Յաջող կեանք մը ունեցէ՛ք
«Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, . . . ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։—ՍԱՂՄՈՍ 1։1, 3
1. (ա) Աշխարհի մէջ շատ երիտասարդներ յաջողութիւնը ի՞նչպէս կը չափեն։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ յաջող անձ մը։
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ. այս բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ ձեզի համար։ Երիտասարդ մը ըսաւ. «Իմ ամենակարեւոր նպատակակէտս է գործի մէջ յաջողակ ըլլալ»։ Երիտասարդուհի մը ըսաւ. «Իմ գլխաւոր երազս է ուրախ ընտանիք մը ունենալ»։ Բայց ուրիշ երիտասարդուհի մը ըսաւ. «Իմ երազս է գեղեցիկ անձնական յարկաբաժին մը, գեղեցիկ ինքնաշարժ մը ունենալ . . . Ես ինծի համար կ’ապրիմ»։ Խնդիրը այդ է որ իրական յաջողութիւնը ո՛չ դրամով, ո՛չ ընտանիքով, ո՛չ իսկ շահաբեր գործի ասպարէզով կը չափուի։ Սաղմոս 1։1-3–ի մէջ կը կարդանք. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, . . . անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, . . . ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։
2. Իրական յաջողութիւնը ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ, եւ զայն ունենալու միակ կերպը ի՞նչ է։
2 Հոս Աստուածաշունչը կը խոստանայ բան մը որ մարդիկ չեն կրնար հրամցնել. իրակա՛ն յաջողութիւն։ Բայց անիկա նիւթական շահու մասին չի խօսիր։ Աստուածաշունչը ուղղակի կը զգուշացնէ, ըսելով. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10) Իրական յաջողութիւնը Աստուած հաճեցնելու մէջ կը կայանայ, որ իր մէջ կը պարփակէ Եհովայի օրէնքին հետեւիլ։ Միա՛յն ասիկա է որ իրական գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կրնայ տալ։ Թերեւս Եհովայի օրէնքին ներքեւ ըլլալը եւ մեր ընելիքը մեզի ըսուիլը հաճելի չթուին ոմանց։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն»։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Գիտակցիք կամ ոչ, դուք հոգեւոր կարիքներով՝ մէջը ըլլալով, Աստուած եւ իր նպատակները ճանչնալու արմատացած կարիքով, ստեղծուած էք։ Հետեւաբար, իրական ուրախութիւն կրնաք ունենալ միմիայն երբ այս կարիքներուն գոհացում տաք եւ «Աստուծոյ օրէնքին» հետեւիք։
Ինչո՛ւ Աստուծոյ Օրէնքին Կարիքը Ունինք
3. Ինչո՞ւ ուրախութեամբ պէտք է թոյլ տանք որ Եհովա ‘շտկէ մեր քայլերը’։
3 Երեմիա մարգարէն գրեց. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Բոլոր մարդոց պարագան նոյնն է, երիտասարդ ըլլան թէ տարեց։ Ո՛չ միայն մեր քայլերը ուղղելու համար իմաստութեան, փորձառութեան եւ գիտութեան պակասը ունինք, այլ պարզապէս ասիկա ընելու իրաւունք չունինք։ Յայտնութիւն 4։10–ի մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Քանի որ մեր Ստեղծիչը Եհովա, «կեանքի աղբիւր»ն է։ (Սաղմոս 36։9) Այս հանգամանքը ունենալով, ան ոեւէ մէկէն լաւ գիտէ թէ մեր կեանքը ի՛նչպէս պէտք է գործածենք։ Ուստի, ան օրէնքներ դրած է ո՛չ թէ մեր զուարճութեան արգելք ըլլալու համար, այլ՝ մեզի օգնելու որ անհատապէս օգտուինք։ (Եսայեայ 48։17) Երբ Աստուծոյ օրէնքը անտեսէք՝ անպայմանօրէն պիտի ձախողիք։
4. Ինչո՞ւ շատ երիտասարդներ իրենց կեանքը կը քանդեն։
4 Օրինակ, բնաւ դուք ձեզի հարց տուա՞ծ էք որ ինչո՛ւ այսքան երիտասարդներ իրենք զիրենք կը քանդեն թմրեցուցիչներով, խառնագնացութեամբ եւ ուրիշ մոլութիւններով։ Սաղմոս 36։1, 2–ը կը բացատրէ. «Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է. Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։ Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝ խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չըլլար»։ Քանի որ անոնք «Աստուծոյ [առողջ] վախը» չունին, շատ երիտասարդներ իրենք զիրենք կը խաբեն, խորհելով որ իրենց վտանգաւոր վարմունքը որեւէ հետեւանք պիտի չունենայ։ Բայց ի վերջոյ, անոնք կը դիմակալեն այս անփոփոխ սկզբունքը. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ»։—Գաղատացիս 6։8
‘Օրերը Համրել’
5, 6. (ա) Երիտասարդները ինչո՞ւ պէտք է ‘իրենց օրերը համրեն’։ (բ) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մեր Ստեղծիչը յիշել’։
5 Ի՞նչպէս կրնաք յաջող կեանք մը ունենալ եւ «յաւիտենական կեանք» հնձել։ Մովսէս գրեց. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, . . . անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք»։ (Սաղմոս 90։10) Թերեւս մահուան մասին հազուադէպօրէն կը մտածէք, եւ կամ երբեք չէք մտածեր։ Արդարեւ, երիտասարդներէն շատեր այնպէս մը կը վարուին, որպէս թէ անկործանելի ըլլան։ Բայց Մովսէս մեզ դէմ յանդիման կը բերէ այն ցաւալի իրողութեան հետ, թէ՝ կեանքը կարճ է։ Նոյնիսկ 70 կամ 80 տարի ապրելու ապահովութիւնը չունինք։ «Ժամանակ ու դիպուած»ը կրնայ քայքայել երիտասարդն ալ, առողջ անհատն ալ։ (Ժողովողի 9։11) Արդ, հիմա ձեր վայելած թանկարժէք կեանքը ի՞նչպէս պիտի գործածէք։ Մովսէս աղօթեց. «Սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։—Սաղմոս 90։12
6 Ի՞նչ կը նշանակէ ձեր օրերը համրել։ Անիկա չի նշանակեր որ ձեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պիտի ըլլայ թէ որքան երկար ապրելու կարելիութիւն ունիք։ Մովսէս կ’աղօթէր որ Եհովա Իր ժողովուրդին սորվեցնէր իրենց մնացեալ օրերը այնպէս մը գործածել որ Զինք պատուէ։ Դուք ալ ձեր կեանքին օրերը կը համրէ՞ք, իւրաքանչիւր օրը նկատելով որպէս թանկարժէք ստացուածք մը, որ Աստուած փառաբանելու համար պէտք է գործածուի։ Աստուածաշունչը երիտասարդներուն հետեւեալ քաջալերութիւնը կու տայ. «Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր, վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։ Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ (Ժողովողի 11։10–12։1) Մեր Ստեղծիչը յիշել չի նշանակեր պարզապէս իր գոյութիւնը չմոռնալ։ Երբ չարագործը պաղատանքով Յիսուսի ըսաւ՝ «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս», ան ըսել չէր ուզեր որ Յիսուս միայն իր անունը յիշէր։ Ան կը փափաքէր որ Յիսուս գործի լծուելով, զինք մեռելներէն յարուցանէր։ (Ղուկաս 23։42. համեմատել՝ Ծննդոց 40։14, 23. Յոբայ 14։13) Նոյն կերպով, Եհովան յիշել կը ներփակէ արարքներ՝ իրեն հաճելի եղածը ընել։ Կրնա՞յ ըսուիլ որ դուք Եհովան կը յիշէք։
Չարագործներուն Նախանձելէ Խուսափեցէք
7. Ինչո՞ւ կարգ մը երիտասարդներ իրենց Ստեղծիչը կը մոռնան։ Օրինակ մը տուէք։
7 Երիտասարդներէն շատեր կը նախընտրեն Եհովան մոռնալ, քանի որ կը խորհին թէ Վկայ մը ըլլալը շատ կաշկանդիչ է։ Սպանիայէն եղբայր մը կը յիշէ թէ երբ ինք պատանի մըն էր, ի՛նչպէս կը զգար. «Աշխարհը կը գրաւէր զիս, քանի որ ճշմարտութիւնը դժուար եւ անթեք կը թուէր ինծի։ Անիկա՝ նստիլ, ուսումնասիրել, ժողովներու երթալ, փողկապ կապել էր. բաներ, որոնք ինծի հաճոյք չէին պատճառեր»։ Երբեմն կը խորհի՞ք որ կը տուժէք, քանի որ Աստուծոյ կը ծառայէք։ Թերեւս զարմանաք որ նոյնիսկ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը նոյնանման զգացումներ ունեցաւ։ Հաճեցէք բանալ ձեր Աստուածաշունչը եւ կարդալ 73–րդ Սաղմոսը։
8. Ասափ ինչո՞ւ ‘հպարտներուն նախանձեցաւ’։
8 Հիմա այս սաղմոսին կարգ մը մանրամասնութիւնները քննենք։ 2 եւ 3–րդ համարները կ’ըսեն. «Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։ Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն, երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ»։ Մակագրութեան համաձայն, այս սաղմոսը գրած էր Ասափ։ Ան Ղեւտացի երաժիշտ մըն էր եւ՝ Դաւիթ Թագաւորին ժամանակակից մը։ (Ա. Մնացորդաց 25։1, 2. Բ. Մնացորդաց 29։30) Թէեւ Աստուծոյ տաճարին մէջ ծառայելու գեղեցիկ առանձնաշնորհումը ունէր, ան ‘նախանձեցաւ’ այն մարդոց որոնք իրենց անօրէնութեամբ կը հպարտանային։ Երեւութապէս անոնք հանգիստ էին եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն կը վայելէին։ Արդարեւ, անոնց երեւութական յաջողութիւնը ‘սրտի խորհուրդէն անդին կ’անցնէր’։ (Համարներ՝ 5, 7) Անոնք իրենց քաջագործութիւններուն մասին ‘հպարտութիւնով կը խօսէին’, այսինքն՝ սնապարծութեամբ։ (Համար 8) «Բերաննին երկնքի դէմ կը դնեն ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի», երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ ոեւէ մէկը նկատի չառնելով։—Համար 9
9. Կարգ մը Քրիստոնեայ երիտասարդներ ի՞նչպէս կրնան Ասափի նման զգալ։
9 Թերեւս ձեր տարեկիցներն ալ նոյնն են։ Անոնք անամօթաբար կը հպարտանան իրենց սեռային արկածախնդրութիւններով, անսանձ հաւաքոյթներով եւ ոգելից ըմպելիներու ու թմրեցուցիչի գործածութեամբ։ Երբ անոնց այդպէս կոչուած հաճոյալի կեանքը բաղդատէք որպէս Քրիստոնեայ ձեր հետեւած նեղ ճամբուն հետ, թերեւս երբեմն ‘նախանձիք հպարտներուն’։ (Մատթէոս 7։13, 14) Ասափ անձամբ ուղղակի մատը վէրքին վրայ դրաւ, ըսելով. «Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի, որովհետեւ ամէն օր կը տանջուիմ»։ (Համարներ՝ 13, 14) Այո, ան սկսաւ Աստուծոյ ծառայելուն եւ ուղիղ կեանք մը վարելուն արժէքին վրայ կասկածիլ։
10, 11. (ա) Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Ասափ իր միտքը փոխէ։ (բ) Ամբարիշտները ի՞նչպէս «սահուն տեղեր» կը գտնուին։ Օրինակ մը տուէք։
10 Բարեբախտաբար, Ասափ այս յուսալքուած վիճակին մէջ երկար չմնաց։ Ան անմիջապէս անդրադարձաւ որ ամբարիշտներուն երեւութական խաղաղութիւնը պատրանք մըն էր, միմիայն ժամանակաւոր էր։ Ան բացագանչեց. «Իրաւամբ դուն զանոնք սահուն տեղեր դրեր ես. կործանման մէջ իջեցուցիր զանոնք։ Ի՜նչպէս յանկարծակի աւերմունքի մէջ ինկան. հատան ու վախերով կորսուեցան»։ (Համարներ՝ 18, 19) Ձեր տարեկիցներէն շատեր ալ «սահուն տեղեր»ու վրայ են։ Ուշ կամ կանուխ, իրենց անբարեպաշտ վարքը իրենց գլխուն պիտի դառնայ, թերեւս անփափաքելի յղութեամբ, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութեամբ, նոյնիսկ բանտարկութեամբ կամ մահուամբ։ Աւելի վատ, անոնք Աստուծմէ օտարացած ըլլալով կը տառապին։—Յակոբու 4։4
11 Սպանիայէն երիտասարդ Վկայ մը այս ճշմարտութիւնը իր մորթին վրայ զգաց։ Երբ պատանուհի մըն էր, ան կրկնակ կեանք կը վարէր, անբարեպաշտ պատանիներու խումբի մը մէջ մխրճուելով։ Շատ չանցած, ան մէկու մը՝ թմրամոլի մը, սիրահարեցաւ։ Թէեւ ինք անձամբ թմրեցուցիչէ կը խուսափէր, բայց տղուն համար թմրեցուցիչ կը գնէր։ «Նոյնիսկ ասեղը մտցնելու մէջ իրեն կ’օգնէի», կ’ընդունի ան։ Բարեբախտաբար, այս քոյրը օգնութիւն ստանալով զգաստացաւ եւ իր հոգեւոր առողջութիւնը վերագտաւ։ Բայց որքա՜ն ցնցուեցաւ, երբ հետագային տեղեկացաւ որ իր նախկին թմրամոլ ընկերը ԷՅՏԾ–էն մահացած էր։ Այո, սաղմոսերգուին ըսածին պէս, անբարեպաշտ մարդիկ «սահուն տեղեր» կեցած են։ Ոմանք անակնկալօրէն կրնան մեռնիլ, իրենց անառակ կեանքին որպէս հետեւանք։ Իսկ մնացեալը՝ եթէ իրենց ընթացքը չփոխեն՝ մօտ ապագային պիտի դիմագրաւեն ‘Տէր Յիսուսի երկնքէն յայտնուիլը իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8
12. Ճափոնի մէջ երիտասարդ մը ի՞նչպէս անդրադարձաւ որ անօրէններուն նախանձիլը յիմարութիւն էր։
12 Ուստի, որքա՜ն յիմարութիւն է ‘Աստուած չճանչցողներուն’ նախանձիլ։ Իրապէս, պէտք է նախանձիլ անոնց որոնք Եհովան կը ճանչնան եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ Ճափոնէն երիտասարդ եղբայր մը ասոր անդրադարձաւ։ Երբ պատանի էր, ան ալ «աւելի ազատութիւն կ’ուզէր»։ Ան կը բացատրէ. «Կը խորհէի որ բան մը կը կորսնցնէի։ Ապա անդրադարձայ թէ կեանքս ի՛նչ պիտի ըլլար առանց ճշմարտութեան։ Երեւակայեցի որ 70 կամ 80 տարի պիտի ապրիմ ու մեռնիմ։ Բայց Եհովա յաւիտենակա՛ն կեանքի յոյսը կու տայ։ Ասոր անդրադառնալս օգնեց ինծի որ գնահատեմ ունեցածս»։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, Աստուծոյ օրէնքներուն չհետեւող մարդոցմով շրջապատուած ըլլալով, հաւատարիմ մնալը այնքան ալ դիւրին չէ։ Ի՞նչ բաներ կրնաք ընել այդ ճնշումներուն դէմ դնելու համար։
Ձեր Ընկերակցութեան Հսկեցէք
13, 14. Ինչո՞ւ կարեւոր է ընտրողական ըլլալ ընկերակցութեան հարցին մէջ։
13 Անգամ մը եւս նայինք յաջող մարդուն մասին տրուած նկարագրութեան, որ արձանագրուած է Սաղմոս 1։1-3–ի մէջ. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր. հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։
14 Ամէն բանէ առաջ նկատի ունեցէք որ ձեր ընկերակցութիւնները մեծ դեր կը խաղան։ Առակաց 13։20–ը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ»։ Ասիկա չի նշանակեր պաղ, անբարեկամական կամ կոշտ վարուիլ Եհովայի Վկայ չեղող պատանիներուն հետ։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ մեր ընկերը սիրենք եւ «ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն» պահենք։ (Հռովմայեցիս 12։18. Մատթէոս 22։39) Սակայն, եթէ անոնց հետ շատ մօտէն ընկերակցիք, կրնաք դուք ալ Աստուածաշունչի չափանիշներուն չհետեւողներու ‘խորհուրդին մէջ քալել’։
Աստուածաշունչի Ընթերցանութեան Օգուտները
15. Երիտասարդները ի՞նչպէս կրնան Աստուածաշունչ կարդալու փափաք մը մշակել։
15 Սաղմոսերգուն նաեւ դիտել տուաւ որ յաջող անհատ մը «ցորեկ ու գիշեր [Աստուծոյ] օրէնք»ը կը կարդայ։ (Սաղմոս 1։1, 2) Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը դիւրին ընթերցանութիւն մը չէ եւ անոր մէջ կան «դժուարիմաց խօսքեր»։ (Բ. Պետրոս 3։16) Բայց Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը անախորժ բան մը չէ։ Կարելի է Աստուծոյ Խօսքին ‘անխարդախ կաթին հանդէպ փափաք’ զարգացնել։ (Ա. Պետրոս 2։2) Փորձեցէք ամէն օր քիչ մը կարդալ։ Եթէ կան կէտեր զորս չէք հասկնար, փնտռտուքներ ըրէք։ Ապա՝ ձեր կարդացին մասին խորհեցէք։ (Սաղմոս 77։11, 12) Եթէ կեդրոնանալու դժուարութիւն ունիք, փորձեցէք ‘ցած ձայնով’ կարդալ։ Ժամանակի ընթացքին, Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն վստահաբար պիտի ախորժիք։ Պրազիլիայէն երիտասարդ քոյր մը կը յիշէ. «Եհովան միշտ հեռու թուած է ինծի։ Բայց քանի մը ամիսէ ի վեր անձնական ուսումնասիրութիւնս եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնս բարելաւած եմ։ Հիմա կը զգամ որ Եհովայի հետ իմ յարաբերութիւնս զօրաւոր է։ Ան աւելի իրական է ինծի համար»։
16. Ժողովքային հանդիպումներէն ի՞նչպէս կրնանք աւելի օգտուիլ։
16 Ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ ըլլալն ալ կենսական է ձեր հոգեւոր աճման համար։ Եթէ ուշադիր ըլլաք թէ «ի՛նչպէս կը լսէք», կրնաք մեծապէս քաջալերուիլ։ (Ղուկաս 8։18) Երբեմն կը խորհի՞ք որ ժողովները շատ հետաքրքրական չեն։ Այդ պարագային, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ես ի՞նչ կ’ընեմ, ժողովները հետաքրքրական դարձնելու համար։ Ուշադրութեամբ կը հետեւի՞մ։ Կը պատրաստուի՞մ։ Կը պատասխանե՞մ’։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով . . . մէկզմէկ յորդորենք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ասիկա ընելու համար, պէ՛տք է մասնակցութիւն բերէք։ Անշուշտ, մասնակցելու համար, պէտք է նախապէս պատրաստէք։ Երիտասարդ քոյր մը կ’ընդունի. «Երբ պատրաստուած ըլլաք, իրապէս աւելի դիւրին կ’ըլլայ ժողովներուն մասնակցիլ»։
Աստուծոյ Ճամբուն Հետեւիլը Յաջողութեան կ’Առաջնորդէ
17. Աստուածաշունչի ջանադիր ընթերցող մը ի՞նչպէս «ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս» է։
17 Սաղմոսերգուն տակաւին յաջող անհատ մը կը նկարագրէ որպէս «ջուրի ճամբաները տնկուած ծառ» մը։ Ջուրի ճամբաները կրնան ակնարկել ջուրի խրամատներու, որոնք կը գործածուէին մրգաստանները ջրելու համար։ (Եսայեայ 44։4) Ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալը, կենսամիջոցի ու թարմացումի այսպիսի անսպառ աղբիւրի մը կապուած ըլլալուն կը նմանի։ (Երեմեայ 17։8) Ամէն օր զօրութիւն պիտի ստանաք ձեր դիմակալած փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն տոկալու համար։ Եհովայի խորհուրդները սորված ըլլալով, իմաստուն որոշումներու յանգելու համար հարկ եղած իմաստութիւնը պիտի ունենաք։
18. Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՞նչ բան երիտասարդի մը յաջողութիւն կ’ապահովէ։
18 Երբեմն, Եհովայի ծառայելը կրնայ դժուար թուիլ։ Բայց բնա՛ւ մի խորհիք որ չափազանց դժուար է։ (Բ. Օրինաց 30։11) Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ ‘ինչ որ ընէք պիտի յաջողիք’ ի վերջոյ, այնքան ատեն որ ձեր նպատակակէտն է Եհովան հաճեցնել եւ իր սիրտը ուրախացնել։ (Առակաց 27։11) Իսկ յիշեցէք որ դուք առանձին ձգուած չէք։ Եհովա եւ Յիսուս Քրիստոս նեցուկ են ձեզի։ (Մատթէոս 28։20. Եբրայեցիս 13։5) Անոնք գիտեն ձեր դիմակալած ճնշումները եւ բնա՛ւ պիտի չլքեն ձեզ։ (Սաղմոս 55։22) Նաեւ՝ ունիք «ամբողջ եղբայրութիւնը» եւ ձեր ծնողները՝ եթէ անոնք աստուածավախ են։ (Ա. Պետրոս 2։17, ՆԱ) Այս բոլորին աջակցութեամբ, ձեր վճռակամութեամբ ու ջանքով, կրնաք ոչ միայն հիմա յաջող կեանք մը վայելել, հապա՝ յաւիտեան։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Ի՞նչ է իրական յաջողութիւնը։
◻ Ինչո՞ւ Եհովայի կարիքը ունինք մեր քայլերը առաջնորդելու համար։
◻ Երիտասարդները ի՞նչպէս կրնան ‘իրենց օրերը համրել’։
◻ Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն նախանձիլը յիմարութիւն է։
◻ Ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալը եւ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելը ի՞նչպէս կ’օգնեն երիտասարդներուն որ յաջող կեանք մը վայելեն։
[Նկար՝ էջ 30]
Երիտասարդները յաճախ կը մոռնան որ իրենց արարքները հետեւանքներ ունին