Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Մարտ էջ 1-14
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՐՏ 4-10
  • ՄԱՐՏ 11-17
  • ՄԱՐՏ 18-24
  • ՄԱՐՏ 25-31
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Մարտ էջ 1-14

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՐՏ 4-10

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12-14

«Ի՞նչ կը նշանակէ սէր ցոյց տալ»

(Հռովմայեցիս 12։10) Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք։

it-1 55

Գուրգուրանք

Պէտք է եղբայրսիրութիւն (յունարէն՝ phi·la·del·phiʹa, բառացիօրէն՝ «եղբօր մը հանդէպ գուրգուրանք») ըլլայ քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամներուն միջեւ (Հռով. 12։10. Եբ. 13։1. տե՛ս նաեւ Ա. Պետ. 3։8)։ Ուրեմն, ժողովքի անդամներուն փոխյարաբերութիւնները պէտք է բառացի ընտանիքի մը անդամներուն փոխյարաբերութիւններուն չափ մտերիմ, զօրաւոր եւ ջերմ ըլլան։ Ճիշդ է որ ժողովքին անդամները արդէն եղբայրսիրութեամբ կը վարուին, բայց Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ, որ ա՛լ աւելի զարգացնեն այս յատկութիւնը (Ա. Թես. 4։9, 10)։

Յունարէն phi·loʹstor·gos բառը, որ կը նշանակէ՝ «քնքուշ գուրգուրանք ունենալ», կը գործածուի նկարագրելու այն անձը, որ ջերմ մտերմութիւն ունի ուրիշի մը հետ։ Այս բարդ բառին արմատներէն մէկը՝ sterʹgo, շատ անգամ կը գործածուի ակնարկելու ընտանիքի անդամներու միջեւ եղած բնական գուրգուրանքին։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց որ այս յատկութիւնը զարգացնեն, ըսելով «իրարու գորովալից եղէ՛ք» կամ՝ «իրարու հանդէպ քնքուշ գուրգուրանք ունեցէք» (Հռով. 12։10)։ Պօղոս նաեւ ըսաւ թէ վերջին օրերուն մարդիկ պիտի ըլլային «անգութ» կամ՝ «բնական գուրգուրանք չունեցող» (յունարէն՝ aʹstor·goi) եւ թէ այսպիսիներ մահուան արժանի են (Բ. Տիմ. 3։3. Հռով. 1։31, 32)։

(Հռովմայեցիս 12։17-19) Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ 18 Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ 19 Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ, կ’ըսէ Տէրը»։

դ09 10/1 20 ¶3

«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»

3 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։17–ն։ Պօղոս բացատրեց թէ թշնամութեան փոխարէն թշնամութիւն պէտք չէ հատուցանենք։ Անոր խրատին հետեւիլը յատկապէս կարեւոր է կրօնապէս բաժնուած տուներուն մէջ։ Քրիստոնեայ կողակիցը անազնիւ խօսքին կամ արարքին կոշտութեամբ փոխադարձելու փորձութեան կը դիմադրէ։ ‘Չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանելը’ օգուտ մը չի բերեր։ Ընդհակառակը, այս վերաբերմունքը կացութիւնը կը բարդացնէ։

դ07 7/1 24-25 ¶12-13

«Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»

12 Հաւատացեալներու եւ անհաւատներու հետ ի՛նչպէս վարուելու նկատմամբ, Պօղոս կը շարունակէ յորդորել. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»։ Այս խօսքը տրամաբանական շարունակութիւն է իր նախորդ ըսածներուն, ինչպէս՝ «չարէն զզուեցէ՛ք»։ Արդարեւ, անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ըսել թէ չարէն իրապէս կը զզուի, եթէ ուրիշներուն չարութիւն պիտի հատուցանէ։ Այսպէս վարուիլը «առանց կեղծաւորութեան» սէր ունենալուն հակառակն է։ Ապա Պօղոս կ’ըսէ. «Բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։9, 17) Այս խօսքերը ի՞նչպէս կը կիրարկենք։

13 Նախապէս Կորնթացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս գրեց առաքեալներուն դիմագրաւած հալածանքին մասին։ Ան ըսաւ. «Տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։ . . . Երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք. երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք»։ (Ա. Կորնթացիս 4։9-13) Ներկայիս, ճշմարիտ Քրիստոնեաները նոյնպէս աշխարհի մարդոց կողմէ կը դիտուին։ Երբ մեր շուրջը գտնուողները մեր ըրած բարի բաները տեսնեն, նոյնիսկ անիրաւութեան դիմաց, թերեւս մղուին մեր քրիստոնէական պատգամին նպաստաւոր կերպով ընդառաջելու։—Ա. Պետրոս 2։12

(Հռովմայեցիս 12։20, 21) Ուստի «եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես»։ 21 Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։

դ12 11/1 31 ¶13

Իրարու ներենք

13 Կրնայ ըլլալ որ անհաւատ մը քեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցած է։ Բայց եւ այնպէս, թերեւս իրեն կարենաս օգնել որ հետաքրքրուի Աստուածաշունչի ուսուցումներով։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին» (Հռով. 12։20, 21)։ Երբ քաղաքավարութեամբ վարուիս նոյնիսկ երբ մարդիկ քեզի դէմ բարկանան, թերեւս անոնք իրենց կեցուածքը փոխեն եւ նոյնիսկ սկսին ազնուութեամբ վարուիլ։ Եթէ քեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցող անհատը հասկնաս եւ կարեկցիս, թերեւս իրեն օգնես Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելու։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, մեղմ եւ ազնիւ արարքներդ պիտի մղեն անհատը որ մտածէ թէ ինչո՛ւ ուրիշներէն տարբեր ես (Ա. Պետ. 2։12. 3։16)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Հռովմայեցիս 12։1) Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։

ասմ 63-64 ¶5-6

Ինչպէ՛ս օգտակար ժամանց ընտրել

5 Կեանքիդ մէջ ի՛նչ որ ալ ընես՝ Եհովայի պաշտամունքին առնչուած է։ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս ազդու արտայայտութիւն մը գործածեց, իր հաւատակիցներուն մտքին մէջ այս ճշմարտութիւնը տպաւորելու համար։ Ան զիրենք յորդորեց. «Ձեր մարմինները ընծայ[եց]էք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը» (Հռովմայեցիս 12։1)։ Քու մարմինդ կը պարփակէ՝ միտքդ, սիրտդ ու ֆիզիքական զօրութիւնդ, որոնք կը գործածես Աստուծոյ ծառայութեան մէջ (Մարկոս 12։30)։ Պօղոս այսպիսի բոլորանուէր ծառայութեան մասին կը խօսի որպէս զոհ։ «Զոհ» արտայայտութիւնը կը բովանդակէ անուղղակի ազդարարութիւն մը։ Մովսիսական օրէնքին ներքեւ, արատաւոր զոհը Աստուծմէ կը մերժուէր (Ղեւտացւոց 22։18-20)։ Նոյնպէս, եթէ քրիստոնեայի մը հոգեւոր զոհը որեւէ ձեւով արատաւոր է, Աստուած զայն պիտի մերժէ։ Սակայն քրիստոնեայի մը զոհը ինչպէ՞ս կրնայ արատաւոր ըլլալ։

6 Պօղոս Հռոմի քրիստոնեաները խրատեց. «Ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք»։ Ան նաեւ անոնց ըսաւ, որ ‘մարմնին գործերը սպաննեն’ (Հռովմայեցիս 6։12-14. 8։13)։ Իր նամակին սկիզբները, ան «մարմնին գործեր»ուն վերաբերեալ կարգ մը օրինակներ նշած էր։ Մեղաւոր մարդկութեան ակնարկելով, ան ըսաւ. «Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է», «անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու» եւ «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ» (Հռովմայեցիս 3։13-18)։ Քրիստոնեան իր մարմինը կ’արատաւորէ, եթէ իր «անդամները» գործածէ այսպիսի մեղաւոր սովորութիւններու անձնատուր ըլլալու համար։ Օրինակ՝ ներկայիս եթէ քրիստոնեայ մը դիտումնաւոր կերպով դիտէ պոռնկագրութիւն կամ վայրագութիւն ցուցադրող ֆիլմեր, ան իր աչքերը ‘մեղքի կ’ընծայէ’ եւ այսպէս՝ իր ամբողջ մարմինը կ’արատաւորէ։ Որեւէ պաշտամունք որ ան կը մատուցանէ հաւասար է զոհի մը, որ այլեւս անսուրբ է եւ Աստուծոյ անընդունելի (Բ. Օրինաց 15։21. Ա. Պետրոս 1։14-16. Բ. Պետրոս 3։11)։ Վնասակար ժամանց մը ընտրելուն պատճառով վճարուելիք ինչ սո՜ւղ գին մը։

(Հռովմայեցիս 13։1) Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։

դ08 6/1 15 ¶4

Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր

13։1—Ի՞նչ կերպով վերին իշխանութիւնները «Աստուծմէ կարգուած են [«իրենց յարաբերական դիրքերուն վրայ», ՆԱ]»։ Աշխարհիկ հեղինակութիւնները «Աստուծմէ կարգուած են իրենց յարաբերական դիրքերուն վրայ» այն առումով որ անոնք Աստուծոյ արտօնութեամբ կ’իշխեն, եւ կարգ մը պարագաներուն անոնց իշխանութիւնը Աստուծոյ կողմէ նախագուշակուած էր, ինչպէս Աստուածաշունչը որոշ կառավարիչներու մասին նախապէս խօսեցաւ։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w11 9/1 21-22

Պէ՞տք է տուրքերը վճարես

Առաջին դարուն, քրիստոնեաները մաքուր խղճմտանք ունենալու համար կը վճարէին տուրքերը, գիտնալով որ ատոնց մէկ մասը կ’երթար զինուորութեան։ Բայց խղճմտանք պարփակող այս հարցը յետագային մղեց Կանտին եւ Թորոն որ տուրք չվճարեն։

Նկատէ թէ քրիստոնեաները Հռովմայեցիս 13–րդ գլուխի պատուէրին հնազանդեցան ոչ միայն պատիժէ փախչելու համար, հապա նաեւ իրենց «խղճմտանքի[ն] համար ալ» (Հռով. 13։5)։ Քրիստոնեային խղճմտանքը իրմէ կը պահանջէ որ տուրքերը վճարէ, նոյնիսկ եթէ ատոնք կը գործածուին գործունէութիւններու համար, որ ինք անձամբ կը մերժէ։ Հակասական թուող այս կէտը հասկնալու համար պէտք է կարեւոր բան մը գիտնանք մեր խղճմտանքին մասին, որ մեր ներքին ձայնն է, որ մեզի կ’ըսէ, թէ մեր ըրածները ճիշդ են կամ սխալ։

Ճիշդ է որ բոլորը ունին այս ներքին ձայնը, ինչպէս որ Թորոն ըսաւ, բայց ատիկա միշտ վստահելի չէ։ Որպէսզի Աստուած հաճեցնենք, մեր խղճմտանքը պէտք է իր բարոյական չափանիշներուն համապատասխան ըլլայ։ Շատ անգամ, պէտք է մեր մտածելակերպը կամ տեսակէտը փոխենք, որպէսզի Աստուծոյ մտածելակերպին համապատասխան ըլլայ, քանի որ իր մտածումները մերիններէն գերադաս են (Սաղ. 19։7)։ Ասոր համար պէտք է ջանանք հասկնալ, թէ Աստուած ի՛նչ աչքով կը նայի մարդկային կառավարութիւններուն։ Ի՞նչ է իր տեսակէտը։

Պօղոս առաքեալ մարդկային կառավարութիւնները կոչեց «Աստուծոյ սպասաւորները» (Հռով. 13։6)։ Ասիկա ի՞նչ ըսել է։ Գլխաւորաբար ըսել է թէ անոնք կարգուկանոնը կը պահեն եւ օգտակար ծառայութիւններ կ’ընեն մարդոց համար։ Շատ անգամ, նոյնիսկ ամէնէն գէշ կառավարութիւնները կը կազմակերպեն նամակատուներու ծառայութիւններ, կրթութիւն, օրէնքները գործադրելու միջոցառումներ եւ այլն։ Թէեւ Աստուած շատ լաւ գիտէ այս մարդկային իշխանութիւններուն թերութիւնները, բայց ժամանակաւորապէս կը հանդուրժէ անոնց գոյութիւնը եւ մեզի կը պատուիրէ որ տուրքերը վճարենք, եւ այսպիսով յարգենք իր այս կարգադրութիւնը։

Բայց Աստուած միայն ժամանակաւորապէ՛ս կը հանդուրժէ մարդկային կառավարութիւնները։ Ան կ’ուզէ որ իր երկնային Թագաւորութիւնը փոխարինէ զանոնք եւ չէզոքացնէ բոլոր այն վնասները, որ մարդկային իշխանութիւնները հասցուցած են դարերու ընթացքին (Դան. 2։44. Մատ. 6։10)։ Մինչ այդ, Աստուած քրիստոնեաներուն իրաւասութիւն չէ տուած, որ կառավարութիւններուն անհնազանդ գտնուին տուրքերը չվճարելով կամ ուրիշ մէկ կերպով։

Թերեւս տակաւին Կանտիին պէս կը զգաս որ սխալ է տուրքեր վճարելը, քանի որ անոնց մէկ մասը կը գործածուի պատերազմները ֆինանսաւորելու համար։ Բայց յիշէ որ Աստուծոյ տեսակէտը մեր տեսակէտէն աւելի բարձր է եւ ինք կրնայ հարցերը աւելի լաւ դատել, ճիշդ ինչպէս որ բարձր տեղ մը կանգնող անձը կրնայ իր առջեւի տեսարանը ոեւէ մէկէ աւելի յստակ տեսնել։ Այս իրողութեան վրայ խոկալը մեզի կ’օգնէ, որ մեր մտածելակերպը փոխենք, որպէսզի Աստուծոյ մտածելակերպին համապատասխան ըլլայ։ Աստուած Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն» (Եսա. 55։8, 9)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 57

ՅԻՍՈՒՍ ԱՂՋԻԿ ՄԸ ԵՒ ԽՈՒԼ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 15։21-31 ՄԱՐԿՈՍ 7։24-37

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԺՇԿԷ ՓԻՒՆԻԿԵՑԻ ԿՆՈՋ ՄԸ ԱՂՋԻԿԸ

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԺՇԿԷ ԽՈՒԼ ԵՒ ԴԺՈՒԱՐԱԽՕՍ ՄԱՐԴ ՄԸ

Փարիսեցիները դատապարտելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կ’ուղղուի դէպի հիւսիս–արեւմուտք՝ բաւական քիլոմեթրներ անդին գտնուող Փիւնիկէի Տիւրոս եւ Սիդոն քաղաքներուն կողմերը։

Յիսուս տուն մը կը գտնէ որ հոն մնայ եւ ջանք կ’ընէ որ մէ՛կը չգիտնայ թէ ինք հոն է. բայց շատ չանցած կը գիտցուի։ Հրեայ չեղող կին մը, որ այդ շրջանին մէջ ծնած էր, Յիսուսը կը գտնէ եւ կը սկսի աղաչել. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի» (Մատթէոս 15։22. Մարկոս 7։26)։

Անոր անդադար աղաչանքները տեսնելով, Յիսուսին աշակերտները իրեն կ’ըսեն. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։ Յիսուս կը բացատրէ որ ինչո՛ւ կնոջ աղերսանքին չ’ընդառաջեր՝ ըսելով. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ Բայց կինը իր յոյսը չի կտրեր։ Ան Յիսուսին կը մօտենայ եւ անոր առջեւ ծունկի գալով՝ կ’աղերսէ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի» (Մատթէոս 15։23-25)։

Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս կ’ուզէ փիւնիկեցի կնոջ հաւատքը ստուգել. անոր համար, ան կ’ակնարկէ օտար ազգերու հանդէպ հրեաներուն ունեցած ժխտական տեսակէտին՝ ըսելով. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն [«շնիկներուն», ՆԱ] ձգել» (Մատթէոս 15։26)։ «Շնիկներ» բառը գործածելով, Յիսուս ցոյց կու տայ, որ ջերմ զգացումներ ունի օտար ազգերու պատկանող մարդոց հանդէպ։ Անկասկած, անոր դէմքի արտայայտութիւններն ու կարեկից ձայնն ալ այդ մէկը ցոյց կու տան։

Կինը կը հասկնայ որ Յիսուս կ’ակնարկէ հրեաներուն ժխտական տեսակէտին։ Եւ վիրաւորուելու տեղ, Յիսուսին խոնարհաբար կ’ըսէ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները [«շնիկները», ՆԱ] իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ Յիսուս կը նկատէ որ կինը անկեղծ ու խոնարհ է, եւ կ’ըսէ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի» (Մատթէոս 15։27, 28)։ Նոյն պահուն, կնոջ դիւահար աղջիկը կը բժշկուի, հակառակ անոր որ աղջիկը անձամբ հոն ներկայ չէ։ Երբ կինը տուն կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ իր աղջիկը անկողինին վրայ պառկած է. «դեւը ելած էր» անոր մէջէն (Մարկոս 7։30)։

Յիսուսն ու իր աշակերտները Փիւնիկէէն կ’երթան դէպի Յորդանան գետը։ Այնպէս կ’երեւի որ անոնք Յորդանան գետը կը կտրեն Գալիլիայի ծովուն հիւսիսէն եւ կ’անցնին Դեկապոլիս։ Հոն Յիսուսն ու իր աշակերտները լեռ մը կ’ելլեն, բայց մարդիկ կը գիտնան եւ քովերնին կ’երթան։ Անոնք Յիսուսին մօտ կը բերեն կաղեր, հաշմանդամներ, կոյրեր ու համրեր։ Ան ալ զանոնք կը բժշկէ։ Զարմացած՝ ժողովուրդը իսրայէլի Աստուածը կը փառաբանէ։

Յիսուս յատուկ ուշադրութիւն կու տայ խուլ եւ դժուարախօս մարդու մը։ Յիսուս թերեւս կը նկատէ, որ ան որքա՛ն ջղագրգիռ է մեծ բազմութեան մէջ, եւ զինք մէկ կողմ կը տանի։ Եւ երբ առանձին կ’ըլլան, Յիսուս իրեն նշաններով ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ պիտի ընէ։ Ան իր մատները մարդուն ականջներուն մէջ կը խոթէ, յետոյ կը թքնէ ու անոր լեզուին կը դպչի։ Ետքը, Յիսուս երկինք կը նայի ու կ’ըսէ «Եփփաթա», որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»։ Նոյն պահուն, մարդը կը սկսի լսել եւ բնական կերպով խօսիլ։ Յիսուս չի փափաքիր որ այս եղածին մասին լուրեր տարածուին, քանի որ կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն հաւատան՝ անձամբ իրենց տեսածներուն եւ լսածներուն հիման վրայ (Մարկոս 7։32-36)։

Երբ մարդիկ կը տեսնեն որ Յիսուս կարող է այդպիսիներ բժշկել, ‘չափէ դուրս կը զարմանան’։ Անոնք կ’ըսեն. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ» (Մարկոս 7։37)։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ անմիջապէս չի բժշկեր փիւնիկեցի կնոջ աղջիկը։

◇ Փիւնիկէէն մեկնելէ ետք, Յիսուսն ու իր աշակերտները ո՞ւր կ’երթան։

◇ Յիսուս ինչպէ՞ս կարեկցութիւն ցոյց կու տայ խուլ եւ դժուարախօս մարդու մը հանդէպ։

ՄԱՐՏ 11-17

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15-16

«Համբերելու եւ մխիթարուելու համար Եհովային դիմէ»

(Հռովմայեցիս 15։4) Վասն զի ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք։

դ17.07 14 ¶11

«Լացողներուն հետ լացէ՛ք»

11 Տեսանք թէ Յիսուս ինչպէ՛ս խոր վիշտ զգաց Ղազարոսի մահուան ատեն։ Այս պատմութենէն զատ ուրիշ լեցուն մխիթարական համարներ կան Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ «ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Եթէ սգաւոր ես, դո՛ւն ալ կրնաս մխիթարուիլ այսպիսի համարներ կարդալով.

▪ «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղ. 34։18, 19)։

▪ «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղ. 94։19)։

▪ «Ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ» (Բ. Թես. 2։15, 16)։

(Հռովմայեցիս 15։5) Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս։

դ16.04 14 ¶5

«Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»

5 Եհովայէն զօրութիւն խնդրէ։ Եհովան «համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուած»ն է (Հռով. 15։5)։ Միայն ինքն է որ լման կը հասկնայ մեր խնդիրները, եւ թէ ինչպէ՛ս մեր վրայ կ’ազդեն մեր միջավայրը, զգացումները եւ նոյնիսկ մեր ժառանգական գիծերը։ Ուստի ան գիտէ թէ ճիշդ ինչի՛ պէտք ունինք որ համբերենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք» (Սաղ. 145։19)։ Բայց երբ աղօթքով Աստուծմէ զօրութիւն խնդրենք որ համբերենք, ան ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէ։

(Հռովմայեցիս 15։13) Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը։

դ14 6/15 14 ¶11

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես»

11 Եհովան ‘կու տայ յոյս, որ մեզ կը լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով’ (Հռով. 15։13)։ Աստուածատուր յոյսը մեզ կարող կը դարձնէ որ հաւատքի փորձութիւններուն տոկանք։ Օծեալները՝ որոնք ‘մինչեւ մահ հաւատարիմ կ’ըլլան, կենաց պսակը պիտի ստանան’ (Յայտ. 2։10)։ Երկրային յոյս ունեցող ուղղամիտները յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի վայելեն խոստացեալ աշխարհածաւալ Դրախտին մէջ (Ղուկ. 23։43)։ Այսպիսի հեռանկարներու ինչպէ՞ս կը հակազդենք։ «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողին հանդէպ մեր սրտերը ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ եւ սիրով չե՞ն լեցուիր (Յակ. 1։17)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Հռովմայեցիս 15։27) Յօժարեցան, քանզի անոնց պարտական ալ են։ Եթէ հեթանոսները հոգեւոր բաներու մէջ Հրեաներէն օգնութիւն ստացան, պարտաւոր են անոնց օգնել մարմնաւոր բաներու մէջ ալ։

w89 12/1 24 ¶3

Ձեր սիրոյն անկեղծութիւնը փաստող փորձ մը

Անկասկած, հեթանոսութենէ դարձած անոնց եղբայրները պէտք էր մղուէին անոնց օգնելու իրենց նեղ կացութեան մէջ։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք պարտական էին Երուսաղէմի քրիստոնեաներուն, քանի որ Երուսաղէմէն էր որ բարի լուրը տարածուած էր հեթանոսներուն։ Պօղոս ըսաւ. «Եթէ հեթանոսները հոգեւոր բաներու մէջ Հրեաներէն օգնութիւն ստացան, պարտաւոր են անոնց օգնել մարմնաւոր բաներու մէջ ալ» (Հռով. 15։27)։

(Հռովմայեցիս 16։25) Արդ՝ անոր, որ կարող է ձեզ հաստատել իմ աւետարանիս պէս ու Յիսուս Քրիստոսին քարոզութեանը պէս, այն խորհուրդին յայտնուելուն պէս՝ որ յաւիտենական ատեններէն ի վեր ծածկուած էր։

it-1 858 ¶5

Կանխագիտութիւն

Մեսիան, կամ Քրիստոսը, պիտի ըլլար այն խոստացեալ Սերունդը, որուն միջոցաւ բոլոր ազգերէն եղող արդար մարդիկը պիտի օրհնուէին (Գաղ. 3։8, 14)։ «Սերունդ»ը առաջին անգամ յիշուեցաւ Եդեմին մէջ պատահած ըմբոստութենէն ետք, բայց Աբէլի ծնունդէն առաջ (Ծն. 3։15)։ Շուրջ 4000 տարի ետքն էր որ «խորհուրդը», կամ սրբազան գաղտնիքը, բացայայտուեցաւ եւ յայտնի դարձաւ թէ ո՛վ է մեսիական «սերունդը»։ Այդ սրբազան գաղտնիքը իրապէս «յաւիտենական ատեններէն ի վեր ծածկուած էր» (Հռով. 16։25-27. Եփ. 1։8-10. 3։4-11)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 58

ՅԻՍՈՒՍ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ ԵՒ ԹԹԽՄՈՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 15։32–16։12 ՄԱՐԿՈՍ 8։1-21

• ՅԻՍՈՒՍ 4000 ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

• ՅԻՍՈՒՍ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐՈՒ ԹԹԽՄՈՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Գալիլիայի ծովուն արեւելեան կողմը, Դեկապոլիսի շրջանին մէջ, մեծ բազմութիւններ Յիսուսին քով կը հաւաքուին։ Անոնք կու գան իրեն մտիկ ընելու եւ բժշկուելու, հետերնին զամբիւղներով,– կամ՝ մեծ կողովներով,– ուտելիք բերելով։

Բայց ժամանակ մը ետք Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Եթէ ատոնք անօթի ղրկեմ իրենց տուները, ճամբուն մէջ պիտի մարին, վասն զի ատոնցմէ ոմանք հեռու տեղէ եկած են»։ Իր աշակերտները կը պատասխանեն. «Այս անապատին մէջ ուրկէ՞ կրնայ մէկը հացով կշտացնել ատոնք» (Մարկոս 8։2-4)։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Աշակերտները կ’ըսեն. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր» (Մատթէոս 15։34)։ Յիսուս մարդիկը գետին նստեցնել կու տայ։ Նկանակները եւ ձուկերը առնելով՝ Աստուծոյ կ’աղօթէ եւ յետոյ կու տայ իր աշակերտներուն, որ բաժնեն։ Ամէն մարդ կ’ուտէ եւ կը կշտանայ։ Ճաշելէ ետք, աւելցուքները եօ՛թը զամբիւղ կը լեցնեն, հակառակ անոր որ ուտողները մօտ 4000 տղամարդիկ են, կիներէն եւ երեխաներէն զատ։

Անկէ ետք, Յիսուս մարդիկը կ’արձակէ եւ իր աշակերտներուն հետ նաւով Մագդաղա կ’ուղղուի, որ կը գտնուի Գալիլիա ծովուն արեւմտեան ափին։ Հոն, փարիսեցիները եւ սադուկեցիներու աղանդէն ոմանք Յիսուսը կը փորձեն, իրմէ խնդրելով որ երկինքէն նշան մը ցոյց տայ իրենց։

Յիսուս, գիտնալով անոնց մղումները, կ’ըսէ. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։ Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանակներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ» (Մատթէոս 16։2, 3)։ Ետքը, Յիսուս անոնց կ’ըսէ որ իրենց միայն Յովնան մարգարէին նշանը պիտի տրուի։

Անկէ ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները նաւ մը կ’առնեն եւ կ’ուղղուին Բեթսայիդա, որ Գալիլիայի ծովուն հիւսիս արեւելեան ափը կը գտնուի։ Ճամբան, աշակերտները կը նկատեն որ մոռցած են հետերնին բաւարար հաց առնել։ Անոնք միայն մէկ հաց ունին։ Յիսուս մտածելով իր վերջին զրոյցին մասին, որ ունեցաւ փարիսեցիներուն եւ Հերովդէսի կողմնակից եղող սադուկեցիներուն հետ, իր աշակերտները կը զգուշացնէ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն [կամ թթխմորէն]»։ Անոնք սխալմամբ կը կարծեն, որ Յիսուս կը խօսի՝ իրենց հաց մոռնալուն մասին։ Երբ ան կը տեսնէ որ իր ըսածը սխալ հասկցան, կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ կը խորհիք թէ հաց չունիք» (Մարկոս 8։15-17)։

Յիսուս վերջերս հազարաւորներ կերակրեց, ուրեմն իր աշակերտները պէտք է գիտնան, որ իր մտահոգութիւնը բառացի հացի պակասը չէ։ Ան կ’ըսէ. «Չէ՞ք յիշեր, երբ հինգ նկանակը հինգ հազարին կտրեցի։ Քանի՞ կողով լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Տասներկու»։ Ետքը կ’ըսէ. «Ու երբ եօթը նկանակը չորս հազարին կտրեցի, քանի՞ զամբիւղ լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք ալ կ’ըսեն. «Եօթը» (Մարկոս 8։18-20)։

Յիսուս կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու խմորէն [կամ թթխմորէն] զգոյշ կենալ» (Մատթէոս 16։11)։

Վերջապէս, աշակերտները Յիսուսին ըսածը կը հասկնան։ Թթխմորը խմորը կը թթուեցնէ եւ կ’ուռեցնէ։ Յիսուս հոս թթխմորը որպէս ապականութեան խորհրդանիշ կը գործածէ։ Ան իր աշակերտները կը զգուշացնէ «փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն», որ ապականիչ ազդեցութիւն ունի (Մատթէոս 16։12)։

◇ Մարդիկ ինչո՞ւ Յիսուսին քով կը հաւաքուին։

◇ Երբ Յիսուս թթխմորին մասին կը խօսի, աշակերտները սխալմամբ ի՞նչ կը հասկնան։

◇ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ ‘փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու թթխմոր’ արտայայտութիւնով։

ՄԱՐՏ 18-24

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1-3

«Մարմնաւո՞ր անձ ես թէ ոչ՝ հոգեւոր անձ»

(Ա. Կորնթացիս 2։14) Իսկ շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ, վասն զի հոգեւոր կերպով կը քննուին։

դ18.02 19 ¶4-5

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ

4 Նախ նկատի առնենք մարմնաւոր անձի մտայնութիւնը։ Ան ունի աշխարհի կեցուածքը, որ կը կեդրոնանայ մարմնի ցանկութիւններուն վրայ։ Պօղոս այս կեցուածքը կը նկարագրէ որպէս ‘այն ոգին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ’ (Եփ. 2։2)։ Այս ոգին կը մղէ մարդոց մեծամասնութիւնը, որ իրենց շրջապատի մարդիկը ընդօրինակեն։ Անոնք պարզապէս կ’ընեն ինչ որ իրենց ճիշդ կը թուի, անտեսելով Աստուծոյ չափանիշները։ Մարմնաւոր անձը յաճախ չափէ դուրս հետաքրքրուած է իր համբաւով ու նիւթական բաներ ձեռք ձգելով, եւ կը կարծէ որ իր իրաւունքները որեւէ բանէ աւելի կարեւոր են։

5 Մարմնաւոր անձը նաեւ տարուած է «մարմնին գործերը» կատարելով (Գաղ. 5։19-21)։ Այսպիսի անհատներ ուրիշ բաներ ալ կ’ընեն, ինչպէս Պօղոս նշեց կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ։ Անոնք անհամաձայնութիւններու ատեն կողմ կը բռնեն, կը փորձեն մարդիկը բաժնել, կը քաջալերեն ըմբոստութիւնը, իրարու դէմ դատ կը բանան, չեն յարգեր գլխաւորութիւնը, եւ կ’ապրին ուտել–խմելու համար։ Մարմնաւոր անձը դիւրաւ տեղի կու տայ, երբ փորձուի սխալ բան մը ընել (Առ. 7։21, 22)։ Յուդա ըսաւ որ մարմնաւոր անհատները կրնան նոյնիսկ Եհովայի հոգին կորսնցնել (Յդ. 18, 19)։

(Ա. Կորնթացիս 2։15, 16) Բայց ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ ու ինք մէկէն չի՛ քննուիր։ 16 Քանզի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք։

դ18.02 19 ¶6

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ

6 Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ‘հոգեւոր մարդ’ ըլլալ։ Մարմնաւոր անձին հակառակը, հոգեւոր անձը խորապէս հոգ կը տանի Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան։ Ան կը ջանայ «Աստուծոյ նմանող» ըլլալ (Եփ. 5։1)։ Ան ջանք կ’ընէ, որ սորվի Եհովայի մտածելակերպը եւ հարցերը դիտէ Եհովայի անկիւնէն։ Աստուած իրեն համար իրակա՛ն է։ Ան Եհովայի չափանիշները կը յարգէ իր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ (Սաղ. 119։33. 143։10)։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձը «մարմնին գործերը» կատարելու տեղ, կը ջանայ «հոգիին պտուղը» ցուցաբերել (Գաղ. 5։22, 23)։ «Հոգեւոր մտայնութիւն» արտայայտութիւնը աւելի յստակացնելու համար, նկատի առնենք հետեւեալ բաղդատութիւնը. հմուտ վաճառականին մասին կ’ըսեն, որ ‘գործի մարդ է’։ Նմանապէս, ան որ իրապէս հետաքրքրուած է Աստուծոյ պաշտամունքով, կը կոչուի ‘հոգեւոր մարդ’։

դ18.02 22 ¶15

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ

15 Ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոսը ընդօրինակել։ Ա. Կորնթացիս 2։16–ը կը բացատրէ, որ պէտք է «Քրիստոսին միտքը» ունենանք։ Իսկ Հռովմայեցիս 15։5–ը (ՆԱ) մեզի կը յիշեցնէ, որ ունենանք «այն նոյն մտածելակերպը. . . որ Քրիստոս Յիսուս ունէր»։ Ուրեմն Յիսուսին պէս ըլլալու համար, պէտք է սորվինք իրեն պէս մտածել, զգալ եւ վարուիլ։ Ան ամէն բանէ աւելի կ’արժեւորէր իր փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ։ Ուստի, Յիսուսին նմանելով Եհովային աւելի կը մօտենանք։ Ասոր համար շատ կարեւոր է, որ սորվինք Յիսուսին պէս մտածել։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Կորնթացիս 1։20) Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը։

it-2 1193 ¶1

Իմաստութիւն

Աշխարհը իր իմաստութեամբ յիմարութիւն սեպեց եւ մերժեց՝ Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ կարգադրութիւնը։ Աշխարհի իշխանները նոյնիսկ ‘փառքերուն Տէրը խաչը հանեցին’, հակառակ անոր որ թերեւս կարող եւ խելամիտ ղեկավարներ էին (Ա. Կոր. 1։18. 2։7, 8)։ Բայց Աստուած այժմ կը փաստէր որ աշխարհի իմաստուններուն իմաստութիւնը յիմարութիւն է եւ զանոնք ամօթով կը ձգէր։ Ինչպէ՞ս։ Աստուած իր անյաղթելի նպատակը իրագործելու համար կը գործածէր այն ինչ որ «Աստուծոյ յիմար»ն է, ինչպէս նաեւ անհատներ՝ որոնք այդ իմաստուններուն աչքին ‘յիմար, տկար եւ ցածազգի’ էին (Ա. Կոր. 1։19-28)։ Պօղոս կորնթացի քրիստոնեաներուն յիշեցուց, որ ‘աշխարհի իմաստութիւնը եւ այս աշխարհի մահկանացու իշխանները’ պիտի ոչնչանան։ Ասոր համար, աշխարհի իմաստութիւնը տեղ չունէր Պօղոսին հոգեւոր պատգամին մէջ (Ա. Կոր. 2։6, 13)։ Ան Կողոսայի քրիստոնեաներուն զգուշացում տուաւ, որ գերի չդառնան «փիլիսոփայութիւնով [phi·lo·so·phiʹas, բառացիօրէն՝ իմաստութեան հանդէպ սէր] ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է» (Կող. 2։8, համեմատէ՛ 20-23 համարները)։

(Ա. Կորնթացիս 2։3-5) Եւ ես տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով ձեր քով կեցայ. 4 ու իմ խօսքս եւ քարոզութիւնս ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էր, հապա Հոգիին համոզիչ զօրութիւնով։ 5 Որպէս զի ձեր հաւատքը մարդոց իմաստութիւնովը չըլլայ, հապա Աստուծոյ զօրութիւնովը։

դ08 7/1 15 ¶6

Ա. եւ Բ. Կորնթացիս նամակներէն աչքառու կէտեր

2։3-5. Մինչ Կորնթոսի մէջ կը վկայէր, որ յունական փիլիսոփայութեան եւ կրթութեան կեդրոն մըն էր, Պօղոս թերեւս մտահոգուած էր թէ պիտի կարենա՞ր իր ունկնդիրները համոզել։ Սակայն ան թոյլ չտուաւ տկարութեան կամ վախին որ իր աստուածատուր ծառայութիւնը կատարելուն արգելք հանդիսանայ։ Նմանապէս, թոյլ պէտք չէ տանք արտասովոր պարագաներուն որ մեզ ետ պահեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելէ։ Պօղոսի նման, կրնանք Եհովայի օգնութեան վստահիլ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 59

«ՈՐԴԻՆ ՄԱՐԴՈՅ» Ո՞Վ Է

ՄԱՏԹԷՈՍ 16։13-27 ՄԱՐԿՈՍ 8։22-38 ՂՈՒԿԱՍ 9։18-26

• ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

• ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԽՕՍԻ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յիսուս եւ իր աշակերտները Բեթսայիդա կը հասնին։ Հոն, մարդիկ Յիսուսին քով կը բերեն կոյր մարդ մը եւ կ’աղաչեն որ մարդուն դպնայ ու բժշկէ։

Յիսուս մարդուն ձեռքէն կը բռնէ եւ գիւղէն դուրս կը հանէ։ Անոր աչքերուն թքնելէ ետք, Յիսուս կը հարցնէ որ արդեօք «բան մը կը տեսնէ՞»։ Մարդը կը պատասխանէ. «Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին» (Մարկոս 8։23, 24)։ Յիսուս իր ձեռքերը մարդուն աչքերուն վրայ կը դնէ եւ ան կը սկսի յստակ կերպով տեսնել։ Ետքը մարդը տուն կը ղրկէ, իրմէ խնդրելով որ գիւղ չմտնէ։

Յիսուս եւ իր աշակերտները կ’ուղղուին հիւսիս՝ դէպի Փիլիպպոսի Կեսարիա։ Անոնք պէտք է զառիվեր ճամբով մօտ 40 քմ. կտրեն, որ ըստ երեւոյթին 2-3 օրուան ճամբայ է։ Իրենց գացած գիւղը կը գտնուի ծովու մակերեսէն 350 մեթր բարձրութեան վրայ։ Իսկ անոր հիւսիս–արեւելքը կը տեսնուի ձիւնածածկ Հերմոն լեռը։

Ճամբան, Յիսուս առանձին տեղ մը կ’երթայ աղօթելու։ Ան մօտ 9 կամ 10 ամիս ետք պիտի մեռնի, եւ հիմա մտահոգուած է իր աշակերտներուն մասին։ Շատեր վերջերս դադրեցան իրեն հետեւելէ, իսկ այնպէս կ’երեւի որ ուրիշներ շուարած կամ յուսախաբ են։ Անոնք թերեւս հարց կու տան, որ ինչո՛ւ մերժեց, որ մարդիկ զինք թագաւոր ընեն, կամ ինչո՛ւ նշան մը չտուաւ՝ համոզիչ կերպով ցոյց տալու համար իր ո՛վ ըլլալը։

Երբ աշակերտները քովը կու գան, Յիսուս կը հարցնէ. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»։ Այո, մարդիկ կը կարծեն որ Յիսուս այդ տղամարդոցմէ մէկն է, որ յարութիւն առած է։ Աշակերտներուն կարծիքը գիտնալու համար, Յիսուս կը հարցնէ. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պետրոս անմիջապէս կը պատասխանէ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս 16։13-16)։

Յիսուս Պետրոսին կ’ըսէ որ երանելի է, քանի որ Աստուած իրեն ասիկա յայտնեց։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին [«Գերեզմանին», ՆԱ] դռները անոր պիտի չյաղթեն»։ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ ինք անձամբ ժողովք մը պիտի հիմնէ եւ թէ նոյնիսկ Գերեզմանը պիտի չկարենայ իր ճիրաններուն մէջ պահել այդ ժողովքի անդամները, եթէ անոնք հաւատարիմ մնան մինչեւ վերջ։ Ան Պետրոսին կը խոստանայ. «Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ» (Մատթէոս 16։18, 19)։

Յիսուս Պետրոսը միւս առաքեալներէն վեր չի դասեր, ոչ ալ ըսել կ’ուզէ որ ան ժողովքին հիմը պիտի դառնայ։ Յիսուս ինքն է այն Վէմը, որուն վրայ իր ժողովքը պիտի կառուցուի (Ա. Կորնթացիս 3։11. Եփեսացիս 2։20)։ Բայց Պետրոս 3 բանալիներ պիտի ստանայ։ Ան առանձնաշնորհումը պիտի ունենայ 3 տարբեր խումբերու առջեւ դուռը բանալու, որ երկնքի Թագաւորութիւնը մտնեն։

Յետագային, Պետրոս առաջին բանալին կը գործածէ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ զղջացող հրեաներուն եւ նորահաւատներուն կը բացատրէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն փրկուելու համար։ Ան երկրորդ բանալին կը գործածէ՝ հաւատացեալ սամարացիներուն առջեւ առիթը բանալով, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնեն։ Իսկ Ք.Ե. 36–ին, Պետրոս նոյն նպատակով երրորդ բանալին կը գործածէ հրեայ չեղողներուն համար, ինչպէս՝ Կոռնելիոս եւ ուրիշներ (Գործք 2։37, 38. 8։14-17. 10։44-48)։

Յիսուսին եւ առաքեալներուն միջեւ եղած զրոյցին ընթացքին, առաքեալները տակնուվրայ կ’ըլլան, երբ ան կ’ըսէ թէ մօտ օրէն Երուսաղէմի մէջ պիտի չարչարուի եւ մահանայ։ Պետրոս Յիսուսը մէկ կողմ կ’առնէ եւ կը յանդիմանէ, ըսելով. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Բայց Յիսուս իր կռնակը դարձնելով՝ կ’ըսէ. «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները» (Մատթէոս 16։22, 23)։ Այնպէս կ’երեւի որ Պետրոս չի հասկնար որ Յիսուս յարութիւն պիտի առնէ եւ երկինք վերադառնայ։

Ետքը, Յիսուս իր առաքեալները եւ ուրիշներ կը կանչէ եւ կը բացատրէ, որ դիւրին բան չէ իր հետեւորդը ըլլալ։ Ան կ’ըսէ. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա» (Մարկոս 8։34, 35)։

Ուրեմն, Յիսուսին հաճութեան արժանանալու համար, իր հետեւորդները պէտք է քաջ եւ անձնազոհ ըլլան։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ» (Մարկոս 8։38)։ Այո, երբ Յիսուս գայ, «ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ» (Մատթէոս 16։27)։

