսակիցներ են»։ Արդարեւ, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, Հրեայ ազգին ‘մեղսակցութիւնը’ բացայայտ էր, ինչպէս է պարագան ներկայ համաշխարհային դրութեան։c
11. (ա) Գլխաւորաբար ո՞ր հեղինակութեամբ պէտք է առաջնորդուինք, որոշելու համար թէ հէ կէնէիա աութէ արտայայտութիւնը ի՛նչպէս պէտք է կիրարկենք։
11 Անշուշտ, այս նիւթը ուսումնասիրող Քրիստոնեաները գլխաւորաբար նկատի կ’առնեն թէ Աւետարանի ներշնչուած գրողները Յունարէն հէ կէնէիա աութէ՝ կամ «այս սերունդը»՝ արտայայտութիւնը ի՛նչ առումով գործածեցին, երբ տեղեկագրեցին Յիսուսի խօսքերը։ Այս արտայայտութիւնը յաճախ բացասական իմաստով գործածուած էր։ Անոր համար, Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդները «օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ» կոչեց ու շարունակեց ըսել թէ Գեհենին դատապարտութիւնը «այս ազգին [սերունդին (ՆԱ)]» վրայ պիտի գար։ (Մատթէոս 23։33, 36) Սակայն, այս դատապարտութիւնը միայն կեղծաւոր կղերներո՞ւն սահմանափակուած էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Աշակերտները բազմաթիւ առիթներով լսեցին Յիսուսի «այս սերունդին» մասին խօսիլը, այդ արտայայտութիւնը կիրարկելով շատ աւելի լայն իմաստով մը։ Արդ, ի՞նչ էր այդ իմաստը։
«Այս Չար Սերունդ»ը
12. Ինչպէս աշակերտները լսեցին, Յիսուս ինչպէ՞ս «ժողովուրդ»ը կցորդեց «այս սերունդին» հետ։
12 Հ.Դ. 31–ին, Գալիլիոյ մէջ Յիսուսի կատարած հսկայ ծառայութեան ընթացքին եւ Պասեքէն քիչ ետք, աշակերտները լսեցին ինչ որ ան ըսաւ «ժողովուրդ»ին. «Որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը [սերունդը (ՆԱ)]։ Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն, ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’։ Վասնզի Յովհաննէս [Մկրտիչ] եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ Որդին մարդոյ [Յիսուս] եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’»։ Սկզբունք չունեցող այդ «ժողովուրդ»ը բա՛ն մը չէր հաւներ։—Մատթէոս 11։7, 16–19
13. Իր աշակերտներուն ներկայութեան, Յիսուս որոնք բնորոշեց ու դատապարտեց որպէս «այս չար սերունդ»ը։
13 Հետագային, Հ.Դ. 31–ին, մինչ Յիսուս եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ մէջ իրենց քարոզչական երկրորդ ճամբորդութեան ձեռնարկած էին, «դպիրներէն ու փարիսեցիներէն ոմանք» Յիսուսէ նշան մը խնդրեցին։ Յիսուս անոնց եւ հոն ներկայ եղող «ժողովուրդ»ին ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը [սերունդը (ՆԱ)] նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։ . . . Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին [սերունդին (ՆԱ)] ալ»։ (Մատթէոս 12։38–46) Բացայայտօրէն, «այս չար սերունդ»ը կը պարփակէր թէ՛ կրօնական առաջնորդները եւ թէ «ժողովուրդ»ը, որոնք բնաւ չգնահատեցին Յիսուսի մահով ու յարութեամբ կատարուած նշանը։d
14. Սադուկեցիներուն եւ Փարիսեցիներուն դէմ Յիսուսի ըրած ո՞ր դատապարտութիւնը աշակերտները լսեցին։
14 Հ.Դ. 32–ի Պասեքէն ետք, երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ Մագդաղայի շրջանը եկան, Սադուկեցիներն ու Փարիսեցիները Յիսուսէ դարձեալ նշան մը խնդրեցին։ Ան անգամ մը եւս կրկնեց. «Չար ու շնացող ազգը [սերունդը (ՆԱ)] նշան կ’ուզէ։ Բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը»։ (Մատթէոս 16։1–4) Այդ կեղծաւոր կրօնականները արդարեւ շա՜տ մեղադրելի էին, որպէս առաջնորդներ ծառայելով անհաւատարիմ «ժողովուրդ»ին մէջ, զոր Յիսուս դատապարտեց որպէս «այս չար սերունդ»ը։
15. Այլակերպումէն ճիշդ առաջ եւ դարձեալ անկէ վերջ, Յիսուս եւ իր աշակերտները ‘այս սերունդ’ին հետ ի՞նչ հանդիպում ունեցան։
