ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ԱԶԴԵ՞Ն
Պահապան հրեշտակ մը ունի՞ս
Սուրբ Գիրքը չի սորվեցներ թէ ամէն մէկ անձ պահապան հրեշտակ մը ունի։ Յիսուս անգամ մը ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը [Քրիստոսին աշակերտները]. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է» (Մատթէոս 18։10)։ Բայց Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ ամէն մէկ անձ ունի պահապան հրեշտակ մը։ Ան պարզապէս կ’ըսէր թէ հրեշտակները իրապէս հետաքրքրուած են իր ամէն մէկ աշակերտով։ Այս պատճառով, Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները անխելքութեամբ եւ անհոգութեամբ վտանգի տակ չեն դներ իրենց կեանքը, կարծելով որ Աստուծոյ հրեշտակները պիտի պաշտպանեն զիրենք։
Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հրեշտակները չեն օգներ մարդոց։ Ո՛չ (Սաղմոս 91։11)։ Ոմանք իրապէս համոզուած են որ որոշ առիթներով՝ Աստուած հրեշտակներու միջոցաւ պաշտպանած եւ առաջնորդած է զիրենք։ Առաջին յօդուածին մէջ նշուած Գեննեթ այդպէս համոզուած է։ Թէեւ չենք կրնար հարիւր առ հարիւր վստահ ըլլալ ասկէ, բայց կրնայ ըլլալ որ ան ճիշդ է։ Քարոզչութեան գործին ընթացքին, Եհովայի վկաներուն շատ անգամներ կը պատահին բաներ, որոնք կը փաստեն թէ հրեշտակները կ’օգնեն մարդոց։ Բայց քանի որ հրեշտակները չեն տեսնուիր, չենք կրնար գիտնալ թէ Աստուած ո՛ր աստիճան կը գործածէ զանոնք, որպէսզի զանազան հարցեր ունեցող մարդոց օգնէ։ Բայց սխալ չ’ըլլար երբ Ամենակարող Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնենք իր տուած որեւէ օգնութեան համար (Կողոսացիս 3։15. Յակոբոս 1։17, 18)։