◇ Ոմանք ի՞նչ կարծիք ունին Յիսուսին ո՛վ ըլլալուն մասին։ Իսկ ի՞նչ է առաքեալներուն կարծիքը։

◇ Պետրոս ի՞նչ բանալիներ կը ստանայ եւ ինչպէ՞ս ատոնք կը գործածէ։

◇ Յիսուս Պետրոսին ի՞նչ յանդիմանութիւն կու տայ եւ ինչո՞ւ։

ՄԱՐՏ 25-31

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4–6

«Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ»

(Ա. Կորնթացիս 5։1, 2) Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ։ 2 Ու դուք հպարտացեր էք, փոխանակ սուգ ընելու, որ ձեր մէջէն վերցուի այս բանը։

(Ա. Կորնթացիս 5։5-8) Այնպիսին Սատանային մատնէք, մարմնին կորսուելուն համար, որպէս զի հոգին փրկուի Տէր Յիսուսին օրը։ 6 Այդ ձեր պարծենալը աղէկ չէ։ Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ 7 Հեռացուցէ՛ք հին խմորը մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ։ 8 Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը։

(Ա. Կորնթացիս 5։13) Իսկ դուրսինները Աստուած պիտի դատէ. ուստի չարը ձեր մէջէն վերցուցէք։

it-2 230

Թթխմոր

Պօղոս առաքեալ նոյն փոխաբերութիւնը գործածեց, երբ Կորնթոսի ժողովքին ըսաւ որ անբարոյ մարդը վտարեն ժողովքէն։ Ան ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը [թթխմորը] բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ Հեռացուցէ՛ք հին [թթխմորը] մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ»։ Ետքը, ան յստակացուց թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր «խմոր» կամ «թթխմոր» բառով։ «Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին [թթխմորով] եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան [թթխմորով], այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը» (Ա. Կոր. 5։6-8)։ Հոս, Պօղոս կը գործածէր հրեաներուն Բաղարջակերաց տօնին տեղի ունեցող բանի մը օրինակը։ Այդ տօնը տեղի կ’ունենար Պասեքի տօնակատարութենէն ճիշդ ետք։ Ճիշդ ինչպէս որ քիչ մը թթխմորը կը խմորէր հացին ամբողջ զանգուածը, նոյնպէս ալ ժողովքը որպէս մարմին պիղծ պիտի ըլլար Աստուծոյ աչքին, եթէ անբարոյ մարդուն գէշ ազդեցութիւնը չմաքրուէր։ Անոնք պէտք էր իրենց մէջէն վերցնէին «թթխմոր»ը, ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները իրենց տան մէջ թթխմոր չէին ունենար տօնին ատեն։

it-2 869-870

Սատանայ

Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մէկը Սատանային մատնել մարմնին կորսուելուն համար’

Երբ Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին ցուցմունքներ կու տար, թէ անոնք ի՛նչ քայլ պէտք էր առնէին ժողովքին այն անդամին նկատմամբ, որ ազգապղծութիւն կը գործէր իր հօր կնոջ հետ, ան ըսաւ. «Այնպիսին Սատանային մատնէք, մարմնին կորսուելուն համար» (Ա. Կոր. 5։5)։ Ասիկա կը նշանակէր անհատը ժողովքէն վտարել եւ ամէն ընկերակցութիւն խզել անոր հետ (Ա. Կոր. 5։13)։ Անհատը ժողովքէն դուրս դրուելով պիտի ըլլար աշխարհին մէջ, որուն վրայ Սատանան կ’իշխէր եւ ատոր Աստուածն էր։ Այսպիսով ան Սատանային մատնուած պիտի ըլլար։ «Զանգուած»ին մէջ եղող քիչ մը թթխմորին պէս, այս մարդը ժողովքին մէջի ‘մարմինն’ էր, այսինքն՝ մարմնաւոր անձն էր, որ պէտք էր ‘կորսուէր’ (Ա. Կոր. 5։6, 7)։ Պօղոս նոյնպէս Հիմենոսը եւ Աղեքսանդրոսը մատնեց Սատանային, քանի որ հաւատքը եւ մաքուր խիղճը մէկ կողմ դրած էին եւ անոնց հաւատքը նաւաբեկութեան ենթարկուած էր (Ա. Տիմ. 1։20)։

(Ա. Կորնթացիս 5։9-11) Գրեցի ձեզի թուղթին մէջ, որ պոռնիկներուն հետ չխառնուիք։ 10 Եւ գրածս՝ ոչ թէ աշխարհի պոռնիկներուն, ագահներուն, յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն հետ. ապա թէ ոչ՝ պէտք էր որ դուք աշխարհէ դուրս ելլէիք։ 11 Բայց հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։

ասմ 34 ¶19

Սիրէ անոնց՝ որոնց Աստուած կը սիրէ

Երբեմն մեզմէ կը պահանջուի որ ժողովքի մէկ անդամին հետ ընկերակցելէ դադրինք։ Այսպիսի պարագայ մը կրնայ ծագիլ, երբ անհատը, որ անզեղջօրէն Աստուծոյ օրէնքը բեկանած է՝ կը վտարուի, կամ ան հաւատքը կը մերժէ՝ սուտ վարդապետութիւն սորվեցնելով կամ ժողովքին հետ իր ընկերակցութիւնը խզելով։ Աստուծոյ Խօսքը բացայայտօրէն մեզի կ’ըսէ որ այսպիսիներուն հետ ‘չխառնուինք’ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։11-13. Բ. Յովհաննէս 9-11)։ Իսկական մարտահրաւէր մըն է խուսափիլ անհատէ մը, որ մեր բարեկամը կամ ազգականն է։ Հաստատ կեցուածք մը պիտի առնե՞նք, ցոյց տալով թէ Եհովայի եւ իր արդար օրէնքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասենք։ Մի՛ մոռնար որ Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Կորնթացիս 4։9) Քանզի Աստուած յետիններ ըրաւ մեզ առաքեալներս՝ մահապարտներուն նման. վասն զի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։

դ09 5/1 26 ¶16

Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»

16 Փորձութեան ենթարկուող քրիստոնեաները ‘հրեշտակներուն տեսարան են’ (Ա. Կոր. 4։9)։ Հրեշտակները մեծ գոհունակութեամբ կը դիտեն մեր հաւատարմութիւնը արտացոլացնող արարքները, եւ նոյնիսկ կ’ուրախանան երբ մեղաւոր մը զղջայ (Ղուկ. 15։10)։ Հրեշտակները նաեւ կը նկատեն քրիստոնեայ կիներուն բարեպաշտ վարքը։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ «կինը պարտաւոր է շուք դնել իր գլուխին՝ հրեշտակներուն պատճառով» (Ա. Կոր. 11։3, 10, ԱԾ)։ Այո, հրեշտակներուն հաճոյք է տեսնել որ քրիստոնեայ կիներ եւ Աստուծոյ երկրային միւս ծառաները, աստուածպետական կարգուկանոնին ու գլխաւորութեան կ’ենթարկուին։ Այս հնազանդութիւնը տեղին յիշեցում մըն է Աստուծոյ երկնային որդիներուն համար։