15 Գալիլիոյ մէջ իր ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս իրեն կանչեց ժողովուրդը եւ իր աշակերտները ու անոնց ըսաւ. «Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին [սերունդին (ՆԱ)] մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ»։ (Մարկոս 8։34, 38) Ուստի, այդ ատենուան անզեղջ Հրեայ ամբոխը բացայայտօրէն «այս շնացող ու մեղաւոր սերունդ»ը կազմեց։ Մի քանի օր ետք, Յիսուսի այլակերպումէն յետոյ, Յիսուս եւ իր աշակերտները «ժողովուրդին քով եկան», եւ մարդ մը խնդրեց իրմէ որ իր որդին բժշկէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ա՛զգ [սերո՛ւնդ (ՆԱ)], մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ»։—Մատթէոս 17։14–17. Ղուկաս 9։37–41
16. (ա) Յուդայի մէջ Յիսուս «Ժողովուրդ»ին նկատմամբ ի՞նչ դատապարտութիւն կրկնեց։ (բ) «Այս սերունդ»ը ինչպէ՞ս ամենագէշ ոճիրը գործեց։
16 Հ.Դ. 32–ի Տաղաւարահարաց Տօնէն ետք, հաւանաբար Յուդայի մէջ էր որ, «երբ ժողովուրդը [իր] վրայ կը դիզուէր», Յիսուս անոր նկատմամբ իր դատապարտութիւնը կրկնեց, ըսելով. «Այս ազգը [սերունդը (ՆԱ)] չար է. նշան կ’ուզէ, բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը»։ (Ղուկաս 11։29) Վերջապէս, երբ կրօնական առաջնորդները Յիսուսը ատեան բերին, Պիղատոս առաջարկեց զինք ազատ արձակել։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Քահանայապետները եւ ծերերը ժողովուրդը համոզեցին որ Բարաբբան խնդրեն ու Յիսուսը կորսնցնեն։ . . . Ըսաւ անոնց Պիղատոս. ‘Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի’։ Ամէնքն ալ ըսին անոր. ‘Թող խաչուի’։ Եւ կուսակալը ըսաւ. ‘Բայց ի՞նչ չար գործ ըրաւ’։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. ‘Թող խաչուի’»։ Այդ «չար սերունդ»ը Յիսուսի արիւնը կը պահանջէր։—Մատթէոս 27։20–25
17. Պէնտէկոստէին, «այս խոտորած սերունդ»էն ոմանք ինչպէ՞ս Պետրոսի քարոզչութեան ընդառաջեցին։
17 Արդ, իր կրօնական առաջնորդներէն դրդուած, «անհաւատ եւ խոտորեալ սերունդ» մը Տէր Յիսուս Քրիստոսի մահը պատճառելու մէջ գլխաւոր դերը ունեցաւ։ Յիսուն օր ետք, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, աշակերտները սուրբ հոգին ստացան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ։ Երբ ձայնը լսեց, «բազմութիւնը մէկտեղ եկաւ», իսկ Պետրոս առաքեալ իր խօսքը անոնց ուղղեց որպէս «Հրեայ մարդիկ եւ դուք ամէնքդ որ Երուսաղէմ կը բնակիք», ըսելով. «Անիկա [Յիսուսը] . . . առիք եւ անօրէններու ձեռքով փայտի վրայ գամելով սպաննեցիք»։ Այդ ունկնդիրներէն ոմանք ինչպէ՞ս հակազդեցին։ «Իրենց սրտերուն մէջ զղջացին»։ Այն ատեն, Պետրոս անոնց կոչ ըրաւ որ զղջան։ Ան «վկայութիւն կու տար ու կը յորդորէր զանոնք եւ կ’ըսէր. ‘Այս խոտորած ազգէն [սերունդէն (ՆԱ)] ինքզինքնիդ ազատեցէ՛ք’»։ Այս կոչին ընդառաջելով, շուրջ երեք հազար հոգի «սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը [եւ] մկրտուեցան»։—Գործք 2։6, 14, 23, 37, 40, 41
«Այս Սերունդ»ը՝ Բնորոշուած
18. Ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ «Այս սերունդը» արտայայտութիւնը, զոր Յիսուս յաճախ գործածեց։
18 Արդ, ի՞նչ է այն «սերունդ»ը որու Յիսուս յաճախ ակնարկեց իր աշակերտներուն ներկայութեան։ Անոնք ի՞նչ հասկցան իր հետեւեալ խօսքերէն. «Այս ազգը [սերունդը (ՆԱ)] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ Վստահաբար, Յիսուս «այս սերունդը» արտայայտութիւնը նոյն իմաստով գործածեց, ինչպէս յաճախ գործածած էր, ակնարկելով ‘կոյր առաջնորդներ’ ունեցող իր ժամանակակից ամբոխներուն, որոնք միասնաբար կը կազմէին Հրեայ ազգը։ (Մատթէոս 15։14) «Այս սերունդը» Յիսուսի գուշակած բոլոր նեղութիւնները տեսաւ, ապա Երուսաղէմի վրայ եկած աննախընթաց ‘մեծ նեղութեան’ հետ՝ անցաւ։—Մատթէոս 24։21, 34
19. Հրէական իրերու դրութեան «երկինք ու երկիր»ը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս անցան։
19 Առաջին դարուն, Եհովա Հրեայ ժողովուրդը կը դատէր։ Զղջացողները, որոնք Քրիստոսի միջոցաւ Եհովայի ողորմած կարգադրութեան հանդէպ հաւատք ընծայեցին, այդ ‘մեծ նեղութենէն’ փրկուեցան։ Ճիշդ ինչպէս Յիսուս գուշակած էր, մարգարէացուած բոլոր բաները եղան, ապա, Հրէական իրերու դրութեան «երկինք ու երկիր»ը՝ ամբողջ ազգը, իր կրօնական առաջնորդներով եւ ամբարիշտ ընկերութիւնով՝ անցան։ Եհովա իր դատաստանը գործադրած էր։—Մատթէոս 24։35. բաղդատել Բ. Պետրոս 3։7։
20. Ժամանակայարմար ի՞նչ յորդոր ստիպողականօրէն կը կիրարկուի բոլոր Քրիստոնեաներուն։
20 Յիսուսի մարգարէական խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայող Հրեաները գիտակցեցան որ իրենց փրկութիւնը ո՛չ թէ «սերունդ»ի մը կամ որոշ ‘ժամերու եւ ժամանակներու’ երկարութիւնը հաշուելէն կախեալ էր, այլ՝ ժամանակակից չար սերունդէն անջատ մնալէ եւ Աստուծոյ կամքը նախանձախնդրաբար կատարելէն։ Թէեւ Յիսուսի մարգարէութեան վերջին խօսքերը մեր օրերուն իրենց գլխաւոր կատարումը կ’ունենան, սակայն, առաջին դարու Հրեայ Քրիստոնեաներն ալ պէտք էր սա յորդորին ուշադրութիւն ընծայէին. «Արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։—Ղուկաս 21։32–36. Գործք 1։6–8
21. Մօտ ապագային ի՞նչ յանկարծական դէպք կրնանք ակնկալել։
21 Ներկայիս, «Տէրոջը մեծ օրը . . . մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ (Սոփոնեայ 1։14–18. Եսայեայ 13։9, 13) Յանկարծ, իր որոշած ‘օրուան եւ ժամուն’, Եհովայի ցասումը պիտի թափուի աշխարհի կրօնական, քաղաքական եւ առեւտրական տարրերուն վրայ, ինչպէս նաեւ կամակոր մարդոց վրայ, որոնք ժամանակակից «չար եւ շնացող ազգը [սերունդը (ՆԱ)]» կը կազմեն։ (Մատթէոս 12։39. 24։36. Յայտնութիւն 7։1–3, 9, 14) Ի՞նչպէս կրնաք «մեծ նեղութենէն» ապահով դուրս գալ։ Մեր յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ ու ապագայի հոյակապ յոյսին մասին պիտի խօսի։
[Ստորանիշներ]
a Այս մարգարէութեան մասին մանրամասն ուրուագիծ մը ունենալու համար, հաճեցէք նայիլ Դիտարան 1 Մայիս, 1994–ի թիւին էջ 24 եւ 25–ի վրայի ցանկին։
b Տարիներու «եօթնեակ»ներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց խորագրով գիրքը, էջ 130–132, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
c Կարգ մը Աստուածաշունչեր Մատթէոս 24։34–ի մէջ յիշուած հէ կէնէիա աութէ հետեւեալ կերպով կը թարգմանեն. «այս մարդիկը» (The Holy Bible in the Language of Today [1976], Ու. Ֆ. Պէքի կողմէ). «այս ազգը» (Սուրբ Գրոց Վերստուգուած Աշխարհաբար Թարգմանութիւն [1981]), «այս ժողովուրդը» (Jewish New Testament [1979], Տ. Հ. Սթէրնի կողմէ)։
d Այս անհաւատարիմ «ժողովուրդ»ը պէտք չէ համեմատել ղամհա՜րէթի՝ կամ «երկրին ժողովուրդ»ին՝ հետ, որու հետ կրօնական հպարտ առաջնորդները մերժեցին ընկերակցիլ, բայց որու վրայ Յիսուս «խղճաց»։—Մատթէոս 9։36. Յովհաննու 7։49
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք
◻ Դանիէլ 9։24–27–ի կատարումէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Ընթացիկ բառագիրքերը Աստուածաշունչի մէջ գործածուած «այս սերունդը» ինչպէ՞ս կը սահմանեն։
◻ Յիսուս «սերունդ» արտայայտութիւնը յաճախ ինչպէ՞ս գործածեց։
◻ Մատթէոս 24։34, 35–ը առաջին դարուն ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
[Նկար՝ էջ 9]
Յիսուս «այս սերունդ»ը անկարգապահ տղոց բազմութեան նմանցուց
[Նկար՝ էջ 10]
Միայն Եհովան առաջուընէ գիտէր Հրէական ամբարիշտ դրութեան վրայ դատաստան գործադրելու ժամը