-
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրներըԺողովի տետրին աղբիւրները (2019) | Ապրիլ
-
-
ՅԻՍՈՒՍ ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
ՄԱՏԹԷՈՍ 17։14-19 ՄԱՐԿՈՍ 9։13-28 ՂՈՒԿԱՍ 9։37-44
• ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ՊԷՏՔ Է ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԲԺՇԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Երբ Յիսուս, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս լեռնէն վար կ’իջնեն, մեծ բազմութիւն մը կը տեսնեն։ Սխալ բան մը կայ։ Դպիրները աշակերտներուն շուրջը հաւաքուած են եւ անոնց հետ կը վիճաբանին։ Ժողովուրդը կը խանդավառուի Յիսուսը տեսնելով եւ կը վազէ զինք դիմաւորելու։ «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք անոնց հետ», կը հարցնէ Յիսուս (Մարկոս 9։15)։
Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը Յիսուսին կը մօտենայ եւ ծունկի վրայ գալով՝ կը բացատրէ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։ Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան» (Մարկոս 9։16, 17)։
Այնպէս կ’երեւի որ դպիրները կը քննադատեն ու կը ծաղրեն աշակերտները, քանի որ անոնք չկրցան բժշկել տղան։ Անոր համար, Յիսուս փոխանակ մտահոգ հօր պատասխանելու, բազմութեան կ’ուղղէ իր խօսքը՝ ըսելով. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի համբերեմ»։ Այս խիստ խօսքերը վստահաբար ուղղուած են դպիրներուն, որոնք իր բացակայութեան՝ նեղութիւն կու տային իր աշակերտներուն։ Ետքը, տխուր հօր դառնալով, կ’ըսէ. «Հո՛ս բեր քու որդիդ» (Ղուկաս 9։41)։
Երբ տղան Յիսուսին քով կը մօտենայ, չար ոգին զինք գետին կը զարնէ ու սաստիկ կը ցնցէ։ Տղան գետինը կը գլտորուի եւ իր բերնէն փրփուր դուրս կու գայ։ Յիսուս հօր կը հարցնէ։ «Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ»։ Ան կը պատասխանէ. «Տղայութենէն ի վեր։ Շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ»։ Ետքը, ան Յիսուսին կ’աղաչէ. «Եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի, խղճալով մեր վրայ» (Մարկոս 9։20, 21)։
Տղուն հայրը յուսահատ է, քանի որ նոյնիսկ Յիսուսին աշակերտները չկրցան օգտակար դառնալ։ Յիսուս մարդուն աղերսանքին կ’ընդառաջէ՝ վստահեցնելով. «Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։ Հայրը անմիջապէս կ’աղաղակէ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս» (Մարկոս 9։22, 23)։
Յիսուս կը նկատէ որ ժողովուրդը մեծ թիւով իր շուրջը կը հաւաքուի։ Բոլորին ներկայութեան ան դեւը կը յանդիմանէ՝ ըսելով. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մէյ մըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։ Չար ոգին պատճառ կը դառնայ որ տղան կանչվռտէ ու ցնցուի, եւ ետքը անկէ դուրս կու գայ։ Տղան գետինը անշարժ կը մնայ։ Մարդիկ ասիկա տեսնելով, կ’ըսեն. «Մեռաւ» (Մարկոս 9։24, 25)։ Բայց Յիսուս տղուն ձեռքէն կը բռնէ, ոտքի կը հանէ եւ տղան ‘կը բժշկուի նոյն ժամուն’ (Մատթէոս 17։17)։ Զարմանալի չէ որ մարդիկ այս բոլորը տեսնելով՝ կ’ապշին։
Ասկէ առաջ, երբ Յիսուս իր աշակերտները ղրկած էր քարոզելու, անոնք կրցա՛ծ էին դեւեր հանել։ Անոր համար, երբ առանձին տուն մը կը մտնեն, Յիսուսին կը հարցնեն. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զանիկա»։ Յիսուս անոնց կը բացատրէ, որ պատճառը իրենց հաւատքի պակասն է՝ ըսելով. «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով» (Մարկոս 9։27, 28)։ Աշակերտները պէտք էր զօրաւոր հաւատք ունենային եւ աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէին, որ կարենային այդ հզօր դեւը հանել։
Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի» (Մատթէոս 17։19)։ Իրապէս, հաւատքը կրնայ մեծ բաներ ընել։
Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եհովայի ծառայութեան մէջ, թերեւս խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ դիմագրաւենք այն աստիճան, որ անոնք հսկայ լեռի մը նման թուին մեզի։ Բայց եթէ զօրաւոր հաւատք ունենանք, կրնանք ատոնք յաղթահարել։
◇ Երբ Յիսուս լեռնէն վար կ’իջնէ, ի՞նչ կը տեսնէ։
◇ Ինչո՞ւ աշակերտները չկրցան դեւը տղային մէջէն հանել։
◇ Երբ զօրաւոր հաւատք ունենանք, ի՞նչ կրնանք ընել։