Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Երբ Յիսուս Թագաւորութեան փառքով գայ
    Դիտարան 1997 | Օգոստոս 1
    • 3, 4. (ա) Այլակերպութենէն վեց օր առաջ Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Նկարագրեցէք թէ այլակերպութեան ընթացքին ի՛նչ պատահեցաւ։

      3 Այլակերպութենէն վեց օր առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ»։ Այս խօսքերը պիտի կատարուէին «իրերու դրութեան վախճանին»։ Յիսուս շարունակեց ըսել. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։ (Մատթէոս 16։27, 28. 24։3, ՆԱ. 25։31-34, 41. Դանիէլ 12։4) Այլակերպութիւնը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ խօսքերուն առ ի կատարում։

  • Երբ Յիսուս Թագաւորութեան փառքով գայ
    Դիտարան 1997 | Օգոստոս 1
    • 5. Այլակերպութիւնը Պետրոս առաքեալին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

      5 Պետրոս առաքեալ արդէն իսկ բնորոշած էր Յիսուսը որպէս «Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ (Մատթէոս 16։16) Երկնքէն՝ Եհովայի խօսքերը հաստատեցին այդ բնորոշումը ու Յիսուսի այլակերպումի տեսիլքը՝ վերջապէս մարդկութիւնը դատելու համար Թագաւորութեան զօրութեամբ եւ փառքով Քրիստոսի գալուն նախահամն էր։ Այլակերպումէն 30 տարի ետք, Պետրոս գրեց. «Ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։ Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ ‘Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’։ Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ»։—Բ. Պետրոս 1։16-18. Ա. Պետրոս 4։17

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել