Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովա ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ՝ ներկայիս
    Դիտարան 1999 | Սեպտեմբեր 15
    • 3, 4. (ա) Եհովա հիմնականօրէն մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ ներկայիս։ (բ) Ինչո՞ւ Յիսուսի շաւիղներուն պէտք է մօտէն հետեւինք։

      3 Յիսուսի ծառայութեան վերջին տարուան ընթացքին, իր առաքեալներէն Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը իր հետ բարձր լեռ մը ելան, հաւանաբար Հերմոն Լերան բարձունքներէն մէկուն վրայ։ Հոն՝ մարգարէական տեսիլք մը տեսան. Յիսուս՝ շքեղ փառքով եւ լսեցին Աստուծոյ ձայնը, որ ըսաւ՝ «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ (Մատթէոս 17։1-5) Հիմնականօրէն, Եհովա ա՛յս է որ կը պահանջէ մեզմէ. իր Որդւոյն մտիկ ընել եւ իր օրինակին ու ուսուցումին հետեւիլ։ (Մատթէոս 16։24) Անոր համար, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։—Ա. Պետրոս 2։21

  • Եհովա ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ՝ ներկայիս
    Դիտարան 1999 | Սեպտեմբեր 15
    • 5. Քրիստոնեաները ո՞ր օրէնքին ներքեւ են եւ այդ օրէնքը ե՛րբ ի զօրու եղաւ։

      5 Յիսուսի մտիկ ընելը եւ զինք ընդօրինակելը ի՞նչ կը ներփակէ։ Անիկա կը նշանակէ՞ որ օրէնքի մը ներքեւ ենք։ Պօղոս գրեց թէ ‘ինք օրէնքի տակ չէր’։ Հոս ան կ’ակնարկէ «հին կտակարանին», Իսրայէլի հետ կատարուած Օրէնքի ուխտին։ Պօղոս ընդունեց որ ինք «Քրիստոսին օրէնքին տակ» էր։ (Ա. Կորնթացիս 9։20, 21. Բ. Կորնթացիս 3։14) Հին կտակարանը, կամ ուխտը, վերջ գտնելով, «նոր ուխտ» մը ի զօրու եղաւ՝ «Քրիստոսին օրէնք»ով, եւ ներկայիս Եհովայի բոլոր ծառաներն ալ պարտաւորուած են անոր հնազանդիլ։—Ղուկաս 22։20. Գաղատացիս 6։2. Եբրայեցիս 8։7-13

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել