Ամենուն հանդէպ երկայնամիտ եղէք
«Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէ՛ք»։—Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5։14
1. Ո՞ւր եւ Ի՞նչ պայմաններու ներքեւ Եհովայի Վկաները երկայնամտութիւն ցուցաբերած են։
ԵՀՈՎԱՅԻ արդի Վկաները երկայնամտութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակներ եղած են։ Նախկին Նացի եւ Ֆաշիստ, ինչպէս նաեւ Մալաուիի նման երկիրներու մէջ մինչեւ օրս, անոնք որքա՜ն նեղութիւններ եւ հալածանք կրած են։ Կրօնապէս բաժնուած տուներու մէջ բնակողներն ալ երկայնամտութիւն ցոյց կու տան։
2. Ո՞ր երկու ազդակները նպաստած են Եհովայի ժողովուրդին վայելած հոգեւոր դրախտին։
2 Հակառակ անոնց կրած նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն, Եհովայի նուիրուած անհատներ կը վայելեն հոգեւոր դրախտին օրհնութիւնները։ Արդարեւ, իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ օծեալ Քրիստոնեաները սկսան զայն վայելել 1919–ին։ Ի՞նչ բան կը նպաստէ այս հոգեւոր դրախտին։ Նախ եւ առաջ, այս հոգեւոր վիճակները գոյութիւն ունին Եհովայի ժողովուրդին մէջ, քանի որ Աստուած իր օծեալ ծառաները հաստատած է իրենց «երկրին» կամ մաքուր պաշտամունքին մէջ։ (Եսայեայ 66։7, 8) Հոգեւոր դրախտը նաեւ կը ծաղկի, քանի որ անոր մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անհատ Աստուծոյ հոգիին պտուղները կը յայտնաբերէ, որոնցմէ մէկն է երկայնամտութիւնը։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այս յատկութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր հոգեւոր դրախտը կրնայ տեսնուիլ ուսումնական Ուիլիըմ Պարգլէյի ըսածով. «Քրիստոնէական ընկերակցութիւն մը գոյութիւն չունենար առանց մագրոթումայի [երկայնամտութեան], ... Իսկ ասոր պատճառը՝ մագրոթուման Աստուծոյ մեծ յատկանիշն է (Հռովմայեցիս 2։4. 9։22։)» (Նոր Կտակարանի Բառագիրքը, էջ 84։) Այո, երկայնամտութիւնը ա՛յդքան կարեւոր է։
Երկայնամիտ Ըլլալ Մեր Եղբայրներուն Հետ
3. Յիսուս երկայնամիտ ըլլալու ի՞նչ դաս տուաւ Պետրոսի։
3 Երեւութապէս, Պետրոս առաքեալ դժուարութիւն ունէր երկայնամտութիւն ցուցաբերելու մէջ, քանի որ ան անգամ մը հարցուց Յիսուսի. «‘Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ’։ Յիսուս ըսաւ անոր. ‘Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը’»։ (Մատթէոս 18։21, 22) Ուրիշ խօսքով, իրարու եւ մեզի դէմ մեղանչողին ներելու չափ մը չկայ։ Իրապէս, չենք կրնար երեւակայել որ ոեւէ մէկը հաշիւ պիտի պահէ մինչեւ 77 անգամ, սակայն այդքան անգամ ներելը երկայնամտութիւն կը պահանջէ։
4. Ինչո՞ւ մանաւանդ երէցները երկայնամիտ ըլլալու պէտք ունին։
4 Հոգեւոր եղբայրներու կողմէ երկայնամտութիւն ցուցաբերելու հարցով, կասկած չկայ թէ ժողովքի երէցները ասոր մէջ օրինակելի պէտք է ըլլան։ Անոնց համբերութիւնը կրնայ փորձի ենթարկուիլ, երբ կարգ մը հաւատակիցներ անհոգ եւ անտարբեր ըլլան։ Ուրիշներ թերեւս իրենց գէշ սովորութիւնները սրբագրելու մէջ դանդաղ են։ Երէցները զգոյշ պէտք է ըլլան որ իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն տկարութիւններէն շուտով չնեղանան կամ վիրաւորուին։ Այս հոգեւոր հովիւները պէտք է յիշեն. «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնները վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար»։—Հռովմայեցիս 15։1
5. Եթէ երկայնամիտ ենք, ի՞նչ բան պիտի ներենք իրարու։
5 Դարձեալ, մարդկային տկարութիւններու եւ թերութիւններու պատճառով, անձնաւորութեան բաղխումներ կրնան ըլլալ։ Թերացումներու կամ սովորամոլութիւններու պատճառով, կրնանք բարկացնել մեր եղբայրները, անոնք ալ կրնան նոյնը ընել մեզի։ Հետեւաբար որքան տեղին է սա խրատը. ‘Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք’։ (Կողոսացիս 3։13) ‘Իրարու ներել’ կը նշանակէ երկայնամիտ ըլլալ, նոյնիսկ երբ մէկու մը հանդէպ գանգատի վաւերական պատճառ մը ունենանք։ Պէտք չէ փոխադարձենք կամ պատժենք մեր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր դէմ հառաչենք։—Յակոբու 5։9
6. Ինչո՞ւ երկայնամիտ ըլլալը իմաստուն ընթացք մըն է։
6 Նոյն խրատը կը գտնենք Հռովմայեցիս 12։19–ի մէջ. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասնզի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ ‘Բարկութեան տեղի տալ’ը կը նշանակէ բարկութեան մէջ դանդաղ կամ երկայնամիտ ըլլալ։ Այս յատկութիւնը ցոյց տալը իմաստուն ընթացք մըն է, քանի որ անիկա թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն օգտակար է։ Երբ խնդիր մը ծագի, երկայնամիտ ըլլալով նախ մենք աւելի լաւ կը զգանք եւ հարցը աւելի չենք բարդացներ։ Իսկ դիմացի անհատն ալ աւելի լաւ կը զգայ, քանի որ զինք չենք պատժեր կամ կերպով մը՝ փոխադարձեր։ Անտեղին չէր երբ Պօղոս Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց որ ‘վատասիրտները խրատեն, տկարներուն ձեռնտու ըլլան, ամենուն ալ երկայնամիտ ըլլան’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14
Ընտանեկան Շրջանակէն Ներս
7. Ինչո՞ւ ամուսնացածները պէտք է երկայնամիտ ըլլան։
7 Լաւ կերպով ըսուած է որ ուրախ ամուսնութիւն մը՝ երկու լաւ ներողներու միութիւնն է։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ ուրախ ամուսնացեալները իրարու հանդէպ երկայնամիտ են։ Յաճախ իրար հակառակ բնաւորութիւն ունեցողներ իրարմով կը հրապուրուին։ Այս տարբերութիւնները թէեւ կրնան մեծապէս հետաքրքրական ըլլալ, սակայն բաղխումներու աղբիւր մըն ալ կրնան ըլլալ եւ կը բարդուին արդէն իրենց ունեցած ճնշումներուն եւ մտահոգութիւններուն վրայ, պատճառ ըլլալով որ Քրիստոնեայ ամուսնացեալներ «մարմնի նեղութիւն» ունենան։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Ենթադրենք որ ամուսին մը շատ մանրամասնութիւններուն նայող չէ, կամ քիչ մը անհոգ կամ թափթփած է։ Ասիկա կրնայ ջղայնացուցիչ ըլլալ իր կնոջ համար։ Սակայն, եթէ ազնուօրէն ըսուած խօսքերը օգուտ մը չեն ըներ, այդ պարագային կինը երկայնամիտ ըլլալով, պէտք է պարզապէս ներէ իր տկարութեան։
8. Ինչո՞ւ ամուսինները պէտք է երկայնամիտ ըլլան։
8 Իսկ միւս կողմէն, կին մը կրնայ խնդիր հանել պզտիկ բաներու համար եւ նեղել իր ամուսինը։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ սա համարը. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ»։ (Առակաց 25։24) Այս պարագային երկայնամտութեան կարիքը կայ Պօղոսի խրատին ենթարկուելու համար. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց»։ (Կողոսացիս 3։19) Դարձեալ երկայնամտութիւն կը պահանջուի ամուսիններէն, որպէսզի Պետրոս առաքեալի խրատը կատարեն. «Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց [իրենց կիներուն] հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Իր կնոջ տկարութիւնները կրնայ երբեմն ջղայնացնել ամուսինը, բայց երկայնամտութիւնը պիտի օգնէ իրեն որ անոնց վրայ աչք գոցէ։
9. Ինչո՞ւ ծնողները երկայնամիտ պէտք է ըլլան։
9 Ծնողներն ալ պէտք է երկայնամիտ ըլլան, եթէ կ’ուզեն զաւակ մեծցնելու մէջ յաջողիլ։ Պզտիկները նոյն սխալը շատ անգամ կը կրկնեն։ Երբեմն յամառ կ’ըլլան, կամ շուտ չեն սորվիր եւ շարունակաբար կը բարկացնեն իրենց ծնողքը։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, Քրիստոնեայ ծնողներ պէտք է դանդաղ ըլլան բարկութեան մէջ, չջղայնանալով, այլ հանդարտ մնալով, բայց միեւնոյն ատեն շիտակ սկզբունքներու տեղի չտալով։ Հայրերը պէտք է յիշեն որ իրենք ալ ժամանակին երախաներ էին եւ սխալներ կը գործէին։ Անոնք պէտք է կիրարկեն Պօղոսի խրատը. «Հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէսզի չվհատին»։—Կողոսացիս 3։21
Դուրսիններուն Հետ
10. Մեր աշխատավայրերուն մէջ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք. փորձառութիւն մը յիշեցէք։
10 Մարդկային անկատարութեան եւ անձնասիրութեան պատճառով, Քրիստոնեայի մը աշխատած վայրին մէջ անհաճելի վիճակներ կրնան գոյանալ։ Իմաստութիւն է փափկանկատ ըլլալ եւ աչք գոցել սխալներու վրայ՝ խաղաղութիւնը պահելու սիրոյն։ Այս ընթացքին որքան իմաստուն ըլլալը կը տեսնուի Քրիստոնեայի մը ունեցած փորձառութենէն, որ նախանձ գործաւորի մը պատճառով շատ մը տհաճելի վիճակներու զոհ դարձաւ։ Քանի որ եղբայրը խնդիր չհանեց ասոր համար, այլ՝ երկայնամիտ եղաւ, ժամանակի ընթացքին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ այն գործաւորին հետ որ իրեն դժուարութիւններ տուած էր։
11. Մանաւանդ ե՞րբ պէտք ունինք երկայնամիտ ըլլալու եւ ինչո՞ւ։
11 Եհովայի ժողովուրդը երկայնամիտ պէտք է ըլլայ մանաւանդ երբ Քրիստոնէական ժողովքէն դուրս եղողներուն կը վկայեն։ Շատ անգամներ, Քրիստոնեաները կոշտ կամ բիրտ ընդառաջումներու դիմաց կը գտնուին։ Պատշաճ կամ իմաստուն պիտի ըլլա՞ր նոյնպէս վարուիլ. ոչ, եթէ կ’ուզենք երկայնամտութիւն ցուցաբերել։ Իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք յիշելով եւ հետեւելով հետեւեալ խոհեմ առակին. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ»։—Առակաց 15։1
Հաւատքը եւ Յոյսը կ’Օգնեն Երկայնամտութիւն Ցուցաբերելու
12, 13. Ո՞ր յատկութիւնները մեզի կ’օգնեն երկայնամիտ ըլլալու։
12 Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի երկայնամտութիւն ցուցաբերելու եւ վշտացնող վիճակներուն համբերելու։ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ հաւատքը։ Պէտք է վստահինք Աստուծոյ հետեւեալ խօսքին. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզի պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել»։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Ուրիշ խօսքով, ինչպէս երկար փորձառութիւն ունեցող մը ըսաւ. «Եթէ Աստուած բան մը թոյլ տայ, կը նշանակէ թէ կրնամ տանիլ»։ Այո, երկայնամիտ ըլլալով կրնանք տանիլ զայն։
13 Հաւատքին հետ սերտ կապակցութիւն ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ յոյսը։ Երբ ան երկիրը նուաճէ, մեզի նեղութիւն պատճառող բոլոր չար վիճակները պիտի վերցուին։ Այս առնչութեամբ, սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։ Վասնզի չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։ (Սաղմոս 37։8, 9) Վստահ յոյսը թէ Աստուած շուտով վերջ պիտի դնէ այս բոլոր դժուարին վիճակներուն, մեզի կ’օգնէ որ երկայնամիտ ըլլանք։
14. Փորձառութիւն մը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ պէտք է երկայնամիտ ըլլանք մեր անհաւատ կողակիցին հանդէպ։
14 Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք, եթէ անհաւատ կողակից մը դժուարութիւններ յարուցանէ մեզի։ Օգնութեան համար շարունակեցէք Եհովայի նայիլ եւ շարունակեցէք յուսալ որ հակառակորդը Եհովայի երկրպագու մը պիտի ըլլայ։ Քրիստոնեայ եղբօր մը կինը երբեմն իր ճաշը չէր պատրաստեր եւ հագուստները չէր լուար։ Ան աղտոտ լեզու կը գործածէր, օրերով իրեն հետ չէր խօսեր եւ նոյնիսկ փորձեց կախարդի մը միջոցաւ հմայել զինք։ «Բայց», ըսաւ եղբայրը, «ամէն անգամ օգնութեան համար աղօթքով Եհովայի կը դառնայի եւ Իրեն կը վստահէի երկայնամտութեան լաւ յատկութիւնը մշակելու համար, որպէսզի Քրիստոնէական հաւասարակշռութիւնս չկորսնցնեմ։ Կը յուսայի նաեւ որ օր մը իր սրտի վիճակը փոխուի»։ Քսան տարի այսպէս վարուելէ ետք, կինը սկսաւ փոխուիլ եւ եղբայրը ըսաւ. «Որքա՜ն երախտապարտ եմ Եհովայի որ ինծի օգնեց հոգիին պտուղը՝ երկայնամտութիւնը մշակելու, քանի որ հիմա անոր արդիւնքը կը տեսնեմ։ Կինս սկսաւ կեանքի ճամբուն մէջ քալել»։
Աղօթքը, Խոնարհութիւնը եւ Սէրը Պիտի Օգնեն
15. Աղօթքը ինչո՞ւ կրնայ օգնել մեզի երկայնամիտ ըլլալու։
15 Երկայնամտութիւն ցուցաբերելու մէջ աղօթքը ուրիշ մեծ օգնութիւն մըն է։ Պօղոս յորդորեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Նաեւ յիշեցէք ուշադրութիւն ընծայել սա խրատին. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։—Սաղմոս 55։22
16. Երկայնամիտ ըլլալու համար, խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի։
16 Հոգիին այս պտուղը՝ երկայնամտութիւնը մշակելու համար խոնարհութիւնն ալ մեծապէս կ’օգնէ մեզի։ Հպարտ անհատ մը անհամբեր է։ Ան դիւրութեամբ կը վիրաւորուի, շուտով կը բարկանայ եւ որեւէ աննպաստ վերաբերմունքի չի հանդուրժեր։ Այս բոլորը, երկայնամտութեան հակառակն են։ Բայց խոնարհ անհատ մը ինքզինք շատ լուրջի չ’առներ։ Ան Եհովայի կը սպասէ, ինչպէս Դաւիթ ըրաւ, երբ Սաւուղ Թագաւորին կողմէ հալածուեցաւ կամ Բենիամինցի Սեմէի կողմէ նախատուեցաւ։ (Ա. Թագաւորաց 24։4–6. Բ. Թագաւորաց 16։5–13) Ուստի, մեր փափաքը պէտք է ըլլայ քալել «լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնամտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով»։ (Եփեսացիս 4։2) Մանաւանդ, ‘Տէրոջը առջեւ մենք մեզ պէտք է խոնարհեցնենք’։—Յակոբու 4։10
17. Ինչո՞ւ սէրը պիտի օգնէ մեզի երկայնամիտ ըլլալու։
17 Մանաւանդ անձնուրաց սէրը մեզի կ’օգնէ երկայնամիտ ըլլալու։ Արդարեւ, «Սէրը երկայնամիտ է», քանի որ անիկա պատճառ կ’ըլլայ որ ուրիշներուն շահերով իրապէս հետաքրքրուինք։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Սէրը կ’օգնէ որ կարեկցինք, մենք մեզ ուրիշներուն տեղը դնենք։ Ասկէ զատ, սէրը կ’օգնէ մեզի որ երկայնամիտ ըլլանք, քանի որ անիկա «ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չիյնար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7, 8) Այո, ինչպէս Եհովայի Փառաբանութիւններ Երգենք երգարանին 200–րդ Թագաւորութեան երգին բառերը կ’ըսեն.
«Սէրը լաւը կը տեսնէ,
Եղբայրութիւն կը կերտէ,
Մեղաւորին մէջ անգամ
Լաւ կողմեր կը փնտռէ։
Երկայնամիտ՝ Ուրախութեամբ
18. Ինչպէ՞ս կարելի է երկայնամիտ ըլլալ՝ ուրախութեամբ։
18 Պօղոս աղօթեց որ Կողոսիոյ մէջ գտնուող իր հաւատակիցները Աստուծոյ կամքին ճշգրիտ գիտութեամբ լեցուին, որպէսզի Եհովայի արժանի կերպով քալեն, զինք հաճեցնեն եւ ամէն բարի գործի մէջ պտղաբեր ըլլան։ Այս կերպով, «իր փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած՝ համբերութեան ու երկայնամտութեան համար ուրախացած» ըլլան։ (Կողոսացիս 1։9–11) Ասիկա հակասական չէ, քանի որ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած ուրախութիւնը ունենալը պարզապէս թեթեւասիրտ կամ երջանիկ ըլլալու հարց չէ։ Աստուծոյ հոգիին պտուղը եղող ուրախութիւնը կը բովանդակէ Աստուծոյ առջեւ շիտակը ընելու խոր գոհունակութիւն մը։ Ան նաեւ ցուցաբերուած երկայնամտութեան փոխարէն խոստացուած վարձատրութիւն մը ստանալու յոյսին արտայայտութիւնն է։ Անոր համար Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասնզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։—Մատթէոս 5։11, 12
19. Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ կարելի է թէ՛ երկայնամիտ ըլլալ եւ թէ ուրախ։
19 Յիսուս այս ուրախութիւնը ունէր։ Արդարեւ, «իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց»։ (Եբրայեցիս 12։2) Այդ ուրախութիւնը օգնեց Յիսուսի որ երկայնամիտ ըլլայ։ Նմանապէս, նկատի առէք թէ ինչ պատահեցաւ երբ առաքեալները խարազանուեցան եւ իրենց պատուիրուեցաւ որ «անգամ մըն ալ Յիսուսի անունով չխօսին»։ «Անոնք ալ ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու։ Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։40–42) Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ Քրիստոսի հետեւորդները կրնան երկայնամիտ ըլլալ՝ ուրախութեամբ։
20. Եթէ երկայնամտութիւն ցուցաբերենք, անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ուրիշներուն հետ մեր յարաբերութեան վրայ։
20 Վստահաբար Աստուծոյ Խօսքը իմաստուն խրատ մը կու տայ մեզի, երբ կը յորդորէ որ վրէժ չլուծենք, բարկութեան մէջ դանդաղ ըլլանք, միշտ լաւագոյնը յուսալով. այո՝ երկայնամիտ ըլլանք։ Ժողովքին մէջ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ընտանեկան շրջանակէն ներս եղողներուն, մեր աշխատակիցներուն եւ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն հետ լեզու գտնելու համար, կանոնաւորաբար աղօթելու եւ հոգիին այս պտուղին՝ երկայնամտութեան պէտք ունինք։ Իսկ ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի երկայնամտութիւն մշակելու։ Հաւատքը, յոյսը, խոնարհութիւնը, ուրախութիւնը եւ սէրը։ Իրապէս, այսպիսի յատկութիւններով, ամենուն հանդէպ կրնանք երկայնամիտ ըլլալ։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ինչո՞ւ երկայնամտութիւնը անհրաժեշտ է հոգեւոր դրախտին մասնակից ըլլալու համար։
◻ Ինչո՞ւ մանաւանդ երէցները պէտք է երկայնամիտ ըլլան։
◻ Ինչո՞ւ ամուսիններ եւ կիներ երկայնամտութիւն պէտք է մշակեն։
◻ Ուրիշ ո՞ր յատկութիւնները պիտի օգնեն մեզի երկայնամիտ ըլլալու։
[Նկար՝ էջ 17]
Յիսուսէն եկած ո՞ր խրատը օգնեց Պետրոսի որ երկայնամիտ ըլլայ