(Ա. Կորնթացիս 6։3) Չէ՞ք գիտեր թէ մենք հրեշտակներ պիտի դատենք. ո՞ւր կը մնան հապա աշխարհայինները։

it-2 211

Օրէնք

Օրէնք՝ հրեշտակներուն։ Հրեշտակները, որոնք մարդ արարածէն գերադաս են, ենթարկուած են Աստուծոյ օրէնքին եւ պատուիրաններուն (Եբ. 1։7, 14. Սաղ. 104։4)։ Եհովան նոյնիսկ իր թշնամիին՝ Սատանային, թէ՛ հրամայեց եւ թէ սահմաններ դրաւ (Յոբ 1։12. 2։6)։ Միքայէլ հրեշտակապետը ընդունեց եւ յարգեց Եհովային դիրքը որպէս Գերագոյն Դատաւոր։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Երբ ան Սատանային հետ կը վիճէր, ըսաւ. «Տէրը յանդիմանէ քեզ» (Յդ. 9. համեմատէ՛ Զաք. 3։2)։ Եհովա Աստուած բոլոր հրեշտակները դրած է Յիսուս Քրիստոսին ձեռքին տակ (Եբ. 1։6. Ա. Պետ. 3։22. Մատ. 13։41. 25։31. Փլպ. 2։9-11)։ Յիսուսին հրամանով հրեշտակ մը ղրկուեցաւ Յովհաննէսին (Յայտ. 1։1)։ Իսկ Ա. Կորնթացիս 6։3–ին մէջ Պօղոս Քրիստոսին հոգեւոր եղբայրներուն մասին կ’ըսէ որ հրեշտակներ պիտի դատեն։ Ի՞նչ առումով։ Բացայայտօրէն, անոնք ձեւով մը պիտի մասնակցին դեւերուն վրայ դատաստան գործադրելու մէջ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 60

ՔՐԻՍՏՈՍ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՓԱՌՔՈՎ Կ’ԵՐԵՒԻ

ՄԱՏԹԷՈՍ 16։28–17։13 ՄԱՐԿՈՍ 8։39–9։12 ՂՈՒԿԱՍ 9։27-36

• ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

• ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԱՅՆԸ ԿԸ ԼՍԵՆ

Մինչ Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ Փիլիպպոսի Կեսարիայի մէջ, որ Հերմոն լեռնէն մօտ 25 քմ. հեռու է, զարմանալի բան մը կ’ըսէ իր առաքեալներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած» (Մատթէոս 16։28)։

Աշակերտները թերեւս հարց կու տան, որ Յիսուս ինչ ըսել կ’ուզէ։ Քանի մը օր ետք, ան իր առաքեալներէն երեքը կ’առնէ,– Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը,– եւ հսկայ լեռ մը կը բարձրանայ։ Կրնայ ըլլալ որ գիշեր է, քանի որ երեք առաքեալներուն քունը կու գայ։ Հոն, Յիսուս աղօթք ըրած ատեն կ’այլակերպի։ Առաքեալները կը տեսնեն որ իր դէմքը արեւի պէս կը փայլի եւ հագուստը լոյսի պէս ճերմակ ու փայլուն կը դառնայ։

Ետքը, երկու կերպարանքներ կ’երեւին, որոնք «Մովսէսն ու Եղիան» կը ներկայացնեն։ Անոնք կը սկսին Յիսուսին հետ խօսիլ իր ‘այս կեանքէն ելլելուն վրայով, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուի’ (Ղուկաս 9։30, 31)։ Այնպէս կ’երեւի որ «այս կեանքէն ելլել» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Յիսուսին մահուան եւ յարութեան, որուն մասին ան վերջերս խօսած է (Մատթէոս 16։21)։ Այս խօսակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ հակառակ Պետրոսին ըսածին, Յիսուսին մահը անխուսափելի է։

Հիմա երեք առաքեալները շատ արթուն վիճակի մէջ են եւ զարմանքով կը դիտեն ու մտիկ կ’ընեն։ Տեղի ունեցածը տեսիլք է. բայց այնքա՛ն իսկական կ’երեւի որ Պետրոս զրոյցին կը միջամտէ եւ կ’ըսէ. «Ռա՛բբի, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային» (Մարկոս 9։4)։ Արդեօք Պետրոս կ’ուզէ երեք խրճիթ շինել,– այսինքն երեք վրան լարել,– որ տեսիլքը աւելի՞ երկարի։

Մինչ Պետրոս կը խօսի, լուսաւոր ամպ մը զանոնք կը ծածկէ եւ ամպէն ձայն մը կ’ըսէ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Աստուծոյ ձայնը լսելով, առաքեալները կը վախնան եւ իրենց երեսին վրայ կ’իյնան, բայց Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք» (Մատթէոս 17։5-7)։ Երբ անոնք ոտքի կ’ելլեն, Յիսուսէն զատ ուրիշ մէկը չեն տեսներ։ Տեսիլքը վերջ գտած է։ Մինչ ցերեկը անոնք լեռնէն վար կ’իջնեն, Յիսուս կը պատուիրէ. «Այդ տեսիլքը մարդու մի՛ պատմէք, մինչեւ Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնէ» (Մատթէոս 17։9)։

Քանի՛ որ առաքեալները Եղիան կը տեսնեն տեսիլքին մէջ, Յիսուսին կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ համար դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եղիան արդէն եկած է եւ զանիկա չճանչցան» (Մատթէոս 17։10-12)։ Յիսուս կը խօսի Յովհաննէս Մկրտիչին մասին, որ Եղիային դերին նման դեր մը կատարեց։ Եղիան Եղիսէին առջեւ ճամբան պատրաստեց, իսկ Յովհաննէս նոյն բանը ըրաւ Քրիստոսին համար։

Անկասկած, այդ տեսիլքը զօրացուց թէ՛ Յիսուսը եւ թէ առաքեալները։ Անոր միջոցաւ առաքեալները կանխաւ տեսան Քրիստոսը իր թագաւորական փառքին մէջ. այսինքն՝ անոնք տեսան «Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած», ինչպէս Յիսուս խոստացած էր (Մատթէոս 16։28)։ Մինչ լերան վրայ էին, ‘անոր մեծափառութեանը ականատես եղան’։ Թէեւ փարիսեցիները նշան մը կ’ուզէին, փաստելու համար որ Յիսուս Աստուծոյ ընտրեալ Թագաւորն է, բայց Յիսուս անոնց նշան մը չտուաւ։ Միւս կողմէ, Յիսուսին մտերիմ աշակերտներուն առջեւ առիթ բացուեցաւ, որ ականատես ըլլան իր այլակերպութեան. ինչ որ կը փաստէ որ Թագաւորութեան մասին եղած մարգարէութիւնները պիտի կատարուին։ Անոր համար է որ Պետրոս յետագային գրեց. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է» (Բ. Պետրոս 1։16-19)։

◇ Ոմանք ինչպէ՞ս իրենց մահէն առաջ կը տեսնեն Յիսուսը «իր թագաւորութիւնովը եկած»։

◇ Տեսիլքին մէջ, Մովսէսն ու Եղիան Յիսուսին հետ ինչի՞ մասին կը խօսին։

◇ Ինչո՞ւ այլակերպութեան տեսիլքը կը զօրացնէ Քրիստոսի հետեւորդները։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել