Եհովայի ներած կերպով կը ներե՞նք
«Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 6։14, 15
1, 2. Ի՞նչպիսի Աստուծոյ մը կարիքը ունինք եւ ինչո՞ւ։
«ԲԱՐԵԳՈՒԹ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։ Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասնզի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։—Սաղմոս 103։8–14
2 Մեղքի մէջ յղացուած ու անօրէնութիւնով ծնած, մեզ միշտ մեղքի օրէնքին գերի դարձնող ժառանգուած անկատարութիւններով, մենք խորապէս Աստուծոյ մը կարիքը ունինք, որ կը «յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Դաւիթ 103–րդ Սաղմոսին մէջ այսքան գեղեցիկ կերպով Եհովան նկարագրելէն երեք հարիւր տարի ետք, Աստուածաշունչի ուրիշ գրող մը՝ Միքիան՝ այս նոյն Աստուածը գրեթէ նոյն կերպով գովաբանեց անցեալին գործուած մեղքերը ողորմածօրէն ներելու համար. «Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, որ անօրէնութեան կը ներէ ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ. իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր, քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ։ Անիկա պիտի դառնայ, մեզի ողորմութիւն պիտի ընէ, մեր անօրէնութիւնները ոտքին տակ պիտի առնէ։ Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես»։—Միքիայ 7։18, 19
3. Ի՞նչ կը նշանակէ ներել։
3 Յունարէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «ներել» բառը կը նշանակէ «թողութիւն տալ»։ Նկատի առէք որ վերոյիշեալ Դաւիթն ու Միքիան նոյն միտքը կը փոխանցեն շնորհալի, նկարագրական բառերով։ Եհովայի ներելու ապշեցուցիչ տարողութիւնը լիովին գնահատելու համար, քանի մը պարագաներ աչքէ անցնենք, ուր այս ներումը ցուցաբերուեցաւ։ Անոնցմէ առաջինը ցոյց կու տայ որ Եհովայի միտքը կրնայ կործանումէն ներումի դառնալ։
Մովսէս կը Բարեխօսէ. Եհովա Մտիկ կ’Ընէ
4. Եհովայի զօրութեան ո՞ր ցուցադրութիւններէն ետք, Իսրայելացիները տակաւին Աւետեաց Երկիրը մտնելու կը վախնային։
4 Եհովա Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն ապահով դուրս հանած էր եւ այն երկրին մօտ բերած էր, զոր ան անոնց խոստացած էր որպէս հայրենիք մը. բայց անոնք մերժեցին առաջ ընթանալ, պարզապէս Քանանու երկրին մարդոցմէ վախնալով։ Տասը աւերիչ պատուհասներով զիրենք Եգիպտոսէ ազատագրելը, Կարմիր Ծովուն մէջէն փախուստի ճամբայ մը բանալը, զիրենք հալածել փորձած Եգիպտական բանակը բնաջնջելը, զիրենք Եհովայի ընտրեալ ազգը դարձուցած Սինայի Լերան ստորոտը իրենց հետ Օրէնքի ուխտը հաստատելը եւ ամէն օր զիրենք կերակրելու համար երկնքէն հրաշալի կերպով մանանա հայթայթելը տեսնելէ ետք, անոնք Աւետեաց Երկիրը մտնելու կը վախնային քանի մը յաղթահասակ Քանանացիներու պատճառաւ։—Թուոց 14։1–4
5. Երկու հաւատարիմ լրտեսներ ի՞նչ կերպով փորձեցին Իսրայէլը խրախուսել։
5 Մովսէս եւ Ահարոն, ահաբեկուած, իրենց երեսին վրայ ինկան։ Յեսու եւ Քաղէբ, երկու հաւատարիմ լրտեսներ, փորձեցին Իսրայէլը խրախուսել. ‘Այն երկիրը, խիստ լաւ երկիր մըն է. կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։ Ժողովուրդէն մի՛ վախնաք. Եհովան մեզի հետ է’։ Այսպիսի խօսքերով փոխանակ խրախուսուելու, սարսափած, ըմբոստ ժողովուրդը փորձեց Յեսուն ու Գաղէբը քարկոծել։—Թուոց 14։5–10
6, 7. (ա) Եհովա որոշեց ի՞նչ ընել, երբ Իսրայէլ կը մերժէր Աւետեաց Երկրին վրայ քալել։ (բ) Մովսէս ինչո՞ւ Իսրայէլի դէմ Եհովայի դատավճիռին համար առարկեց, եւ ի՞նչ հետեւանքով։
6 Եհովա բարկացաւ։ «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. ‘Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ եւ մինչեւ ե՞րբ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի։ Ես զանոնք ժանտախտով պիտի զարնեմ ու կորսնցնեմ զանոնք եւ քեզ անոնցմէ աւելի մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ընեմ’։ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. ‘Այն ատեն Եգիպտացիները պիտի լսեն. քանզի դուն քու ուժովդ այս ժողովուրդը անոնց մէջէն հանեցիր. եւ անոնք պիտի պատմեն այս երկրին բնակիչներուն ...։ Հիմա եթէ այս ժողովուրդը մէկ մարդու պէս մեռցնելու ըլլաս, քու համբաւդ լսող ազգերը պիտի ըսեն՝ «Տէրը այս ժողովուրդը չկրցաւ տանիլ այն երկիրը, որ անոնց երդումով խոստացած էր, ուստի անապատին մէջ մեռցուց զանոնք»’»։—Թուոց 14։11–16
7 Մովսէս ներում խնդրեց Եհովայի անուանը համար. «‘Կ’աղաչեմ, քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ներէ այս ժողովուրդին անօրէնութիւնը, ինչպէս ներեցիր այս ժողովուրդին Եգիպտոսէն մինչեւ հոս’։ Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Քու խօսքիդ համեմատ ներեցի’»։—Թուոց 14։19, 20
Մանասէի Կռապաշտութիւնը եւ Դաւիթի Շնութիւնը
8. Յուդայի Մանասէ Թագաւորը ի՞նչպիսի արձանագրութիւն մը ունէր։
8 Եհովայի ներելու կարկառուն մէկ օրինակը Եզեկիա բարի թագաւորին որդւոյն՝ Մանասէի՝ պարագան է։ Մանասէ 12 տարեկան էր, երբ սկսաւ Երուսաղէմի մէջ իշխել։ Ան բարձր տեղեր շինեց, Բահաղի խորաններ կանգնել տուաւ, սրբազան կուռքեր շինեց, երկնքի աստղերուն երկրպագութիւն ըրաւ, հմայութիւն ու դիւթութիւն ըրաւ, վհուկներ ու բախտագուշակներ հանեց, Եհովայի տաճարին մէջ քանդակուած կուռք մը դրաւ եւ Ենովմի Ձորին մէջ իր իսկ որդիները կրակէ անցուց։ Ան «Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ» եւ «Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները այնպէս մոլորեցուց, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն» ըրաւ։—Բ. Մնացորդաց 33։1–9
9. Մանասէի հանդէպ Եհովայի երեսը ի՞նչ պատճառով կակուղցաւ, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
9 Վերջապէս, Եհովա Ասորեստանցիները Յուդայի վրայ բերաւ եւ անոնք Մանասէն բռնեցին ու զայն Բաբելոն տարին։ «Անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ։ Անոր աղօթք ըրաւ։ Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց ու զանիկա Երուսաղէմ իր թագաւորութեանը դարձուց»։ (Բ. Մնացորդաց 33։11–13) Այն ատեն, Մանասէ օտար աստուածները, կուռքերն ու խորանները վերցուց եւ քաղաքէն դուրս նետել տուաւ։ Ան սկսաւ զոհեր մատուցանել Եհովայի խորանին վրայ եւ Յուդային պատուիրեց, որ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայէ։ Այս միջադէպը ապշեցուցիչ կերպով Եհովայի ներելու կամեցողութիւնը ցոյց կու տայ, երբ խոնարհութիւնը, աղօթքն ու սրբագրիչ արարքներ զղջումի արժանաւոր պտուղներ յառաջ կը բերեն։—Բ. Մնացորդաց 33։15, 16
10. Դաւիթ ինչպէ՞ս փորձեց Ուրիայի կնոջը հետ իր գործած մեղքը ծածկել։
10 Քետացի Ուրիայի կնոջը հետ Դաւիթ Թագաւորին գործած շնութիւնը հանրածանօթ է։ Դաւիթ ոչ միայն անոր հետ շնութիւն գործեց, այլ նաեւ, երբ կինը յղի մնաց, զայն շքեղօրէն ծածկելու կերպ մը հնարեց։ Թագաւորը ժամանակաւորապէս Ուրիան պատերազմէն բերել տուաւ, ակնկալելով որ ան իր տունը երթայ եւ իր կնոջը հետ յարաբերութիւն ունենայ։ Բայց, ռազմադաշտ գտնուող իր զինուորակիցներուն հանդէպ յարգանքէ մղուած, Ուրիա մերժեց։ Այն ատեն Դաւիթ ուտելու հրաւիրեց զայն եւ գինովցուց, բայց դարձեալ Ուրիան իր կնոջը չգնաց։ Ուստի Դաւիթ իր զօրավարին պատգամ մը ղրկեց, որ Ուրիան պատերազմին տաք տեղը դնէ, որպէսզի սպաննուի, ինչ որ պատահեցաւ։—Բ. Թագաւորաց 11։2–25
11. Դաւիթ ինչպէ՞ս իր մեղքէն զղջալու բերուեցաւ, սակայն ան ի՞նչ բաներէ տառապեցաւ։
11 Եհովա իր Նաթան մարգարէն Դաւիթ թագաւորին ղրկեց անոր մեղքը երեւան հանելու համար։ «Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. ‘Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի’։ Եւ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. ‘Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս’»։ (Բ. Թագաւորաց 12։13) Դաւիթ իր մեղքին համար յանցապարտ զգաց եւ իր զղջումը արտայայտեց Եհովայի սրտայոյզ աղօթքի մը մէջ. «Վասնզի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։ Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։ Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ (Սաղմոս 51։16, 17) Եհովա կոտրած սրտէ մը մատուցուած Դաւիթի աղօթքը չանարգեց։ Այսուհանդերձ, Դաւիթ ծանր պատիժ կրեց, Ելից 34։6, 7–ին մէջ ներելու մասին Եհովայի խօսքերուն համաձայն. «Յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։
Սողոմոն Տաճարին Նաւակատիքը կը Կատարէ
12. Տաճարի նաւակատիքին առթիւ, Սողոմոն ի՞նչ խնդրեց, իսկ Եհովա ի՞նչ պատասխանեց։
12 Երբ Սողոմոն Եհովայի տաճարին շինութիւնը ամբողջացուց, ան նաւակատիքի առթիւ իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու ծառայիդ եւ ժողովուրդիդ Իսրայէլին այս տեղ ըրած աղօթքը լսէ՛, այո՛, քու բնակութեանդ տեղէն, երկինքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛»։ Եհովա պատասխանեց. «Եթէ երկինքը գոցեմ, որպէսզի չանձրեւէ եւ եթէ մարախին պատուիրեմ, որպէսզի երկիրը ուտէ կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն ու իմ երեսս խնդրեն եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, ես ալ երկնքէն պիտի լսեմ ու անոնց մեղքը ներեմ ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ»։—Բ. Մնացորդաց 6։21. 7։13, 14
13. Եզեկիէլ 33։13–16–ը ի՞նչ ցոյց կու տայ անհատի մը մասին Եհովայի տեսակէտին շուրջ։
13 Երբ մեզի կը նայի, Եհովա մեզ կ’ընդունի ինչ որ ենք ներկայիս, ոչ թէ ինչ որ էինք։ Եզեկիէլ 33։13–16–ը ասիկա կը պարզէ. «Երբ ես արդարին ըսեմ թէ ‘անշուշտ պիտի ապրի’ ու անիկա իր արդարութեանը ապաւինելով անօրէնութիւն ընէ, անոր բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա անիկա իր ըրած անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի։ Ու երբ ամբարշտին ըսեմ թէ ‘Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու անիկա իր մեղքէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, այն ամբարիշտը գրաւը ետ տայ ու յափշտակածը հատուցանէ եւ անօրէնութիւն չընելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ Անոր գործած բոլոր մեղքերը պիտի չյիշուին։ Անիկա իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, անշուշտ պիտի ապրի»։
14. Եհովայի ներումին մէջ ի՞նչ յատկորոշիչ բան կայ։
14 Այն ներումը զոր Եհովա Աստուած մեզ կը մատուցանէ յատկորոշիչ երեսակ մը ունի, երեսակ մը որ մարդոց համար դժուար է գործադրել, երբ իրար կը ներեն. ան թէ՛ կը ներէ եւ թէ կը մոռնայ։ Ոմանք պիտի ըսեն. ‘Ըրածիդ համար կը ներեմ քեզի, բայց չե՛մ կրնար (չեմ ուզեր) մոռնալ’։ Ասոր հակառակը, նկատի առնենք թէ Եհովա ինչ կ’ըսէ թէ պիտի ընէ. «Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։—Երեմեայ 31։34
15. Եհովա ներելու ի՞նչ արձանագրութիւն ունի։
15 Եհովա հազարաւոր տարիներէ ի վեր իր երկրային երկրպագուներուն կը ներէ։ Ան կը ներէ այն մեղքերը զորս անոնք գիտակցաբար, ինչպէս նաեւ անգիտակցաբար, գործած են։ Իր ողորմութիւնը, երկայնամտութիւնն ու ներումը անվերջ են։ Եսայեայ 55։7–ն կ’ըսէ. «Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր ու մեր Աստուծոյն՝ վասնզի անիկա առատապէս կը ներէ»։
Ներումը Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ
16. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիսուս Եհովայի ներած կերպով կը ներէ։
16 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները լեցուն են Աստուծոյ ներելու միջադէպերով։ Յիսուս յաճախ ներելու մասին կը խօսի, ցոյց տալով որ այս հարցին մէջ ինք Եհովային հետ համամիտ է։ Յիսուսի մտածելակերպը Եհովայէ ծագում կ’առնէ. ան Եհովան կ’արտացոլացնէ, ան Եհովայի էութեան բուն պատկերն է. զինք տեսնելը Եհովան տեսնել է։—Յովհաննու 12։45–50. 14։9. Եբրայեցիս 1։3
17. Յիսուս ինչպէ՞ս պատկերացուց Եհովայի «առատապէս» ներելը։
17 Յիսուսի առակներէն մէկուն մէջ ցոյց տրուած է թէ Եհովա առատապէս կը ներէ։ Անիկա թագաւորի մը մասին է, որ ծառայի մը ունեցած 10,000 տաղանդի (շուրջ 33,000,000 տոլար) պարտքը շնորհեց։ Բայց երբ այդ ծառան ծառայակիցի մը հարիւր դահեկանի (շուրջ 60 տոլար) պարտքը չշնորհեց, թագաւորը զայրացաւ։ «‘Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ’։ Անոր տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն մատնեց զանիկա, մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ»։ Ապա Յիսուս հետեւեալ կիրարկումը ըրաւ. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։—Մատթէոս 18։23–35
18. Ներելու մասին Պետրոսի տեսակէտը ինչպէ՞ս տարբեր էր Յիսուսի տեսակէտէն։
18 Յիսուս այս վերոյիշեալ առակը տալէ ճիշդ առաջ, Պետրոս Յիսուսի եկած էր ու հարցուցած էր. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Պետրոս կը խորհէր որ ինք շա՜տ առատաձեռն էր։ Թէեւ դպիրներն ու Փարիսեցիները ներելու մասին սահման մը կը դնէին, սակայն Յիսուս Պետրոսին ըսաւ. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ [եօթանասունըեօթը անգամ]»։ (Մատթէոս 18։21, 22) Եօթը անգամը հազիւ կրնար բաւել մէկ օրուան համար, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր»։ (Ղուկաս 17։3, 4) Երբ Եհովա կը ներէ, բարեբախտաբար մեզի, ան հաշիւ չի պահեր։
19. Եհովայի ներումը ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
19 Եթէ զղջալու ու մեր մեղքերը խոստովանելու խոնարհութիւնը ունինք, Եհովա կը համաձայնի մեզի ի նպաստ ընդառաջելու. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու»։—Ա. Յովհաննու 1։9
20. Ստեփանոս ներելու ի՞նչպիսի կամեցողութիւն ցոյց տուաւ։
20 Յիսուսի հետեւորդներէն մէկը՝ Ստեփանոս, մինչ կատաղած ամբոխի մը կողմէ կը քարկոծուէր, ներումի արտակարգ հոգի մը ցուցաբերելով, աղերսեց. «‘Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս’։ Ու ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց. ‘Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր ատոնց’. այս ըսելով ննջեց»։—Գործք 7։58, 59
21. Հռովմէացի զինուորներուն ներելու համար Յիսուսի պատրաստակամութիւնը ինչո՞ւ շատ ապշեցուցիչ էր։
21 Յիսուս ներելու համար պատրաստակամութիւն ցոյց տալու մէջ տակաւին աւելի ապշեցուցիչ օրինակ մը հանդիսացաւ։ Իր թշնամիները զինք ձեռբակալած, անիրաւ կերպով իր դատը տեսած, զինք դատապարտած, ծաղրած, իր վրայ թքած, հաւանաբար սրածայր ոսկրիկներէ կամ մետաղներէ բաղկացած ծոպաձեւ խարազանով մը զինք մտրակած եւ ժամերով ցիցի մը վրայ գամած ու ձգած էին։ Ասոնց մէջ Հռովմէացիները շատ ներփակուած էին։ Սակայն, մինչ կը մահանար այդ տանջանքի ցիցին վրայ, Յիսուս զինք ցցահանած զինուորներուն մասին իր երկնաւոր Հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասնզի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։—Ղուկաս 23։34
22. Լերան Քարոզին ո՞ր խօսքերը պէտք է ջանանք գործադրել։
22 Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսած էր. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ... աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։ Իր երկրային ծառայութեան աւարտին, ան անձամբ ենթարկուեցաւ այդ սկզբունքին։ Մենք, որ մեր ինկած մարմնին տկարութիւններուն հետ կը պայքարինք, շա՞տ կը գտնենք այսպէս վարուիլը։ Առնուազն պէտք է ջանանք գործադրել ինչ որ Յիսուս սորվեցուց իր հետեւորդներուն, անոնց տիպար աղօթքը տալէ ետք. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ (Մատթէոս 5։44. 6։14, 15) Եթէ Եհովայի ներած կերպով ներենք, պիտի ներենք ու մոռնանք։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Եհովա ինչպէ՞ս վարուած է մեր մեղքերուն հետ եւ ինչո՞ւ։
◻ Մանասէ ինչո՞ւ իր թագաւորութեան մէջ վերահաստատուեցաւ։
◻ Եհովայի ներելու ո՞ր յատկանշական երեսակը մարդոց համար դժուար է ընդօրինակել։
◻ Յիսուսի ներելու պատրաստակամութիւնը ինչո՞ւ շատ ապշեցուցիչ էր։
[Նկար՝ էջ 26]
Նաթան Դաւիթին օգնեց, որ հասկնար թէ Եհովայի ներումին կարիքը ունէր